Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

ԴԷՊԻ ԵԸԼՏԸԶի ընթերցողները պէտք է յիշեն թէ Իզմիրլեան Սրբազան հրաւիրած էր Հնչակեան կուսակցութեան Մասնաճիւղի վարիչներէն Արփիար Արփիարեանը, մտերմական տեսակցութեան մը մէջ համոզելու համար զինքը, որ դադրեցնել տար յեղափոխական ո՛ եւ է ցոյց, ինչպէս յանձնարարած էին, ո՛չ միայն բրիտանական մեծ դեսպանը Սըր Ֆիլիբ Քըրրի, ո՛չ միայն միւս մեծ տէրութեանց դեսպանական քարտուղարները, այլ նոյնիսկ Ոստիկանութեան նախարար Նազըմ բաշան։

Գաղտնի տեսակցութիւնը տեւած էր գրեթէ ամբողջ գիշերը, եւ հազիւ առտուան դէմ կրցած էր Արփիարեան հրաժեշտ տալ Իզմիրլեան Սրբազանին։

Արփիար Արփիարեան, ի բնէ խաղաղասէր մարդ, իր համամտութիւնը յայտնած էր Իզմիրլեան Սրբազանի հանդարտութեան յորդորներուն, սակայն, կը զգուշանար իր տաքգլուխ ընկերներէն, որոնք, ժամանակէ մը ի վեր սկսած էին կասկածով դիտել իր մէն մի քայլը, եւ չէր համարձակած պատրիարքին հաստատ խոստում մը տալ։

Ամբողջ ցերեկը մինչեւ իրիկուն ոտքի վրայ, կարգով հանդիպած էր իր Հնչակեան ընկերակիցներուն, խնդրելու համար որ նոյն գիշերը գաղտնի նիստ մը գումարէին, վերջնական կարգադրութեան մը մասին խիստ կարեւոր ու կենսական խորհրդակցութիւններ ընելու համար։

Մինարէներուն գագաթէն միւէզզիններու մելամաղձոտ երաժշտութիւնը կը լսուէր, իրիկուան աղօթքի հրաւիրելով իսլամի հաւատացեալ ժողովուրդը, երբ Բերայի ծանօթ փողոցի անկիւնը, փայտաշէն տնակի մը մէջ հաւաքուած, գաղտնի խորհրդակցութեան կը մտնէին Պոլսոյ Հնչակեան մասնաճիւղի վարիչները։

Ներկայ էին Արփիար Արփիարեան, Միհրան Տամատեան, Օհանջանեան, եւ ուրիշ յեղափոխական յայտնի դէմքեր։

Սենեակը պարզ ու փոքր, մէջտեղը հին ուղղանկիւնի սեղան մը դրուած առանց ծածկոցի շուրջը շարուած կը նստէին բոլոր ժողովականները, որոնց դէմքը կը լուսաւորուէր պատին անկիւնը դրուած լամբի մը մարմրուն լոյսովը։

Սեղանին վրայ կը տեսնուէին ցանուցիր թերթերու դէզեր, ամէնքն ալ եւրոպական վերջին թղթաբերով հասած։ Տամատեան այդ դէզերուն մէջէն քանի մը թերթեր կը զատէր ու կը պատրաստուէր իր ընկերներուն կարդալու շահեկան յօդուած մը, հայկական վերջին գործերուն վրայ։ Գտած էր փնտռուած յօդուածը, Տէյլի Նիուս մէկ թղթակցութիւնը։ Ժողովականները կը կախուէին ամէնքն ալ Տամատեանի շրթունքէն. իսկ այս վերջինը, հաւատացեալի մը ջերմեռանդութեամբը փարած յօդուածին, բարձր ձայնով կը կարդար։ Կ. Պոլսէն թղթակցութիւն մըն էր, որուն մէջ, շատ մը կարեւոր տեղեկութիւններէ զատ, կը յիշուէր թէ՝ Հայաստանի այլ եւ այլ գաւառներէն մայրաքաղաք եկած հայ յեղափոխականներ, Պոլսոյ իրենց գաղափարի ընկերակիցներուն հետ միացած, մտադիր են մօտերս կազմակերպել ահեղ ցոյց մը Եըլտըզի դէմ, ստիպելու համար Սուլթանը ժամ առաջ ստորագրելու մայիսեան ծրագիրը, եւ թէ Հնչակեան Կուսակցութիւնը սկսած է այդ մտօք մեծ պատրաստութիւններ ընել, եւն։

Տամատեան կանգ առաւ հոս, թերթը վար դրաւ եւ ընկերներուն դառնալով.

