Կ.
Պոլիս...
Առջի
շաբաթ
հոդ
Լոնտօն
մօտդ
էի,
բարեկա՛մ,
այս
առտու
շոգենաւը
զիս
հոս
նետեց
երեք
հազար
մղոն
տեղինն
աւուր
մէջ
կտրելով:
Ճամփորդութեան
մը
նկարագրութիւնն
ընելու
համար
շատերը
շատ
մը
տաղտկալի
թերթեր
կրնան
լնուլ
իսկ
ես
զանց
կառնում,
մինակ
այսքան
ըսելով,
որ
շոգենաւի
շարժումն
ալ
ծանր
գտա:
Արդեօք
ո՛ր
օր
մարդիկ
թռչունի
պէս
պիտի
թռին:
Թեւեր
անշուշտ`
Մեծ
Բրիտանիա
պիտի
տայ
աշխարհիս:
Այս
գիւտս
իւր
հնարագիտութեանկվերաբերի:
Ահա
փափաքիսհասայ,
հայ
եմ
լեզուաւ`
եւ
քեզ
հայասիրիդ
հայերէն
գրելու
առիթ
ունիմ:
Եթէ
իմ
անկլիացի
լինելս
չգիտնայիր,
կարծեմ,
որ
զիս
բնիկ
հայու
տեղ
կը
բռնէիր
գիրս
կարդալուդ:
Սակայն
լիովին
վստահ
չեմ
աս
բանիս
վրայ,
ինչու
որ
գրիչն`
որու
ետինմարդս
չերեւիր
իրօք,
որչափ
վարժ
չինի
եւ.
յստակ
գրէ,
եթէ
գրողը
ինծի
պէս
օտարազգիէ,
կրնայ
այնպիսի
նորաձեւ
իմաստ
մը,
ոճ
մը,
դարձուածք
մը
հառաչ
բերել`
որ
իսկոյն
մատնուի:
Ուր
մնաց
անկլիացին,
որ
աշխարհիս
բանական
կենդանիներէն
է՛ն
այլանդակն
է,
որ
կազմութեամբ
եւ
բնութեամբ
ազգերու
մէջ
աննման
երեվոյթ
մ’է,
որ
ի՛նչ
վարագուրիներքեւ
մտնէ`
մղոն
մը
հեռուեն
իր
շուքը
միայն
զինքը
կմատնէ:
Իր
դէմքը,
քալուածքը,
փեղուրին
ձեւը,
ձայնին
շեշտն
ու
մինչեւ
շունչը`
զինքը
ամէնուն
կը
յայտնեն:
Ո՛ր
մեր
վարմունքը,
ո՛ր
մեր
գործը
օտարին
կը
նմանին,
նետէ
անկլիացի
մը
միլիոն
մը
եւրոպացիիմէջ
ու
հեռուեն
մատով
ցոյց
տամ
քեզ
զայն:
Տա՛ր
զանի
աշխարհիս
մէկ
ծայրը,
եւ
հոն
ալիւր
բնական
եւ
հայրենական
սովորութիւններն
ու
գաղափարները
հետը
կը
տանի
Մէկը
նոր,
անհպելի
ու
անյայտ
երկիր
մը
գտաւ՞,
ինչպէս
Տրէք,
անկլիացի
է
ան
անկուշտ,
ուրիշ
մըՍառուցեալ
բեւեռը
ոտք
կոխե՞ց,
ինչպէս
Ֆրանքլին,
անկլիացի
է.
խորհուրդ
մը
ելաւ՞օւկիանոսը
ճեղքելու
եւ
նոր
ու
հին
աշխարհը
կցելու
թելով
մը,
անկլիական
է
այս
ընկերութիւններ
կ'անգնեցա՞ն`
բոլոր
տիեզերքը
ապակեայ
պալատի
մը
մէջ
ամփոփելու
եւներկայացընելու,
ահաւոր
ծովածուփ
քաղաք[1]մ’անդունդին
վրայ
տնկելու,
անգլիացուոց
դրդմամբ
են
Ասկէ
ետեւ
ո՛ր
անկլիացին
կրնայըսել
«Ես
առիւծս`
երբ
մասնաւոր
նպատակի
մը
համար
կովի
մորթ
կհագնիմ,
կտրտմիմ,
որբաշս
եւ
մռնչիւնս
զիս
երեւան
կը
հանեն»:
Միթէ
փառք
չէ՞,
բարեկամ,
որ
մարդս
իրմարդկութեան
եւ
ազգութեան
մէջ
միշտ
եւ
ամէնուրեք
ճանչցուի
Աւելի
չե՞ս
սիրէր
քուանկլիական
մերկութեանդ
մէջ
պտըտիլ
ու
յայտնուիլ`
քան
թէ
օտարին
մորթը
քեզ
սեփականել,
մանաւանդ
երբ
մորթը
տաք
է
ու
մարմնոյդ
փակչիլը
կբռնէ
Հիրաւի
ախորժելիվիճակ
մը
չէ
կամաւ
ասունեն
անասուն
դառնալ
Կան
մարդիկ
եւ
ժողովուրդներ,
որքաղաքականութիւն
կհամարին
անբանանալ
ժամանակ
մի,
որու
վերջոյ
չգալով`
նոյն
քաղաքականութիւնը
սովորութեան
կը
փոխուի,
եւ
ի
հարկէ
պոչերնին
չեն
կրնան
տեսնել:
Ուստի
անհոգ
եղիր,
ազգային
գոռոզութիւնդ
թող
չվիրաւորի
պահ
մը
զիս
հայագիր
տեսնելուդ
Մի՛
վախնար,
ոչպոչ
ունիմ
եւ
ոչ
փափաք
ստանալու
Տրդատին
լեզուն
խօսելուս
համար
անոր
պէս
վարազ
չեմսեպուիր
Անկլիացիի
խմորը
շատ
պինդ
ու
զօրաւոր
է
եւ
ուրիշ
թթու
խմորի
մէջ
անգամ
զուտ
եւ
անարատ
կմնա:
Աւելի
դիւրին
է
ահաւոր
Հիմալայայ
լեռը
գլտորել`
քան
թէ
անկլիականբնատուր
ինքնասիրութիւնս`
որ
շաղուած
է
հայրենասիրութեանս
հետ`
ջնջել
Ազգերու
մէջառջի
անգամ
չէ
որ
կթափառիմ,
ինչպէս
որ
գիտես,
ու
այս
հեղուն
նպատակս
ուսումնական
խուզարկութիւն
մ’է,
զօր
վարը
պիտի
բացատրեմ:
Յոյները
յոյնչեղողին
բարբարոս
կ'անուանէին
եւ
անորմէ
հեռու
կը
կենային,
սակայն
մենէ
աւելի
ազգասէր
չէին:
Մենք
օտար
ազգերը
չենք
ատէր,
այլ
զանոնք
կը
քննենք,
ինչպէս
բուսաբանը
տունկեր,
որպէսզի
եթէ
մեզի
անծանօթ
բնական
յատկութիւն
մը,
պիտոյք
մը,
փափաք
մը
անոնց
մէջ
գտնենք`
անկէ
օգուտ
քաղենք:
Մեր
հայրենիքը
մեծ
կորուստ
մը
չկրէր
թէ
որ
ինծի
պէսները
թողուն
ելնեն
եւ
տար
աշխարհ
երթան:
Իր
կառավարութեան
անիւը
դարձնող
արժանաւոր
եւ
ընտիր
անձինք
ունի
իր
ծոցը.
Իր
իրաւունքը
եւազատութիւնը
պաշտպանելու
համար
ախոյեաններ
չեն
պակսիր
հոն:
Եւ
միթէ
երբ
հեռուն
ալգտնվիմ
եւ
ծերունի
Անկլիացի
յիշատակները
եւ
սկզբունքները
սիրտս
պահեմ,
ինչ
ձեռնարկութիւն
ու
գործ
որ
ընեմ
միշտ
իմ
ազատ
հայրենի
աշխարհիս
համար
աշխատած
չե՞մլինիր:
Անկլիացի
մը
աշխարհաշրջիկ
լինելեն
առաջ`
մարդ
կը
լինի,
անկլիացի
կը
լինի,
ու
ի՛նչ
ճիգ,
ի՛նչ
քրտինք
որ
թափէ,
ի՛նչ
արիական
գործողութիւններ
որ
ընէ,
անոնցօգտաւէտ
աղբիւրեն
բխածը
կ'երթայ
բրիտանական
մեծութիւնը
եւ.
