Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. Պոլիս...

Նախընթաց գրոյսմէջ տեղ չգտայ պատասխանելու Լիլիի մասին գաղտնապահութեանս նետած քարիդ: Մասնաւորգիր մը այն ակնարկած սիրալիր էակին նուիրել քաղցր է սրտիս, թէեւ անոր յիշատակըդառն: Ամէն ժամանակ իմ հոգերս ծոցդ թափելով սփոփում գտած եմ, ու եթէ այս պարագայիսքանի մը մանր արկածներ սիրոյս վրայ Լռիկ անցայ, պատճառը՞, կան ցաւեր, որ սրտակից մ’անգամ չկրնար մեղմել, եւ անոնցխոստովանութիւնն ընելը ոչ միայն հպարտութեանս կը դպչէր, այլեւ հոգուոյստկարութիւնը պիտի յայտնէր: Անկլիացի մը` լաւ գիտես, որ բան-գործ չընէր անդադարհառաչել, եւ ինչ կ'արեւէր աղէտից տակ իյնայ լռելեայն անոնց դէմ ցմահ կը կռուի: Բայց որովհետեւ առնուէր ես իմ լռութեանս մասին, համառօտ ու պարզ պատմեմ քեզսիրոյս` մանաւանդ վերջին պարագաները, առանց քէնէ մխիթարութիւն ու դարմանխընդրելու:
Լեհաստանեն, այսթշուառ քաջերու հայրենիքեն դարձիս` Լոնտօն Իստհեմ կոմսին յատուկ գործով մըներկայացա: Այնքան համարում եւ յարգ ստացայ անոր մօտ, որ իր տունը սկսայ երթալգալ, եւ զիս իր ազդեցութեամբը մինչեւ Բարլմենթի անգամ ընտրել տալու առաջարկեց, եւես մերժեցի: Փառասիրութեան գրգիռ մը միտքս չհրապուրեց, սակայն անոր աղջկան Լիլիինգեղեցկութեան ու շնորհներուն սիրտս անհնարին էր գոցել:
Իմ աստիճանսհամեմատաբար անորմէ շատ վար էր, չունէի անունիս կպած լորտ պատուանունը, չունէիգեղեր ու ագարակներ, չունէի շքանշան, այլեւայլ դժուարութիւններ առջիս կային գիտէի, բայց ունէի ճարտարութիւն ու հարուստ հոգի մ’որ անանկ կապեր կը թոթուէր եւ ուրիշ ազնիւ հոգիի մը կուզեր կապուիլ. եթէ մերայս հողին ամպեր պատմելով անհուն էութեան կրնայ սրանալ անարգել, անոր է`ն ընտիր եւշնորհալի արարածին, անուշ Լիլիին ծոցը ինչու՞ պիտի չկարէնար հոգիս դադարիլ, թէեւադամանդեայ անգծելի վանդակի մէջ անգամ պահուած կենար: Կատարեալ սրտի մը ոչոսկեզարդ ճակատ եւ ոչ ականակուռ նշաններ կան, այլ միայն ճշմարիտ սէր եւառաքինութիւն Լիլիին ոչ անբաւ օժտին, ազնուական տոհմին եւ ոչ գոհարներունզարնուեցայ, այլ անոր բարակ ու լեցուն հասակը, շուշանի պէս սպիտակ ու թարմ դէմքը, ոսկեթել մազերը, նրբաշուրթն մանրիկ եւ վարդագոյն բերանը երեւակայութիւնսյափշտակեցին, իսկ անոր կապոյտ աչերուն անմեկնելի անուշութիւնը, սիրուն սիրատուժպիտը եւ մանաւանդ տղայական անմեղ պարզութեան հետ ունեցած ազնիւ լեզուն, ուղիղդատողութիւնը, լուսաւոր միտքը եւ հոգուոյն անկեղծութիւնը սիրտս բոլորովինգրաւեցին: Նախ մեր սիրոյն թարգմանը մեր աչքերն եւ մեր նամակները եղան, եւ մերմտերմութիւնն օր օրի կ'աւելնար եւ իմ վիճակիս համար անտանելի կը դառնար: Այս անխօսսրտակցութիւնն երկու տարիէ աւելի շարունակելն անհնարին լինելով` վերջապէս իրարուսիրտ բացինք: Օրիորդը ապահով` իսկ ինձ կասկածելի էր որ անոր ծնողքը մեր միութեանարգելք չեն լինիր: Վասնզի գիտէի, որ լորտերը որքան ազատականութիւն դասեն մեր օրերըեւ իրենց դուռը ստորին, բայց արժանաւոր անձանց բանան, դարձեալ հին ազնուապետականսովորութենէ չեն կրնար զատուիլ, եւ կը կարծեն թէ արիւննին կարատի, եթէ անոնց հետխնամութիւններ սկսին: Ասկէ զատ` է՛ն մեծ ընդդիմութիւնը լետի Իստհեմեն կը սպասէի, որ արդէն իր աղջիկը բթամիտ այլ տոհմիկ Տենտի պատանիին տալու միտք ունէր. Այս ամէնդժուարութիւնները բանի տեղ չէի դնէր թէ որ Ալի՛ն գեղեցկութեան հետ քիչ մը զօրաւորկամք ունենար: Վասնզի` որչափ որ սրտով ինձ յարած էր, տեսնելով անոր անհնարիներկչոտութիւնը, առ ծնողս իւր ունեցած կոյր հպատակութիւնը եւ լուծը թոթուելուանկարողութիւնը, գուշակէր էի որ մեր սէրը պիտի չպսակուի: Չերկարեմ, պարտքիս եւպատուոյս պահանջածն ըրի եւ Լիլիին հաւանութեամբը իմ դիտաւորութիւնս ուղղակի լորտինառաջարկեցի եւ իր կողակից` լետի Իստհեմեն առի այսլրբենի պատասխանը.
«Պարոն Նելսոն,
Լիլիիս հետկարգուելու երազելդ անգամ յանցանք է քեզ, ու՛ր մնաց առաջարկելդ: Ան ու՞ր է, դունո՞վ: Անոր երակներէն վազած արիւնը դիւցազուններէ կիջնէ ու վեց դարնան է, քուկդորու՞ն մրուրն է: Այն վիհեն` որ զձեզ կզատէ` ցատկել կ'ուզես որ անոր հասնիս: Միթէբաւական պատիւ չէ՞ր քեզ մեր տուն մտնել ելնելդ, երես առիր մինչեւ աղջիկսհրապուրելու: Սակայն զգաստացի՛ր, անոր չքնաղ հոգին միայն արքայազնի վայել է, եւարդէն նշանուած է, դուն տաղանդ եւ. ճարտար լեզու ունենալուդ համար միայն մեր քաղաքավարութեանարժանի ես, անկէ զատ բանի մի սպասէր:
Լետի Իստհեմ’:
Ալ տոմսակը վրէժկը կանչէր, գրողը իժ մ’էր, ուեթէ լորտիս գրչեն ելնէր, անտարակոյս անոր արիւնովդ զայն արդէն ներկեր էի: Այսբանիս վրայ սէրս սրտմտութեանս հետ գրգռեցաւ, եւ Լիլին ինձ գաղտնի սիրտ տալով`աւելի զայն արծարծեց: Բայց օրիորդին երեսը տեսնել, անոր բերնեն որոշ պատասխան մառնելու միջոց չկար: Ծնողքը մեր հաղորդակցութիւնը բոլորովին կտրելու համար` առինզանի գեղ տարին: Ատեն անցաւ եւ յանկարծ ուրիշ գիր մը հասաւ ինձ Լիլիին ձեռագրովը, որուն մէջ ինքը կ'ըսէր մօրը թեք աշխարհ մէկ քով գա` երբեք զիս ամուսին չընդունիր, եւ թէ զիս իբրեւ ծանօթ եւ չէ թէ իբրեւ սիրահար կճանչէ. Ո՜հ, նենգութիւն, քանիմիտքս գա դողս կբռնէ, այն գիրը չկրցայ լմնցնել, ինքզինքս կորուսի, վայրկեան մըառաքինութեան, սիրոյ, պատուոյ վերա ունեցած զուտ տեսիլներս չփոթեցան մտքիս մէջ, շատ ցաւ կրեցի, բայց համբերեցի, եւ յաւիտեան պիտի ատէի Լիլին, թէ որ ստոյգ աղբիւրնչիմանայի, որ վերջին գրին հեղինակը ինքը չէ եղեր, այլ կ'երեւի, որ իրեն մօրըմեքենայութիւնն էր այն: Ինչեւէ լորտի մը ճանկեն այն աղաւնին ազատելու դժուարութիւնընկատելով սիրոյս մրմունջ խեղդել ջանացի, թէեւ ես ալ անոր ծնողաց պէս պատիւս եթէչճանչէի, աղաւնին գաղտուկ առնուլ թռչիլը ձեռքըս էր:
Հիմա կթողում քեզդատել թէ ինչ իրաւունքով Լիլին կրնայ փրփրիլ եւ որոտալ իմ դէմ: Ես պարտքս ըրի եւմինակս լորտերու ոսկեզրահ բանակին եւ դարաւոր նախապաշարումներու դէմ չէի կարողգլուխ ելնել Դուն ալ թերեւս ըսես, որ Լիլիին սիրտը թէեւ հետդ էր, ինքն ալ պարտքըկատարեց ծնողացը հրամանեն դուրս չելնելով եւ առաքինութիւն գործեց Ո՜հ, թէ որստուգիւ առաքինութիւն կ'անուանես զայն, ուրեմն այլանդակ տեսակեն է եւ մեր գեղադէմօրիորդներուն մեծ մասին դաստիարակութիւնը հակասական դրութեան վրայ հիմնուածկ'երեւի
Մէկ կողմենօրինաւոր հասակի հասնելով` կատարեալ ազատութիւն կը ստանան իրենց շրջանին մէջշարժէլու Աշխարհ ու մարդկան բնութիւնը ճանչելու կներուին, բարին ու գէշըզանազանելու կսորուին, ուղիղ եւ ընտիր տեսիլներով գլուխնին կլնուն, երեվակայութիւննին կը զարդարեն, ո՛չ սուտ կրօնասիրութիւն եւ ոչ ծաղրելի եւ սնապարծառաքինութիւն դասելու կվարժին, համեստութեան չափեն չեն խոտորի, շողոքորթութենէ կըհեռանան, դատողութիւննին կը մշակեն, մայրութեան, բարեպաշտութեան, հայրենասիրութեանպարտիքը կուսնին, ու երբ այս աղուոր հանգամանոք զարդարուած աղջիկ մը իրփորձառութիւնը եւ ազատութիւնը ի գործ դնելու ժամը հասնելով կելնէ մի շատերիտասարդներու մեջեն ընտրութիւն մը կընէ, կը սկսի սիրել ու սիրուիլ պատուով եւանկեղծօրէն եւ վերջապէս փափաքը ծնողացը կյայտնէ, քու խօսքիդ նայելով իսկոյն մայրկամ հայր, երբեմն երկուքը մէկեն, պէտք է մէջ մտնեն ու եսական չնչին խորհրդովդրդեալ առանց իրենց զաւկին երջանկութեան պայմանին ուշ դնելու ըսեն.
–«Աղջիկս, իրաւընտրութիւնդ հիմնաւոր է, միտքդ եւ սիրտըդ այն նպատակին կը դիմեն, բայցամուսնութեան մասին մերինը աւելի ընտրելի է, ու թէեւ ազատ ես դուն, բայց կամքդազատ չէ
Չէ՛, բարեկամ, անոնց վճիռը բնաւ արդար չէ, եւ օրիորդին կամքը լիովին ազատ է քանի որ արդէն իրկիրթ հոգին զայն կառաջնորդէ: Քանի՛ քանի աղէտից պատճառ կլինիք, դու՛ք մայրեր, եթէայդ բռնաւորութիւնը շարունակէք: Մէկ ժամու մէջ քսան տարուան դաստիարակութեանարդիւնքը կը խորտակէք, այդ ընթացքով ձեր օրիորդին ստել, նենգել, անհաւատարմութիւն, լպրշութիւն կը քարողէք, առանց գիտնալու, անոր մաքին մէջ ամէն բարի սկզբունքկ'աւրէք, իսկ մի կարծէք որ ասկէ ետեւ ձեր կամքին պիտի հնազանդի, ո՛չ. թէ՛ զձեզ, թէետեւէ ետեւ սիրելի անձինքն, եւ թէ առնելիք ամուսինը պիտի խաբէ, վասնզի դուք ըսիքանոր որ խաբելը ներելի է: Ուրեմն կամ կոյր, ապուշ, անսիրտ ծնեցէք աղջիկնիդ, անորհոգին, եթէ ունի, ճմլեցէք, աչքը հանեցէք եւ ձեր հաւնածին կամ լաւ եւս ըսեմ, ձերսիրածին տուէք զանի, եւ կ'այ անհեթեթ մի՛ լինիք, ու անոր միտքը ու սիրտը մշակելէետեւ, թո֊ ղէք անոր ասպարէզը բաց ազատութիւնը խոհուն մտաց Էն ազնիւ առաջնորդն Է, մի՛ վախնաք չեն իյնար հոն ու՛ր որ… թերեւս ձեզմէ սահողներ կան...: Երբ օրիորդ մուղիդ եւ լուսաւոր դաստիարակութեամբ զինած է, իբրեւ վահան փորձութեանց եւմարդկային դարաններու, աւելի անթափ կը մնայ` քան թէ ան աղջիկը, որ կը ղպակի ուշղթայի տակ կը մաշի, կը փտի եւ մինչեւ անոր խաւարին բոյնը մոլութիւնը կը սպրդի շատանգամ, եւ անդ դիւրին ճարակ, միամիտ որս կգտնէ: Չեմ իմանար ասով այն ազատութիւնըզօր թերակիրթ ու ֆրանսամոլ օրիորդ մը մռտա կարծելով` իր յատուկ սեռին շըրջանենդուրս կգործածէ ու կէս մարդ կէս կին կը ձեւանայ, վասնզի այնպիսին երկու սեռենդուրս հրէշ կհամարիմ:
Արեւելեանօրիորդաց պարզասիրութիւնը եւ համեստութիւնը լսած եմ, հաւատարիմ սիրուհիներ, առաքինի մայրեր, ընտանեսէր տիկիններ կլինին, կ'ըսեն, թէ աստ սէրը բնական Է եւ թէսիրայօդ հոգիներ իրարմէ չեն զատուիր, նայիմ իրաւ՞ է Ատեն ատեն այսպիսի նիւթերուվրայ խօսելով` որ մարդկան բարուց վրայ մեծ ազդեցութիւն ունին, իմ դառնփորձառութենէ օգուտ կը քաղեմ` որչափ որ ասով ձանձրացընեմ պիտի զքեզ, յուսամներելդ, գիտնալով ու այս սիրտս չձանձրանար զքեզ սիրելեն: