Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ. Պոլիս…

Տէ՛ր աստուած, միթէ անո՞րն է այս գիրը, որ շանթի պէս գլխիս իջաւ եւ զիս ապշեցուց, ի՞նչ զգամ եւի՞նչ խորհիմ: Ձեռքս կը դողդղայ, աչքերս կը մթանան եւ չորս կողմս սեւ սեւ ամպերկպտըտին Տարակուսանաց վիհէ մը աղատելու մտօք անոր հրեշտակային շունչը օգնութիւնկանչեցի, եւ ահա նոյն շունչը զիս աւելի խորունկ անդունդի մը մէջ թաւալգլոր նետեց:
Թո՛ղ, Լիլի, թողմնամ ես նոյն վիհին մէջ, թափէ իմ գլխիս քու բարկութեանդ հուրը, մոռցիր զիս, հոգչէ, բնաւ չեմ գանգատիր, սակայն լաւ միտ դիր, որ անիրաւ ես, որ առաջինբնաւորութեանդ եւ անուշութեանդ համեմատ չես վարուիր ինծի հետ. որ այսուհետեւ անմեղչես իմ աչքիս առջեւ եւ ղիս տարապարտ կդատապարտես: Կար ժամանակ մ’երբ մեր խօսքը երկու չէր լինէր, վէճ եւկասկած մեր սիրոյ ծիծաղ հորիզոնը չէին ամպոտէր, սէրն իր անուշ եւ համբոյր շնչովնամէն մռայլ կը ցրուէր, իսկ եթէ երբեք կծու բառ մը, դառն տրտունջ մը լեզուիս ծայրըգար, իսկոյն քոլ սիրուն ժպիտդ վստահութեան եւ ապահովութեան զեփիւռ բուրելով`անպատեհ տրտունջը հօդս կը վանէր, ու՞ր են հիմա այն օրերը, միթէ երազական եւ սուտաշխա՞րհ մ’էր այն… սէրը քանի հիննակը զտուի եւ կը պարզի, կրսեն. ուրեմն ինչու՞ համար մերինը կը պղտորի եւ կայլայլի: Վասնզի… բայց ի՞նչ յարկ կայ անցեալով սփոփիլ, երբ ահա ներկան է ահռելի, ի՞նչ պէտքէ նոր եւ անախորժ բանէր երեվան հանել ու սիրտդ աւելի վշտացնել, քանի որ հիմա նմանմօրդ եւ դու դիմակ մը հագէր ես… ինչու՞ խօսիմ իմ վերա, երբ դու ուրիշի հետ խօսելուեւ մխիթարուելու եռանդով` զիս ժամ առաջ մոռնալու կշտապիս
Մի, մի՛ շտապիր, Լիլի, չեմ եւ չպիտի լինիմ քեզ խոչընդոտն Աղատ ես դու, ասպարէզը բաց եւ ապառնիդպայծառ են քու առջեւդ: Մայրդ, իշխանազուն նշանածդ, շքեղ ու ճոխ օժիտ մը քեզ համարպաշտպան եւ օգնական կեցած են: Մի՛ արտորար, Լիլի, քանի որ հիմա երկրի կանայք`երջանիկ չլինելեն զատ, իրենց օրն օր կ'ընեն, նամանաւանդ անփոյթ եղիր ու մխիթարուէ, որ այն նշանավոր ստայօդ տոմսակը մայրդ գրելեն ետեւ անգամ` խիղճդ հանդարտ պահէր ես. եւ միշտ այնպէս պիտի լինի եթէ այսուհետեւ մեծագոյն յանցանք ալ գործելու լինիս, եթէերբեք կայ օրիորդի մը համար սիրադրուժ լինելեն աւելի ծանր մեղք մը: Ուրախ եղի՛ր, որ կերպով մը զիս յանցաւոր կը հանես այն տարօրինակ տոմսակիդ վրայ բացատրութիւնխնդրելուս, եւ վեյանձնութիւն ծախելով` կասկածներս երեսիս զարնելուդ: Այո՛, սրտմտութիւնդ վեհ եւ արդարացի, սէրդ անբիծ եւ վսեմ պիտի համարէի նորէն, նորէն քուբարկութեանդ պատճառը իմ սովորական կուրութեամբս ի բարին եւ ի սէր պիտի մեկնէի, եթէիմ կասկածներս դիւրավառ երեւակայութեան եւ նախանձու ծնունդ լինէին, սակայն այնպէսչէ: Արդէն իմացուցի, որ ահաւոր իսկութիւնը զիս խենդի պէս ըրած է, եւ այն տոմսակդզօր մէկ խօսքովդ ջրել չհաճեցար եւ որով իմ կասկածներս հաստատութիւն գտան, իբրհրեշտակային սիրոյս դամբանականը արդեն եղած Է;
Ուրեմն մնասբարեաւ, մեր ուխտը քակուած է. եւ ահա ետ կ'ըդարձնեմ քեզ այն մատանին, զօր ի նշանսիրոյ նուիրած էիր ինձ: Չնչին եւ անզօր նշան, ի՞նչ օգուտ ունիս դու երբ որ սիրտըկխաբէ: Առ, Լիլի, քու քնքուշ մատնիդ եւ դարձուր ինձ չէ թէ պատկերս, չէ թե… այլաւելի անգին աւանդ մը, այլ սիրտս… վա՜յ ինձ, սիրտս մատնիի մը հետ փոխանակէր եմեղեր:
Անհնարի՜նկուրութիւն, վերջապէս կնայիմ, որ ինչպէս նիւթապէս նոյնպէս զգացմամբ իրարմէ հեռիենք, եւ այն հեռաւորութիւնը այնքան հաճելի պիտի գայ ինձ, որքան որ փոքր առ փոքրսկսէր էիր բարձր, հարուստ եւ ազնուական վիճակիդ կարեւորութիւնը զգալ, վրաս բռնանալեւ անկախութեանս սպառնալ… է՜հ, հեռը հինէ այն սէրը եւ օրիորդը, որ իր ոսկիինծանրութեամբը կշիռ կուզէ ստանալ եւ. իմ ազատութիւնս դնել, եւ փառք որ անորոսկեկուռ շղթաներես կազատիմ:
Հ. Գ. Եւ ես շնորհմ’ունիմ խնդրելու: Ետ ղրկած մատնիս ուրիշի չշնորհես իբր նուէր: Այն քու նուէրդկրնայ զուրիշը փորձանքի տանիլ: