Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա.
       Կիլիկիոյ կաթողիկոսաց պատմութեան մէջ շատ ուշագրաւ տեղ մը կը բռնէ ԱՋԱՊԱՀԵԱՆ (Աջպահ, նաեւ Աջպան) կոչուած Քահանայական ցեղը, ըստ աւանդութեան`ԺԳ. կամ ԺԵ. դարէն մինչեւ 1860 թուականները։ Բայց թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պարագաներուն մէջ երեւան եկած են այս ժառանգական կաթողիկոսութեան տոհմն ու տունը, այս մասին ո՛չ միայն կը պակսին պատմական ու վաւերական աղբիւրներ, այլ եւ ինչ որ հասած է մեզ` իբրեւ պատմ. տեղեկութիւն` հակասական է։ -Առ այժմ երկու աղբիւրներ կան մեր առջեւ . մին` նոյն ինքն Աջպահեան կաթողիկոսի մը Եփրեմ Ա. ի (†1784) կողմէ մասնաւորապէս գրուած Աջպահեանց ծագման վրայ. իսկ միւսը` Սսոյ Երեքխորան Եկեղեցւոյ անանուն Երէց մը, ԺԷ. դարու կիսուն, զոր իր «Սիսուան»ի յառաջաբանին մէջ Ալիշան անուանեց «Ժամանակագիր Կիլիկիոյ»։
       Ա. ԱՂԲԻՒՐ . - Եփրեմ Ա. ի այս գործը գրուած է արձակ եւ ոտանաւոր։ Արձակի մասին Տաշեանի Ցուցակին մէջ (էջ 358-9) կը գտնենք մատենագրական ընդարձակ տեղեկութիւն մը եւ կարեւոր մէջբերումներ անկէ։ Իսկ ոտանաւորը որ թերի է` հրատարակուած է «Սիսուան»ի մէջ (էջ 220-1)։ -Եփրեմ իր տոհմին «արձակ » ընդրաձակ պատմութիւնը գրելու ատեն` աչքի առջեւ է ունեցեր «կնքեալ մուրհակօք » ազգաբանական ցուցակ մը։ Իսկ «ոտանաւոր»ը` «համառօտ եւ ճշդաբան »` գրած է, հետեւելով իր արձակին, անշուշտ ժողովրդականցնելու նպատակաւ Աջպահեանց պատմութիւնը։ Երկուքին ալ բովանդակութիւնը նո՛յն է։ - Տաշեանի նկարագրած Ձեռագիրը օրինակին համեմատ` Եփրեմ իրենց տոհմային պատմութիւնը հասուցած է մինչեւ Միքայէլ Ա. (†1758), բայց մնացած է թերի։ Իսկ Եփրեմէն առաջ` Միքայէլ Ա. ի կենսագրութիւնը գրած է Սարգիս «մեծիմաստ » վարդապետ մը։ Եփրեմ իր «Յովհաննու Մեկնութեան » վերջը յիշատակագրած է նաեւ Միքայէլի յաջորդ Գաբրիէլ կաթողիկոսի նահատակութիւնը (10 Սեպտ. 1770, ուր . ) եւ իր կաթողիկոսացումը։ Կ'երեւի թէ չէ կրցած աւարտել իր գործին 2 ձեւերն ալ, հաւանօրէն իր բռնամահ վախճանման հետեւանօք։ Կ'երեւի նաեւ, թէ իր գործն ալ այլայլումներ կրած է, զի այս գործին ուրիշ մէկ օրինակը որմէ օգտուած է Օրմանեան` իր «Ազգապատում»ը գրելու ատեն, անուններ միայն ունի եւ (Եփրեմի ) գործերէն ոչինչ կը պարունակէ (էջ 3173)։ -Արդ, ըստ Ա. Աղբիւրի, Աջպահեանց ծագման ժամանակն է Հռոմկլայի անկումը` եգիպտ. բանակին առջեւ, եւ Ստեփանոս «պսականուն » կաթող. ի գերութիւնը (28 Յլս. 1292)։ Հռոմկլայի անկման հետեւանօք` Բերդին եկեղեցիները կը կողոպտուին ու կը կործանին, եւ Կաթողիկոսարանին բոլոր սրբութիւնք եւ հարստութիւնք, ընդ որս եւ ԱՋը, կը տարուին Եգիպտոս` իբրեւ աւար։- Եփրեմ կ'ըսէ թէ Աջպահեանց հաւն է եղած Հեթում թագաւորի եղբայր Յոհան, նախ` ամուսնացած եւ զաւակաց տէր Երէց, ապա բարձրացած եպիսկոպոսութեան։ Հեթում . ) «յետ գերութեանն եգիպտական » ԱՋը Սիս կը վերադարձնէ ու կը յանձնէ զայն իր «սիրական » եղբօր` Յովհաննէս Եպս. ի։ Այսպէս ահա ծագում կ'առնեն ու կը հաստատուին Աջպահեան ցեղն ու ատոր աւանդութիւնն ի Սիս։ Սակայն Ալիշան իրաւամբ դիտել կու տայ այս աւանդութեան սխալը ըսելով թէ Լեւոն Բ. ի որդին Հեթում Բ. չէ՛ ունեցած «Յովհ. Եպիս » անուն եղբայր մը, եւ թէ պէտք չէ շփոթել զայն Հեթում Ա. ի հետ` որ ունէր համանուն եպիսկոպոս եղբայր մը, բայց այս ալ չէր ամուսնացած, պարագա՛յ որ Եփրեմի ալ ծանօթ է։ Ալիշան դիտել կու տայ նաեւ թէ Եփրեմ ուրիշ սխալ մըն ալ ըրած է` 300 տարուան ժամանակ մը նշանակելով Աջպահեանց հաւ Յովհ. Եպս. էն մինչեւ անոր թոռ Մինաս (†1613), որով ԺԴ. դարու սկիզբը կ'իյնայ Աջպահեանց ծագումը, մինչ ըստ Ալիշանի` ան շատ շատ ԺԵ. դարու կէսէն անդին չի կրնար անցնիլ։- Աղբիւրին վրայ խօսելով, այնպէս կ'երեւի թէ Եփրեմ դիտումնաւոր զանցառութիւններ ըրած է նոյն իսկ իրեն անմիջապէս ժամանակակից Աջպահեանց պատմութիւնը գրելու ատեն։ Ալիշան որ անոր տուիքներուն վրայ յօրինած է Աջպահեանց ազգաբանական տախտակը («Սիսուան » էջ 219), սա՛ դիտողութիւնը կը կցէ ատոր. «Թուի պակաս կամ շփոթ ինչ յազգաբանութեանց ». որովհետեւ 1741ին գրուած Ձեռագրի մը կռնակը սա՛ ինքնագիր յիշատակարանը գտեր է. «Ծառայ Այ. եւ ամենայն սրբոց նորա, ես Սըսեցի Աջբանի որդի Եղիազար Վրդ. եւ հայրն իմ Տէր Մկրտիչ եկա(յ)ի Ս. Ած. ածին Եկեղեցին։ Այս եղեւ թվին ՌՃՂ (=1741) Սեպտ. ամսոյ ԺԵ. ի պատկեր աւուրն Ս. Խաչին » եւ այլն։ Եւ Ալիշան կը կարծէ թէ այս Եղիազարը թոռն ըլլայ Գ. Եղիազարու, կամ Աջպան Մինասի սերունդէն մէկը։ Բայց այս Եղիազար Վրդ. ը (=Եպիսկոպոս ) որուն մասին տո՛ղ մը իսկ չէ գրած Եփրեմ, ծանօթ է մեզ ուրիշ աղբիւրէ մը, իբրեւ մրցակից Եփրեմի, որ Կաթող. օծուած է եւ 1772ին Կ. Պոլիս գացած, Պասմաճեան Գր. Պատր. ի ատեն, կթղ. ֆերման ստանալու համար, թէեւ չէ յաջողած, եւ Եփրեմ ճանչցուած է օրինաւոր կաթողիկոս ։ -Այս նշանները ցոյց կու տան թէ Ա. Աղբիւրը լման չի ներկայնար մեզ` բովանդակութեան կողմէ։
