2.
ՄՈՒԹԻՆ
ՏԱԿ
(Սոսկում)
Կիսալուսինն
հազիւ
թէ
շող
մ'արձակած,
Թաղուիլ
կ'երթայ
մութ-գոյն
ամպերուն
ետին,
Տարտամութիւն
մը
կը
պատէ
խորհրդազգած,
Լուսաւորներն
եւ
հուսկ
իրերն
ալ
յետին:
Այդ
անորոշ,
տարտամագին
մութին
մէջ
Գորշ
ցցունք
մը
կողին
վրայ
սեպ
սարերուն
Կը
ներարկէ
երակներուս
դող
մ'անշէջ,
Մութ
սոսկում
մը
արհաւիրքով
պատատուն:
Ու
կ'ունենամ
անդրադարձում
մը
կեանքիս,
Լոյսերն
երկնի
կ'ըսեմ
յոյսերս
էին
վառ,
Որոնք
սիրտիդ
բաղխելով
քու
համակ
սառ,
Անհետացան`
թողլով
միայն
մո՜ւթ`
սիրտիս:
Սարին
ցցունքն
ալ
այդ
մթին,
ըստուերոտ,
Մտաբերել
կու
տայ
լքումդ
ինձ
անգութ,
Բաժնուեցանք
մենք
իրարմէ,
օ՜հ,
շատ
փոյթ
Ըսկսած
դեռ,
հազիւ,
սիրոյն
մեր
կեանքոտ:
190[1],
Սւազ