Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. Պոլիս…

Բարեկամ, շնորհակալեմ, սրտիս վիճակը կհարցնես: Երկար նամակիդ այդ վերջին տողը բոլորովին ուշս գրավեց: Համբերութիւնն ալ սահման ունի, հպարտութիւնը` չափ մը: Երբեմն անհրաժեշտ պիտոյք մըկդառնա սիրտ բանալ բարեկամի մ’առջեւ, երբ մանաւանդ անկեղծ ու գթոտ է այդ բարեկամըքեզի պէս: Շատ մեծ խոսէր եմ. կը յուսայի` ստոյիկեան անտարբերութեամբ, խղդել զգացումմ’որ զիս կխղդէ Առհասարակ` շատ անկլիացուոց համար, սէը գործ մը, առուտուր մ’է, եւ, եթէ կամիս, փոխանակութիւն մը, երկու սակարկողներու ազատ կ'ամքեն կախուած, բայց եսկնայիմ, որ ինձի համար կենսական խնդիր մը կը դառնայ եւ իմ ապադայիս կսպառնա…: Թո՛յղ որ պարզեմ խօսքս:
Արդէն գիտես իմուղեւորութեանս բուն գրգիռը. Լիլիի մօր, Լետի Իստհեմի չար աչքեն հեռանալ, զբաղմունք մը ընտրել, անցեալը մոռնալ, սփոփիլ ու նոր կեանք մը սկսիլ: Միթէնպատակիս հասա՞յ. ո՛չ. աւելի անհանգիստ եմ, աւելի դժբախտ եմ. Հայաստանիպատմութիւնը կը թղթատեմ, Հայոց, ճագումն ու կեանքը կ'ըքննեմ, Պոսֆորի սքանչելիբլուրներն ու պարտեղները կարշաւէմ. կը գրէմ, կխօսիմ, կ'երգեմ իսկ, բայց բոլոր այսգործողութեանց անմասն է հոգիս, որ կարծես թէ գերեզմանական լռութեան ուանզգայութեան մէջ կը գտնուի: Խօսուն է գրիչս, այլ սիրտս անխօս, մութ եւ վհատ: Աչքսու՛ր որ դարձընեմ, անոր նկարը կը նշմարեմ, միտքս ու՛ր որ տանիմ, անոր տեսիլըկընդունիմ: Ախորժելի չէ այս վիճակս. այնպէս կ'երեւի, որ թաքուն տենդ մ’ունիմ, որովկը վառի երէ– վակայութիւնս, ստուերներ կը պաշարեն զիս եւ երբեմն պաղ, երբեմն տաք տաքջրէր կթափին գլխես: Երբոր տապով տոչորիմ կը վազեմ ծովափը, ալեկոծ անդնդին վրայկհակիմ եւ պաղշկելու համար կփափաքիմ անոր մէջ նետուիլ. երբոր պաղ սարսուռով մըբոլոր մարմինս դողդողա` կ'ելնեմ կէսօրին մօտակայ լեռնակն ու արեւուն ճառադայթներէնկենդանութիւն կը սպասեմ, անօգու՜տ: Հոգիս հիւանդ է, եւ քանի մտածեմ, որ անարժանէակի մը համար այս տանջանքը կը կրեմ, այնքան կ'աւելնայ անոր սաստկութիւնն ուինքնասիրութիւնս կը վիրաւորի; Կ'որոշեմ մոռնալ եւ աւելի կը սրի յիշողութիւնս. միտքս կը գնեմ զուարճանալ եւ աւելի կը վշտանամ, ընկերութիւններ կը յաճախեմ, աղմուկ, պար, երաժշտութիւն կը փնտրեմ եւ ինքզինքս աւելի մեծ ամայութեան մէջ կըգտնեմ Բարեկամ, երեւակայէ անգամ մ որ այս տրամադրութեան մէջ կարելի է լաւ քննել ուդատել, Հայոց վարքը բարքը հասկընալ եւ բանաւոր բան մը գրել: Ինչ որ կ'ընեմ այստեղ կարողէի եւ այդտեղ, Լոնտօն, ընել, պատմութեան ու այլ դիրքերու մէջ թագուիլ, մոլորիլ:
Եւ միթէ արդէնմոլորած չե՞մ. միթէ արդէն Լիլիի հետ ամէն յարաբերութիւն կտրած չե՞մ, միթէյիմարութիւն չէ յուսալ անյուսալի բանի մը Իմ վերջին գրոյս պատասխան չգրեց. իրանտարբերութիւնը մեկնելու համար արդարացուցիչ խօսք մը չուղղեց
ինձ: Մեռած եմ եսՌիլիի համար եւ բնաւ չեմ ուզէր, որ այս իմ վիճակս իմանա: Աւելի լաւ կհամարինմեռնիլ, քան թէ խոնարհիլ: Բայց ինչու՞ չխոնարհիմ. նա այնքա՜ն բարձր է… իսկ եսորչա՜փ ապուշ եմ, ինչու՞ միշտ կը մոռնամ իմ սեւ ճակատագիրս ո՞վ գիտէ, կարելի է որիմ կենաց վրայ ձգուած սեւ քօղը վերցուց… դիտեց որ անծանօթ մարդ մ’եմ, բախտախնդիր`մ’եմ: Անշուշտ այս պիտի լինի իր լռութեան պատճառը…: Կարծիքդ ի՞նչ է, բարեկամ, ի՞նչդարման կայ ինձի համար ապրելու անարժան եմ Գիտեմ, շատ կը նուաստանամ, բայց անձիստէրը չեմ ի՞նչ ընեմ