Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԴ.

Ապտիւլ Համիտ, Սայիտ բաշան պաշտօնանկ ընելով ու տեղը Քամիլ բաշան դնելով, կը կարծէր թէ աստիճան մը թեթեւցուցած կ’ըլլար կացութիւնը, որ սակայն աւելի ծանրակշիռ հանգամանք կ’ըստանար։

Մեծ դեսպանները, մասնաւորապէս ֆրանսական ու բրիտանականը, զայրացած էին, Բ. Դրան Ցոյցէն ետքը հրատարակուած կայսերական նոր իրատէին դէմ, որ վերջնականապէս կը ջնջէր եւրոպական վերահսկողութեան գլուխը՝ մայիսեան ծրագրին մէջէն։

Միւս կողմէ, եւրոպական մամուլին քննադատութիւնները, գրեթէ ամենքն ալ Եըլտըզի ու Բ. Դրան վայրագութիւնները դատափետող, կ’ահաբեկէին իր որջը քաշուած Բորենին, որ Սասունի Դիակի վրայ իր հրէշային ախորժակը յագեցնելէ ետքը, կը խորհէր քաղաքակրթութեան ի պատիւ պատրաստել ուրիշ Մարդազոհի Սեղան մը, հայ արիւնով ու միսով շաղախուած համադամներէ…։

Հայակեր Հրէշը թողո՛ւնք իր ոճրագործի նոր նախճիրներու պատրաստութեան մէջ, եւ մենք հարեւանցի ակնարկ մը նետենք եւրոպական մամուլին վրայ, Եւրոպայի հանրային կարծիքը հասկնալու համար, Բ. Դրան Հայկական Ցոյցի նկատմամբ։

Երկար, շա՜տ երկար պիտի ըլլար արտագրել հոս բոլոր ազգերու Մամուլի քննադատութիւնները, որոնք հազարաւոր սիւնակներ լեցուցին ու էջեր սեւցուցին։ Ուստի կը բաւականանանք կարեւորագոյն թերթերէն քաղելով շահեկան ու հրահանգիչ հատուածներ, որոնք կը ճշդեն պատասխանատուութիւնները, ի վեր հանելով միեւնոյն ժամանակ, Ցոյցին իսկական նշանակութիւնն ու դրական արդիւնքը։

Ահաւասիկ թէ ի՛նչ կը գրէ Standard, լոնտոնեան այս մեծ օրաթերթը, իր 30 սեպտեմբերի առաջնորդող յօդուածին մէջ.

«Պէտք է ընդունիլ որ Հայկական Յուզումը կատարեալ վարպետութեամբ առաջ կը տարուի։ Հազիւ թէ տեղ մը հանդարտութիւնը կը տիրէ, ահա յանկարծ, ծպտեալ մարդերու խումբեր, Հայաստանի զանազան մասերուն մէջ, խորհրդաւոր կերպով մը կ’ելլեն երեւան…։ Կ. Պոլսոյ Հայերը պատեհ առիթ մ’ընտրեր են ընելու ժողովրդային գումարում մը, որ յայտնի է թէ՝ պիտի արգիլուէր ոստիկանութեան կողմէն եւ այդ կերպով առաջ պիտի բերէր կռիւ մը, որ պիտի զայրացնէր Բ. Դուռը եւ աւելցնէր անոր յամառութիւնը, մինչդեռ միւս կողմէ, նոր նիւթ պիտի հայթայթէր Եւրոպայի մէջ աղմուկ բարձրացնելու եւ անհրաժեշտ դարձած բարենորոգումներու պահանջումը զօրացնելու…։ Բարենորոգումները պէտք է առաջ տարուին ամենախիստ վերահսկողութեամբ։ Անգլիան նախապէս ստանձնեց պաշտպանել Հայերը, սակայն մինչեւ ցարդ, բոլորովին թերացաւ անիկա իր պարտականութիւնը կատարելու մէջ։ Ընդհանրապէս, հանրային կարծիքը նպաստաւոր է այն գաղափարին, որ մինչեւ հիմա պէտք է իրագործուած ըլլար այդ պաշտպանութիւնը…։ Թուրքիան որքան շուտ ըմբռնէ թէ՝ իրօք ինքը կա՛մ պէտք է Եւրոպայի վերահսկողութեան տակ Հայաստանը կառավարելու համակերպի, եւ կա՛մ հրաժարի զայն կառավարելէ, ա՛յնքան շուտ վախճան կը գտնէ ներկայ ձգձգուած վիճակը։»

 

Նոյն թերթի 5 հոկտեմբերի առաջնորդողէն.

«Թուրքիոյ համար մէկ հնարաւորութիւն կայ խուսափելու իր կատարեալ քայքայումէն, եւ ատիկա կը կայանայ իր կառավարութեան ձեւը փոխելուն մէջ։ Թուրքիան ա՛յնչափ արագօրէն կը գահավիժէ դէպի իր կործանումը, որ անգլիական մինիստրը, պէտք է ակամայ դիմէ բիրտ միջոցներու, որպէս զի գէթ ո՛ եւ է կերպով կանխազգուշացնէ աղէտը։ Լորտ Սօլզպըրի կտրուկ կերպով եւ ուղղակի կ’արտայայտէր իր միտքը, եւ իր հայրենակիցները բացարձակապէս կը գնահատեն իր գործելակերպը…։ Թուրքիան երկու ելք ունի, կա՛մ Բարենորոգում, կա՛մ սեփական Ոչնչացում։ Պետութիւնները Թուրքիոյ համար պատերազմ չե՛ն ըներ, թէեւ իրենք վերջին ծայրը հասնելէ յետոյ հարկադրուին, երբ ա՛լ յոյս մը չը մնար Յանձնաժողով գումարելու, որպէս զի լուծեն այն Խնդիրը թէ՝ ի՛նչ պէտք է ընել այն գաւառները, որոնք ա՛լ թոյլ չեն տար որ Թուրքիան կառավարէ։ Մենք դարձեալ կը կրկնենք, մենք հակառակ ենք այդ միջոցին։ Բայց Թուրք կառավարութենէ՛ն կախուած է խուսափիլ խնդիրին այդ կերպ լուծումէն, որ կրնայ օրհասաբեր դառնալ նոյն իսկ իրէն, Թուրքիոյ համար։

 

Նոյն թերթին քաշուած 7 հոկտեմբեր հեռագրէն։

«Արթին բաշան պատրիարքարան գնաց եւ ջանաց համոզել ապաստանեալները, որ վերադառնան իրենց տուները։ Անոնք պատասխանեցին. «Մենք կը հաւատանք ձեզի, բայց ձեր տէրը ստախօս է եւ մենք չենք հաւատար իր խոստումներուն, հետեւաբար, մենք մեր տեղէն շարժելու մտադիր չենք։»

«Ամէնքն ալ անհամբերութեամբ կ’ըսպասէին թէ հիմա, պետութիւնները, մանաւանդ Անգլիան, ի՛նչ միջոցներ ձեռք կ’առնեն։ Գրեթէ ամէնքը համաձայն են այն կարծիքին վրայ թէ՝ չինական վերջնագիրի նման քայլ մը միայն կրնայ ստիպել Թուրքիան որ իրական երաշխաւորութիւններ տայ։»

 

Դարձեալ նոյն թերթի սեփական թղթակցին 8 հոկտեմբերի հեռագրէն.

«Ցոյցին ղեկավարները՝ իրենց վրայ ապացոյցը տուին խորունկ հմտութեան, զոր ունին կացութեան ու ժողովուրդի տրամադրութեան նկատմամբ…։ Այդ խումբը կը գործէր իր գաղտնի առաջնորդներուն, այսինքն, Հնչակի կամ Լոնտոնի Գօմիթէին հրահանգովը…։ Պատրիարքը, որ մինչեւ ցարդ ներկայացուցիչ ու պաշտպան էր Հայոց իրաւունքներուն, հիմա մէկդի քաշուած է, եւ յեղափոխականները ստանձնած են շարժման ղեկավարութիւնը։

Սովորական պայմաններու մէջ Հնչակեաններուն ամենալաւ բարեկամները կարծուած մարդիկ՝ անոնց վրայ կը յարձակէին գործելու այս կերպին համար…։

Սակայն, լաւ կրթութիւն ստացած Հայերու հետ ունեցած խօսակցութիւններէս կարելի չեղաւ ինծի համար հանել եզրակացութիւն մը, որով կարենային մեղադրել յեղափոխականները։ Ասոնք կ’ըսեն թէ՝ տարուէ տարի, թուղթերու վրայ, կ’երեւան ամէն տեսակ առանձնաշնորհումներ, որոնք երբէք չեն գործադրուիր։ Մայիսեան նախագիծը, որ, եթէ ընդունուէր, գէթ առժամապէս պիտի գոհացնէր զիրենք, Բ. Դրան ձեռքով բոլորովին ոչնչացած է։ Պետութիւնները կը դանդաղեցնեն եւ նոյնիսկ զիջումներ կ’ընեն Թուրքիոյ եւ Հայերը կը տուժեն եւ ամէն շաբաթ տեղի կ’ունենան նորանոր կոտորածներ։ Մենք խնդրեցինք, աղաչեցինք, բողոքեցինք խաղաղ կերպով ա՛յնքան անգամներ, կ’ըսեն Հայերը, որ ի վերջոյ մեզ հասցուցին յուսահատութեան. ուստի, մենք որոշեցինք զէնքը ձեռքերնիս՝ ձեռք բերել ինչ որ չէինք կրնար ձեռք բերել խաղաղ միջոցներով։ Մեր դրութիւնը՝ ա՛յն աստիճանին հասած է որ՝ ա՛լ ասկէ աւելի յոռի չը կրնար ըլլալ։ Մենք կը նախընտրենք մահը, քան թէ այսպիսի կեանք մը. եթէ մեզի ոչնչացում կը սպառնայ, այն ատեն լաւագոյն է գէթ կռուիլ»։

***

Լոնտոնեան մեծագոյն օռկանին Timesի 3 հոկտեմբերի խմբագրականին մէջէն կը քաղենք հետեւեալ կարեւոր հատուածը.

«Դէպքին վրայ դեռ անկարելի է ստանալ ստոյգ մանրամասնութիւններ, բայց կ’երեւայ թէ՝ խռովութիւնները ծագած են քանի մը Հայերու՝ Կ. Պոլսոյ փողոցներուն մէջ ցոյց ընելու որոշումէն։ Կ’ըսեն թէ՝ տէրութիւններու ներկայացուցիչներուն ու թուրք իշխանութիւններուն նախապէս ծանօթ էր ինչ որ կը նախաձեռնուէր։ Շարժման նախաձեռնողները, ինչպէս կ’երեւայ, օգտուած են Հայոց Մայր եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցող պատարագէն եւ պատրիարքին դիմած են, խնդրելով խորհուրդ մը տալ իր հօտին, իր պէտքերուն մասին յիշատակագիր մը մատուցանելու…։ Համախմբուածներէն ոմանք, պարզ է որ փորձեցին գլուխ հանել ցոյցը փողոցին մէջ ընելու իրենց դիտաւորութիւնը, եւ մէկ քանի հարիւր հոգի դիմեցին դէպի Բ. Դուռը։ Կ’ըսեն թէ Հայերը, զինուած էին եւ ցոյցի սկիզբէն իսկ ոստիկանութեան նախարարի թիկնապահ Սէրվէթ պէյը սպաննուեցաւ։ Յետագայ ընդհարումներուն մէջ ոստիկանութեան հետ ջարդուեցան մօտաւորապէս վաթսուն հոգի։ Երեքշաբթի օրը, պատրիարքարանը շղթայի մէջ առնուած էր զօրքերէ, բայց խռովութիւններ կը կրկնուէին, որովհետեւ ութսուն զոհեր ալ աւելցան։ Յայտնի է թէ ձերբակալումներ կատարուեցան ընդարձակ չափով եւ մէկ քանի հարիւր Հայեր, այս պահուս, բանտը կը գտնուին։ Այսպիսի դէպքեր, ի հարկէ, իսլամ ազգաբնակութեան որոշ խաւերու մոլեռանդութիւնը գրգռեցին եւ փողոցներուն մէջ Հայերը ջարդելու սպառնալիքներ լսուեցան։ Ակներեւ է թէ՝ կացութիւնը խիստ լուրջ է, չը նայելով Թուրքիոյ կողմէն եղած պաշտօնական բացատրութիւններու մեղմացուցիչ բնաւորութեանը։ Պարզ է թէ՝ Սուլթանը վրդովուած է իր խորհրդականներուն հետ եւ գուցէ կայսրութեան ներկայ շրջանին մէջ առաջին անգամ պատահած ապստամբութիւնը՝ գրեթէ պալատի դիմացը՝ Ապտիւլ Համիտի տարօրինակ նկարագրին վրայ կ’ազդէ վերջապէս աւելի ուժգին կերպով, քան թէ դիւանագիտական դիմումները եւ կ’ապացուցանէ ասոր դանդաղկոտ քաղաքականութեան վտանգը։

Սուլթանը պէտք է յայտնապէս գիտնայ թէ՝ մեծ պետութիւններու խորհուրդին անսալո՛վ է միայն որ ինքը պիտի կրնայ յոյս ունենալ խուսափելու ծանրակշիռ եւ մինչեւ անգամ թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր կայսրութեան համար աղետաբեր դէպքերէն։»

 

Նոյն թերթի 4 հոկտեմբերի առաջնորդողէն.

«Երէկ, Կ. Պոլսոյ անկարգութիւններէն մենք արդէն կը նախատեսէինք թէ՝ րէվօլվէրի պայթումը կայսերական պալատի մօտերը՝ աւելի շուտով կ’ազդէ Ապտիւլ Համիտի վրայ, քան խաղաղիկ դիւանագիտութեան բոլոր դիմումները։ Չանցաւ քսանըչորս ժամ, մեր նախատեսութիւնը կատարուեցաւ։ Սայիտ բաշան ինկաւ եւ կառավարութեան գլուխը անցաւ Քեամիլ բաշան, որուն անցեալը գոնէ կ’արդարացնէ այն յոյսերը թէ՝ Սուլթանի Սէրային մէջ մուտ պիտի գտնէ աւելի լուսամիտ ու խաղաղաւէտ քաղաքականութիւն մը։ Վերջին ինը ամսուան ընթացքին մէջ, Սուլթանը շարունակ անընկճելի հանդիսացաւ Եւրոպայի խորհուրդներուն ու խնդրանքներուն առջեւ։ Երեք տէրութիւններու միաբանութիւնը, որոնց քաղաքական շահերը նոյնանման չեն Արեւելքի մէջ, կրնար կերպով մը համոզել Սուլթանը թէ՝ իրենց խորհուրդը թելադրուած էր անկեղծ փափագէ մը, մէջտեղէն վերցնելու վտանգը, որ իր կայսրութեան ամբողջութեանն ու Արեւելքի խաղաղութեանը կը սպառնայ։ Հայերուն գործերը ցոյց տուին թէ՝ գործնական փաստեր կան, որոնք կրնան ազդել նաեւ Ապտիւլ Համիտի վրայ։ Թերեւս ոմանք մեղադրեն Հայերը, բայց ամէն պարագայի մէջ անհերքելի է որ անոնք յաջողութիւն ունեցան։ Մինչեւ իսկ խաղաղ ցոյց մը կատարելը փողոցներուն մէջ՝ բոլորովին անվտանգ գործ մը չէ քրիստոնեաներուն համար, ուստի պէտք չէ զարմանալ որ Հայերը հարկաւոր դատեցին զինուիլ դաշոյններով ու րէվօլվէրներով։ Ասկից զատ, պոլսական գրաքննութեան բովէն անցած հեռագիրներէ՛ն իսկ մատնանշուած է թէ՝ խառնակութիւններուն մասնակցող մահմէտականնե՛րն ալ զինուած էին, եւ թէ՝ հետեւաբար, երկու կողմէն ալ կռուելու պատրաստութիւններ տեսնուած էին։ Եթէ Հայե՛րը յարուցին առաջին անգամ արիւնահեղութիւնները, ա՛յն ատեն համիտական ոստիկանութիւնը իրաւունք ունէր դիմելու զէնքի գործածութեան, եւ ի հարկէ, օսմանեան կառավարութիւնը պարտաւոր էր վերահաստատել կարգն ու հանդարտութիւնը։ Բայց ո՛չ մէկ բան կրնայ արդարացնել վայրագ հալածանքները, որ կը գործուին իսլամներու մոլեռանդ ամբոխին կողմէն…։

Համոզել, խորհուրդներ տալ եւ խնդրանքներ ընել, այս ամենը ոչինչի յանգեցաւ, եւ ժամանակ է որ՝ պետութիւնները գործի դիմեն։ Մեր կառավարութեան խօսքերէն կը յայտնուի թէ՝ ինքը մտադիր է առանձին կամ միւս տէրութիւններու հետ միասին ճնշում ի գործ դնել Սուլթանին վրայ, ճանչնալու իր յանձնառութիւնները։ Միջերկրականի մէջ բաւականաչափ տեղ կայ երեք տէրութեանց միանուագ գործողութեան համար, եթէ դիւանագիտական ճնշումները ձախողանքի հանդիպին։ Այդ տէրութիւնները կը համաձայնին ձեռնամուխ ըլլալ ուրիշ միջոցներու։ Իսկ եթէ հանգամանքները բարդուին այնպիսի դժբախտ կերպով մը, որ մենք հարկադրուած կ’ըլլանք մինակը գործելու այդ պարագային ալ կրնանք առանց դժուարութեան գրաւել կէտեր Կարմիր Ծովին ու Պարսից Ծոցին մէջ, ու վախ մը չունենալով ո՛ եւ է միջազգային ընդդիմութենէ, Անգլիոյ ծովային զօրութիւնը կրնայ մեծ ազդեցութիւն գործել Սուլթանին վրայ, մանաւանդ այնպիսի Սուլթանի մը, որպիսին է Ապտիւլ Համիտ, որ իր հեղինակութեան ու ինքնասիրութեան կ՚ընծայէ իսլամ խալիֆայութեան ներկայացուցիչի յատուկ նշանակութիւն մը։»

 

Դարձեալ նոյն օռկանը, խօսելով Հայկական բարենորոգումներու Նախագծին վրայ, 16 հոկտեմբերի առաջնորդողին մէջ, հետեւեալ եզրակացութիւնը կ’ընէ.

«Եթէ բարենորոգումները շուտով չ’ընդունուին, ամէն րոպէ, դէպքերը կըստանան այնպիսի ընթացք մը, որ աւելի մեծ ծաւալով պահանջումներ կը ներկայանան Թուրքիոյ։ Ժամանակը միշտ մեծ դեր մը խաղցեր է Սուլթանի գործելու եղանակին նկատմամբ։ Այն միջոցները, որոնք իրեն խաղաղութիւն ու բարօրութիւն կ’երաշխաւորէին, այսօր վաղը կրնան անբաւարար երեւալ…։

Եթէ այդ քայլը դեռ ուշանայ, Սուլթանը ի՛նք յանցապարտ կ’ըլլայ հետեւանքներուն համար, որոնք առաջ կուգան։ Ան ա՛յնքան տգէտ չէ՛ իր սեփական կայսրութեան անցեալի պատմութեանը, եւ նոյնպէս, բաւական լաւ կը ճանչնայ եւրոպական տէրութեանց ինքնասիրութեան ոյժը, որպէս զի չը հասկնայ որ, եթէ անգամ մը նորէն բացուի Արեւելեան Խնդիրը, այն ատեն, թէ եւ չըլլայ անոր վերջնական վճիռը, դարձեալ ի վնաս Թուրքիոյ կ’ըլլայ անիկա…։»

***

  Անգլիոյ գլխաւոր ազատական օռկաններէն «Տէյլի Նիւզ» մեծ օրաթերթին 3 հոկտեմբերի խմբագրականէն քաղուած է հետեւեալը.

«Պարզ է թէ՝ համիտեան իշխանութիւնները բի՛րտ ընթացքով մը վարուեցան ամբոխին հետ, որ հաւաքուած էր Հայկական Բարենորոգումներու մասին յիշատակագիր մը յանձնելու Դրան։ Այդ յիշատակագիրը գլխաւոր յանցանքի պատճառ համարուեցաւ եւ Դուռը վճռականօրէն մերժեց ընդունել զայն. Հայերը նոյնպէս վճռականօրէն մտադրած էին ներկայել զայն, եւ երբ ուզեցին գործադրել իրենց այդ դիտաւորութիւնը, յանկարծ ոստիկանութիւնը, թագստոցէն դուրս խոյացաւ ու գազանի մը պէս յարձակեցաւ անոնց վրայ։

Նոյնպէս եղաւ ցոյցին ելքը, որ հայկական շարժումը վարողներուն կողմէն ի հարկէ կ’ենթադրուէր խաղաղ ըլլալ…։ Այն պարագան որ ասոնցմէ ոմանք զինուած էին, դեռ չկրնար ծառայել իբրեւ ապացոյց թէ՝ անոնք աչքի առջեւ ունէին ապստամբութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ թէ՝ մենք գործ ունինք Արեւելքին հետ, ուր զէնքը յաճախ կը կազմէ հագուստի սովորական մէկ մասը, ինչպէս հովանոցը՝ մեր տեղերը։ Կասկած չը կայ որ, եթէ ընդունուէր յիշատակագիրը, ամբոխը խաղաղօրէն պիտի ցրուէր։ Այդ կերպով, ի հարկէ, ո՛ եւ է բաշա մը պիտի օգտուէր այն յիշատակագրէն, լոկ իր ծխափողը վառելով անով, բայց գոնէ մարդկային բազմաթիւ կեանքեր պիտի փրկուած ըլլային։ Այսպիսի դէպքեր Կ. Պոլսոյ մէջ՝ պայծառ լոյս մը կը սփռեն Սասունի Դէպքերուն վրայ։ Եթէ պատճառներն ու հետեւանքները՝ տեղ մը կրնային ա՛յնքան այլանդակօրէն անհամեմատ ըլլալ, ինչո՞ւ միեւնոյն բանը չըլլար ուրեմն ուրիշ տեղ մը։ Աղմկալից ու արդար զայրոյթով մը լեցուած մարդիկ կը համախմբուին յիշատակագիրը ներկայելու նպատակով։ Եւ անոնք տասնեակներով կը սպաննուին ու հարիւրներով կը ձերբակալուին, եւ այն ալ՝ տէրութեանց ներկայացուցիչներու ճիշդ աչքին տակ։ Դիւրին է երեւակայել թէ վիրաւորուածներուն ու սպաննուածներուն թիւը ի՛նչպէս կրնար հազարներու հասնիլ, ո՛չ աւելի ծանր պատրուակով մը, այնպիսի տեղ մը, ուր չը կային եւրոպական տէրութեանց ներկայացուցիչներ եւ ուր Ջարդարարները՝ իրենց կամքին տակ ունին զոհերնին եւ իրենց գլխուն վերեւ չունին ո՛չ մէկ հսկողութիւն։ Անհաւանական է թէ՝ մայրաքաղաքին Հայերը որոնք փոքրիկ խումբ մըն են ահագին բազմութեան մէջ մտադրած ըլլային ընել լուրջ ապստամբութիւն մը։ Ատիկա յիմարութիւն մը պիտի եղած ըլլար անոնց կողմէն։ Լոնտոնի ոստիկաններու խումբ մը կրնար մէկ ժամուան մէջ ցրուել այն ցուցարարները։ Օսմանեան իշխանութիւններուն համար այդ առիթը գերազանցօրէն լաւագոյնն էր, որպէս զի չօգտուէին արիւնահեղութիւն ընելու համար, չը նայելով որ առիթներ կային որ անոնք աւելի չափաւորութեան ապացոյց մը տային։ Խիստ պարզ է թէ՝ կարելի չէ՛ Թուրքերուն ձեռքը յանձնել քրիստոնեայ ժողովուրդները, մանաւանդ հայ ժողովուրդը կառավարելու ղեկը։ Այդ մասին ա՛յնքան համոզիչ է Կ. Պոլիսը, ո՛րքան Սասունը։

***

Նոյն թերթի 16 հոկտեմբերի առաջնորդողէն.

«Հասկնալի է թէ՝ երբ սարսափներ կը գործուին եւրոպական վայրի մը մէջ եւ երբ ամէնքը կը տեսնեն թէ քրիստոնեաները կը սպաննեն եւ անոնց կեանքը կը գտնուի սպաննուելու անընդհատ երկիւղին տակ, այն ատեն, այդ կեանքի ու մահուան խնդիրին մէջ, շուտով վերջ մը կը դրուի դիւանագիտական ձգձգումներուն։ Յուսահատած Հայերը կը զգան որ Աստուծոյ ջրաղացքները շատ դանդաղ կ’աղան, եթէ աւելի իրական օգնութիւն մը չը հասնի կարելի եղածին չափ…։

«Եթէ այսպէս շարունակուի, այն ատեն, քրիստոնեաներուն բնաջնջումը շուտով կը լուծէ վէճի խնդիրը՝ եւրոպական տէրութեանց ու Բ. Դրան մէջ։ Յաւիտենական ամօթը կ’իյնայ տէրութիւններուն վրայ, եթէ դիւանագիտական խնդրի մը այդ կերպ լուծումը աւելի շուտով հասնի, փոխանակ ուրիշ միջոցով մը գլուխ հանած ըլլալու զայն…։»

 

Դարձեալ նոյն թերթի սեփական թղթակցին՝ Կ. Պոլսէն քաշած 17 հոկտեմբերի հեռագրէն.

«Սպասուածին հակառակ, Հայոց խանութներուն մեծ մասը դեռ գոց է։ Կ’ըսուի թէ՝ այդ բանը կը կատարուի «Հնչակ» անունով գաղտնի ընկերութեան մը հրամանովը։

Կ’ենթադրուի թէ այդ ընկերութիւնը սաստիկ զօրացեր է այս վերջին երկու շաբաթներու մէջ…։ Եւ իրօք նոյն իսկ այն Հայերը, որոնք ո՛չ մէկ կապ չունին այդ գաղտնի ընկերութեան հետ, կը հաւաստեն թէ՝ այդ գաղտնի ընկերութեան ոյժն ու նշանակութիւնը շատ մեծցեր է վերջին օրերու դէպքերու միջոցին։

***

Պերլինի Վոսիշէ Ձայթունկ լրագրին 3 հոկտեմբերի առաջնորդողէն.

«Հայերուն յիշատակագիրը չը չափազանցեր այն պահանջումները, որոնք առաջադրուած են մեծ տէրութիւններու կողմէն։ Եթէ Մեծ Եպարքոսը ընդունէր յիշատակագիրը, տխուր դէպքերը չէին տեղի ունենար, որովհետեւ Հայերուն միտքէն չէր անցնէր ապստամբութիւն առաջ բերել Կ. Պոլսոյ մէջ, ո՛րքան ալ ատոր ձգտէր Լոնտոնի Հայկական Գօմիթէն։ Հայերը լաւ մարդիկ են, առեւտուրի մարդիկ են, բայց անոնք պատերազմիկ ժողովուրդ մը չեն, այլապէս, կրնային Քիւրտին յարգանք ներշնչել իրենց հանդէպ…։ Կ. Պոլիս փողոցային ցոյցեր կազմակերպելը՝ բաւական վտանգաւոր գործ մըն է Թուրքիոյ մէջ, բայց Հայերը կրնան մատնանիշ ընել մահմետական օրինակներ։ Քանի՜ քանի անգամներ, Սօֆթաները Բ. Դրան, եւ մինչեւ իսկ մահմետական կիներ, որոնք ժամանակին չէին ստանար իրենց թոշակները, ասկէ մէկ քանի տարի առաջ Կ. Պոլսոյ փողոցներուն մէջ խիստ մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէին պատերազմական ու ելեւմտական նախարարներուն։ Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ մտցնելու մասին Բ. Դրան անընդհատ յետաձգումը բնականաբար գրգռում առաջ բերաւ Հայերու բոլոր խաւերու մէջ, Փոքր Ասիոյ մէջ մշտական ձերբակալումները, եւ Քէմախի ու Երզնկայի գաւառներուն մէջ նորանոր վայրագութիւնները, բազմապատկեցին այդ գրգռումը։ Այդպիսի պայմաններու մէջ, յիշատակագրի մատուցումը՝ չափաւոր ու խելացի գործ մըն էր։ Ոստիկանութեան ու զօրքերու միջամտութիւնը պատճառ եղաւ արիւնահեղութեան, եւ այս բանը կը ստիպէ տէրութիւնները, մանաւանդ Անգլիան, նոր քայլեր առնելու։ Միջերկրականի անգլիական նաւատորմիղը Լեմնոս կը գտնուի. սպառնալիք մը, որ սկսած էր Հայկական Խնդրին աւելի սկզբնական շրջաններուն. այսօր դիւրութեամբ կարելի է գործադրել այդ սպառնալիքը, եթէ Բ. Դուռը զիջողութիւն մը ցոյց չի տայ։ Հարիւրաւորներու ձերբակալումովը չէ՛ որ պիտի լուծուի Հայկական Խնդիրը, եւ Մեծ Տէրութեանց ինքնասիրութիւնն ու շահերը կը պահանջեն որ իրենք թող չըտան ոչինչով վերջանալու դիւանագիտական սկսուած բանակցութիւնները։ Ատկէ զատ, Արեւելքի խաղաղութեան խնդիրը բացուած է, որովհետեւ, եթէ Թուրքիան իր ուզած եղանակովը վարուի, անտարակոյս յեղափոխական նոր պայթում մը պիտի պատահի Մակեդոնիոյ մէջ։ Մեծ Եպարքոսը շատ խելացի մարդ է, եւ յաջողի թերեւս համոզել Սուլթանը, որ անդառնալի կերպով անցած են խաբեբայութեանց ժամանակները։»

***

Անգլիական խիստ կարեւոր ընկերութիւն մը, Գօնկրէկէյշիընէլ Եընիըն օվ Էնկլէնտ էնտ Ուօլս, իր տարեկան Ընդհանուր Ժողովին մէջ կայացուց հետեւեալ վճիռը.

  «Ներկայ Ժողովը կը նորոգէ իր չորեքշաբթիի բողոքը՝ համիտական կառավարութեան խաբեբայութեանն ու նենգութեանը դէմ, Հայաստանի քրիստոնեայ ազգաբնակութեան վրայ գործադրած գազանային անգթութեանց եւ իր այնքան ստէպ յայտարարած յանձնառութեանց նկատմամբ իր շարունակած անամօթ խոստմնազանցութեանը համար։

  Ժողովը, Ն. Վ. Թագուհիի նախարարներուն, մասնաւորապէս Արտաքին Գործերու նախարարութեան կը յիշեցնէ թէ՝ Կիպրոսի 1878 Յունիս Դաշնագիրը՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ ներկայ գործողութեանց ընդհանուր Բարենորոգումներու Ծրագրին հետ՝ յոյսեր տուաւ Հայերուն, իրենց վիճակի բարելաւման մասին եւ հիմա, այդ մասին եղած հիասթափումը չը կրնար միեւնոյն ժամանակ անպատւութիւն չը պատճառել եւրոպական տէրութեանց, ինչպէս նաեւ Բ. Դրան համար ալ։ Ներկայ ժողովը կը յայտնէ իր կարծիքը թէ՝ այդ աղաղակող գայթակղութիւնը մէջտեղէն վերցնելու յապաղումը՝ շատերու մէջ սրտմտութեան զգացում առաջ կը բերէ եւ թէ՝ այդ զգացման ազատ ընթացք մը տալու հետեւանքը սա՛ կ’ըլլայ որ արիւնով ողողուած այդ բռնապետութիւնը՝ դուրս կը վռնտուի քաղաքակիրթ ազգերու շրջանակներէն։ Ժողովը կը պահանջէ անյապաղ նշանակել Վերահսկող Յանձնախումբը Հայաստանի համար ոչ թէ Համիտի կառավարութեան մէկ պաշտօնեային, ո՛չ ալ նոյնիսկ թուրք հպատակի մը–, որ պարտաւոր ըլլար պահպանելու քրիստոնեայ ազգաբնակութիւնը եւ պատասխանատու ըլլար միա՛յն եւրոպական տէրութեանց հանդէպ։»

***

Անգլիոյ կարեւոր թերթերէն Տէյլի Քրօնիքլի Մոսկուայէն քաշուած 10 հոկտեմբերի հեռագրէ մը կը քաղենք հետեւեալը.

«Ռուսական Մամուլը գերագրգռուած է Կ. Պոլսոյ վերջին դէպքերէն եւ գրեթէ միաձայն են այն կարծիքին մէջ թէ՝ այդ քաղաքի արիւնահեղութիւնն ու խռովութիւնները կը վերաբերին Լոնտոնի հայկական Գօմիթէի գործունէութեան։ Մեծ վրդովում մը կը տիրէ նաեւ պաշտօնական շրջանակներուն մէջ, որովհետեւ այս պահուս կը վախնան թէ՝ Հայաստանի մէջ տիրող գրգռումը կրնայ սահմանագլուխէն անդին անցնիլ Ռուսական Հայաստանը, ուր արդէն, այդ երկրի մէջ կառավարութեան ռուսացումի քաղաքականութեան հետեւանքը ըլլալով, դժգոհ ժողովուրդներու ահագին բազմութիւն մը կայ։ Եւ ինչ որ վատթարագոյն է, դժգոհութիւնը կրնայ ծաւալ գտնել Կովկասցիներուն մէջ, որոնցմէ շատերը խիստ դժգոհ են։ Այս հանգամանքներու տակ, բոլորովին բնական է թէ՝ Ռուսիան սաստիկ զայրացած է Անգլիոյ դէմ, երեւակայելով որ այս վերջինը յանցաւոր է, ռուսական սահմանագլուխը գտնւող պիծակներու այս փեթակը գրգռելուն համար։ Ռուսական կառավարութիւնը հիմա իրապէս ա՛յնքան կը փափագի նեցուկ ըլլալ Սուլթանի խախուտ կառավարութեան, որքան եղաւ Անգլիան 1877ին։ Հիմակ Անգլիան ի՛նք ստանձնած է ճնշուած քրիստոնեաներուն ազատագրութեան դերը։ Անգլիական կառավարութիւնը կծու սպառնալիքներ կ’ընդունի եւ ատելի կը դառնայ, հետեւելով այն բարի օրինակին, որ իրեն առջեւ դրուած էր Ռուսիայէն։»

***

Ահաւասիկ Բարիզի Էնդրանսիժան թերթին 10 հոկտեմբերի առաջնորդողէն հատուած մը, Հանրի Ռօշֆօրէ ստորագրուած.

«Մեծ Տէրութիւնները որ պէտք է անուանուէին Մեծ Անզօրութիւնները, որովհետեւ կը թոյլատրեն որ իրենց աչքին տակ կատարուին ամէն տեսակ ոճիրներ–, որոնք պարտաւոր են նախազգուշացնել, հիմակ, առանց խղճահարութեան, կ’աջակցին ամբողջ ժողովուրդի մը հայ ժողովուրդին կոտորման։

«Թուրքիոյ մէկ մասը՝ կը սպաննէ հիմա միւս մասը։ Ահա դարերէ ի վե՛ր է որ, Կ. Պոլսոյ Սուլթանները, Հայաստանի հանդէպ կը վարուին ո՛չ թէ իբրեւ Բռնապետը՝ հպատակին, ո՛չ թէ իբրեւ տէրը՝ ճորտին հանդէպ, զոր ինքը գնած է, այլ իբրեւ դահիճը՝ Չարչարուողին հանդէպ, զոր կը խոշտանգէ հրաշէկ երկաթով, ամէն օր հնարելով աւելի եւ աւելի սոսկալի տանջանքներ…։

«Այս առթիւ, հակառակ լռութեան մամուլի մը, որուն Սուլթանը կը ղրկէ դրամաթուղթերու մէջ փաթթուած մէճիտիյէի շքանշաններ, ամենազգուշաւոր հեռագիրներէ երեւան կը հանուի թէ՝ գարշելի Ապտիւլ Համիտի հրամանով Հայաստանի քրիստոնեաներուն արտաքսումը՝ Իսլամի ֆանատիկոսներու ձեռքով ստացած է ահագին համեմատութիւն մը, եւ մինչեւ ցարդ նմանը չը տեսնուած ծաւալով մը կը տարածուի…։

«Հոս, մենք երեւան կը հանենք իբր դաւաճանութիւն մեր նախարարներուն անտարբերութիւնը, որոնք Պերլինի Դաշնագրով պարտաւոր են արգելք դնել մարդասպան Թուրքերուն եւ սպաննուող Հայերուն միջեւ, բայց որոնք իրենց գլուխը դարձուցին անոնցմէ, որոնք իրենց կ’աղերսէին…։

***

Դարձեալ նոյն թերթի 15 հոկտեմբերի առաջնորդողէն, նոյնպէս Հանրի Ռօշֆօրի ստորագրութեամբ.

«Ճշմարտութիւնն այն է թէ Ապտիւլ Համիտ վատահամբաւ գազան մըն է, որ իր կայսրութեան մէջէն կ’արտաքսէ բոլոր քրիստոնեաները, եթէ քրիստոնեայ ազգերը զանի անմիջապէս անզօրութեան չենթարկեն։ Անտարակոյս, մզկիթի կամ եկեղեցիի խնդիր գոյութիւն չունի եւ երբէ՜ք չէ՛ ունեցեր մեզի համար։ Մենք Ալճէրիոյ իսլամները կը պաշտպանենք ընդդէմ մեր պատեհապաշտ ներու կառավարութեան, որոնք կը կողոպտեն զանոնք, բայց մենք կը պաշտպանենք նաեւ Արեւելքի քրիստոնեաները ընդդէմ իսլամներու, որոնք կը տանջեն զանոնք։

Եւ հակառակ այն այցելութիւններուն զոր անոր գործակալները կ’ընեն ազդեցիկ լրագիրներու գրասենեակներուն մէջ, մենք վստահ ենք թէ՝ մօտերս վերջ մը պիտի դրուի համիտական կառավարութեան վայրագութեանը…։

Իր կառավարութիւնը հոգեվարքի մէջ է, եւ սուրերու, սուիններու ու հրացաններու հարուածներով չէ՛, որ ինքը զայն պիտի վերակենդանացնէ։»

Եւրոպական մամուլի զանազան ներկայացուցիչներուն տեսութիւնները կը վերջացնենք հոս, արտագրելով նաեւ Սթանտարտի 16 հոկտեմբերի խմբագրականին հետեւեալ նշանակալից տողերը.

«Սուլթանին համար տակաւին ուշ չէ փրկել զինքը, խելացի ու խաղաղ կերպով վերաբերուելով դէպի անխուսափելին եւ այդ կերպով խուսափելով այն նուաստացումէն, որուն կ’ենթարկուի, ուլդիմադօմը ստանալով. այդ վերջնագիրի յայտարարութիւնը կուգայ բովանդակ աշխարհի առջեւ պարզել իրերու ներկայ դրութիւնը։ Այդ միջոցը կրնայ սպասուիլ օրէ օր…։

«Սուլթանը արդարացնելու համար առաջ կը բերուի հետեւեալ խորհրդածութիւնը. Ան չուզեր հիմա զիջում ընել, որովհետեւ այդպիսի վարմունք մը իր կողմէն՝ ցոյց կուտայ բովանդակ աշխարհին, մանաւանդ իսլամներուն թէ՝ ան այդ կերպ կ’ընէ երկիւղ կրելով Հայերէն, կամ, առնուազն, Կ. Պոլսոյ խառնակ ու շփոթ գործողութիւններու շնորհիւ։ Ատիկա հասկնալի է զգացման ու վերացական դատողութիւններու տեսակէտով, բայց Սուլթանին համար դրական արժէք մը չպիտի ունենայ։

«Տուէ՛ք Սուլթանին բաւական ժամանակ եւ ան պիտի կրնայ հաստատել թէ՝ ա՛լ գոյութիւն չունի Հայկական Խնդիր մը։ Նոյնի՛սկ այն պատճառով որ, Հայերուն հետ ա՛յն աստիճան անգթօրէն կը վարուին որ՝ զանոնք կը մղեն գրեթէ ապստամբութեան, եւ թէ՝ Եւրոպան ի՛նք ստանձնեց անոնց ճակատագրին լուծումը, նոյնիսկ ա՛յդ պատճառով, այդ լուծումը կը դառնայ այլ եւս անյետաձգելի։ Եթէ Սուլթանը զիջանէր Անգլիոյ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի պահանջումներուն, որոնք առաջին անգամ ներկայացուեցան, մայրաքաղաքին մէջ խառնակութիւններ տեղի չէին ունենար, ո՛չ ոք չէր կրնար պնդել թէ՝ զիջողութիւններ կ’ըլլան սեփական զայրացած հպատակներուն։

«Մենք համաձայն ենք որ Թուրքիոյ կը մնայ ընտրել երկու չարիքէն մէկը։ Բայց մենք րոպէ մը չենք կասկածիր թէ ո՛րն է այդ չարեաց փոքրագոյնը…։

«Սուլթանը, պնդելով իր ըսածներուն վրայ, ինքզինք դէմ առ դէմ կը դնէ վտանգներուն, որոնք երկարօրէն բացատրուելու պէտք չունին եւ իրեն քաջայայտ են։ Եւ այն ատեն, ինք ստիպուած կ’ըլլայ մինակը դիմագրաւել անոնց։»

Ամփոփելով այս ամէնը, կը տեսնենք թէ Եւրոպան, առանց բացառութեան, կը դատապարտէր Համիտի կառավարութեան գործած վայրագութիւնները, միեւնոյն ժամանակ արդարացնելով Հնչակեաններու կազմակերպած Ցոյցը, որուն, ինչպէս վերեւ տեսնուեցաւ, անմիջական հետեւանքը պիտի ըլլար Հայկական Բարենորոգումներու Մայիսեան Ծրագրին ընդունելութիւնը, կայսերական նոր իրատէով մը…։

Բայց ի՜նչ իրատէ…։

Դէպի Եըլտըզ ընթերցողները պիտի ծանօթանան այդ չարաշուք իրատէի հրաշքներուն( . ՞) յաջորդական էջերուն մէջ։