Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լոնտօն…

Բարեկամ, Սոկրատէսըսաւ, իմ գիտութիւնս տգիտութիւնս ճանչնալս է: Եթէ սոյն խոստովանութիւնը բառ առ բառմեկնենք, ամենեւին յարկ չմնար, որ մարդս իր գլուխը մշակէ եւ յիշողութիւնը ուդատողութիւնը զօրացնէ. Իսկ դու պէտք չես ունենար հանուն պատմական կեանքը զննելու, այլ իսկոյն գիր ու գրիչ, քաղաք ու մարդկութիւն կրողին տալով` պէտք է որ չորս ոտքովլեռը քաշվինք, եւ հոս մեր տգէտ ճակատը թագ ու պսակ կ'ապելեն ետեւ` Բաղաամին իշունառջեւ ծունր դնենք: Բայց արդեօք այն իմաստունդ կատա՞կ ըրաւ ու մեր քիթեն բռնեց, ան, որ ի սէր ճշմարտութեան թունալի բաժակը մինչեւ մրուրը սիրով խմեց ու իր կեանքըԱնեղին պատարագ մատուց Անտարակոյս իր խօսքովը անհունը եւ անքննելին քննողիմաստակաց ակնարկել ուզեց, որ ամբարտաւանութեան եւ ազատամտութեան կատարը ելնելենետեւ` մոլորութեան անդունդը գլորէր եւ անշահ գրութիւններ ու երազական տեսութիւններկցկցելով` մթինը կրկնակի մթացուցեր եւ կամ գերագոյն էակը իրենց սնափառութեանխաղալիք են ըրեր Բնական եւ գերբնական
անտեսանելի իրերուներքին գաղտնիքը մեր խելքին, կրից եւ զգացմանց նեղ չափով չափելը ի՛նչ անհնարինանմտութիւն է, միայն վէսամիտ գիտուններ չգիտեն. Թէպէտեւ ի վերուստ չէ տրուած մեղլուծել սոյնպիսի հանելուկներ, որ մեր տղմոտ գլուխը կը տագնապեն եւ անստուգութեանարհաւիրքը կ'ազդեն, սակայն այս իրաւ է: որ Սոկրատէս բնաւ չառարկեց, թէ անոնցհետեւանքը եւ ներգործութիւնը զննելը, նամանաւանդ մեր պահպանութեան, յառաջադիմութեան եւ երջանկութեան նպաստող իրաց արմատը փնտրելը ամբարշտութիւն է, ինչպէս որ ցարդ մի շատ մարդակուլ մարդիկ, որը՛ խաչով, որը՛ սրով, որը՛ ոսկիով, այսպէս հաւտացնելու կճըգնին անուս եւ անճարակ ժողովրդոց:
Մարդս կրնայ ապրիլու անմահանալ առանց գիտնալու թէ իրեն շունչ տուող անճառ էութիւնը ի՜նչ հասակի եւբնութեան տէր է. բայց մարդս տնկի պէս կը բուսի ու կը թոռմի` եթէ չուսանի, թէ նոյնէութիւնը ի՞նչ պաշտօնի, գործի եւ նպատակի համար նետեր է զինքը երկրիս երեսը: Շատհոգ չեմ տանիր այս պաու՞ս եթէ չգիտեմ, թէ ինչ գաղտնի զօրութեամբ գրիչս կը շարժեմ, մտօք դե՛՛) ի Պոսֆոր կը դիմեմ, սրտով չորս կողմդ կը թեւարկեմ* սակայս շատ վիշտպիտի զգամ, եթէ իմանամ, որ գրիչս անիմաստ, միտքս ան֊ մշակ եւ մոլար, սէրս անարժանեւ անտեղի են: Ուրեմն ճշմարիտը հասկնալու համար ըստ կարի շուտով քննութեան պէտք է, ոյ : ւ՜ նստիմ, ապա թէ ոչ, եթէ երբեք սխալած եմ, իմ մարդկային ազնիւ կօչումս կորածեւ հիս աղա տ բանական եւ. հա ռաջայ դէ մ էակ/է վիժած Է
Արդ եթէ անհատի մապառնին իր անցեալ եւ ներկա բարոյական վիճակին անգիտութենէ կրնայ կորնչիլ, ոյ րչափաւելի ահռելի եւ քրէական մեղք կգործէ ազդ մը (թող Արամազգեն կամ Հայկեն իջնէ եթէիր նուիրական կոչումը անտես աոնէ, միշտ օտարին աղի հացը ուտէ, լեղի ջուրը ըմպէ, եւիր գլուխը անհոգ գլրեղմա֊ նաց վրայ դնելով պառկի եւ միանգամ ինքզինքին դալովչհարցնէ. Ես ո՞վ եմ, ու՞ր կգտնվիմ եւ ոյ ւր կ'երթամ: Այս հարցմանց ճիշտ պատասխանըմինակ պատմութիւնը կարող Է տալ: Այո , պատմութիւնը կարող Է իմացընել, թէ Է՜ր հայաղղը ծնէր 13, ինչպէս մի շատ դարեր ինքնագլուխ քայլեր Է հասիայ, ի նչ պատճառաւ թէգլուխ եւ թէ՛ հոգի կորուսէր եւ այս ստորին աստիճանի մէջ ընկեր է եւ ո՞ր միջոցաւնորէն կրնայ կանգնիլ եւ իր առաջին քաղաքական վիճակին շաւիղը գտնել Վասնզիժողովուրդ մօ՛ր իր անց եա լեն է ապառնիեն զատուած Է, երկոտանի անբանից դասակ մր կըդառնայ. Ինչպէս որ քաշ բժիշկ մը չկրնար դեղ հրամայել մինչէ որ յի
վանդին բերնենցաւը իմանալով` չորոշէ, որ նոյն հիւանդութեան պատճառը արտաքուստ է թէ ոչ ներքին, նոյնպէս եւ դու, բարեկամ, չես համարձակիր հայուն կիսամեռ մարմինը շօշափել ու ճարճարակ մտածել, մինչեւ որ անոր ազգային կազմուածքը չիմանաս: Այդ խորհուրդդ շատօրինաւոր գտայ եւ երանի թէ յաջողիս. Սակայն զարմանալի է, որ ցարդ հայ մը չէ ելերօտարիդ ձեռնարկածը կատարելու: Կ'երեւի թէ հայը պատմութիւն կարդալ չսիրէր: Թութակիպէս մեծ մեծ անուններ գոց ընել ու աքաղաղի պէս անոնց զատ զատ ստուգաբանութիւնըերգել` պատմութիւն սորուիլ է չեմ ըսէր: Խորենացիդ կըսէ թէ”Որպէս այժմ եւ առ հինսնՀայաստանէայց լէալ անսիրելութիւն իմաստութէան…”, այս բանս թերեւս այն ժամանակներելի էր: Բայց եթէ նոյն ծերունին հիմա գար` ողբը մէկդի թողլով` յուսահատականծիծաղով պիտի գոչէր. - Կեցցէն հայկազունք, դարուց ի դարս զհարց իւրէանց ունին իպահեստի զժառանգական անիմաստութիւն` իբր պաշտելի մասունս, մինչ զբարեմասնութիւնսնոցայ յօդս ցնդէալ”: Եւ այս այնպիսի ատեն մը, որ ուրիշ անկենդան ազգեր իրենցպատմութենէ եւ արդի լույ-սերէ յոյս, հոգի ու զէնք առնլով` ոտք կ'ելնեն եւ իրենցազգութեան դրօշակը ազգաց առջեւ կը պարզեն:
Բայց շուտ մըչդատապարտենք հայերը: Պատմութեան ուսմունքը զանց առնելու համար մի քանի պատճառներկրնան ունենալ: նախ կարելի է որ, ըստ սովորութեան բռնաւորներու` նոյն ուսմունքըարգիլեալ է այս ստրուկներու: բ. Կարելի է, որ աշխարհային իրաց եւ վայելչութեանցանզգայ են հայք ու միայն երկնային փառաց հոգի կուտան: գ. Կարելի է, ոչ ժամանակ եւոչ ախորժակ ունին իրենsց ետին եւ հեռուն նայելու, այլ թշուառութեան եւչքաւորութեան ճանկին տակ տառապեալ չոր հացի կտոր մը կը զոհեն ամէն բան, որ սովամահչկորնչին: դ. Կամ ընդհակառակն` այնքան զբաղած կրնան լինել ոսկի ոսկիի վրայդիզելով` որ զայն միայն իբր աստուած պաշտել ու հայրենասիրութիւն եւ ազատութիւնիբրեւ տղայական երազ անգոսնել: է. Ազգաց մէջ տեսակ մը փիլիսոփայ ազգի տեղ կրնանանցնիլ, որ ամէն ազգութիւն, ամէն կրօն, ամէն երկիր անխտիր եւ հաւասար դատելով`պէտք չեն զգար իրենց հատուկ դաւանութեան եւ համոզման նշանները յայտնել հրապարակաւ, այլ ամէնուն եւ մինչեւ սատանային հետ եղբայր կլինին, որ կենաց կ'ամուրջեն անվտանգանդին անցնին, զ. Չմոռնամ մանավանդ ըսելու, որ հայերը կարելի է կարծեն թէ` ինչպէսաղքատը հարուստին, սպասաւորը տիրոջը կը ծառայեն, նոյնպէս բնական է, որ ստրուկըազատին ոտքը սողա եւ իր շղթան լզէ յաւիտեան:
անշուշտ օրին մէկըպիտի նկարագրես ինձ, որ սոյն պատ֊ ճառներէն որը՞ աւելի կազդէ եւ անոնց պատմականանգիտութիւնը կճարակէ, սակայն այժմեն սա կարծիքս կը յայտնեմ, որ հայք ինչ անբնիկիմաստութեան, ճոխութեան եւ հանճարի տէր գտնուին, դարձեալ միշտ գերի եւ միշտ թշուառպիտի ապրին եւ իրենց ամէն գանձը մի ժամու մէջ կրնայ մոխիր դառնալ, եթէ ազգայինմիութեան յուսով իրենց հոգին չուառեն: