Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. Պոլիս...



Բարեկամ, ունիմժամանակ ուրիշ բանի վրա խօսելու: Օրե օր Հայերն ավելի մոտեն կտեսնեմ եւ նոր նորգիւտեր կընէմ: Այլեւայլ քաղաքական հեղափոխութեանց դրոշմներն այս թշուառ ժողովրդեանկերպարանին վրա կտեսնուին: Արդեն ըսի, այստեղ շատ դժուարին գործ է ազգայնութեանցտարբեր տարերքն որոշել, ա՜յնքան թաքուն են: Քաղաքական իշխանութիւնը Յակոբնահապետին կընմանի, իր ամէն մէկ զաւկին համար տարբեր գոյնով հագուստներ շինած է, բայց եւ այնպէս սովորութիւն, բարք, կլիմայ այնքան մեծ ներգործութիւն ունինժողովրդոց վրայ, որ արտաքին խտրութիւնները հարթած են: Օսմանեան տէրութիւնն` իրպաշտօնական կրօնին բերմամբ` երբեք չէ մտածէր իր գաւազանին ներքեւ գտնուող այլազանժողովուրդները ձուլել, ընդհակառակն` ամէն որոշ ազգայնութեան իր կրօնին նայելով որոշանուն, պաշտօնական կարեւորութիւն ու արտօնութիւններ տուած է: Միթէ այդ իրաւունքենՀայերն օգուտ քաղած են, այդ ալ խնդիր մ’է: Այս իրաւ է, որ անցելոյն Հայն ներկայիՀայուն հետ բաղդատելով այնքան մեծ տարբերութիւն կը գտնեմ, որչափ երկու հակոտնեայժողովուրդներու, մէջ: Շահիլ, ոսկի դիզել, տուն շինել, ճոխ, շռայլ կեանք վարել, ասոնք են հայուն գլխաւոր հոգերն. ուստի առեւտրական եւ մանաւանդ դրամական գործերուտիրանալու համար զանց չեն ընէր եւ վատ միջոցներ: Հարուստ ու սեղանաւոր փաշայիմ’ոտից ներքեւ կը սողան, վաճառականը մեծատան մ’առջեւ, բանուորը գործատէրին առջեւ, իսկ աղքատն ամէնուն առջեւ: Չկայ բուն ազնուապետական դաս մը Հայոց մէջ, հիննախարարական գերդաստանները հատեր են, եւ գրամի ազնուականութիւն կայ, որ անկայունէ: Ինչպէս որ յետին տաճիկ նաւավարն բախտին բերմամբ` կրնայ, մանաւանդ կը յուսայօրին մէկը վէզիր լինելու, նոյնպէս յետին հայ սպասավորը փաշայի մը սեղանաւորլինելու ճիգ կընէ: Միշտ գործունէութիւն, աշխատութիւն, արժանիք չեն յաջողութեանմիջոցներ, այլ դաւ, նենգութիւն, կաշառակերութիւն: Դրսեն կէս հողաթափով եկողպանդուխտն ամիրայ մը լինելու կը փափաքի, վասնզի կտեսնէ, որ իրեն հայրենակից տէրըայս վիճակին հասեր է, եւ երբեմն կ'ըհաշողի՛ Առհասարակ դրամական գործերն Հայոցձեռքն են: Կան մարդիկ, որ այսօր ամիրայ են, այս ու այն փաշային պաշտպանութեամբ կըզօրանան, նոյնիսկ իրենց ազգակիցներուն վրայ կը բռնանան, եւ վաղն յանկարծ կ'իյնան, բեռնակիր ու մուրացկան կը դառնան, առանց գանգատելու: Ապահովութիւն, պատասխանատուութիւն, ուղղութիւն, վստահութիւն հազուագիւտ բանէր են այստեղ Զիրարխաբել, իրարու ձեռքէ պաշտօն, գործ յափշտակել, տուն փլելն մեծ ճարպիկութիւն կըսեպուի: Բայց մի կարծէր թէ հայերն անճարակ մարդիկ են. ընդհակառակն շատ ճարպիկ ենայն գործոց մէջ, որոց ծայրը վաստակ կա: Ու՛ր որ գաղթեն կարեւոր դիրք մը չբռնելուկը ջանան` թէ՛ առուտուրի, թէ՛ արուեստից մէջ: Օտարանալու հակամէտ են. շուտկյարմարին իրենց ընտրած հայրենիքին կլիմային, բարուցու օրինաց եւ միայն իրենց կրօնական սկզբունքն ամուր կը պահեն: Հալածանքէ երկչոտ, բռնութենէ ստրուկ, հարկէ ճարտար դարձեր են. մինչեւ անգամ քաղաքական պաշտօններուկհասնին եւ դիւանագիտական հնարագիտութենէ զուրկ չեն: Երբ հայն օտար երկիր գաղթէ իրառաջին գործը կլնի եկեղեցի մը կանգնել, քովը դպրատուն մը, թէեւ երբեմն եկեղեցի ուդպրոց թափուր եւ օտարներու ձեռքը կը մնան: Կը պատմեն ինձ, որ հայք Եւրոպայիայլեւայլ երկիրներու մէջ դեռեւս ունին այդպիսի հաստատութիւններ, որ ցոյց կը տանիրենց անցքը: Ժողովրդեան մը բնութիւնն իր հիմնարկութիւններէն կ'երեւի: Անկլիացի ուԱմերիկացի գաղթականներ առաջին անգամ գործարան, տպարան կը հիմնեն, Ֆրանսացինթատրոն, Իտալացին երաժշտարան, Հայն, որ երբեմն վանքեր, ճգնարաններ կը շինէրՀայաստանի մէջ` հիմակ գաղթելով մատուռ կը կանգնէ: Այդ մատուռն իր նոր հայրենիքն է, իր ամրոցն է արտաքին յարձակումներու դէմ, բայց շատ անգամ օտարակրօն թշնամիներ անորմէջ կը մտնեն եւ նոր տարրեր կը բերեն. Ուստի իրենց հին եկեղեցուոյն մէջ այլեւայլհերձուածներ մտած են. հռոմէական, բողոքական, յունական հայեր կգտնուին, որ բունլուսավորչական Հայոց աչքին օտարներ կհամարուին, վասնզի Արեւելքի մէջ ազգութիւններըկրօնով կզանազանին եւ Հայոց համար ալ եկեղեցի ազգութիւն կնշանակե: Այս ըմբռնումնարդի տեսութեամբ սխալ է, սակայն իր պատճառն ունի. ուրիշ անգամ կը բացատրեմ: