Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. Պոլիս...

Բարեկամ, խօսքըխօսք կը բանայ, կ'ըսեն, եւ իրաւ է: Սրտիս դառն վիճակը, սիրոյս նկարագիրը ծուռ կըմեկնես, ստոյգ ներկա մը, որոշ ապագայ մ’ունեցող մարդու մը պէս կը վճռես եւ երբեմն
կհեգնես, սակայն, թէեւ իմ բարեկամս եւս, իմ անձս, իմ անցեալս չգիտես եւ անգիտօրէն զիս կվշտացնես: Փոյթ չէ. ես ալ յանցանք ունիմ քու առջեւդ, իմ կենացս պատմութիւնը քեզմէ ծածուկպահեցի, կամ յայտնելու պէտքը չզգացի: Եւ ի՛նչ յարկ կար յայտնել, քանի որ դպրոցիդասընկեր` մեր սրտագին յարաբերութիւնները դուրսն ալ շարունակեցինք: Համակրութիւնըմեզ կապեց, ընկերական անհաւասարութիւն, խտրութիւն այդ կապը չքակեց: Մենք վարժարանիմէջ սրտակից ընկեր, աշխարհի մէջ ալ մտերիմ բարեկամ մնացինք:
Բայց ահա եկաւ ժամմ’ուր կը տեսնեմ թէ մարդկային օրէնքը կպահանջէ, որ մարդ պատասխանատու մնա իրչրրածին: Անիրաւ է այդ օրէնքն եւ այդ զգալով իմ առաջին գրոյս մէջ քանի մ’անորոշ, դառն խօսքեր գրեցի, որ իմ անցելոյս կակնարկեն: Արդ պէտք է այդ ակնարկութիւնը բացատրեմ. համառօտ պիտի խօսիմ
Սիրելի Վուտ, իմ մանկական օրերս լաւ չեմ յիշէր, այս դի֊ տեմ միայն, որ հինգ վեց տարու էի, երբերկարատեւ ծովային ճամփորդութենէ մ`ետեւ Անկլիայ բերին զիս Ուղեկից էին ինձ մարդմ’ու կին մ’որ զիս իբրեւ իրենց զաւակը կը սիրէին ու կը խնամէին բայց իմ ծնողքսչէին Աղօտ կերպով կը յիշեմ, որ անոնք հեռաւոր, օտար, տաք երկիր մը մնացին, սակայնչեմ կարօդ ստուգապէս հաստատել Այն ժամանակ այս պարագան իմ վրայ տպաւորութիւն մըչըրաւ, մանաւանդ` երբոր Լոնտօն գալով եւ մի քանի տարի անցնելով` ինքզինքս գտայհոգասէր, հարուստ, ընտիր գերդաստանի մ’ապրանքն, ուր իբրեւ տան սիրասուն զաւակն իմբոլոր պիտոյքս կը հոգային եւ մինչեւ իսկ իմ քմածին հաճոյքս գոհ կ'ընէին: Բայցէոկար չտեւեց այս մանկային զուարթ, ազատ, ախորժելի կեանքը Գիշերօթիկ դպրոց մը դրինզիս եւ իմ կրթութեանս հոգ տարին: Այս վիճակս ալ վեց տարի տեւեց, ուրախ, գոհ էի. կարօտ մը չունէի: Ծերունի մը տարին մի քանի անգամ կ'այցելէր դպրոցն եւ կ'ըսէր թէիմ ծնողացս կողմէ պաշտօն ունէր իմ վրայ հսկելու, թէ անոնք հեռու աշխարհ մըկ'ապրէին եւ թէ ուսմունքս աւարտելեն ետեւ` իմ ընտանեաց մօտ պիտի ղրկուէի: Այնքանբարեսիրտ, ազնիւ ու խնամածու էր այս ծերունին, որ բոլոր ըսածներուն կը հաւտայի, եւճիշտն ըսելով` մեծ փափաք մը չէի զգար այն ժամանակ ծնողքս տեսնելու
Ի վերջէ Քեմպրիճիհամալսարանը փոխադրուեցայ: Արդէն տասնչորս տարու էի, իբրեւ ազնուական գերդաստանիորդի կը նկատվէի, լորտերու տղոց հետ կը տեսնուէի, լորտ Պայրընի, Պրուհեմի, ՌոպերդՕւենի 22 հետ կռփամարտեր եւ ուսմանց մէջ մրցէր եմ:
Ամեն աշակերտացծնողքը գէթ երեք ամիսն անգամ մ’իրենց զավակները կը տեսնէին, ես կերպով մը որբ էի: Ազնուական տղայք սկսան պաղիլ իզմէ, երբոր գիտեցին, որ ղիս փնտրող հայր ու մայրչունիմ եւ արձակուրդի ատենն ալ վարժարանը կ'անցընեմ: Այս դասական խտրութիւններըմեր մէջ դպրոցներէն կսկսին, գիտես: Ազնուականին որդին տարբեր, վաճառականինը տարբերկրթութիւ ու խնամատարութիւն կընդունին, որպէս թէ գիտութիւնները հատուկ ցեղունենային: Ես փոյթ չըրի, կարծես թէ երակներուս մէջ Հանրավարի արիւն կը հոսէր: Աւելի վէս եղայ, բոլորովին ժողովըրդեան զաւակաց գունդը մտայ, պատրիկ պատանիներուդէմ ատեն ատեն ճակատ մղեցի: Երանի թէ միշտ այսպէս վարուէի…: Միայն կը զարմանայի, որ ինչու՞ համար զիս իրենց տան մէջ ընդունող մեծ մարդիկ ատեն ատեն զիս չէինփնտրեր: Այս հոգս ու զարմանքս ալ անցան: Այն ժամանակն էր, որ քեզի հետ կ'ապուեցայ, սիրելի Վուտ, եւ գիտես թէ մեր դպրոցական պայքարներուն գլուխն էինք Իմ ծերունիխնամակալս յատկապէս ուզեց, որ հայերէն լեզուն սորվիմ: Իբրեւ նորութիւն, իբրեւվարժութիւն մ’որ իմ մտական կարողութիւնս պիտի մարզեր, սկսայ դեգերիլ գրաբարի մէջ, թէեւ անոր օգտակարութիւնը չէի կարող ըմբռնել եւ այս բանիս մէջ նոր գաղտնիք մը կընշմարէի: Մի քանի աշակերտներ, հնասէրներ կը հետեւէին այս թափուր դասուն: Հայանունը նոր կը լսէի, մարի, ասորի, պարսկի հետ կը շփոթէի: Դու, որ միշտ կը փափաքէիրիզմէ ետ չմնալ, հայերէնի դասակիցս եղար: Որու՞ մտքէ կ'անցնէր այն ժամանակ, որերբեմն այդ հին լեզուով պիտի գրակցէինք: Շատ անգամ խնդուքս կբռնէ երբոր մերհայերէնի անկլիացի դասատուն միտքս կը բերեմ Կոլոմբոս այնքան փառաւորուած չէրանշուշտ, երբ Ս. Սալուատոր ոտք կոխեց, որքան կը փառաւորուէր Հէյլոք երբորԽորենացին կը կարդար իր անիմանալի առոգանութեամբ: Ապշած անոր երեսեն վար կընայէինք: Նոր գիւտ մը հնարողի պէս կուռեր եւ Հերշել անոր մօտ բան մը չէր: Այսպէսչորս հինգ տարի . անցուցի այդ համալսարանին մէջ առանց անցեալս ու ներկաս մտածելու: Սակայն վերջին տարին կասկածներ ծագեցան մտքիս մէջ իմ ծնողաց մասին: Վիշտ ուտրտմութիւն պաշարեցին զիս. ընկերներուս շրջանեն կը հեռանայի: Ես, որ ի բնէ զուարթ, վառվռուն եւ անհոգ բնաւորութիւն ունէի, մելամաղձիկ դարձայ: Դու միայն իմ սրտակիցսէիր, բայց չէի համարձակէր ցաւս քեզի հաղորդել: Շալս անդամ կ'ըսէի իւրովի. -”Մութբան մը կայ էութեանս մէջ: Ինչու՞ մինակ եմ. ու՞ր են հայրս ու մայրս, որո՞նք ենպաշտպաններս: Ո՞վ կխնամէ եւ կպահէ զիս: Ընկեցիկ տղա՞յ մ’եմ, թէ որբ: Եթէ ծնողքս մեռան, ինչու՞ ծածուկ կը պահեն այդ սեւ լուրը եթէ անծա-նօթ մ’եմ այս աշխարհիս մէջ, ինչու՞Քեմպրիճի համալսարանը կգտնվիմ Արդեօք դաւի մը, բռնութեան մը զո՞հն եմ: Մինչեւ ե՞րբպիտի տեւէ այս տարտամ վիճակս: Պէտք է, որ դպրոցական շըղթաս խորտակեմ, ճշմարտութիւնը փնտրեմ’: Այս տարակուսանաց մէջն էի, երբ որ յանկարծ հետեւեալտոմսակն առի.
