Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՐՏԱՄ ՎԻՃԱԿ

Օսմ[անեան] խորհրդարանը՝ մարտ 31ի հարուածէն սթափելէն անմիջապէս վերջ, Շարժուն Բանկէն եկած կարգախօսին համաձայն, տենդոտ աճապարանքով մը քուէարկեց կարգ մը օրէնքներ, որոնց մէջ մեր աչքին ամէնէն աւելի զարնողն է Ընկերակցութեանց Օրէնքը։ Ահա՛ աւելի քան 4 ամիսէ ի վեր, մեր երկրին քաղաքական ընկերակցութիւնները որոշ օրէնքի մը ենթարկուած են, եւ ահա ճի՛շդ երկու ամիսէ ի վեր է որ այդ օրէնքը սկսած է գործադրութեան դրուիլ, կամ պէտք էր դրուիլ, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ընկերակցութեանց նկատմամբ։

Օրինագծի վիճաբանութեան պահուն, կը յիշուի թէ Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովի Իթթիհատեան մեծամասնութիւնը՝ իրեն սիրելի երազները իրականացած տեսնելու մէջ այնքա՛ն աճապարանք դնելով՝ տրամադիր էր միայն մէկ ամիս պայմանաժամ տալ գոյութիւն ունեցող ընկերակցութեանց՝ նոր օրէնքին յարմարելու համար։ Բայց յետոյ, հայ երեսփոխանի մը բանաւոր մէկ առաջարկին վրայ պայմանաժամը երկու ամիսի երկարեցաւ, եւ ըստ այնմ, հոկտեմբերի սկիզբէն ի վեր է որ հայ կուսակցութիւնները մի՜շտ օրինապահ եւ գուցէ չափէն աւելի հլու կառավարութեան ներկայացուցին իրենց հիմնական ծրագիրներն ու կանոնագիրները, օրինական վաւերացում ստանալու համար։

Ի՜նչ ըրաւ սակայն կառավարութիւնը՝ սա անցնող երկու ամսուան ընթացքին։ Ոչի՛նչ, բացարձակապէս ոչինչ, գոնէ հայ կուսակցութեանց վերաբերմամբ։ Ստոյգ է նոր ներքին գործոց նախարարը մերթ ընդ մերթ շրջաբերականներ ղրկեց գաւառները, հրամայելով արգիլել ազգայնական հողի վրայ կազմուած կուսակցութիւնները, եւ կարգ մը մակեդոնական խմբակցութիւններ ալ արգիլուեցան արդէն. բայց հայ քաղաքական կուսակցութեանց մասին ցոյց տուած անփութութիւնը նեղսրտութիւն պատճառելու հանգամանքն ունի պարզապէս։ Մեր կուսակցութիւններէն ո՛չ մին տակաւին կառավարական վաւերացում չի ստացած, ու կը լսենք թէ, հայ կուսակցութեան մը ներկայացուցիչը շարբաթը քանի մը անգամ ներքին գործոց պաշտօնատունը կ՚երթայ վաւերացումը առնելու, բայց ամէն անգամ իրեն կը պատասխանուի. «դեռ չի նայուեցաւ այդ գործին. այսօր գացէք, վաղը եկէք»։ Վա՜ղը, յաւիտենական վաղը։

Հայ քաղաքական կուսակցութեանց ենթարկուած այս տարտամ վիճակը վնասակար հետեւանքներ միայն ունի թէ՛ կազմակերպական շարքերուն համար, եւ թէ մեր ազգին ու երկրին քաղաքական, ընկերական եւ քաղաքակրթական զարգացման տեսակէտով։ Այն semi—legal դրութիւնը. ուր երկու ամիսէ ի վեր կը տատանին հայ կուսակցութիւնները, եւ այն ակամայ սպասումի ժամանակամիջոցը, զոր անոնք կ՚անցընեն վաւերացուելո՞ւ թէ՝ չի վաւերացուելու ակնկալութիւններուն մէջ տարուբերուած, առ նուազն վարպետ հնարք մըն է՝ կառավարական ձեռքով խաղցուած՝ հնարք մը, հայ կուսակցութեանց շարքերը երկարատեւ անստուգութեան մը մէջ պաղեցնելու, անոնց որդեգրած նպատակին հետապնդումը կասեցնելով օրէնքին մէկ չարաչար գործածութեամբը։ Գաւառական մասնաճիւղերը ամէն շաբթու կը հարցնեն Պոլսոյ կեդրոններուն, թէ ի՞նչ եղաւ, կուսակցութիւնը ճանչցուեցա՞ւ եւ վաւերացուեցա՞ւ կառավարութենէն, որպէս զի իրենք՝ մասնաճիւղերն ալ ինքզինքնին զերծ զգան տեղական խաւարամիտ պաշտօնատարներու կամայական հետապնդումներէն, եւ կարենան իրենց գործունէութիւնը վերսկսիլ նո՛ր ծրագրով, նո՛ր յոյսերով։ Իսկ Պօլսոյ Կեդրոններ հարկադրուած են շարունակ պատասխանելու. սպասեցէ՛ք, դեռ վաւերացում չըստացանք կառավարութենէն։

Բայց ինչո՞ւ այսպէս. ինչո՞ւ հայ կուսակցութիւնները հարկադրուած  ըլլային ձեւով մը ընդհատելու իրենց գործունէութիւնը, եւ Պետական Խորհուրդի անդամներուն կամ ներքին գործոց նախարար պէյին քէյֆին համար ինչո՞ւ երկու ամիս պիտի սպասեն եղեր պարզ վաւերացում մը ձեռք ձգելու համար։ Երիտասարդ Թուրքերը ա՞յսքան շուտ մոռցան. որ դեռ այն օրերուն, երբ իրենք չէին համարձակեր Համիտեան ռէժիմին դէմ ձայն բարձրացնել, գտնուեցան հայ յեղափոխականներ, որոնք իրենց պատկանած կուսակցութեան դրօշին տակ ինկան, բռնապետութեան պատուանդանին քայքայումը պատրաստելով։ Այսօրուան հայ կուսակցութիւնները, գոնէ անոնցմէ երեքը, այսպիսի նուիրական աւանդութիւններով օծուած անցեալ մը ունին, եւ Երիտասարդ Թուրք կառավարութեան կողմէ ցոյց տրուած ներկայ ընթացքը ապերախտութիւն պիտի կոչէինք, եթէ աւելի ծանր բառ մը գործածել չուզենք։

Արդէն իսկ տրտունջներ կը բարձրանան ոչ—թուրք ցեղերու բերաններէն, թէ իրենց պատմական իրաւունքները եւ ազգային ինքնայատուկ զարգացման ազդակները կը կաշկանդուին։ Մակեդոնիոյ մէջ՝ երբեմնի հրոսապետ Սանտանսքին, Պուլկար Ժողովրդավար Ակումբներուն դէմ հանուած է, քաղաքային պատերազմ յառաջ բերելով, իսկ Սանտանսքիի հակառակորդները հալածանքի կ՚ենթարկուին։ Եւ հոս, մեր քթին տակ, տեսանք թէ ինչպիսի վարպետութեամբ մը Երիտասարդ Թուրքերը բաժնեցին հայ կուսակցութիւն մը՝ ընդհանուր ազգին կուսակցական ամբողջութենէն, եւ անոր հետ ձեւական դաշինք մը կնքելով պառակտում ձգեցին հայկական շրջանակներուն մէջ։ Եթէ Սահմանադրական Դահլիճն ալ պիտի շարունակէ նախորդ ռէժիմէն ժառանգ մնացած divide ut imperesի մաքեավէլական քաղաքականութիւնը, ուրեմն բնաւ չի զարմանանք, երբ այլացեղ տարրերու բողոքները շարունակէն գոռալ եւ դէպի անկում ընթանայ Օսմ[անեան] կայսրութիւնը։

Մեր աչքերը այնքան վարժուած են խտրականութենէ ներշնչուած կառավարական արարքներ տեսնելու, որ հոս ալ չենք կրնար աննշմար թողուլ Իթթիհատ թուրք կուսակցութեան վայելած առանձնաշնորհումը. այս կուսակցութիւնը երկու ամիսէ ի վեր ճանչցուած է արդէն իբրեւ օրինաւոր քաղաքական մարմին եւ իր բոլոր մասնաճիւղերը կը գործեն, մինչեւ իսկ կառավարական յանձնարարականներ ունենալով ձեռքերնին։

Ձգձգման այս քաղաքականութեան հանդէպ, Օսմ[անեան] երեսփոխաններուն եւ անոնց մէջէն՝ ցեղային անխտրականութեան կողմնակիցներուն վրայ պարտք կը ծանրանայ ներքին գործոց նախարարը հարցապնդել, կամ ուրիշ կողմնակի ազդեցութիւններով փութացնել տալ հայ կուսակցութեանց վաւերացումը։ Օսմ[անեան] երեսփոխանները իրաւունք ունին գիտնալու թէ իրենց հաստատած մէկ օրէնքը Ընկերակցութեանց Օրէնքը ինչպէ՛ս   եւ ինչ չափով գործադրութեան կը դրուի. եւ ասիկա՝ ապահովաբար շատ աւելի կարեւոր է, քան Մէքքէ ուխտի երթալիք երեսփոխններու ճանապարհածախսի խնդիրը։

Մենք չենք մուրար վաւերացում՝ կառավարութենէն. բայց ինչ որ անհանդուրժելի կը գտնենք, կուսակցութեանց ենթարկուած սպասողական վիճակն է. կա՛մ վաւերացում, կա՛մ մերժում, որպէսզի կուսակցութիւններն ալ գիտնան ընելիքնին։

«Ձայն հայրենեաց», 1909, Երկրորդ շրջան, 27 Նոյեմբեր-10 Դեկտեմբեր, թիւ 7 (57), էջ 66