Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պատմական դէպքերը ճշդելու եւ գնահատելու համար պէտք չէ տարուիլ զգացումներէ, ոչ ալ կռթնիլ երեւակայական իրողութիւններու վրայ։
       Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին կանոնականութիւնը պաշտպանելու համար միշտ պատմական սխալ բացատրութիւններ ու փաստեր քշուած են անվախ՝ թէ՛ նոյնինքն Կիլիկիոյ հին եւ նոր կաթողիկոսներու կողմէն եւ թէ՛ Կիլիկիոյ Աթոռը պաշտպանել ուզողներու կողմէն ընդդէմ ատոր հակառակող Էջմիածնի Կաթողիկոսներուն եւ ընդդէմ նաեւ անոնց ջատագովներուն, որոնց ջատագովութիւնը հիմնուած էր ո՛չ միայն պատմական փաստերու սխալ հասկըցողութեան ու մեկնութեան վրայ, այլ մա՛նաւանդ տգիտութեան եւ անձնական կիրքերու վրայ։
       Անոնք որ ըսին թէ Կիլիկիոյ Աթոռը ուղղակի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կաթողիկոսական գիծին շարունակութիւնն է կամ Շնորհալիի կաթողիկոսութեան յաջորդութիւնը, այսպիսիներ տարակոյս չը կայ որ ստոյգ պատմութենէ աւելի պատմական դէպքերու երեւոյթներով ոգեւորուեցան. վասն զի Լուսաւորչի կաթողիկոսութեան շարունակութիւնը, բառին կանոնագիտական առումով, եթէ տեղի հետ կապուի, Էջմիածինէն դուրս պէտք չէ ելլէ. իսկ եթէ կաթողիկոսական իշխանութեան փոխանցումի իմաստով պիտի առնուի շարունակութիւնը, այդ պարագային բոլոր կաթողիկոսներ ալ, որ Լուսաւորչի կաթողիկոսութեան յաջորդութեան շղթան կը կազմեն, օրինաւոր կաթողիկոսներ են , առանց կապուելու տեղւոյ եւ ժամանակի։
       Ներսէս Շնորհալի, որուն արիւնը աւանդութեամբ ուղղակի լուսաւորչեան կամ պահլաւական էր, եւ այդ պատճառով ալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը պահ մը ժառանգական իրաւունք ու սեփականութիւն դարձաւ իրենց (Պահլաւունեաց ) տոհմին, այո՛, նոյն իսկ Ներսէս Շնորհալի, իբրեւ Լուսաւորչի յաջորդ, Արեւմուտքի (Կիլիկիոյ ) Հայութիւնը նժդեհ կը համարէր, իսկ Հռոմկլան, իբրեւ քարանձաւ եւ բանտ, ուր փախած ու ապաստանած էր որսորդներէն հետապնդուած եւ շուներէն հալածուած այծեամի պէս, զուրկ ապրուստի դիւրութիւններէն , հայրենի կալուածներէ եւ թագաւորական ու իշխանական նպաստներէ։ Շնորհալին դիտել կուտայ թէ Ժամանակին գէշութեան եւ բազմիշխանութեան պատճառով չի համարձակիր Հռոմկլայէն դուրս ելնել եւ անձամբ այցելել իր ժողովուրդին։ Շատ նշանակելի է սա դիտողութիւնը թէ «Մեր ազգին մէջ թագաւորական եւ բազմամարդ քաղաք մըն ալ չկայ որ հոն նստէինք հայրապետական եւ վարդապետական աթոռի վրայ եւ սորվեցնէինք մեր ժողովուրդին աստուածային պատուիրանները , նախկին հայրապետներու եւ վարդապետներու պէս» (Ընդհնրկն.
       Եւ իրօք ալ այնպէս էր. Շնորհալւոյն Կաթողիկոսութիւնը (1166-1173) հանդիպեցաւ Թորոս Բ. (1145-69) եւ Մլեհի (1170-75) պարոնութեան։ Տակաւին Սիս թագաւորական «բազմաժողով » շքեղ Մայրաքաղաք մը ըլլալու համար Մեծն Լեւոնի մը կը կարօտէր։ Թէեւ այդպէս ըլլալէ ետքն ալ Շնորհալիին յաջորդները Սիս չփոխադրուեցան, այլ մնացին Հռոմկլայ՝ մինչեւ ատոր կործանումը Եգիպտական բանակի կողմէն (1293)։ Վասն զի Հռոմկլայ Պահլաւունեաց սեփական կալուածն էր, գնուած Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի կողմէն, եւ հետզհետէ գեղեցկացած էր հոյակապ եկեղեցիներով ու կաթողիկոսարանով, եւ ոեւէ կախում չունէր Կիլիկիայէն եւ Կիլիկիոյ արքունիքէն։ Որովհետեւ Հռոմկլայ թէեւ մօտիկ էր Կիլիկիոյ, գրեթէ ատոր սահմանին վրայ, բայց Կիլիկիոյ մէջ չէր, այլ Եփրատացւոց երկրին մէջ էր, եւ Պահլաւունիք, իբրեւ բերդատէր, բացարձակ իշխողն էին իրենց բերդին, ուրիշ աւատական բերդատէր իշխաններու պէս, ունէին իրենց բերդապահ զինուորները ինքնապաշտպանութեան համար։ Բայց իբրեւ հոգեւոր իշխանութեան կեդրոն , Հռոմկլայ պահեց իր անկախութիւնը, անշուշտ վայելելով սահմանակից Կիլիկիոյ Հայ պետութեան համակրանքը, եւ պաշտպանութիւնը Հալէպի իսլամ իշխանութեան, որու ազդեցութեան շրջանակին մէջ էր Եփրատի հովիտը մինչեւ Հռոմկլայ եւ աւելի վերերը։
       Պատմութեան այս լոյսերուն տակ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աշխարհագրական եւ տեղագրական առումով չի կրնար Շնորհալիի յաջորդութիւնն ըլլալ. որովհետեւ Սիս չէ եղած Շնորհալիի նստոցը։
       Ասոնք զօրաւոր փաստեր չեն Կիլիկիոյ Աթոռին կանոնականութիւնը ապացուցանելու համար. վասն զի Կիլիկիոյ Աթոռը պէտք չունի զգացումով շինուած փաստերու, ճիշդ այն պատճառաւ որ ո՛չ միայն Գրիգոր Մուսաբէկեան օրինաւոր կաթողիկոս էր Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ, երբ-ինչպէս ես կը կարծեմ-իւր հաւանութեամբն իսկ Էջմիածնի Ժողովը (1441) նոր կաթողիկոս մը ընտրեց, այլ նաեւ նորընտիր կաթողիկոսը, Վիրապեցին Կիրակոս, իր օրհնութիւնները ուղղեց Կիլիկիոյ Աթոռին եւ նոյն իսկ, միւս կողմէն, Աղթամարի վրայ դրուած դարաւոր նզովքը վերցուց, ճանչնալով զայն իբրեւ օրինաւոր Կաթողիկոսութիւն մը։
       Էջմիածնի Աթոռին վերահաստատութիւնը կանխող դէպքերու վրայ նետուած այս ընդհանուր ակնարկը, ինչպէս նաեւ կարգ մը պատմական երեւոյթներուն լուսաբանումը կարեւոր են՝ շիտակ հասկնալու համար թէ՛ այն պատճառները, որոնց հետեւանքով վերահաստատուեցաւ Էջմիածնի Աթոռը, եւ թէ՛ այն խնդիրներն ու վեճերը, որոնք յետոյ ծագեցան Էջմիածնի եւ Սիսի Աթոռներուն միջեւ։
       Մենք այս բոլոր խնդիրներու վրայ մասնաւորապէս պիտի խօսինք գործիս Երկրորդ հատորին մէջ։