Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Այս կաթողիկոսի մասին ոեւէ տեղեկութեան չենք հանդիպած։
       Մաղաքիա դպիր կ'ըսէ միայն.
       -«Տէր Աստուածատուր, մականուամբ Նարին, ի գաւառէն Սասընցի, յԱմիթ ծնեալ, աշակերտ Եղիազար կաթողիկոսին»։
       Իսկ Մաղաքիա Օրմանեան, առ ի չգոյէ պատմական տեղեկութեան, ենթադրութիւն մը կ'ընէ Աստուածատուրի մասին, զոր յառաջ կը բերենք պարզապէս իբրեւ կամուրջ Նարինի եւ իրեն յաջորդ Սարի Մատթէոսի միջեւ բացուած անջրպետը անցնելու համար։
       -«Ազարիայէն (Ղաթրէմիզ ) ետքը ընդհատուած կ'երեւի Բերիայի հակաթոռ Աթոռին յաջորդութիւնը. սակայն անգամ մը սկսած պառակտումը բոլորովին չջնջուեցաւ, եւ որեւէ ներքին տարաձայնութեան պահուն, իսկոյն Բերիոյ հակառակութիւնը նորոգուած կը գտնենք։
       Իսկ Սահակ Մէյխանէճին մինչեւ 1689(. ՞) շարունակեց իւր կաթողիկոսութիւնը, եւ իբրեւ յաջորդ ունեցաւ Գրիգոր Ատանացին, Պիծակ մականուանեալ, որուն միայն երկու տարի պաշտօնավարութիւն կը տրուի (Չամ. Յաւլծ. 111), եւ հրաժարելով ձեռնթափ եղած կ'ըսուի (09 Օրա. 284) 1691ին։
       Սակայն ոչ միայն ժամանակիս պատրիարքներուն եւ կաթողիկոսներուն հոգիէն շատ հեռու էր՝ ձեռք անցուցած իշխանութիւննին ձեռքէ հանել, այլեւ անցողական յիշատակ մը, թէ Գրիգոր Կիլիկիոյ Կաթողիկոս 1693ին Հռոմ գացած ըլլայ երկու եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ (Կաթ. 165), կը հաստատէ թէ Գրիգոր իբր Կիլիկիոյ Կաթողիկոս կը շրջէր տակաւին։
       Ուստի, աւելի պատմութեան կարգին համաձայն կը գտնենք ըսել, թէ Աստուածատուր Սասունցի, Նարին մականուանեալ, Գրիգորի վրայ զօրանալով՝ զայն աթոռէն մերժած եւ ինքն տեղը գրաւած է, եւ Գրիգոր աստանդական Հռոմ ալ դիմած է, որպէս զի որեւէ Հռոմէական դաւանութեան պատրուակով նիւթական նպաստ ձեռք ձգէ եւ անով կարենայ նորէն իւր աթոռը դառնալ։ Սակայն կ'երեւի թէ այս կերպով ալ յաջողութիւն գտած չէ. զի աւելի ուշ, 1703ին կը գտնենք զայն Երուսաղէմի մէջ (09 Օրա. 284), եւ այս կը բաւէ բացատրել Հռոմ երթալուն իսկական նպատակը։ Վասն զի Հռոմէականութեան միտումը, որ Կիլիկիոյ եւ Կոստանդնուպօլսոյ աթոռներուն մէջ կրցաւ դեր մը խաղալ, Երուսաղէմի աթոռին եւ Երուսաղէմի միաբանութեան վրայ բնաւ չազդեց, եւ չէր ալ կրնար ազդել, քանի որ շարունակ Լատիններու դէմ ալ մաքառելու պարտաւոր էին՝ հայկական սեփականութեանց պաշտպանութեան համար։
       Չենք կրնար ճշդել թէ Կ. Պոլսոյ աթոռը ինչչափ մասնակցութիւն ունեցած է Պիծակի եւ Նարինի մրցումներուն, զի 1691ին կը շարունակէր աշխարհական տեղակալներուն վարչութիւնը» (Ազգպտմ, էջ 2647-48)։
       Աստուածատուր Նարինի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը, ըստ Չամչեանի երեք կամ չորս տարի է (1691-1694)։ Բայց ասիկա չի համաձայնիր մեր ճշդած թուականներուն հետ։ Որովհետեւ Նարինի նախորդը Գրիգոր Պիծակ Կաթողիկոսին վերջին տարին կարելի չէ 1693էն աւելի երկարել։ Արդ՝ ընդունելով որ Աստուածատուր Նարին 1693ին յաջորդեց Պիծակին, այն ատեն Չամչեանի նշանակած երեք-չորս տարիներով, մինչեւ 1696 կամ 1697 պէտք է համարել Նարինի կաթողիկոսութիւնը, Սարը Մատթէոսի կաթողիկոսացումէն յետոյ ալ։