Ընկերնե՛ր, ըսաւ, գիտէ՞ք ինչ ըսել կ’ուզէ Անգլիոյ ազատական այս մեծ թերթը,

Ի՜նչ ըսել կ’ուզէ, հարցուց Օհանջանեան, մինչդեռ միւսները լուռ, կը սպասէին որ Տամատեան աւարտէր իր խօսքը.

Ըսել կ’ուզէ թէ, պատասխանեց Տամատեան, աջ ձեռքը թերթին վրայ, եւ ձախ ձեռքի ցուցամատը սեւեռած՝ կէտի մը վրայ, ըսել կ’ուզէ թէ՝ Հնչակեան կուսակցութիւնը պէ՛տք է ընէ այդ ցոյցը, ստիպելու համար Եըլտըզի Բռնակալը՝ ժամ առաջ ստորագրելու եւ իրատէով հրատարակելու հայկական բարենորոգումներու մայիսեան ծրագիրը, կը հասկնա՞ք, ընկերնե՛ր, վայրկեանը հոգեբանակա՜ն է, հոգեբանակա՜ն, եւ մեր հայրենիքին ճակատագիրը կախուած է մեր այս գիշերուան որոշումէն…։

Ի՞նչ կ’ըսէք, ընկերնե՛ր, ընդմիջեց Արփիարեան, ընկեր Տամատեանի յայտնած կարծիքներուն համար, դուք ի՞նչ կը խորհիք։

Ժողովականները լուռ էին. ամէնքն ալ համակարծիք կը թուէին ընկեր Տամատեանի, որ, իրենցմէ աւելի զարգացած, աւելի փորձառու եւ մանաւանդ, տառապանքներու եւ տանջանքներու բովէն անցած, բնականաբար կը յարգուէր ամէնէ՛ն ալ եւ ամէնուն համակրանքը կը վայելէր։ Միայն Արփիարեան, Իզմիրլեան Սրբազանի համոզիչ յորդորներուն տպաւորութեան տակ, չպիտի ուզէր Տէյլի Նիուսի այդ յօդուածը մեկնաբանել Տամատեանի ձեւով, որովհետեւ, կը զգար ու կը նախատեսէր յեղափոխական ցոյցի մը ծանր ու վտանգալիր հետեւանքները։ Ուստի, թէեւ քիչ մը վարանոտ, փորձեց պաշտպանել իր տեսակէտները։

Ընկերնե՛ր, ըսաւ, ընկեր Տամատեանի կարդացած յօդուածին ես չեմ տար ա՛յնքան մեծ կարեւորութիւն, որքան պաշտօնական յայտարարութիւններու, որոնք երէկ իսկ մեր Պատրիարքին հաղորդուեցան, գրեթէ միեւնոյն ժամանակ։

Ի՜նչպէս, ի՜նչպէս ըսիք, ընդմիջեցին ընկերները, շշնջելով ամէն կողմէ…

Համբերեցէ՛ք, ընկերնե՛ր, շարունակեց Արփիարեան ոգեւորուած եւ բոլորովին վստահ՝ համոզելու, պիտի կարգով եւ մանրամասնօրէն պատմեմ Իզմիրլեան Պատրիարքին եւ իմ միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը, կը խնդրեմ միայն, ուշադրութեամբ հետեւեցէ՛ք առանց ընդմիջումներու։

Սակայն, յարեց Տամատեան, մենք այս գիշեր ինչո՞ւ հաւաքուած ենք հոս, Իզմիրլեան Պատրիարքի խօսքե՞րը մտիկ ընելու, թէ Կեդրոնէն հասած հրահանգներու գործադրութեան եղանակին ու միջոցներուն վրայ մեր վերջնական վճիռը տալու.

Ներեցէ՛ք, ընկե՛ր Միհրան, դիտել տուաւ Արփիարեան, նպատակը նոյն է, մի՛ կարծէք թէ ես պիտի շեղիմ բուն խնդիրէն, այս գիշեր պէտք է ամէ՛ն բան վերջանայ, սակայն, վճռական քայլէն առաջ, օգտակար չէ՞ք գտներ անգամ մը տեղեկանալ կացութեան. չպիտի՞ ուզէիք գիտնալ թէ՝ Իզմիրլեան Պատրիարքը զիս ինչո՞ւ հրաւիրած է, եւ թէ ի՛նչ եղաւ մեր գիշերային ա՛յնքան երկար տեւող տեսակցութեան արդիւնքը։

Տամատեան, դէմքի ծամածռումով ու չարաճճի քմծիծաղով մը,

Այդքան կարեւո՞ր էր արդիւնքը…։

Կարեւոր թէ անկարեւոր, շարունակեց Արփիարեան, ինքզինքս պարտաւոր կը զգամ յայտնելու զայն, քանի որ անձնական, անհատական հանգամանք մը չունէր մեր տեսակցութիւնը…։

Թո՛ղ պատմէ ընկեր Արփիար, թո՛ղ պատմէ տեսնենք, ի՛նչ արդիւնք ունեցեր է պատրիարքական տեսակցութիւնը, փափագ յայտնուեցաւ քանի մը ժողովականներու կողմէ։

Եւ Արփիարեան սկսաւ պատմել թէ ի՛նչպէս Իզմիրլեան Սրբազան հաղորդած էր իրեն մեծ տէրութեանց ներկայացուցիչներուն, մասնաւորապէս Սըր Ֆիլիբ Քըրրիի այցելութեան բոլոր պարագաները, ծանրանալով մանաւանդ մեծ դեսպանին այն յայտարարութեան վրայ թէ՝ Հայերը՝ պէտք է ժամանակ մըն ալ սպասեն համբերութեամբ եւ զգուշանան ո՛ եւ է յեղափոխական ցոյցէ, չը վիժեցնելու համար եւրոպական մեծ տէրութեանց հաւաքական ձեռնարկը, Հայկական խնդիրին լուծումը յաջողապէս գլուխ հանելու նպատակով… պատմեց նաեւ թէ՝ Իզմիրլեան Սրբազան ո՜րքան կը թախանձէր ու կը պաղատէր որ Հնչակեան կուսակցութեան վարիչները, գոնէ ատեն մըն ալ հանդարտ կենան եւ թոյլ տան որ երեք պաշտպան մեծ տէրութեանց դեսպանները անգլիական, ֆրանսական եւ ռուսական իրենց դահլիճներէն հաղորդուած նոր հրահանգներու համաձայն, խստիւ պահանջեն Սուլթանէն եւ ձեռք բերեն մայիսեան ծրագրին ամբողջական ու կէտ առ կէտ գործադրութեան իրատէն, եւն. ։

Սո՜ւտ են, սո՜ւտ, սո՜ւտ կը խօսին մեծ դեսպանները, գոռաց Տամատեան, ա՛յսքան յուսախաբութիւններէ, ա՛յսքան կեղծիքներէ վերջ, կը ցաւիմ որ մեր մէջ տակաւին կը գտնուին միամիտներ, որոնք դեռ հաւատ կ’ընծայեն այդ կարգի դիւանագիտական խաղերու…։

Եւրոպական դիւանագիտութենէ խաբուելու միամտութիւնը թո՛ղ ունենանք, առարկեց Արփիարեան, բաւական է թէ՝ եւրոպական մամուլին ըլլա՛յ նոյնիսկ ազատական վտանգաւոր եւ թերեւս դիտումնաւոր թելադրանքներէն չը տարուինք, ընկե՛ր Միհրան։ Անգլիոյ ազատական թերթի մը մէկ յօդուածը հիմ բռնել, այն ալ թիւր ու սխալ մեկնելով, ելլել ցոյց մը կազմակերպել, կ’աղաչե՛մ, ընկերնե՛ր, ըսէ՛ք, յիմարութիւն չէ, ի՞նչ է…։ Ես ազգային ինքնասպաննութիւն պիտի որակեմ այսպիսի ցոյց մը, քանի որ համոզուած եմ թէ՝ անով պիտի գլխիվար շրջի, պիտի փլչի Հայկական Բարենորոգումներու շէնքը։ Ընկերնե՛ր, եկէ՛ք ինծի մտիկ ըրէք, անսացէ՛ք խորհուրդիս, մինակ ես չե՛մ որ այդպէս կը խորհիմ, այսօր բովանդակ Եւրոպան, բարեկամ տէրութիւններու ներկայացուցիչնե՛րը կը յանձնարարեն մեր ազգին, մտքի հանդարտութեամբ սպասել բանակցութեանց ելքին։

Մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ երբ, մռլտաց Օհանջանեան, մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասենք. խաբեբայ Եւրոպայի խոստումները չե՜ն հատնիր, այնքան առատ են որ մենք, Հնչակեան հերոսներ, չպէտք է յոյս դնենք անոնց վրայ. մեր իրաւունքը մեր բազուկներով պէտք է պաշտպանենք եւ պէտք է ցոյց տանք աշխարհի թէ՝ հայ ազգը կենդանի է, թէ Հնչակեան դրօշակին տակ համախմբուած հազարաւոր անձնուրաց ուխտեալ զինւորներ պատրաստ են իրենց արիւնը թափելու Հայրենիքին ազատութեանը համար…։

Ամէն բերաններէ թռան.

Կեցցէ՜, կեցցէ՛ յեղափոխութիւնը.

Կեցցէ՛ Հնչակեան կուսակցութիւնը.

Կեցցէ՛, ազատագրուած ժողովո՜ւրդը…։

  Խօլ ծափերու, կատաղի գոռուգոչի յորձանքին մէջ խեղդուեցաւ Արփիարի տկար ձայնը։ Հնչակեան տրիբունը, կամաց կամաց կը համոզուէր թէ՝ կորսուած դատի մը պաշտպանութիւնը ստանձնած էր ինք եւ թէ՝ մտքերու այս յուզումին ու գրգռումին մէջ՝ իրեն համար անկարելի պիտի ըլլար համոզել ընկերները. հետեւաբար տեղի տուաւ։

Տամատեան յաղթանակը տարած էր Օհանջանեանի ռազմաշունչ շեփորովը։

Փայտաշէն տնակին ուրբաթ գիշերուան գաղտնի ժողովը տուաւ իր վերջնական վճիռը։

Այնչա՛փ օրերէ ի վեր զրուցուած Ցոյցը տեղի պիտի ունենար սեպտեմբեր 18ին, երկուշաբթի, Խաչվերացի Մեռելոց օրը։

Ուստի շուտով խմբագրուեցաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը, քառասուն օրինակ հայերէն, տասը ֆրանսերէն եւ տասը՝ թուրքերէն։

Այս յայտարարութեան օրինակները մայրաքաղաքի բոլոր հրապարակները, պատերու վրայ պիտի փակցուէր Ցոյցին օրը։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կ. Պոլսոյ տեղացի եւ ասիական ամէն նահանգէ պանդուխտ հայերս միաձայն հաւանութեամբ կազմակերպեցինք այս ցոյցը, հանդիսաւոր կերպով բողոքելու համար մեր երկրին մէջ տիրող արդի կացութեան դէմ՝ եւ Բ. Դրան ու Եւրոպային ներկայացնելու համար հայ ժողովուրդին պահանջումները։

Մենք կ’ուզենք այսօր անգամ մը եւս մեր կացութեան վրայ հրաւիրելով քաղաքակիրթ աշխարհին ուշադրութիւնը, յայտարարել թէ՝ անխախտելի որոշում տուած ենք այլ եւս համակերպութեամբ չի տանիլ արդի մահաբեր եւ անիրաւ վիճակնիս։

ՄԵՆՔ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆՔ այն սիստէմաթիկ հալածանքին դէմ, որուն ենթակայ եղած է մեր ժողովուրդը, նա՛ մանաւանդ այս վերջին քանի մը տարիներս. հալածանք՝ որ Բ. Դրան կողմէ ընդունուած է իբր կառավարական սկզբունք, միակ նպատակ ունենալով բնաջինջ ընել հայերը իրենց բնիկ երկրէն, այս իրողութիւնը լիուլի կը հաստատեն մէկ կողմէն հիւպատոսներու տեղեկագիրները ու եւրոպական թերթերու թղթակցութիւնները եւ միւս կողմէն՝ պաշտօնական տեղեկագիրները եւ շարունակական գանգատները որոնք կը տեղան ազգային Պատրիարքարանը։

ՄԵՆՔ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆՔ այն պաշարման վիճակին դէմ, որուն մատնուած է մեր բնիկ երկիրը մասնաւորապէս քանի մը տարիէ ի վեր, պաշարման վիճակ՝ որ աղբիւրն է վարչութեան մէջ տիրող բոլոր կամայականութեան եւ որ գլխաւոր պատճառն է մեր ժողովրդին աղքատացման։

ՄԵՆՔ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆՔ քաղաքական անթիւ ձերբակալութեանց դէմ, բանտարկեալներուն վրայ գործադրուած բարբարոսական եւ հակամարդկային տանջանքներուն դէմ, քիւրտերու վայրագ խժդժութեանց դէմ, ինչպէս նաեւ պաշտօնեաներուն եւ հարկահաններուն անիրաւ կեղեքումներուն դէմ։

ՄԵՆՔ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆՔ Սասունի կոտորածին դէմ, յորում, ինչպէս հաստատուած իրողութիւն մըն է այս օր, մեր հազարաւոր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք համարձակած էին խնդրել ապահովական երաշխաւորութիւն իրենց կեանքին, ինչքին, իրենց պատւոյն պաշտպանութեանը եւ իրենց կրօնքին ազատ պաշտամունքին համար, նկատուեցան իբր ապստամբներ, ուստի եւ զինւորներէն ջարդուեցան եւ իրենց արիւնին մէջ լողացին։

ՄԵՆՔ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆՔ նաեւ քիւրտերուն եւ թիւրք կանոնաւոր զօրքերուն կողմէ ամէն օր գործադրուած յարձակումներուն դէմ, յարձակում՝ որուն վերանորոգումը արգիլելու համար՝ մինչեւ այսօր դեռ մեզի ո եւ է երաշխաւորութիւն չէ տրուած, հակառակ Սասունի Դէպքերէն յետոյ տրուած բոլոր խոստումներուն։

Մեր ժողովուրդը անհրաժեշտ պէտք ունի անդորրութեան եւ ապահովութեան, որպէսզի կարենայ, ինչպէս իր արդար իրաւունքն է, համեմատաբար բարեկեցութիւն ձեռք բերել ու հասնիլ այն յառաջադիմութեան եւ քաղաքակրթութեան, դէպի ուր կը դիմեն ուրիշ ժողովուրդներ։

Յանուն մեր այդ արդար ձգտումներուն

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ օրինական իրաւունքներ որոնք բացարձակօրէն մեզի երաշխաւորեն մեր կեանքին եւ ինչքին բացարձակ ապահովութիւն, մեր պատւոյն պահպանութիւն եւ յարգանք։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ազատութիւն խղճի, խօսքի, մամուլի եւ հանրային գումարումներու, օրէնքին առջեւ ամենուն բացարձակ հաւասարութիւն։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ, որ ո եւ է ձերբակալութիւն անմիջապէս իր արդարացումը ունենայ դատարաններու առջեւ, որով կարելի է նախնական բանտարկութիւնը եւ կամայական ձերբակալութիւնները արգիլել։ Որ մեզի արտօնութիւն տրուի զէնք կրել քանի որ անկարելիութիւն կայ քիւրտերը զինաթափ ընելու։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ, որ վարչական բաժանումներուն թիւը զեղջուի հայկական վեց նահանգներուն մէջ որոնք են. Էրզրում, Պիթլիս, Վան, Սվազ, Մամուրէթ­իւլ­Ազիզ եւ Տիարպէքիր։ Այս զեղջումը պէտք է կատարուի այնպէս, որ վերոյիշեալ կուսակալութեանց ժողովուրդները ազգագրական սահմանագծերով որոշուին։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ այդ վեց նահանգներու համար ընդհանուր կառավարիչի մը հաստատումը. ամէն պարագայի մէջ այդ պաշտօնը պիտի յանձնուի եւրոպացիի մը որ պիտի նշանակուի Պետութիւններէն։ Այդ պաշտօնեան պիտի կառավարէ իր վարչութեան յանձնուած երկիրը աջակցութեամբ տեղական ժողովի մը որուն անդամները պիտի ընտրուին ընդհանուր քուէարկութեամբ առանց խտրութեան ցեղի, կրօնքի եւ դասակարգի։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ, որ Ատանայի եւ Հալէպի կուսակալութեանց մէջ ալ, ուր հայերը կարեւոր թիւ մը կը կազմեն, մտցուին մասնաւոր բարենորոգումներ որոնք համապատասխան են այս ներկայ յայտարարութեանս իմաստին եւ ընդհանուր ոգիին։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ոստիկանական եւ ժանտարմայի դրութեան մէջ բարեկարգութիւններ, այնպիսի միջոցներ որոնք բաւական ըլլան անհնարին ընելու Սասունի Դէպքերուն կրկնութիւնը. նոյնպէս կը պահանջենք որ բանակը չի միջամտէ հանրային բարեկարգութիւնը պահպանելու գործին։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ տնտեսական բարենորոգումներ տեղական դէպքերուն համաձայն, ինչպէս են, հարկերու թեթեւացում, տարապարհակ աշխատութեանց, քիւրտ պէյերու եւ աղաներու համար ձրի աշխատութեանց ջնջում, տասանորդի վարձակալութեան ջնջում, ինչպէս նաեւ ջնջում քիւրտերու դրած ապօրէն հարկերուն եւ այլն. ամբողջ երկրին համար միաձեւ տուրքերու միատեսակ դրութիւն. երկրագործութիւնը եւ արդիւնագործութիւնը վերակենդանացնելու յատուկ բարենորոգումներ, վերջ տրուի այն դրութեան որով հայոց հողերը բռնութեամբ անոնց ձեռքէն յափշտակելով քիւրտերուն կը բաշխուի, ինչ որ տեղի կ’ունենայ նա մանաւանդ լեռնային տեղեր. ընդհակառակը կ’ուզենք որ հող տրուի չունեցող գիւղացիներուն, եւ այլն։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ, որ թափառաշրջիկ քիւրտերուն արգիլուի իրենց պարբերական լեռնագնացութիւնները եւ թէ նստողական ըլլալով պարտաւորուին հնազանդիլ օրէնքներուն եւ ենթարկուին երկրին միւս բոլոր բնակիչներուն վճարած տուրքերուն։ Պէտք է ջնջուի ցեղապետական (աշիրէթ) դրութիւնը։ Ստեղծուած անկանոն հեծելազօրքերը (համիտիէ) պէտք է արձակուին եւ քիւրտերը պարտաւորուին զօրք տալ օսմանեան միւս հպատակներուն նման։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ, որ երկրին հասոյթները գլխաւորաբար ու նախ եւ առաջ յատկացուի տեղական պէտքերուն։

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ վերջապէս ընդհանուր մոռացում, առանց ո եւ է բացառութեան, բոլոր հայ քաղաքական բանտարկեալներուն, աքսորեալներուն եւ փախստականներուն համար։

***

Հաստատ համոզուած ենք որ վերոյիշեալ պահանջներուն իրականացումը անհրաժեշտ է թէ հայերուն ընդհանուր ապահովութեանն ու բարեկեցութեանը համար եւ թէ այն տարբեր ժողովուրդներուն, որոնք մեր երկիրը կը բնակին եւ որոնց հետ մեր շահերը միեւնոյնն են։

Հաստատ համոզուած ենք ընդհակառակն որ իրաց ներկայ անկանոն վիճակին շարունակութիւնը անխուսափելի կերպով ամենամեծ չարիքներու պատճառ պիտի ըլլայ թէ մեր երկրի, թէ մեր դժբաղդ ժողովրդի եւ թէ ամբողջ Օսմանեան Կայսրութեան համար։

Սասունի ըմբոստեցուցիչ դէպքերէն ի վեր ամբողջ տարի մը անցաւ, այս ժամանակամիջոցին մէջ համբերութեամբ սպասեցինք որ շուտափոյթ եւ արդիւնաւոր լուծում մը պիտի լինի դաշնագիրը ստորագրող Պետութեանց կողմէն. այս սպասումը լաւագոյն ապացոյցն է մեր խաղաղասիրական դիտումներուն։

Սակայն հայկական ձմեռը՝ քաղաքա­տնտեսական շատ մը խստութեանց եւ դժուարութեանց հետ միատեղ, կը մօտենայ, այնպէս որ կորովալիր եւ անմիջական գործողութեան մը հարկը անհրաժեշտ է։

Այս պատճառաւ որոշեցինք վճռական եւ ապացուցական կերպով յիշեցնել Սուլթանին եւ Պետութեանց հայկական խնդրոյն նպաստաւոր եւ անմիջական լուծումի մը անհրաժեշտ հարկը։

Ուստի, ընդհանուր կերպով մը անոնց կը ներկայացնենք մեր օրինաւոր պահանջումներն բարենորոգումներու, որոնց գործադրութիւնը միայն կրնայ երաշխաւորել խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը մեր երկրին, որ այնքան երկար ատենէ ի վեր մատնուած է անիրաւ հալածանքի եւ արիւնալից խռովութեանց։

1895 Սեպտեմբեր 18, Կ. Պոլիս

 

Այս բուռն սպառնական ու ապստամութեան շունչով թռուցիկ յայտարարութիւնը խմբագրուելէ վերջ, կը մնար որոշել Ցոյցին սկզբնաւորութեան ժամը, տեղը, միջոցները, նաեւ գլխաւոր պարագաները։

Արփիար ա՛լ չէր խօսեր, շատ մտածկոտ կը թուէր, ա՛յնքան ընկճուած էր խուժող կիրքերու կոհակներուն տակ, կը զգար իր միայնութիւնը՝ սպառնացող թեւին դէմ, եւ իր որակին աննշան ու անարժէք ըլլալը՝ Սասունէն նոր վերադարձած Տամատեանի պէս հերոսի մը քով. անդին Օհանջանեան մը կար, «Որ մենք հերոս ենք»ը, որ իր յամառ ու կոյր տգիտութիւնը կը ցցէր ամէն տրամաբանութեան դէմ, պարզ զինւոր, քաղաքագէտի, դիւանագէտի հովեր կ’առնէր ամէն անգամ որ պէտքը զգար անխոհեմ գործողութեան մը ծրագիրը քշելու առաջ։ Իսկ միւս ընկերները, Ս. Գործին նուիրուած անկեղծ հաւատացեալներ, իբրեւ պատգամ կ’ընդունէին Տամատեանի խօսքը։ Այսպէս, Արփիար Արփիարեան, հետզհետէ կը համոզուէր թէ՝ իր մուտքը Յեղափոխութեան Տաճարին մէջ՝ վտանգաւոր շեղում մըն էր իր խաղաղասէր կեանքի շաւիղէն. Սկեպտիկ, երբ առանձին կը մնար ինք իր ներքին մարդուն հետ, կը հեգէր ինքզինք, կը ծաղրէր իր նոր ասպարէզը, բոլորովին օտար եւ անհամապատասխան՝ իր խառնուածքին։ Ա՜խ, երանի՜ թէ ազգային քրօնիկներու արձակագիրը մնայի միշտ, կ’ըսէր ինքնիրեն։

Նոյն գիշերուան գաղտնի նիստը փակուեցաւ։

Ժողովականները, ամէնքն ալ զուարթ, մէկիկ մէկիկ սկսան մեկնիլ։ Խաչվերացի երկուշաբթին, Մեռելոցի օ՛րը, դաւադիր յեղափոխականները Ցոյցին գլուխը պիտի գտնուէին։

Արփիար մնաց մինակ, փայտաշէն տնակին մէջ, որ պարպուած էր գիշերուան հիւրերէն։ Հնչակեան պետը դրդում էր, չէր կրնար երբէք հաշտուիլ կատարուած իրողութեան հետ։ Կը մտածէր, յաջորդ օրը առտուն կանուխ երթալ գտնել Իզմիրլեան Պատրիարքը, եւ անոր հաղորդել գիշերաժողովին որոշումը, յուսալով թէ՝ տակաւին ուշ չէր ժամանակը, վերջին ճիգ մըն ալ փորձելու, տարհամոզելու համար իր կրակոտ ընկերակիցները, գոնէ շաբաթ մըն ալ յետաձգել տալու համար Ցոյցը։