Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մկրտիչ Կաթողիկոս Քէֆսիզեան վախճանեցաւ 1894 Նոյմ. 8-ին, Սահակ Բ. Խապայեան ընտրուեցաւ 1902 Հոկտ. 12-ին, ըսել է թէ Քէֆսիզեանի մահուանէն վերջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռը 8 տարիներ թափուր մնաց, ուստի այդ 8 տարուան պատմութիւնը համառօտ մը ընենք եւ ապա անցնինք Սահակ Բ-ի պատմութեան որ լի է դժբախտութեան, կոտորածի եւ տարագրութեան սրտաճմլիկ դրուագներով։
       Պոլսոյ Ազգ. Վարչութիւնը որոշեց, 1895-ին, գրեթէ Քէֆսիզեանի վախճանումէն 5 ամիս վերջ, անոր յաջորդին ընտրութիւնը կատարել։ Ընտրութեան նախագահելու պաշտօնը յանձնուեցաւ Գրիգորիս Յովհաննէսեան Եպիսկոպոսի որ Ասպահանի առաջնորդութենէն հեռացուելէ վերջ Կ. Պոլիս եկած եւ նոյն իսկ Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ եղած էր։ Յովհաննէսեանի պաշտօնագրերը կը ստացուին 1895 Մարտ 30-ին եւ դէպի Ատանա կը մեկնի Ապրիլ 12-ին, ուր պէտք եղած պատրաստութիւնները լրացնելով ընդհանուր ժողով կը գումարէ Մայիս 24-ին եւ այդ նստին մէջ հնգանուն ցանկը կազմել կուտայ, հետեւեալ կերպով
       Քուէ
       Մատթէոս Եպիսկ. Իզմիրլեան 51
       Մելքիսեդեկ » Մուրատեան 50
       Գրիգորիս » Ալէաթճեան 49
       Գրիգորիս » Յովհաննէսեան
       Հմայեակ » Դիմաքսեան
      
       Իսկ Կեդրոնական Խառն Ժողովը Մայիս 30-ին եռանուն ցանկը կազմեց Ալէաթճեան 16, Յովհաննէսեան 14 եւ Թահմիզճեան 14 քուէով։
       Կեդրոնական Խառն Ժողովը պարտաւոր էր տեղական ընդհանուր ժողովի հնգանուն ցանկէն երեք յանձնարարելիներ առնել, մինչ կը տեսնենք որ Պետրոս Եպս. Թահմիզճեան ալ կ'առնուի, որուն անունը չենք տեսներ հնգանուն ցանկին մէջ. կարծես թէ Կեդրոնական Խառն Ժողովը այնպիսի երեք ընտրելիներ կը յանձնարարէր որ Ալէաթճեան ընտրուէր, ինչպէս որ Յունիս 7-ին ընտրուեցաւ եւ Ալէաթճեան ալ ընդունեց։
       Գրիգորիս Եպս. Ալէաթճեան Պոլսեցի էր, բայց աւելի գաւառներուն մէջ անցուցած էր իր ժամանակը, թէ եկեղեցականութենէն առաջ եւ թէ վերջը. վարած էր Առաջնորդական պաշտօններ Երզնկայի, Բաբերդի, Մուշի եւ Վանայ մէջ, գործունեայ եւ ձեռներէց, միեւնոյն ժամանակ յանդուգն եւ բուռն, տեղէ տեղ փոխուած, կասկածի ենթարկուած, Պոլսի բերուած եւ Իւսկիւտար քարոզչութեան պաշտօն ունէր եւ նոյն իսկ Կրօնական Ժողովոյ անդամակցութիւնը չէր վաւերացուած կառավարութենէ եւ հաւանականաբար իր Կաթողիկոսական ընտրութիւնն ալ ընդդիմութեան հանդիպէր կառավարութեան կողմէ, ինչպէս որ ալ եղաւ եւ պատճառ դարձաւ ոչ միայն երկար ատեն Աթոռին թափուր մնալուն, այլ նաեւ միջանկեալ տգեղ դէպքերու։
       Այս պարագան էր որ Կիլիկիոյ Եպիսկոպոսներէն Նիկողայոս Դաւիթեան, Յովհաննէս Գազանճեան եւ Աբրահամ Մամիկոնեան, իրենց գործակից ունենալով Կէօքճեան Կիրակոս Վարդապետը, ընտրութենէն շաբաթ մը վերջ, Յունիս14-ին, յանուն Կիլիկիոյ Թեմականներուն բողոքագիր մատուցին կառավարութեան թէ եղած ընտրութիւնը ընկալեալ սովորութեանց եւ տիրող կանոնաց հակառակ էր, իբր զի ընտրութեան մէջ մասնակցութիւն ունեցած չէ Աթոռին Եպիսկոպոսական Ժողովը, եւ Աթոռին Եպիսկոպոսներէն չէ ընտրեալը, ինչպէս սկիզբէն ի վեր Աթոռին կանոնն եղած է։
       Կառավարութիւնը բացատրութիւն կը պահանջէ Պատրիարքարանէն եւ Խառն Ժողովը, Ընդհանուր ժողովոյ բացակայութեան, անոր գործը իւրացնելով, օրինական եւ վաւերական դատեց ընտրութիւնը եւ Յունիս 16-ին զայն հաստատեց։ Բայց բողոքող երեք Եպիսկոպոսներ եւ Վարդապետը Պոլիսէն կը մեկնին Յունիս 29-ին եւ Սիս հասնելով գաղտագողի կերպով Յովհաննէս Գազանճեանը Կաթողիկոս կ'օծեն Յուլիս 18-ին, կարծելով այդու յաղթանակը տարած ըլլալ։ Եւ եթէ այս ապօրինի արարքը ընողները Աթոռին Եպիսկոպոսաց իրաւունքը պաշտպանել կը պատրուակէին, պէտք չէին մոռնալ որ իրենցմէ դուրս կալին նաեւ Կիրակոս Բէքմէզճեան, Կարապետ Քէչէճեան եւ Մկրտիչ Վեհապետեան Եպիսկոպոսները, որոնք համամիտ եւ գործակից չէին իրենց։
       Կեդրոնական վարչութիւնը Յուլիս 19-ին յայտարարութեամբ կը մերժէր Գազանճեանի կարծեցեալ Կաթողիկոսութիւնը եւ ըստ այնմ կը հաղորդէր կառավարութեան, եւ կառավարութիւնն ալ կը պարտաւորուէր զայն չճանչնալ, բայց միեւնոյն ժամանակ Ալէաթճեանի համար տրուած տեղեկագրին ալ ընթացք չէր տար, անոր անձին մասին եղած դիտողութիւններուն առարկութեամբ, իսկ ընդհակառակը Գազանճեանի չզլացաւ իր գաղտնի եւ անուղղակի պաշտպանութիւնը եւ ատկէ քաջալերուած Գազանճեան հանդիսաւոր մուտք գործեց Ատանայի եկեղեցին, ուր առաջին անգամ իր անունը յիշատակուեցաւ իրբեւ Կաթողիկոս, ասդին ալ կառավարութիւնը վերջնականապէս մերժեց Ալէաթճեանի Կաթողիկոսական ընտրութիւնը։ (Ազգպտմ. հատոր Գ. էջ 5050, հատուած 2989)
       Ալէաթճեանի ընտրութենէն վերջ անցան երկու եւ աւելի տարիներ։ Այդ ժամանակամիջոցին դժբախտ դէպքեր պատահեցան, կոտորածներ, հալածանքներ, Իզմիրլեան Պատրիարքի հարկադրեալ հրաժարումը, Երուսաղէմ աքսորուիլը, Բարթողիմէոս Չամիչեան Եպս. ի Տեղապահութիւնը եւ վերջապէս Օրմանեան Եպիսկոպոսի Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ըլլալը, Գազանճեան Եպիսկոպոսի կառավարութեան ձեռքով Կիլիկիայէն 1897 Մարտի սկիզբները Պէյրութ աքսորուիլը, անկէ դուրս չելլելու պայմանաւ, Օրմանեանի պահանջումով։ Սակայն, հակառակ Օրմանեանի ջանքերուն, Սուլթան Համիտ, բացարձակապէս մերժեց Ալէաթճեանի ընտրութեան վաւերացումը եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը դժուարին կացութեան մը առջեւ գտաւ ինքզինքըվ։ Չէր կրնար հարկադրել կառավարութիւնը որ հաստատէ Ալէաթճեանի ընտրութիւնը եւ ոչ ալ կրնար սոյն ընտրութիւնը չեղեալ նկատել, որովհետեւ թէ նախընթաց մը չունէր եւ թէ ժողովրդական դիտողութիւններէ կը զգուշանար, եւ միեւնոյն ժամանակ համոզում գոյացուցած էր որ Ալէաթճեան պիտի չկրնար վաւերացուիլ եւ սակայն չէր ալ ուզեր որ Կիլիկիոյ Աթոռը շարունակէր թափուր մնալ, ուր ժողովուրդը անգլուխ մնացած` օտար մարդորսներու համար դիւրին որս մըն էր։ Ուստի Կեդրոնական Վարչութիւնը 1899-ին Զատկէն վերջ որոշում կուտայ նոր ընտրութեան ձեռնարկել։ Թէպէտ զանազաններէ դիտողութիւններ կը լսուին, բայց 1899 Օգոստոս 15-ին, Ալէաթճեանի անակնկալ վախճանումով այդ դիտողութիւններն ալ կը վերջանան եւ Ազգ. Վարչութիւնը Սահակ Եպս. Խապայեանը կ'որոշէր իբրեւ պատուիրակ Ազգ. Վարչութեան` երթալ Ատանա, ընտրութեան նախագահելու։
       Սահակ Եպիսկոպոս հազիւ թէ 1900 տարւոյ Փետրվարի սկիզբները Ատանայ կը հասնի եւ պարտուպատշաճ պատրաստութիւնները կը տեսնէ, բայց յանկարծ կը լսուի որ Ատանայի Կուսակալը Պոլսէն առած հրամանով եւ Կրօնից Տեսչութեան օգնականին աջակցութեամբ, Պատրիարքական Պատուիրակին ներկայութիւնն ալ անտեսելով, կը հրամայէ Տեղապահ Բէքմէզճեան Կիրակոս Եպիսկոպոսի` Ընրողական Ժողովը գումարել եւ իր նախագահութեան տակ ընտրութիւն կատարել տալ։ Տեղապահը հրաւիրագրեր կ'ուղղէ ընտրողներու եւ ժողովի կը հրաւիրէ Մարտ 10-ին։ Կուսակալին հրամանը կը շեշտէր նաեւ նախ ընտրելիներու ցանկ կազմել, յետոյ այդ ցանկը ղրկել Արդարութեան եւ Կրօնից Նախարարութեան եւ ցանկին զեղչուելով դառնալէն վերջ ընտրութիւնը լրացնել եւ Նախարարութեան յղել եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանէն անկախաբար գործը աւարտել։ Այսպէսով, ինչ որ Քէֆսիզեան աշխատեցաւ ընել ու չյաջողեցաւ, այս անգամ ինքնին կը կատարուէր, ազգութիւնը երկուքի կը բաժնուէր եւ Կիլիկիոյ համար նոր հայ ազգութիւն մը կը կազմուէր։
       Կեդրոնական Վարչութիւնը անմիջապէս խիստ հրահանգներ կը ղրկէր Կիլիկիոյ կարեւոր Թեմերուն, Պատրիարքարանի հրահանգներուն համեմատ գործել եւ առանց Պատուիրակի Նախագահութեան ընտրութիւն չկատարել։ Պէտք է ըսել որ Պատուիրակ Սահակ Եպիսկ. Խապայեան օրինաւորութեան պաշտպան կը կանգնէր, Տեղապահ Բէքմէզճեան Պատրիարքարանի հրահանգաց համակերպելու պատրաստականութիւն կը ցուցնէր, նոյնպէս Կիլիկեցիներն եւ մասնաւորապէս Ատանացիներն չէին ուզեր Պատրիարքարանէն զատուիլ։ Եւ երբ արդէն Մարտ 10, գումարման օրը կը մօտենար, Մարտ 8-ին Օրմանեան Պատրիարք կը հրաժարէր Պատրիարքութենէ թէ ինքն ամբողջ Թրքահայոց Պատրիարքն է եւ չի կրնար ընդունիլ որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընտրուի առանց Պատրիարքարանի անմիջական հսկողութեան։ Օրը հասած էր. ընտրողները ներկայ էին։ Թէպէտ Պատուիրակ եւ Տեղապահ համաձայնած էին առանց Պատրիարքարանի հրահանգին ժողով չգումարել, սակայն հարկեցուցիչ բռնադատութեան առջեւ կը զիջանին ժողովին բացումը միայն կատարել, ուր Կուսակալը հեռագրական հրաման մը կը հաղորդէր, ընտրութեան մասին կը խօսէր եւ կը մեկնէր, որուն կը յաջորդէր Կրօնից օգնականը որ Նախագահութեան Աթոռը գրաւելով անմիջական ընտրութեան կը ստիպէր։
       Պատուիրակը ժողովին կը հաղորդէ թէ իր համաձայնութիւնը Կուսակալին հետ տարբեր կերպով էր, քան ինչ որ օգնականը կը պահանջէր։ Ինքն կը մեկնի, եւ երբ օգնականը կը կրկնէ ժողովականներուն որ քուէարկեն, ժողովականք կը յայտարարեն թէ միայն Պատուիրակի նախագահութեան ներքեւ կրնան քուէ տալ, այսպէսով ընտրական գործողութիւնը պարապի կ'ելլայ։ Մէկ կողմէն ընտրողներու բացարձակ մերժումը եւ միւս կողմէն` Պատրիարքին հրաժարականը, կը կասեցնեն ընտրական գործողութիւնը եւ ի վերջոյ Ապրիլ 13-ին Կառավարութիւնը կը յայտարարէ թէ առանց ազգային միջամտութեան ընտրել տալու մտքէն կը հրաժարի, պայմանաւ որ ընտրելիներու ցանկը Նախարարութեան ներկայացուի եւ զեղչեալ ցանկին վրայ միայն ընտրութիւնը կատարուի։
       Այս անգամ ալ այս պայմանին վրայ ամիսներով բանակցութիւն կը կատարուի Կառավարութեան հետ, մինչ Պատուիրակ Սահակ Խապայեան, իր Լուսարարապետի պաշտօնին բերմամբ, 9 ամիսներ Կիլիկիա անցընելէ վերջը, 1900 Նոյեմբերին կը վերադառնար Երուսաղէմ ուր իր ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր տօնական օրերու պատճառաւ։ Մինչ Ազգ. Պատրիարքարանի Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովները յաջորդաբար ժողովներ կ'ընէին, Կառավարութեան պայմանը կարենալ չընդունելու համար, սակայն ի վերջոյ, վեց ամիսներ յետոյ, կը ստիպուին տեղի տալ, խորհելով որ աւելի պատուաւոր է ընտրութենէն առաջ զեղչել տալ քան ընտրութենէն վերջ մերժուիլ։
       Ալէաթճեանի օրինակը տակաւին թարմ էր։ Բաց աստի Սահմանդրութեան մէջ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական ընտրութեան մասին ոեւէ տրամադրութիւն չկար եւ ոչ ալ անունը կը յիշուէր։ Ուրեմն Վարչական ժողովները օրէնքին մէջ յենարան մը չունէին, Կառավարութեան պայմանը մերժելու համար։ Ուստի Կեդ. Վարչութիւնը երկրորդ անգամ հրաւիրեց զԽապայեան Եպիսկոպոս իբրեւ Պատրիարքարանի Պատուիրակ Կաթողիկոսական ընտրութեան Նախագահելու համար եւ Խապայեան Եպիսկոպոս միայն 1901 օգոստոսին կրցաւ Ատանա գալ իր Լուսարարապետի պաշտօնի պարտաւորութիւններն լրացնելէ վերջ։
       Երբ Ատանա հասաւ սկսաւ զբաղիլ ժողովի կազմութեամբ, Պատգամաւորներու ընտրութեամբ եւ նոյն իսկ կանուխէն բանակցեցաւ Կուսակալին հետ թէ ինքն պիտի նախագահէր ժողովին Կուսակալին ներկայութեանն ալ։ Այս գործողութիւններն բաւական ժամանակ առին եւ 1901 Հոկտ. 20-ին ժողովը գումարուեցաւ, ընտրելեաց վեցանուն ցանկը պատրաստուեցաւ, որուն գլուխը կը գտնուէին երկու Սաղիմական Եպիսկոպոսներ.
      
       Քուէ
       1. Սահակ Եպս. Խապայեան 50
       2. Գէորգ »Երեցեան48
       3. Վահրամ » Մանկունի 45
       4. Հմայեակ » Դիմաքսեան 44
       5. Գրիգորիս » Յովհաննէսեան 30
       6. Մաղաքիա » Օրմանեան 28
      
       Քուէարկուները 54 էին եւ սոյն ցանկը ղրկուեցաւ Նախարարութեան։ Ուր ուրեմն Նոյմբ. 23-ին զեղչուած ցանկը վերադարձուեցաւ, Սաղիմական երկու եպիսկոպոսներու Սահակի եւ Գէորգի անուններով։ Որով շատ որոշ էր, եւ նայելով առաջին քուէարկութեան ամենահաւանական ընտրելին Սահակ Եպիսկ. Խապայեանն էր։ Բայց Նոյմ. 29-ին կատարուած քուէարկութեան, Գէորգ Եպս. Երէցեան առաւ 32 քուէ, իսկ Պատուիրակ Խապայեան Եպս. միայն 27 քուէ, միւսէն 5 քուէ պակաս։
       Այսպէս կամ այնպէս Կիլիկիոյ ընտրեալ Կաթողիկոսն էր Գէորգ Եպս. Երէցեան, որ ընտրուած ըլլալէն գոհ կը թուէր եւ շնորհաւորութիւններն ու այդ առթիւ յայտնուած ցոյցերն մտադիւր կ'ընդունէր։ Գրեթէ երկու շաբաթներ, մինչեւ Դեկ. 13 ամէն ոք ի Պոլիս եւ Կիլիկիոյ ժողովուրդն ամբողջութեամբ կը կարծէին որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական ընտրութեան գործը տարիներ տեւելէ վերջ վերջացած էր յանձին Գէորգ Եպս. Երէցեանի, որ Դեկ. 13-ին, անակնկալ կերպով, կը հրաժարէր եւ այդ հրաժարականը Դեկ. 14-ին ժողովին կը ներկայացուէր որ պատասխանեց հրաժարականին անընդունելի լինելը։ Դեկ. 20-ին կրկնեց իր հրաժարականը, որուն պատասխանեց Օրմանեան Պատրիարք երկար նամակով մը, զոր ստորեւ կը դնենք։
       Պատուիրակ Խապայեան Սրբազանը ընտրութենէն անմիջապէս վերջ պատրաստուեցաւ Երուսաղէմ մեկնիլ, ուր իր ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր։ Թէ տօնական եւ թէ ուխտաւորական օրերու մօտ ըլլալէն զատ մանաւանդ Յարութիւն Պատրիարքն ալ հիւանդ էր։ Ուստի Դեկ. 4-ին մեկնեցաւ դէպի Երուսաղէմ։ Թէպէտ Օրմանեան Պատրիարքի Ազգապատումի Գ. հատորի 5132 էջի եւ 3019 հատուածի մէջ մէկ կողմէն Օրմանեան Պատրիարքի պնդումներն ու միւս կողմէ Երեցեան Եպիսկոպոսի հրաժարման պատրուակներն կը կարդանք, սակայն ստոյգ աղբիւրէ մեր քաղած տեղեկութեանց վրայ յենլով կրնանք ըսել թէ գլխաւոր միակ պատճառը Յարութիւն Պատրիարքի հիւանդութիւնն եւ Ղեւոնդ Վրդ. Մագսուտեանի այդ օրեր Գէորգ Երէցեան Եպիսկոպոսի ուղղած նամակն էր, որ ընտրութենէն 14 օր վերջ Գէորգ Եպս. հրաժարեցաւ եւ ցվերջ պնդեց իր հրաժարականին վրայ, վասն զի իր մտերիմն ու բարեկամն Ղեւոնդ Վրդ. գրած էր «որ խոհեմութիւն չէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական պաշտօնը ընդունիլ այնպիսի ատեն մը որ Երուսաղէմի Պատրիարքը ծեր եւ հիւանդ է ու անոր վախճանման պարագային Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռը Ձեզի համար պատրաստ է »։ Անշուշտ է որ Գէորգ Եպս. նախամեծար պիտի համարէր Երուսաղէմի Պատրիարքական հանգստաւէտ եւ ճոխ Աթոռը, քան թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փշոտ ու աւերեալ Գահը։
       Ինչ որ է անցնինք Օրմանեան Պատրիարքի նամակին, որուն կը յաջորդէ Գէորգ Եպս-ի պատասխանը։
      
       ՊԱՏՃԷՆ
       ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ
       ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՕԼԻՍ
      
       Համար 10568 9 Յունուար 1902
       Սրբազան եւ Պատուական Եղբայր
      
       Անցեալ Նոյեմբեր 29-ի ընտրութեան օրէն քառասունք մը կը լրանայ ահա՛, եւ Ձեր կողմանէ ցոյց տրուած դժկամակութիւնը արգելք կլինի ընտրողական գործողութեան լրացումը տեսնել, եւ ինծի՛ որ այդ գործողութեան պաշտօնեայն կգտնուիմ եւս քան զեւս պարտաւորութիւն կը շատնայ օրինաւորապէս արտայայտեալ եւ ընդհանրապէս գնահատեալ կէտ մը կատար հասցնել։ Մի՛ ցաւիք ուրեմն եթէ ներկայիւս կդառնամ կրկնել ինչ որ բազմիցս խօսելու եւ բացատրելու եւ պնդելու եւ ստիպելու առիթ ունեցայ։ Ձեր անձին ունեցած սէրս մտերմական է` եւ վկայիւք հաստատուելու պետք չունի, տեւողական իրականութիւնը եւ Ձեր խղճին վկայութիւնը կայ։ Բայց այդ սէրը չ'արգիլեր զիս բռնութիւն գործածել Ձեր վրայ, եւ մինչեւ իսկ կրկնութիւններով ձանձրացնել։ Զեզ կը սիրեմ, բայց Ձեզմէ աւելի կսիրեմ եւ պէտք է սիրեմ եկեղեցիս եւ ազգս, եւ ասոնց օգուտը յայտնապէս տեսած ատենիս` չեմ կրնար Ձեր անձին եւ Ձեր յօժարութեան պայմաններուն ոյժ տալ։ Այդ կերպով` ոչ թէ Ձեզի ունեցած սիրոյս դէմ մեղանչած կըլլամ, այլ ընդհակառակն սիրոյս ուղիղ եւ ճշմարիտ եղած լինելը հաստատած։ Հաւատացէ'ք, եղբայր պատուական որ Ձեր յամառ դժկամակութիւնը անբացատրելի կմնայ ընդհանրութեան աչքին առջեւ եւ ո՛չ Ձեր գիրերը եւ ո՛չ Ձեր խօսքերը չեն կրցած ցարդ ըստ բաւականին լուսաւորել այդ կէտը, եւ ոչ այնպիսի փաստ մը դնել առջեւ որուն դիմաց ամեն լեզու պարտաւորուի լռել։ Ընդհակառակն երբ հրաժարականներ պատ ի պատ ձեւերով կտրուին եւ հիմնական դժուարութիւն չեն ցուցներ, սովորական այլ անօգուտ համիմաստութեան մը կերպարանը կը առնուն, եւ թախանձանքը շատցնելու առիթ կընծայեն, եւ իսկապէս դուք ալ նոյնը կտեսնէք Ձեր շուրջը եւ չգիտեմ թէ տեսնելու ալ կը սիրէ՞ք։ Դեկտեմբեր 13 եւ 20 թուականներով Ձեր գրած հրաժարականները աչքիս առջեւն են այս վայրկենիս եւ կրկին ընթերցմամբ ջանացի անտի որեւէ հիմնական փաստ մը քաղել, բայց անհնար եղաւ գտնել։ Դուք կըսէք թէ կանխաւ հրաժարեր էք, հետեւաբար այժմ ընդունելու պարտաւոր չէք։ Բայց այդ հրաժարականները Ձեր կողմանէ Ձեր մտերիմ եւ եղբայրակից Սահակ Սրբազանի գրուած նամակներուն շրջանակէն դուրս չեն ելած, ո՛չ հրատարակութիւն կայ, ոչ Վարչութեան ուղղեալ գրութիւն, եւ ո՛չ պաշտօնական մի գործողութիւն։ Երբ ընտրելեաց ցանկը երկու անունի վերածուեցաւ եւ Ձեր ընտրելիութիւնը ոչ եւս կանուխ ժամանակաց նման հեռաւոր հաւանականութեան կէտ մըն էր, այլ կէս առ կէս մերձաւորութեան վիճակը զգեցաւ, դուք յայտնապէս լռեցիք եւ երբ ընտրութիւնը կատարուեցաւ, դուք երկու շաբաթ շարունակ եւ մտադիւր շնորհաւորութիւններ ընդունեցաք եւ ամեն կողմէն, եւ նոյն իսկ Ամենաբարձր կողմէ արտայայտուած գոհունակութիւնը լսեցիք եւ լռեցիք , մանաւանդ թէ հաւանեցաք։ Առ այս այլեւս մտերմական խօսակցութիւններ մէջտեղ դնելու մեղադրանքն ալ պիտի չկրեմ, յիշեցնելով մեր մէջ եղած խօսակցութիւնները։ Մէկ երկու օր վարանեցաք ստուգիւ, եւ ես եղայ Ձեզ սրտապնդողը, եւ ուրախութեամբ տեսայ, թէ վարանումը նպաստաւոր կողմը վերջացաւ, եւ միասին սկսանք ծրագիրներ կազմել թէ ի՞նչ ճամբով եւ ո՞ր ժամանակ եւ ի՞նչ պայմաններով պէտք է կատարել Ձեր ուղեւորութիւնն Սիս, թէ ո՞ր անձեր որ գործերու եւ ո՞ր գործեր որ անձերու ի դէպ է յանձնել Կաթողիկոսութեան պէտքերը լրացնելու, թէ ի՞նչ արտաքին եւ դրական միջոցներու պէտք կայ եւ ի՞նչ կերպով հնար է հայթայթել, թէ ի՞նչ կազմակերպութիւն յարմարագոյն է Կաթողիկոսական աթոռոյն Վարչութեան, թէ ի՞նչ հիմերու վրայ ի դէպ է հայրապետական եւ ազգապետական աթոռներու հետ ուղիղ եւ օգտակար եւ տեւողական յարաբերութիւններ կազմաւորել, այս եւ ասոնց նման կէտեր մեր մէջ խօսուեցան շարունակ. մինչ միւս կողմանէ կշարունակէին շնորհաւորութիւնք, լրագրական հրատարակութիւնք, լրացեալ իրողութեան բացատրութիւնք, եւ ձեւակերպութիւնք, որոց դիմաց մտերմական կամ մասնաւոր շրջանակի մէջ կանխաւ եղած նամակագրութիւնք կամ ոյժ չունէին կամ ունեցածնին կորուսած կլինէին։ Հետեւաբար «ես արդէն հրաժարած էի » յայտարարութիւնը զոր Դեկտեմբեր 13-ի նամակով հաղորդած էիք ընտրութեան օրէն 15 օր յետոյ, դուք ալ կրնաք մտածել, որ այլեւս ոյժ մը չէր կրնար ունենալ, բայց եթէ վերածուելով յամառ դժկամութեան մը` թէ «ինչ ալ ըլլայ նախընթացը այսօր չեմ ուզեր այլեւս »։ Եւ իրօք ալ վերջին նամակներու մէջ Ձեր բերնէն լսուած բացատրութիւններ կամաց կամաց այդ ձեւին յանգած կերեւին, իբր թէ ձեր անձնական ազատութիւնն ունիք ընդունելու կամ ոչ. մինչեւ իսկ անգամ մը Ձեռնադրութեան Մաշտոցին խօսքերը դիմադրեցիք իմ պնդումներուս եւ յիշեցուցիք թէ ընծայելոյն համար կփնտռուի թէ արդեօք յօժարութեամբ, այսինքն «կամաւորութեամբ եկեա՞լ է յայս կարգ »։ Ես այն ատեն Ձեր Եղբայրութեան զգացուցի , թէ եկեղեցական կարգին նոր կոչման մտնելու ազատութիւնն ունինք, բայց երբ անգամ մը կը մտնեմք, այլ եւս ըստ յօժարութեան վարուելու ազատութիւնը կը զոհեմք եւ մեր կոչման ծառայելու պատաւորութիւնը կընդգրկեմք` նոյն իսկ հակառակ մեր յօժարութեան, այնպէս որ ըստ յօժարութեան գործելու ազատութիւնը ձեռք ձգելու համար պէտք է մեր կողմանէ կատարուած յանձնառութենէն ետեւ երթալ։ Նոյն սկզբունքը պիտի շեշտեմ եւս քան զեւս։ Չէ՛ եղբայր, առանց զմեզ մեղադրանաց ենթարկելու եւ առանց մեր կոչման դէմ մեղանչելու` յօժարութեան փաստը չեմք կրնար գործածել, որովհետեւ ուխտեցինք եւ յայտարարեցինք թէ թողած եմք «զիւր սովորութեամբ կեալն »։ Մի՛ ըսէք, Եղբայր Սրբազան թէ պատիւ եւ մեծութիւն է աստիճանը, ուստից դուք հրաժարիք եւ խոնարհաբար զգացմամբ կփախչիք փառասիրութենէ։ Մեր Խոնարհութիւնը խոնարհամիտ հպատակութեան մէջ կը կայանայ, թող տալ որ ուրիշները տնօրինեն եւ մենք համակերպինք, ուրիշներ որոշեն եւ մեք գործադրենք, եւ այդ ուրիշներ` ոչ թէ ըստ դիպաց այս ոք կամ այն, այլ օրինաւորապէս կազմուած ժողովներ եւ վաւերաբար գործող իշխանութիւններ, որք ներկայ պարագային մէջ ալ ամենայն կարգաւորութեամբ գործեցին եւ իրենց կամքը յայտնեցին, եւ մեզ` եկեղեցւոյ սպասաւորացս` պարտք է անսալ եւ հնազանդիլ, միշտ միեւնոյն ուղղութեամբ եւ արիութեամբ գործել եւ հաւասարապէս ընդունիլ ծանրն ու թեթեւը` դժուարն ու դիւրինը։ Այս տեղ չեմ ուզեր ծածկել թէ Ձեր նոր կոչման մէջ` մեծութենէն աւելի է ծանրութիւնը եւ պատուէն աւելի է դժուարութիւնը` գուցէ եւ նեղութիւնը, այլ որովհետեւ դուք եղաք որ Ձեռնադրութեան Մաշտոցին յիշատակութիւն ըրիք, ներեցէ՛ք որ յիշեցնեմ թէ ուխտեցինք եկեղեցական կոչման մէջ մտած ատեննիս այդ ընթացքին հետեւիլը «յաղքատութիւն, քաղց, ՛ի ծարաւ, վիշտս, հալածանս, նախատինս, չարչարանս »։ Հետեւաբար պէտք չէ որ ես քարոզ խօսիմ այդ կէտերուն վրայ, եւ ոչ ալ պէտք է յառաջ բերէք պարագաներ , որ կրնան դժուարին լինիլ, այլ չեն արգիլեր յանձնառութեան պարտքը։ Թերեւս այդ զգացումն է որ Ձեզի առիթ կ'ընծայէ աւելի ստէպ խօսիլ անկարողութեան վրայ, եւ Ձեր կարողութենէն վեր տեսնել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնը։ Սակայն Եղբայր Սիրեցեալ, ինչո՞վ պակաս կը տեսնէք Ձեր անձը քան ուրիշ որեւէ եպիսկոպոսակից եղբայր մը, որ կրնար կոչուիլ կամ որում կուզէք որ վիճակէր այդ պաշտօնը, Ձեր անունն ու համբաւը, Ձեր գործն ու արդիւնքը, եւ ներեցէ'ք որ աւելցնեմ թէ նոյն իսկ Ձեր խիղճն ու գիտակցութիւնը, զՁեզ եպիսկոպոսաց խմբին առաջիններէն եւ կարողագոյններէն մին մատնացոյց ըրած էր, եւ վերջապէս Ձեզմէ աւելի մէկը պիտի չըլլար, որ պիտի կոչուէր, եթէ դուք չլինէիք այդ պաշտօնին կոչուածը։ Բայց աւելին կայ, եթէ բացարձակ կարողութեան խօսք ընենք, ոչ մէկերնիս եկեղեցական պաշտօնի բարձրութեան արժանաւոր չենք, եւ ունեցած աստիճաններնուս համեմատութեամբ միշտ ինքզինքնիս անկար կրնանք ըսել, անոր համար եկեղեցականութեան արժանաւոր չհամարուիր ով որ «զանձն ընծայեցուցանէ », այլ կթողունք որ օրինաւոր ճամպաներով եւ կանոնական ընտրութեան եւ հաստատութեան կերպերով յայտնուած իրողութիւնը խօսի, եւ ի նմին կը ճանչնամք բարձրագոյն կամք մը, եւ յԱստուած ապաւինեալ կը գործեմք ուրիշներուն թողլով մեր կարողութեան եւ յարմարութեան դատաստանը, մինչ մեք մեզի մնալով ոչ մեր յարմարութեան կամ անյարմարութեան եւ ոչ մեր կարողութեան կամ անկարողութեան ուղղադատ դատաւորները չեմք։ Երբ այսպէս օրինաւոր ձեւով եւ ընդհանուր կերպով վստահութիւն կը յայտնուի մեր կարողութեան վրայ, մեր կողմէն միայն կամք ու ջանք պէտք է որ այդ վստահութիւնը մենք մեզէն քանդած եւ աւերած չերեւիմք։ Միւս կողմանէ շատ աճեցնելու պէտք չկայ ո՛չ կարողութեան եւ ո՛չ աշխատութեան չափը։ Այն ամեն կարգակից եղբայրներ որք հովուական պաշտօններու մէջ կաշխատին, միեւնոյն շրջանակի մէջ կը սեպուին տարածութեան տարբերութեամբ, եւ թէ անոնք փոքր 'իշատէ կյաջողին` Ձեր եղբայրութենէն շատ ստորին ձիրքերով ալ, Ձեզի ալ ներեալ չէ կարողութեան վրայ խօսիլ, այլ կամեցողութեամբ զօրանալ եւ ջանացողութեամբ արիանալ։ Թո՛ղ որ եպիսկոպոսական հովուութեան աստիճանը ունեցող մէկու մը համար, հովուական պաշտօնի անկարողութեան չքմեղանքը երբէք ընդունելի չէ։ Եւ եթէ յօժարութեամբ ստանձնեցիք հովուական պաշտօնն ու աստիճանը եւ սիրով փարեցայք եպիսկոպոսական աստիճանին, պէտք չէ շատ տարբերութիւն տեսնէք եպիսկոպոսութեան եւ կաթողիկոսութեան մէջ, որ գործին բնութիւն չփոխեր եւ ծառայութեան պարտաւորութիւնը չ'այլայլեր։ Երուսաղէմի Միաբանութեան նուիրեալը ըլլալնիդ այլ եւս պարզ աբեղայութեան վիճակէն ելած է, ուղղափառ Ս. Եկեղեցւոյս եպիսկոպոս մըն էք, ուղղափառ Ս. հօտիս հովիւ մըն էք, չէք կրնար այլեւս Երուսաղէմի պարզ միաբանի մը պարունակը բռնել ու կենալ, պարտաւոր արդարացնել այն պաշտօնը, զոր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեամբ ստանձնեցիք, եւ այս յայտնի մի կէտ է։ Բաւական ընդարձակեցայ. եղբայր պատուական, յօժարութեան եւ կարողութեան կէտերուն վրայ, որոց հանդէպ դժուարին է Ձեզ այլ ազգ մեկնութիւն մը գտնել` բայց եթէ համոզուելով թէ ընդհանուր բարին մասնաւորին բարւոյն կը նախադասուի եւ եկեղեցական կոչումը համակերպութեան եւ յանձնառութեան կբռնադատէ, վերցնենք մեր ամենուն սրտին վրայ ծանրացող տագնապը, յարգէք եօթնամեայ անդուլ աշխատանքով ուր ուրեմն ձեռք ձգուած արդիւնքը, ազատէք ազգն ու եկեղեցին նոր աշխատութեանց եւ անստուգութեանց նեղութենէն, մխիթարէք երկար ժամանակեայ պարապութեամբ սգաւոր աթոռն ու վշտացեալ ժողովուրդը, եւ եթէ Ձեզի համար ծանր եւ անտանելի իսկ լինի նոր պաշտօնին բեռը, չվարանիք Ձեր անձն ալ զոհել, Ձեր նուիրական կոչումը բարձրացնել, Ձեր եկեղեցին փառաւորել։
       Եւ ի՞նչ հարկ ինծի այդ կէտերը յիշեցնել, դուք Ձեր վերջին գրութեամբ կ'խոստովանիք ու կըսէք «Իմ նուիրական կոչումը պարտ կդնէր վրաս ծառայել Ս. Եկեղեցւոյս նոյն իսկ այս բարձր պաշտօն ալ »։ Եթէ այդ պարտքը կը զգայիք, ի՞նչպէս ուրեմն կրնայք խուսափիլ անտի, ներեցէք համարձակ ըսել թէեւ ոչ մի բանաւոր պատճառ չեմ գտներ ես , եւ չգտներ ամեն ոք Ձեր հրաժարական գրոյն մէջ։ Անցողականի կերպով կը գրէք, թէ «տեսնելով թէ չկայ մէջտեղ բացորոշ եւ ապահովիչ եղանակ մը, այլ ամեն կարգադրութիւն ապագային կը վերապահուի », դիմեր էք ինծի եւ բացատրութիւն պահանջեր էք «այն էական կէտերուն կիրառութեան համար` որոց կ'ակնարկէր պատրիարքական պաշտօնագիրը »։ Այդ ձեր գրութիւնը Դեկտեմբեր 20 թուական կը կրէ պատրիարքական պաշտօնագիրը Դեկտեմբեր 14-ին գրուած է, իսկ Ձեր ինծի դիմումը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 6-ին, երբ դեռ պաշտօնագիրը չկար, երբ հրաժարական չկար, այլ դուք յանձնառու էիք կատարելապէս, եւ ինչ ինչ հին հրատարակութիւններ կարդացած լինելով շատ պարաւանդեալ կգտնէիք Կաթողիկոսական պաշտօնավարութեան շրջանակը։ Ես այն օր Պատրիարքարանի մէջ երկու ժամու չափ այդ կէտերուն վրայ խօսակցութիւն ունեցայ Ձեր եղբայրութեան հետ. բացատրեցի այն հրատարակութեանց նկատմամբ որոշմանց եւ գործադրութեանց մասերը, խոստացայ ամեն տեսակ ձեռնտուութեանց եւ օգնութեանց կէտերը, եւ զգացուցի որ եթէ ինչ ինչ փոփոխութիւններ ալ կցանկայք ունենալ, աւելի դիւրաւ կըստանայք երբ իբր գործին տէր կը ներկայանաք եւ փորձառութեան եւ կիրառութեան փաստերով կխօսիք, եւ հետեւցուցի թէ շատ աւելի յարմար եւ յաջող կլինէր այժմ այդ խնդիրներով ժամավաճառ չլինել, եւ դուք ալ հաւանեցայք եւ համոզեցայք եւ նոյն իսկ յայտարարեցիք թէ զանց կընէք գործադրել գրաւոր հարցման գաղափարը` զոր ինծի չեկած յղացեր էիք։ Իսկ Պատրիարքական պաշտօնագրէն ետքը դիմում չըրիք նորէն, այլ այս գիրէն առաջ եւ յեղակարծ փոփոխութեամբ Դեկտեմբեր 13-ին Ձեր առաջին հրաժարականը յղեցիք։ Ես նոյն օր Ձեր տեսութեան գալով փոփոխութեան նկատմամբ զարմացումս յայտնեցի, իսկ գրութիւնը զիջայ վարչութեան հանել բացայայտ նպատակով ` որպէս զի համակերպութեամբ եւ ոչ հետամտութեամբ ստանձնած լինելու փաստը ընձեռեմ Ձեր եղբայրութեան։ Կը յաւելուք եւս կգրէք. «Հետզհետէ ստացած տպաւորութիւններս եւ հասած տեղեկութիւնները աւելի կ'վհատեցնեն զիս »։ Այս տեսակ մութ եւ անորոշ խօսքեր ինքնըստինքեան բանաւոր պատճառ մը չեն կրնար կազմել մինչեւ որ չյայտնուին թէ այդ հասած տեղեկութիւններ ինչ են։ Ընդհակառակը մեզի հասած լուրեր նպաստաւոր են. ժողովուրդը խանդավառ է, համակրութիւնը ընդհանուր, ակնկալութիւնը հաստատուն, եւ ժամէ ժամ Ձեր տեսոյն կ'սպասեն։ Եթէ Վիճակին պէտքերը շատ են կ'ըսուի, այս ոչ թէ վհատութեան` այլ առաւել ժրութեան պիտի յորդորէ. պէտքերը ջանք կշարժեն, ջանքը միջոցներ կ'ստեղծէ. միջոցներ դիւրութիւններ կընծայեն։ Կիլիկիոյ Վիճակներու պէտքերը շատ են, բայց աւելի շատ պէտքերով Վիճակներ կան, ուր քան զՁեզ տկարագոյններ կ'աշխատին եւ դուք ալ յորդոր եղայք անոնց որ աշխատին եւ չվհատին։ Այդ կողմէն ալ ուրեմն բանաւոր պատճառը չենք գտներ տակաւին։ Կը գրէք եւս. «Այդ վիճակ պիտի լինէր ինձ համար մշտատեւ տառապանք խղճմտանաց »։ Եթէ խղճի խայթը Ձեզ կզօրանայ, չէ՞ք կարծեր որ աւելի մեծ խղճի խայթ մը պատճառէ Ձեզի, երբ Ձեր հրաժարականը մեծ ժողովուրդ կսրտաբեկէ, ամբողջ ազգը տխրեցնէ, նոր դժուարոթեանց դուռ բանայ, նորանոր ծանրութիւններ պատճառէ, կրկին լուծում մը անհրաժեշտ ընէ, եւ այդ առթիւ Եկեղեցեաց եւ ազգի տագնապ, գուցէ եւ գործոյն վտանգ հրաւիրուի։ Այդ նախատեսութիւններ պէտք է աւելի խայթ պատճառեն ուղղամիտ խղճի մը, քան թէ ապագայ պաշտօնավարութեան առաւել կամ նուազ կատարելութենէն ծագելիք հետեւանքը, որուն մէջ մարդուն կարողութենէն եւ պարագայից բերմունքէն անդին եղող բան մը երբէք խղճի վրայ չծանրանար, իսկ եթէ, «մշտատեւ » բառն ալ խորհրդով գործածէք, եւ կաթողիկոսական պաշտօնը ցկեանս կաշկանդում մը կնկատէք կենաց պայմանին համար, ծանր չերեւի Ձեզ, եղբայր յիշեցնել թէ ցկեանս կաշկանդուած եմք արդէն մեր կոչումով եւ ձեռնադրութեամբ եւ այլ եւս աւելորդ է մեզ տարբեր ճանապարհներ փնտռել։ Միւս կողմանէ մեզմէ ոչ ոք գիտէ թէ քանի տարուան համար կը ստանձնէ իւր գործը, եւ ոչ բացարձակ աշխատութիւն կը վայելէ փոխոխել եթէ պարագայք չօգնեն, եւ կամ եթէ ձախողուած լինելու առթին մէջ տեղի տալ չստիպուի։ Այդ անստուգութեանց առջեւ Ձեզի ալ ներեալ է անակնկալին վրայ յենուլ, եւ ինչ որ ներկային պարտաւորութիւնն է` զայն կատարել։ Իսկ ես բոլորովին ուրիշ տեսակէտէն պիտի նկատեմ գործը, եւ վստահութիւն կզգամ ըսել թէ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի սիրէք գործը, պիտի մխիթարուիք Ձեր ձեռամբ եղած յաջողութիւններով, եւ դուք չպիտի ուզէք հեռանալ պաշտօնէ մը` յորում հոգեկան մխիթարութիւններ պիտի գտնէք եւ քանի մը տարուան աշխատութենէ ետքը արտաքին դիւրութիւններ ալ պիտի պատրաստէք։
       Կէտ մըն ալ բերնէ բերան կը յածի, թէպէտ դուք գրած չէք, իբր թէ իմ ընթացքէս եւ խիստ վարմունքէս ցաւելով հրաժարած լինիք։ Եթէ իրաց իսկութիւնը չգիտցողներ այդ խօսքը կը զրուցեն, (որովհետեւ ամեն անհատի իրաւունք է Պատրիարքը մեղադրել ) բայց Ձեր բերնէն այդպիսի բացատրութիւն մը չկրնար ելնել հարկաւ, որ ամեն պարագայի մէջ իմ ընթացքէս գոհ ցուցուցիք զՁեզ եւ այն առաջին տասուերկու օրերուն միջոցին` յորս յանձնառու էիք պաշտօնը ստանձնել, Ձեզ եւ ինծի հաւասարապէս ծանօթ եւ վստահելի անձանց եւ ինծի ալ երես առ երես յայտարարած էիք, թէ իմ սէրէս եւ բարեկամութենէս եւ պաշտօնակցական ընկերութենէս եւ անկեղծաւոր խոստումներէս քաջալերեալ յանձն կառնուիք այդ ծանր լուծին տակ խորնարհել։ Հետեւաբար հնար չէ որ այժմ ալ նոյն զգացումը չունենայք։ Միայն թէ հրաժարականի խօսքերուն կրկնուելուն եւ ընդհանուր զգացմանց զայրանալուն առթիւ, հնար չէր որ ես ալ չզգայի նոր երեւոյթին հասուցած տագնապը, եւ ճիշտ ու խիստ ու լուրջ` կամ որ նոյն է պաշտօնական ոճով ալ չյայտնէի միտքս, առ որ ի պաշտամանէն պարտաւորեալ իսկ էի։ Ազգը իւր գործոց հոգածութիւնը Պատրիարքէն կ'սպասէ եւ այս առթիւ Ազգին կամքն ու զգացումը ու պահանջը յայտնի լինելով, պարտաւոր էի եւ իմ ամէն միջոցներ գործածել եւ ամեն միջոցներով ջանալ, որ հնարաւորութեան բարւոյն սահմանեալ գործը իրականանայ։ Հետեւաբար այդպիսի լեզու ալ գործածեցի, զորս թերեւս կրնայք խիստ կարծել, այլ ոչ երբէք կծու. բայց այս լեզուն գործածեցի ոչ թէ Ձեր հրաժարականէն առաջ, որ կարենայ հրաժարականին պատճառ լինիլ, այլ հրաժարականին տրուելէն, կրկնուելէն եւ պնդուելէն ետքը, որով ես հրաժարականին հետեւանքը իմ, եւ ոչ թէ հրաժարականին պատճառ տուողը։ Կը տեսնեմ եղբայր պատուական, որ Ձեր գրութեան մէջ գոհութիւն կյայտնէք Կայսերական Կառավարութեան կողմանէ ցուցուած մեծարժէք վստահութեան եւ ընտրողական ժողովոյն կողմանէ վկայուած համարման, եւ Կեդրոնական Վարչութեան կողմանէ արտայայտուած համակրանաց եւ ընդհանուր ազգայնոց կողմանէ ցոյց տրուած յարգանաց վրայ, եւ կխոստովանիք թէ ասոնք բաւական են քաջալերիչ լինել Ձեզ, Ս. Եկեղեցւոյն նուիրելու Ձեր ծառայութիւնը։ Արդ եթէ կը գնահատէք այդ ամեն ցոյցերը եւ վկայութիւնները, եւ կճանչնայք թէ անոնք քաջալեր են Ս. Եկեղեցւոյ նուիրուելու եւ Ձեր նուիրական ծառայութիւնները չզլանալու, ինչո՞ւ ուրեմն չէք գործածեր այդ ամենը ճիշդ այն ապագային եւ այն նպատակին համար որուն հետ կցեալին եւ կփափաքիք մանաւանդ հեռացնել անոնք իրենց բուն նպատակէն, եւ իբր թէ ստացուած ցոյցերը պահեստի դնելով խորհիք յօգուտ գործածել երբ եւ ինչի որ դուք ուզէք, եւ ոչ երբ եւ ինչի որ տուողները ուղղած են։ Չեմ կարծեր որ այդ կերպով ուղիղ կիրառութիւն մը ըրած լինիք, եւ կխիթամ մի՛ գուցէ այդ ցոյցերը եւ ադ վկայութիւններն տուողներն ալ ցաւին եւ փոխուին եւ տարբեր ուղղութեան եւ մտադրութեան մէջ գտնուին։ Հնար չէ որ դուք ալ չզգայք թէ որպիսի տխուր տպաւորութիւն մը կը թողու ամենուն վրայ Ձեր հրաժարականին պարագայն, ցաւն ու կսկիծը ընդհանուր, եւ զայն հեռացած տեսնելու փափաքը ամէն կողմէն յայտնուած, եւ ոչ միայն այսչափ, այլ եւ կերպով մը ազգային պատուոյն վնասակար նկատուած, իբր զի մեր եկեղեցականութեան հոգւոյն անյարմար եւ մեր վարչական կազմակերպութեան անյարիր, եւ մեր ներքին գործոց կարեւորութեան անկապակից կերեւի` այսչափ տարիներու տագնապալից աշխատութեան արդիւնքը չյարգել, են անձնական տեսութիւններով ընդհանրութեան շահն օգուտն խախտել եւ վտանգել։
       Պարագաներ կան, եղբայր պատուական, յորս ամեն անձնական եւ անհատական տեսութիւն եւ դիւրութիւն, յօժարութիւն կամ համոզում պէտք է տեղի տայ հանրութեան ձայնին եւ հանրութեան կամքին։ Այդ մեծ ու նուիրական պարագաներէն մին Ձեր գլուխը հասած է։ Ես կրնայի չուզել եւ չուզեցի ալ որ այդ հանդիպէր Ձեզ, բայց այժմ Ձեր եւ մեր ուզելուն վրայ խօսելու ատենը անցած է։ Պէտք է խոնարհիլ առաջի Բարձրագոյն Կամաց եւ ընդունիլ զայն բարձրագոյն կամաց ձեռքէն։ Ուղիղ չէ կարծել թէ քանի մը Կիլիկեցի ընտրողներու կամ քանի մը Ատանացի անձերու գործն է այդ։ Ահա ամեն կողմէն նոյն ձայնը կլսենք, ամեն ազգային նոյն բանը կխօսի, կեդրոնական ազգային վարչութիւն կպահանջէ եւ Կայսերական Կառավարութիւն կը կամենայ։ Պատրիարքութեան շրջանակէն դուրս ալ ազգայնոց մէջ նոյն համոզում կյայտնուի, Հայրապետական իշխանութիւնն ալ կը ձայնակցի, օտարք անգամ նոյնը կը խօսին։ Թող տուէք ուրեմն վայրկեան մը Ձեր յօժարութեան հետեւողութիւնը, ըսէք թէ` հարկաւ այսչափ միտք եւ այսչափ լեզու բան մը գիտեն, եւ ճանչեցէ'ք թէ համաձայնութեան մէջ Գերագոյն Ձայնին ազդեցութիւնը կայ։
       Եթէ պիտի նեղուիք ալ, եթէ զոհողութիւն ալ պիտի ընէք, ի՞նչ մեծ գոհունակութիւն է հանրութեան օգտին նուիրուիլ, Եկեղեցւոյ ծառայութեամբ փառաւորուիլ, ազգին բարւոյն օգտակար լինիլ, Պետական վստահութեան համակերպիլ, ամէն լեզուներու համաձայնութեամբ ապահովուիլ։
       Թո՛ղ որ այդ ամէն ծառայութիւնները եւ աշխատութիւնները այնպէս ծանըր եւ անտանելի չեն, ինչպէս որ դուք կուզէք կերպարանել. հաւատացէք ինծի որ գաւառական ծառայութեանց ալ անփորձ չեմ եւ ընդհանուր պատասխանատուութեանց ալ բեռը կը կրեմ, եւ զայդ կյայտարարեմ հաւատ այն սիրոյն որով զՁեզ միշտ սիրեցի, եւ հաւատ այն յուսոյն որով Ձեր ընտրութիւնը ողջունեցի, եւ ազգային գերագոյն իշխանութեանց համաձայնութեան գրաւականը տեսայ նմին։
      
       Աղէ՜ , Եղբայր Պատուական Սիրեցեալ, մի'անարգէք հանրութեան ձայնը որ ինեւ կխօսի, դարձուցէ'ք աչուընիդ յերկինս, ըսէ'ք «Եղիցին կամք քո ». Աստուած կ'օրհնէ սրտի պատարագը եւ մեք ազգովին կը լինինք Ձեզ թեւ եւ թիկունք։ Հաւատացէք անկեղծ խօսքերուս, եւ գիտցէք զիս միշտ Բ. Սրբազնութեանդ աղօթակից եղբայր։
       (Ստորոգրեալ)
       ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
       Պ. Կ . Պ.
       Առ Գերապատիւ եւ Գերաշնորհ
       Տեր Տ. Գէորգ Ս. Եպիսկոպս Երէցեան
       Պատր. Փոխ. Ս. Երուսաղէմի Ընտրեալ
       Կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ
       յԵրուսաղէմատան
      
       Սոյն նամակին կը պատասխանէ Գէորգ Եպս. Հետեւեալ նամակով։
      
       ՊԱՏՃԷՆ
      
       Ամենապատիւ
       Տ. Տ. Մաղաքիա Ս. Արքեպիսկոպոս Օրմանեան
       Բարեխնամ Պատրիարք Հայոց Տաճկաստանի
       Կ . Պոլիս
      
