Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Տէր Յուսիկ քահանայ, ըստ ճիւղահամարի Աջապահեանց, Ըրդ է, 82 տարի ապրած է եւ քահանայագործած՝ 53 տարի։ Տէր Յուսիկ հայր եղած է ութը զաւակներու, որոնց երեքը Ղուկաս, Միքայէլ եւ Գաբրիէլ, հետզհետէ կաթողիկոս եղան։
       Միւսներն են՝ Մարկոս, որ քահանայացաւ. Յօհան, Ղուկաս (երկրորդ) Մատթէոս, Եզեկիէլ՝ աշխարհական մնացին։ Ղուկաս եւ Եզեկիէլ մեռան մանուկ հասակի մէջ։ Յօհան դպիր էր «յոյժ երաժիշտ, ձայնաւոր ». իսկ Մատթէոս դպիր էր «յոյժ կորովամիտ եւ քաջաբան»։
       Յուսիկ քահանայ, Եփրեմ Ա. ի կողմէն կը նկարագրուի յոյժ առաքինի, հեզ, խոնարհ եւ սաղմոսերգու։
       Մեծ խնամք տարած է իր զաւակներու կրթութեան եւ դաստիրակութեան, որոնք իրենց ուսումը առած են Աթոռի դպրոցին մէջ, որ նուիրուած էր Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացւոյն անուան եւ կը կոչուէր Համալսարան։
       Սիս եւ Համալսարան. տարօրինակ պիտի թուի մեզի միջնադարեան բերդի մը ստորոտը ապաւինած Մայրավանքի մը մէջ Համալսարանի մը գոյութիւնը. Համալսարան որուն այսօրուան կազմակերպութիւնը եւ նշանակութիւնը գիտենք։
       Եփրեմ Ա. ի կիսկատար պատմութեան մէջ է որ կը հանդիպինք Համալսարան բառին, դպրոցի իմաստով պարզապէս ։
       Ղուկաս իր ուսումը առաւ այս դպրոցին մէջ։ Շատ ուշիմ եւ վաղհաս իմացականութեան տէր պատանի մը եղած է եւ անշուշտ շատ բան տպաւորուած է իր մանկական մտքին վրայ, երբ իր քահանայ հօր Տէր Յուսիկի ծունկերուն վրայ մտիկ կ'ընէր Կիլիկիոյ մարած փառքերուն եւ անշքացեալ կաթողիկոսութեան պատմութիւններն ու նկարագրութիւնները։
       Այնպէս որ Ղուկաս, երբ դեռ մանուկ, իր ծնողաց կողմէն կը բերուի Կեսարացի Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսին, որպէս զի օրհնէ ուշիմ մանուկը, կաթողիկոսը խանդաղատանքով կը գրկէ զայն եւ կ'ուզէ խօսիլ անոր հետ, եւ կը հարցնէ, Տղա՛ս, դուն երբ մեծնաս, վարդապե՞տ պիտի ըլլաս թէ աշխարհական։
       -Ո՛չ վարդապետ, ո՛չ ալ աշխարհական, կաթողիկոս պիտի ըլլամ, կը պատասխանէ փոքրիկն Ղուկաս։
       Կեսարացին կը յարէ.
       -Այո՛, տղաս , պիտի ըլլաս, բայց ոչ թէ ինձմէ յետոյ, այլ իմ յաջորդէս ետքը։
       Երբ Ղուկաս զարգացաւ հասակով եւ իմաստութեամբ, կ'ըսէ Եփրեմ Ա ., կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ, յետոյ՝ եպիսկոպոս, եւ առաջնորդ ղրկուեցաւ Հալէպ , հակառակ իր շատ երիտասարդ տարիքին, որովհետեւ հասունցած մարդու առաւելութիւններով օժտուած էր ի բնէ. - հասակով առոյգ, տեսքով գեղեցիկ, ձայնը առիւծորոտ, մտքով կորովի «եւ լի իմաստիւք հոգւոյն»։
       Հէքիմ օղլու Ալի փաշայի պատմութեան մէջ տեսանք թէ, ըստ Ինճիճեանի, Աջապահեան Տէր Յուսիկ Քահանայն - Ղուկասու հայրն է որ կ'երթայ Կ. Պոլիս Սսոյ Վանքին նորոգութեան եւ կաթողիկոսութեան Աջապահ Տոհմին սեպհականացնելուն մենաշնորհին հրովարտակները ստանալու։
       Մինչ, Եփրեմ Ա. Կաթողիկոս կ'ըսէ թէ նոյն ինքն Ղուկաս գնաց Կ. Պոլիս, ուր Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի (1715-†1741) աջակցութեամբ առաւ արքունի հրովարտակը։ Այս է ստոյգ պատմութիւնը. որովհետեւ Անկիւրիոյ Կարմիր Վանքի Թիւ 115 Ձեռագրին մէջ ժամանակակից մը արձանագրած է.
       -«ՌՃՁԱ (=1732) ամին, Սպտմբրի ԺԱ (=11) օրն ԲՇ. ի, եկն ի սբ վանս Ղուկաս անուն ոմն Վարդապետ, յազգէն Սըսա Աջպաններուն։ Տէր Յուսկա որդին է այս Ղուկաս Վարդապետս։ Երեք եղբարք են սոքա. մեծին անունն Աջպան Տէր Արիստակէս. միջակ եղբայրն Տէր Յուսիկ, որ է Հայր Ղուկաս (Վարդապետին ), եւ փոքր եղբայրն Տէր Սուքիաս։
      
       Այս Ղուկաս Վարդապետ գնաց յըստամպօլ, Սըսա կաթողիկոսութեան Պերաթն արար ի վերայ ինքեան։ Եկն ի սբ Վանս (=Ս. Ածածին. Անկիւրիոյ ) եւ ապա գնաց յերկիրն իւր»։
       Այս յիշատակագրութենէն Ղուկասու Կ. Պոլիս երթեւեկի թուականն ալ կը ճշդուի (1732 Սպտմ . ) այնպէս որ Կ. Պոլիս կը մնայ մինչեւ 1733ի ամառը եւ կը վերադառնայ Կիլիկիա, եւ որովհետեւ Սսեցիներուն հետ Ս. Աթոռի Միաբանութիւնն ալ հովոց ելած էր Վահկա, որ սկիզբէն ամարանոց եղած է Աթոռին, Վեհարանով, եկեղեցիով եւ պարտուպատշաճ յարմարութիւններով, Ղուկաս Եպիսկոպոս կ'երթայ ուղղակի Վահկա։
       Յովհաննէս Զ. (=Տէր Ադամ ) հովոց գացած էր Հաճըն, իր ծննդավայրը, նա ալ կը հրաւիրուի Վահկայ եւ հոն կը կատարուի Ղուկասի կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը, նոյն ինքն Տէր Ադամի ձեռքով։ Ամռան տօթագին օրերը անցընելէ յետոյ Վահկայ, կը վերադառնան Սիս։
       Ղուկաս Կաթողիկոս իր ձեռնադրութեան ատեն 21-22 տարեկան, եւ իր կաթողիկոսութեան առաջին տարին իսկ ձեռնարկեց Սսոյ Մայրավանքին նորոգութեան եւ գրեթէ շէնցուց զայն ։ Վեհարան, Միաբանութեան Թաղ, եւն ., իսկ Աթոռանիստ Ս. Ածածին Եկեղեցին հիմնովին կը նորոգէ եւ անոր խորանները կը շինէ «ի պատիւ Սրբոյ Երրորդութեանն կամարակապ յօրինուածովք»։
       Երիտասարդ կաթողիկոսը չափազանց կորով կ'սպառէ Աթոռին վերաշինութեան գործին մէջ, եւ չի կրնար լիովին գործադրել իր ծրագիրը։
       Իրեն Միքայէլ եղբայրը վարդապետ կը ձեռնադրէ, եւ կը վախճանի 1737 Յուլիս 23, Շբ. օր , Վարդավառէն յետոյ, Թադէոս առաքելոյ տօնին, եւ կը թաղուի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ձախ կողմը, Ս. Աննա խորանին առջեւ։
       Վիկտոր Լանկլուա հետեւեալ կերպով կարդացած է Ղուկաս կաթողիկոսի գերեզմանին տապանագիրը.
       -Այս է տապան Հայոց Սրբազանի
       Կիլիկեցի Վեհապետ
       Տէր Ղուկաս Կաթողիկոսին
       որ եւ հանգեաւ մեծ թվին
       ՌՃՁԶ ամսեան.. օր Շաբաթու» (Տես Սիսուան, էջ 216)։
      
       Երեւանցի Սիմէոն կաթողիկոս որ շատ դժկամակ է եւ խծբծող Կ. Պոլիսի պատրիարքարանին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն գործերը, անհաւատալի բաներ մը արձանագրած է իր Ջամբռին մէջ (Գլ. ԺԲ. էջ 98-99) Ղուկաս եւ Միքայէլ կաթողիկոսներու մասին, այսպէս. - «որպէս ի մերում ժամանակս Ղուկասն ընկեցեալ ի Հաճին գեօղն նստէր, եւ Միքայէլն ի Սիս. Ղուկասն զշատս ձեռնադրէր քան զՄիքայէլն միոյ հօխայ Ղահֆէի, եւ այլովք այսպիսեօք։ Իգնատիոս աբեղայի միոյ զէշն առեալ ձեռնադրեաց զինք եպիսկոպոս. ի միւս օրն ձեռնադրեցեալն զէշն իւր առեալ փախեաւ։ Նմանապէս եւ եպիսկոպոսունքն յաճեալ ի վիճակս որոյ եւ իցէ՝ շրջեալ ի տանէ ի տուն, ի ծակէ ի ծակ, ձեռնադրեն զքահանայս եւ զայլս աստիճանաւորս չգիտելով զինչ լինելն։ Եւ վարդապետքն՝ որք չեւ են ժամանեալ ի Ի (=20) ամս, ընդ աբեղայութեանն առնուն եւ զծայրագոյն գաւազան , յորս գրէ՛ թէ ոչ գտանի Աբեղայ եւ կամ մասնաւոր վարդապետ, այլ որք ենն՝ են ի Ծայրագոյն աստիճանի»։
       Ճշմարտութիւն կայ այս քննադատութեան մէջ։ Ժամանակի բարքերու հետեւանքներ դժբախտաբար եւ իրական։
       Բայց Երեւանցի Սիմէոն Կաթողիկոս, թէեւ ժամանակակից իր քննադատած դէպքերուն , բայց քաջածանօթ չէ Աջապահեաններու կեանքին եւ գործունէութեան, ասկէ զատ անաչառ ալ չէ իր դիտողութեան եւ դատողութեան մէջ։ Սիմէոն Կաթողիկոս չ'ուզեր ճանչնալ ոեւէ աթոռ Էջմիածինէն դուրս, իրենց իրաւասութիւններուն մէջ. միշտ ի յառաջագունէ աննպաստ է իր դիրքը հանդէպ միւս աթոռներուն։
       Երեւանցին կաթողիկոս եղաւ 1763-1780։ Աջապահեան Ղուկասու կաթողիկոսութիւնը տեւեց՝ 1733-1737. իսկ Միքայէլինը՝ 1737-1758։ Հետեւաբար Երեւանցին չէր կրնար Էջմիածնի աթոռէն ըսել «որպէս ի մերում ժամանակս », եթէ այդ խօսքերով պիտի հասկցուի Երեւանցիի կաթողիկոսութեան ժամանակը։
       Երեւանցի Սիմէոն, իր կաթողիկոսութենէն յառաջ երկու անգամ գտնուած է Կ. Պոլիս. նախ՝ 1749-1754, եւ յետոյ՝ 1755-1758։ Անշուշտ այս միջոցներուն է որ բաներ մը իմացած է Կիլիկիոյ Աթոռի անցուդարձերուն շուրջ եւ դէպքերն ու դէմքերը շփոթած է իրարու հետ։ Վասն զի իր դիտումն է դատափետել եւ ո՛չ թէ ստոյգը պատմագրել։
       Արդ ստոյգ պատմութիւնը սա է. Աջապահեան Ղուկաս եւ Միքայէլ կաթողիկոսներ միաժամանակ կաթողիկոս չեն եղած. Ղուկաս 4 տարի հազիւ վայելած է իր աթոռը, եւ իրեն յաջորդած է իր եղբայրը Միքայէլ։
       Հետեւաբար «Որպէս ի մերում ժամանակս Ղուկաս ընկեցեալ ի Հաճին գիւղն նստէր եւ Միքայէլն Սիս, Ղուկասն զշատս ձեռնադրէր քան զՄիքայէլն » յայտնի շփոթութիւն մըն է յիշողութեան. որովհետեւ Աթոռ է «ընկեցեալ » Հաճին նստողը մեզի ծանօթ Յովհաննէս Զ. (Տէր Ադամն ) է, որ ստուգիւ ապօրէն ձեռնադրութիւններ ըրաւ։
       Սիսի Մայրավանքին ձեռագիրներէն արծաթապատ Աւետարան մը, այժմ Անթիլիաս փոխադրուած, բաւական լաւ պահուած վիճակի մէջ։- Մանր բոլորգիր , երկսիւն։
       Միակ յիշատակարանը որ դրուած է վերջը.
       -«Փառք…
       Յանկ ելեալ աւարտեցաւ ունող աւետեաց արքայութեան քառավտակ օգտաբուխ սբ . Աւետարանս ի թվին Հայոց Ռ. Ճ. ՁԳ. (=1734), ի յերկիրս Գերմանիկոյ, որ այժմ ասի Մարաշ, ի թաղն Աղտէրէ, ընդ հովանեաւ սրբոյն Յովհաննու Կարապետին եւ այլ ամենայն եկեղեցեացն որ աստ կան բարեխօս ամենայն քրիստոնէից. ի հայրապետութեան Կիլիկեցւոց Տեառն Ղուկասին, եւ յառաջնորդութեան երկրին մերում Տէր Եփրեմին, եւ Տէր (դատարկ թողուած)։
       Գրեցաւ սա ձեռամբ մեղօք ցնորեալ եւ մրափած հող եւ մոխիր Յովհանէսի աղտեղացեալ անձնատրուպ նուաստի ի խնդրոյ աստուածասէր եւ երանութենէ հեզահոգի (դատարկ)։
       Դարձեալ երեսանկեալ աղաչեմ զձեզ ով դասք սրբազան քահանայք եւ այլ ով ոք աստիճանաւորք հանդիպիք սմա կամ կարդալով կամ տեսանելով յիշեցէք զնուաստ գծօղս, եւ զուսուցիչս իմ զՏէր Սարգիս քահանայն եւ զՏէր Թորոս քահանայն, եւ զծնօղքս իմ զՅարութիւն եւ զԳօհարն եւ զկողակիցս իմ զՀռիփսիմէն, եւ զորդիքս իմ եւ զեղբարքս. եւ դուք յիշեալ լիջիք առաջի Աստուծոյ, եւ հայր մեղա ասացէք, եւ վարձն Աստուծոյ առնուք ամէն։