Առ
այժմ
պատմական
ոչ
մէկ
ծանօթութիւն
Կեսարացի
Գրիգոր
Գ.
ի
նախ
քան
զկաթողիկոսութիւն
կեանքին
ու
գործունէութեան
վրայ։
Իսկ
իր
կաթողիկոսութեան
մէջ
ալ
միակ
դէպքով
մը
կամ
դիպուածով
մը
յիշատակելի
մնացած,
իբրեւ
ուսուցիչ
եւ
առաջնորդ
Աջապահեան
Ղուկաս
երիտասարդ
կաթողիկոսի։
Նոյն
իսկ
ճշդիւ
չենք
գիտեր
իր
կաթողիկոսութեան
սկիզբը։
Չամչեան
եւ
Ալիշան
1727ին
դրած
են
ասոր
կաթողիկոսացումը։
Բայց
Ալիշան
յետոյ
դիտած
է
որ
մինչեւ
1725
կը
յիշուի
Գրիգոր
Գ.
(Սիսուան,
էջ
539)։
Եւ
ստուգիւ
Էջմիածնի
Կարինեանց
ցուցակին
մէջ
Թիւ
2131
Ձեռագիրը
(Քարոզագիրք
Գրիգորի
Տաթեւացւոյն
)
գրուած
է
Զեթուն
«ի
կաթողիկոսութեան
Կիլիկիոյ
Տ.
Գրիգորի
ի
Սահակ
երեցէ,
ի
թուին
Հայոց
(=1725)։
Իսկ
մենք
տեսած
ենք
որ
Անթէպի
ձեռագիր
մէկ
Աւետարանը,
գրուած
ՌՁԷ=1638ին,
վերստին
նորոգուած
է
«ի
թվականութեան
հայոց
ՌՃՀԱ
(=1722)
ի
հայրապետութեան
Կիլիկէցւոց
Տն.
Գրիգորի,
եւ
առաջնորդութեան
քաղաքին
յԱնթապու
Տ.
Պօղոսի
քաջ
հռետորի»։
ՌՃՀԱին
վերջին
երկու
թուագրերը,
ՀԱ.
լաւ
չեն
կարդացուիր.
կրնայ
կարդացուիլ
նաեւ
ԻԱ.
բայց
մենք,
իրարմէ
անկախ,
երկու
անգամ
ընդօրինակելով
այդ
յիշատակարանը,
միտած
ենք
ՀԱ
կարդալ,
որովհետեւ
ՌՃԻԱ=1637ին
Գրիգոր
Կաթողիկոս
մը
չունի
Կիլիկիոյ
Աթոռը։
Իսկ
Անթէպի
Առաջնորդ
Պօղոս
Արքեպիսկոպոսին
յիշատակութիւնը
կ'ըլլայ
1671-1695
տարիներուն,
եւ
այդ
միջոցին
կը
հանդիպի
Գրիգոր
Բ.
Պիծակի
կաթողիկոսութիւնը
(1686-1693)։
Նկատի
առնելով
Հաճընցի
Յովհաննէս
Ե.
ի
մահուան
տարին
(1721)
եւ
այս
ձեռագրին
վերստին
նորոգութեան
թուականը
(1722),
Կեսարացի
Գրիգոր
Գ.
ի
կաթողիկոսութեան
սկիզբը
դրինք
այդ
երկու
տարիներուն
միջեւ։
Եթէ
ծանօթ
ըլլար
Հաճընցի
Յովհաննէս
Ե.
ի
մահուան
ամսաթիւը,
վերջնականապէս
կարելի
էր
ճշդել
տարին.
որովհետեւ
չենք
գիտեր
թէ
Հաճընցին
1721ի
որ
ամսուն
մէջ
մեռաւ։
Իսկ
այն
դէպքը
կամ
դիպուածը,
որ
տեղի
ունեցած
է
Սիսի
մէջ,
Աջապահեան
Եփրեմ
Ա.
կը
պատմէ
հետեւեալ
կերպով.
-Ուղուրլեան
Գրիգոր
Կաթողիկոսի
ատեն
Հէքիմ
Օղլու
Ալի
Փաշա
Սիս
եկաւ.
եւ
օր
մըն
ալ
ելաւ
Սիսին
բերդը
զբօսանքի
համար։
Երբ
փաշան
վար
կ'իջնէր
բերդէն,
Գրիգոր
Կաթողիկոս
դիմաւորեց
զայն
եւ
Վանք
հրաւիրեց
որպէսզի
սուրճ
մը
առնէ
իր
աղքատիկ
օթեւանին
մէջ։
Փաշան
հաճեցաւ
ընդունիլ
հրաւէրը,
եկաւ
Վանք,
այցելեց
դպրոցին
ուր
իրեն
ուշադրութիւնը
գրաւեց
տասնամեայ
պատանեակ
մը,
որուն
ձեռքը
Աստուածաշունչ
կար։
Փաշան
իր
բախտը
փորձելու
համար
տեղ
մը
բանալ
կուտայ.
պատանին
կը
բանայ
եւ
կը
կարդայ.
«Զարթիր,
զարթիր
Սիոն
եւ
զգեցիր
զզօրութիւն
քո
եւ
դու
զգեցիր
զփառս
քո
Երուսաղէմ
քաղաքդ
Սրբոյն
»
(Ես.
ԾԲ.
1)։
Փաշայն
կը
հարցնէ
Գրիգոր
Կաթողիկոսին
թէ
ի՞նչ
գուշակութիւն
կայ
այդ
խօսքերու
մէջ։
Հնարամիտ
Կեսարացին
կ'օգտուի
առիթէն
եւ
աւերակ
Վանքը
մատնանիշ
ընելով,
կը
պատասխանէ.
Այս
տունը
ձեր
վսեմութեան
շնորհիւ
է
որ
պիտի
նորոգուի։
Փաշան
հաճոյք
կ'զգայ
Կաթողիկոսի
մեկնութենէն
եւ
կը
խոստանայ
որ
երբ
եպարքոս
ըլլայ
ինք,
կուտայ
նորոգութեան
արքունի
հրովարտակը։
Ինճիճեան
տարբեր
կերպով
կը
պատմէ
միեւնոյն
դէպքը
կամ
դիպուածը։
-Հէքիմ
Օղլու
Ալի
Փաշա,
եպարքոս
ըլլալէ
յառաջ,
պատահմամբ
Վանք
կուգայ,
եւ
Աստուածաշունչը
իր
ձեռքը
առնելով
կուտայ
Աջապահ
Տէր
Յուսիկին
որ
բանայ
եւ
բան
մը
գուշակէ
իրեն
համար։
Ան
ալ
կը
բանայ
Թագաւորաց
Գիրքը
եւ
հատուած
մը
կարդալով
կ'ըսէ
թէ
դուք
եպարքոսութեան
աստիճանին
պիտի
բարձրանաք։
Փաշային
հաճելի
կու
գայ
այս
գուշակութիւնը,
եւ
կը
խոստանայ
բազմապատիկ
պարգեւներ
շնորհել
իրեն
եթէ
իրագործուի
այդ
գուշակութիւնը։
Եւ
իրօք,
Հէքիմ
Օղլու
Ալի
Փաշան
եպարքոս
կ'ըլլայ
1731ին։
Տէր
Յուսիկ
կ'երթայ
Կ.
Պոլիս
եւ
Սիսի
կաթողիկոսութիւնը
արքունի
հրովարտակով
սեպհականացնել
կուտայ
իր
տոհմին
եւ
տան։
Եւ
Հաճընցի
Յովհաննէս
Կաթողիկոսը
ձգելով
Աթոռէն,
կը
նստեցնէ
Ղուկասը։
Ասոր
հետ
Կաթողիկոսարանին
եւ
Եկեղեցւոյն
նորոգութեան
հրովարտակն
ալ
կ'ստանայ,
եւ
իբրեւ
պարգեւ
կ'ընդունի
նաեւ
Վանքի
շրջակայքին
հողերը
(Աշխարհագրութիւն
Չորից
Մասանց,
Ասիա,
Հատոր
Ա.
էջ
361-362)։
Ղուկաս
Կաթողիկոսի
կենսագրութեան
մէջ
պիտի
տեսնենք
որ
նոյն
ինքն
Ղուկաս
Վարդապետն
է
որ
անձամբ
գացած
է
Կ.
Պոլիս
կաթողիկոսութեան
եւ
Վանքի
նորոգութեան
հրովարտակները
ստանալու
համար։
Գրիգոր
Գ.
ի
կենսագրութենէն
գիտենք
նաեւ
թէ
1726ին
Բաբերդ
կը
գտնուի
(Սաւալան
Ցուցակ,
էջ
628)։
Կը
վախճանի
Ամասիա
եւ
կը
թաղուի
եկեղեցւոյ
շրջափակին
մէջ
ՌՃՀԸ=1729ին.
յետոյ՝
իր
գերեզմանին
կից
կը
թաղուի
Ամասիոյ
Առաջնորդ
Եդեսեան
Յովհաննէս
Եպիսկոպոս
(Բանասէր,
Կ.
Բասմաջեանի,
1905,
Սեպտ.
էջ
274)։