Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Նիկողոս աղան Բերա չէր երթար. բայց շաբաթը գիշեր մը բացակայ կը մնար տունէն։ Այսպէս էր տարիներէ ի վեր։ Նիկողոս աղային բոլոր պատմութիւնն էր ասիկա։

Դեռ քսան տարու տղայ մըն էր, երբոր Չարշը ելաւ ստակ վաստկելու։ Այն ամառը նոր դրացի մը եկաւ իրենց մօտը։ Այրի կնօջմէ մը ու երկու աղջիկ զաւակներէ կը բաղկանար այս ընտանիքը. ունեւոր էին, խոհարար մը եւ սպասուհի մը կը պահէին ասոնք. մայրը երեսունըհինգի մօտ, մեծակառոյց աղուորութիւն մը ունէր եւ զուարճութիւնը կը սիրէր. իրենց գալէն երկու ամիս ետքը արդէն բոլոր դրացիներուն հետ մտերմացած էր ու ամեն իրիկուն հիւրեր անպակաս էին անոնց տունէն։ Տարին մէկ երկու անգամ երեկոյթներ ալ կուտային։ Նիկողոս աղայի ծնողքին համար ճշմարիտ գայթակղութիւն մը եղաւ այս դրացնութիւնը. նախ մանրամասն հարցուցին փընտռեցին անոնց որի՞ կին, որի՞ զաւակ ըլլալնին, ո՞ւրկէ գալերնին, նիւթական կարողութիւննին։ Անոնց զուարթ ու խօլ կեանքը ճիշդ իրենց քիթին տակը, իրենց անմռունչ ու մռայլամած կենցաղին դէմ անճահ հեգնութիւն մը թուեցաւ. յետոյ կինը որ եկող գացող հիւրին ձեռքը կը թօթուէր ու ժպիտը պակաս չէր ըներ շրթունքին վրայէն, աղջիկները որ իրենց մօրը վարքը ունէին, այս ամենը վտանգաւոր մերձաւորութիւն մը կը կազմէին եւ զգոյշ կենալու պարտքը կը դնէին Գէորգ աղայենց վրայ։ Մէկ երկու հեղ հազիւ այցելութեան գացին. Բէմպէն ու Նեկտարը այս խնդումերես ընտանիքէն բան չհասկցան. Նիկողոսին համար՝ այդ տունը երջանկութեան կոչումի պէս անդիմադրելի բան մը ունէր. անոնց անդրանիկ աղջիկը, Սօֆիկը, իր բարձր ու նուրբ հասակովը, իր կապոյտ եւ անոյշ աչքերովը, ոսկի մազերուն ծփացող, վէտվէտող մետաքսովը զինքը բոլորովին գրաւեց. ինքն ալ աղուոր երիտասարդ մըն էր, հազիւ վերի շրթունքը պերեւեշտով մը մրոտած. երկուքն ալ իսկոյն իրար սիրեցին, բայց Գէորգ աղային խոժոռ դէմքը շուտով այս լուսաւոր պատկերը նսեմացուց։ Անիկա նախ սա իմացեր էր որ նորեկ այրի կինը շատ զուրցուած կնիկ մըն է, միջոց մըն ալ իր էրկնէն զատուեր էր անոր կենդանութեանը միջոցին. յետոյ ունեցած ստակն ալ չնչին բան մըն էր ու անոր հարուստի վայելող մսխումը՝ աղջիկները ամուսնացնելու ունայն ճիգ մը միայն։ Այս վերջին տեղեկութիւնը մանաւանդ Գէորգ աղային մնացած ակնածութիւնները փճացուց. էսնաֆները միշտ վարժուած են խոնարհելու իրենցմէ հարուստներուն առջեւ ու ամբարտաւան ըլլալ՝ իրենցմէ նուազ ունեւորներուն դէմ. Գէորգ աղան հիմա, գուշակելով կարծես Նիկողոսին սէրը, դէմը ելլողին կ՚ըսէր.

Ես զաւկըներուս՝ զուրցուած կնկան աղջիկ չեմ առներ։

Նիկողոս այս կտրուկ ու զարհուրելի վճռին առջեւ ընկճուած մնաց. բայց շատ ուշ էր արդէն. երիտասարդը մեռնիլը աւելի դիւրին գտաւ քան թէ հօրը կամքին դիմադրելը. հիւանդացաւ. քիչ մը վերջը իրենց դրացիներն ալ հեռու փողոց մը՝ Գուշ Տիլիի կողմերը գացին։ Ատեն անցաւ վրայէն, բայց երիտասարդը աղէկնալուն պէս վազեց Սօֆիկին քով նորէն։ Հիմա գաղտնի, գիշեր ատեն, պարտէզին դրան քով իրար կը գտնէին։ Յետոյ՝ տեսնելով որ Սօֆիկի մայրը նեղութեան մէջ էր՝ Նիկողոս յօժարութեամբ ձեռնտու եղաւ, անոր ապրուստին օգնեց։ Ալ դրան առջեւ չէր սլքտար, տուներնին կ՚երթար հօրմէն գաղտնի միշտ. անոնց բոլոր հոգերը կը ստանձնէր ու անձնուիրութեամբը ինքզինքը ա՛լ աւելի կը սիրցնէր։ Երկու տարի տեւեց ասիկա, օր մըն ալ Սօֆիկին մայրը անկողին ինկաւ մէյ մըն ալ չելլելու համար. սաստիկ թոքատապ մը ութ օրուան մէջ գերեզման տարաւ զինքը։ Նիկողոս ամեն օր միջոց գտաւ հիւանդին տունը երթալու, խնամելու զինքը, բանի մը կարօտը չզգացնելով անոր։

Հոգեվարքին մէջն էր՝ երբոր հիւանդը իր զաւակներուն մտածեց.

Ես կեցեր եմ, ըսաւ Նիկողոս։

Այս սփոփանքով մեռաւ հիւանդը։