Կ.
Պոլիս…
Երեւակայէ,
բարեկա՛մ,
երբեմն
կորովի
եւ
կայտառ
մարմին
մը,
լի
կենդանութեամբ
եւ
բարոյականուժով
որ
տակաւ
առ
տակաւ
ու
տարուէ
տարի
ներքին
հիւանդութեան
նշաններ
կցուցընէ
ուհանգետս
կճարակէ,
այնպէս
որ
դարեր
անցնելով
անոր
քանի
մը
մասը
անպետ
եւ
անզգայդարձած`
անոր
սպիալի
ճակտին
վրայ
կնճիռներ
դրոշմած`
պատերազմէ,
կրակէ,
կոտորածէշնչասպառ,
յոգնած,
դադրած,
դողդոջուն
ձեռամբ
Աւետարան
մը
բռնած,
կուրծքըԼուսավորչայ
պատկերը
կախած`
կռթնած
է
կէս
մը
Արարատեան
խարխուլ
եւ
բազմադարեանկոթողին,
չորս
դին
աւէր,
արիւն,
գերեզման,
ջարդ,
դիակ,
զէնք
եւ
գահու
բեկորներսփռած,
մինչդեռ
դէպի
հորիզոն
առանց
տեսնելու
կփնտրէ
նշոյլ
մը,
յոյս
մը,
մխիթարութիւն
մը,
աղեբեկ
գլխուն
վրայ
արծիւ
մը
դադարած
իր
լայնատարած
թեւերովըկծածկէ
այն
մարմինը
ի
նշան
պաշտպանութեան,
թէեւ
իրօք
ահաւոր
կտուցովը
կծակծըկէ,
կըկտտէ,
կմաշէ
անոր
ըղեղը`
մինչեւ
որ
սպառսպուռ
սպառէ
ու
անգլուխ
մարմին
մը,
կմախքմը
դարձնէ,
ու
պատկերն
ալ
աւերէ:
Անդին
սեւամօրուս
գայլ
մը`
անոր
արիւնը
արդէնըմպելեն
անկուշտ`
հրացայտ
աչքերը
որսին
վրայ
սեւեռած`
արծիւին
սեւատեսիլ
շուքեն
կըխրտնի
ու
ետ
ետ
կընկրկի:
Ասդիս
վագր
մը,
արդի
տկարութենէ
աղուէսի
կերպարանք
մտած`նենգութեամբ
կը
ջանայ
որսալ,
բռնութեամբ
յափշտակել
չկրցածը,
ու
եթէ
ատեն
ատենհանդարտ
ու
նենգութիւնն
ապարդիւն
մնա,
վրիժու
ոգին
բռնելուն`
բնակից
եւ
դենակիցվարազներու
ձեռոք
կայրէ,
կքանդէ,
կքակէ
նոյն
թշուառ
մարմնոյն
բնաբուն
յօդուածները:
Իսկ
ուրիշ
գոյնզգոյն
ճճիներ
ու
միջատներ
այն
մարմնոյն
աչքը
կփօրէն:
Ճակատը,
երեսը,
ուսը
կը
խայթեն,
կը
շոյեն,
կը
գգուեն,
անտեսանելի
եւ
թունաւոր
որդեր,
ոսկիի
ուծիածանի
գոյներով
մեղմիկ
կսպրդին
անոր
կուրծքը
եւ
այն
ինչ
սիրտն
անգամ
կրծելուկսպառնան:
Ահա
քեզ
արեւելեանոճով
հայկական
արդի
մարմինը,
որուն
վրայ
ընդհանուր
տեսիլ
մը
տալու
համար
այս
ձեւսընտրեցի:
Բայց
այս
կիսամեռ
մարմինը
աշխարհիս
քաղաքական
յեղափոխութեանց
եւ
ալեկոծդարուց
եւ
կրից
իբր
վսեմ
եւ
կենդանի
պատկեր`
բարձրագլուխ
պետութեանց
սոսկալի
եւճարտասան
ազդարարութիւն
մ’է:
Այներբեմն
այնպիսի
ազդու
եւ
զօրաւոր
հառաչանքներ
կարձակէ,
որմէ
կ'ենթադրուի
թէ
իխորոց
սրտի
կը
զգայ
եւ
կճանչէ
իր
ցաւերը
եւ
թերեւս
իր
անորոշ`
բայց
սրտաշարժհեծեծանաց
իմաստն
է«Հայասաան,
Հայաստան”
սրբազան
բառ
մի`
որ
իր
մէջ
ամբողջ
դարերեւ
մեծ
եւ
անկեալ
ազգի
մը
անցեալն
ու
ապառնին
կամփոփէ:
Ուրեմն
եթէ
բնականեւ
անթափ
է
անոր
հոգիին
զօրութիւնը
եւ
զգացողութիւնը
այնքան
սուր,
ինչու
այնպիսիհիւանդ
ու
վշտաբեկ
մարմին
մ’էհագէր,
ինչու՞
գերի
է
եւ
ինչու
դարձեալ
ազգ
կը
կոչուի:
զատ
նամակի
առատ
նիւթ
են: