Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Աթոռին վերահաստատութիւնը Էջմիածնի մէջ այնպիսի դէպք մըն էր որ Կիլիկեցիք անտարակոյս ըմբռնած պիտի ըլլային ատոր նշանակութիւնը, եւ ըստ այնմ պիտի բռնէին իրենց դիրքը։
       1441ը կանխող տարիներու մէջ մենք տեսանք թէ Կարապետ կաթողիկոս կը մտածէր Աղուանից Աթոռն ընել կեդրոն հայոց կաթողիկոսութեան, թող Աղթամարի շուրջ եղած ծրագիրները այդ մասին, հարկաւ Կիլիկիոյ մէջ հայ թագաւորութեան քայքայումէն եւ Սիս մայրաքաղաքին կործանումէն եւ հայութենէ պարպումէն ետքը, կաթողիկոսունք ապահով տեղ մը պիտի փնտռէին, եւ Արեւելեանք օգտուելով առիթէն վերջապէս իրենց մէջ համաձայնեցան Էջմիածնի վերանորոգութեան վրայ։
       Կիլիկիա թէեւ հայրենիք մը եղած էր հայ ժողովուրդի մէկ մասին համար իր քաղաքական կազմակերպեալ իշխանութեամբ -ինչպէս մեր օրերուն եղաւ Խորհրդային Հայաստան հայոց պատմական բնաշխարհին մէկ անկիւնը - սակայն հայութեան մեծամասնութիւնը կը գտնուէր Կիլիկիայէն դուրս, իր պատմական բնիկ հայրենիքին մէջ եւ ուրիշ գաղթավայրեր, իսկ կաթողիկոսական աթոռը, զոր օրինակ, Հռոմկլայի մէջ հաստատուած ըլլալով հանդերձ, Կիլիկիոյ մէջ չէր, այլ սահմանակից երկրի մը, Եփրատացւոց մէջ էր, եւ քաղաքականօրէն Հալէպի էմիրներուն կամ սուլտաններուն ազդեցութեան ներքեւ էր քան Կիլիկիոյ հայ թագաւորներուն։ Շատ իմաստալից է Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին ակնարկը իր Ընդհանրականին մէջ թէ «քաղաք թագաւորական ոչ գոյ ազգի մերում, որպէս զի անդանօր նստելով յաթոռ հայրապետութեան եւ վարդապետութեան, ուսուցանէաք ժողովրդեան մերոյ զաստուածային պատուիրանս, ըստ առաջին հայրապետացն եւ վարդապետացն», երբ նորածագ Կիլիկեան պետութիւնը իր թիկունքը կեցած էր Տօրոսի պէս։ Հայոց սիրելի կաթողիկոսը բոլորովին օտար միջավայրի մը մէջ կը զգայ ինքզինքը Հռոմկլայի մէջ, թէեւ շատ հեռու չէր Սիսէն, քանի որ բուն հայ ժողովուրդով հոծ քաղաքի մը մէջ չէր հայրապետական աթոռը։
       Անշուշտ Կիլիկիոյ բոլոր ողջամիտ կաթողիկոսներն ալ Շնորհալիի նման կը զգային թէ իրօք իրենք շատ հեռու էին Մայր հայրենիքէն, որչափ ալ Կիլիկիա ունենար իր հզօր նշանակութիւնը, հայոց կաթողիկոսութիւնը պահ մի իրեն մօտ եւ յետոյ իր իսկ մայրաքաղաքին մէջ պահելով։ Դիտելի է նաեւ որ Կիլիկիոյ հայ պետական շրջանին եւ ո՛չ մէկ կաթողիկոս կարող եղած է դուրս ելնել Կիլիկիայէն հովուապետական այցելութիւն մը ընելու նպատակով իր ժողովուրդին Հայաստանի մէջ։ Շատ ուշագրաւ երեւոյթ մըն է ասիկա , որուն բացատրութիւնը կարելի է գտնել այն քաղաքական խռովութիւններու մէջ, որոնց շարունակ ենթակայ եղան Կիլիկիայէն մինչեւ Հայաստան տարածուող երկիրներ, եւ այսպիսի պայմաններու տակ եթէ ոչ բոլորովին անհնար, բայց ստուգիւ դժուար եւ վտանգաւոր էր կաթողիկոսներու համար հեռանալ իրենց միջավայրէն։ Կիրակոս կը պատմէ թէ Բարձրբերդցի Կոստանդին Կաթողիկոս (1220-1267) շատ կ'ուզէր անձամբ երթալ Հայաստան, բայց չկրցաւ. վասն զի ոչ միայն ծերացած էր, այլ նաեւ ժամանակն կասկածոտ եւ սխալական էր (Կիրակոս, էջ 163, 165. Ազգպտմ. էջ 1626)։
       Եւ հիմայ, Կիլիկիոյ անկումէն ետքը, երբ հայոց կաթողիկոսութեան համար նոր կեդրոն մը կը փնտռուէր եւ վերջապէս այս կեդրոնի համար կը մատնանշուէր պատմական եւ աւանդական Էջմիածինը, ի հարկէ Սիս բան մը պիտի ըսէր։
       Մեր եկեղեցական պատմութեան համար անփոխարինելի կորուստ մը կը նկատեմ ես պատմական վաւերագիրներու չգոյութիւնը մեր ուսումնասիրած այս շրջանէն։ Այդպիսի վաւերագիրներ անպատճառ կային. վասն զի կարելի չէ երեւակայել որ արեւելեան վարդապետներ թղթակցութիւններ չունեցան Սիսի կաթողիկոսարանին հետ Էջմիածնի աթոռին վերանորոգութեան առթիւ։
       Թ. Մեծոփեցի, իբրեւ ժամանակակից եւ իբրեւ առաջին դերակատար Էջմիածնի աթոռին վերանորոգութեան շարժումին, որ կրնար պատմագրել մեր ակնարկած կէտերը եւ պահել նոյն իսկ կարեւոր թղթակցութեանց պատճենները, թերացած է այս մասին, եւ ինչ որ գրած է իր Յիշատակարաններուն մէջ այսպիսի կարեւոր դէպքի մը շուրջ, գոհացուցիչ չէ ամենեւին. եւ ոչ միայն գոհացուցիչ չեն իր գրածները, այլ անաչառ պատմագրող մըն ալ չէ եղած, այնպէս որ բոլորովին մութի մէջ ենք այժմ եւ չենք գիտեր թէ ի՛նչպիսի անցուդարձեր տեղի ունեցան Արեւելեան վարդապետներու եւ Սիսի միջեւ, եւ թէ ի՛նչ դիրք բռնեց Գրիգոր Մուսաբէկեանց, իբրեւ կաթողիկոս հայոց։ Թէ Մուսաբէկեան կաթողիկոսացած էր առանց հաւանութեան արեւելեան վարդապետաց կամ չորս նշանաւոր Աթոռներու, խնդիրը ասոր վրայ չէ հոս. որովհետեւ չորս աթոռներու հաճութեան եւ հաւանութեան պայմանը , ժամանակի քաղաքական դժնդակութեանց հետեւանքով, չէր գործադրուած Մուսաբէկեանի նախորդներու ընտրութեան առթիւ ալ։ Ասկէ զատ Գրիգոր Մուսաաբեկեանի կաթողիկոսութեան օրինաւորութիւնը ոչ միայն վէճի առարկայ չեղաւ Էջմիածնի 1441ի ժողովի կողմէն, ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ յետոյ, այլ նոյն իսկ Կիլիկիոյ աթոռին հին եւ նոր բոլոր անողոք քննադատները չեն կրցած հերքել այդ օրինաւորութիւնը. վասն զի, վերջապէս, ընտրական ձեւակերպութեանց վրայ պիտի ծանրանար քննադատութիւնը, եւ այդ ձեւակերպութեանց մէջ տեղի ունեցող թերութիւններ, ըսինք արդէն, ժամանակին քաղաքական պայմաններէն կը բղխէին եւ ոչ թէ կաթողիկոսին անձէն։ Այսպիսի թերութիւնք յաճախ տեղի ունեցան Պօլօժէնիայի հաստատութենէն յառաջ, նոյն իսկ, օրինակի համար Սիմոն եւ Ղուկաս կաթողիկոսներու ընտրութեան առթիւ, երբ Կ. Պոլսի Պատրիարքութիւնը, իբրեւ պաշտօնական ներկայացուցիչ Թիւրքիոյ հայութեան, քաղաքական պատճառներու , կամ աւելի ճիշդը, պատրուակներու տակ, կ'անտեսուէր Էջմիածնի Միաբանութեան կողմէ։ Տարակոյս չկայ որ ԺԵ. րդ դարուն ալ իրապէս դժնդակ էին քաղաքական պայմանները Կիլիկիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս Սիսի մէջ, այնպէս որ կատարեալ ողջակիզում մըն էր կաթողիկոսներուն պաշտօնավարութիւնը Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան կործանեալ եւ հայութենէ գրեթէ թափուր մայրաքաղաքին մէջ։ Եւ Գրիգոր Մուսաբէկեան, ինչ ալ եղած ըլլան իր ընտրութեան պայմանները, հայոց կաթողիկոսական աթոռը այդպիսի դժոխային ժամանակներու մէջ հաստատուն պահելու համար էր անշուշտ որ կը հանդուրժէր իր բարձր պաշտօնին պատասխանատուութիւններուն։ Եւ ճիշդ հոս է որ մենք, պատմութեան ամբողջութեան եւ լուսաբանութեան սիրուն կը սպասէինք Թ. Մեծոփեցիէն որ իր երազապատում նկարագրութիւններուն քով արձանագրած ըլլար թէ Գրիգոր Մուսաբէկեան ի՛նչ դիրք բռնեց Սիսի մէջ, երբ անդին Էջմիածնի մէջ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան համար ծանրակշիռ ձեռնարկներ տեղի կ' ունենային։
       Չամչեան, առանց աղբիւրը մատնանիշ ընելու, քիչ մը լոյս կը սփռէ այս մութի մէջ մնացած շատ կարեւոր կէտին վրայ։ Այսինքն` արեւելեան վարդապետք Էջմիածնի Աթոռը վերահաստատելու ատեն չեն խորհած նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան վրայ, այլ ուղղակի դիմած են Մուսաբէկեանին բազում յարգութեամբ եւ հրաւիրած են զայն գալ Էջմիածին. շատ բնաւոր հրաւէր մը անտարակոյս, բայց, յայտնի չէ թէ ի՛նչպիսի պատճառներով, Մուսաբէկեան չէ ուզած հեռանալ Սիսէն, եւ ասոր վրայ է որ Էջմիածնի ժողովին մէջ ձեռնարկած են կաթողիկոսի ընտրութեան ։
       Նկատի առնելով արեւելցւոց այս դիմումը Մուսաբէկեանին եւ ասոր իր աթոռէն չշարժիլը, պէտք է ենթադրել որ Մուսաբէկեան թէեւ չուզեց երթալ Էջմիածին, բայց իր հաւանութիւնը տուաւ որ նոր կաթողիկոս մը ընտրուի Էջմիածնի վերահաստատեալ աթոռին համար։ Եթէ այսպիսի փոխադարձ հասկցողութիւն մը տեղի ունեցած չըլլար Մուսաբէկեանի եւ արեւելցիներու միջեւ, պէտք էր որ Էջմիածնի ժողովը նախ խափանուած հռչակէր Սիսի աթոռը եւ Մուսաբէկեանն ալ իբրեւ ըմբոստ ազգային կամքին, որ կը մարմնանար 1441ի Էջմիածնի ժողովով, գահազուրկ ընէր։ Մինչ մենք մեր ձեռք հասած պատմական յիշատակներէն եւ գործերու պատմական եւ տրամաբանական ընթացքէն կը հետեւցնենք թէ ո՛չ Մուսաբէկեանի կողմէն դժուարութիւն կը յարուցուի Էջմիածնի աթոռին վերանորոգութեան եւ նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան դէմ, ո՛չ ալ արեւելցիներու կամ Էջմիածնի ժողովին եւ նոյն իսկ նորընտիր Կիրակոս Վիրապեցի կաթողիկոսի կողմէն հակառակութեան ոգի եւ դժգոհութեան ցոյց մը կ'արտայայտուի ընդդէմ Մուսաբէկեանի, որ կը պահէ իր կաթողիկոսութիւնը եւ իր աթոռը Սիսի մէջ, եւ ընդհակառակն Կիրակոս Վիրապեցի իր առաջին կոնդակին մէջ իր օրհնութիւնները կ՛ուղղէ Սիսի հանգուցեալ եւ ողջ կաթողիկոսներուն, եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն, կրօնաւորներուն, եւ անոնցմէ բոլոր բանադրուածներուն ու կապուածներուն արձակում կուտայ եւ կ'օրհնէ զանոնք ։ Վիրապեցիին դաւաճանեալ անկումէն ետքը, Թ. Մեծոփեցի իր սրտին զայրոյթը եւ դառնութիւնները կը նետէ ծերունի Կօլօտիկ Յովհաննէս Վարդապետին հասցէին, որ իբրեւ Մեծ Վարդապետ նախագահած էր Էջմիածնի Ժողովին, եւ Վիրապեցիին իր ձեռքով տուած էր վարդապետական գաւազանը, եւ յետոյ գործիք եղած նորընտիր կաթողիկոսին դաւաճանեալ անկումին, Մեծոփեցին սա ուշագրաւ խօսքերը կ'ուղղէ անոր. դուն, ականջով խուլ, ճերմակ մօրուք, որ դեղնցած է ալ, դուն որ գերեզմանի ես մօտեցեր, խափանեցիր հայոց ուղղափառ աստուածաբանութեան դպրոցները, եւ Աստուած, որ Կիլիկեցիներէն Լուսաւորչի քահանայապետութեան մէջ մտած աղթարմայութեան արատէն ու բիծէն ազատեց եկեղեցին, եւ Աղթամարի բանադրանքն ու կապանքը օրհնութեան փոխեց, դուն բոլորին ալ բերանը լեցուցիր (կամ` բացիր Կիլիկեցիներ լսեցին քու անգիտութեան ու անհամութեան համբաւը եւ աշխարհական երէց մը գտան Կարապետ անունով, որ իրենցմէ ձեռնադրուած էր , եւ նորէն կաթողիկոս դրին հակառակութեամբ. անէծքներով ու անուղղայ վարքով նորէն կ'ուզէին կործանել հայութիւնը. ի՞նչ պատասխան պիտի տաս Քրիստոսի դատաստանի օրը (Մեծոփեցի, Յիշատակարան, էջ 84-85)։
       Այս տողեր եթէ գրուած են առանց կիրքի, պատմական ճշդութեամբ, շատ կարեւոր կէտ մըն ալ կը լուսաբանեն Սիսի կաթողիկոսական աթոռին շուրջ։ Ինչպէս որ տեսանք, Մուսաբէկեան Էջմիածին հրաւիրուեցաւ, բայց չուզեց շարժիլ իր տեղէն, սակայն հաւանեցաւ որ Էջմիածնի նորոգեալ աթոռին համար իրեն տեղ ընտրուի ուրիշ մը. դիտել տուինք նաեւ թէ Էջմիածնի 1441ի ժողովը չդատապարտեց Մուսաբէկեանի անձն ու կաթողիկոսութիւնը, հետեւաբար երկուստեք հասկըցողութիւն մը ունեցան, եւ ըստ մեզ այդ հասկըցողութիւնը սա՛ էր։ Գրիգոր Մուսաբէկեան պիտի շարունակէր իր կաթողիկոսութիւնը մինչեւ իր վախճանումը, եւ յետոյ նոր կաթողիկոս մը պիտի չընտրուէր , քանի որ անդին Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսական աթոռը վերահաստատուած էր եւ նոր կաթողիկոս մը ընտրուած. եւ կ'երեւի թէ ո՛չ միայն ինքն Մուսեբէկեան, այլ նաեւ Կիլիկիոյ եկեղեցականութիւնը ունէին այս հասկցողութիւնը։ Ինչպէս տեսանք նախորդ գլխի մէջ, Աղթամարի հետ ալ հասկցողութեան մը եկած էին Թ. Մեծոփեցի եւ իր գործակիցները. այսինքն` Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը պիտի վերնար Էջմիածնի աթոռին վերահաստատութեամբ, եւ Աղթամարի Զաքարիա կաթողիկոսը ինքզինքը թեկնածու կը նկատէր Էջմիածնի կաթողիկոսութեան։
       Բայց թէ՛ Սիս եւ թէ՛ Աղթամար յուսախաբ եղան, տեսնելով որ Էջմիածնի Աթոռին վերահաստատութիւնը անձնական կիրքերու յագուրդ տալու միջոց մը կը դառնայ, Վիրապեցիի պէս մաքուր անձնաւորութիւն մը կը դաւաճանուի եւ կը զրկուի իր աթոռէն, անորակելի գայթակղութիւն մը յառաջ բերելով, Մուսաբէկեանի մահէն յետոյ Կիլիկեցիք կ'որոշեն պահել կաթողիկոսական աթոռը, եւ հնգամեայ ընդհատումէ կամ թափրութենէ ետքը Կարապետ Եւդոկացի կը յաջորդէ Մուսաբէկեանի, որուն կաթողիկոսութիւնը կը ճանչցուի եւ կը հաստատուի Եգիպտոսի Մելիք Տահէրի կողմէն։ Միւս կողմէն տեսանք Աղթամարի աթոռին բռնած դիրքն ալ։ Եթէ Աղթամարի Զաքարիա կաթողիկոսը հրաւիրուէր Էջմիածին Մուսաբէկեանի մերժումէն ետքը փոխանակ նոր կաթողիկոս ընտրելու, շատ հաւանական էր որ Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը վերջացած պիտի ըլլար, եւ կամ գոնէ եթէ Վիրապեցին չդաւաճանուէր, Զաքարիա հանգիստ պիտի կենար եւ օր մը Աղթամարն ալ պիտի միանար Էջմիածնի. բայց մենք տեսանք թէ Վիրապեցիի կաթողիկոսութեան դէմ սարքուած դաւաճանութիւններ զայրացուցին Աղթամարի Զաքարիա կաթողիկոսը, որ իր կարգին ամէն միջոցի դիմեց ընկճելու համար Ջալալբէգեանը եւ պահ մը յաջողեցաւ տիրել Էջմիածնի Աթոռին։
      
       Այսպէս ուրեմն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շարունակութիւնը Մուսաբէկեանի մահէն ետքը, իբրեւ ուղիղ հետեւանք պատմական դէպքերու, ինքնին պէտք մը դարձած է Կիլիկիոյ համար. քանի որ տիրող քաղաքական պայմաններն ալ կը նպաստէին Կիլիկեցւոց, որոնք այդ միջոցին Եգիպտոսի Մելիքութեան տիրապետութեան ներքեւ ահագին դժուարութիւններ պիտի զգային նոյն իսկ հոգեւոր յարաբերութիւններ մշակելու արեւելեան Հայաստանի հեռաւոր մէկ անկիւնի հետ, որ ուրիշ բռնապետութեան ներքեւ կը տառապէր։