Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ամենեւին տեղեկութիւն չկայ Յովհաննէս Ա. Անտիոքացւոյ մասին, եւ ընդհակառակն անուններու շփոթութիւն մը կայ։ Որովհետեւ Սարաձորեցիէն ետքը իրարու կը յաջորդեն Յովհաննէս անունով երեք կաթողիկոսներ։
       1. Յովհաննէս Ա. Անտիոքացի.
       2. »Բ . Թլկուրանցի.
       3. »Գ . Քիլիսցի.
       Մաղաքիա դպիրի ցուցակին մէջ չը կայ Յովհ. Ա. Անտիոքացին (Հմմտ. Սիսուան, էջ 218, ծնթ. 3)։ Չամչեանի եւ Ալիշանի ցուցակներուն մէջ կայ, բայց սխալ թուականով (1474-1489). թէեւ Ալիշան յետոյ կերպով մը կ՚ուղղէ թուականը, հետեւելով Կիլիկեան Ժամանակագրին, որ, կ՚ըսէ, երեք Յովհաննէս կաթողիկոսներէն առաջինը կը դնէ 1488-ին եւ յաջորդ տարին ալ հռչակաւոր Թլկուրանցին, իսկ երրորդն ու յաջորդները, մեր ժամանակագրածին պէս (Սիսուան, էջ 539 եւ 218)։
       Սսոյ Մաշտոցին մէջ , վերջընթեր թուղթ, երես 435, իրարու ետեւէ երկու յիշատակագրութիւն կայ Յովհաննէս կաթողիկոսներու։
       ա ) - «Նըւաստս Յոհանէս Կաթողիկոս նստայ ի յաթոռ հայրապետութե ., ի թվկիս . Հայոց՝ ՋԼԷ» (=1488), սեւ թանաքով , բոլորգիր։
       բ ) - «Նըւաստս Յհէս. Կթղկոսս . Թուլկուրանցալնցի (ա՛յսպէս ) նստայ ի յաթոռ հայրապետութե. ի թվկիս. Հայոց, ՋԼԸ. (= 1489). Յունվար ամսոյն ի ԺԶ (?). Աւր չորեքշբթի. » կարմիր թանաքով, բոլորգիր. կարմիրը տեղ տեղ թռած. այնպէս որ Յունվար ամսոյն թիւը կրնայ կարդացուիլ թէ ի ԺԶ կամ Զ. այսինքն Յունվար 16 կամ 6, որ թերեւս աւելի յարմար է, զուգադէպ Ծննդեան տօնին։
       Առաջին Յիշատակարանին տէրն է Յովհաննէս Ա. Անտիոքացի։ Չամչեան եւ անոր հետեւողութեամբ՝ Ալիշան, Ստեփանոս Սարաձորեցւոյն կուտան 1447-1474, իսկ անոր յաջորդ Անտիոքացի Յովհաննէսին՝ 1474-1489, ինչպէս դիտել տուինք քիչ յառաջ։ Բայց հիմնուելով Սսոյ Մաշտոցի յիշատակարանին վրայ, ուր Յովհաննէս կ՚արձանագրէ թէ ինքն ՋԼԷ=1488ին կաթողիկոս եղած է, պէտք է որ Չամչեանէն եւ Ալիշանէն նշանակուած թուականներ սրբագրուին։ Ուրիշ խօսքով, քանի որ Յովհաննէս Ա. Անտիոքացին կաթողիկոս եղած է 1488-1489ին, կը հետեւի թէ Անտիոքացին հազիւ տարի մը ապրած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին վրայ։
       Եւ, հաւանաբար, այս է պատճառը որ Յովհաննէս Ա. Անտիոքացւոյ կաթողիկոսական գործունէութեան մասին չենք հանդիպած ոեւէ պատմական տեղեկութեան։
       Յուսանք թէ օր մը նոր վաւերագիրներ լոյսեր բերեն պատմութեան մութին տակ ծածկուած այս եւ ուրիշ կաթողիկոսներու կեանքին եւ գործունէութեան վրայ։