Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ՊԵԼԺԻԳԱ


Պելժիգայի անկախութիւնը հռչակուեցաւ 1830ին, ձեռամբ պելժ յեղափոխականներուն եւ շնորհիւ ֆրանսական բանակին ու Լոնտոնի Դեսպանախորհուրդին, ուր եւրոպական տէրութիւնները պաշտօնապէս հաւանութիւն յայտնեցին պելժ անկախութեան հռչակման։

Պելժիգայի Սահմանադրութիւնը քուէարկուած է 1831փետրվար 7ին, ձեռամբ 200 երեսփոխաններէ բաղկացած ազգ. ժողովի մը։ Այդ սահմանադրութիւնը կը պարունակէ 139 յօդուածներ, որոնք երկու գլխաւոր մասի կը բաժնուին, մին՝ ժողովրդային իրաւանց սահմանները կը գծէ, երկրորդը՝ կառավարական կազմակերպութիւնը կը սահմանէ։

Պէտք է գիտնալ, թէ Պելժիական Սահմանադրութիւնը անոնցմէ է, որոնք ամէնէն աւելի մեծ թուով ազատութիւններ կ՚երաշխաւորեն քաղաքացիներուն։ Յօդուած 14րդի հիման վրայ կրօնքի ու դաւանանքի ազատութիւն հաստատուած է. ամէն մարդ կարող է իր կարծիքը անվախօրէն յայտնել. յօդուած 15րդը կը տրամադրէ որ ոչ ոք չպիտի բռնադատուի ո եւ է կրօնքի մը հարկադրած պարտաւորութիւնները յարգելու։ Կառավարութիւնը իրաւունք չունի վիջամտելու կրօնականներուն ներքին խնդիրներուն եւ յարաբերութեանց։

Դաստիարակութիւնն ազատ է. ոեւէ բռնական միջոց արիլուած է։ Հաւասարապէս ազատ է նաեւ մամուլը. գրագէտները, հրատարակիչները կամ տպագրիչները ստիպուած չեն դրամական երաշխաւորութիւն տալ՝ դատական խնդիրներու մէջ։ Երբ հեղինակ մը ծանօթ է ու Պելժիգա կը բնակի, այդ հեղինակին գործը տպողը կամ ցրուողը դատաստանի չենթարկուիր։

Քաղաքական յանցանքներու եւ մամլոյ վերաբերեալ դատերու համար jury ( երդուեալ դատաւորներու ատեան) հաստատուած է։ Պելժիգացիները իրաւունք ունին հաւաքուելու խաղաղօրէն եւ առանց զէնքի, համաձայն օրինաց, առանց սակայն կանխաւ արտօնութիւն ստանալու։ Հաւասար իրաւունք ունին ընկերակցութիւններ կազմելու, ըլլա՛յ քաղաքական. թէ կրօնական, կամ իմաստասիրական, գրական, ճարտարագործական կամ ոեւ է ուրիշ նպատակով։ Յօդուած 24րդի համաձայն, պէտք չկայ կանխաւ արտօնութիւն ստանալ, կառավարական պաշտօնէից դէմ դատ բանալու համար։

Պելժ Սահմանադրութիւնը՝ որպէսզի կարենայ հակազդել այն ճնշումի քաղաքականութեան, որ 1830էն առաջ կը տիրէր, իրեն նշանաբան ընտրած է Յեղափոխութեան կարգախօսը «Ազատութիւն՝ ամէն բանի մէջ եւ ամէն մարդու համար»։ Էմ. տը Լավըլէյ իր Le Parti Liberal en Belgique գրքին մէջ, խօսելով Պելժ սահմանադրութեան վրայ, կըսէ. —«Անիկա որոշ եւ բացարձակ կերպով մը նուիրագործեց այն չորս գլխաւոր ազատութիւնները, որոնց խորհրդանշանն եղող պրօնզէ արձանները բոլորուած են ի յիշատակ ազատութեան կանգնուած սիւնին շուրջ. այդ ազատութիւններն են՝ մամուլի, դաւանանքի, դաստիարակութեան եւ ընկերակցութեան ազատութիւնները»։

Պելժիգայի կառավարութիւնը, Ազգային ժողովէն ընդունուած բանաձեւին համեմատ, «սահմանադրական միապետութիւն մըն է՝ ժառանգական պետի մը իշխանութեան տակ»։ Սահմանադրական օրէնքին 25րդ յօդուածը ճշգրիտ կերպով կ՚ըսէ, թէ թագաւորը վեհապետը չէ, այլ՝ ժողովուրդը։ «Բոլոր իշխանութիւնները Ազգէն պէտք է բղխին։ Թագաւորը Սահմանադրութեամբ իրեն տրուած իրաւունքներէն դուրս ուրիշ ոեւէ իշխանութիւն չունի»։

Թագաւորը իր իշխանութիւնն ի գործ կը դնէ ձեռամբ պատասխանատու նախարարներու։ Ինչպէս Անգլիոյ, նմանապէս Պելժիգայի մէջ նախարարները պարտաւոր են գործէ քաշուիլ այն օրն իսկ, ուր կը դադրին Երեսփոխանական ժողովին վստահութիւնը վայելելէ։ Գործադիր իշխանութիւնը թագաւորինն է, իսկ օրէնսդրական իշխանութիւնը հաւաքարար կը պատկանի թագաւորին, Երեսփ. Ժողովին եւ Ծերակոյտին։ Օրէնքները վաւերացնելու եւ հրատարակելու իրաւունքն ալ կը պատկանի թագաւորին։

Երեսփոխանական ժողովի անդամները կընտրուին 4 տարուան շրջանի մը համար եւ երկու տարին անգամ մը կէս առ կէս կը վերանորոգուին։ Ծերակուտականները 8 տարուան շրջանի մը համար կընտրուին, եւ չորս տարին անգամ մը կէս առ կէս կը փոխուին։Երեսփոխան մը կամ ծերակուտական մը կարելի չէ ձերբակալել ու դատի ենթարկել իր պաշտօնավարութեան վերաբերեալ այս կամ այն կարծիքը յայտնած ըլլալուն համար։ Երբ ձերբակալման մը անհրաժեշտ պէտք կայ, հարկ է որ Երեսփ. Ժողովը կամ Ծերակոյտը մասնաւոր արտօնութիւն տայ կառավարութեան։

Երեսփ. Ժողովը իր իրաւունք ունի նախարարները ամբաստանելու եւ զանոնք դատի քաշելու վճռաբեկ Ատեանի առջեւ, որը միակ ատեանն է՝ զանոնք դաելու ձեռնահաս։ Դատապարտուած նախարարի մը ա՛յն ատեն միայն կրնայ ներել թագաւորը, երբ Ծերակոյտը կամ Երեսփ[ոխանական] Ժողովը խնդրէ։

Պելժ Սահմանադրութեան 88րդ յօդուածին մէջ յատկապէս շեշտուած է թէ թագաւորը իր նախարարները պէտք է ընտրէ Երեսփ. Ժողովի եւ Ծերակոյտի անդամներուն մէջէն։ Նախարարներուն գլխաւոր պարտականութիւններն են՝ Ա. օրինագծեր ներկայացնել Բարլամէնթին. Բ. եթէ երեսփոխանները բացատրութիւն պահանջեն ո եւ է խնդրի համար, անմիջապէս տալ. Գ. իւրաքանչիւր նախարարի պատկանեալ պաշտօնէութեան ելմտացոյցը պատրաստել, ու ծախքերուն վճարումը հրամայել. Դ. հսկել՝ որ օրէնքներուն եւ կանոններուն անխափան գործադրութիւնն ապահովուի։

Ինչպէս ուրիշ ամէն ազգերու, Պելժիգայի սահմանադրութիւնն ալ տակաւ բարեփոխուեցաւ, եւ գիւական բնակչութիւնները իրաւունք ստացան աւելի լայն չափով մը մասնակցելու քուէարկութեան. օրինակի համար, առաջ, Պրիւսէլ կամ Անվէրս բնակող Պելճիգացի մը քուէ կարենալ տալու համար, պէտք էր տարեկան 170 Ֆրանք տուրք վճարէր. Սահմանադրութեան վերաքննութեամբ՝ 1848ին՝ այս տուրքի քանակը իջաւ մինչեւ 42 ֆրանքի, այնպէս որ ընտրողներու թիւը 45000էն բարձրացաւ 133, 000ի. Պելճիգայի ժողովուրդին ձեռք անցուցած այս իրաւունքը շատ նշանակելի է, որովհետեւ Եւրոպայի սահմանադրական կառավարութիւններէն ոչ մին, այդ թուականներուն, դեռ այդքան դիւրութիւններ ընծայած էր ժողովուրդին՝ մասնակցելու համար քուէարկութեան։ Մինչեւ իսկ ֆրանսացի մը ընտրող կարենալ ըլլալու համար պէտք է վճարէ տարեկան 200 ֆրանք ուղղակի տուրք։

Բայց Պելժիգացիները չի բաւականացան 1848ի բարեփոխմամբ, որովհետեւ երկրին մէջ աճող ու ուժովնալ սկսող գործաւոր դասակարգը 1866ին սկսաւ բուռն պայքար մղել, եւ պահանջել որ տուրքի դրութիւնը ջնջուի եւ ընդհանուր քուէարկութիւն հաստատուի. այս պայքարը ամբողջ 27 տարիներ տեւեց, եւ 1893ին, Երեսփ. Ժողովն ու Ծերակոյտը հարկադրուեցան տեղի տալ ժողովրդային պահանջման առջեւ, երկրին մէջ հաստատելով ընդհանուր քուէարկութեան դրութիւնը։ Այսօր, ամէն պելժ քաղաքացի, երբ քաղաքականապէս չափահաս է ու իր ընտրական իրաւունքներէն չէ զրկուած, կրնայ մասնակցիլ քուէարկութեան, ու մինչեւ իսկ քուէն պարտաւորիչ եղած է։ Իսկ այն քաղաքացին որ ո եւ է կերպով երկրին կարեւոր ծառայութիւններ կը մատուցանէ, ան կրնայ մինչեւ իսկ մէկէ աւելի քուէներ տալ։ Մ. Ալֆրէտ Նէրինքս իր Le Suffage universal en Belgique գրքին մէջ հետեւալ կերպով կը բացատրէ այս դրութիւնը. «Պելժիոյ ընտրական օրէնքին ոգիին համաձայն, բոլոր Պելժիգացիները կը նկատուին իբրեւ շահակից բաժնետէրերը՝ ընդարձակ ընկերութեան մը։ Ոմանք— եւ ասոնք մեծամասնութիւն կազմողներն են— միայն մէկ բաժնեթուղթ ունին, որովհետեւ ընկերութեան մէջ անոնք մէկ բաժին գնած են. ուրիշներ՝ շնորհիւ դրամագլխին՝ մէկէ աւելի բաժիններու տէր եղած են. կամ վերջապէս ուրիշներ ալ որոնք թէեւ կարեւոր դրամագլուխներ չունին, բայց ընկերութիւնը բան մը կ՚ակնկալէ անոնց գործունէութենէն, եւ այս պատճառաւ քուէի իրաւունք կուտայ։ ՊԵլժ Սահմանադրութիւնը կը տրամադրէ որ իւրաքանչիւր քաղաքացի անխտիր մէկ քուէ տայ, բայց իր օգտակարութեան աստիճանին համեմատ՝ քաղաքացի կայ որ մինչեւ երեք քուէ տալու իրաւունք ունի. միւս կողմէպ սահմանադրական օրէնքը թոյլ չի տար որ ո՛ եւ է Պելժիգացի քուէարկելէ հրաժարի. երկրին ընդհանուր օգտակարութեանը հետ կապ ունեցող գործի մը պէտք է անպատճառ մասնակցի»։