       Ձեր Սրբազնութեան 10568 համարաւ եւ Յունվար 9 թուականաւ ընդարձակ պաշտօնագիրը ` հասաւ ինձ Յունվ. 17-ի երեկոյեան դէմ յԻւսկիւտար, ուր գացած էի Ս. Երուսաղէմի վերաբերեալ կարեւոր գործով մը։ Նոյն պաշտօնագրով կամեցած էիք` իմ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն հրաժարումս մերժել, հայրական եւ եղբայրական յորդորանքներ ալ կցելով, որոց ամբողջութիւնն զիս պատասխանատուութեան ենթարկող իմաստով մը շաղախուած, պարտաւորեց ներկայս գրել եղելութեանց իսկութիւնը ներկայացնելու համար։ Պաշտօնագիրն այնքան երկար էր որ չպիտի կրնամ տող առ տող հետեւիլ` այլ միայն իմաստները առնելով պիտի պատասխանեմ` պարզելու համար իմ հրաժարման պատճառները, որպէսզի տեղի չմնայ այլ ընդայլոյ զրոյցներու եւ մեկնաբանութեանց։ Թոյլ տո՛ւք, Սրբազան հա՛յր, որ նախ շնորհակալութիւնս յայտնեմ առ իմ անարժան անձն տածած սիրոյդ համար, վստահացնելով զՁեզ թէ ես եւս պակասութիւն մը չեմ ըրած մինչեւ ցարդ ո՛չ առ Բ. Սրբազնութիւնդ պարտ ու պատշաճ եղած սիրոյս եւ յարգանաց մէջ եւ ո՛չ առ իմ Ազգն ու Եկեղեցին ունեցած սիրոյս եւ ծառայութեան մէջ։ Միայն ներեցէք ինձ ըսել թէ` Ձեր ամբողջ գրութեան մէջ նկատուած չեմ տեսներ ինչպէս իբրեւ Ձեր Եպիսկոպոսակից կրտսեր եղբայրը, այլ մի յամառ դժկամակող հակառակորդ, որով կը դատապարտուիմ առանց ո՛չ մի յանցանք ունենալու։
       Կը յիշէք իմ Դեկտ. 13 եւ 20 թուականաւ երկու հրաժարագիրս եւ կը կարծէք թէ անոնք բաւական չեն եղած ամեն լեզու լռեցնելու, բայց ես լեզուները լռեցնելու համար չէի գրած, այլ համոզմանցս արդիւնքը իմացուցած էի եւ միթէ կարելի է ամէն լեզու լռեցնել, այնու ամենայնիւ որոնք որ լսած են իմ բացատրութիւններս` համոզուած են գոնէ թէ յանցանք մը չեմ գործեր Կաթողիկոսութենէ հրաժարելովս։ Միայն կը ցաւիմ ըսել թէ` Բ. Սրբազնութիւնդ իմ հրաժարագիրս քննադատած ատեն` աւելի բառազննութիւներ կ'ընէ քան իմաստին ու հոգւոյն կհետեւի. օրինակի համար, կըսէք թէ` ես իմ հրաժարակններս իմ մտերիմ եւ եղբայրակից Սահակ Եպիսկոպոսին ուղղած եմ, բայց միթէ նոյն անձը Ձեր Ազգ. Պատուիրակը չէ՞ր յԱտանա։ Ո՞չ ապաքէն, նա ինքն առանձին վեցանուն ցանկի գործողութեանց միջոցին` թէ՛ իմ եւ թէ՛ Յարութիւն Ս. Պատրիարքի հրաժարականները ներկայացրած էր ընտրողական ժողովոյն, որ իմս մերժած եւ Ամեն. Յարութիւն Սրբազանինը ընդունած էր։ Եթէ այս Մարմին իրաւունք չունէր, ի՞նչպէս հապա կընդունէր մին եւ կը մերժեր միւսը. եւ ինչո՞ւ որեւէ դիտողութիւն չեղաւ իրաւասութեան սահմանէն դուրս գործին համար։ Նոյն այն ընտրող. ժողովոյն էր որ ուղղեցի վերջէն իմ Նոյեմբեր 1 թուագրեալ հրաժարագիրս, որոց օրինակը կարծեմ հաղորդուած է Ազգ. Պատրիարքարանիդ եւ որով բացարձակապէս կը հրաժարէի ընտրելութենէ` իրենց ձգելով պատասխանատուութիւնը, եթէ վերստին վստահին յիս, դժբաղտաբար հակառակ օրինաց կամ աւելի ճիշտ` խաբկանօք ուշադրութեան ալ առնուած չէ ընտրողական ժողովոյ մէջ, ուր դիտելի է նաեւ այն կանոնազանցութիւնը որով քուէները իմ վրայ ամփոփելու յորդորներ եղած էին։ Իսկ թէ` այս տեղ Վարչութեան որեւէ գրութիւն չեմ ուղղած, այդ ճիշդ է, բայց ե՞րբ ուղղէի` քանի որ վեցանուն ցանկը Ուրբաթ երեկոյ մը կդառնայ Բ. դռնէն, գիշերանց հրաւիրագրեր կը ցրուին ժողովականաց եւ Շաբաթ առաւօտ վերադարձեալ երկանուն ցանկը` հեռագրաւ կը հաղորդուի յԱտանա, զոր կէսօրէն յետոյ միայն կ'իմանամք։ Եւ միթէ Ձեր Սրբազնութիւնը որոշակի չէ՞ր գիտեր իմ հրաժարելու բացարձակ մտադրութիւնս եւ չէ՞ր սրտապնդեր զիս լռել յուսադրելով` թէ Սահակ Եպիսկոպոսն է ընտրելին եւ իմ հրաժարելովս գուցէ ընտրութիւնն ալ ձախողի։ Ի՞նչ կրնայի եւ ի՞նչ պարտաւոր էի ընել այս պարագաներուն մէջ, իմ հրաժարումս աւելի որոշ հասկցնելու համար։ Նամակացս ընդօրինակութիւնները կեցած են որք կ'հաստատեն, թէ ես 1899 Օգոստոս 7-էն վեր տասնեակ գրութիւններով յայտնած եմ իմ անկեղծ եւ բացորոշ հրաժարումս Ձեզ, Ազգ. Պատուիրակին, իրաւունք տալով նմա` յատենի ընտրողական ժողովոյ յայտարարել զայն, ինչպէս եւ ըրած է։
       Կ'ըսեք թէ` ընտրութիւնէն յետոյ 15 օր շնորհաւորութիւնները ընդունած եմ, ու իբր թէ հաւանած ու լռած եմ։ Ի՞նչ կրնայի ընել հասած հեռագիրներուն` եթէ ո՛չ լռել, որ նշան էր թէ չեմ ընդունած տակաւին պաշտօնը. եւ ի՞նչ կրնայի ըսել շնորհաւորութեան եկող յարգելի անձնաւորութեանց. դռնէն ե՞տ դարձնել արդեօք, իսկ համակերպութիւն ո՛չ միայն յայտնած եմ, ամէնքն ալ զիս յուզեալ եւ տխուր տեսած են, եւ միշտ իմ խօսքս եղած է «Որոշումս պիտի տամ ընտրութեան տեղեկագիրը հասնելէն յետոյ , եթէ բարի է Աստուած յաջողէ »։ Այսու ամենայնիւ նոյն 15 օրուան միջոցին հետամուտ ալ եղած եմ պաշտօնին վիճակը սերտելու, որպէսզի իմ որոշում անխորհուրդ եւ յախուռն չլինի, եւ այս էր կարծեմ լաւագոյն եւ ուղիղ ճամբան։ Այո՛, Ձեր Սրբազնութեան հետ ալ տեսնուած եմ, ապագայ ծրագրերու վրայ ալ խօսած եմք բայց դիտելի է, Սրբազան Հայր, որ այս պատմութիւնը Ձեր պաշտօնագրոյն մէջ ըրած ատեննիդ կը զեղչէք թէականը, զի ես միշտ գործածած եմ. «Եթէ յաջողի կամ թէ ընդունիմ ». ինչու որ ամեն խօսակցութեանց մէջ իմ միակ նպատակն էր` ո՛չ թէ տակաւին չընդունած պաշտօնիս բլանը կազմել, այլ անոր վիճակը եւ ծրագիրը սերտել` որպէսզի ըստ այնմ կարենամ տալ որոշումս։ Հետեւաբար, «Ես արդէն հրաժարած էի », յայտարարութիւնս շատ ստոյգ է, Սրբազան հա՛յր, եւ ո՛չ երբէք յամառ դժկամակութեան յանգած։ Բարձրագոյն հոգեւոր աստիճանի մէջ իմ յօժարութեանս կամ խղճի վկայութեանս պէտքը` անձնական ազատութեան կվերածէք եւ պնդելով թէ չունիմք զայն այն զգացումներն այլ աւելորվ կը վարդապետէք. բայց ներեցէք, Սրբազան հա՛յր, որ համակարծիք չեմ կրնար ըլլալ այդ վարդապետութեան մինչեւ որ Ձեռնադրութեան Մաշտոցը սրբագրուած չտեսնեմ։ Ընդհակառակն ես չեմ կրնար ըմբռնել թէ` այսպիսի սուրբ, հոգեւոր եւ բարձրագոյն աստիճան` ակամայ ստիպմամբ, սպառնալեօք եւ մինչեւ անգամ բռնութեամբ տալն, ո՞ր Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ազատ հոգւոյն կհամաձայնի, զի քանի որ ձեռնադրութիւն եւ օծում զշնորհս հոգւոյն կը հրաւիրեն, չեմ կարծեր որ այդ երկնային շնորհ պարգեւուի առանց նուիրելոյն բաղձանաց եւ խղճի վկայութեան։
       Կը յիշէք եւ կը կրկնէք տեղ տեղ Ձեր պաշտօնագրոյն մէջ` դժուարութեանց, նեղութեանց, անհատական բարւոյ եւ հանգստի խօսքերը եւ կը կարծէք թէ անոնք են որ կը խրտչեցնեն զիս։ Ո՛չ Սրբազան հա՛յր, անոնք չեն ընկրկեր զիս քանի որ մանկութիւնս ու երիտասարդութիւնս խստամբեր կենօք անցուցած եմ եւ վաղուց արդէն ձգած եմ «սովորութեամբ կեալս »։ Եւ միթէ Կաթողիկոսութիւնը իբրեւ չարիք կամ պատի՞ժ կը տրուէր ինձ, խնդրեմ ըսէ՛ք, ուրեմն թէ՛ ո՞ր յանցանքիս համար։ Կաթողիկոսական պատուոյն մէջ շատ հեշտ էր ինձ` անձնական հանգիստս հոգալ, եթէ միայն բնութիւն ունենայի անով հանգիստ զգալու. իսկ ուխտը զոր ըրած եմ «յաղքատութիւն, քաղց, ծարաւ, վիշտս եւն », չառաջնորդեր զիս դէպի Կաթողիկոսութիւնը. ամենքնիս ալ ըրած եմք զայն ուխտ եւ կը խնդրեմ որ միայն ինձ չուղղուի այդ քարոզութիւնը, որ կը ջանամ կարելի եղածին չափ սակաւապէտ ապրիլ։
       Կը շեշտէք Ձեր պաշտօնագրոյն մէջ կարողութեան խնդիրը եւ շնորհակալ եմ որ իմ կարողութիւնները անբաղդատելի կերպով կ'աճեցնէք. թողէ՛ք որ այդ յաւակնութիւնը երբէք չեմ զգար, այլ գիտեմ միանգամայն որ յարմարութեան ու բաղձանաց պակասութիւնը շատ մը կարողութիւններ կ'ջլատէ, եւ նուազ կարողութիւններ ալ բաղձանքով ու յարմարութեամբ աւելի կզօրանան ու կը յաջողին։ Ես արդէն սկիզբէն 'իվեր խոստովանած եմ այս տկարութիւնս եւ կը կրկնեմ ալ, զի չեմ ուզեր կեղծել ու կեղծաւորել։ Այս կարողութեան ու բաղձանաց համեմատ` միշտ մտածելով ընդունած եմ եկեղեցական աստիճաններս եւ այնու յաջողած եմ ուխտս անաղարտ պահել` իւրաքանչիւր աստիճանիս մէջ` թէ՛ իբրեւ սարկաւագ, թէ՛ իբրեւ վարդապետ, եւ թէ՛ իբրեւ եպիսկոպոս` եթէ ո՛չ կատարեալ ` այլ գոնէ լաւր ըլլալ։ Ուստի չեմ ուխտած եւ չէի յուսար թէ պիտի բռնադատուիմ Կաթողիկոս ալ ըլալու առանց համոզում գոյացնելու թէ՛ լաւ եւ օգտակար Կաթողիկոս մը պիտի ըլլամ։ Եւ այս համոզումն է որ կարդարացնէ այն պարտաւորութեան առջեւ «զոր կզգայի իմ նուիրական կոչմամբս ծառայելու Ս. Եկեղեցւոյն նոյն իսկ այս բարձր պաշտօնով », վասնզի լաւագոյն է չմտնել ծառայութեան մէջ, զոր չպիտի կրնամ ընել, քան յանձն առնուլ եւ անօգուտ լինել եւ թերեւս վնասաբեր։
       Բայց Ձեր Սրբազնութիւնը կենթադրէ, թէ՛ հրաժարմանս հետեւանքները կրնան աւելի խղճի խայթեր առաջ բերել, «ժողովուրդ մը սրտաբեկելով, ամբողջ ազգ մը տխրեցնելով, նոր դժուարութեանց դուռ բանալով, նորանոր ծանրութիւններ պատճառելով եւն. եւն . » սակայն կրնամ յայտնել թէ՛ ես չեմ պատճառ այդ ամենին, քանի որ սկիզբէն 'իվեր բացարձակապէս հրաժարուած եմ, եւ մանաւանդ քանի որ այդ ենթադրական ժամանակաւոր դժուարութիւնները կրնան դարմանուիլ, եթէ Բ. Սրբազնութիւնդ աւելի կտրուկ եղանակաւ գործել որոշէ։ Ես չէի ուզեր այս դժուարութիւնը տալ եւ սիրով յանձն պիտի առնէի ամեն զոհողութիւն եթէ պաշտօնը առժամանակեայ բնութիւն ունենար, սակայն չեմ կարծեր որ Ձեր Սրբազնութիւնն ալ այս առժամանակեայ դժուարութեանց առջեւ` պարտաւոր համարի զիս մշտնջենաւոր դժբախտութեան ենթարկուիլ։ Զի պաշտօնը ցմահ է եւ չհամեմատուիր միւս պաշտօններուն հետ, յորս կարելի է ձեռնթափ լինել` առանց մեծագոյն անպատեհութեանց տեղի տալու։ Ուստի խնայեցէ՛ք յիս իմ տարիքիս, որոյ համար Կաթողիկոսութիւն` Ձեր Սրբազնութեան կարծածին պէս` շատ թեթեւ կամ քիչ տարբերութեամբ չէ որ կծանրանայ։ Ձեր Սրբազնութիւնը այնպէս կնկատէ թէ ես իմ դիւրութեան համար այս տեղ մնացած եմ եւ չեմ ուզեր խռովել հանգիստս։ Ո՛չ Սրբազան հայր, իմ Միաբանական պարտքս է որ զիս հոս կպահէ։ Պարտաւոր կտեսնէք զիս` երբ ուրիշ Աթոռէ մը հրաւիրուած եմ, ձգել պարզ միաբանի պարունակս եւ հետեւիլ կոչողին, բայց ես արդէն կոչուած եմ եւ կը հետեւիմ. եթէ Կիլիկիոյ Աթոռը կկանչէ զիս 32 ձայնով ի Կաթողիկոսութիւնը, Ս. Երուսաղէմի Աթոռն ալ կոչած է զիս 51 ձայնով յեպիսկոպոսութիւն եւ ի պաշտօն իւր ծառայութեան, ինչո՞ւ չէք ներեր զիս, գոնէ այն պարզ օրինական իրաւունքը, զոր ունիմ ըստ ընկալեալ կանոնաց, երկու պաշտօններէն մին ընտրելու։ Միթէ Երուսաղէմն ալ Ազգինը չէ՞, եւ անոր ծառայութիւնը կարեւոր չէ՞, միայն աբեղաները չեն որ պիտի պահեն ու պաշտպանեն հոն Ազգին այնքան անգին իրաւունքները, պատիւը ու փառքը այնքան մրցող եւ կարող ազգայնութեանց մէջ։ Թո՛յլ տուք յիշել աստանօր որ տակաւին անցեալ տարի երբ Գեր. Եղիշէ Եպիսկոպոս, Եգիպտոսի առաջնորդ ընտրուեցաւ ժողովրդեան քուէով, հրաժարականի թելադրեցաւ, վասն զի պէտք էր Արմաշին։ Արդ եթէ առաքինութիւն է այն կամ տկարութիւն մը, ներեցէք որ ես ալ ունենամ Երուսաղէմի վրայ, որոյ շնորհաց կպարտիմ ներկայ վիճակս եւ որ նոյնպէս Ազգին փառքն է ու պարծանքը։ Կը յիշէք իմ Դեկտ. 6-ի դիմումս առ Բ. Սրբազնութիւնդ, որ արդարեւ Պատրիարքական Դեկտ. 14-ի պաշտօնագրէն առաջ էր, սակայն մեր խօսակցութեան նիւթը` ինչպէս քանի մը տող վար (ներկայ պաշտօնագրէն ) կը թուէք արդէն գրեթէ ճիշտ այն էական կէտերն էին որոց կ'ակնարկէր յիշեալ Դեկտ. 14-ի պաշտօնագիրն։ Նոյն օրն էր, այո՛, որ ես խնդրեցի Ձեր Սրբազնութենէն ընտրական գործողութեանց օրինական վաւերացումը, յարաբերութեանց մասին տիրող խառնաշփոթ վիճակին կարգադրութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսեցանք Կիլիկիոյ ներկայ անկերպարան կացութիւնը դարմանելու միջոցներուն վրայ, առանց սակայն իմ կողմէն յանձնառութեան որեւէ կամք յայտնելու, զի Դուք ալ գիտէիք թէ իմ որոշումս ընտրութեան տեղեկագիրը հասնելէն յետոյ պիտի տայի։ Իմ այս առաջարկութեանցս պատասխանները Ձեր Սրբազնութեան կողմէն եղան մասամբ անհնարին եւ մասամբ ապագային տնօրինելի, որք դժբախտաբար չզօրեցին վստահութիւն ներշնչել ինձ, քանի որ սկիզբէն արդէն անհնարաւորութեան կամ խոստումներու մէջ կ'ամփոփէին , մինչդեռ այժմ թէ՛ բարեխնամ կառավարութեան քաղաքականութիւնը եւ բարեհաճութիւնը, թէ՛ ընդհ. Հայրապետի համամտութիւնը եւ թէ՛ ընտրեալին համակամութիւնը, աւելի դիւրութիւն կ'ընծայէին` պէտք եղած կարգադրութիւնը լինելու։ Երբ այսքան յարմարութիւններով կյետաձգէին իմ խնդիրք. ե՞րբ ապա պիտի կարգադրուէին եւ ի՞նչ վստահութիւն կրնայի գոյացնել ապագայ խնդրանացս կարգադրութեան համար։ Եւ մինչ այսպէս վհատած` քանի մ'օր վերջը դիտեցի որ ընտրութեան տեղեկագիրը հասած է եւ ինձ ոչինչ կ'հաղորդուի, մինչդեռ միւս կողմէն խառն ժողովն հրաւիրուած է յաջորդ օրուան համար, պէտք տեսայ առաջի երեկոյին տալ իմ Դեկտ. 13-ի պարզ հրաժարագիրս, որպէսզի որոշումք չփութացուին, եւ այս իմ խղճի վկայութիւնս թէ չպիտի կրնամ օգտակար ըլլալ` յետ երկար մտածութեանց տուեալ եւ ոչ յեղակարծ փոփոխութեամբ։
       Այո՛։ Սրբազան հա՛յր, «հետզհետէ ստացած տպաւորութիւններս եւ հասած տեղեկութիւները » աւելի վհատեցին զիս։ Տեղեկութիւնք մասնաւոր էին` որք գաղափար կուտային յԱտանա կատարուած ընտրական գործողութեանց եւ Ազգ. Գեր. Պատուիրակին հանդէպ բռնուած ընթացքին նկատմամբ, տակաւին ալ կ'ստանամ նոյն տեսակ տեղեկութիւններ` որք հակառակ հասած շնորհաւորականներուն ալ, չեն քաջալերեր զիս եւ կհաստատեն թէ իմ հրաժարումս հեռատեսութեամբ եղած է։ Ասոնցմէ զատ հոս ալ շատեր հասան եւ ասոնց հետ միացան եւ դեռ կը միանան հրաժարականիս հետեւող տպաւորութիւներ, որք ո՛չ թէ հրաժարականս յառաջ բերին, այլ անոր յետս կոչումը անկարելի ըրին, հաստատելով թէ իսպառ անօգուտ պիտի ըլլայ իմ պաշտօնավարութիւնս։
       Աննպաստ տպաւորութիւն զգացի նախ եւ առաջ` երբ տեսայ թէ ընտրական տեղեկագիրն եւ իմ առաջին հրաժարագիրը նկատողութեան առնուած ատեն` առանց իմ հաւանութեանս եւ գոնէ հրաժարմանս պատճառները հարցուելու` հրաժարականս կ'մերժուի, ընտրութիւնը օրինաւոր կը դատուի, որոշումներ կը տրուին եւ իբրեւ մի պարզ Վանահայր Կաթողիկոս կհռչակուիմ։ Չկրցայ գիտնալ Սրբազան հա՛յր, որ ընտրական գործողութեանց օրինաւորութիւնը ո՞ր օրէնքին կամ ո՞ր նախընթաց օրինակին հետ համեմատելով հաստատուած է, զի օրինաւոր ըլլալու համար օրէնքի մը համաձայն պէտք էր ըլլալ։ Եւ ի՞նչ տպաւորութիւն կրնայի զգալ` երբ կը տեսնէի թէ նախընթացին մէջ կանոնաւոր իշխանութեամբ տրուած վճիռներ անտես կ'առնուէին, միթէ չպիտի վհատուէի մտածելով թէ` օր մ'ալ այսօրուան որոշումներն ու տրուած խոստումները, գուցէ աւելի օրինական եղանակաւ, մերժուին եւ ես երթամ միայն վէճերու եւ բանակցութիւններու վատնել ժամանակս կամ հանգուցեալ Կաթողիկոսին պէս լքման եւ յուսահատութեան դատապարտուիլ։
       Աննպաստ տպաւորութիւն զգացի` երբ երկու օր վերջը` կիրակի երեկոյ մի Ձեր Սրբազնութեան բնակարանը եկայ` պարզ քաղաքավարական այցելութիւն մը տալու եւ հոն հիւրերուն ներկայութեան Ձեր Սրբազնութիւնը` Իշխանութեան յատուկ հեղինակաւոր շեշտն առաւ` իմ եկեղեցականի ուխտը զգացնելու եւ սքեմս ձգելու փորձեր եւ սպառնալիք ընելով, զոր եւ «Բիւզանդիոն » երկրորդ օրն իսկ կը հրատարակէր հակառակ ամեն պատշաճութեանց։ Այո՛, Սրբազան հա՛յր, Ազգին Պատրիարքն էք դուք եւ ես եկած էի յարգանքի պարտք մը կատարելու։ Ազգը Ձեզմէ կսպասէ իւր գործոց հոգածութիւնը, բայց Ազգը ի՞նչ միջոցաւ յայտնեց Ձեզ իւր կամքը, առ Ձեզ եկող անհատներու կամ ինձ շնորհաւորութեան փութացող մի քանի յարգելի անձնաւորութեանց կարծիքներն` բաւակա՞ն էին արդեօք Ազգին կամքը օրինաւորապէս յայտնած ըլլալու։ Ի՞նչ հարկ կար ուրեմն փութալ իշխանութիւն գործ դնելու եւ փոխանակ սպեղանիի վէրքը աւելի բանալու։ Փափաքելի էր, որ յիշէիք, Սրբազան հա՛յր, թէ հիւրեր կային` որոց առջեւ գուցէ չէի կրնար խօսիլ իմ պատճառներս, յիշէիք թէ` Ձեզ ներկայացողն ալ` եթէ ո՛չ ընտրեալ կաթողիկոս մը, ինչպէս կուզէք ճանչնալ մինչեւ այսօր, եթէ ո՛չ ծերունի եւ յարգուած Պատրիարքի մը ու կարեւոր միաբանութեան մը ներկայացուցիչն էր, այլ գոնէ Ձեր կրտսեր եղբայրը` հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս մը, որ գիտցած էր մինչեւ ցայն օր զինքը սիրելի եւ յարգելի ընծայել։ Եւ եթէ հարկ իսկ մնար իշխանութեան, պէտք էր գոնէ դիմել նորա միաբանական Պետին, որուն ենթարկուած է վաւերականութիւն կրող օրէնքով մը, եւ ընկալեալ սովորութեամբ։ Ես չէի ուզեր այս տպաւորութիւնս պարզել, բայց քանի որ Ձեր Սրբազնութիւնը իւր պաշտօնագրոյն մէջ յիշած էր զայդ, պարտաւորուեցայ յառաջ բերել զայս եւս, ո՛չ իբրեւ պատճառ հրաժարմանս, այլ առիթ` երկրորդ եւ վերջնական հրաժարագրոյս որ 20 Դեկտեմբերի։
       Աննպաստ տպաւորութիւն զգացի, երբ հետզհետէ նկատեցի թէ` իմ անկեղծ եւ խղճամիտ մտածութիւններէ յառաջ եկած հրաժարականս այլ ընդ այլոյ եւ վիրաւորիչ զրոյցներով եւ մեկնութիւններով կդատափետուի, լրագրական ակնարկութիւններ, պաշտօնական ու անպաշտօն տեղերու մէջ խօսակցութիւններ, ինչպէս նաեւ տօնական հրապարակախօսութեանց մէջ գործածուած բացատրութիւններ` աւելի զիս տկարացնելու եւ անուանարկելու կը միտէին` քան կաթողիկոսացնելու։ Թոյլ տո՛ւք ինձ ըսել թէ` այս նպատակին կծառայէր նաեւ Ձեր Սրբազնութեան այս վերջին ընդարձակ պաշտօնագիրը։ Կյիշէք, Սրբազան հա՛յր, Կայս. Բարեխնամ Կառավարութեան բարեհաճութիւնը եւ մեծարժէք վստահութիւնը, որ ինչպէս հրաժարագրիս մէջ ալ ըսած եմ` ինձ համար անգնահատելի շնորհ մը կը համարիմ, զի վաղ ժամանակներէ 'իվեր ` Երուսաղէմի երեսնամեայ կեանքիս մէջ ականատես վկայ եղած եմ` բարեսէր Կառավարութեան առ մեր Ազգն տածած Սիրոյն եւ պարգեւած շնորհաց, որք գոյացուցած են սրտիս մէջ հաւատարիմ զգացումներ առ Օսմ. Բարեխնամ Կառավարութիւնն եւ առ Բարեգութ Վեհապետն մեր։ Ուստի կրկին կխնդրեմ հարկին ներկայել իմ ամենախորին երախտագիտութիւնս։
       Կը յիշէք նաեւ Հայրապետական Իշխանութեան ձայնակցութիւնը այս ընտրութեան նկատմամբ, որ անշուշտ իւր կարեւորութիւնը ունի, քանի որ իբրեւ Եպիսկոպոս Միաբանակից եմ նաեւ Ս. Էջմիածնին եւ հպատակ նորա հայրապետական իշխանութեան։ Շնորհապարտ եմ , որ Նորին Ս. Օծութիւնը բարեհաճած էր քաջալերել զիս` Դեկտ, 22 թուագրեալ Օրհնագրովը` երթալու խաչ եւ գերեզման, անշուշտ ստացած տեղեկութեանց համեմատ յորդորական մը կազմելով. փութացի Ն. Վեհափառութեան պարզել իմ վիճակ եւ իրաց կացութիւնը` յայտնելով թէ խաչէն եւ գերեզմանէն չէ որ կը փախչիմ, այլ խոյս կուտամ անօգուտ տիտղոսներէ, քանի ոնոնք չեն որ կ՛արդիւնաւորեն իմ ծառայութիւներս Ս. Եկեղեցւոյն։
       Ի վերջոյ կյիշէ Ձեր Սրբազնութիւնը իմ հրաժարմանս տխուր տպաւորութիւնը եւ հետեւանքներ ենթադրելով` կյորդորէ յարիութիւն եւ զոհողութիւն։ Սակայն վստահ թող լինի Ձեր Սրբազնութիւնը որ այս տխրութիւն եւ ենթադրեալ հետեւանք շուտով կ'անհետին եւ կդարմանուին։ Ազգային պատուոյն ալ վնասակար չ'լինիր` եթէ իմ հրաժարման այսքան կարեւորութիւն չ'տրուի։ Գիտէ անշուշտ Ձեր Սրբազնութիւնը, որ դար մը առաջ Իզմիտի Առաջնորդ Կապուտիկեան Բարթողիմէոս Եպիսկոպոս` ընդհանուր հայրապետ ընտրուած եւ չէ ընդունած, կյիշէք անշուշտ որ տակաւին վերջերս հանգուցեալ Ներսէս Պատրիարք` հրաժարուեցաւ ընդհանուր հայրապետութեան ընտրութենէ, որոյ հետեւանօք ընտրութիւնը տարիէ մ'աւելի յետաձգուեցաւ, սակայն այսքան իրարանցում չպատճառեց։ Աւելի առաջ այսինքն 1866-ին, լսած եմ թէ Թաքթաքեան հանգուցեալ Պատրիարքն ալ` ընդհանուր հայրապետութեան ընտրուած եւ հրաժարած է։ Կյիշեմ նաեւ որ քանի մը տարի առաջ` Բարձրաշնորհ Մելքիսեդեկ Սրբազանին ալ Կիլիկեցիք հեռագրաւ դիմումներ ըրին հաւանութիւնը առնելու, բայց նա մերժեց անշուշտ իր համոզմանց վրայ։ Ինչո՞ւ ուրեմն, ես այսքան կդատափետուիմ, քանի որ սկիզբէն վեր միշտ հրաժարած եմ եւ ընտրուելէս յետոյ ալ` մտածելով եւ խորհելով` վերջին խօսքս ըսած եմ ամիս մ'առաջ` որպէսզի ընտրութեան գործը իզուր չյետաձգուի։ Եթէ եօթնամեայ տագնապալից աշխատութիւնքն են, որ այսքան կարեւորութիւն կուտան խնդրոյ` ինչպէս կյիշէք, կաղաչեմ ակնարկ մը ձգեցէք արձանագրութեանց վրայ եւ պիտի տեսնէք որ այդ աշխատութիւնք տարբեր պատճառներու եւ նպատակներու համար եղած են, որոնցմէ յետոյ միայն երկու ամիս բաւական եղած է ընտրական գործողութեանց համար։ Մի ' վհատիք, Սրբազան հա՛յր, այս կարճատեւ դժուարութեան առջեւ։ Հաւատացէ՛ք, որ չէի ուզեր պատճառել Ձեզ զայն, բայց համոզումներս ջլատեցին յիս ամեն ուժ եւ կարողութիւն, թերեւս դարձեալ նախախնամութեան կամքն էր` որ տկար թողուց զիս` խնայելով յիս եւ իւր ժողովրդեան։
       Ներեցէ՛ք, խնդրեմ, որ այս խնդրոյն մասին յիշեմ նաեւ իմ համոզումներս, որոնք պարտաւորուած էին առաջուց արդէն միշտ հրաժարուած մնալ։
       Ա . - Կսիրեմ եւ կ'յարեմ Կիլիկիոյ Աթոռը, բայց նախամեծար կը համարիմ մնալ միշտ յԵպիսկոպոսական ուխտիս Միաբանութեան Ս. Էջմիածնի։ Բ . - Յօժար եմ աշատիլ Կիլիկիոյ համար ալ, բայց կը նախընտրեմ ծառայել Ս. Երուսաղէմի Ս. Աթոռոյն, որ նոյնպէս Ազգինն է։ Գ . - Եկեղեցական կարգի մտած օրէս վանական գործոց հետամուտ, ըստայնմ պատրաստուած եւ այս պաշտօնին (Կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ ) իսպառ անյարմար նկատած եմ զինքս, զորս խղճի մտօք խոստովանիլն լաւագոյն խոնարհութիւն կհամարիմ։ Դ . - Չեմ կրցած ըմբռել կաթողիկոսութեան մը նշանակութիւնը` որ ենթարկուած ըլլայ, Պատրիարք - Եպիսկոպոսի մը իշխանութեան` իբրեւ Ազգապետական Աթոռոյ (նորամուտ բառ կամ բացատրութիւն)։
       Ե . - Այս գլխաւոր ու տարբեր համոզումներ մարած են իմ մէջ այդ կոչման բաղձանքը, առանց որոյ օգտակար չեմ կրնար ըլլալ։
       Չկրցի այլափոխել այս համոզումներս եւ լաւագոյն սեպեցի լռիկ կերպով քաշուիլ ասպարէզէն` տեղի չտալու համար նորանոր խնդիրներու։ Ձեր Սրբազնութիւնը գոնէ մասամբ տեղեակ էր իմ գաղափարներուս, զի ատեն ատեն յայտնած եմ մեր տեսակցութեանց մէջ։ Ուրեմն ի՞նչ պէտք կար այնքան այլայլելու եւ տարօրինակ գտնելու հրաժարականս եւ տարբեր ենթադրութեանց եւ մեկնութեանց յանգելու, ինչ հարկ կար այսքան իրար անցնելու Կաթողիկոսութեան մը համար, զոր նոյն իսկ Ձեր Սրբազնութիւն իւր պաշտօնագրոյն մէջ Եպիսկոպսութեան մէջ նոյն կը գտնէ եւ պարզ Առաջնորդութեան մը հետ կը համեմատէ` միայն «տարածութեան տարբերութեամբ»։
       Ուրեմն կտրեցէ՛ք այլեւս յոյսերնիդ ինձմէ եւ արիութեամբ գործեցէք Կիլիկիոյ համար, խնդիրն այսպէս բանակցութիւններով եւ փորձելով երկարաձգելն` զայն լուծելու չծառայեր, ինչպէս եւ գործ դրուած հնարքները` զիս Կաթողիկոսացնելու չէին նպաստեր, այլ գործունէութիւնս ջլատելու։ Եւ ի՞նչ օգուտ կ'սպասէք այսքան բռնադատեալ պաշտօնէ ու անոր անուանարկեալ պաշտօնէէն, որ այնքան սիրուած ու յարգուած էր շաբաթ մ'առաջ` երբ կ'ողջունուէր այնքան համակրանքով եւ յեղակարծ անպիտանացաւ։
       Ընդունեցէք այս պատասխանագիրս իբրեւ կնիք բանակցութեանց եւ վստահ եղէք թէ պատրաստ պիտի ըլլամ իմ ծառայութիւններս ըստ իմովսանն նուիրելու Ս. Եկեղեցւոյս։
       Խորին մեծարանաց հաւաստեօք մնամ կարօտ Ս. Աղօթիցդ։
       (ստորագրեալ)
       Գ. ԵՊՍ . ԵՐԷՑԵԱՆ
       1902 Յունվար 21
       Երուսաղէմատուն
      
       Միեւնոյն ժամանակ Գէորգ Եպիսկ. պէտք կը տեսնէ Ընդհանրական Հայրապետին ալ հետեւեալ նամակը գրել, իր դասալքութիւնը արդարացնելու համար։
      
       ՊԱՏՃԷՆ
       ՓՈԽԱՆՈՐԴԱՐԱՆ Ս. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՕԼԻՍ
      
       Թիւ 166
      
       ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍԻ
       Նորին Սուրբ Օծութեան
       Տ. Տ. Մկրտիչի Սրբազնակատար□ամենայն հայոց եւ ծայրագոյն Պատրիարքի համազգական Մայր Աթոռոյ Ս. Էջմիածին
      
       Մատչիմ համբոյր Սուրբ Աջոյն որդիական ակնածանօք
       Աստուածարեալ հայրապետիդ օրհնագիրն, որ 10 Յունուարի բախտաւորութիւն ունեցայ ստանալու երկու օր առաջ ինչպէս նաեւ հաղորդած էր ինձ Տ. Մաղաքիա Ս. Պատրիարքն` Ձերդ Վեհափառութեան մի գրոյն պատճէնը , որով հայրաբար քաջալեր կարդացիք ինձ գնալ Կիլիկիա հովուապետի պաշտօնով` վարելու համար կորդացած դաշտերը` տարեալ խարազանաւ Սիրեցեալ Հայրիկիդ եւս իմս հոգեւոր ծնողիդ։ Քա՜ւ յինէն, Վեհափառ Տէ՛ր, եթէ երբէք զմտաւ իսկ ածեմ ըմբոստ գտնուիլ հայրական եւ հայրապետական յորդորանացդ եւ իշխանութեան. լաւ գիտէք եւ կճանաչէք զիս եւ իմ հաւատարիմ ընթացք, որով երբէք չպիտի համարձակէի կոտորել սամիքն, եթէ արդէն խարխլած եւ խորտակուած չլինէր այն` տարբեր ոյժերով եւ հարուածներով։ Իմ նախորդ թիւ 160 գրութեամբ բաւական ընդարձակ յայտնած էի արդէն իրաց ստոյգ կացութիւնը, որով պարտաւորեցայ ետ կենալ ասպարիզէն, ուր կմղէին զիս ո՛չ թէ գործելու այլ կաշկանդելու համար։ Արդէն ջլատած էին իմ ամեն ոյժերս երբ հասան ինձ Ձերդ Վեհափառութեան վերջին յորդորականները եւ զայս հաստատելու համար կը ներփակեմ երկու ընդարձակ պաշտօնագրերու պատճէններ` մին Տ. Մաղաքիա Պատրիարքէն առ իս ուղղուած եւ միւսն յինէն պատասխանագիր, որոց մէջ` եթէ միջոց ունենայ Ձերդ Վեհափառութիւն մտադիւր ընթեռնուլ, յայտնի կտեսնուին իմ Կաթողիկոսութեան համար տիրող հոգին եւ անկէ հրաժարելուս բացայայտ պատճառները, զորս կրկնելն աստանօր աւելորդ կը համարիմ։ Գրած էի Ձերդ Վեհափառութեան, թէ նոյն իսկ Ատանայէն ստացած տեղեկութիւններս կը հաստատէին որ օգտակար չպիտի ըլլամ այդ պաշտօնին մէջ, իսկ այս անգամ Գեր. Սահակ Եպիսկոպոսէն ստացած նամակս անգամ մի եւս կապացուցանեն, թէ ո՞րպիսի հնարք նիւթած են ընտրական գործողութեանց մէջ, որոց օրինական վաւերացումը պահանջած էի Ս. Պատրիարքէն եւ յանհնարինս դասեցաւ իմ օրինական խնդիրս։ Սահակ Եպիսկոպոս ՛իմիջի այլոց կը գրէ իւր Յունուար 16 նամակաւը. «Եթէ կարդացած էք առ Վարչութիւնն ուղղեալ իմ վերջին տեղեկագիրս, ամեն բան հասկացած եւ գիտէք թէ ո՞յք են պատճառ զՁեզ բարձրացնելու պատրուակին տակ անուանարկելու եւ արժանեօք եւ իրաւամբ վաստակած ժողովրդականութիւններ կորսնցնել տալու (դժբախտաբար այս տեղեկագիրն ինձ ցոյց անգամ չտուին ) որ պարզ ցոյց կտայ որ խարդաւանաց զոհեր եղանք. Դուք իբրեւ արժանաւոր Կաթողիկոսութեան եւ ես իբր անարժան »։ Ապա կը պատմէ որպիսի ջանքեր եղած են Պոլսէն անստորագիր շրջաբերականներ ցրուելով նպաստ Օրմանեանի եւ ապա նրա անյաջողութենէն յուսահատուած ուղղակի թշնամանքի սկսած են նոյն ինքն Սահակ Եպիսկոպոսի դէմ` կարծելով թէ նա եղած է պատճառ Օրմանեանի անյաջողութեան եւ պարզապէս յայտարարելով թէ` եթէ վերադառնալի ցանկին մէջ` Սահակի անուան հետ Բէքմէզեանի անունը լինի, պիտի աշխատին վերջինը ընտրել (եւ ո՛չ Սահակը ), իսկ ինձ համար ալ տարաձայելով թէ՛ «նա Սալօններու եւ դիակներու Կաթողիկոս կրնայ լինել »։ Իսկ երբ երկանուն ցուցակը կդառնայ յԱտանա` պարունակելով միայն իմ եւ Սահակ Եպիսկոպոսի անունները, որ ուղղամտութեան արդիւնքը չէր, Օրմանեան Կուսակցութիւն` հակառակ իմ բացարձակ հրաժարականիս եւ նախորդ զրոյցներուն Սահակ եպիսկոպոսը հարուածելու նպատակաւ եւ խաբկանօք` իբրեւ թէ Պոլսէն եւ Պատրիարքէն յանձնարարուած` մինչեւ իսկ Ս. Խորհրդոյ արջեւ երդուեալ քահանաներն ալ սպառնալեօք կը ճնշեն քուէները իմ վրայ միացնել եւ այսպէս կը կազմուի 27 եւ 32 քուէներու տարբերութիւնը, յորոց առաջինը Սահակ Եպիսկոպոսին էր եւ երկրորդը իմս։ Չեմ ուզեր, Վեհափառ Տէ՛ր, աւելի երկար պատմութիւններով ձանձրացնել, այլ խնդրած եմ Սահակ Եպիսկոպոսէն, որ ուղղակի առ Սիրեցեալ Հայրիկդ գրէ իրաց ստոյգ պատմութիւնն, զոր յուսամ թէ քիչ ժամանակէն կընդունիք եւ համոզում կը գոյացնէք թէ` ես յախուռն կերպով չտուի իմ հրաժարական` այլ իրաւամբ եւ հեռատեսութեամբ։ Պիտի աղաչեմ որ հաւատ չընծայէք լրագրաց ամեն հրատարակութեանց, որք ազդեցութեան տակ կը գրեն եւ կարծես վարձուած են միայն այն գրելու ինչ որ աննպաստ է Գէորգ եԵ ասխանելու, թողէ՛ք որ դիւրութիւն եւ ժամանակ ալ չունիմ։ Պիտի խնդրեմ նաեւ որ Օրմանեան Պատրիարքի ամեն գրածներն ալ չշփոթեն Ձերդ Վեհափառութեան ուղղամտութիւնը, այլ եթէ կամիք հրաման ըրէ՛ք, թո՛ղ Եպիսկոպոսաց Ժողով մը կազմէ որոյ պատասխանին համեմատ ես պատրաստ պիտի լինիմ այս Կիլիկեան տարօրինակ խնդրոյն մէջ, որուն զոհ կ'երթան ահա հինգ հատ Եպիսկոպոսներ, որոց անունը ջնջուելով ցուցակէն եւ մնացելոցն ալ արատաւորուելով։ Ինչպէս գրած եմ, նոյնը կկրկնեմ, որ խաչէ եւ գերեզմանէ չեմ փախչիր, այլ խարդաւանաց ալ զոհ չեմ երթար։ Վստահ եղէ՛ք թէ` այստեղ Կիլիկիոյ եւ ժողովրդեան օգուտը չէ, որ մտածել կուտայ գործողներուն, այլ տարբեր հաշիւներ, զորս կներկայացնեն Ձերդ Վեհափառութեան ինչ գոյնով որ կուզեն։ Գիտէ Ձերդ Վեհափառութիւն որ ես արդէն պաշտոն ունիմ Ս. Երուսաղէմի Ազգ. իրաւաhց շահերը պաշտպանելու, որք նոյնպէս ազգին են. դժբախտաբար կը վախնամ որ անձիս դէմ լարուած մեքենայութիւնք ասոնց ալ վնասեն, գոնէ զայդ ալ հոգ չեն ըներ, զի սոքա գիտեն միայն աղմուկ հանել եւ ո՛չ գործ տեսնել։ Ապաւինելով հայրական ներողամտութեանդ եւ աղաչելով շնորհել ինձ Հայրապետական Սուրբ Օրհնութիւնդ։
       Մնամ միշտ կարօտ Սուրբ Աղօթիցդ
       ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԵՐԷՑԵԱՆ
       1902 Յունուար 29
       Կ . Պոլիս
      
       Յետ այսորիկ Պատրիարքարանը կը հարկադրուի ընտրութեան ապարդիւն ելքը կառավարութեան հաղորդել եւ նոր ընտրութեան համար թոյլտուութիւն խնդրել։ Միւս կողմէն նոր պատուիրակի մը ընտրութեան հետեւեցաւ։ Նախ ընտրեց Ճանիկի Առաջնորդ Փափազեան Յակոբ-Աշոտ Եպիսկոպոսը, բայց նկատելով որ թեմականք դժկամակ են վիճակային գործերու պատճառաւ, Մայիս 15-ին կ'որոշուի ուրիշ մը ընտրել եւ 22-ին կ'ընտրուի Պիլէճիկի Առաջնորդ Մովսէս Եպս. Կէօմրիւքճեան, որուն հաւանութիւնն առնելով Մայիս 31-ին կը դիմուի կառավարութեան՝ պաշտօնին վերաբերեալ պաշտօնական թղթերը առնելու համար։
       Այս ատենները Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղապահ Բէքմէզճեան Եպս. յանուն Կիլիկեցւոց պատրիարքարան դիմելով կը խնդրէ` Երէցեանէն 5 քուէ պակաս ստացող Խապայեանը Կաթողիկոսութեան կոչել։ Սակայն պատրիարքարանի կողմէ կը մերժուի, որովհետեւ անկանոն պիտի ըլլար այդպիսի անուանում մը։
       Վերջապէս Յուլիս 10-ին պատուիրակ Կէօմրիւքճեան Եպս. Վարչութեան ներկայանալով պաշտօնական թղթերը եւ անպաշտօն հրահանգները առնելով կ'ուղեւորի Ատանայ, ուր ընտրութեան նախնական գործողութիւնները կը կատարէ, ընտրողները կը հրաւիրէ ի ժողով Սեպտեմբեր 29-ին, ժողովի բացման աղօթքը կ'արտասանէ ծերունի տեղապահը, իսկ մնացեալ գործողութիւնները պատուիրակին կը վերապահուին։ Կուսակալը բացման ներկայ կը լինի, պաշտօնապէս բացումը կը յայտարարէ եւ կը մեկնի եւ հոն կը մնայ Կուսակալութեան Ընդհ. Քարտուղարը իբրեւ հսկող։ Նոյն օր ներկայ եղողները 45 էին, իսկ կրկին ձայն ունեցողներն ալ հաշուելով 57 քուէ, ամբողջականէն միայն 5 քուէ պակաս։ Նախ կը կազմուի 14 յարմարգոյններու ցուցակ մը եւ ապա քուէարկութիւնը տեղի կ'ունենայ եւ հետեւեալ արդիւնքը կուտայ.
       Քուէ
       ՏրդատՊալեանԵպս. 44
       Ստեփանոս Յովակիմեան » 42
       Բարթողիմէոս Չամիչեան » 40
       Ներսէս Ասլանեան » 39
       Սահակ Խապայեան »37
       Մովսէս Կէօմրիւքճեան » 34
      
       Ցանկը նոյն օր Պատրիարքարանի միջոցաւ կը հաղորդուի Նախարարութեան, Վարչութեան կողմէ վաւերացուելէ յետոյ։ Այս անգամ շուտով զեղչուած ցանկը հաղորդուեցաւ Պատրիարքարան Հոկտեմբեր 9-ին։ Զեղչուած էին Յովակիմեանի, Ասլանեանի եւ Պալեանի անունները, կը մնային Չամիչեան, Խապայեան եւ Կէօմրիւքճեան։ Պաշտօնագիրը Հոկտեմբեր 10-ին Վարչական Ժողովոյ ներկայացուելով, նոյն օր հեռագրուեցաւ Ատանայ պատուիրակ Կէօմրիւքճեանի։ Բայց Չամիչեան վերջնականապէս հրաժարումը ծանոյց պատրիարքին, ան ալ իր կարգին հեռագրեց Ատանա, որով դարձեալ ըստ նախորդին երկու ընտրելիներ կը մնային, Խապայեան եւ Կէօմրիւքճեան, երբ 1902 Հոկտեմբեր 12-ին Ատանայի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյն մէջ Ընտրողական Ժողովը գումարուեցաւ նախագահութեամբ Պատուիրակ Կէօմրիւքճեան Սրբազանի, որ յատենի Ժողովոյ կը յանձնարարէ ընտրողներուն իրենց քուէները կեդրոնացնել Խապայեան Սրբազանի վրայ, ինքզինքն բարեբախտ համարելով որ ընտրութեան կը նախագահէ եւ կը յուսայ Կիլիկիոյ Աթոռին պարապութեան վերջ տալ։ Սոյն ընտրութեան ներկայ էին 45 անձեր 62 քուէից ձայնով։ Ընտրութիւնը կատարուեցաւ եւ 62 ձայներու միաձայնութեամբ Սահակ Եպս. Խապայեան ընտրուեցաւ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Սոյն ընտրութիւնը նոյն երեկոյին հեռագրուեցաւ պատրիարքարան, ուրկէ շնորհաւորական հեռագիր տրուեցաւ ընտրեալ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմ, որուն պատասխանը հազիւ Հոկտեմբեր 20-ին Պոլիս հասաւ, հեռագրաթելերու խանգարման հետեւանքով։
       Վարչութիւնը ընտրական գործողութիւնները կանոնաւոր գտնելով հաստատեց Հոկտեմբեր 25-ին եւ կառավարութիւնն ալ Հոկտեմբեր 27-ին վաւերացուց եւ հրովարտակի ստացման համար Սուլթանին ներկայացուց։
       Թէ ի Պոլիս, թէ գաւառնորու մէջ ուրախութեամբ եւ գոհանակութեամբ ողջունուեցաւ Խապայեանի ընտրութիւնը եւ ամէն կողմէ շնորհաւորական հեռագիրներ կը հասնին ընտրեալին, որոնց թիւը 108-ի հասաւ։ Կայսերական վաւերացման լուրը կ'առնուէր Դեկտեմբեր 9-ին, իսկ հրովարտակը պատրիարքարան կը յանձնուէր Դեկտեմբեր 16-ին։ 1903 Յունվար 4-ին սուլթանը կը պատուէր Խապայեան Կաթողիկոսը առաջին աստիճանի Մէճիտիէ շքանշանով, իր Խապայեան գոհ ընտրութենէն, իսկ Սաղիմական կեանքը եւ գործը չէր լքեր, կը շարունակէր Լուսարարապետութեան պաշտօնը, մինչեւ, 1903 Յունվար 20, որ օր Յարութիւն Պատրիարք Միաբանական Ընդհ. Ժողով կը գումարէր նոր Լուսարարապետի ընտրութեան համար։
       Այդ ժողովին Խապայեան Սրբազան, երկար յայտարարութեամբ իր հրաժարականը եւ հրաժեշտը կուտար Միաբանութեան, որուն անընդհատ ծառայած էր ամբողջ 26 տարիներ միշտ պատասխանատու պաշտօններով։ Իսկ Լուսարարապետութեան պաշտօնը որ Պատրիարքէն վերջ ամենակարեւոր եւ ամենապատասխանատու պաշտօնն է, վարած էր գրեթէ 17 տարիներ։ Ատենաբանութենէն վերջ Միաբանական Ընդհ. Ժողովը շնորհակալութիւն կը քուարկէր։ Անկէ յետոյ Լուսարարապետի ընտրութիւնը կը կատարուէր յանձին Գաբրիէլ Վրդ. Անոյշեանի, որ Պաղտատ կը գտնուէր Առաջնորդական պաշտօնով։
       Խապայեան պատրաստուեցաւ Երուսաղէմէն մեկնիլ։ Կեդրոնէն հրաւիրակ նշանակուած էր վաճառական Յարութիւն Գարամանեան, որ Յունվար 29-ին Պոլսէն մեկնեցաւ Երուսաղէմ, կաթողիկոսութեան հրովարտակը եւ շքանշանը հետը տանելով։ Փետրուար 14-ին, Տեառնընդառաջի օրը, նորընտիր Կաթողիկոսը հայրապետական շքեղութեամբ պատարագեց Ս. Յակովբայ Տաճարին մէջ, Փետրուար 17-ին պատուիրակ Կէօմրիւքճեան Եպիսկ. Երուսաղէմ հասաւ Կիլիկիոյ Աթոռին եւ ժողովներուն հրաւիրակներով միասին, Փետրուար 26-ին նորընտիրը բոլոր հրաւիրակներով եւ միաբանութեան ներկայացուցիչ եւ իր օծակից Մամբրէ Եպիսկ. Մարկոսեանի հետ Երուսաղէմէն կը մեկնի Եաֆա։ Նոյն օր մեկնման ատեն Յարութիւն Պատրիարք թանկարժէք պնակէ մը կը նուիրէ նորընտիր Կաթողիկոսին։ Եաֆա, Տեսուչ Մատթէոս Վրդ. Գայրճեանի կողմէ կը պատուաստիրուի, 27-ին կը մեկնի եւ Մարտ 3-ին կը հասնի Մէրսին, Մարտ 5-ին Ատանա, Մարտ 10-ին Սիս։ Շատ երկար պիտի ըլլար ի Մէրսին, յԱտանա եւ ի Սիս եղած ընդունելութեան նկարագրութիւնը, որ շատ շքեղ, շատ փառաւոր եւ շատ հոյակապ եղած է ամէն կերպով։ Սիս հասնելէն վերջ նորընտիրը յարմար տեսաւ օծման հանդէսը կատարել Ապրիլ 20-ին, Կանանչ Կիրակիին, իսկ Միւռօնօրհնէքը Ապրիլ 27-ին Կարմիր Կիրակին, քանզի ի Սիս միւռոնը շատոնց սպառած էր եւ Կ. Պոլսէն կը յղուէր պէտք եղած միւռոնը։ Այս իմաստով, տեղապահ եւ պատուիրակ զոյգ ստորագրութեամբ, Մարտ 19 թուակիր շրջաբերական հրաւիրագրով ամէն կողմ ծանուցին օծման եւ միւռոնօրհնէքի թուականները։
       Օծման արարողութիւնը կատարուեցաւ ամենափառաւոր շքեղութեամբ, ուր տեղական եւ շրջակայ ժողովուրդէն զատ զանազան կողմերէ 20, 000 ուխտաւորներ կը հասնէին եւ օծման հանդէսը, փոխանակ ներսը ընդարձակ տաճարին մէջ կատարելու, աւելի ընդարձակ դրսի բակին մէջ սեղան կանգնուեցաւ եւ հոն կատարուեցաւ։ Հանդիսագիրն էր պատուիրակ Մովսէս Եպս. Կէօմրիւքճեան, ընկերակցութեամբ Տեղապահ Կիրակոս Բէքմէզճեան, Ֆռնուզի Նիկողայոս Դաւիթեան եւ Զէյթունի Կարապետ Քէչէճան Եպիսկոպոսներու, մասնակցութեամբ 12 վարդապետներու եւ 45 քահանաներու եւ բազմաթիւ դպիրներու։ Իսկ յաջորդ կիրակիին, Ապրիլ 27-ին, նոյն փառաւորութեամբ, նոյն բակին մէջ կատարուեցաւ միւռօնօրհնէքի շնորհաբաշխ արարողութիւնը։ Թէ օծման եւ թէ Միւռոնօրհնէքի Ս. Պատարագներուն զորս մատոյց նորընտիր Սահակ Կաթողիկոս, իր նախորդները յիշելէ վերջ, յիշեց նաեւ Ընդհանրական Հայրապետը, զՏէր Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսն. թերեւս 1441 էն ի վեր առաջին անգամն էր որ Կիլիկիոյ Մայր Աթոռին մէջ կը յիշուէր Ազգիս ԸՆդհանրական Հայրապետը։ Պէտք էինք յիշել այս դէպքը, ցոյց տալու համար թէ նորընտիր Սահակ Կաթողիկոս որքան փափաքող էր սիրոյ եւ համերաշխութեան երկու Աթոռներու։ Այս առթիւ հարկ է յիշել նաեւ որ ԸՆդհանրական Հայրապետն Խրիմեան Հայրիկ Ապրիլ 10-էն առաջ հեռագրաւ շնորհաւորած էր զնորընտիր Կաթողիկոսն։ Միեւնոյն ժամանակ Տրդատ Պալեան, եւ Հմայակ Դիմաքսեան Եպիսկոպոսներուն հեռագրած էր, որ յանուն Մայրաթոռոյ օծման ներկայ գտնուին, թէպէտ առաջինը հիւանդութեան եւ երկրորդը ժամանակի սղութեան պատճառաւ չէին կրցած ներկայ ըլլալ։
       Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան, օծուած եւ միւռոնօրհնէքի պարտականութիւնը կատարած, Սսոյ Մայրավանքի վերեւ Վեհարան «Խաչ-օտա»յի մէջ թառած կը դիտէ դուրսը եւ մտքով կը շրջի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական թեմերը, որոնք կարօտ են շինարարա ձեռքի մը, ոչ թէ միայն աւերակ շէնքերը վերականգնելու, այլ հոգիի, մտքի, սրտի աւերակները վերաշինելու եւ ամբողջ թեմերուն ակնկալած բարիքները, հայրական հովանաւորութիւնը սփռելու համար։ Բայց տեսնենք թէ ով էր նորընտիր Սահակ Կաթողիկոս, ի'նչ եղած էր անոր անցեալ տարիներու գործունէութիւնը, որովհետեւ 1902 Հոկտ. 12-ին, իր ընտրուած օրը 52 ու կէս տարեկան էր։ ( Տե՛ս Ազգապատումի Գ. հատորը, էջ 5145-5146)։