Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. Պոլիս…

Անուշիկ իմ Լիլի, քանի որ քու հրեշտակային երեսեդ հեռացել ու տար աշխարհ եմ ընկեր, ժամ մը հանգիստչեմ վայելաէ Վերջին արկածներէն` ես ինքս մարդկութենէ ելած հայ մարդ գտնելու եկերեմ հոս եւ դեռ ինքզինքս չեմ գտած, այլ կապրիմ ուր որ քեզի հետ ատեն մ’ապրեր եմ Անցեալն է իմ ապաւէնս եւառանձնութիւնը իմ մխիթարութիւնս: Այսպէս առաւօտ մ’իմ ծովահայեաց բլրանիստ պարտէզս քաշուէր էի, երեկոյեան աղօտ երազներս Պոսֆորի կծու քամիին տուած` սոխակին ձայնին զքեզ կըյիշէի, ու թէեւ թռչունները զուարթ, տունկերը դալարագեղ եւ ծաղկունք անուշահոտ էին, եւ Արեւելքի կողմն արշալոյսը վարդագոյն շապիկը հագէր էր ու կը ծիծաղէր, իմ աչքսԱնկլիոյ մշուշապատ ջուրերը ման կը գար եւ Արեւմուտք կ'որոնէր իմ հոգուոյս մարած արեւը: Ահա սոյն պահուն սպասաւորս երեւցաւ ու դիր մը տուաւ ինձ, դեռ. չբացած սիրտսի թունտ վկայեց, որ քեզմէ է, չկարդացած զգացի անոր հրավառ եւ զգալի խօսքերը: Իսկոյն ծով, երկին, երկիր աներեւոյթ դարձան. սոխակը դայլայլիկը լռեց եւ թողուց որ`անուշիկ ձայնիդ կարօտս,
կրկին եւ կրկինկ'արդամ գիրդ եւ անով շունչ առնում եւ հափըշտակվիմ:
Աւա՛ղ, այսզմայլումս ժամ մը միայն տեւեց, մտմտուքը վրայ հասաւ եւ անոր յաջորդեցին ահ ու վահ, տագնապ եւ սրտմտութիւն: Ին՛չ, դու լինիս դժբախտ եւ վշտակիր, մինչդեռ կը ծփաս եւկփայլիս մարգարտի, յակինթի եւ դիպակի մէջ: Դու չինիս այնքան միամիտ եւ անմեղ` երբմայրդ թոյն կթափէ սրտիդ մէջ եւ անոր ոսկեզօծ եւ չարաշուք ամպհովանիին ներքեւկապաստանիս. իսկ թշուա՜ռ պանդուխտս, ե՛ս կրեմ քու բոլոր թշուառութեանդ բեռը. ե՛սսեպվիմ անողորմ, սիրադրուժ եւ թեթեւամիտ, մինչդեռ իրօք մայրդ մէկդի, դու աքսորեցիրզիս ներկայութենեդ, դու ուրացար զիս կարծէի…: Սոսկալի՜ պատրանք, անհնարինհեգնութիւն: Փա՛ռք, որ նամակդ եկաւ եւ իմ մթին կասկածներուս լոյս տալով` աչքսբացաւ: Հիմա կնայիմ դեռ թէ ինչու՞ այսքան վիշտ, պաղութիւն եւ դժգոհութիւն մտան մերմէջ եւ ինչպէս փոփոխակի զիրար միամտօրէն կամբաստանենք: Լիլի, անլուր նենգութեան մըգուբն ենք ընկած միասին, ապա թէ ոչ պիտի ստիպվիմ կասկածելու, որ դու շատ խորագէտեւ անըմբռնելի էակ մ`ես, կամ ես կոյր եւ յիմար սիրահար մ’եմ:
Այո՛, ես ալ ունիմյանցանք, ես ալ անգամ մը մտածեցի, որ, երբ մայրդ փոթորիկը փրցուց ամուսնական առաջարկութեանս վրայ, դու վհատ մնացիր, մեղքդ մտայ կարծելով, թէ մեր սիրոյն ամէն պարագաները կշռելեն ետեւ, անոր թշուառ վախճանը ոչ քոլ եւ ոչ իմ, այլ մեր բախտիցանհաւասարութեան եւ ընկերութեան գործը սեպեր ես, անձդ մօրդ բռնի կամացը յանձնէր, իշխանազուն նշանածիդ ձեռք տալով անհամ եւ անսիրտ կեանք մը վարելու հաճէր ես, ծոցդպահելով մեր առջի սիրաշարժ յարաբերութիւնները եւ բաւ սեպելով, որ ուր ուրեմն իմտխուր յիշատակս իբրեւ երազ երեւի քեզ, եւ ահ մ’առնելով թռի անցնի: Այսպէս կը պատուիրէին թռուցիկ սէր մը, քու երկչոտութիւնդ եւ Լետի Իստհեմի ամբարտաւանութիւնը, իսկ ես քաջ գիտեմ, որ համեստ եւ պատուասէր աղջիկ մ’իր խոհեմութեամբ ընտրած` եւ սրտին խօսկապովը սիրածը այնպէս չթողուր չնետէր, այլ սիրոյ ուխտը այն ատեն միայն կքակէ, երբ գերագոյն պարտք եւ առաքինութիւն զինքը այլուստ կը կոչեն, եւ դու, Լիլի, երբ միկողմէ առաքինութեանդ եւ սիրոյդ նուէրը կը նուիրես ինձ, միւսեն կարծես թէ կբերկրիսզիս մեղապարտ գտնելով եւ դատելով: Եթէ երբեք անիրաւութիւնը կամ անգիտութիւնը քու ապագայիդ կրնաս նպաստել անտրտունջ կընդունիմ նոյն վճիռդ, ինչպէս արդէն մօրդ ուղղածնախատալի գիրը կուլ տուի քու սիրոյդ համար, եւ այժմեն կը գոցեմ իմ գիրս: Իսկ եթէստուգիւ իմ յանցաւոր ելնելս քեղ կսկիծ է, եւ դուանուշ խօսքերով դժգոհութիւնդ կը սքօղես, պէտք է, որ ճշմարիտը երեւան հանեմ եւինքզինքս արդարացընեմ:
Քանի վշտալի եւդառն է վիճակս, որչա՜փ որ կեփիմ եւ կմրկիմ, որ ծոցդ թափեմ այն անուշ զգացումս որուվրայ ատեն մ’ապագայ երջանկութիւնս էի հիմնէր, այնքան մօրդ նենգը, լարած դարանին տեսիլը, ինքնասիրութեանս կրած վէրքը, սիրտս կը ճնշեն ու կճմլեն: Հա՛, պղտորեց նամեր սիրոյ պայծառ աղբիւրը, անխնայ կերպով զիս քեզմէ զատող վիհը ցցուց եւ քու բուննշանածիդ նկարագրութիւնը տուաւ ինձ, նախանձ, սիրտի որդ եւ անմեղութեան դահիճ, նաթափեց քու լեղիդ իմ ծոցս: Զէ՛, չէ, Լիլի, պէտք է, որ լռեմ իմ սէրս, պետ է քուհանգստութեանդ համար հրաժարիմ քէնէ, ամէն բան պատմելեն ետեւ: Դու՛ ես իմ դատախաղսեւ դատաւորս, նոյնպես եւ արդարադատ եղիր: Թերեւս ըսես, ի՞նչ պէտք է խօսիլ եւ վայելանցած գացածին վրայ, քանի որ մեր սիրտերը համաձայն են եւ համակիր: Ստուգիւ զէնչունի, թո՛ղ, պիտի ըսես, մարդիկ իրենց շինած անբնական դաշանց համեմատ հոգուոյ աննենգ կապակցութիւնը ապօրինաւոր սեպեն, թո՛ղ սէրն անգամ անօրէնները իրենց շահախնդրութեանեւ փառասիրութեան գործիք ընեն, թո՛ղ որչափ որ ուզեն մութին խլրտին ու մեզի համարշղթաներ պատրաստեն, մեր գլխին աղէտք աղէտից վրայ դիզեն, դարձեալ, վկա՛յ են մերանդրդուելի ուխտը, իմ հոգիս, քու խիղճդ, վկայ է աստուած, որ մեր սիրտը վառողկրակը, անմահութեան այս սկզբնաճաշակը, չեն կարող մարել: Այո՛, իրաւ է, Լիլիս, սակայն երբ մեր թշնամիներն անոր զօրութիւնը աննկուն գանելով զէնք կը փոխեն, նորհնար կը հնարեն որ զմեզ գաղտնի իրարու առջեւ սեւցընեն եւ ժամ մը կհաջողին, ո՛հ, մարդասպանութիւն, այն ատեն մենք, որ զգացմամբ եւ վստահութեամբ հրեշտակ էինքդարձած` կ'իյնանք մեր երկինքես գլխիվայր իբրեւ սատանայ, ճարակ մարդկային բոլորտկարութեանց եւ կրից, եւ հեռուեն մեր ոսոխները դժոխային ժպիտով զմեզ կ'ըդիտեն:
Խիղճս իբրեւհրաշէկ շամփուրէ մը կը տոչորի եւ անկէ ազատելու համար պէտք է ուրեմն խոստովանիմքեզ զղջմամբ, որ այսպիսի ողբալի տկարութիւն մ’եւ ես կրեցի: Ես նզովեցի եւ անիծեցի զքեզ, ես ուրացայ, որ ղու հոգի ունիս, երբ որ գիր մ’առի, որ շուարեցուց զիս: Այո՛, նոյն միջոցինցնորական տենդէ մը բռնուած` ինքզինքս կորուսի եւ եթէ ձեռքս տային զքեզ` արիւնդ կըխմէի, ես քու պաշտողդ, ես կեանքս քեզի դրեր էի ատեն մը մատաղ, ես մազիդ դըպչողինանգամ անհաշտ թշնամին, ես քու սիրոյդ եւ արեանդ էր ծարաւի… վասն զի դու, տէրաստուած, կարելի՞ էր, եւ ինչպէ՞ս հաւատացի, որ դուվարպետ օրիորդ մ’եսեղեր, բնական գեղդ, այդ անուշ, անմեղ եւ սիրաբոյր աչուներդ, որոնց մետաքսի պէսարտեւանունքէ ցայտած մեղմ նշոյլները սիրտս կը սպրդէին, այդ քու սիրուն բերանդ` որմիայն հրեշտակային շունչ եւ հոգուոյ անմահութիւն եւ հաւատարմութիւն կը խոստանայինինձ, այն ամէն մի շնորհալի եւ աննշան ձեւերդ, զօր իբրեւ սիրոյ խորհուրդ եւ նշանկ'ընդունէի ես անմիտս, մեյ մէկ որոգայթ են եղեր: Դու առաքինութեան, պատուոյ եւհամեստութեան շպարով միայն կքսուիս եղեր, մերթ երկչոտութիւն, մերթ ընտանութիւն գործածելով` որպէսզի աւելի հեշտիւ եւ ապահովի նենգես եւ պատրես ինձ նման յիմարներըեւ միանգամայն աշխարհիս մէջ համարումդ պահես: Իմ բախտիս, իմ երիտասարդութեանսչգթալով` քու չարասիրութեանդ եւ անկանոն հաճոյիցդ խաղալիք ես ըրեր զիս եւ իմսիրոյս եւ անկեղծութեանս վրայ սկսէր ես ծիծաղիլ: Հետեւապէս դու կը խեւնաս եղեր, որսիրահարներ շատցնես, իրար անցընես, սիրտեր փշրես, տուներ աւրես, ոտքդ պագնողներըուրախ սրտիւ գերեզման ղրկես: Ուրեմն մօրդ հարազատ աղջիկն ես եղեր դու, դու դժոխքես եղեր արքայութեան եւ անմեղութեան անուշ դիմակով… մի՛, մի՛ նետեր գիրս մէկդիքստմնելով, կարդա՛յ մինչեւ վերջը, հարցու՛ր, թէ ո՞վ է այս նկարագիրը ինձ տուողը, ո՞վ է այս զրպարտիչը… այն է քու մայրդ, կ'ըսեն, կամ նոյն ինքն… Լիլի՞ն է արդեօք, կարդա՛յ վարի գիրը ու դատէ:
 

ՙԳորովալի մայր
Որովհետեւ ամուսնական առաջարկութեան մը համար իմ հավանութիւնս ստանալը կարեւոր սեպեր ես, այսանգամ ճշմարտութիւնը ի բերան յայտնելու չհամարձակիլս գիտնալով, զայն երկտող գրովսպիտի խօսիմ իմացընելով, որ պարոն Նելսոնը իբրեւ մեր տան ծանօթը յարգած եմ, սակայնոչ միայն սիրաշարժ խօսք մը, յուսատու ժպիտ մը, ակնարկ մը չէ անցած մեր մէջ, որանոր այս առաջարկութիւնը արդարացնէ, այլեւ ասկէ ետեւ երկին եւ երկիր ինծի համարդղրդելու կարողութիւն անգամ ունենա` պէտք չէ, յուսա, որ սրտիս ամենափոքրտպաւորութիւն ներգործէ եւ այս ու միայն այս իրաւամբ, անոր արժանանայ:
Քու սիրական աղջիկդ Լիլի”:
Այս է քու քնքուշմատիդ դրոշմը, այս է անուշաւէտ անուանդ ստորագիրը, կրնա՞ս ուրանալ, Լիլի: Ահա այնգիրը մայրդ ղրկեց ինձ իմ յանդգնութիւնս, ապշութիւնս, կոյր վստահութիւնս պատժելով դադարեցնելու համար, կայծակ մը գլխես իջնէր, վիհ մը ոտիցս տակ բացուէր, այնքան չէի հիանար, արեւը մարէնծագէր, այնքան չէի թերահաւատէր, որքան այս ահռելի տոմսակը քո՛ գրչեդ, եւ Լիլի մը ստաբան ելնելուն: Սոսկալի՜ ժամ, հիմա Նելսոն եղիր, անցու՛ր աչքէ անոր կենացպատմութիւնը, եօթ տարեկան անհայր եւ անմայր մնալը, ամէն տեղ ունայնութիւն, խաբէութիւն տեսնելեն ետեւ, պատերազմի մէջ մահ փնտրելը եւ Լեհաստանեն դարձին ի քեզմիայն քոյր մը, բարեկամուհի մը, սիրուհի մը գտնելը, յիշէ առ քեզ ջերմեռանդութիւնըեւ մտածէ անգամ մ’որ մահ քան տոմսակդ աւելի ցանկալի չէ՞ր երեւէր անոր: Սրտիդ ո՞րխորշը, առաքինութեանցդ ո՞ր անկիւնը, խոստմանցդ եւ յիշատակացդ ո՞ր նշոյլը աւերեալսրտիս ապաւէն փնտրէի, իսկոյն այդ ինքնագիր մահագուշակ տոմսակդ, Մագպեդին երեւցածուրուականին պէս` առջեւս կը տնկուէր եւ զիս ի դող հանելով յուսոյ ստուերը անգամ կըփարատէր:
Եւ ստուգիւխենդենալս, ինքզինքս սպաննելս բան մը չէր, թէ որ մատնութիւնը քեզմէ եկած տեսնելովսվրէժխնդրութեան ոգին հիս չզարթնուր եւ բոլոր առնացի զգացումս, ինքնասիրութիւնս, պատիւս, արժանաւորութիւնս, զօր փոշիի պէս փշրեցիր, կրծուն նախանձի հետ միացած`զայրոյթս չգրգռէին ու ապրելու ոյժ եւ խորհելու զօրութիւն չազդէին ինձ: Իսկոյներդում ըրի, որ ես լինիմ քու պատիժդ, ես ապրիմ աւերելու համար քու տունդ ՛է՛ապառնիդ, ես թունաւորեմ կենացդ ամէն մի ժամը, ես քու անմեկնելի սատանադ լինիմվերջապէս: Առաքինութիւն, մեծանձնութիւն, թռան հինեն, բոլոր աշխարհ եւ ես ինքզինքսկ'ատէի: Որքան ճշմարիտ է, որ մի ճշմարիտ սիրուհի մարդս դիւցազն կրնայ դարձընել, նոյնքան անուրանալի` որ մի դեւուհի զանի գազանի փոխել… Սրեր անցան եւ մինչ կըտատանէի այս մտայոյզ կրից մէջ` բանականութեան ձայնը ականջիս զարկաւ, քիչ-քիչհանդարտութիւն