բարօրութիւնըկառատացնէ:
Քանի-քանի՜
սոսկականներ
իրենց
քաջութեան
եւ
հանճարի
զօրութեամբ,
աննկուն
յանդգնութեամբ
մեր
մայրենի
երկրին
ազդեցութեան
եւ
աշխարհակալութեանտարածելուն
պատճառ
չեղան:
Տասն
հազարաց
նահանջը,
Թերմոպիլէի
գործը,
սին
եւ
հասարակբանէր
կը
թուին
անոնց
շահատակութեանց
քով
Մեր
մայրերը
փոխանակ
սպարտացի
կը
նկանպատուերը
տալու
մեզ
թէ
«թշնամիիդ
հաղթէ
ու
թող
վահանդ
լինի
կամ
յաղթական
գահդ
կամ
դագաղդ”
կ'ըսեն,
«Ձեր
հայրենիքն
են
ձեր
ստնտուն
եւ
պաշտպանը
ու
աշխարհ
ձերասպարէզը,
մտէք
հոն.
ձեր
ազատական
արի
եւ
արդար
գործերը
արձագանք
պիտի
տան
մեր
սրտին
եւ
պատմութեան
մէջ,
գացէք»:
Եւ
ահա
Գուք
մը,
անյաղթ
նաւապետ,
աշխարհիս
շրջանը
կը
կատարէ.
Հիւտսըն
մը`
Ամերիկեան
հիւսիսը
ու
նոր
շաւիղներ
կը
գտնէք
լորտՔլայվ
մը`
ափ
մը
գունդով
բոլոր
Հնդկաստանի
ահ
կազդէ.
Լիւինկսդըն`
Ափրիկէի
խորերը
կը
թափանցէ.
Բայց
բարեկամ,
ինքնապարծութիւն
չլինի
ըսելու
եւս,
ուստի
է
որ
ուրիշազդեր
այս
մեր
ազատասիրութեան,
անվեհերութեան,
գործունէութեան
վրայ
կը
զարմանանՊատասխանդ
կը
գուշակեմ.
անոնք
մեզի
պէս
չեն
դաստիարակուիր
պիտի
ըսես:
Վասնզի
ընտիրկամ
թիւր
դաստիարակութեան
համեմատ
մարդս
մարգ
մեծ
ու
քաշ
կը
լինի.
կամ
ստորին,
վատու
անբան.
այս
գիտեմ,
սակայն
չկա՞յ
մեր
հոգիին
մէջ
նոյն
գրգիռեն
զատ
գրգիռ
մը
որզմեզ
անդուլ
հոյակապ
գործերու
Մղէ
Կարծեմ,
փոքր
ինչ
մեր
երկրին
դիրքը,
մերկառավարութեան
դրութիւնն
ու
մանաւանդ
մեր
հետաքրքիր
եւ
ինքնավստահ
հոգին
կը
դրդենզմեզ
դուրս
նետուելու,
դժուարութիւններու
դիմագրաւ
լինելով`
Անկլիայի
նոր
նորդուռներ,
նաւահանգիստներ
բանալու
առեւտուրին
համար,
ազատութեան
շունչն
ազգերու
մէջսփռելու
եւ
ամէն
բանի
Էութիւնը
ու
պատճառը
զննելու:
Իսկ
այս
ամէն
պատճառները՛շահասիրութեան
ոգին
կը
պսակէ,
ու
այս
ոգին
Է,
որ
անմիտ
մարդիկ
իբր
նախատինք
մեր
երեսին
կը
տան:
Ո՞ր
մարդս,
որչափ
վեհ
լինի
կոչումը,
որչափ
առաքինական
լինի
գործը,
շահու
կամ
փառասիրութեան
չնայիր
աշխարհիս
մէջ.
Անտարակոյս,
երբ
Նիւդըն
մըմոլորակներուն
օրէնքը
կգտնէ,
Կալիլէոս
ճշմարտութեան
զոհ
եւ
Ապելար
սիրոյ
նահատակ
կը
լինին,
իսկական
շահէ
աւելի`
վսեմ
նպատակ
մը`
իմաստասիրութեան
եւ
անմահութեան
սէրնունին
իրենց
հրապոյր.
բայց
դարձեալ
անոնց
արգասիքը
մեր
երախտագիտութիւնը
եւ
յարգըչե՞ն
գրաւէր,
եւ
անկէ
մարդուս
միտքը
ու
սիրտը
վաստակ
մը
չե՞ն
ընէր:
Եւ
ի՞նչ
են
վաստակաւոր
եւ.
լուսավոր
միտ,
այլ
միայն
գալիք
կանոնաւոր
գոոծողութիւններուաղբիւրն
ու
պահարանը,
ուստի
եւ
անոնց
յաջողութիւնը
եւ
արդիւնավորութիւնը:
Հիմա
չկարծես
որես
ալ
Լէանտրի[1]աշտարակին
եւ
Այա
Սոֆիին
մօտ
լինելովս
մեծ
բան
մը
պիտի
ընեմ,
եւ
մեր
երեւելիհայրենսյկիէքներու
կարգը
քորոց
գովեստը
ընելը
աւելորդ
էր,
ու
միայն
ախորժելի`ազգային
հպարտութեանս`
որ
հայ
լեզուին
նորաձեւ
քողին
տակ
կը
թաքչի,
չկարծես,
կ'ըսեմ,
որ
անոնց
կարգը
դասուելու
փառասիրութիւնն
ունիմ
այս
ուղեւորութեանս
մէջ:
Հետաքրքրութենէ
ծագած
անշուք
ձեռնարկութիւն
մ’է
իմս,
որովհետեւ
իրարու
կխոստովանինք,
որ
երբեմնայլանդակ
տեսիլներու
հիւանդութիւնը
կը
բռնէ
զմեզ:
Չես
ծիծաղիր
վրաս,
յուսամ,
թէ
որհամառօտ
բացատրեմ
քեզ
այս
առաջին
նամակիս
մէջ
նպատակս:
Յիրաւի
ոչ
բախտ,
ոչ
փիլիսոփայական
քար,
ոչ
ոսկեգեղմ[1]եւ
ոչ
Էրո[1]մը
գտնելու
արշաւեցի
այս
կողմերը:
Սակայն
կը
վախնամ,
որ
անոնցմէ
աւելի
դժուարագիւտբան
մը
չդառնայ
փնտրածըս,
թէեւ
պատմութեան
մէջ
սկիզբ
եւ
տեղ
մ’ունի:
Հայկայ
թոռներեկայ
աստ
որոնելու,
բարեկամ,
ու
թէեւ
ինչպէս
Ասորեստանցիք,
Քաղդէացիք,
Հռոմայեցիքանհետ
են
եղեր
ժամանակին
փլատակներուն
տակ,
նոյնպէս
հայերն
ալ
անոնց
վիճակակից
լինելնին
կ'երեւակայեմ,
սակայն
երբ
Անկլիայ,
քանի
մը
գրքի
մէջ
կենդանի
հայունշոյլներ
աչքիս
զարկին,
հարցուփորձ
որի
եւ
իմացայ,
որ
մանաւանդ
Պոլիս
գունդ-գունդկշարժին
ու
շատեր
ալ
շունչ
կառնուն
կը
տան
եղեր:
Զարմանքս
տարաւ,
վասնզիպատմութեանց
եւ
Հայաստանի
մէջ
հայերուն
մասունքը
եւ
ոսկորտիքը
զննելու
ատեննիս,
անոնց
յարութիւնը
ո՞վ
ներգործեց:
Եթէ
այս
յարութիւնը
ստոյգ
է,
այնուհետեւ
ուրիշյարութեանը
ալ
պիտի
հաւատամ:
Ուստի
ես,
որ
Քեմպրիճի
համալսարանին
առաջին
հայագէտաշակերտն
ելայ
քեզի
հետ,
ես
որ
նոյն
ազգին
դրականութիւնը
ու
պատմութիւնը
քիչ
շատլղեր
եմ,
ու
հիմա
վարժէլու
համար
լեզունին
կը
մրոտեմ,
պէտք
Է
որ
այս
մասին
գիտցածսեւ
սորուածս
փորձով
ստուգեմ.
Կա՞յ
ազգ
մ’որ
մեզի
չափ
գործ
ու
փորձ
տեսնել
ուզէ,
որհամոզուի,
մանաւանդ
հին
պատմական
իրաց
մասին,
որոց
յետին
աստիճան
զգուշութեամբհաւատ
ընծայել
պարտ
է.
Մի
շատ
առասպելներ,
որ
իրարմէ
օրինակուած
են,
ու
նորութեանարժէքն
անգամ
չունին,
իբր
զուտ
պատմութիւն
տգէտ
մարդիկ
կը
կլլեն:
Հայու
բերնեն
իրկ'ենդանի
լեզուն
լսել,
անոր
սովորութիւնները
եւ
բարքը
զննել,
անորմէ
թէ՛
հին
եւթէ՛
այժմեան
Հայաստանի
վրայ
տեղեկութիւններ
քաղել`
միթէ
բաւական
միջոց
մոյ
չէ՞
մերստացած
խել
մը
մութ
հմտութիւններու
լոյս
բերելու:
Վասնզի
պատմութիւն
ըսածդ
պատկերմ’է,
որ
մարդկան
եւ
անձից
գոյնը,
նսեմ
կամ
խիստ
փայլուն,
կընծայէ,
եւ
նոյնը
քիչկամ
շատ
ըմբռնելի
է
մտաց
աչքին,
նկարչին
կողմնասիրութեան
կամ
ճշմարտասիրութեանհամեմատ.
Սակայն
երբ
բունիսկ
դիպուածներուն
հեղինակներն
մեր
աչքին
առջեւ
առնունք,
իսկոյն`
պատկերին
հետհամեմատելով
կ'որոշենք
ճշմարիտը:
Արդ`
որովհետեւ
հայեր
ճանչելու
հետաքրքրութիւննունիմ
եւ
անոնց
հետ
միայն
պատմութեան
մէջ
տեսնուէր
եմ,
ինչու՞
անձամբ
իրենց
բնատիպպատկերը
չփնտրեմ,
քանի
որ
շընչաւոր
էակներ
են
ցարդ,
կ'ըսեն:
Այս
հետաքրքրութեանսգլխաւոր
դրդիչներէն
մէկն
ալ
եղաւ
հայու
բնութեան
մերինին
հետ
մասամբ
նմանութիւնգտնելս,
չէ
թէ
կիսամերկ,
հիւղի
տակ
ու
որսորդութեամբ
ապրելու
եւ
անտառներու
մէջպտտելու
ատեննիս,
այլ
մեր
նոր
կացութիւնը
անոնց
հինին
հետ
բաղդատելով:
Վասնզի
մենքվայրի
մորթ
հագած`
կաղնի
պաշտած
ժամանակ,
անոնք
մետաքսէ
ու
գոհարի
մէջ
կը
ծփային,
պալատներ
կը
բնակէին,
տաճարներ
ու
թատրոններ
ունէին,
ու
աւելի
ընտիր
էակ
մը
արեւըկը
պաշտէին:
Թէպէտեւ
մեզի
պէս
ծովային
ժողովուրդ
մը
չէր
հայը,
սակայն
իր
ցամաքայինվաճառականութիւնը
մինչեւ
Հնդկաստան
կը
տարածէր,
եւ
պատմութենեն
կ'իմանանք,
որանոնց
բնութիւնը,
ընտանեկան
եւ
քաղաքական
կեանքը
մերինեն
շատ
հեռու
չէին:
Հայքչարքաշ,
հուժկու,
աշխատասէր,
ճարպիկ
ու
ծանր
մարդիկ
են
եղեր,
ու
միայն
մեր
երկայնամտութենեն,
միաբանասիրութենեն
եւ
հնարագիտութենեն
զուրկ
ու
հետեւապէս
ալշատ
հեշտիւ
օտար
արիւնռուշտ
իշխաններու
լծին
տակ
մտէր
են:
Հայ
տանտէր
մը
մերՃոհն-պուլեն1
ի՞նչ
տարբերութիւն
ուներ:
Իբրեւ
նահապետ`
ընտանեաց
եւ
տանտիրելով,
իրեններուն
սէրն
ու
վստահութիւնը
գրաւելով
հարկին
միանգամայն
օրէնսդիր,
դատաւոր
եւ
զօրական
կը
կանգնէր.
ու
եթէ
ինքնասիրութիւնը
շուտ
մը
բռնէր,
առանցհասարակաց
օգուտը
մտածելու,
իր
տան
մէջ`
որ
դղեակն
էր,
կը
փակուէր
Երբ
Հայաստանաշխարհը
զատ-զատ
նախարարութիւններու
բաժնուած`
ու
թագաւորին
իշխանութիւնը
անոնցազդեցութենեն
բնականապէս
չափաւորած
կը
տեսնենք,
մեր
կալուածական
դրութեան
մէկտեսակը,
մեր
Նորմաններուն
տիրապետութիւնը
միտքերնիս
չիյնա՞ր
Վաղաըակ
Պարթեւինըրածը
մեր
Ուիլեամ
Յաղթողին
գրեթէ
օրինակն
է
Առաջինը
իւր
հետը
Հայաստան
բերած
խելմը
զինակից
իշխաններու
բաժնեց
նոյն
երկրէն
գեղեցիկ
նահանգները,
վերջինը
իրեն
Նորմանտացի
զօր
ականներուն`
Անկլիան:
Այս
ստոյգ
է`
որ
լուսաւորութեան
եռանդը
ուազատութեան
ոգին
ժողովրդին
յետին
աստիճաններուն
մէջ
մտած
չլինելով,
կարող
չեն
եղերժամանակին
հետ
մեզի
պէս
ազգային
ատեաններ
եւ
ժողովներ
հաստատելու,
իրենցիրաւունքը,
շահը,
անկախութիւնը
պաշտպանելու,
ներքին
քաղաքային
կռիւներուն
վերջտալով`
արտաքին
ասպատակութիւններու
դէմ
պատերազմելու
Այլ
մեծագոյն
մասն`
որհետզհետէ
որս
ինկեր
էր
դաս
մը
արտօնակալ
եւ
բռնասէր
մարդկան,
այս
է`
իշխան,
նախարար
եւ
կրօնաւոր,
վերջի
ժամանակները
մանաւանդ
իրարու
ձեռքէ
յափշտակելու
ճիգկ'ընէին
ժողովուրդը,
իբր
թէ
նոյն
հայրենեաց
զաւակ,
նոյն
Հայկայ
ծնունդը
չլինէին:
Իրաւ
է,
որ
հայ
ազգեն
աւելի
հոյակապ
ժողովուրդներ
գերեզման
ինկան:
Ու՞ր
ենՀռոմայեցիքդ,
ու՞ր
են
Կարքեդոնացիք:
Հռոմ
ծեր
քահանայի
մը
բաժին
ինկաւ.
Աննիբալինստուերը
անապատներու
մէջ
կը
թափառի,
իսկ
հայը,
որ
անոնցմէ
հին
է,
կենդանի
մնաց:
Ինչպէս
մարդիկ,
նոյնպէս
պետութիւններ
իրարու
կը
յաջորդեն,
սակայն
այն
պետութիւնըոր
կը
ծնի,
կը
տարածի,
կը
փայլի
եւ
մարդկային
ազդին
իր
պատմութիւնը
թողլեն
ետեւ`ժամանակին
փոշիին
տակ
անհետ
կը
թաղուի,
մարդկօրէն
մտածելով`
բնական
շրջանը
կատարածէ,
կ'ըսենք,
ու
մեր
ուշադրութեան
արժանի:
Իսկ
երբ
ազգ
մը
մահուան
կը
մօտի,
ու
չորսդիեն`
ըստ
մասին
իր
անզգուշութենեն
գաղաններու
ճանկին
տակ
ինկած`
վերջին
ժամունկնայիս,
որ
քանի
գլուխը
կտրեն,
եօթնագլխեան
հրէշին
պէս
նոր
մը
տեղը
կդնէ,
արեան
եւարտասուաց
հեղեղներու
մէջեն
կելնէ
կը
կանգնի,
ու
դարէ
դար
մինչեւ
մեր
օրը
կըհասնի,
հայրենական
ժառանգութենեն
թափուր,
իրաւ,
ու
միայն
անոր
բեկորները
ումասունքը
շալկած,
այն
ատեն
նոյն
ազգին
վրայ
ոչ
միայն
հիանալ,
այլ
նաեւՆախախնամութեան
գաղտնի
վճիռներուն
մէջ
նոյն
ազգին
պաշտօնը
եւ
առաքելութիւնը
ազգացմէջ
չկատարուած
սեպել
պարտ
է:
Ահա
այսպիսի
ազգի
մը
սերունդը
տեսնելը
կարժէ,
կարծեմ.
ու
Թովմաս
առաքեալին
պէս`
անոր
վերրը
շօշափելու
եկայ,
որ
հաւտամ:
Թո՛ղմէկդի
այն
կարեւորութիւնը`
որ
ունի
արդէն
հնասէրներուն
աչքին;
Արարատը,
Ադամինեդեմը,
Նոյին
տապանը
անոր
ծոցը
գտնուելուն:
Վասնզի
այսպիսի
հնութիւններու
վրայազգի
մը
պարծանքը
ու
գոյութիւնը
չեն
կայանար,
զանոնք
պատուելու
է
առանց
քննելու:
Կարծեմ
թէ
հայերուն
երեվակայութեան
բօժօժներն
են
անոնք,
որ
մինակ
ականջի
թերեւսզարնեն,
առանց
միտք
համոզելու:
Ազգ
մը
ճանչելու
համար
նաւոյ
կամ
լեռի
մըերկայնութիւնը
չափելով
չլինիր,
անոր
բարուց,
հիմնարկութիւններու,
գործերու,
հանճարի
մէջ
փնտրելու
է
հոգին:
Եւ
այս`
անոր
մէջ
ապրելով
եւ
տեսնելով
կը
լինի:
Բայց
դեռ
նոր
հասայ,
փոշոտ
մրոտ
նստայ
քեզ
գրելու,
ու
տեղես
թնտալու
սիրտս
չուզէր.
մանաւանդ
այսզմայլելի
Պոսֆորի
տեսարանես
զատուելու,
որ
հայլիի
պէս
առջես
կը
փայլի:
Թարապիայկգտնվիմ,
բարեկամ,
կամ
լաւ
եւս
ըսեմ,
մարգարէին
հինգերորդ
երկինքը,
այսհեշտութիւններու
օրօրոցը,
ուր
որ
բոլոր
զգացմունքս
եւ
երեւակայութիւնը
կօրօրին,
եւաչքս
ի
զուր
կը
ջանայ
ղրկել
այս
օձաձեւ
նեղուցը,
կանանչաւէտ
բլուրները,
ծովեզերեայպարտեզները`
որոնք
կարծես
թէ
օդին
մէջ
գոյնզգոյն
նշոյլներ
արձակելով`
կծածանին:
Սակայն
որչա՜փ
պայծառ
լինի
քու
երկինքդ,
օ՜
Պիզանդիոն,
որչափ
սքանչելի
թուի
քուբնական
դիրքդ,
չեմ
փոխեր
քու
արեւիդ
հետ
Ալպիոնի
մշուշը`
որուն
ետին
վառողքաղաքակրթութեան
ջահը
միտք
եւ
հոգի
կլուսաւորէ,
մինչդեռ
քուկդ
երազներու
եւմեղկութեան
կը
տանի:
Հերիք
լեզու
թափէոի,
ա՛յս
է
մեր
սովորութիւնը,
երբ
իրարու
մօտ
ենք,
ափ
ի
բերան
կը
մնանք,
վասնզի
մեր
վարմունքը
կխօսին,
վրայ
հեռանալով
շատախօս
կդառնանք:
Տուրինձ
լուր
Անգղիացի
վրայ,
Բարլմենթի
բացուիլը
կը
մօտի
ինչ
խնդիրներ
պիտի
յուզուինայս
տարի:
Գնա՛
տես
նաեւ
իմսիրական
Լիլիս
(Շուշան)
ու
սիրտն
առ,
վասնզոյ
գիտեմ,
որ
իմ
մեկնիլս
իրեն
շատ
ծանրեկաւ.
բայց
ի՜նչ
օգուտ,
եթէ
այդ
տեղ
ալ
գտնուէի`
ծնողացը
կամակորութեան
եւսնափառութեան
հետ
գլուխ
պիտի
չկրնայի
ելնէք
եւ
միշտ
բաժնուած
պիտի
մնայինք:
Լորտիմը
օրէնքը
ոսկին
է,
մեր
սիրտերը
միայն
անկեղծ
սիրով
կվառին:
Խնդրեմ
զիս
անգիրմի՛
թողուր:
Հայոց
վրայ
խորհրդածութիւն
մը,
լուր
մը
յօժարամիտ
կընդունիմ
քեզմե:
Ուստի
առակից
գտնուէ
իմ
նպատակիս
Ապահով
եմ,
որ
հետս
պիտի
գայիր,
թէ
որ
առաջուցմիտքս
քեզ
յայտնէի:
իմ
Ընդունէ
սրտագին
բարեւներս