Լոնտօն…
Հայը
գերի
է
եղեր`կ'իմացընես.
բարեկա՛մ.
սակայն,
ըստ
իս`
հայ
կոչուիլ
եւ
գերի
լինիլ
հակասական
է:
Այս
կարծեացս
հաստաւոութեան
եւ
վկայութեան
համար
ահա
ետեւէ
ետեւ
առջեւս
կ'ելնենՀայկ,
Արամ,
Արա,
Վահէ,
Տիգրան,
Վարդան,
Վահան,
Գագիկ,
Աշոտ
եւ
շատ
մըդիւցազուններ.
Ուստի
չեմ
կարող
հասկընալ
եւ
հաւատալ,
որ
այժմեան
տեսած
հայերդանոնց
սերունդեն
իջած
վինին,
քանի
որ,
թո՛ղ
եւրոպական
լուսաւորութենէ,
անոնցառաքինութենէ,
հայրենասիրութենէ
եւ
ազատասիրութենէ
անգամ
զուրկ
ես:
Առ
ձեռքդ
հայպատմութիւնը
եւ
նայէ,
մինչեւ
տասներորդ
դարը
ամէն
անգամուն,
որ
հայերը
լուծի
տակեն
մտէր,
ստեպ
իրենց
քաղաքական
կռիւներէ
ու
անմիաբանութենէ,
երբեմն
անդիմադրելիպարագաներէ
դարձեալ
ինքն
իրենց
գալով`
նկրտէր
են
որեւէ
կերպիւ
գլուխ
բառնալու,
եւօտար
իշխանութեան
հնազանդելու
պահուն
եւս
Հայաստանի
մէկ
անկիւնը
աննկուն
նախարարիկամ
իշխանի
ձեռոք
անկախութիւնը
շունչ
կառնուր
եւ
հեռուն
գերելոց
օրինակ
կը
տար
եւխրախոյս
կը
կարդար:
Նամակիս
շրջանը
չներէր
մի
առ
մի
ի
գիր
հանել
այս
մասին
անոնցշահատակութիւնները:
Այլ
միայն
վշտակիր
պարտաւոր
եմ
ըսել,
թէ
այն
օրէն,
որԲագրատունեաց
Գագիկն
ընկաւ
կարգաւոր
դաւաճանի
եւ
յունական
նենգութեան
զոհ,
ըստ
իս`Հայաստանի
բանը
բուսաւ:
Աս
Գագիկն`
զօր
հայ
թագաւորաց
մէջ
հայրենասիրութեան
եւքաղաքական
գիտութեան
կողմանէ
առաջինը
կը
սեպեմ,
իր
ապրած
ժամանակինալեկոծութիւնները
նկատելով`
իր
թշուառութեանց
մէջ
անգամ
քան
զարտաշեսԱրշակունին
գէր
ի
վեր
կը
դասեմ,
ունէր
չէ
թէ
միայն
ազգըվերականգնելու
մեծ
բարոյական
զօրութիւն,
այլեւ
ի
հարկին
նոր
ազգութիւն
մըստեղծելու
եւ
կազմելու
գերագոյն
հանճար:
Անոր
աղէտալի
անկումը,
որ
հայ
անուանյաւիտենական
նախատինք
պիտի
մնայ,
Պարսից,
թաթարաց
եւ
Արաբացուոց
սուրբ
աւելիզօրացուց,
անոնց
ասպատակութիւնը
փութա
ցուց,
Կ'ոստանդնուպոլսի
առումը
դիւրացուց
եւՀայոց
անդարմանելի
հարուած
մը
տուաւ,
հարուած
մը`
որ
իրենց
անօրինութեանց
կըվայելէր
եւ
որուն
բացած
խորին
վէրքը
մինչեւ
այսօր
կը
քաշեն:
Վասնզի
եթէ
Հոռոմոցկրօնամոլութեան
ու
փցուն
եւ
վատ
քաղաքականութեան,
եւ
հայոց
ինքնահաւան
ուերկպառակ
ոգուոյն
հեռատես
լինելը
հնարաւոր
լինէր,
պիտի
դիտէին
իսկոյն,
որԲագրատունեաց
մահը
իրենց
եւս
կործանում
կը
սպառնար
եւ
Գագիկ
միայն
կարող
էր
ահաւորթումբ
մը
կանգնել
հիւսիսային
հինից
եւ
ելուզակաց
դէմ,
Հայկազեան
տոհմին
քաղաքականկացութիւնը
անկործան
պահելով:
Այս
մեծ
մարդունվրայ
քիչ
մ’երկարօրէն
խօսիլն
այսառթիւ
քաղցր
է
ինձ
ու
միանգամայն
արժան:
Մարդն`
կ'ըսեմ,
վասնզի
իր
մէջ
մարդնմեծագոյն
է
քան
թագաւորն,
վասնզի
ժառանգական
իրաւամբ,
կամ
երկնատուր
շնորհիւթագաւոր
հայոց
օծուելուն
համար
չէր,
որ
ցմահ
իր
հոյակապ
Անիեն
անհրաժեշտ
կեցաւ,
այլ
հաստատուն
համոզմամբ
կը
զգար,
որ
նոյն
բազմադէպ
ժամանակները
ինք
միայն
կարողեւ
արժանաւոր
է
հայոց
պետութեան
գլուխն
եւ
ազատիչ
լինելու:
Իր
սրատես
աչքըՀայաստանի
սահմանեն
դուրս
չորս
դին
կը
հսկէր,
լաւ
կը
ճանչէր
նա
իր
դարը,
գուժալիդա՛ր.
երբ
Արաբացին
Պաղտատեն
մինչեւ
Սպանիա
իր
աշխարհակալութիւնը
տարածելեն
ետեւ`սկսէր
էր
քայքայիլ
ու
անոր
ահագին
բեկորներէն
նոր
վայրագ
ազգեր
ժայթքիչ,
թաթարք`հեղեղի
պէս`
Արեւելեան
կողմեն
իջնել
եւ
բոլոր
Ասիան
սոսկալի
անիշխանութեան
եւյեղափոխութեանց
մէջ
ընկղմել:
Նա
կը
դիտէր
գալիք
փոթորիկները,
Կոստանդիանոսի
գահունխարխուլ
վիճակը,
անոր
ընդարձակ
պետութեան
չորս
դիեն
տրորիլ,
պառակտիլը,
Եւրոպայիներքին
կրոնական
եւ
իշխանական
յուզմունքը:
Ուստի
բոլորովին
քրիստոնեայ
ազգացօգնականութենեն
յուսահատ,
գիտէր
նաեւ
թէ
որպիսի՛
խորագիտութեամբ
պէտք
էր
գնալյունաց
ծակաչք
եւ
խարդախ
քաղաքագիտաց
հետ
եւ
ինչպէս
դիմաւորել
սուտ
դաշնակցացմտերմական
յանդիմանութիւնները
եւ
հրաւէրքը:
Այս
չարագուշակ
երեվոյթներէն
որՀայաստանը
կրակի
եւ
սուրի
պիտի
մատնէին,
որչափ
որ
սոսկալի
կը
նկատէր
Գագիկ
եւանոնց
առաջն
առնելու
ուժն
ունէր,
սակայն
Հայաստանի
ապառնին
կը
մթանար,
սիրտենարիւն
կը
քալէր
քանի
նախարարաց
անզուսպ
եւ
նախանձոտ
բնաւորութեանց
հետերկպառակութիւնը
կը
տեսնէր:
Միթէ
նա
վհատեցաւ՞,
ամենեւին
ո՛չ:
Կառավարութեան
ղեկըձեռք
առնելուն
պէս
նոյն
ներքին
ապստամբ
եւ
զինակիր
մարդիկը
իր
պարզ
եւ
յորդորիչճարտասանութեամբ
զինաթափ
ըրաւ,
կարգի
բերաւ,
հայ
ժողովուրդը`
որու
վրայ
էր
դրածյոյսը,
իր
սրտին
հայրենասիրական
անշէջ
հրով
գրգռեց,
վառեց,
միացուց
եւ
գրեթէ
զայնիբրեւ
նոր
առոյգ
ազգ
մը
կազմեց,
մինչդեռ
երերեալ`
իր
քաղքին
դռները
թշնամեացբանալու
վրայ
էր:
Զինուորական
եւ
քաղաքական
նոր
կարգադրութիւններ
գրաւ,
զանինկրկին
ամրացուց,
այլեւայլ
կողմերը
գտնուող
հայինքնագլուխ
իշխանները
լռեցուց
ու
իրեն
ցուց,
եւ
երբ
ապահով
եղաւ,
որ
ժողովրդեանսէրը,
զօր
ամրապատ
պարիսպներէ
հզօրագոյն
կը
համարէր,
նախարարաց
համարումը
I:
զինակցութիւնը,
եկեղեցականաց
հոգեւոր
օգնականութիւնը
գրաւէր
է,
ներքինխաղաղութիւնը
հաստատէր
եւ
ինք
նոյն
վտանգալի
պարագայից
մէջ
կատարեալ
տէր
է,
յաղթութիւնը
առաջուց
գուշակեց
եւ
սուրը
քաշեց,
վազեց
առիւծի
պէս
թաթարաց
դէմ,
կոտորեց,
վանեց
եւ
Հայաստանի
մեծ
յաղթանակը
տարաւ
Մանր
մունր
այլազգաւազակապետներ,
որ
Արեւելեան
Հայաստանը
կ'արշաւէին,
անոր
արիութենէ
ահաբեկ
փախանԱպա
Ասիա
յոյն
սպարապետին
դէմ
դարձուց
զէնքը
եւ
իր
հօրեղբօր
Սմբատին
վատութիւնը,
որ
Կոստանդին
կայսեր
Անին
յանձնելու
դաշնագիր
էր
ղրկած`
Յունաց
արիւնով
լուաց
եւեղծեց`
չարաչար
ջարդ
տալով
անոնց
Այսպէս
ազատեց
Գագիկ
զհայաստան
եւ
երկու
երեքտարվան
մէջ
Բագրատունեաց
իշխանութեան
այնպիսի
ամրութիւն
տըվաւ,
որուն
նմանըպատութեան
մէջ
քիչ
կը
տեսնուի
Սակայն
ինչ֊
պէս
ամէն
մեծ
եւ
վեյանձն
հոգի
ինքն
ալխաբուեցաւ,
վասնզի
ինքն
էր
ճշմարիտ
քրիստոնեայ,
ճշմարիտ
հայրենասէր,
եւ
բնաւ
չէրկ'ըրնար
երեւակայել,
որ
իր
արենակիցները,
իր
կրօնին
պաշտօնեայքը
այնքան
վատազգիլինին,
որ
յանուն
արեան
քրիստոսի
զինքը
Յունաց
կայսեր
մատնէն
Վասնզի
այնքան
մեծ
էրսէրը
հայրենեաց,
զօր
իբրեւ
իր
սիրական
զաւակը,
անոր
պաշտպանութիւնը
եւվերատեսչութիւնը
իր
իշխանաց
անգամ
չուզեց
յանձնել
եւ
Կոստանդընուպոլիս`
կայսերհրաւէրին
վրայ
գնալ,
հարիւն
Քրիստոսի
դաշն
ու
երդում
չառած,
որ
զանին
ցմահ
անվտանգեւ
անառիկ
պահեն`
մինչեւ
իր
դարձը:
Այս
հանդիսական
երդումն
իր
մեծ
խորհուրդընունի,
որ
թագաւորէ
մը
գալով`
անոր
փառասիրութեան
ոգիեն
ծնած
պէտք
չէ
համարել,
այլանով
կուզեր
կնքել
կասկածելի
սիրտերու
մէջ
հայրենեաց
սէրը
Քրիստոսի
սիրոյն
հետ
եւցոյց
տալ
հրապարակաւ,
որ
քրիստոնեայ
եղողին
սրբանուէր
պարտուց
մին
ալհայրենասիրութիւնն
է
եւ
հետեւապէս
այս
դրժողը
միւսն
ալ
ուրացած
կը
լինի.
ԲայցԳագիկին
ջերմեռանդ
հոգին
չէր
կարող
ըմբըռնել,
որ
անկրօն,
ուստի
եւ
ազգատեաց
մարդկը
գտնուի
իր
բոլորտիքը.
Վասնզի
իրօք
անհաւատը
յատուկ
հայրենիք
չունի:
Ընկաւ
նա,
կամ
լաւ
եւս
ըսեմ,
ողջ
ողջ
թաղեցին
զանի,
թէեւ
անմահ
մնաց
հոգին
հայրենատենչսիրտերու
մէջ,
Հայաստան
գերեզման
դարձաւ
եւ
մահիկը
յաղթական
կանգնեցաւ:
Աս
ատեն
նորելուկմարգարէին
արբանեակները
ազատօրէն
եւ
անարգել
հուր
տեղալով
Հայոց
դէզադէզ
դիակներէանցնելով
հասան
Պոսֆորի
եզերքը
եւ
ահռելի
խրախճանաց
ձայնով
տնկեցին
հոն
իրենցարիւնաներկ
դրօշակը:
Իզուր
Եւրոպա
կրկին
եւ
կրկին
խաչակիր
զօրք
հանեց.
ստութեանձգած
արմատը
տգիտութեան
խավարին
մեշ
շատ
խորունկ
էր
բռնած
եւ
դիւրաւ
չէր
քակուէրարեւմըտեան
լուսաւորութենէ.
իսկ
այս
լոյսն
ալ
սկսէր
էր
նսեմանալ
կրօնամոլութեան
եւհաւատաքննութեան
արիւնադրոշմ
ատէաններու
առջեւ
եւ
հետեւապէս
Մաւրիտենականիշխանութիւնը
արեւմուտքեն,
թիւրքաց
յաղթանակները
արեւելեան
կողմեն
զեւրոպայահուդողի
մէջ
ձգեցին:
Ուստի
եթէ
այս
աշխարհագրական
մեծ
տեղափոխութեանց
մի
գլխաւորաղբիւրը
փնտրենք,
որ
Եւրոպան
դղրդեցին
եւ
ցարդ
անոր
քաղաքականութիւնը
անորոշ
եւյուզեալ
վիճակի
մէջ
կը
պահեն,
Բագրատունեաց
տան
վերանալն
է:
Խուժամուժ
բարբարոսացեւ
աւազակ
հրոսներու
դէմ
իբրեւ
Տէրպենդ
մը,
չինական
պատվար
մը,
երկայն
ատեն
ճակատտուաւ
Հայաստան,
իրրեւ
կանոնավորեալ,
բարոյական
եւ
լուսաւոր
պետութիւն
մը
եւ
երբմանաւանդ
մատնութեամբ
կորաւ,
կորաւ
եւ
Եւրոպայի
խաղաղութիւնը,
Ասիայիլուսաւորութեան
միջոցը
եւ
Հայկեան
սերունդը:
Հապա
Ռուբինեանցիշխանութիւնը
բանի
տեղ
չե՞ս
դնէր,
կը
հարցնես:
Ո՛հ,
Ռուբինեանք
հոգեվար
պետութեանմը
վերջին
ճըգնաժամի,
վերջին
Ողբալի
արարուած,
Հայկազեան,
Արշակունեան
եւԲագրատունեան
վսեմ
հանդէսներու
անարժան
վախճան:
Յիրաւի
երկու
հարիւր
տարի
նշանաւորխաղ
մը
խաղացին
եւ
անոնք
հասիայ,
սակայն
այն
խաղը
ստորին
էր
եւ
Յունաց
պէսկրօնական
կռիւներով
հիւսուած:
ճանչցուցին
մեզի
զհայերը,
սակայն
վատ,
անորոշ
եւպղտոր
գոյներով`
խիստ
տարբեր
այն
շքեղ
գոյնեն,
որով
ներկայացաւ
մեծն
Տիգրան,
թէեւամբարտաւան,
պերճ
եւ
մեծախօս
գոռոզութեամբ,
Հռոմայեցուոց
եւ
հին
պատմագրաց
իրանունովը
կըրկին
եւ
կրկին
հայու
անունը
դրոշմել
տուաւ
եւ
պանծացուց:
Արտաշատ`փառաւոր
վեհապետի
մը
շիրիմը
եւ
Անի
հայրենասէր
թագավորի
մը
տապանագիրը
աւերակաց
եւփոշիի
մէջեն
փնտրելը
իմ
երեւակայութիւնս
աւելի
կը
յուզեն,
յիշողութեանս
մէջանցեալը,
եւ
հոգուոյս
մէջ
աւելի
մեծ
եւ
ընտիր
զգացումներ
կ'արթնցնեն,
քան
թէԲարիզի
Սեն-տընի
եկեղեցուոյն
ստորերկրեայ
գերեզմանատան
մէջ
ինքնաքսոր
եղածթագաւորի
մը
անձայն
մահարձանը,
պաղ
եւ
շքավոր
դամբանը:
Առաջնոց
մոխիրը
կը
հրաւիրենանդադար
հայերն,
որ
հայրենիքը
պաշտպանէն
եւ
իրենց
արեան
վերջին
կաթիլն
անորնուիրեն,
իսկ
տարադէմ
իշխանի
մը
տարաշեն
գերեզմանը,
վհատութեան,
ստրկութեան,
կրօնափոխութեան
եւ
կորստեան
օրինակ
կընծայէ:
ուստի
կրկին
կըպնդեմ,
որ
հայ
անունը
Գագիկին
թափուր
եւ
սրտաշարժ
տապանին
մէջ
փնտրելու
է,
որուոսկորներէն
դեռ
նմանը
չծնաւ
եւ
անոր
արեան
վրէժխնդիր
ոչ
ոք
ելաւ:
Ա՛հ,
տխուր
է
հայպատմութեան
այս
թերթը,
սգալի
է
անոր
մեն
մի
տողը,
զօր
քանի
կը
կարդամ
իմ`
օտարիսսիրտն
անգամ
կելնէ
եւ
արտասուքս
չեմ
կարող
բռնել:
Հապա
ի՞նչ
կը
զգայ
արդեօք
բնիկհայրենասէրի
մը
հոգին,
երբ
աչաց
առջեւ
կբերէ
Գագիկին
վերջին
դառնալի
եւ
կը
սկծելիժամերը,
երբ
կդիտէ
այն
ծիրանազարդ
թշուառ
հայկազնին`
Կեսարիոյ
բարձր
լեռները
ելած`աչօք
համայն
Հայաստանի
հորիզոնը
գրկելով
հալ
եւ
մաշ
հոգուով
ողբալն
ու
շղթայակապառիւծի
պէս
գռռալը«Ո՛վ
հէգ
եւ
վեհդ
իմ
Հայաստան,
մարեցաւ
քու
արեւդ,
ո՛վ
Հայք,
կորաւ
ձեր
ապառնին,
օ՛
Աստուած
իմ,
գետ,
ձոր,
դաշտ
եւ
լեռինք
հայ
արեամբ
ներկուածեւ
դիակներով
ծածկուած
կը
տեսնեմ,
ի՛նչ
աշխատանք
եւ
գովասանք:
Կշտացաւ
գետինըանոնց
արիւնը
քամելեն,
սակայն,
մարդակերպ
գազանները
դեռ
չկշտացան:
ԱրիւնարբուՏուղրիլ,
այսահարդ
Ալբասլան,
եկէք,
եկէք
իմ
արիւնս
ալ
խմեցէք,
աչքերս
փորեցէք
ուչտեսնեմ
այս
սեւ
օրերը:
Ա՛խ,
ու՛ր
էր
թէ
ազատ
լինէի,
եւ
դէպ
հանիս
թռէի,
եւ
զձեզամէնքդ
հասպարել
կանչէի:
Դաւաճան,
տիրանենգ,
վեստ
Կայէն
դու,
այս
անմեղաց
արիւնըշչնքիդ
դառնա,
ճշմարիտ
հայկազունք
իմ
վերջին
կտակս
եւ
շունչս
է
ձեզ
այս,
վրէ՛ժ,
վրէ՛ժ…”:
Ոչի՛նչ,
մահուլռութիւն,
ունայնութիւն,
այս
է,
սիրելի
Նելսոն,
նոյն
ահաւոր
եւ
զօրեղ
կոչումինՀայոց
կողմէ
տրուած
պատասխանը,
ինը
հարիւր
տարիէ
ի
վեր:
Այս
կոչումը
մինչեւ
այսօրՀայաստանի
ամէն
մի
դիւցազնին,
նահատակին,
գերեզմանաց
ամէն
մի
մասունքին,
ամէն
միքարին,
հողին
եւ
օդին
մէջ
անգամ
դրոշմված
է
եւ
կհնչէ:
Ուրեմն
այսպիսի
ազդուդամբանական
հեծկլտանաց
անհոգ
եւ
խուլ
կեցող
հայերն,
միթէ
կապրի՞ն,
միթէ
ազատոթիւնեւ
հայրենի
աշխարհ
կը
սիրե՞ն,
միթէ
Հայկայ
բուն
թոռներն
են
կրնա՞նք
մի
ըսել,
քեզկթողում,
որ
վճռես
Իսկ
դու,
Նելսոն,
կնայիմ
որ
առ
Հայաստան
կրած
պարզ
հետաքրքրութիւնդ
ջերմ
համակրութեան
փոխէր
ես:
Լիլիեդ
քանի
կը
հեռանաս
Հայաստանի
կը
կապուիս,
եւ
ինչպէս
առաջինը
անգիւտ
էակ
մըգտեր
էիր
միատեն,
նոյնպէս
վերջինը
դեռ
չտեսած
նախկին
շքովը
զարդարէր
էիրերեւակայութեամբ,
իսկ
հիմա
որ
ի
դեր
եւ
ելան
ակնկալութիւններդ
երկուսեն
ալ,
կգանգատիս,
վասնզի
սիրականի
աչքով
դատեր
Էիր
երկուսն
ալ:
Արդ`
միակմխիթարութիւն
մնաց
երկուստէք:
Որպէս
հավաստի
եմ,
որ
Լիլիիդ
հոգին,
իր
վիճակինբռնութեան
եւ
կապանաց
չնայելով`
ի
քեզկ'ապրի
եւ
յիշատակովդ
կշնչէ
լռութեամբ,
նոյնպես
եթէ
նկարագրածիդ
համեմատ
է
եւստոյգ
թէ
Հայաստանի
սիրտը
տակաւին
ողջ
է
կեցած`
եւ
ի
խորոց
կհառաչէ
կենդանութեանհամար,
թէեւ
մարմինը
կաշկանդած
ու
վատոյժ,
դարձեալ
յուսա֊
կտուր
թող
չմնանքապառնիեն:
Վասնզի
օրիորդի
մը
սէրը
յարատեւ
կը
դիմանայ,
երբ
սիրականին
անստոյգարժողութեան
վրայ
հիմնած`
սրտովը
կը
սնանի
եւ
հեռաւորութեան
կարօտիւ
կը
գրգռի,
նոյնպէս
մի
նժդեհ
ազգի
կանգնումը
յուսալի
է,
երբոր
թէեւ
ինքը
տարագիր,
գլուխնապուշ,
լեզուն
անխօս,
անդամներն
անշարժ
դարձած,
կ'ըզգար
իր
հայրենեացգեղեցկութիւնը
եւ
անուշութիւնը,
սիրտն
է
ըրած
անոր
տաճար
եւ
իր
հաւատքին
վկայարան,
ու
հոն
լռելեայն
իր
խունկը
եւ
պաշտօնը
կնուիրէ
իր
Հայաստանեայց
եկեղեցուոյն,
ազգասիքւութեան,
ազատութեան
եւ
լուսաւորութեան