30.
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Կը
թռուըռայ
զանգակին
վանկը
թռչուն,
Ոսկի
նափորտ
հագած
շաբաթ
իրիկուան
Տիրանըւէր
քըղանցքին
տակ
դողդոջուն,
Ու
ծուխին
մէջ
մըթնշաղին
երկեւան:
Անդոհութեան
ալիք
մը
ներս
կը
խուժէ
Պիրկ
յօրանջքէն
պատուհանիս
կիսաբաց.
Հովին
ծեծէն,
մարդուն
քաղցէն
խուսափած`
Թռչնիկ
մըն
է`
որ
իր
ցաւը
կը
գուժէ:
Եկքանիկ
մը`
դեղնակիտուած,
հողմահար
Թեւիկներով`
իրիկուան
մէջ
մոլորուն.
Անծայրածիր
իրիկուան
մէջ
դողահա՛ր`
Կ'եղբայրանայ
խուցիս
գըթած
իրերուն:
Իրիկունս
է
խունկ
ու
ցաւով
միգամած.
եւ
Խնկամանն
է
ծուխով,
թռչնիկն
ոգեվար:
Հոգիիս
մէջ
կըզգամ
շարժում
մը
դժուար.
Անդրաշխարհին
հակող
շարժում
մը
կամաց:
Նրբանցքին
մէջ
մայրս
աղօթք
մը
կը
հծծէ,
Կ'ապրեցընէ
սիրելիներն
իր
ամէն,
Լոյսերու
մէջ
ընկողմանած`
մեկնումէն
Վերջ
իրիկուան`
ժպտող,
անտես
մէկ
խուցէ:
Թռչնակն
հոգին
տախտակներուն
կը
ծեծէ,
Ու
պատերուն,
ու
հոգիիս
վրդոված.
Թռչնակն`
հոգին
կ'ուղղէ
անտես
մէկ
գիծէ`
Անծանօթին
մէջ
որոնել
իր
Աստուած:
Խունկը
ճամբայ
կ'ուզէր
անցքին
անդրաշխարհ,
Հէք
թռչնակին
հոգի՜ն
կ'ըլլայ
այդ
ճամբան,
Ու
թռչնակն
ալ
կ'ուզէր
աննիւթ
մէկ
դամբան,
եւ
Խունկին
ծուխը
կը
պարուրէ
իր
նշխար:
Աներկրային,
խաղաղ
ձայնը
կը
լըսէ
Մեռածներու
յուշքին`
հոգիս
իմ
հանգիստ.
Օ՜հ,
ես
չըկա՜մ
իրիկուան
մէջ
լըռանիստ.
Հոծ
իրիկուան
մէջ
այս
երանգ
ու
լոյսէ:
Մայրս
աղօթքէն
վերջ
արցունքը
կը
սրբէ.
Խաչանիշ
մը
կ'ըլլայ
թռչնիկն`
օրհնական
Այս
վայրկեանին`
զոր
կ'արծաթէ
լուսինկան`
Կ'ողջագուրէ՜
իր
ծոցին
մէջ
սատափէ:
[16
Օգոստ.,
1907]