Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԷՊ Ի ԳԱՒԱՌ

Անցեալ կիրակի, Էսաեան սանուց Միութիւնը Բերայի Արուեստանոցին մէջ ցերեկոյթ մը կազմակերպած էր. որուն առթիւ երկսեռ բանախօսներ ի վեր հանելով հայ կնոջ դերը՝ հասարակական նոր կեանքին մէջ, կոչ ըրին հայ տիկիններուն եւ օրիորդներուն, երթալ դէպ ի հայրենի երկիրը ու գործունէութեան հարազատ դաշտին մէջ աշխատիլ հայ ու դրացի ցեղերու քաղաքակրթութեան գործին։ Այս ամէնքը՝ շատ սիրուն, շատ շողշողուն։ Գեղեցիկ շղարշը՝ որով բանախօսները պատեցին բնագաւառի գործունէութիւնը, իսկապէս հմայիչ էր. ու ես օրիորդներ տեսայ, որոնք բեմէն վար ինկող խօսքերուն ազդողականութենէն ելեքարականացած՝ անզգալաբար ոտքի կ՚ելլէին, կարծես վայրենապէս ճամբայ իյնալու դէպ ի գաւառ։

Ինչ որ ճառախօսուեցաւ, սակայն, հայ կնոջ գործունէութեան իբրեւ ուղեցոյց, բաւական չէր, աւելի ճիշդը՝ ամբողջը չէր։ Եւ ահա թէ ինչո՛ւ.

Կը պատմուի՝ թէ Խրիմեանի պատրիարքութեան օրով, Ազգանուէ՞ր թէ Դպրոցասէր Տիկնանց ընկերութեան ամսավերջի մէկ հանդէսին, Խորէն Նարպէյ կը հրաւիրուի ուղերձ մը ընել ընթացաւարտ հայուհիներու, որոնք կոչուած էին գաւառ երթալ եւ ուսում տարածել։ Թեթեւ բանաստեղծականութեան հակամէտ տիպարը՝ Խորէն Նարպէյ կը սկսի ներբողել Հայաստանի կեանքն ու կլիման, կը պատկերացնէ պուրակներն ու գետակները, կը նկարագրէ հայկական երկինքն փողփողուն լուսինն ու արեւը ու աստղերը, եւ կոչ կ՚ընէ նորաւարտ օրիորդներուն՝ երթալ այդ բանաստեղծական երկիրին վրայ ապրելու։

Կ՚երեւակայեմ՝ թէ սպիտակազգեաց երազուն օրիորդները այդ վայրկեանին հոգեւին պատրաստ էին երթալ դէպ ի բնագաւառի ամէնէն հեռաւոր անկիւններն իսկ, երբ յանկարծ ոտքի կ՚ելլէ Խրիմեան, այդ կճող այլ թափանցող իրապաշտը որ Հայաստանը ճանչցած մարդու հեղինակութեամբը սա իմաստով կը խօսի.

Օրիորդնե՛ր, Նարպէյ Սրբազան զձեզ շլացուց։ Հայ հողին գետերը, պուրակները, ու Հայ երկինքին լուսինն ու աստղերը տարփողելով։ Բայց պէտք է գիտնաք, Թէ Հայաստանի մէջ ձեզի ուրիշ բաներ ալ կը սպասեն, աւելի դաժան, աւելի տխուր, բայց իրական, Նարպէյ Սրբազանի նկարագրած պուրակներուն մէջ վայրագ քիւրտեր կան, որոնք ձեր կեանքին ու պատուին դարանակալ կը սպասեն, իսկ Հայ գետերուն մէջ դուք պիտի տեսնէք անմեղ զոհերու արեան վտակները… եթէ գաւառ պիտի երթաք իրօք, հետերնիդ այդ բանաստեղծութիւններէն աւելի տարէք ինքնապաշտպանութեան միջոցներ, անվկանդ կուրծք մը, ու… սանտրեր, որոնցմով դուք պէտք է մաքրէք անտէր մանուկներու գլուխը…։

Խրիմեանի այս հիասթափեցուցիչ ու դառնօրէն ճիշդ բառերը կը վերյիշէի անցեալ կիրակի, երբ Էսաեան սանուհիներուն եւ առհասարակ բոլո՛ր հայուհիներուն կ՚ուղղուէին այնքան շլացուցիչ կոչեր՝ դէպ ի հայրենի երկիրը ճամբայ ելլելու համար։ Խրիմեանի պատրիարքական շրջանէն ի վեր ոչինչ փոխուած է դժբաղդաբար բնագաւառի հայուն քաղաքական, մտաւորական եւ ընկերական կեանքին մէջ։ Նոյն պուրակները եւ նոյն գետերը, այսօր ալ բռնաբարիչներու եւ մորթոտողներու զոհերովը կարմրած են. ու նոյն լուսինը այսօր ալ կոտորածի եւ աւերումի դաշտերուն վրայ կը յածի։ Հայ օրիորդը պատրաստուա՞ծ է տոկալ այդ կեանքին, զրկումի, տեւական զօհողութեան եւ վտանգի կեանքին. ահա՛ խնդիրը. յեղափոխական ասպարէզի մէջ մենք տեսանք «հերոս»ներ, որոնք ամերիկեան հեռաւոր ցամաքներէն ճամբայ ելան Երկիր մտնելու համար, բայց հազիւ մինչեւ Կիպրոս հասած, զգացին վտանգին դրացնութիւնը եւ ետ դարձան։ Հայ կինը պիտի ուզէ՞ այս դասալիքներուն տխուր շարքը ստուարացնել։ Չէ բաւեր շլանալ հերոսուհիներու լուսապսակներէն. հայ կինը ինքն իր մէջ պէտք  զգայ անտեղիտալի ոյժը՝ ապրելու եւ գործելու բնագաւառի մոռցուած անկիւններուն մէջ, ուր այլեւս չկան շղարշներ ու ժանեակներ, չկան ցուցամոլական կեանքի մը բոլո՛ր շքեղանքները, այլ կայ կռիւը՝ բնութեան ու մարդկային տարրերու դէմ, վտանգը՝ բարոյական ու ֆիզիքական ոլորտներուն մէջ, ու մանաւանդ՝ անձնազոհ նուիրումի գերագոյն հարկադրութիւնը։

Այն ատեն միայն մենք ալ պիտի ըսէինք դէպ ի գաւա՜ռ, հայ կիներ։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 13-26 Փետրվար, թիւ 17, էջ 166