Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ու երբոր տեսայ զինքը այսպէս մինակը,

Աղջիկս, ըսի անոր, չեմ կրնար պահանջել որ զիս հաճելի գտնես անպատճառ. ճաշակները կը տարբերին. բայց հետաքրքիր եմ քու ըմբռնումդ հասկնալու. դո՛ւն, այդչափ շնորհալի մէկը, ի՞նչպէս երէկ գիշերուան անշնորհք էակին սիրտ կուտաս:

Մտիկ ըրաւ ինծի. իր դէմքին վրայ գծագրուած անձկութիւնը անհետացաւ տակաւ, և անփոյթ, գրեթէ անպատկառ ձեւով մը պատասխանեց.

Դուն, ըսաւ ինծի, իրաւ անկուշտ էակն ես եղեր. հարուստի, չտեսի, չյափրացողի տիպարն ես. ի՞նչ պէտք ունիս հարցնելու իմ պատճառներս. անոնք չնչին ու անհասկնալի պիտի երեւան քեզի. ինծի համար նուիրական են:

Ո՞վ ես դուն որ ինծի պէս խեղճ ու աղքատ աղջիկ մը կը հետապնդես. կը պակսի՞ն քեզ սիրողներ. չե՞մ տեսներ ամեն օր սենեակիդ մէջ լուսանկարները բազմաթիւ սիրուհիներուդ որոնք հոն իրար կը գտնեն առանց իրար ճանչցած ըլլալու. տիկիններ ու վարձկաններ, ամեն տեսակէն ալ ունիս. ոչինչ կը պակսի քեզի:

Բաղդը քեզի ամեն վայելքը լիուլի շռայլեր է անիրաւ առատաձեռնութեամբը, եւ ատիկա՝ ուրիշներու զրկանքովը շինուած է:

Այն հէք պատանին որ իր աշկերտի աղտոտ ու բիրտ գրգլեակին վրայ կը պտըտցնէ խանութին բոլոր թանձրացած հոտերը, իբր թէ իր դժբաղդ ճակատագիրը տանէր հետը ամեն տեղ, օրն ի բուն ամենէն նկուն աշխատութեան մը դատապարտեալն է. իր տաժանքին փոխարէն ստացած չնչին ու ողորմելի ամսական վարձքը, հայրենի՛քը, հո՛ն, հեռո՛ւն, այս բանը դուն չես գիտեր, սպասող հօր մը, մօր մը վերջին տարիներու զրկանքը թեթեւցնելու պիտի երթայ. այդ ամսականը քու մէկ վայրկեանի հաճոյքիդ գինն է: Հո՛ս, իր երկրէն անջատուած, նետուած այդ տղան՝ ի՞նչ ունի զինքը շրջապատող այս մեծ մայրաքաղաքին ի հանդէս բերած վայելքներէն: Անիկա զի՛ս գտաւ միայն վիճակակից մը իրեն, զիս որ իր ազատ տարիներուն տառապանքին գիտակիցն եմ. իր բարեկամուհին եղայ, չեմ պահեր քենէ. այդ գեղջուկ տղան ձեր մայրաքաղաքէն բան մը չգողցաւ, բան մը չպակսեցուց ձեր վայելքի իրաւունքներէն. տիկինները ձերն են ու ձերը թող ըլլան. բայց գեղջուկ աղջիկը իրն է ու իրը պէտք է որ մնայ: