Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սահակ Կաթողիկոս, հինգ տարի առաջ զգալով որ հետզհետէ իր ֆիզիքական ոյժերը կը պակսին, իրեն իբրեւ օժանդակ ընտրեց զԲաբգէն Եպս. Կիւլէսէրեան, եւ 1931 Ապրիլ 25ին ի Հալէպ գումարուած Պատգամաւորական Ժողովը ընդ առաջ գնաց Վեհին ընտրութեան եւ միաձայն քուէարկութեամբ օրինականացուց Բաբգէն Արքեպս. ի ընտրութիւնը իբրեւ Աթոռակից եւ Յաջորդ Սահակ Կաթողիկոսի։ Այժմ Սահակ Կաթողիկոս 88 տարեկան էր, Աթոռակցի ընտրութենէն եւ օծումէն ի վեր աւելի ծերացած եւ անոր մահուամբ աւելի եւս ընկճուած էր։
       Բաբգէն Կաթողիկոսի մահուան երրորդ օրը, Երուսաղէմի Պատրիարք Ամեն. Թորգոմ Սրբազան, մի քանի առաջաւոր ազգայիններու հետ կ'այցելէ Սահակ Կաթողիկոսարին եւ խօսակցութեան ընթացքին փափկօրէն կը հարցնէ.
       -Վեհափա՛ռ, ի՞նչ մտադիր էք ընել Աթոռակցի մը ընտրութեան մասին։
       Վեհափառը կը պատասխանէ.
       -Աթոռակից չեմ ուզեր, ունեցանք եւ տեսանք թէ ի՛նչ եղաւ. Ընդհանուր Փոխանորդ մը պիտի նշանակեմ որպէս զի գործերը վարէ եւ ինձ օգնական ըլլայ։
       -Զո՞վ կը խորհիք նշանակել։
       -Կիպրոսի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Սարաճեանը որ արդէն վաղը պիտի գայ։
       Ներկաները համամտութիւն կը յայտնեն, յետոյ Եպիսկոպոսներու մեծամասնութիւնն ալ կը հաւանի ու Բաբգէն Կաթողիկոսի ի Հալէպ թաղումէն վերջ երբ կը վերադառնան Անթիլիաս Սահակ Կաթողիկոս, Սարաճեան Սրբազանի հաւանութիւնը առնելէ վերջ հետեւեալ Կոնդակով իր ընտրութիւնը եւ նշանակումը կը ծանուցանէ Կաթողիկոսանի հինգ թեմերուն։
      
       ՍԱՀԱԿ ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
       ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՔԱՀԱՆԱՅ ՀԱՐՑ, ՊԱՏՈՒԱՐԺԱՆ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆԱՑ, ԹԱՂԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆՈՑ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ԲԱՐԵՊԱՇՏ ԺՈՂՈՎՐԴՈՑ ՍԻՐԵԼԵԱՑ ՄԵՐՈՑ ԽՆԴԱԼ Ի ՏԷՐ.
      
       Մեր ողբացեալ Աթոռակից Տ . Բաբգէն Ս. Կաթողիկոսին անակնկալ վախճանումը խորունկ սուգի մատնեց զմեզ եւ մեր պաշտօնին կիրարկութեան դժուարութեանց առջեւ դրաւ։
       Կը մաղթենք որ Տէրը հանգիստ շնորհէ Հանգուցելոյն, իսկ մեզի պարգեւէ անհրաժեշտ կարողութիւնը` առաջ տանելու Հայրապետանոցիս գործերը եւ պահելու վեց տարիներէ ի վեր Անթիլիասի մէջ հաստատուած եւ Թեմերուն մէջ սկսուած եկեղեցական, կրթական եւ վարչական գործերը, որքան ատեն որ Կենաց Տէրը կեանք շնորհէ մեզ։
       Մեր ոյժերը յայտնի է թէ վիշտերէ եւ տարիքի յառաջացումէ մեծապէս կրճատուած են։ Ուստի պէտք զգացինք մեզի օժանդակ ունենալ մեր Թեմակալ Արքեպիսկոպոսներէն մին։ Այդ առթիւ մեր Թեմակալ Սրբազաններուն հետ համախորհուրդ, Ընդհանուր Փոխանորդ նշանակեցինք Կիպրոսի Առաջնորդ Գեր. Տ. Պետրոս Սրբազան Արքեպիսկոպոս Սարաճեանը, իր վրայ պահելով Կիպրոսի Թեմին Առաջնորդութիւնը, որպէս զի մեզի հետ խորհրդակցութեամբ վարէ Կաթողիկոսարանիս վերաբերեալ ներքին եւ արտաքին բոլոր գործերը, ինչպէս են Ելեւմտական, Դպրեվանքի, Տպարանի, Մատենադարանի, Մատակարարութեան գործերը, Թեմերու հետ կանոնական յարաբերութիւնները, նոյնպէս Հոգատար եւ Տեղական Կառավարութեան հետ Կաթողիկոսարանիս յարաբերութիւնները։
       Այսու Հայրապետական Կոնդակաւ հաստատելով մեր Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը, կը յուսանք որ Թեմակալ Ս. Առաջնորդները կը ջանան ըստ ամենայնի դիւրացնել Սարաճեան Սրբազանի պաշտօնը, որուն կը մաղթենք ամէն կարողութիւն եւ յաջողութիւն իր վրայ դրուած ծանր պարտականութեանց մէջ։
      
       ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԹՂ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ
      
       Թուահամար Կոնդակի 116
       20 Յուլիս 1936
       Կաթողիկոսարան Հայոց
       Անթիլիաս-Լիբանան
      
       ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
       Յուլիս 21 Գշ. առաւօտեան ժամը 9-12 եւ յետ միջօրէի ժամը 3-5, դահլիճին մէջ, Եպիսկոպոսական Ժողովը երկու նիստ գումարեց` նախագահութեամբ Կաթողիկոսական Ընդհ. Փոխանորդ Գեր . Տ. Պետրոս Սրբազանին, եւ ներկայութեամբ չորս Թեմակալ Սրբազաններուն եւ Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. ին որ Հանգուցեալ Աթոռակից Ս. Կաթողիկոսին եւ Գանձատան Գոյքերուն Արձանագրութեանց Տետրակներուն պարունակութեանց տեղեկանալով, հաստատեց զանոնք։
       Ասկէ զատ, Եպիսկոպոսական Ժողովը խորհրդակցութիւն կատարեց Դպրեվանքին շարունակւոթեան, Աթոռին Պաշտօնաթերթին («Հասկ»ին ) հրատարակութեան, Հանգուցեալ Աթոռակցին անտիպ գործերէն կարեւորագոյնն եղող «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Կաթողիկոսներու Պատմութեան » տպագրութեան, Անթիլիասի շէնքերուն գնման, Խէրեան շէնքին աւարտման եւ այլ կարեւոր խնդիրներու մասին որոշումներ տուաւ։
       Դարձեալ, իրենց կրօնական եւ աստուածաբանական ուսումն շարունակելու եւ յառաջիկային Կիլիկիոյ Աթոռին ծառայելու ուխտով Եւրոպական եւ Ամերիկեան Համալսարաններ երթալու մասին Ժողովին գրաւոր խնդրանք տուած ըլլալով նորընծայ Զարեհ եւ Դերենիկ Վարդապետներ, Ժողովը արտօնեց անոնց երթալ։
      
       Գերաշնորհ Տ. Պետրոս Արքեպիսկ. Սարաճեան համաձայն Հայրապետական Կոնդակին, ստանձնեց Ընդհ. Փոխանորդութեան պաշտօնը եւ հոս կը փակենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց Պատմութիւնը։
       Երկրորդ Հատորը պիտի բովանդակէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատմութիւնը, զանազան ուսումնասիրութիւններ լուսահոգի հեղինակին կողմէ կատարուած, որոնք իր իսկ ձեռքով գրուած պրակներ կը ներկայացնեն , բաւական կանոնաւոր վիճակի մէջ։
      
       ՎԵՐՋ Ա . ՀԱՏՈՐԻՆ