գտայ, եւ իմ անարժան վիճակս քննելու կարող եղայ: Ես առանձինս ըսի, հոգիս սեւցաւ, կորոյս մեծութիւնը, ինչու՞ լինիմ նաեւ կրիցս գերի: Ուրախ եմ եւշնորհապարտ Լետի Իստհեմին, որ Լիլիին անհաւատարմութեան կենդանի նշանը հաղորդեցինձ, թէ ոչ ապառնիս ալ կորուսած էի: Ինչու՞ իյնամ մի այնպիսի նանիր եւ նենգամիտ արարածի հետ, չէ՛, ես չեմ լինիր անոր դահիճը, այլ իր խիղճը` եթէ ունի, իր նորնշանածը, այլ աշխարհ, այլ իմ վեյանձնութիւնս թող կրծեն անոր սեւ սիրտը: Ափսո՜ս, իմզգայուն հոգիս, սիրոյ կարօտ, շատ բարձր կարգի աղջկան մը դուռը զարկաւ կուրօրէն, եւայժմ աչքիս շատ սին ու ցած է նա զգացմամբ եւ պատվով: Ես հարստութեան չէի պապակէրայլ միայն անխառն սիրոյ եւ խաղաղ կենաց: Ես թերեւս մխիթարվիմ փիլիսոփայութեամբ` որմի մեծ փորձական մասը Լիլիին ինձ մեծարած դառն բաժակեն ըմպեցի, թող նա եթէ կարող էխաբէութեան մէջ երջանկութիւն գտնե… Այսպէս խառնիխուռն կը բանադատէի, չկասկածելովբնաւ, որ արտասանած ամէն մի բառս քեզի դէմ ապերախտութիւն, հայհոյութիւն, սրբապղծութիւն է եղեր…:
Իմաստութիւնըյուսացածիս պէս շուտ մը չբուժեց սէրս եւ քէնս, իսկ կրկին աններելի տկարութեան մէջչգլորելու համար, առի գլուխս արեւելք եկայ եւ կնայիս, Լիլիս, որ ոչ փառասիրութեանեւ հայասիրութեան անզուսպ եռանդ մը (թէեւ հայերը շատ կը սիրեմ) եւ ոչբախտախնդրութիւնս է իմ ուղեւորութեանս պատճառ, այլ ուրիշ կլիմայի ներքեւ եկայփնտրելու այն անդորրութիւնը, որ հայ րենեացս եւ քու սրտիդ մէջ չգտայ: Իրաւ է , որպարոն Վուտին, իմ մէկ հատիկ բարեկամիս առջեւ ամօթով չերեւնալու համար իմճամփորդութեանս նպատակը տարբեր կերպով նկարագրեր էի, բայց ի՞նչ ընեմ, այս էընկերութեան արդի ընթացքը:
Մարդուս ներքինաշխարհը, հոգին, այնքան անտես կ'առնեն, որ արտաքինին վրայ կը շինեն ամէն բան, կ'ուզեն, որ երեւինք ինչ որ շէնք, կ'ուզեն խմորել, մարզել զմեզ ցմահ բնականին դէմեւ անհիմն օրինադրական սովորութիւններ բնութեան դարձնել: Բողոքէ աչս բռնութեանդէմ. այսպէս է աշխարհ, կը պոռան, ապստամբէ, եւ իսկոյն սուտին թեկն կը հասնի զէնքը, ու ապստամբը կ'իյնայ: Ուստի սէրս, զօր սկզբան աշխարհիս քարոզել կ'ուզէի, թշուառդառնալով մարդկան ձեռոք սուզաւ սրտիս խորը եւ վիրաւոր ինքնասիրութիւնսկեղծդիմութիւն սորուեցուց ինձ, թէեւ քանի յիշատակդ յուշս գար տեսակ մը ջերմ զիս կըբռնէր, սակայն միշտ սուտ ուրախ եւ զուարթ կը տքնէի երեւիլ ծանօթից առջեւ, որպէսզիանոնց վայր ու հեգնութիւնն ալ կրակս չաւելցնեն:
՛Օ, մարդկայինշինծու բնութեան տկարութիւն, որչափ կը սիրես ինքզինքդ խաբել եւ ինչպէս վարժէր եսհոգուոյդ եւ համոզմանդ ներհակ վարուիլ: Անկլիացին մանաւանդ դրսանց մարմարեայպատկպատէ չորս դին, թէեւ ներսը շատ անգամ մղձուկ եփուն եւ երերուն հրաբուխ մ’է: Իմ ներքին տրտմութիւնս խաբելու համար, զօր իրօք սնուցանել էր, քեզի հետ ստեպ խօսած նիւթս, Հայաստան աշխարհը ձեռք առի, եւհոս տեղի հայկեան մարմինը վերլուծելու սկսայ:
ահայ այս միջոցիսէր, որ իմ պատուերիս համաձայն ձեր տան նաժիշտը Աննան գրեց ինձ թէ հարցուփորձընելով իմացեր է, որ վերոգրեալ տոմսակը խորամանկութեամբ մը քեզ գրել տուեր են: Այսլուրես առաջին դրդումս եղաւ գալ ոտքդ իյնալ, սակայն դեռ ամպ առջեւ կ'երերար: Չէի կարողմիաբանել բուն ստորագիրդ անոր իմաստին եւ քու լռութեանդ հետ: Ասկէ զատ սիրտս էրկտրած, աշխարհս մարած եւ աչքս շատ կիրթ ու սուրքիթ ուսումնական կիներէ վախցած: Ա՜հ, կրակէ, վառոտէ ու ռումբէ չվախցող զինուորս Լետի Իստհեմեն կը դողայի: Վասնզիայն անիրաւը վառոտով եւ զէնքով չէր խաղար, այլ ո՛վ գիտէ, սատանային ո՞ր ոստայնը կըհինէր: Ուստի կրկին տեղս նստայ ու անկլիական գոռոզութիւնս չաւրեցի, մինչեւ որվերջին գիրդ առնլով` ճշմարտութիւնը փոքր ի շատէ իմացայ բերնեդ եւ հանդարտութիւնսու քեզ գտայ:
Անոյշ օրիորդ, հոսկը վերջացընեմ խօսքս, յուսալով որ իմ յուզմանցս եւ ճամփորդութեանս բուն իսկպատճառը իմացընելովս ինքզինքս արդարացուցի առջեւդ: Սակայն հոս չեն լրանար եւ քոլպարտքդ, քու արդարութիւնդ: Այն ինքնագիր տոմսակդ, վերջին գիրգ, չարաշուք ստուեր մըկսփռէ, զօր փարատելու համար մէկնութեան կարօտ է: Այս մեկնութիւնը կը սպասեմ քէնէ, որ մեր առջի անվրդով անբիծ հաղորդակցութիւնը շարունակեմ եւ յօդ դառնամ: Մի՞թլ այնգիրդ` յօժարամիտ գրելեն ետեւ` անով իմ սիրտս քաղաքավարութեամբ առնելու եւ անորտպաւորութիւնը մեղմելու համար վերջին գիրդ ղրկեցիր ասոնցմէ ո՞րն է, պէտք է իմանամ, որպէսզի ըստ այնմ գիտնամ թէ յարգել, պաշտել կամ ատել պէտք եմ քեզ:
Երբ կասկածը միտքըկարթնցնէ ու կսրէ, ու անհաւատարմութեան երեւոյթը միայն անվստահութիւն կազդէ, սէրըիր առջի կուսական անմեղութիւնը, մերկութիւնը եւ դիւրահաւանութիւնը կքօղարկէ, կծածկէեւ փոխանակ հաւատալու` համոզուիլ կուզէ:
Այսպէս եւ ես` երբատեն մը քու մէկ հաստատական ժպիտդ, մի ձեւդ, մի ակնթարթ իբրեւ պատգամ կը գրկէի, փորձի կարօտ չէի՛ իսկ հիմա թշնամիներու հանած փոշիեն եւ մուխեն աչքերս տկարացած, քեզ սեւաթոյր ամպերու մէջ անորոշ կը տեսնեմ: Շունչովդ ցրուէ, Լիլիս, այն մշուշը եւանոր մէջեն ցցուր ինձ քու հրեշտակային առջի դէմքդ եւ իմ սրտագին երկրպագութիւնսընդունէ: