Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Էմման ամուսնացած էր, շատ երիտասարդ ամուսնացած, քանի որ իր զաւկըներուն էն մեծը հազիւ տասերեք տարեկան կար հիմա, թխադէմ տղայ մը, ճիշդ մօրը աչքերով։

Իր ամուսնութեան պատմութիւնը հետաքրքրական ու մասնաւոր բան մը չունէր։ Աղուորութեանը համար միայն առեր էր զինքը էրիկը, նիհար ու հիւանդկախ մարդ մը, ժանգոտած պղինձի դէմքով, որ չյափրացող ցանկութեան մը վայելքը փնտռած էր միայն այս ամուսնութեան մէջ։ Էմմա, իբր ճշմարիտ հայ հռոմէական աղջիկ մը, Եւրոպացիի հետ ամուսնանալովը իր եւ իր ընտանիքին բաղձանքներուն կատարը հասած էր։

Ճշմարիտ սիրով մը կապուած էր էրկանը հետ, տարիներով ու անձնուիրութեամբ խնամելով զայն Գթութեան քրոջ մը պէս, առանց տրտնջալու եւ ուղիղ բանի քիչ մը անհամաձայն թուող այս հաւատարմութեան յարուցած ընդհանուր զարմանքին վրայ զուարճանալով։

Շատոնց ըսեր էին բժիշկները որ էրիկը երկար չապրիր, մինչդեռ մարդը հաճոյք կ՚զգար ի դերեւ հանելով այս գուշակութիւնները ու իր հէք ոսկորներուն կմախաձեւ շէնքը, իր կանչըցած երեսը պտըտցնելով կնոջը պարարտ հրապոյրներուն քովը։

Ո՛չ վէճ եւ ոչ կռիւ իրենց մէջը, ինչ որ քիչ զարմանք պատճառած չէր իրենց բարեկամներուն որոնք, ամեն բարեկամներու պէս, գայթակղութիւններու ակնկալութեամբը կ՚ապրին։ Անակնկալ համերաշխութիւնը այս ամոլին՝ զրկանքի պէս բան մը կ՚ըլլար անոնց որ ամուսնութեան յաջորդ օրուան համար գժտում, երկպառակութիւն նախատեսեր էին։

Եւ անոնք որ ջանացեր էին իր հոմանիները ըլլալ, հիմա մէկիկ մէկիկ քաշուեր էին, չծածկելով իրենց զայրոյթը։

Մէկը միայն յամառեր ու գամուեր էր անոր հրապոյրներուն։

Օրթագիւղի իմ դպրոցական ընկերներէս էր, ան ալ հեռուանց ծանօթ մը Էմմային, հիմա երեսունի մօտ, բայց դիւրահաւատ ու միամիտ սրտով տղայ մը, որուն հոգւոյն ազնիւ մետաղը իր նոր թափծուի փայլին մէջն էր տակաւին եւ զոր ձախորդութեանց շունչը չէր եկած նսեմացնել։

Մաքուր հագուած, առանց սեթեւեթի սակայն, միշտ կարդալու գիրք մը բռնած ձեռքը, ընթերցումը ըլլալով իր մեծաքոյն զբաղմունքը, ճերմակ թաշկինակովը՝ իր կարճատեսի ակնոցը մաքրելու զբաղած շարունակ։

Ամեն աղմուկէ, չափազանցութենէ հեռացող իր կեանքը՝ իրաւամբ մեզ ամենուս օրինակ ցուցուցած էին միշտ։ Երկրաչափական ձեւերու ճշդութեամբը կազմուած էր իր գոյութիւնը։ Հօրը մօրը մէկ հատիկը, աչքերնուն լոյսն ու պարծանքն էր. զինքը ամուսնացնելու կարօտէն զատ իր ծնողքը մտմտուք չունէին։ Նշանատուութեան պզտիկ խօսքեր զուրցուելու վրայ էին իրենց դրացիներէն մէկուն աղջկան համար որուն տունը շատ կ՚երթար ինքը։

Պանքային մէջ, ուր լեցուն ամսականով պաշտօն մը ունէր, իր մեծերը կը սիրէին անոր հաւատարիմ ու աշխատասէր բնաւորութիւնը. մեծ ապագայ մը վերապահուած էր իրեն, գրեթէ խոստացուած։

Դպրոցէն դուրս՝ միշտ բարեկամ, մանաւանդ թէ մտերիմ մնացեր էինք, ինչ որ շատ չի պատահիր. կ՚ըլլար սակայն որ ամիսներով, երբեմն տարի մը իրար չտեսնէինք, բայց առջի հեղ իրար գտնելնուս, փոխադարձ քաղուածքը կ՚ընէինք իրարմէ հեռու անցուցած օրերնուս, մեր ուրախութիւններուն եւ մանաւանդ մեր յուսախաբութիւններուն, առանց անտեղի հպարտութեամբ մը իրարմէ բան պահելու. եւ այս խոստովանութիւններով մեր ընդհատուած մտերմութիւնը ա՛լ աւելի կ՚ամրանար։ Չէր հաւներ ան իմ ապրելու եղանակիս ու խրատելու կ՚ելլէր զիս.

Երջանկութիւնը՝ երջանկութիւն չփնտռելուն մէջն է, կ՚ըսէր ինծի, երբեմն։

Եւ իր անդորր կեանքը նետելով երեսիս, իր ըսածը կը հաստատէր։