Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
7. ՄԵՐԺՈՒՄ
       Մէկ համբոյրըդ զիս պիտ' ընէր երջանիկ,
Դուն զլացար ինծի շնորհն այդ գողտրիկ,
Դժնէ “ոչ”ըդ թքիր ինծի անտարբեր.
Ես այն օրէն կը տառապիմ տարուբեր:
       Դուն զլացար ինծի շնորհն այդ գողտրիկ
Ու սեւերու մէջ թաթխեցիր իմ մեղմիկ
Ժպտիս ցոլքը, մերթ վառվռուն, մերթ հանդարտ.
Ես այն օրէն եղայ թշուառ մը անբախտ:
       Դժնէ “ոչ”ըդ թքիր ինծի անտարբեր,
Այդ “ոչ”ըդ սուր սիրտէս սորեց արիւններ.
Մերժումի այդ սառ լախտն, աւա՜ղ, վշտածին
Գալարեցուց սեւերու մէջ իմ հոգին:
       Ես այն օրէն կը տառապիմ տարուբեր.
Վիշտը սիրտըս իմ ըրաւ քանդ ու աւեր.
Այն օրէն երբ սեւ բաժակըն այդ թոյնի
Ըմպեցի ես, սիրտըս բիւր բիւր կ'արիւնի:
       1902, Սվազ