Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մարտիրոս աղան այսպէս էր ամեն առտու, անպակաս եկեղեցիէն, իր ներկայութեամբը ապահովելով եկեղեցիին բոլոր ծէսն ու արարողութեանց կանոնաւորութիւնը, եւ ոչ մէկուն փախուստի ճամբայ չձգելով շարականներէն բառ մը պակաս կարդալու համար:

Քահանան այս աշխարհականին բարեպաշտութենէն կը դողար. քարոզիչն ու թաղական խորհուրդը կ՚ակնածէին իրմէ եւ գիւղացին կը մեծարէր այս հաւատացեալ աղան որ իր բոլոր հարստութեան հակառակ աղքատի մը պէս խոնարհ ու աստուածավախ կը թուէր:

Պոլիս, իր խանութին մէջ, Մարտիրոս աղա մեծազօր մարդ մըն էր: Հայր մայր չունէր, այլ հօրեղբայրներու ու հօրեղբօր որդիներու անհատնում շարք մը որոնք փոխն ի փոխ կու գային իր քով, սորվելու դրամ շահելու արհեստը, յաճախորդներու հետ վարուելու կերպերը, բայց գիշերները տունը սարաֆին հետ Եկեսցէի կենալը աչք առնելով: Այսպէս անոր մէյմէկ մանրանկարները կը դառնային, Աստուածասիրութիւնը Դրամասիրութեան հետ հաշտեցնելու գաղտնիքը գտնելով:

Բայց անոնցմէ ոչ մէկը աղային չափ հարստանալու հնարը կը տեսնէր:

Իրենց ժառանգական վաշխառուի բոլոր ճարտարութեամբը, ստակ փոխ տալու ձեւով աշխարհ կողոպտելու բոլոր խորամանկութեամբը, ոչ, այդ հարստութեան չէին կրցած տիրանալ, եւ ինքնիրեննին, երբ իրենց մեծաւորին քով կեղծաւորութիւն ընելէ ու սպասաւորի դիրք մը ունենալէ տաղտկացած բերաննին բանային, կը հասկցուէր որ իրենց խելացի ազգականը ի՛նչպիսի դէպքերէ կրցած էր օգուտ քաղել: