Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այն շրջանը, ուր Աջապահեանք երեւան եկան եւ տիրացան Կիլիկիոյ Աթոռին, արժանի է պատմագրի մասնաւոր ուշադրութեան։
       Սիս կը հեծեծէ արիւնարբու ձորապետներու բռնութեան ներքեւ։ Կաթողիկոսներ չեն կարող դիմանալ անոնց կեղեքումներուն եւ զօշաքաղութեան։ Ստիպուած են տեղէ տեղ փոխադրուիլ` ճողոպրելու համար անոնց բռնի պահանջումներէն, Աթոռին պահպանութիւնը վստահելով կամ աթոռակցի մը եւ կամ ամուսնացեալ քահանաներու։ Երբեմնի փառաւոր եւ պայծառ Աթոռը խրթնացած է ամէն կերպով. որովհետեւ ձորապետները իրարու հետ կը մրցին Սսոյ Մայրավանքը իրենց ազդեցութեան շրջանակին մէջ առնելու եւ զայն հարստահարելու համար։
       Աջապահեան Յուսիկ քահանայ, արթուն, հեռատես, ազգասէր հոգեւորական մը՚ կը մտածէ վերջ տալ այս ողբալի կացութեան, եւ կը յաջողի Սուլթանի պերաթով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Աջապահեան տոհմին ժառանգական սեպհականութիւն դարձնել։
       Տէր Յուսիկ քահանայ լուրջ մտածումէ յետոյ իրագործեց իր ծրագիրը, երբ կաթողիկոսութիւնը մնացած էր Հաճընցի Տէր Ադամ քահանայի նման կատարեալ տգետի մը ձեռքը։
       Այս շրջանին մէջ Կիլիկիոյ աթոռին խեղճութեան մասին յիշատակարան մըն ալ կայ գրուած 1705-ին, Ուրֆացի Գրիգոր Եպիսկոպոսէ, որ լքելով իր Մայրենի եկեղեցին դիմած է Հռոմի եկեղեցին։
       Սա անարգ ոճով կը քննադատէ Կ. Պոլսի Աւետիք Պատրիարքը, որ խստիւ հալածեց հայ կաթոլիկները պետական ուժով, եւ կ'ամբաստանէ զայն իբրեւ յափշտակող եպիսկոպոսական թեմերն ու վիճակները եւ իբրեւ կաշառակեր։ Իբրեւ կարեւոր դէպք եւ ապացոյց Աւետիք պատրիարքի կաշառակերութեան, մասնաւորապէս դիտել կուտայ թէ Աւետիք Սիսի Աթոռը յափշտակեց կաթողիկոսի ձեռքէն եւ տուաւ զայն տգէտ եւ անասնաբարոյ երէցի մը, որ կը կոչուի Իւսկիւտարցի Պօշկօ։
       Այս յիշատակարանին մէջ ակնարկուած կաթողիկոսն է Մատթէոս Սարի, ժամանակին անշնորհ դէմքերէն մին , որ իսլամացաւ եւ վերջը փախաւ Հռոմ, ինչպէս որ տեսանք։
       Աւետիք Պատրիարք, ուրեմն, Կիլիկիոյ Աթոռէն վար առնել տալով Մատթէոս Սարիի պէս անարժան մը, անոր տեղ ղրկած է հակակաթոլիկ խառնուածքով ուժեղ երէց մը։
       Իւսկիւտարցի Պօշկօ երէցին աթոռակալութիւնը կրնայ դրուիլ Հաճընցի Տէր Ադամ քահանայի աթոռակալութեան քով։
       Այս իրողութիւնները աւելի լոյս կը սփռեն Աջապահեան Յուսիկ քահանայի ելոյթին ներքին պատճառներուն վրայ եւ կ'արդարացնեն անոր ծրագիրը։
       Ահա այս շրջանին մէջ է որ կը խորհին Սիւրիոյ մէջ հայ կաթոլիկութիւնը կազմակերպել, ստեղծելով նուիրապետական իշխանութիւն։
       Այս կազմակերպութեան բո՛ւն հեղինակն է Աբրահամ Եպս. Արծիւեան, որ բարեբախտաբար իր իսկ գրչով պատմագրած է իր ծնունդն ու սնունդը, իր հռովմէադաւան կրթութեան հանգրուանները, իր ձեռնարկները Հալէպէն մինչեւ Հռոմ, եւ վերջապէս իր ծրագրին յաջողութիւնը ` շնորհիւ Վատիկանի հովանաւորութեան։
       Արծիւեանի ինքնակենսագրութեան մէջ Սիսի Աթոռին տիրանալու խնդիր չկայ։
       Բայց անդրագոյն երեք հայ կաթոլիկ պատմագիրներ ուզած են Արծիւեանի Հռոմէն շնորհուած պատրիարքութիւնը կապել Կիլիկիոյ Աթոռին հետ, պատմական այնպիսի հակասութիւններով որոնք ինքնին կ'աղաղակեն ստոյգ տեղեկութիւններու եւ ճշգրիտ թուականներու լոյսին տակ։
       Այդ պատմագիրներն են Հ. Իգնատիոս Փափազեան, Հ. Վարդան Ըստկարեան եւ Հ. Աղեքսանդր Պալճեան, որոնց պատմածները յառաջ կը բերենք բառ առ բառ, եւ կ'անդրադառնանք անոնց իւրաքանչիւրին վրայ առանձին առանձին, ցոյց տալու համար կամակար խեղաթիւրումներն անոնց եւ պատմական սխալներն ու անճշտութիւնները։
       Այս երեք պատմագիրներուն կը կցենք չորրորդ մը, Հ. Գելցերի գրածը, որ շատ հետաքրքրական է իր ճիշտ եւ անճիշտ գիծերուն մէջ, եւ արժէքաւոր անոր համար որ զերծ է ոեւէ յայտնի կամ գաղտնի ձգտումէ (tendanc e), իբրեւ գործ գիտուն պատմաբանի։
      
       Ա.
       Հ. Իգնատիոս Փափազեանց իր պատմութեան մէջ , «Պատրիարգութիւն հայոց ուղղափառաց ի Լիբանան » խորագրին ներքեւ կենսագրական ծանօթութիւններ կուտայ Անթապցի Արծիւեանց Աբրահամ վարդապետի մասին, եւ յետոյ կ'ըսէ.
       -«Ընդ այն ժամանակս յամին 1737ի մեռանել Միքայէլ կաթուղիկոսին հայոց ի Սիս, ուղղափառ ժողովուրդք կողմանցն Ասորւոց միաբանեցան ընտրել իւրեանց ուրոյն Պատրիարգ զԱբրահամ Եպիսկոպոս. յոյր սակս յամին 1740 հարկեցաւ գնալ ի Հռովմ ընդունել զհաստատութիւն պատրիարգական իշխանութեան ի սրբոյ աթոռոյն. վասն որոյ ձեռնադրեալ ի տեղի իւր եպիսկոպոս Բերիոյ զհայր Յակոբ Յովսէփեան, չոգաւ ի Հռովմ, ուր յետ ամաց ինչ առեալ զպատիւ պատրիարքութեան դարձաւ անդէն ի Լիբանան ի վանս ազգային կրօնաւորաց եւ անդ կատարեաց զկեանս իւր սրբութեամբ։
       Այս է ահա ծագումն պատրիարգական Աթոռոյն որ տեւէ մինչեւ ցայսօր։
       Յաջորդ նորա եղեւ Յակոբ Եպիսկոպոս Բերիոյ, որ ըստ կտակի նախորդին իւրոյ Աբրահամու կառոյց զվերին վանսն Զոմմառ կոչեցեալ` ի բնակութիւն պատրիարգին ու եպիսկոպոսաց»։
      
       Բ.
       Հ. Վարդան Վ. Ըստկարեան հետեւեալ կերպով կը պատմէ միեւնոյն դէպքը.
       -«Այս վիճակիս մէջ էր Սսոյ կաթուղիկոսութիւնը մինչեւ ութեւտասներորդ դարը, որուն սկիզբները (1740) Ղուկաս կաթողիկոսը մեռնելով, քանի մը եպիսկոպոս` Բերիացի Աբրահամ ուղղափառ եպիսկոպոսն իրեն յաջորդ ընտրեցին։ Աբրահամ անմիջապէս Հռոմ գնաց, եւ Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետէն հաստատութեան կոնդակ եւ պալլիում ընդունելով (1742 Դեկտ. 8) Կիլիկիայի Հայոց Պատրիարք անուանուեցաւ։
       Աբրահամ ի նշան մեծարանաց եւ հպատակութեան առաքելոց Գլխաւորին` Պետրոս անունն առաւ, զորն որ իր յաջորդներն ալ պահեցին։
       Սակայն նոյն միջոցին Սսոյ կաթողիկոսութեան մէկալ եպիսկոպոսները, ժողովի մը մէջ հանգուցեալ Ղուկաս կաթողիկոսին Միքայէլ եղբայրն իրեն յաջորդ ընտրած ըլլալով, Աբրահամ Հռոմէն Կիլիկիա դարձած ատեն, կաթողիկոսական աթոռն արդէն գրաւուած գտաւ, ուստի ինքը ստիպուեցաւ Լիբանան քաշուիլ եւ աթոռը հոն հաստատել։
       Ահա այս կերպով սկսաւ Կիլիկիայի ուղղափառ Հայոց պատրիարքութիւնը, որուն իրաւասութեան տակն էին Ասորիք, Միջագետք, Փոքր Հայաստան ու Եգիպտոս գտնուող (իբր. 40, 000) կաթուղիկեայ Հայք »։
      
       Գ.
       Հ. Աղեքս. Վ. Պալճեանի պատմութիւնը.
       -«ԺԸ. դարու առջի կէսին` ողջամիտ եպիսկոպոսներէն Կիլիկիայի կաթողիկոսութեան ընտրուեցաւ Աբրահամ Բերիացին, որ կաթողիկէ հաւատոյ յօժարամիտ էր, եւ արդէն Տրապիզոնի եւ Բերիայի թեմերուն գովութեամբ առաջնորդած էր։ Ասիկա անյապաղ Հռոմ դիմեց, եւ հոս Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանապետին ձեռքէն ոչ միայն հաստատութեան կոնդակը, եւ հրապարակական ժողովի մէջ` Պալիոնն ընդունեցաւ (1742), այլ նաեւ նոյն իմաստուն Քահանայապետը իր գերագոյն իշխանութեամբ` յանձն նորա եւ իւր յաջորդաց հայոց կաթողիկէ պատրիարքութիւնը հաստատեց զինք պատրիարք եւ կաթողիկոս Կիլիկիոյ եւ փոքուն Ասիայ անուանելով։ Իր իրաւասութիւնը կը տարածուէր բովանդակ Կիլիկիա, Փոքր Հայք, Ասորիք, Պաղեստին եւ Եգիպտոս։
       Բայց, Սսոյ հերձուածական առաջնորդներն եւ ժողովրդականները զայրանալով` մերժեցին ուղղահաւատ կաթողիկոսը որ քահանայապետին հանութեամբ ի պատիւ Ս. Պետրոսի Առաքելապետի` Պետրոսի անունն առած էր, եւ անոր տեղը Միքայէլ Սսեցին կաթողիկոս դրին։
       Իսկ Աբրահամ Պետրոս Ա. կաթողիկոս Հռոմայէ դառնալով` իր աթոռը Լիբանան հաստատեց` թշնամեաց հալածանքէն ապահով ըլլալու համար. եւ հոն կաթողիկոսական իշխանութիւնը կը վարէր ուղղափառաց վրայ։
       Քիչ մը ետքը հայ միանձանց հիմնարկութիւն մ'ալ ըրաւ, որոնք մարոնիդներուն սահմանադրութիւնն իրենց կարգին կանոն առնելով` Անտոնեանք կոչուեցան, իբրեւ աշակերտք Ս. Անտոնի Աբբայի »։
      
       Դ.
       Գէլցէրի Համառօտ պատմութիւն Հայոց գործէն, էջ 71-72 ։
       -«Հռոմէական եկեղեցւոյ հետ միացեալ Հայերը Խաչակրաց ժամանակէն եւ միաբանողներէն սկսեալ ցայսօր կան, եւ կամաց կամաց` բայց ոչ շատ` կ'աճէին։ Թէ՛ էջմիածնի եւ թէ Սսոյ բազմաթիւ կաթողիկոսներ Հռոմայ հետ յարաբերութեան մէջ մտած են։ Իրենց հպատակութեան յայտարարութիւններուն վաւերականութիւնը մեծաւ մասամբ տարակուսական է , եւ ապահովապէս` անկեղծութիւնը տարակուսական է։ Յամենայն դէպս թէ՛ հոգեւորականութիւնը եւ թէ՛ ժողովուրդը հակահռոմէական էին, եւ այնպէս ալ մնացին։ Յամին 1562 Էջմիածնի Միքայէլ կաթողիկոսը Հռոմ Պիոս Դ. քահանայապետին պատգամաւոր ղրկեց զԱբգար, որ կ'ըսուի թէ արքայական տնէ ըլլայ։ Աբգար ի Հռոմ հայերէն տպարան մը հաստատեց, ուր 1567ին նախ Սաղմոս եւ վերջէն ուրիշ գործեր տպագրուեցան։ Պիոս Ե. այս հայոց պարգեւեց Ս. Մարիամ Եգիպտացւոյ եկեղեցին, վանատունը եւ դրակից շէնքերը. եւ Գրիգոր ԺԳ. կ'ուզէր հայոց վարժարան մը հաստատել. բայց մահն խափանեց։ Ուրբանոս Ը. էն սկսեալ հայ կղերացուներն Հաւատոյ տարածման (Propagand a) վարժարանը դրուեցան։ Նաեւ ԺԷ. դարուն բազմաթիւ կաթողիկոսներ հպատակութեան թուղթ գրեցին Հռոմ. սակայն այս ամենայն հետեւութիւն մը չունեցաւ։ Բայց միեւնոյն ժամանակ, երբ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնարկութեամբը միացեալ հայոց հասարակութիւնն այսպէս սաստիկ աճում ունեցաւ, նաեւ Հռոմայ հետ իրապէս միութեան մէջ եղող կաթողիկոսութիւն մը հաստատուեցաւ։ Աբրահամ, 1710էն ի վեր կաթողիկեայ - հայ եպիսկոպոսն Բերիոյ, Լիբանանու վրայ Քերեմի վանքն հաստատեց` Ս. Անտոնի կանոններով։ 1740ին իրեններէն Սսոյ պատրիարք ընտրուեցաւ. (Հռոմ պաշտօնապէս միայն «պատրիարք տիտղոս կը գործածէ. իսկ չմիացեալ հայերն կաթողիկոսին երկրորդաբար նաեւ «պատրիարք » անունը կուտան, եւ այս անունը կը գործածեն նաեւ երկրորդ աստիճանի բարձրաստիճան եկեղեցականին ), եւ 1742ին Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետէն Պալլիում ընդունեցաւ։ Եւ որովհետեւ Աբրահամ Կիլիկիոյ մէջ Սսոյ չմիացեալ կաթողիկոսին հետ միասին կենալ չէր կրնար, աթոռը Լիբանան փոխադրեց. եւ հոն 1749ին վախճանեցաւ։ Ինքն եւ իւր յաջորդները իրենց անուան քով Գլխաւոր Առաքելոյն անունն ալ առին»։
      
       Ա . - Ըստ Փափազեանի, իբրեւ թէ 1737ին կը մեռնի Միքայէլ Կաթողիկոս (Միքայէլ Ա. Աջապահեան ) եւ Ասորիքի, (=Սիւրիոյ ) ուղղափառ (կաթոլիկ ըսել կ'ուզէ ) ժողովուրդը կը միանան եւ իրենց համար ուրոյն պատրիարք կ'ընտրեն Արծիւեանը, եւ սա՛ Հռոմ կ'երթայ 1740ին իր ընտրութիւնը հաստատել տալու։
       Պատմական երկու խոշոր սխալ ըրած է Փափազեան։ Առաջինը այն է որ 1737 Յուլիսի մէջ մեռնողն է Աջապահեան Ղուկաս Կթղս. որուն անմիջապէս յաջորդեց Միքայէլ Ա ., եւ կաթողիկոսութիւնը վարեց մինչեւ 1758։ Երկրոդ սխալը այն է որ Կիլիկիոյ Աթոռը Աջապահեանց ձեռքն էր, հետեւաբար ոչ-Աջապահեան մը չէր կրնար Կաթոլիկները ի՛նչ խելքով եւ որո՞վ իրաւամբ ձեռք պիտի երկնցնէին մինչեւ Սիս։ Ասիկա խեղաթիւրումն է պատմութեան, Արծիւեանի ոտքին ներքեւ պատմական պատուանդան մը դնելու դիտումով։
      
       Բ . - Ըստ Ըստկարեանի` 1740-ին կը մեռնի Ղուկաս Կթղս. (Աջապահեան ), եւ «քանի մը եպիսկոպոս` Բերիայի Աբրահամ ուղղափառ (կաթոլիկ ) եպիսկոպոսն իրեն յաջորդ » կ'ընտրեն։ Աբրահամ անմիջապէս Հռոմ կ'երթայ եւ Բենեդիկտոս ԺԳ. էն հաստատութեան կոնդակ եւ պալլիում ընդունելով (1742 դեկտմ . 8) կ' անուանուի Կիլիկիայի Հայոց Պատրիարք։ Եւ որովհետեւ նոյն միջոցին Սսոյ մէջ Ղուկաս Կաթողիկոսի տեղ անոր եղբայրը Միքայէլ ընտրուեր է, Աբրահամ, Հռոմէ վերադարձին, կաթողիկոսական Աթոռը գրաւուած գտնելով, ստիպուեր է քաշուիլ Լիբանան եւ հոն հաստատել իր Աթոռը։
       Ըստկարեան աչքի առջեւ ունի Փափազեանի պատմածը, եւ անոր վրայ կ'աւելցնէ խեղաթիւրում մը, իբրեւ թէ Արծիւեան Սիսի Աթոռին համար հաստատուած ըլլար Բենեդիկտոս ԺԳ. էն։
      
       Գ . - Իսկ ըստ Պալճեանի, ԺԸ. դարու առաջին կիսուն ողջամիտ (=կաթոլիկ ) եպիսկոպոսներէն կաթողիկոս կ'ընտրուի Աբրահամ Բերիացին։ Սա անյապաղ Հռոմ կը դիմէ, կը հաստատուի Բենեդիկտոս ԺԳ. էն կոնդակով եւ պալլիոնով։ Եւ այսպէս` իմաստուն քահանայապետը յանձին Արծիւեանի եւ անոր յաջորդներուն կը հաստատէ «հայոց կաթողիկէ պատրիարքութիւնը », անուանելով զայն «պատրիարք եւ կաթողիկոս Կիլիկիոյ եւ Փոքուն Ասիոյ»։
       Բայց «Սսոյ հերձուածողական առաջնորդներն եւ ժողովականները զայրանալով կը մերժեն ուղղահաւատ (կաթոլիկ ) կաթողիկոսը□ եւ անոր տեղը Միքայէլ Սսեցին կաթողիկոս » կը դնեն։
       Աբրահամ Հռոմէն դառնալով` իր աթոռը կը հաստատէ Լիբանան, «թշնամեաց հալածանքէն ապահով ըլլալու համար, եւ հո՛ն կաթողիկոսական իշխանութիւնը կը վարէ ուղղափառաց (կաթոլիկներու ) վրայ։
       Պալճեան եւս, աչքի առջեւ ունենալով Փափազեանն ու Ըստկարեանը, կը լրացնէ անոնց սխալներն եւ խեղաթիւրումները։
       Ակներեւ է որ հայ կաթոլիկ պատրիարքութեան ծագումը տեղի տուած է մասամբ հակասական, մասամբ ոչ-պատմական, եւ յընդհանուրն տարտամ, անկապակից եւ խեղաթիւր պատմածներու, պարզապէս Արծիւեանի Աթոռին հայացի, պատմական ազգային պատուանդան մը հայթայթելու դիտումով։
       Հայ կաթոլիկ պատմագիրներու այս աճպարարութիւնը ինքնին կը հերքուի նոյն ինքն Արծիւեանի կրկնօրինակ կենսագրութիւններով, որ ինչպէս դիտել տուինք վերեւ, ակնարկութիւն մը իսկ չունի իր պատրիարքութեան ծագումը Սիսի Աթոռին կապելու դիտումով։
       Արծիւեան շատ հալածուեցաւ իր կաթոլիկ գործունէութեան համար։ Կոլոտ Յովհաննէս Պատրիարք նեղը դրաւ զայն եւ պետական ուժով աքսորել տուաւ։ Բայց Արծիւեան մոլեռանդ կաթոլիկ, չընկրկեցաւ, ծպտելով շարունակ տեղ փոխեց, եւ վերջապէս յաջողեցաւ հասնիլ իր նպատակին` նետուելով Ս. Քահանայապետին գիրկը։
       Արծիւեան գիտէր որ Աջապահեանք սուլթանական հրովարտակով իրենց տոհմին ժառանգական իրաւունք ըրած էին Կիլիկիոյ Աթոռին գահակալութիւնը։ Ան գիտէր որ վերջ տրուած էր կաշառքով կամ ասոր անոր պաշտպանութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Աթոռին գրաւման։ Վերջապէս Արծիւեան յիմար մը չէր որ այնքան հալածանքներէն յետոյ, որոնց ենթարկուեցաւ Կ. Պոլսի Պատրիարքարանին միջոցաւ, թեկնածէր Սիսի Աթոռին։
       Փափազեան եւ իրեն հետեւող պատմիչներ պէտք չէր այսպիսի յիմարութեան մը դատակնիքը զարնէին Արծիւեանի ճակտին։
       Արծիւեան աշխատեցաւ հայ կաթոլիկ նուիրապետութիւն մը ստեղծել, եւ յաջողեցաւ շնորհիւ Հռոմի թեւարկութեան։ Ահա՛ պատմական բոլոր իրողութիւնը։
      
       Հայ կաթոլիկ նուիրապետութեան ծագումը այսպէս իր պատմական գիծերուն մէջ պարզելէ յետոյ, տեսնենք նոյն ինքն Արծիւեանի գրչէն ելած իր ինքնակենսագրական պատմութիւնը, որ ինչպէս կանխեցինք դիտել տալ երկու խմբագրութիւն ունի, երկուքն ալ իր գրչէն։
       Ասոնց առաջինին պատճենը հայթայթեց մեզ Զմմառի մատենադարանէն, Հ. Գրիգոր Ծ. Վ. Աշըգեան։
       Իսկ երկրորդը մենք ընդօրինակեցինք Հ. Մեսրոպ Վրդ. Քէշիշեանի ` Զմմառի Ձեռագրաց ցուցակէն։ Այս կենսագրութեան բնագիրը, որ կիսատ մնացած է, կը գտնուի Թիւ 321 Ձեռ. Մաշտոցին մէջ (հին թիւը` 28)։
      
       ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԾԻՒԵԱՆԻ
       (Ինքնակենսագրութիւն Արծիւեան Աբրահամ Պետրոս Ա. կաթողիկոսի կաթողիկէ հայոց։- Օրինակուեցաւ Զմմառու հին Ձեռագիրներուն 28 թիւէն , որ է Մաշթոց Կթղկս. Եպս. Թագաւոր օծէքի եւ այլն)։
      
       Ամի Տեառն 1679 յԱպրիլ ամսոյն ի քաղաքն Այնթապ. ի մանկութեան գիտացի զսուրբ հաւատն. երկոտասանամեայ առի զչորս փոքր աստիճանս ի յԱնդէպ ի Տէր Պօղոս եպիսկոպոսէն, գնացի ի Մէրտին քաղաք գաղտ առ Մելքոն Եպիսկոպոսն, եւ կրթեցայ Աստուծով ըստ կարեաց` զոր կար ես ունէի, եւ յետ վեց ամաց դարձայ առ հայրենիս Ե. (=5) ամ, եւ Գ. (=3) անգամ ետուն զիս ի ձեռս բռնաւորաց վասն Սրբոյ հաւատոյ, եւ թէ գնաց ֆրանկի մօտ ուսաւ զգիտութիւն, եւ ծնողքն իմ ոչ կամէին գնալն ի քաղաքէն, զի միածին էի, եւ խօսեցեալ ընդ կուսի` ոչ իմով կամաւ, այլ ծնողաց իմոց. եւ իբրեւ ոչ կարացի հաճեցուցանել զնոսա, հնարեցայ եւ գաղտ փախեայ ի քաղաքն Գերմանիկ, եւ անտի ի քաղաքն Սիս։ Իսկ Պետրոս կաթողիկոսն յոյժ սիրով ընկալաւ եւ արար զիս իւր գրագիր, գանձապահ եւ խորհրդակից, եւ ետ ինձ կիսասարկաւագութիւն, եւ ձեռնադրեաց Աւագ Սարկաւագ եւ յետ սուղ ժամանակի քահանայ ձեռնադրեաց եւ Աբեղայ. եւ մասնաւոր իշխանութիւն, եւ կոչեաց վարդապետ (1706) ի Սիս քաղաքի, հաճութեամբ աթոռակալ քահանայից, եւ շրջէի յամենայն տեղիս, եւ քարոզէի զսուրբ հաւատն Հռոմէական։ Դէպ եղեւ հասայ ի Հալապ քաղաք, ընդ Պետրոս կաթողիկոսի. յետ բազում քարոզի եւ խրատաբանութեան խնդրեցին զիս քահանայիւք եւ ժողովրդովք ի Պետրոս կաթողիկոսէն լինել եպիսկոպոս ի վերայ մայր քաղաքին Բերիոյ։ Իսկ հաճութեամբ եւ ընտրութմբ. հասարակաց ձեռնադրեաց զիս նոյն Պետրոս Կթղկսն. Արքեպիսկոպոս ի մէջ Քառասունք եկեղեցւոյ մեծաւ հանդիսիւ ի վերայ Բերիոյ, եւ ինքն գնաց, եւ ես մնացի ի վիճակն իմ զոր ընկալայ. եւ յետ երկուց ամաց բազում աշխատանաց աճեցաւ սուրբ հաւատն եւ յոյժ յայտնի եղեւ բազմաց։ Լուեալ Պատրիարքունք Հայոց` նախ զՊետրոս Կթղկսն. աքսորեցին ի Պարսիկս, եւ ապա զիս բանադրեցին, եւ հանին ի Հալապու մեծաւ նախատանօք եւ բազում զրպարտութեամբ, որոց մին` թէ զսատանայ ամուսնացոյց` եւ ծնոյց նմա եօթն դստերս, զվեցն հարսնացոյց եւ զմին արար բոզ, եւ եդ ի պանդոկի, եւ իբրեւ լուաւ զայս բռնաւորն` ոչինչ գիտաց. ես մեկնեցի նմա ներ ատենի, յոյժ հաճեցաւ, սակայն բարկացեալ Փաշայն եւ եդ զիս եւ զնոքա ի բանդի. եւ յետոյ զիս աքսորեաց ի քաղաքէն, եւ շրջեցայ քարոզելով. հասի առ Յովհաննէս կաթողիկոսն, եւ առի կոնդակ ի նմանէ հաճութեան եւ օրհնութեան, եւ գնացի յերկիրն Կապադովկայ, Կեսարիա եւ յամենայն սահմանս նորա, եւ Աստուծով որսացի մեծ ձուկ մի, որ կոչի Խօճա Ուղուրլի, եւ անտի ի Գաղատիա, եւ ոչ եթող զիս քարոզել Կարապետ եպիսկոպոս քաղաքին, զի լցեալ էր փքով նախանձու եւ տգիտութեան։ Չուեցի ի Կոստանդինուպոլիս` առ Սահակ պատրիարքն , տուաւ ինձ հրաման քարոզելոյ, մնացի անդ` մինչ որ մազուլ եղեւ Սահակն, եւ նստաւ Կէնճեցի Յովհաննէս գինեմոլ Պատրիարքն, եւ ես գնացի ի Սեւ Ծովն, ի արքն, եւ ես գնացի ի Սեւ Ծովն, ի Պոնտոս քաղաք, եւ չորս ամ աւելի քարոզեցի անդ, Ած. ետ ամենից զհոգին գիտութեան սրբոյ հաւատոյ, եւ եղեն որդիք եկեղեցւոյ, քահանայք եւ ժողովուրդք, եւ եկն ֆէրման ի թագաւորէն, եւ եդին զիս ի գուբն արեան , եւ հանեալ անտի յատեան թագաւորի տարան, եւ առանց քննութեան եւ դատաստանի մեզ վճիռ հատին գնալ ի Քիւրէկ, եղեւ յոյժ սաստիկ ֆէրման, ընդ իս էին յԷրզրում քաղաքէն երեք քրիստոնեայք Մղտեսի Յովհաննէս (զոր ) Եէտի Վէրան կոչեն . Թէլպիզ Կարապետն եւ Ղունտախճի Մղտեսի Կիրակոսն եւ Փիլիպպոսն, եւս եւ Թերսխանան կային չորս վարդապետք, Մելքոն Ածաբան եպիսկոպոսն Մէրտինոյ քաղաքին, որ էր ուսուցիչն իմ. եւ Իզնիմիտցի Յովհան վարդապետն` որ է դպրատան որդի, Յովսէփ վարդապետն Պէշիքթաշցին, եւ Ածատուր վարդապետն Աճէմիստանցի. իսկ Սարգիս Վրդպն. եւ Երեմիա Վրդպն. ուրացեալք էին զսբ. հաւատն։
       Իսկ թագաւորն եւ վէզիրն գնացեալք յերկիրն Մօռա, եւ մեծաւ յաղթութեամբ դարձան եւ եկին եւ բերին 16, 000 գերիք, այնպիսի տառապանօք որ ոչ կարեմ պատմել, եւ երեսուն երեք Յոյն քահանայք եւ երկու Պատրիք Գափուջին, մին քահանայ եւ մին կրօնաւոր հայ ի մեր ազգէն վերապատուելի Մխիթար Աբբահօրն միաբանք որ այժմ ի Վենետիկ կան ի վանքն սրբոյն Ղազարու, եւ լոյս տան ազգիս մերոյ։ Յամի Տն. 17 ։
      
       (Դիւան Զմմառու Թիւ 270, Հռոմ Պալլիումի առթիւ Բենդիկտոս ԺԴ. Ս. Քահանայապետին ներկայացուած Արծիւեան Աբրահամ Կաթողիկոսի ինքնակենսագրութեան օրինակն է. -)
      
       Ամին 1679 ծնայ, 8 ամեայ էի ուսայ զՍբ. հաւատն. կրթեցայ գիտութեամբ Հայոց 12 տարի. առի Պօղոս եպիսկոպոսէն զփոքր աստիճանքն. գնացի ի Մէրտին առ Մելքոն եպիսկոպոսն, որ ուսեալ էր ի դպրատան սբ. ժողովոյն, կրթեցայ ի նմանէ 6 ամ. դարձայ ի հայրենական քաղաքն իմ. 3 անգամ մատնեցին զիս բռնաւորաց վասն սրբոյ հաւատոյ. փախեայ ի Սիս առ Պետրոս Կաթողիկոսն, Փոքր Հայաստան` որ է աթոռ Հայոց, եւ յետ երկուց ամաց օրնեցայ ի նմանէ եւ առի զսբ. աստիճան կիսասարկաւագի, եւ ապա ձեռնադրեցայ աւագ սարկաւագ, եւ յետ վեց ամսոյ օրհնեցայ քահանայ Սբ. Ածածնայ եկեղեցին. յամի 1706 առի գաւազան վարդապետական, շրջէի յամենայն տեղիս, եւ քարոզէի զսուրբ հաւատն Հռոմէական, հասայ ի Հալապ, երկու ամ քարոզեցի, եւ բազմացան Հաւատացեալք եւ խնդրեցին զանարժանս լինել արքեպիսկոպոս Հալապու եւ շրջակայ գաւառաց նորին, նոյն Պետրոս կաթողիկոսն ձեռնադրեաց զիս Արքեպիսկոպոս ի մէջ Քառասուն մանկունք եկեղեցւոյն մեծաւ հանդիսիւ, բազմաց եպիսկոպոսաց ներկայութեամբ, յամի Տեառն 1710։ Յետ երկուց ամաց իբրեւ լուաւ Պատրիարքն Կոստանդինոյ, առեալ հրաման ի թագաւորէն տաճկաց եւ աքսորեաց զիս ի Պոնտոս ի գուբն արեան եւ կացեալ անդ երկու ամ եւ օգնութեամբ ժողովրդոց ազատեցայ, եւ շնորհիւն Աստուծոյ Դ. եկեցեցիք ի Պոնտոս եղեն ուղղափառք. կրկին լուաւ Պատրիարքն Ստամպօլու, յոյժ բորբոքեցաւ, եւ առեալ հրովարտակ ի թագաւորէն զինուորօք` առաքեաց ի Պօնտոս, եւ կապանօք տարան զիս առ Կոստանդինուպօլիս, եւ եդին ի Տաշ Կէմին, ընդ Մելքոն եպիսկոպոսին եւ ընդ այլ վարդապետաց, բայց Սարգիս վարդապետն եւ Երեմիա վարդապետն տաճկացան եւ այլքն մեռան է Գալէրան, միայն ես եւ Յոհան վարդապետն Իզնիմիթոյ` որ է որդի դպրատան Սրբոյ ժողովոյն եւ առաքեալ յԱռաքելական աթոռոյն` ազատեցաք Աստուծով, եւ ելեալ քարոզելով ի Պարսիկս, ի մեծն Հայաստան հասի ի Տիգրանակերտ եւ յԱսորեստան եւ յԵդեսիա, եւ անդ տեսի Տօն Անդրէան, առաքեցեալ ի Սբ. ժողովոյն, որ այժմ է թարգմանիչ Սբոյ ժողովոյն, ես լռեմ, նա պատմեսցէ Սրբութեանդ զոր ինչ ետես եւ լուաւ ամին 1719, եւ անդ եւս եդին զիս ի ամրոցն. զերծեալ չուեցի ի Բերիա վիճակն իմ, երկու ամ քարոզ եւ խրատ ասացի. երկու եկեղեցիքն ամենայն քահանայիւք եղեն ուղղափառք, եւ իբրեւ լուաւ Պատրիարքն Երուսաղեմայ եւ Պատրիարքն Ստամպօլայ , յոյժ ջատագովք եղեն եւ մաքառեցան ընդ սրբոյ հաւատոյ, եւ սաստիկ հրովարտակ հանեցին Եաշմէտ (Ահմէտ) թագաւորէն, աքսորեցին զիս ի Կանանց Կղզին (Ավրատ Ատասը, Րուատ ) եւ եդին ներ ամրոցի, եւ դարձուցին եկեղեցիքն ի հերետիկոսութիւն, որպէս էրն։ Եւ յետ երկուց ամաց հաւատացեալք կամեցան զիս ազատել, եւ իբրեւ լուան Պատրիարքունքն` ասեն կամիմք ազատել, հանեցին ֆէրման ազատութեան ի Կանանց Կղզւոյն եւ արգելանիլ ի Սուրբ Երուսաղէմ մինչեւ ի մահ, ոչ այլ երկիր գնալ եւ ոչ քարոզ ասել. եւ իբրեւ ելի եւ ազատեցայ ի Կանանց Կղզւոյն փախեայ հանդերձ աշակերտօքս ի լեառն Լիբանան, յոյժ սիրով ընկալան զիս խազն ի մշայեխներն, տուին մեզ տեղի շինեցաք վանք աստուծով յանուն Յիսուսի Փրկչին բազում աշխատանօք. եւ ժողովեցան բազում եղբարք Հայոց եւ վարին Սուրբ Անտոնի կրօնիւք, քսան ամ է ի լեառն կեամ այսու շինութեամբ, եւ յաքսոր. լռեմ ես, սակայն Մօնսինեօռ Եուսուֆ Սամաանին ճառեսցէ Սրբութեանդ զոր ինչ ետես եւ լուաւ, զի այր հաւատարիմ է. զի եկն յարեւելս առաքեալ ի Սուրբ Աթոռոյն, լուսաւորեաց զամենեսեան վարդապետութեամբ եւ բարի օրինակաւ, մանաւանդ զազգն Մառոնոց։ Եկն առ մեզ երեք անգամ այց արար. իսկ այժմ յամի 1739 բազմութիւնք ուղղափառաց քահանայից եւ ժողովրդոց եւ բազում քաղաքաց վասն իմ ֆէրման հանեցին ի թագաւորէն, եւ ընտրեցին Պատրիարք ի Փոքր Հայաստան` որ է Կիլիկիա, Արաբիա եւ Ասորեստան, նախ ես չյօժարեցայ վասն տկարութեանս, բայց վասն փառացն Աստուծոյ եւ օգտի հասարակաց եւ պայծառութեան սրբոյ հաւատոյ հաճեցայ եւ իջի ի լեռնէն ի Հալէպ, մնացի մօտ երեք տարի, առանք եկեղեցին Սուրբ Աստուածածնի ի հերետիկոսաց, օրհնեցի Ծղ. (56) տիրացու մեծ եւ փոքր, եւ եօթն քահանայք եւ երեք եպիսկոպոսք, եւ կարգաւորեցաւ եկեղեցին Աստուծով. եւ ժողովեցան Յակոբ եպիսկոպոսն Բերիոյ, Մելքոն (Մարգար ) եպիսկոպոսն Մէրտինոյ, Սահակ եպիսկոպոսն Քիլիսոյ, հաճութեամբ ընտրութեամբ եպիսկոպոսաց քահանայից եւ ժողովրդոց, ձեռնադրեցին եւ օծեցին զանարժանս Պատրիարք ի վերայ Հայոց ուղղափառաց որք ցրուեալք կան ընդ ամենայն երկիր. ուստի եւ աշխատանօք բազմաւ եկի յայց առնել զսեամս սրբոց Առաքելոց Պետրոսի եւ Պօղոսի, եւ գործովք տալ յայտնապէս հնազանդութիւն Սրբոյ Առաքելական Աթոռոյն։ Իսկ այժմ միայն խնդրեմ զօրհնութիւն, եւ այլն ըստ հաճութեան եւ ըստ կամաց Սրբութեանդ ենթարկեմ. եւ մնամ հնազանդ աղօթող ծառայ Ամենասրբութեանդ մինչ ի մահ
       ԱԲՐԱՀԱՄ ՊԵՏՐՈՍ Ա.
       Պատրիարք Հայոց Ուղղափառաց
      
       Առաջին ինքնակենսագրութիւնը, որ ընդհատ մնացած է դժբախտաբար, թերեւս աւելի տեղեկութիւններ պիտի բովանդակէր Արծիւեանի կաթողիկոսութեան մասին։
       Իսկ երկրորդը, որ աւելի խնամքով ամփոփուած է, կրնայ կատարեալ համարուիլ , որովհետեւ պաշտօնական հանգամանք ունի եւ Ս. Քահայապետին ներկայացնելու համար գրուած է։
       Արդ, Արծիւեան իր մանկութենէն մինչեւ 1739 թուականը իր կեանքն ու գործունէութիւնը նկարագրելէ յետոյ, կ'ըսէ.
      
       -«Իսկ այժմ, յամի 1739, բազմաթիւնք ուղղափառաց (=կաթոլիկ ) քահանայից եւ ժողովրդոց եւ բազում քաղաքաց վասն իմ ֆէրման հանեցին ի թագաւորէն, եւ ընտրեցին պատրիարք ի փոքր Հայաստան, որ է Կիլիկիա, Արաբիա եւ Ասորեստան. նախ ես զյօժարեցայ վասն տկարութեանս, բայց վասն փառացն Աստուծոյ եւ օգտի հասարակաց եւ պայծառութեան սրբոյ հաւատոյ (= Կաթոլիկութեան ) հաճեցայ, եւ իջի ի լեռնէն ի Հալէպ, մնացի մօտ երեք տարի□□եւ ժողովեցան Յակոբ Եպիսկոպոսն Բերիոյ, Մելքոն Եպիսկոպոսն Մէրտինոյ, Սահակ Եպիսկոպոսն Քիլիսոյ, հաճութեամբ ընտրութեամբ Եպիսկոպոսաց քահանայից եւ ժողովրդոց ձեռնադրեցին եւ օծեցին զանարժանս Պատրիարք ի վերայ հայոց ուղափառաց (=կաթոլիկաց ) որք ցրուեալք կան ընդ ամենայն երկիր»։
      
       Արծիւեանի այս գրաւոր եւ պաշտօնական յայտարարութեան մէջ չկայ Կիլիկիոյ պատմական աթոռին ոեւէ ակնարկութիւն եւ թեկնածութիւն։ Փոքր Հայաստան (=Կիլիկիա ), Արաբիա եւ Ասորեստան, ընդհանուր յիշատակութիւններ են, որոնք աւելի ճշդաբանութեամբ ամփոփուած են վերջին խօսքերով թէ զինք Հալէպի մէջ Պատրիարք ձեռնադրեցին Բերիոյ, Մէրտինի եւ Քիլիսի կաթոլիկ եպիսկոպոսներ, կաթոլիկ եկեղեցականներու եւ ժողովրդոց հաճութեամբ, այն ուղղափառ (կաթոլիկ ) Հայոց վրայ, «որք ցրուեալ կան ընդ ամենայն երկիր»։
       Փափազեան-Ըստկարեան-Պալճեան պատմիչներու ակնարկութիւններն ու խեղաթիւրումները ինքնին կը ջրուին Արծիւեանի այս յայտարարութեամբ։ Այս բոլորէն անկախ են Հ. Գէլցէրի գրածները։
       Գերման գիտնականը հայոց Հռոմի հետ ունեցած դարաւոր յարաբերութեան բուն նկարագիրը ներկայացնելէ յետոյ, կաթոլիկութեան հայոց մէջ աճումը կը վերագրէ Մխիթարեանց գործունէութեան, եւ ասոր հետեւանքով, կ'ըսէ. «Նաեւ Հռոմայ հետ իրապէս միութեան մէջ եղող կաթողիկոսութիւն մը հաստատուեցաւ»։
       Արծիւեան Լիբանան, Զմմառ հաստատեց իր աթոռը, որ յետոյ փոխադրուեցաւ Կ. Պոլիս, իսկ թրքական յեղափոխութեան հետեւանքով եւ Հռոմէն պարտադրուած եւ ուժաւորուած ծրագրով փոխադրուեցաւ Պերութ, եւ վերջապէս հաստատուեցաւ Էշրէֆիէ արուարձանին բարձանց վրայ Ս. Քահանայապետի կողմէն կառուցուած նորաշէն պատրիարքարանի մէջ 1934 ին։