Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՀԻԿԸ

Կատարներուն մէջ անտառին բարձրաբերձ

Ցայգավերջի մահիկն է, պերճ եւ անոք.

Ա՛հ, կոյսն աղու, գա՛ղտ երկինքէն անողոք՝

Եկեր է մռայլ սէրվիներուն այսքան մերձ:

Անդրի՜ն համար յաւերժական լուսաղբերց՝

Անդնդակերպ մայրւոյն մէջ ո՛րքան մորմոք.

Լուսնակն ահա կը ցաթէ սփոփ եւ ամոք

Իր թախիծէն երկնանոյշի վեհանդերձ:

Բայց ի՜նչ յագուրդ կրնայ բերել հիմակ ան

Մեծ մեծ նոճեաց այս դարաւոր աղօթքին

Իր ժըպիտովն իսկ աստուածազն աղջըկան.

Ցընորքն անոնց գիտէ մահիկը չքնաղ,

Ու’ անոնց վերեւ եկած ի սփոփ տրտմագին՝

Ճշմարտութեան տեղ գեղեցիկն է, աւաղ:

7 Յունվ. 1906