       Բ. ԱՂԲԻՒՐ. - ԸՍՏ Ժամանակագրին` «Կիլիկեցիքն շատ նեղութիւն հասուցին կաթողիկոսին (իւրեանց ), եւ առին զերեք աջն ի կաթողիկոսէն, զՍեղբեստրոսին, զՆիկողայոսին եւ զՊարսամայն, եւ զՎահակայ (Վանկոյ ) Ս. Նշանն, եւ տուին ի Խազենց Հեթում Սպիտակ, որ յետոյ քահանայ եղեւ. (եւ ի ժամանակի արշաւանաց Շահ-Սուարի ի Սիս, յամի (1468) Աջպանն էառ զաջեր եւ տարաւ ի Կոպիտառայ [«առ Թորոս Եպսն. եւ ամրացան ի Բերդն »] քանզի երկեաւ` գուցէ անկանիցի ի ձեռս բռնաւորին» (Սիսուան, էջ 535, 539-40)։ -Այս Խազենց Սպիտակ Հեթումը (Երէց ) ասպատակողաց քաշուելէն յետոյ Կոպիտառի Բերդ տարուած սրբազան աւանդները կը վերադարձնէ Սիս, եւ այս դէպքէն տարի մը ետք, 1469 կմ. 1470, կը մեռնի մահտարաժամէ (հմմտ. Սիսուան, էջ 545ա Ալիշան դիտել կուտայ թէ Ժամանակագիրն այսուհետեւ չի յիշեր ուրիշ Աջպան, մինչեւ ԺԴ. Դարու սկիզբ` ասպատակութիւնը Սատուրճի Օղլուի որ կ'երեւի թէ երկիցս արշաւած է Սսոյ վրայ, 1598ին եւ 7Փետր. 1601ին, ըստ Եփրեմի, Սոխտա ապստամբները նուաճելու համար, որոնց գլխաւորն էր Մօհտի օղլու (Սիսուան, էջ 228, 540-1 եւ 545)։ Բ. արշաւանքը կը հանդիպի Ջուղայեցի Ազարիա կթղ. ի վերջին տարւոյն (25Փետր. 1584-†1601 Յնս. 2), գիծ ունենալով Այնթապէն Իսաւրիա եւ Սիս, Կաթողիկոսը Հալէպ կը նստի իբրեւ ապահով վայր, ըստ ամենայն հաւանականութեան։ Այդ միջոցին է որ աշխարհական Աջպան Մինաս` Ղազար Քհնյ. հօրեղբօրորդւոյն հետ Ատանա կը փախցնէ Լուսաւորչի ԱՋն եւ այլ սրբութիւններ, եւ Ազարիայի յաջորդ Անթէպցի Յովհ. կթղ. (20 Դեկտ. 1602-†1621) հոնկէ Սիս կը վերադարձնէ զայնս։ -Ահա՛ ինչ որ գիտենք առ այժմ` այս երկու աղբիւրներու համաձայն` Աջպահեանց ծագման մասին, աղբիւրնե՛ր որ թէ՛ հակասական են եւ թէ անբաւական` քիչ շատ գոհացուցիչ պատմութիւն մը գրելու համար։
       ԱՅԼ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՔ. -Ասոնցմէ զատ, ինծի ծանօթ են նաեւ 2 գրուածք` Աջպահեանց ծագման մասին։ Ա. ը կը վերագրուի Կ. Շահնազարեան Վրդ. ի (տե՛ս «Դիւան Հայոց Պատմութեան » Գիրք Դ. Յաւելուած, էջ 720-1, 729-30 եւ 738)։ Այս գրուածին համեմատ, երբ Կիլիկիա դատարկացած է գրեթէ եւ Սիս անտանելի ու անբնակելի դարձած Կաթողիկոսաց համար` ասպատակողներու բռնութենէն եւ Ձորապետներու հարստահարութենէն, Աթոռին նուիրական գոյքերուն պահպանութիւնը կը մնայ ամուսնաւոր քահանայից ձեռք, եւ այսպէս «ի ժամանակս Տ. Յովհ. Կթղ. ի Տէր-Ադամեան(? ) Հաճընցւոյ, յամի 1730, անցան ի ձեռս Յուսիկ Քհնյ. ի Սսեցւոյ կառավարութիւն եւ պահպանութիւզն գոյից Աթոռոյն, որ նա ինքն կոչեցաւ Աջապահ Տէր Յուսիկ» †1748։ Հաճընցի Յովհ. Կթղ. ի վախճանումէն ետքը` Տ. Յուսիկի որդի Ղուկաս Վրդ. կաթողիկոս կ'ընտրուի, ըստ այսմ եւ իրմով կ'սկսի Աջպահեան տոհմին ժառանգական կաթողիկոսութիւնը։
       Երկրորդն է Ա. Այվազեանի տեղեկութիւնները . Մամուլ, 1895) Գր. Արք. Ալէաթճեանի ընտրութեան առթիւ «Յաջորդութիւն Սսոյ կաթողիկոսաց » խորագրով, առանց ժամանակագրութեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց գաւազանով, սկսեալ Գրիգոր Ա. (? ) Անաւարզեցիէն, եւ քաղուած Չամչեան Հայոց Պատմութենէն ու Սիսուանէն։ Ինչ ինչ թուականներ միայն նշանակուած են հոն«փոքրիկ ծանօթութեանց » կցուած։ Այվազեան կ'ըսէ. «Ասոնցմէ ետքը կուգան Աջպահեան մետասան(? ) կաթողիկոսները. որոց մասին փոքրիկ ծանօթութիւններ տալ աւելորդ չենք համարիր, ապագային թողլով Աջպահեանց ընդարձակ կենսագրութիւնները ծրագրել եւ հրատարակել, որոց ատաղձն այս անգամ անձամբ եւ խնամօք քաղած եւ հաւաքած եմ կարի դժուարութեամբ »։ Բայց ես չեմ կարծեր որ ան քաղած եւ հաւաքած ըլլայ այնպիսի «ատաղձ » մը որ պատմականօրէն նոր բան մը աւելցնէր Եփրեմի գրածներուն վրայ։ Շատ հաւանական է որ իր քաղածներն ու հաւաքածները եղած ըլլան Եփրեմի գրածներէն ածանց աւանդութիւններ, նաեւ վերջին Աջպահեան Կաթողիկոսաց կենսագրութեան վերաբերեալ մանրադէպեր ու մանրամասնութիւններ, առ հասարակ երկրորդական արժէքով. զի Այվազեան պարզ բանաքաղ մըն է, եւ եթէ կ'ուզէք, փերթաքաղ մը , որ օրը օրին ապրելու համար կը հաւաքէր ու կը հրատարակէր պատմ. նիւթեր, առանց քննական կամ քննադատական հպումի. այնպէս որ շատ զգուշութեամբ պէտք է գործածել իր «ատաղձ»ները` պատմութիւն գրելու ատեն, ու չտարուիլ իր շաղփաղփութիւններէն։
      
       Բ.
       Աչքի առջեւ ունենալով այս աղբիւրներն ու տեղեկութիւնները, նաեւ ասոնց հաւանական այլայլումներն ու թերութիւնները, կրնանք ըսել թէ Եփրեմի աւանդածէն աւելի հին է Աջպահութեան դրութիւնն ի Կիլիկիա, եւ Աջպահեան տոհմը` միայն անոր աւանդածը չէ։ Այնպէս կ'երեւի որ համանուն 3 տարբեր տոհմերու առջեւ կը գտնուինք` մեր ուսումնասիրած տուիքներուն համեմատ. 1. - Եփրեմ Կթղ. ի տոհմը, 2. -Խազենց Հեթում Սպիտակ Երէցի տոհմը, զորս տեսանք. իսկ Գ. ը` Վահկացի Կոստանդին Կթղ. ի (1430-8) տոհմը, որուն մասին սաչափ միայն գրուած է. «Յիշեն յ'ԺԳ դարու գրիչք ոմանք Վահկացիք, որպէս Ստեփանոս Քհնյ. յամի 1280, Թորոս Քհնյ. երէց կամ կրտսեր քան զնա. եւ յառաջին կէս ԺԵ դարու Կոստանդին Կթղ. Վահկացի, որ կալաւ զաթոռն յամս 1430-8։ -Յայսմ ժամանակի թուի գրաւեալ քահանայական տոհմի միոյ Վահկացւոյ, (որ եւ թագաւորական` ըստ աւանդութեան նոցին ) զսրբութիւնս կաթողիկոսական աթոռոյն, զչորեսին աջս (Լուսաւորչին, Նիկողայոսի, Սեղբեստրոսի եւ զՊարսամայ ), եւ ժառանգականութեամբ աւանդեալ որդւոց յորդիս. վասն որոյ եւ կոչեցան Աջպանեանք, որպէս տեսցի յետոյ ի յիշատակի կաթողիկոսացն Սսոյ»(Սիսուան, էջ 163ա, ուստի եւ Կիլիկիա, Մտնդրն. «Արաքս»ի, տպ. Պտրբրգ. 1894, էջ 308-9)։
       Եթէ անհնար ըլլայ հաստատել Աջպահեան 3 տարբեր տոհմերու գոյութիւնը, պէտք է ընդունիլ այն ատեն թէ ատոնք ճիւղաւորումներ են միեւնոյն բունէն։ Ամէն պարագայի մէջ, Վահկացիք, Խազենք կամ Խազոնք, եւ Սսեցիք (կրնայ ըսուիլ նաեւ Հեթումեանք, Եփրեմ Կթղ. ի տոհմը ) տարբեր անուններ կամ տոհմանուններ են, ըլլալով հանդերձ` Աջպան կամ Աջպահ տոհմեր։
       Միեւնոյն բունէն ճիւղաւորման ի նպաստ կրնայ ենթադրուիլ թէ Եփրեմի նախահաւ Հեթում թագաւորի եւ Խազենց Հեթում Երէցի` թագաւորական (Հեթում) անուանց մէջ աղերս մը եղած ըլլայ. միւս կողմէ` տեսանք թէ Վահկացի Աջպանք ալ թագաւորատոհմ ըլլալու աւանդութիւն մը ունին։ -Այսպէս կամ այնպէս, առանց շփոթելու այս աւանդութիւններէն ու տարբերութիւններէն, երկու կերպով կարելի է մտածել Աջպահեանց ծագման վրայ. ա ) Անոնց բուն ծագումը կապ ունի Ս. Լուսաւորչի Աջին հետ, իբրեւ մասունք եւ մասնատուփ կազմութեան ժամանակին եւ ատոր կիրարկութեան հետ նուիրագործութեանց մէջ. ասոր ճիշդ թուականը չեմ գիտեր առ այժմ. բայց պահ մը ենթադրելով թէ, ըստ Եփրեմի աւանդածին, Աջպահեանց ծագման ժամանակն է ԱՋին գերեդարձը (1292-5), այդ չի նշանակեր թէ Յովհան Եպս. է առաջ չկային Աջպանք։ բ ) Աջպահեանք իրենց ծագմամբ պարզապէս պահապաններն էին ԱՋին, կամ Լուսարարը, եւ ո՛չ թէ կաթողիկոս կը պատրաստէին կամ կ'արտադրէին։ Ինչպէս տեսանք, Վահկացի Աջպահներէն` Կոստանդին կթղ. մը կայ միայն. իսկ 1441էն մինչեւ 1731 չենք հանդիպիր Աջպահեան տոհմէ ո եւ է կաթողիկոսի. եւ այս իրողութիւնը չի նշանակեր թէ Աջպահեանք գոյութիւն չունէին այդ թուականներէն առաջ։ -Սա ստոյգ է միայն որ Սսեցի Աջպահեանք որոնք` ըստ Եփրեմի աւանդածին` 1293-5էն կը ժառանգեն ԱՋին պահպանութեան իրաւունքը, միայն 1731էն սկսելով է որ կաթողիկոս կու տան Կիլիկիոյ Աթոռին։
      
       Գ.
       Մուսաբէկեան Գրիգոր կթղ. էն (†1447) մինչեւ Խապայեան Սահակ կթղ. (1902-□) 38 օրինաւոր Կաթողիկոսներ նստած են Կաթողիկոսներ նստած են Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ, եւ ասոնց մէջ 9-10 Սսեցի Աջպահեան կաթողիկոսներ կան` 1731-1866. այսինքն 135 տարիներու շրջան մը միայն կը գրաւեն Սսեցի Աջպահեան կաթողիկոսք ժառանգական իրաւունքով։ Ընդհակառակն ուշագրաւ է յոյժ, որ համեմատաբար ժամանակին ամէնէն արժանաւոր կամ նշանաւոր եկեղեցականաց մէջէն ընտրուած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ։ Եւ 38 կաթողիկոսներէ` ծննդավայրի խմբաւորմամբ`կը տեսնենք թէ ամէնէն շատը Սսեցի են, թուով 10, եւ անոնցմէ մին ալ թէեւ Սսեցի` բայց Աջպահեան չէ։ Յետոյ կու գան Սեբաստացի 4 կաթողիկոսներ. յետոյ` Զեթունցի 3, Կեսարացի 2, Հաճնցի 1, Սարաձորեցի 1, Անտիոքցի 1, Թլկուրանցի 1, Քիլիսցի 1, Ջուղայեցի 1, Անթէպցի 1, Կարկառեցի 1, Կարնեցի 1, Ատանացի 1, Սասունցի 1, Մարաշցի 1, Խարբերդցի (Եղէգ ) 4 Կաթողիկոսներու ծննդավայրն անծանօթ։ 38էն դուրս` 3 Բերիացի (Հալէպ ) կաթողիկոսներ կան, ապօրէն եւ անվաւեր։ Նոյնպէս, արդէն վերեւ տեսանք, կայ Սըսեցի Աջպահ անվաւեր 1 կաթող. (Եղիազար ). դարձեալ` ուրիշ 4 անվաւեր եւ ապօրէն կաթողիկոսներ` որոնցմէ մին Կ. Պոլսեցի (Գազանճեան Յովհ . Եպս.
       Ամփոփելով մինչեւ ցարդ ըսուածները, շատ հաւանական կը թուի ինձ ընդունիլ Աջպահեան տոհմին կամ տոհմերուն հնութիւնը, եւ ընդունիլ` միայն իբրեւ պահապան կամ լուսարար Աջին եւ Աջերուն եւ ուրիշ նուիրական աւանդներուն եւ անօթներուն Կաթողիկոսութեան. բայց իբրեւ կաթողիկոս պատրաստող Տուն` միայն 1731ին էր որ երեւան կու գայ Սսեցի Աջպահեան տոհմը, ըստ վաւերական պատմութեան, Տ. Ղուկաս Աջպան Կթղ. ին գահակալութեամբ։ Այս տոհմը, գրեթէ առանց բացառութեան, իր ամէնէն կարող ու փայլուն զաւակները փայլեցուցած է Սսոյ Աթոռին վրայ. ամէնքն ալ փառաւոր դէմքեր, իբրեւ շինող-շէնցնող, անձնազոհ, եւ իբրեւ խելքի ու նոյն իսկ գրչի մարդ։
       Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան ջնջումէն վերջ, Սսոյ լեռները որջ եղան իսլամ բռնաւորներու եւ ձորապետներու։ Կաթողիկոսք ստիպուեցան թափառական շրջիլ իրենց ժողովուրդին մէջ եւ մասնաւորապէս Հալէպ` որ անմատչելի էր լեռնային բռնապետներու հարստահարութեանց։ Այս է պատճառը որ Հալէպ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսական սահմաններուն մէջ եղաւ կաթողիկոսանիստ Բ. կեդրոն մը, եւ անշուշտ նաեւ այս պատճառաւ է որ իր այս բացառիկ դիրքը դիւրութիւններ ընծայեց օրինաւոր Աթոռակից Կաթողիկոսներու ստեղծման, ինչպէս եւ ինքնակոչ կաթողիկոսաց գոյութեան։
       Պէտք է մասնաւոր խնամքով դիտել նաեւ որ Սսեցի Աջպահեան կաթողիկոսներ Կիլիկիոյ Աթոռը պահած են իրենց արեան գնով. անոնք կենազրաւ եղած են բռնի` մոլեռանդ իսլամ Ձորապետներու կողմէ` սրով կամ թոյնով։ Աջպահեանց տոհմն ու տունն այսպիսի բռնութեանց եւ հարստահարութեանց ներքեւ տկարացաւ ու մաշեցաւ հետզհետէ. եւ Մեծն Կիրակոսէն ետքը բոլորովին խոնարհեցաւ Աջպահեանց աստղը։ Իսկ Կիրակոս Բ. ին ջանքերն ու ձեռնարկները կարող չեղան վերահաստատելու Աթոռին փառքն ու բարձրութիւնը։ Այդ հիւծումին եւ մաշումին հետ ի գործ դրուած յայտնի զեղծումներ` որոնց արմատները թաղուած էին անցեալի մէջ, այնչափ անհանդուրժելի եղան որ Կ. Պոլսոյ Ազգ. Պատրիարքարանը պարտաւորուեցաւ միջամտելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսական գործերուն եւ հսկելու ատոնց վրայ. առաջին փորձն ըրաւ` պետական ազդեցութեամբ գահազուրկ ընելու Հալէպի առաջնորդ` Սսեցի Կիւնէսէրեան (եւ ո՛չ թէ Աջպահեան ) Նիկողոս Եպս. ը, որ, հակառակ Պատրիարքարանի նոր կարգադրութեանց կաթողիկոս օծուած էր «Կիրակոս Գ . » անուամբ (11 Յնս. 1866), եւ յետոյ աքսորել տալով զայն Արմաշու վանքը (1872)։
       Պատրիարքարանը զայն գահազուրկ հռչակելէ ետքը, ժողովրդ. ընտրութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կոչեց Մարաշցի Քէֆսիզեան Մկրտիչ Արք եպս. ը (27 Հոկտ . 1874 -†1894 Նոյ. 8), որ, դժբախտաբար, իր 23 տարիներու անընդհատ եւ ապահով պաշտօնավարութիւնը հռչակաւոր ըրաւ սին աղմուկներով եւ փայլուն ապիկարութեամբ մը. զի փոխանակ Պատրիարքարանի հետ ձեռք ձեռքի գործելու` շարունակ գլուխ բռնեց ընդդէմ Ամ. Հայոց Կաթողիկոսութեան, զզուեցուց Պատրիարքարանը` որ ամէնէն զօրաւոր ու բնական թեւ-թիկունքն էր Կիլիկիոյ Աթոռին, չսիրուեցաւ ժողովուրդի մէջ, եւ իբրեւ անորակելի արծաթասէր փնտռել տուաւ Աջպահեանց ամենատկար կաթողիկոսն իսկ, եւ մա՛նաւանդ վերջին «Կիրակոս Գ. »ը որ գործունեայ եւ պարկեշտ հոգեւորական մըն էր, ողջմիտ, ազգասէր, շինարար, արտաքին կերպարանքովն ալ` համակրելի ու պատկառելի։
       Նիկողոս Եպս. կարծուած է Աջպահեան, ինչ որ սխալ է. բնիկ Սսեցի է, Աջպահեանց ազգական մը, բայց ոչ համանուն տոհմէն։ Աջպահեան Յարութիւն Եպս. որ կթղ. օծումը կատարեց` տայը (մօրեղբայր ) կ'ըսէր Նիկողոսի, մականուանեալն Կիւնէսէրեան։ -Յարութիւն Եպս. ապա իսլամացաւ` Էմին էֆ. անուամբ։
      
       ՍՍԵՑԻ ԱՋՊԱՀԵԱՆ 10 ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ
       Ա. ) 1731-†1737 Յլս. Տ. Ղուկաս, որդի Աջպան Տ . Յուսիկ Քահանայի։ Երիտասարդ , շինող։
       Բ . ( 1737 Նոյ. - †1758, Տ. Միքայէլ Ա ., եղբայր Ղուկասու։ Յանդուգն, ձեռնարկող։
       Գ. ) 1758-†1770 Սեպտ. 10, Տ. Գաբրիէլ, եղբայր Ղուկասու եւ Միքայէլի։ Ուսեալ։ Նահատակ։
       Դ. ) 1771-†1784 Յլս. Տ. Եփրեմ Ա ., որդի Աջպան Տ. Մարկոս Քհնյ. ի եւ եղբօրորդի Միքայէլի եւ Գաբրիէլի։ Աշակերտ Գաբրիէլի. պատմագիր, մեկնիչ։ Նահատակ։
       Ե . ) 1772, Տ. Եղիազար, որդի Աջպան Տ. Մկրտիչ Քհնյ. ի։ Անվաւեր։ Նահատակ։
       Զ . ) 1784 Սեպտ. 6-†1796 Սեպտ. 24, Տ. Թէոդորոս, կթղ. օծուած Կ. Պոլիս, Մայր-Եկեղեցի, Կաղզուանեցի Զաքարիա Պատր. ի ձեռքով։ Հրեշտակակրօն ու շինող հոգեւորական։ Նահատակ։
       Է . ) 1797 Փետր. 14. - †1822 Սեպտ. 10, Տ. Կիրակոս Ա ., Մեծն։ Եղբօրորդի Թէոդորոսի։ Երկրորդ, շինող ` բառին լման իմաստով։ Ազգասէր։ Սիրելի բոլոր ազգին։ Նահատակ։
       Ը. ) 1823-հրժր. 1833, Տ. Եփրեմ Բ. Տէր Մանուէլեան, եղբօրորդի Կիրակոս Ա. ի։ Պատանի։ Մեռ. «քոլերա»է։
       Թ . ) 1833-1855, Տ. Միքայէլ Բ. Ղուկասեան, հարիւրամեայ։ Իր օրով Կիլիկիա այցելեց Վ . Լանկլուա։ Բարեկարգիչ։ Անթէպի «Քիւֆ»ը (հայ կանանց գլխազարդ ) վերցնել կու տայ։
       Ժ . ) 1855 Դեկտ. 24-1866, Տ. Կիրակոս Բ ., ուսած Կ. Պոլիս։ Կրթասէր։ Սա՛ է որ Եպիսկոպոս ձեռնադրեց Վարժապետեան Ներսէս Պատր. ը։ -Խրիմեան ալ, դեռ աշխարհական , Պատրիարքարանի կողմէ քննիչ եւ ուսուցիչ ղրկուեցաւ Կիլիկիա` Կիրակոս Բ. ի ատեն, բայց չկրցան զիրար հասկնալ, եւ Խրիմեան ստիպուեցաւ վերադանալ Կ. Պոլիս։
      
       Երուսաղէմ , 30 Մայիս, 1925
      
       ԾՆԹ . - Այս ուսումնասիրութիւնն ալ տպուած է Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը»ին մէջ , 1926, էջ 603-610։ Ներկայս շարուեցաւ նախորդին տպագրական փորձին վրայէն` Հեղինակին կողմէ տեղաւորուած իր ձեռագիրներուն կարգին։
       Ն. Վ . Պ.