ԼԱՊՏԵՐԸ
5,
7.
Վըճիտ
է
գիշերն,
երկնասո՜յզ
նոճք
ամենայն.
Իր
սեւ
խշտիքին
մէջ
հէք
կեանքը
կը
ղօղի.
ո՜ր
խաղաղութիւն.
ուղւոյն
վրայ
ես
կամ
միայն,
Եւ
լապտերիս
լոյսն
որ
գետնին
վրայ
կը
նուաղի:
Վե՜րն
աղջն
երկինքին
կը
պսպըղայ
լըռելեայն.
Պա՜րք
յաւերժութեանց
աստղերով
լի
ու
յըղի.
Էի՜ն
ունկնդիր
տիեզերքներու
հլու
անդեա՛յն.
Ընտրեա՜լ
Նիւթին
տօնն
աստուածազգած
խնծիղի:
Հոն
անժխտելի՜,
ո՜հ,
հոն
յստակ
է
Աստուած.
Այս
պաղպաջն
անեղծ,
հաւատարի՛մ
Աղբիւրին՝
Սուրբ
է
իբրեւ
թէ
Անկէ
այսօր
իսկ
ցայտէր:
Հա՜րկ
է
որ
սեւ
նոճք
կենան
այսպէս
հո՜ն
յառած,
Եւ
մարդն
ալ
խըռով
խնդրէ
նըշոյլը
վերին.
Բա՜ւ
է
պղտոր
լոյսդ,
այլ
եւս
մարէ՛,
խեղճ
լապտեր:
5
Յուլիս
1907