Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
16. ԱՉՔԵՐԴ
       Փոքրիկ Արշալոյսին
       Սընդուսէ գըգուոտ եթերն աչերուդ
Ձիւնափայլ ճակտիդ պարփակումին տակ,
Գոհարատուփն է հըմայքով ջերուտ,
Մետաքսառէջ, նուրբ կողքով ըսպիտակ:
       Բայց ադամանդի զերթ ցոլք փալփըլուն,
Արցունքի երբոր շիթն հոն չի՛ դողար,
Թովանքը կապոյտ այդ երկինքներուն
Կը խուսափի, զերթ անծաղիկ թաղար:
       Եւ կամ գոհարի տուփին պէս փայլուն,
Բիւրեղ արցունքն, ուր երբեք չի ցոլար,
Արեւակին կամ թօշ սուտակներուն,
Զըրկըւած շողէն, ցոլքէն դողահար: