Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լոնտօն...

Բարեկամ, նամակներդ կը մատնեն սրտիդ ու մաքիդ անհանգըստութիւնը: Դեղ ու դարման չընդունողհիւանդ մեծ մանկիկ մ`ես Միշտ սիրոյ վրայ կասկածներ, իսկ Հայոց վրայ հարեւանցիտեսութիւններ: Ա՛լ չեմ մեղադրէր քեղ, Նելսոն, վասնզի խորհուրդ մտիկ ընելու վիճակինմէջ չես գտնուիր: Սկսէր ես Հայերն աւելի մօտեն քննել եւ արձակ գծերով կը նկարագրեսանոնց մի քանի հանգայ մանքը:

Հայուն կրօննազգութենէ չգանազանիր կրսես, եւ կը խոստանաս բացատրել այդ սխալմունքը: Արդէնպատմութիւնը կմեկնէ զայն: Կրօնի վրայ իմ համոզումս գիտես: Հիմնարկութիւն մ’է այն ուրիշհիմնարկութեանց պէս, որ ժամանակի ու տեղուոյ շրջումներու կը հասակերպի: Յենակ մ`էայն մարդկային տկարամտութեան եւ գործից մը կառավարութեան ձեռքը: Պարզմտութեան ուերկիւղի ծնունդ, աւանդութեամբ մարմին ու կերպարան ստացաւ եւ կեղծաւորութեւունն ուշահամոլութիւնը զայն նուիրագործեցին: Կրօնի հին ու նոր պատմութիւնը մարդկայիներեւակայութեան ու կրից պատկերն է եւ իր սոսկալի աղէտից նկարագիրն ույետադիմութեան գրգիռ: Քրիստոնէութեան երեւումը ծանրացուց այս վիճակը, մի քանի լաւբարոյական սկզբունքներ բերաւ մի շատ աւելորդապաշտութեանց հետ: Անմահութիւն քարոզեցեւ մարդիկը մահացուց, արքայութիւն խոստացաւ եւ ասդիս անդին դժոխք դարձուց, հաւատարմութիւն ու հաւասարութիւն հռչակեց եւ ստրկութեան շղթաներ դարբնեց, լոյս ուխաղաղութիւն աւետեց մեզ եւ խաւար ու խռովութիւն սփռեց: Բաց պատմութիւնն ու կարդայայն աստուածաբանական վէճերն ու կռիւներն, որ բոլոր Եւրոպան արիւնլուայ ըրին եւանթիւ մարդկային գոհեր Քրիստոսի խորանին առջեւ մատուցին:

Բայց ի՞նչ յարկկայ հեռուն երթալ, աչքէ անցու՛ր մեր ազգային պատմութիւնը: Շարունակ մերթագաւորներն ու մեծամեծներն հռոմէական եկեղեցուոյ տիրապետական միտումներուն դէմ կըկռուին: Տակաւին Անկլիացիք անգամ, որոց մէջ ազատ կառաւարութեան սկզբունքն ամենէյառաջ մտաւ, որ կպարծին իրենց սահմանադրական իշխանութեամբ եւ որ ազատութեան ուազգաց անկախութեան պաշտպան կերեւին, դեռես կրօնական հին նախապաշարմանց ծովու մէջկը լողան եւ հազիւ թէ ազգութիւնը կրօնեն կը զատեն: Թովմաս Դայլեր, Լուտեր 27, Կալվին 28 անոնց տարրեր ուղղութիւն տուին, եւ մինչեւ այսօր մեր ազգինմէկ մասն կրօնն եկեղեցիեն չեն կարող բաժնել: Բաժանումն ասոնց մէջ կործանում կըհամարուի եւ զանազան աղանդներ, որ այն եկեղեցիեն ելած են, զիրար մահու չափ կըհալածեն:

Թէեւ ազատքննադատութեան ոգին` կրօնի խնդիրներու մասին, մտաց նոր մղում մ ազդեց, բայց հազիւփոխեց հին համոզումներ, հին նախապաշարումներ եւ շատ շատ դաւանութեանց նոր անուններընծայեց: Տէրութիւնն իր պաշտօնական եկեղեցին ունի, եւ այդ եկեղեցիեն դուրս եղողնքաղաքական իրաւունքէ կը զրկէր, իբրեւ ստրուկ, օտար կըմբռներ: Քրիստոս աւատապետդարձեր էր, որու պիտի հպատակէին կրօնապէս Իրլանտան, Սկովտիան եւ բոլոր աղանդականեկեղեցիներն Նոյնիսկ մեր երեւելի Պըրքն` որ Ամերիկայի ապստամբութեան ջատագով կեցաւեւ ազգերու անկախութեան ջերմ պաշտպան էր, ի՞նչ կ'ըսէր, երբ կրօնի ու կառավարութեանխնդիր ծագէր, երբ ազգութիւն ու եկեղեցի զանազանել պէտք լինէ՛ր Կուզեր որ կրօնականխնդիրներու մէջ փոքրամասնութիւնը մեծամասնութեան հպատակի եւ ազգ ու եկեղեցի մէկսեպուի կհարէ իր մէկ ճառին մէջ*-”Քրիստոնէական հասարակապետութեան մէջ եկեղեցի ուպետութիւն միեւնոյն բաներն են. նոյն ամբողջին լրացուցիչ մասերը լինելով Վասնզիեկեղեցին միշտ երկու մաս բաժնըւած Է, կղերական ու աշխարհական դասը, երկուքն ալանոր Լական մասերն են եւ աշխարհականն ալ միւսին պէս եկեղեցուոյ բարեկարգութեան ուվարչութեան մէջ նոյն բաժինն ունի. կրօնն, ըստ իմ կարծեաց, քրիստոնեայ դատաւորի մըպաշտօնէ կամ պարտաւորութենէ օտար բան մը չէ, այս ոչ միայն իր յոգն, այլ իրհոգատարութեան սկզբունքը պէտք է լինի, վասնզի մարդկային ընկերութեան մէկ մեծ կապնէ կրօնն եւ իր նպատակն եւ նոյնիսկ մարդու գերագոյն վախճանական բարիքը…կառավարութեան մը շահն ու պարտաւորութիւնն, հետեւապէս իր իրաւունքն է կարծեաց վրայհսկել որովհետեւ քիչ ատենեն կարծիքները կրից կը միանան, գործոց մրա մեծներգործութիւն ունին: Կուսակցութիւններ կը կազսըւին կարծեաց վրայ, ասոնք իրօքտէրութեան մէջ նիզակակից մարմիններ կը դառնան - նաեւ կուսակցութիւններն կարծիքներսկսփռին, որպէսզի միութեան կեդրոն մը լինին եւ ուղեցոյց”: Ուրեմն Պըրք կուզէ, որկառավարութիւնը քիչ շատ կարծեաց վրայ հսկէ, կերպ մ’աստուածապետական իշխանութիւնհաստատէ, որմէ կ'ըկարծուէր թէ նոր աշխարհը պրծած է: Լաւ՛, քաջ գիտես, որ կրօննիշխանութեան եւ իշխանութիւնը կրօնին աջակից գալով ատեն ատեն ի՛նչ աղէտից առիթտուած են: Բայց ինչու՞ հեռուն երթանք մի քանի տարի ետ դարձի՛ր. Իրլանտայի եւԱնկլիոյ մէջ ծագած կռիւները յիշէ՛. ի՞նչ էին ասոնց պատճառը, պարզապէս կրօնի ուազգութեան կռիւ էր: Նոյնիսկ մենք չէինք կարող ըմբռնել ազգութիւնն առանց կրօնի: Կաթոլիկ Իրլանտան բողոքական Անկլիոյ դէմ ահարկու պատերազմ մղեց: Իր պարագլուխն էրՕքոնել 29 յանդուգն յեղափոխականն, որ իր հայրենեաց ծանր վէրքերը բոլորաշխարհի առջեւ բանալով` ցոյց տուաւ` թէ Իրլանտաին` տասնիններորդ դարուն մէջ`Եգիպտոսի գերիներէն, Սպարտայի իլոդներէն, Միջին դարու ստրուկներէն շատ աւելիստորին, թշուառ, սովալլուկ կենդանի մ’է, անհող,

* Ed Burke Speech on the petiton of the Unitarians.

անտուն, թէ ամէն քաղաքային ու զինուորական պաշտօնէ ղրկուած է, թէ Անկլիացի ազնուականներ բոլոր հողերը գրաւած են, թէ իր սնունդը ճարելու միջոցչունի եւ իր սովորական կերակուրը, գետնախնձորն անգամ, կը պակսի, թէ Անկլիայ կըկեղեքէ, կհարստահարէ իր հայրենիքն, որու ազգային խորհրդարանը ջնջէր էր, եւ միայնիրեն կը վերապահէր ամէն իրաւունք, պաշտօն, մեծութիւն, վասնզի անկլիական եկեղեցինտէրութեան եկեղեցին է, մինչդեռ կաթոլիկութիւնը կը հալածուէր Օքոնելի ահարկու ձայնըբոլոր ազատականները շարժեց, բարլմենթն յուզեց եւ թշուառ Իրլանտայի ի նըպաստբողոքները շատցան Անկլիոյ կառավարութիւնն անկարեկիոյ կը մնար եւ յամառութեամբ կըդիմադրէր այս յարձակումներուն: Բայց Աքոնել, որ աննկուն ոգի, ազդու եւ մերթանպատկառ լեզու մ’ուներ դժուարութեանց առջեւ ընկրկող մարդ չէր իրեն նեցուկ ունէրխուժանէ որ մէկ մարդու պէս ոտք ելաւ ու արդարութիւն եւ հաց պահանջեց: Գիշեր ցերեկհրապարակին վրայ եկեղեցին կը պոռար ու կգոռար: Անկլիոյ գերիշխանութեան դէմ, եւվերջապէս Ռոպերդ Բիլ ու Վելլինկդըն ստիպուեցան ազատագրել Իրլանտացիքն եւ անոնցընտրողութեան իրաւունք շնորհել, այս պայմանաւ, որ թագաւորին հաւատարիմ մնալուերդում ընեն, Անկլիոյ բարլմենթին մէջ աթոր ստացող երեսփոխանները հաստատեալեկեղեցուոյ դէմ չդավադրեն, տէրութեան մէջ պապին աշխարհական ու քաղաքայինիրաւասութիւնը չճանչեն: Այսպէս ամէն կաթոլիկ` տէրութիւն պաշտօններու մէջ մտնելուիրաւունք ստացաւ: Արդէն Օքոնել բարլմենթի անգամ ընտրուէր էր եւ Իրլանտայի աղէտալիվիճակը հռչակէր Էր

Կը տեսնե՞ս, բարեկամ, որ մեզի պէս լուսաւորեալ ազգ մ’անգամ իրկրօնական նախապաշարումներն ունի. թող թէ Հայն որ` ի հարկէ` ամէն քաղաքականապահովութենէ, հայրենիքէ եւ ազատութենէ զուրկ` իր եկեղեցուոյն մէջ ապաւէն մըկփնտրէ եւ անկէ դուրս ազգութեան կործանում կտեսնէ: Գրեթէ ամէն ազգ իր կրոնինծնունդն է: Ցեղական յատկութիւններն ալ մեծ ներգործութիւն ունին անոր վրայ, կայ ազգ, որ մոլեռանդութեան հակամէտ է, ինչ պէս Սպանիացին, եւ հաւատաքննութեան խարոյկներուառջեւ կ'ըբերկրի, կայ ազգ, ինչպէս Իտալացին, որ կրօնն երաժշտութիւն կը կարծէ ուանոր առջեւ արձաններ, պատկերներ կը կանգնէ, տաղեր ու երգեհոններ կհնչեցընէ, կայազգ, ինչպէս Ֆրանսացին, որու համար պաշտամունքը թատր մ’է, ուր կ'երթան մարդիկ ուկանայք զիրար դիտելու, կայ ազգ, ինչպէս Ամերիկացին, որ ամէն մեքենայի պէս, կրօնական մեքենան ալ կատարելագործութեան ընդունակ կը համարի եւ անդադար նոր փորձեր, նոր աղանդներ կհնարէ, կայ ազդ, որու համար կրօնն առեւտրական գործ մ’է, հաշիւ մ’է, որով երկնային գանձը երկնային շնորհով գտնելու կնկրտի: Ահա դու ալ, Նելսոն, այսազգին մէկ անդամն ես: Անշու՛շտ կը սիրես Լիլին, ուստի կրօնասէր ու բանահիւս ես, բայց լաւ գիտես, ու քու աստուածդ տեսակ մ’ոսկի հորթ է, որ կը փայլի առանց տաքութեան, որ կը խօսի առանց ձայնի, որ շնորհ կբաշխէ առանց հրաշքի, որ կկառավարէ առանց ղեկի, որ ոչ արբանեակ ունի, ոչ միջնորդ, ոչ սուրբ, ոչ նկար, ոչ քաւարան, այլ ուղղակիսրտիդ կը խօսի ոճով մը զօր ըստ հաճոյս կրնաս մեկնել: Իսկ դու, ինչպէս երբեմնսիրուհուոյդ սենեակն, քու աստուծոյ տաճարին մէջ չես մանէր հուսալից հոգուով, սիրափայլ աչքով, վառվռուն երեւակայութեամբ, անղուսպ անձնուիրութեամբ, մարտիրոսականեռանդով, այլ կներկայիս պաղ, անշարժ դէմքով, սանտրուած մազերով, մաքուր հագուստով, քաղաքավար ձեւերով, երբ յանկարծ ներշնչեալ մարդ մը կոկիկ ու անզարդ տաճարին բեմնելնելով` քարոզ մը կը սկսի մաթեմատիկական ճշտութեամբ ու շնորհալի կերպերով, որթերեւս ներքին շնորհաց յայտարար նշաններն են: Եւ դու բոլոր ուշդ ամփոփուած միտ կըդնես, կ'ուզես վառիլ, համոզուիր, վերանալ եւ ահա միտքդ Կը թռի ուրիշ տեղ, Բէյն, Լիել, Տարուին, Օւեն աչքիդ կերեւին եւ քեզ գլխիկոր վար գետինը կը նետեն. մին քեզիՔրիստոսը կցուցընէ իբրեւ մարդ, միւսն` մարդն իբրեւ կապիկ, այս նիւթն իբրեւ հոգի, այն` հոգին իբրեւ սովորութիւն: Որու՞ հաւտալ, որու հետեւիլ: Կարելի՞ է վերացականըթողուլ ու դրականին մօտենալ, քանի որ անյայտ աշխարհի մէջ աւելի դիւրին Է ծածկելմեր թերութիւններն, քանի որ անծանօթը մեզի աւելի ցանկալի է: Ըստ իս, ամենէ ընտիրպաշտամունքը սէրն է, եւ դու որ կը սիրես անշուշտ աւելի լաւ կարող ես պարզաբանելայս պաշտաման պահանջումները:

Բայց խնդրեն կշեղիմ: Ի հարկէ հայերն ալ բանաւոր պատճառներ պիտիունենան կրօնն ազգութեան հետ լծորդելու, մանավանդ եթէ մին միւսով կը պաշտպանուի ուկը տոկայ: Այս կէտը քեզի կթողում մեկնել, քանի որ աւելի լաւ գիտես հայունյանգամանքը:

Անշուշտ, սիրելի Նելսոն, իզմէ ուրիշ լուրեր կը սպասես, հիմակքաղաքական ու փիլիսոփայական խնդիրներ ստակ մը չեն արժէր քեզի համար: Բոլորմտադրութիւնդ ու հոգիդ ուրիշ տեղ կթռին; Հետաքրքիր ես իմանալու, թէեւ անտարբերդէմք մը կը դասես, թէ արդեօք Լիլին տեսա՞յ, պարոն Քինկը գտա՞յ: Լետի Իստհեմ իմացերԷ տեսութիւնս Լիլիին հետ եւ անոր վրայ աւելի կհսկէ: Պատճառը յայտնի է: Գիտէ որ բարեկամդ եմ եւ կը վախնայ, որ ձերյարաբերութեանց միջնորդ չլինիմ: Աւելորդ է իր հսկողութիւնը Լիլի երբէք չէ սիրածՏենտին, թէեւ դու կասկածոտ կը դառնաս այս մասին եւ շատ վեր ի վերջոյ կանցնիս անոնցհետ ունեցած խօսակցութեանս վրայ. Զգոյշ եմ, չեմ ուզէր ստեպ երեւիլ լորտ Իստհեմիտունն, որպեսզի կասկածներ չգրգռեմ եւ առիթ չտամ ոտքս բոլորովին կտրէլու տունեն Լետի Իստհեմ իրօք փառամոլ, Նախանձոտ, պարծենկոտտարուօք կին մ’է ինք աւելի յարած է Տենտիին, աւելի շատ կը կոտրտուի անոր առջեւ, քան թէ իր աղջիկն, որ բոլորովին ներհակ ընթացք մը կբռնե: Տենտի, թէեւ յիմար, վարուիլ գիտէ, զոքանչին գովեստներ կշռայլէ, անոր փոքր ոտքը, սուր քիթը կդրուատէ, անոր առջեւ կտոր կտոր կը լինի: Մայրերն առհասարակ բռնաւոր են, երբոր մոռցուին, կճգնին իրենց սիրասուն զաւակներուն գոյներովը փայլիլ: Այս իրաւ է, որ հաջոդելուհամար պէտք է որ պատանի մը նախ իր սիրելիք աղջկան մօրը սիրահարի եւ ասով միւսինհասնի: Երբեմն մայրերն այնքան եսասէր են, որ փեսացուին տեսքն աւելի վայելելուհամար հարսնացուն ու հարսնիքր կհեռացընեն… Իսկ պարոն Քինկի մասին դեռ չեմ կարօդորոշ բան մ’ըսել: Գործն ոստիկանութեան ձեռքն է. յոյս կայ, որ խնամակալիդ հետքըգտնուի: Միայն կարեւոր է, որ անոր դէմքին նկարագիրն ընէիր Լ եթէ կենդանագիրն ունիսինձ ղրկէիր: