Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԱՏԹԷՈՍ ԿԵՍԱՐԱՑԻ ՍԱՐԻ
       Յանդուգն եւ միանգամայն արգահատելի դէմք մըն է այս եկեղեցականը։
       Կ. Պոլսի Պատրիարք, Կաթողիկոս Կիլիկիոյ, դարձեալ պատրիարք Կ. Պոլսի եւ Երուսաղէմի, անհանդարտ, շարունակ շարժման մէջ. մէկ ոտքը միշտ Կ . Պոլիս. գործիչ եւ խառնակիչ Լատինասէր կուսակցութեան մէջ. հուսկ ուրեմն թիապարտ, հաւատուրաց, շունչը կ'առնէ ի Հռոմ եւ կը վախճանի հոն։
       Դժուար է ճշգրիտ թուականներով վերականգնել իր գործունէութեան ժամանակագրութիւնը, հակառակ մեր ձեռքը հասած թուականներու, որոնց համեմատ Մատթէոսի գործունէութեան հանգրուաններն են.
       1692-1694 Պատրիարք Կ . Պոլսոյ։
       1694-1703 կամ 1705 կաթողիկոս Կիլիկիոյ։
       1706-1707 Կ. Պոլիս է, ուր երեք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Մայր Եկեղեցւոյ դրսի բակին մէջ 1706 Ապրիլ 8ին։
       1707 Փետր. 11, Պատրիարք Կ. Պոլսի եւ Երուսաղէմի (երկու ամիս)։
       1707 Հոկտ. 24, Ուրբ . հաւատուրաց։
       1712 (. ՞ ) փախուստ ի Հռոմ։
       1727 Մահ ի Հռոմ։
      
       ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ
       Բնիկ Կեսարացի է Մատթէոս Սարը, որդի Մանուկպալիի։
       Պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք իրեն, իբրեւ Պատրիարք Կ. Պոլսոյ 1692-1694։
       Կ. Պոլսի պատրիարքութիւնը այս շրջանին շատ խախուտ էր ոեւէ եկեղեցականի համար։ Լատինասէրները, Հռոմի քաջալերութեամբ եւ Կ. Պոլսի ֆրանսական դեսպանին պաշտպանութեամբ, սկսած էին աւելի համարձակ գործել։ Հայադաւաններ եւս սկսան այդ համեմատութեամբ խստացնել հալածանքը անոնց դէմ, պետական ահարկու միջոցներով։ Բաւական է յիշել Աւետիք Պատրիարքի գլխուն պայթող փորձանքները։
       Աւետիք կորովի եւ անխոնջ հալածիչը եղաւ կաթոլիկներուն. բայց ինքն ալ հալածուեցաւ անգթօրէն, նենգութեամբ տարուեցաւ մինչւ Փարիզ ուր տանջուեցաւ եւ բռնի կաթոլիկ եղաւ։
       Մատթէոս Սարը այս շրջանի գործիչներէն է. համոզումով թէ դէպքերու բերումով կաթոլիկամիտ՝ անոնց հետ ելլող իջնող, երկերես, յանդուգն եւ երկչոտ։
       Կ. Պոլսի պատրիարք եղաւ կաթոլիկական կռիւներու ամէնէն կնճռոտ մէկ շրջանին։
       Մխիթարական ոեւէ գործ չէ յիշատակագրուած իր երկամեայ պատրիարքութենէն։
       Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին, որ հրդեհուած էր 1692 Սեպտ. 28ին, կը վերաշինուի իր օրով (Ընդրձ. Օրացոյց, 1901, էջ 113)։
       Ըստ Կարնեցի Առաքելեան Խաչատուր Վարդապետի 1728 Փետր. 7 թուակիր Լատիներէն նամակին, ուղղուած Ս. Ժողովոյն , ինքն Առաքելեան 1696ին Հռոմէն գացած է Կ. Պոլիս եւ հազիւ 20 հոգի կաթոլիկ գտած է հոն։ Քարոզած է Դոմինիկեանց եկեղեցւոյ մէջ եւ կաթոլիկներու թիւը օրէ օր աճելով եղած է իբր 300 հոգի։ Եւ «Պատրիարքն, որ էր Մատթէոս Կթղս ., որ դեռ նոր մեռաւ ի Հռոմ, որպէս զի հալածանք չըլլայ, հրամայած է որ Հայոց եկեղեցւոյն մէջ քարոզէ կաթողիկեայ հաւատքը» (Գլմքր. Կնսգրթններ. էջ 114)։
      
       ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ
       Ահա այս մարդն է որ, իր երկամեայ խախուտ պատրիարքութենէն յետոյ յափշտակեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, կաշառքով, երբ դեռ ողջ էր Աստուածատուր Նարին։
       Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ համար Մատթէոս Սարը հակաթոռ չէ հռչակուած պատմութեան մէջ։
       Արդեօք Աստուածատուրի տկարութի՞ւնն էր պատճառը, որով տեղի տուած ըլլայ Մատթէոսի բռնութեան առջեւ, կամ իրեն հաւանութեամբ կաթողիկոսացած ըլլայ Սարին, թէեւ ոեւէ նշմար չը կայ այս մասին։ Թերեւս այս կերպով լուսաբանուի Աստուածատուրի կեանքին եւ գործունէութեան մասին փափաքելի տեղեկութեանց չգոյութիւնը։
       Մատթէոսի կաթողիկոսութիւնը քանի՞ տարի տեւեց իր աթոռին վրայ, ասիկա շատ որոշ չէ։ Կաթողիկոսացաւ 1694ին. իր պաշտօնավարութիւնը տեւած պէտք է ըլլայ մինչեւ 1705 որովհետեւ այդ թուականէն անդին յիշատակագրութիւն չկայ, այլ նաեւ իրեն յաջորդը, Յովհաննէս Ե. Հաճընցին արդէն աթոռի վրայ է։
       Միւս կողմէն Սարին 1706ին Կ. Պոլիս է ուր կը յաջողի Կ. Պոլսի եւ Երուսաղէմի միացեալ Պատրիարքութիւնը ձեռք բերել (1707 Փետր. 11), թէեւ երկու ամիս իսկ չի տեւեր (Սաւալան, էջ 663 ), եւ իրեն կը յաջորդէ Քիւլհանճեան Մարտիրոս Վարդապետ, զոր, ուրիշ երկու վարդապետներու հետ, եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ 1706 Ապրիլ 8 Կիրակի, Մայր Եկեղեցւոյ դրսի բակին մէջ, յատկապէս պատրաստուած փայտակերտ աստիճաններու վրայ։
       Սարգիս դպիր դիտել կուտայ թէ այնպիսի զարմանալի բան մը եղած է ասիկա որ տեսնողներ «ապուշ մնացեալ հիացեալ էին. որովհետեւ ասանկ բան տեսնուած չէր Կ. Պոլսի մէջ » (Եր. Չէլէպի, Թորգոմեան, էջ 246)։
       Ինչպէս որ կ'երեւի Մատթէոս չէ վերադարձած Սիս եւ մխրճուած Կ. Պոլսի ազգային կեանքի կռիւներուն մէջ, որոնք շատ ողբալի վախճան մը ունեցան իր կողմնակիցներուն , եւ իրեն համար մանաւանդ։
       Մատթէոս Սարիի Կ. Պոլսոյ մէջ ունեցած գործունէութեան մասին բաւական տեղեկութիւններ կան Չամչեանի Հայոց Պատմութեան Գ. հատորին մէջ։
       Խիտ գիծերով կը պատկերացնենք այդ ժամանակին դէպքերն ու դէմքերը։
       1684. - Եղիազար Կաթողիկոս Էջմիածինէն իբրեւ նուիրակ Կ . Պոլիս ղրկեց Ղափանցի Եփրեմը, որ իր նուիրակած դրամներով ձգել տուաւ Կարապետ Պատրիարքը եւ ինքն անցաւ անոր տեղ։ Կարապետ 20 ամիս յետոյ ձգել տուաւ Եփրեմը եւ ինքն եղաւ Պատրիարք։ Թորոս Երէց, որ յառաջ 40 օր պատրիարք եղած էր ձգել տուաւ Կարապետը եւ ինքն գրաւեց Աթոռը։ Տարի մը յետոյ Պատրիարք եղաւ Ճլեցի Խաչատուր Երէց։ Կարապետ յաջողեցաւ դարձեալ պատրիարք ըլլալ վտարելով Ճլեցին։ 1690ին աշխարհական տեղակալներ վարեցին պատրիարքութիւնը։ Վերջապէս 1692-94 Մատթէոս Սարին եղաւ Պատրիարք։
       Երուսաղէմի աթոռին վիճակն ալ այսպէս էր. մարդիկ կը մրցէին իրարու հետ Ս. Աթոռին շուրջ. խոշոր գումարներ կը վատնուէին. շփոթութիւն կը տիրէր։ Քէօմիւրճեան Երեմիա Չէլէպիի նման անձեր խորհուրդ եւ խրատ կուտային եկեղեցականներուն, որպէս զի վերջ տան այս գայթակղութեանց, բայց անօգուտ։
       Այս խռով օրերուն ուրիշ շփոթութիւն ալ աւելցաւ։ Սաստկացան կրօնական վէճեր. սկսան զիրար կոչել ուղղափառ կամ կաթոլիկ, հայ կամ ֆրանկ։
       1701. - Այս միջոցին Երզնկայի Առաջնորդ Աւետիք Վարդապետ, վաղեմի բարեկամը Միւֆթի Ֆէյզուլլահին, որ Երզնկացի էր, Կ. Պոլիս եկաւ շփոթութեանց վերջ տալու նպատակով, եւ Ս. Յակոբի տօնին քարոզեց եւ ըսաւ, երկու երեք հոգի չկա՞յ այս քաղաքին մէջ որ խաղաղեցնեն այս ժողովուրդը։ Ես, յարեց, պատրաստ եմ ծառայելու. պիտի երթամ Ադրիանուպոլիս, պիտի տեսնեմ Միւֆթին եւ ճար մը պիտի գտնեմ խաղաղեցնելու համար ժողովուրդը, որ ազդուեցաւ Աւետիքի խօսքերէն, եւ ոմանք նոյն իսկ փափաքեցան որ Աւետիք ինքն ըլլայ Պատրիարք։
       Աւետիք գնաց Ադրիանուպոլիս, տեսակցեցաւ իրեն բարեկամ Միւֆթիին հետ եւ անոր ազդեցութեամբ փոխանորդ կարգուեցաւ Եփրեմ Պատրիարքին. բայց մէկուկէս ամիս յետոյ ձգել տուաւ Եփրեմը, իբրեւ ֆրանկ կամ ապստամբ, եւ զայն Էջմիածին տարագրել տալով ինքն գրաւեց պատրիարքութիւնը։
       Այդ միջոցին Երուսաղէմի Մինաս Պատրիարքի դէմ ալ դժգոհութիւններ կային, ներսէն եւ դուրսէն։
       Սարը Մատթէոս, որ կաթողիկոսութենէ ինկած Կ. Պոլիս կը գտնուէր, ուզեց օգտուիլ առիթէն եւ Պատրիարք ըլլալ Երուսաղէմի։
       Մատթէոսի Կ. Պոլսի մէջ ունեցած գործունէութեան մասին տեղեկագիր մը ունի Աւետիք Պատրիարքին փոխանորդը Խարբերդցի Տ. Միքայէլ Քհնյ. գրուած եւ ուղղուած 1706 Դեկտ. 20ին, Էջմիածին՝ Աղեքսանդր Կաթողիկոսին, որուն մէջ կ'ըսէ.
       -«Եւ Մատթէոս Կաթողիկոսն Սսա որ փախուստ էր ձեռաց Աւետիք Վարդապետին յաղագս թեմի եւ վիճակի Սուրբ Էջմիածնի կամէր հատանել եւ գրել ի վերայ Տանն Սսա. վասն որոյ Աւետիք Վարդապետն ծանուցեալ խորհուրդս զայս եւ յոյժ սրտմտեալ եւ առեալ ֆէրման թագաւորական, զի աքսորեսցէ զՄատթէոս Կաթողիկոսն բռնութեամբ ի սուրբ Էջմիածին առ Նահապետ Կաթուղիկոսն՝ որպէս եւ կամիցէ, նա արասցէ դատաստան ի Սեւան. զայս լուեալ Մատթէոսի՝ եղեւ փախուստ մինչ վերանալն Աւետիք Վարդապետին՝ եւ ապա յարուցեալ՝ եւ զնա եդին առաջնորդ յԵրուսաղէմայ»։
       Միքայէլ Քահանայի տեղեկագրէն յայտնի կ'երեւի որ Մատթէոս ալ, Եղիազարի ծրագիրը մշակած է ուժգին կերպով, Թիւրքիոյ հայութիւնը կապելով Կիլիկիոյ Աթոռին, բայց Աւետիք Պատրիարք սաստիկ հակառակած է այդ ծրագրին եւ ստիպեր է լռեցնել զայն։
       -«Նախ Մատթէոս Կաթողիկոսն Սսա, սա բազում ժամանակ գուն գործեաց յԷջմիածնի Աթոռն հատանել բովանդակ յերկիրն՝ Հոռմստանն կապել ի Սսա Տանն, եւ աստ Աւետիք Վարդապետն ընդդէմ կացեալ նմա յաղթեաց» (Իզմիրլեան, էջ 449-451)։
       Ձեռագրական ուրիշ յիշատակարանի մը մէջ, 1708ին, Սարը Մատթէոսի անկումը արձանագրուած է կաթոլիկ դարձած Ուրֆացի Գրիգոր Եպս. ի կողմէն, մեղադրելու համար Աւետիք Պատրիարքը։
       Աւետիք, կ'ըսէ, գազանաբարոյ (Խիստ) էր եւ բարեկամ թիւրքերու, հալածեց կաթոլիկները, յափշտակեց եպիսկոպոսներու թեմերն ու վիճակները։ Յիշատակագիրը կը ծածկէ իրողութիւնը. պէտք էր ըսել կորզեց կաթոլիկամիտ եպիսկոպոսներուն թեմերը։ Եւ շատերէն մէկը յիշած ըլլալու համար՝ կ'ըսէ.
       «Զաթոռն Սսոյ յափշտակեալ ի ձեռանէ կաթողիկոսին (=Մատթէոս Սարը ) եւ ետ զնա անգէտ եւ անասնաբարու իրիցու միոյ , որ Ուսկուտարցի Պօշկօ կոչի ։
      
       Թէ այս Իւսկիւտարցի քահանայն ո՞վ էր, ի՞նչ էր բուն անունը, ո՞րչափ ատեն մնաց Սիս իբրեւ տեղակալ եւ ի՞նչ ըրաւ, թէեւ չէ ըսուած, բայց կարելի է ըսել որ Մատթէոս Սարին վտարելէ յետոյ, ընտրել տուաւ անոր յաջորդը, Յովհաննէս Ե. Հաճընցին։
       Բայց Աւետիք Պատրիարք, որ Ադրիանուպոլիս կը գտնուէր, ազդարարեց Մատթէոսին, որ հեռանայ Կ. Պոլսէն եւ երթայ իր տեղը, եւ ինքն ալ, միջնորդութեամբը Միւֆթի Ֆէյզուլլահին, Երուսաղէմի պատրիարքութիւնն ալ առաւ 1701 Վարդավառի նաւակատիքին։
       Ուժաւորուած երկու աթոռներու պատրիարքական իշխանութեամբ, Աւետիք խստիւ վարուեցաւ թէ Մինաս Պատրիարքի եւ թէ ուրիշներու հետ։
       Յետոյ Ադրիանուպոլսէն վերադարձաւ Կ. Պոլիս, մեծ շքով դիմաւորուեցաւ հսկայ բազմութեան կողմէն, որոնք ծովէն ու ցամաքէն գացին մինչեւ Մագրի-Հօրիայ գիւղը. քահանաներ, իշխաններ, եւ ասոնց հետ նաեւ Մատթէոս Սարը։ Իջեցուցին Աւետիք Պատրիարքը իր շքեղ կառքէն, փառաւոր սեղան մը տուին անոր, եւ յետոյ բերին Կ. Պոլիս այնպիսի հանդիսաւորութեամբ մը որ մինչեւ այն ատեն ոչ մէկ պատրիարքի եղած էր։
       Խանդավառ բազմութիւնը կ'ըսէր. Այս պատրիարքը պիտի նորոգէ եւ պիտի պայծառացնէ մեր տառապեալ ազգը եւ մեր մէջէն պիտի վերցնէ խռովութիւնը։
       Աւետիք սաստիկ խստութեամբ վարեց իր իշխանութիւնը՝ անխնայ հալածելով կաթոլիկները։ Դրամի պէտք ունէր, եւ այս պատճառով ալ քահանաները ըմբոստացուց իրեն դէմ։
       Եպարքոսին փոփոխութեամբ (Տապան Մուստաֆա Փաշա եկած էր) փոխուեցաւ Աւետիքի բախտը, եւ իր բարեկամը, Ֆէյզուլլահ Միւֆթին, հակառակ իր բարեացակամութեան, չկրցաւ օգտակար ըլլալ իրեն։
       Աւետիք իր հակառակորդներու կողմէն ամբաստանուեցաւ նոր Եպարքոսի առջեւ, Ադրիանուպօլիս։ Իսկ ասդին Կ. Պոլսի մէջ իրեն կողմնակիցները մեծ բազմութեամբ դիմեցին Եպարքոսի փոխանորդին ապարանքը, Սարը Մատթէոս իրենց գլուխը, Աւետիքի մասին բարի վկայութիւն տալու համար. բայց այնքան աղմուկ հանեցին որ փոխ Եպարքոս սրտմտեցաւ, եւ թոյլ տուաւ որ բազմութեան մէջէն քանի մը հոգի ներկայանան իրեն եւ յայտնեն իրենց փափաքը։
       Երեսուն հոգի ներկայացան, իրենց գլուխը ունենալով Սարը Մատթէոսը։
       Փոխ-Եպարքոսը հարցուց Մատթէոսին.
       -Ի՞նչ կ'ուզէք։
       -Աւետիք Պատրիարքը, պատասխանեց Սարին։
       -Դուն ո՞վ ես, յարեց Փոխ Եպարքոսը։
       -Սիսի պատրիարքն եմ։
       -Դո՞ւն ժողովեցիր այս բազմութիւնը։
       Սարին չկրցաւ պատասխանել։
       -Ի՞նչպէս համարձակեցար այդչափ բազմութեամբ յարձակիլ հոս, ըսաւ Փոխ Եպարքոսը, եւ այս սպառնալիքին հետ երեսուն հոգիներն ալ ֆալախայի զարնել տուաւ, եւ իւրաքանչիւրին երեսուն գան զարկին, իսկ Մատթէոսին՝ երեսուն մէկ գան։
       Դուրսի բազմութիւնը երբ իմացաւ թէ ինչ կ'անցնի կը դառնայ ներսը, խուճապով ցրուեցաւ. եւ գանաբեկ երեսուններ բազում կաշառքով հազիւ կրցան ճողոպրիլ Փոխ Եպարքոսի ձեռքէն։
       Սարը Մատթէոս գնաց ապաստանեցաւ ֆրանսական դեսպանին քով։
       Աւետիք եւ իր փոխանորդը՝ Զմիւռնացի Յովհաննէս, շատ տառապեցուցին կաթոլիկները, որուն հետեւանքը ողբերգական եղաւ Աւետիքին համար։ Գէշ կերպով ինկաւ Աւետիք։
       Իսկ Սարը Մատթէոս, ֆրանսական դեսպանին միջնորդութեամբ, որուն քով պահուած էր, նորէն պատրիարք եղաւ Կ. Պոլսի աթոռին վրայ, բայց հազիւ երկու ամիս. որովհետեւ Աւետիքին կուսակիցները վար առնել տուին զինք եւ տեղը դնել տուին Քիւլհանճեան Մարտիրոս Վարդապետը։
       Այս երկամսեայ պատրիարքութիւնը շատ սուղի նստաւ Մատթէոսի վրայ. վասն զի Զմիւռնացի Յովհաննէս այնքան խստացուց հալածանքը կաթոլիկներուն դէմ որ պատճառ եղաւ շատերու հաւատուրացութեան եւ Քէօմիւրճեան Կոմիտաս պատուական Քահանայի նահատակութեան։
       Մատթէոս դարձեալ կոչուեցաւ Եպարքոսեան ատեան Զմիւռնացւոյ բողոքին վրայ։
       Հարցուեցաւ իրեն. ո՞ւր աքսորեցիք Աւետիք Պատրիարքը եւ քեզ ո՞վ դրաւ անոր տեղ։
       Սարը Մատթէոս այս անգամ կարծեց թէ վարպետ դարձուածով մը կրնայ օձիքը ազատել եւ միանգամայն հաճելի ըլլալ Զմիւռնացի Յովհաննէսին, պատասխանեց.
       -Այդ բանտարկեալներն են որ աքսորեցին Աւետիքը եւ զիս դրին անոր տեղ։
       Այս յայտարարութեան վրայ բանտարկեալները բերուեցան ատեան, եւ Եպարքոսը հարցուց.
       -Դուք պատրիարք ըրիք այս Մատթէոսը, ի՞նչ ըրիք Աւետիքը։
       -Մենք չենք գիտեր պատասխանեցին բանտարկեալները։ Ինչ որ եղաւ ձեր նախորդ եպարքոսին հրամանով եղաւ, եւ այս Մատթէոսը յափշտակեց անոր իշխանութիւնը։
       Թերուդէմ ամբաստանութիւնները լսելէ յետոյ եպարքոս հրամայեց որ բանտարկեալները տանին իրենց բանտը՝ իսկ Մատթէոսը՝ թիարան։
       Աւետիքին կողմնակիցները, Զմիւռնացին իրենց գլուխը, շարունակեցին իրենց ամբաստանութիւնը ամէն գնով, մինչեւ որ բանտարկեալներուն գլխատման վճիռը տրուեցաւ։
       Սուպաշի կոչուած պաշտօնատարը դահիճներով եւ Հասաս կոչուած զինուորներով գացին եւ բանտարկեալները բերին կառափնատին վայրը։
       Ահաւոր էր տեսարանը։ Դատապարտեալներ դահիճներուն ոտքը փարած կ'ողբային, կ'աղաղակէին թէ անմեղ են իրենք։ Իսկ դահիճներ կ'ըսէին. Իսլամ եղիք եւ ազատ եք։
       Պահ մը անյողդողդ մնացին դատապարտեալներ. բայց երբ շողաց դահճին սուրը, սարսափեցաւ Սարի Մատթէոս, սասանեցաւ իր հաւատքը, որուն ուղղափառութեան համար այնքան պայքարած էր. չկրցաւ վկայել անոր ճշմարտութեան եւ «անկաւ անդէն ի հաւատոց»։
       Ուրիշներ հետեւեցան իրեն եւ ամօթահար ըրին քրիստոնեաները։
       Միայն քաջահաւատ Տ. Կոմիտաս Քահանայ Քէօմիւրճեանն էր որ չգայթեցաւ եւ կնքեց իր կեանքը նահատակութեամբ 1707 Հոկտ. 25, Շբ . օր։
       Ուրացեալ Սարին անշուշտ առ երեսս ուրացաւ. բայց անհնար էր որ կեղծուրաց մը մնար Կ . Պոլիս։
       Ժամանակ մը պահեց ինքզինք մինչեւ որ յաջողեցաւ փախստեայ իյնալ Հռոմ, քաւարանը այսպիսի մեղաւորներու, մանաւանդ այդ դարերուն, ուր արդէն 1712 Մայիս 4ին ներկայ կը գտնուի ուրիշ «հայ կաթողիկէ բարձրաստիճան եկեղեցականներու » շարքին «Վատիկանի Պալատի մէջ կէս հրապարակական Համագումար Նիստի մը » (Consistorium), որուն մէջ Սուրբ պիտի հրատարակուէր Պիոս Ե. Պապը, երկու լատին քահանայ եւ մէկ կուսան » (Գլմքր. Կնսգրթննր. էջ 137)։ Սարը Մատթէոսի մահը կը պատահի Հռոմ իբր 1727ին (Անդ, էջ 230)։
       Տեսիլէ, քաջասրտութենէ զուրկ դէմք մը, որ իր ստուերը կը պտտցնէ աթոռէ աթոռ, կորով կը վատնէ լատինամէտ քաղաքականութեան պայքարին մէջ, թերեւս երիտասարդական ցնորատանջ երեւակայութեան մը յափշտակութիւններուն մէջ, կ'ելլէ կ'իջնէ, վերջապէս… իյնալու համար ։