ՙՊարոն Նելսոն Մամկենց,
Դպրոցական շրջանդլրացաւ. չափահաս ես (քսանեւմէկ տարեկան էի), ուստի ազատ ու գործոցդ պատասխանատու: Քու դաստիարակութեանդ համար հոգ, խնամք ու գրամ չխնայեցին քու պաշտպաններդԱյսուհետեւ ազատ ու անձիդ տէրն ես, ընկերական կենացդ մէջ ցոյց պիտի տաս անշուշտ, որ լաւ ու կիրթ մարդ, ընտիր քաղաքացի ես Կը մնայ քեզ անուանդ ու կրթութեանդ համարասպարէզ մ’ընտրել եւ ժիր ու արժանի կեանք մը վարել: Ուղիղ ու արդար ճամփայ մը, հաստատ անձնական արժանիք մը կը տան մարդու ազնուականութիւն մ’որ ծննդեանազնուականութենէ շատ բարձըր է:
Հրաման ունիմյայտնել քեզ, պարոն Նելսոն, որ 240 լի՛րս ստերլինի տարեկան թոշակ մը կապուած էքեզի մշտապէս: Ինչպես որ կամիս, երբ որ կամիս կարող ես ստանալ այդ գումարն ԱնկլիոյՊանքայեն, որու Տոմարին մէջ այս հասն անուանդ բացված է:
Քու բախտիդ համակիր խնամակալդ Քինկ”


Լոնտօն

Այս երկտող տոմսակը բոլոր էութիւնս յեղաշրջեց Կայծակի մը կը նմանէր, որ մութ ամպեր պատռելովպահ մը կլուսաւորէ հորիզոնն` նորէն աւելի խոր մթութեան մէջ թողլու համար: Իրօքկարծեցի, թէ զնդանի մը մէջն եմ. իզուր լուսամուտ մը փնտրեցի Տոմսակին մեն մի տողըհանելուկ մ’էր ինծի համար Միեւնոյն հարցումներն ըրի ինքզինքիս - Որմէ՞ հրամանունէր Քինկ, որ իմ բախտիս կը համակրէր. ինչու՞ համար ինձ թոշակ մը կը կապուէր. ի՞նչ կը նշանակէր սա ակնարկութիւնը թէ մարդու մ’ազնուականութիւնն իր արժանիքն էինչպէ՞ս հնար էր արժանի լինիլ անուան մ’որու ծագումն ու արժանիքն անյայտ կըմնային. ինչպէ՞ս պատասխանատու մնալ գործերու, զօր ուրիշներ ըրած են: Ին՞չ կը նշանակէինայս հակասութիւնները…:
Վերջապէս, բարեկամ, խենդի պէս էի: Միտքս գրի այս հանելուկները լուծել: Ելայ Քեմպրիճեն, առաջին գործս եղաւ երթալ փնտրել խնամակալս: Հասցէն չգիտէր, անշուշտ դիտմամբ պահերէր եւ Լոնտօնի մէջ հազարաւոր Քինկեր կան: Այլեւայլ դուռ զարկի, միշտ զգուշութեամբ, բայց այդ մարդկային օւկիանոսին մէջ ու՛ր որ դիմեցի, տգիտութիւն, լռութիւն ուինքնասիրութիւն գտայ: Յետին յոյս մ’ունէի: Անկլիոյ Պանքան գացի, որ ինձ կապվածթոշակն ստուգեմ ու լոյս մ’առնում: Այն ալ իր ոսկիներուն պէս անխօս ու տգէտ ելաւ: Տեսչութիւնն իմ ձեռքս տետր մը յանձնեց եւ յայտարարեց, որ կարող եմ ամէն ամիս չէքքաշել իր վրայ: Հարցուցի, թէ որմէ՞ տրուած է այդ թոշակին մայր դրամը: Պատասխանտուաւ, թէ անձի հետ գործ չունի, այլ տետրակներու հետ, որ անձնաւորութիւնկներկայէն: Այս նրբութիւնն ալ նոր բան մ’էր ինձի համար: Այնպէս կարծեցի, որ բոլորԼոնտօնի բնակիլներն ինձի դէմ կցաւակցին: Անճարակ, վհատ եւ յուսահատ մնացեր էի:
Մարդ ազատ, իրբախտին տէրն է, կ'ըսեն շարունակ աստուածաբանները, բարեկամ. թող գան զիս տեսնեն, իմսրտիս ու մտքիս պայմանները քննեն: Իրօք այլեւայլ պարագայից ու մարդոց խաղալիքդարձեր էի: Զիս Լոնտօնի հետ կապող յարաբերութեան կապմը չունէի, բացի Պանքայի ոսկիօղակեն որ աչքիս առջեւ արժէք մը չունէր եւ ողորմութեան կամ գթասիրութեան տուրք մըկերեւեր: Օրէ օր կը նուաստանայի ես իմ աչքիս առջեւ, որ չէի կարող պատռել զիս պատողքօղը: Թող Պեքըն ըսէ, Կամել կարէնալ է, ես հազար ուզածիս մէկն անգամ կատարելուանկարող էի եւ դեռ եմ: Էութեանս առաջին պայմանը չէի կարող հասկընալ, իմանալ իսկ թէես ո՞վ եմ եւ ի՞նչ եմ: Թէեւ նախապաշարման հետեւութիւն մ’էր այս մտա֊ տանջութիւնս, բայց անպաշար ընկերութեան մը մէջ չէի ապրէր, որ անփոյթ լինիմ այս մասին: Քաջգիտէի, որ շատ անգամ տըղմեն, մութեն ելնող անծանօթ մարդիկ բոլոր մարդկութեանծանոթացեր են իրենց հանճարով: Ես այդ ոյժը չունէի: Կասկած ունէի իսկ, որ եթէ զիսմաշող հոգը քեզ յայտնէի, թերեւս իզմէ պաղէիր: Ուստի լուռ ու մունջ կը մնայի, թէեւներսէս կրակ մը կը վառէր: Ի բնէ բարի, անկեղծ, սիրող սիրտ մ’ունէի, չարասէր, քինասէր, բարկասիրտ դառնալու վիճակը հասայ:
Որչափ իմ ծագումսանորոշ էր, նոյնչափ իմ ճակատս պայծառ ցոյց տալու կը ճգնէի: Որդ մը կը կրծէր սիրտս, նախանձու աչքով կը դիտէի ընտանեկան կեանք, յարաբերութիւն, ստեպ կ'արտասուէի, երբհայր մ’իր որդին կը գրկէր, մայր մ’իր զաւակը կ'ըհամբուրէր: -”Ու՞ր են իմ հայրս ումայրս, կը հառաչէի դառնագին Ուրեմն ես բախտին մէկ զաւակն եմ, ընկերութեան մէջպատուավոր տեղ մը չունիմ’: Գողունի սիրոյ ծնունդ, գողի պէս պիտի ապրիմ անարգ ութափառական այս աշխարհիս մէջ, ուր շատեր թէեւ. իմ վիճակս ունին, բայց ծննդեանօրինաւոր վկայագիր մը ստանալու յաջողած են, կամ մարդոց անդադար չարիք հասցընելով`ընկերային անիրաւութեանց վրէժ կը լուծեն. Բայց ես ոչ խաբեբայ եւ ոչ չարագործկրնայի լինիլ: Այլ մինչեւ որ իմ ծննդեանս հանելուկը լուծուէր, կը փափաքէի ես իմգործոց մարդը լինիլ. իմ անուամբս բոլոր Եւրոպա լեցընել կամ այս երկրես դիւցազնաբարելնել Վերջին փորձ մ’ալ ըրի, որպէսզի անուանս կցուած Մամկենց մականուան տէրըգտնեմ: Լոնտօնի մէջ ազգահամարի եւ վիճակագրական դիւան չմնաց, որ քննել չտայի. այդանունն ունեցող ողջ կամ մեռած անձ մը չկար.
Նոյն միջոցին երիտասարդութեան առոյգ հասակիս մէջն էի. Կը սիրէի ազատութիւն, կ'ատէի իշխան ականթագ ու գաւազան: Շարունակ միտքս կը յուզէին ընկերական խնդիրներ: Ռուսոյ, Հիւմ 23, Պենթհամ 24, Ս. Սիմոն 25, Ֆուրիէ 26 եւ ուրիշընկերհաշտական հեղինակներու գործերը կարդացէր, լափէր էի: Զարմանոք կը դիտէի, որմարդիկ ինչ որ կդաւանին չեն գործադրէր, որ սկզբունք ու գործադրութիւն հակոտնեայքեն, վարժարան եւ ընկերութիւն իրարմէ բոլորովին տարբեր աշխարհներ. մին օասիս մը, միւսն անա-պատ: Սակայն, ինչպէս ամէն ուսանող, ես ալ ժողովրդոց անկախութեան, բարօրութեան, արդարութեան յաղթանակը կերազէի: Կը դիտէի, որ Եւրոպայիքաղաքակրթութիւն կոչուածն, հարստութիւնն ու երջանկութիւնը միայն դաս մը մարդիկ կըվայելեն, իսկ միւսները թշուառ ստրուկներ են, որ ոչ միայն կրթութեամբ այլապստամբութեամբ պիտի վերածնին եւ իրենց շղթաները քակելու պիտի յաջողին: Կը զմայլէիՄածծինիի ու Կ'արիպալտիի վրայ, որ արդէն ոչ միայն Իտալիոյ մանր մունրբռնաւորներու, այլ բոլոր Եւրոպայի գահակալներու դէմ պատերազմ հրատարակէր էրն ուգաղտնի ընկերութիւններ կազմելով ազատութեան ու անկախութեան ոգին գործաւորներու մէջսփռելու կջանային: Այս ազատական սկզբանց յարած էի ինչպէս կը հարի ծովն ընկնողմարդը տախտակի մը եւ անոնց մէջ ազգերու փրկութիւնը կը տեսնէի: Բայց բավական չէրընկերասիրական սկզբունք ունենալ, պէտք էր գործադրել: Անտարակոյս բիւրաւոր մարդիկկային Եւրոպայի մէջ, որ
ինձի պէս դառնացած` զինած էին հաստատեալ անիրաւ օրինաց դէմ, կղերին փառամոլութիւն ուտիրապետութեան դէմ, բռնապետական իշխանութեանդ դէմ, ազնուականաց լրբութեան դէմ, դրամագլխի անիրաւութեան դէմ, մէկ խօսքով անթիւ ընկերային զեղծմանց դէմ եւ այսդարաւոր չարիքը ջնջելու համար զանազան միջոցներ կը խորհէին: Ֆրանսացի մեծյեղափոխութիւնն մասնական արդիւնք մ’ունեցեր էր, հիդրային մէկ գլուխը միայն կտրէրէր: Եւրոպայի ժողովրդով համախումբ դաշնակցութիւն մը, ապըստամբութիւն մը միայնկարող էին այդ հրէշը սատակել: Արդէն այդ շարժման նշանները կ'երեւէին. Եւրոպայիբոլոր ժողովուրդները մեծ յուզման մէջ էին: Հրաբուխը ներսեն կը բորբոքէր, կեռար եւընղհանուր ցնցում մը, պայթում մը կը սպառնար: Դարձեալ Ֆրանսաեղեր էր այդ ցնցումըտուողը: Այս երկրին ժողովուրդն ազատութեան ռահահորդը կը լինի միշտ, բայցդժբախտաբար կէս ճամփան կը մնայ, ստեպ ետ կը դառնայ ու իր առաջադրած նպատակըկմոռնա: Աւատական ամբարտակ, զնդան Պասդիյլ կը կործանէ, գահ ու սեղան կխորտակէ, թագաւորի ու քահանայի գլուխներ կը կտրէ, ամէն տեսակ բռնութեան գաւազան խորտակելով`տեղն ազատութեան ծառն ու հաւասարութեան արձանը կը կանգնէ իրաւ, բայց հին դարերուայդ ամէն կռոց բեկորները վերջ են մէկ տեղ բերելով` նորեր կվերակազմէ տարբերգոյներով:
Արդէն Կարլոս Ժգահեն վար գլորէր էր, եւ Լուի Ֆիլիպ սահմանադրասէր նոր թագաւոր մ’ընտրուէր էր, որ վերջերն իր Կ'իզոի համար ու գծուծ քաղաքականութեան զոհ գնալով` գեղացիի պէս ծպտեալԱնկլիայ պիտի խոյս տար, արդէն Ստորին-նահանգաց մէջ պատերազմի փողը կը հնչէր, Հոլանտայի դէմ Պելժիգացիք կ'ընդվըզէին եւ անկախ իշխանութիւն մը ձեռք ձգելու կընկրտէին, արդէն Յունաստան իր անկախութիւնը ստացեր էր եւ Գաբոտիսդրիայ անոր գլուխնէր, Գերմանիա, Զուիցերի եւ գրեթէ բոլոր եւրոպական տերութեանց մէջ ժողովուրդներըյեղափոխութեամբ քաղաքական իրավունքներ կը ստանային` երբ Լեհաստան ալ Վարշաւքաղաքին մէջ ապստամբութեան դրօշակը կանգնեց: Լեհաստան` որ արդէն իր ներքինվարչային յոռի դրութեամբ եւ ժեզուիտներու ներշնչած կրոնամոլութեամբ անիշխանութեանորս ընկած եւ երեք կտոր եղած էր երեք ազգակուլ տէրութեանց մէջ` գրեթէ ութսուն տարիառաջ, դեռ ազատութեան ոգին կը պահէր: Թէեւ քանի մ’անգամ փորձ փորձեր էր Ռուսիոյդէմ, թէեւ իր Քօշիուսքոյ արիասիրտ զօրապետն երկար ատեն դիմադրէր եւ ի վերջէՍուվարոֆի ձեռքը վիրաւոր գերի ընկեր էր.... Եւրոպա անտարբեր աչօք դիտէր էր այնազգասպան բաժանումն, որ Ռուսիոյ, Բրուսիոյ եւ Աւըստրիոյ ձեռոք առաջի անգամկատարուէր էր - յանուն կարգապահութեան եւ խաղաղութեան: Դիւանագիտակա՜ն զաւեշտ: Ուստի երբոր բոլոր Եւրոպա ազատութեան համար ոտք կ'ելնէր, Լեհաստան կարո՞ղ էրհանդարտ նստիլ, մանաւանդ երբոր Նիկողայոս կայսրն Առաջին Աղեքսասդրի յաջորդելով`աւելի եւս սկսաւ ճնշել լեհ ժողովուրդն ու անոր արուած սահմանադրութիւնը ջնջել:
Քլոբիքիապստամբութեան գլուխն էր ի Վարշաւ. Կոստանդին դուքսն, որ իբրեւ փոխարքայ կ'իշխէր, հազիւ կրցեր էր պրծիլ ապըստամբաց ձեռքեն: Ամէն կողմէ կամաւոր զինուորներ ու նպաստկը հասնէին Լեհաստան: Պատեհ առիթ սեպեցի անտանելի վիճակիս սփոփում մը եւ թշուառազգի մը համար արիւնս տալ: Գիտես արդեն, սիրելի Վուտ, թէ լեհացիք ինչպէս ելան այսկռուեն: Ազատութեան կատարեալ յաղթանակը դեռ մօտալուտ չէ, քանի որ ազատութեանթշնամիներն իրենց ձեռքն ունին բուռն ոյժ, վայրենութիւն: Նոյն միջոցին Ռատզիւիլ իշխանը լեհական բանակին կհրամայեր: Ուրիշ օտար վաշտեր ալ կազմուէր էին, որոց մէջբազմաթիւ հայեր կը գտնուէին: Ռատզիւիլ զիս գնդապետ կարգեց, իր վստահութեան անարժանչեղա: Ցոյց տուի իմ անկլիական պաղարիւնութիւնս եւ անվեհերութիւնս գնդակներու ուկրակի մէջ, որ զիս կը շրջապատէին: Այս կռուին մէջ կանայք մեզմէ վար չէին մնարարիութեան կողմէ: Առիւծի պէս կը կռուէինք անուանի Տիեպիշի եւ Բասքեւիչի դէմ, այնպէս որ թրքաց ու պարսից այս ռուս յաղթողներն ահաբեկ տեսան, թէ ինչպէս, թէեւթուով աւելի քիչ, ռազմագիտութեամբ նուազ ճարտար, կարող էինք խորտակել եւ ստեպ իփախուստ դարձընել իրենց հզօր ու քաջավարժ գունդերը: Ռուսաստան պահ մը նեղն ընկաւ, ինչպէս սովոր է, դրացի տէրութեանց
դուռը զարկաւ ուաջակցութիւն խնդրեց: Արդէն իր գողակիցներէն մին, Բրուսիա` պատրաստ էր օգնելու: Այսօգնութիւնը հասաւ Լեհաստան, որ կը սարսռէր երկու զօրաւոր տէրութեանց ճիրանիններքեւ, աչքը Ֆրանսայի ու Անկլիոյ դարձուց աղերսագին, բայց երկուքն ալ անտարբերմնացին արիասիրտ ազգի մ’ողջակիզին առջեւ, Այս ազգասպանութիւնն ապագային մէջ իրենցսուղի պիտի նստեր եւ քաղաքական կնճիռներու տեղի պիտի տար: Եւրոպայի անդորրութեանհամար պէտք էր պաշտպանել Լեհաստանն, որ կրնար իբրեւ թումբ կանգնիլ Ռուսիոյ դէմ: Ամէն կողմէ անյոյս` Քրուքովիեքի զօրապետը յետին ճիգ մ’ըրաւ Վարշաւի մէջ, որու դէմկը քալէր բասքեւիչ: Դիւցազնական եղաւ մեր դիմադրութիւնը, բայց անարդիւն: Ընկաւ Լեհաստան շնչասպառ, այլչմեռաւ: Բնակիչներուն մէկ մասը Կովկաս ու Սիպերիոյ անապատները փոխադրուեցան, ոմանքօտար երկիրներ գաղթեցին, իսկ մնացողներն ստրկութեան դատապարտուեցան. Ռուսիայ այսարիւնալի զոհն, որ միշտ կը շարժի, պիտի կարէնայ մարսել.
Ահա այն ատեն եւսալ ստիպուեցայ հեռանալ այս թշուառ երկրեն, ուր` եթէ մահս գտնէի, այս տաժանելիկ'եանքես պիտի ազատէի: Ի դարձիս Լոնտօն` մեծ անուն ունէի. Լեհաստանի քաջերեն մինկը համարուէի եւ ընկերական ակումբներու մէջ կը փնտրուէի: Այն ատենն էր, որյարաբերութիւն կապեցի լորտ Իստհեմի հետ, որու համար յանձնարարութիւն մ’ունէիԼեհաստանեն: Լորտը զիս սիրով հիւրընկալեց ու պատուեց, մինչեւ անդամ այլեւայլպաշտօններ առաջարկեց: Ես մերժեցի, զինուորական էի, չէի ուզէր պարտաւոր մնալ լորտիմը: Բաւական համարեցի իր տունը ստեպ յաճախել: Արդէն գիտես, թէ ինչ եղաւ այսյարաբերութեան արդիւնքը: Լիլին գրաւեց զիս եւ իմ բոլոր կեանքս փոխեց Լոնտօնի լիոննէի, ամէն լրագիր, ամէն բերան իմ քաջութիւններս կը պատմէր. աղջկունք իմ ակնարկս կըփնտրէին: Ոչ ոք կհարցըներ, թէ ուստի՞ եկած եմ, ո՞վ եմ, եւ ես ալ պահ մը կարծեցի, թէ բան մ’եմ եւ կրնամ իմ սէրս պսակել. Բայց երբոր հռչակս մուխի պէս անցաւ, երբԼետի Իստհեմ զիս անարգեց, Լիլին զիս մերժեց, նորէն իմ առաջին մթութեան մէջ ընկայ, յանդգնութեանս վրայ զարմացայ եւ շունչս Արեվելք առի:
Այս է կենացսհամառօտ պատմութիւնը, սիրելի Վուտ, կ'ըտեսնես, որ տխուր է եւ մութ: Անյայտ ծագումմը, դժբախտ սէր մը, հուսակտուր ապագայ մ’ինձ բաժին ընկած են: Չեմ ուզէր բնաւ, որԼիլին իմանայ իմ սրտիս վիճակը: Կարելի է, որ Քինկ խնամակալս անոր ամէն բանյայտնեց, արդեօք Լիլին կը ճանչէ՞ր, արդեօք անգտանելի՞ է այդ մարդն, որ անտարակոյսայս հանելուկը պիտի կարէնար մեկնել Ա՛լ ոչ սփոփում եւ ոչ դարման կը փնտրեմ. քեզունիմ միայն երկրիս վրայ, եւ երբ անկից բաժնվիմ, դու միայն հառաչ մը պիտի տասանբախտ մտերմիդ յիշատակին: