Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

Կիրակի ցերեկ ու ամբողջ գիշերը, Հնչակեանները գաղտնապէս առաջ տարած էին նախապատրաստութիւնները, բոլոր մասնաճիւղերուն հաղորդուած էր միեւնոյն հրահանգը, որուն մէջ յիշուած էին Ցոյցի կազմակերպութեան մանրամասնութիւնները, սկիզբէն մինչեւ վերջը։

Լուսցաւ վերջապէս երկուշաբթին, Խաչվերացի Մեռելոցի օ՜րը…

Երկինքը կապոյտ, անամպ, աշնանային անուշ արեւ մը կը ժպտի։

Ծովը, Վոսփորի թէ Ոսկեղջիւրի մէջ, կը ծիծաղի. նաւակներու, մակոյկներու խաչաձեւումներ, շոգենաւեր իրարու ետեւէ, կ’երթեւեկեն։ Մայրաքաղաքի բնակչութեան երեսը կը խնդայ։

Ամէն մարդ առտուն կանուխ արթնցած, ոտքի վրայ է, Դէպքին կը սպասէ։

Օդին մէջ խաղաղ անուշութիւն մը կը զգաս։ Կեանքը շատ քաղցր կը թուի, աւելի քան երբէք ապրիլ կ’ուզէ մարդ։

Եւ ահա՛ ժողովուրդը կը դիմէ Գում Գաբու, մայրաքաղաքի բոլոր թաղերէն, բացի խոհեմներէն, ապրողներէն, ազգասէրներէն եւ յեղափոխական պետերէն, որոնք ծակամուտ եղած են, քաշուած իրենց որջը, թերեւս անկից, հեռադիտակով ըմբոշխնելու համար Ցոյցին… հեշտա՜նքը։

Եւ սակայն, ստուար ամբոխը, որուն մէջ պատկառելի թիւ մը կը կազմեն կիները, կ’առաջանայ, առանց աջ ու ձախ դիտելու եւ Գում Գաբու կը հասնի, Պատրիարքարանի փողոցը, ուր անցքը կը խափանուի, հետզհետէ հասնող ահագին ամբոխէն։

Հո՛ն են ամէնքը, Բաղէշէն, Մուշէն, Վանէն, Կարինէն, Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն, Սեբաստիայէն, Տրապիզոնէն, Արաբկիրէն, Կիլիկիայէն թէ Փոքր Հայքէն, Հայաստանէն ու Պոլիսէն, Զրկուածներուն բանակը, որ հիմայ կը ծառանայ Զրկողին դէմ…։

Մէկ կողմէ նոր խումբեր կը հասնին ու կը խռնուին փողոցը, միւս կողմէ, արդէն հասածները կը խուժեն Պատրիարքարանէն ու Մայր եկեղեցիէն ներս։

Բազմութեան սիրտը լեցուեր է։

Բարապանները վեր վազեցին։

Պատրիարքարանէն ներս խուժող երկսեռ ամբոխին մոլեգին աղաղակը կը լսուէր վարէն։

Կեցցէ՛ Իզմիրլեան Սրբազան, պատրիա՜րքը կ’ուզենք, Իզմիրլեան պատրիա՜րքը։

Իզմիրլեան Սրբազան, Խաչվերացէն երեք օր առաջ Վոսփոր ելած էր, քիչ մը ժամանակ առողջ օդով մը կազդուրուելու փափագով, սակայն, տարածուած լուրերը հասած ըլլալով իր ականջին, մանաւանդ, վերջին պահուն, Արփիար Արփիարեանէն իմացած ըլլալով Բերայի փայտէ տնակի արտասովոր նիստին մէջ տրուած Ցոյցի վերջնական որոշումը, շտապած էր իջնել Գում Գաբու եւ պատրիարքարանը մնալ իր ժողովուրդին մէջ։

Ս. Պատրիարքը վերէն կը դիտէր փողոցին ալեծուփ ամբոխը, եւ կը զգար թէ վարը բան մը կը դառնար։

Վար իջաւ վերջապէս, ճեղքեց անցաւ ամբոխին մէջէն որ անդադար ու մէ՛կ ձայն կ’աղաղակէր տակաւին, եւ մտաւ տաճարը։

Ժողովուրդը կը ստուարանար տակաւ եւ մայր եկեղեցին նեղ կուգար։

Արարողութիւնը կատարեալ հանդարտութեամբ կը վերջանայ։

«Լցաք ի բարութեանց քոց»ը կ’երգէին դպիրները, եւ պատրիարքը կը պատրաստուէր, ըստ սովորութեան, դուրս ելլել եկեղեցիէն։

Նոյն պահուն, սեւերու մէջ իրենց սուգը ծրարած չորս օրիորդներ, կը մօտենան Ս. Պատրիարքին եւ կը խնդրեն որ հաճի մտիկ ընել իրենց խնդիրքը։

Իզմիրլեան Սրբազան կանգ կ’առնէ դասին մէջ, մինչ ամբոխին աչքերը կը յառէին իրեն, անձկոտ նայուածքով մը։

Ամբիոնը կը բարձրանայ չորս սեւ հագուած աղջիկներէն մէկը, օրիորդ Մառի, եւ կ’արտասանէ հետեւեալը.

«Սրբազա՛ն հայր, ձմեռը կը հասնի, եւ Հայաստանի մէջ, անգութ կոտորածէն զերծ մնացած մեր քոյրերուն, մեր եղբայրներուն ու մեր ամուսիններուն վիճակը, որ արդեն անտանելի է, հետզհետէ աւելի կը դառնանայ։ Ամէն օր լուրեր կը հասնին մեզի թէ՝ առաջուան կացութիւնը չէ՛ թեթեւցած երբէք, այլ, ընդհակառակն, ա՛յն աստիճան ծանրացած է որ՝ վերահաս ձմեռուան հետ մեկտեղ՝ մա՜հը պիտի իջնէ մեր սիրեցեալ հայրենիքին վրայ…։

Ա՛լ չենք դիմանար, Սրբազա՛ն։ Տարի մըն է որ Եւրոպան, Սասունի աննախընթաց Ջարդէն յուզուած, մեր դատը ձեռք առաւ, ամբողջ տարի մը, որուն մէն մի օրը՝ մէկ տարի է մեզի համար, տենդագին անձկութեամբ մը սպասեցինք որ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը վերջապէս իջնեն մեր հարստահարուած ու խաչեցեալ Հայրենիքին վրայ, եւ թէ՝ այնքան հառաչանքներէ վերջ՝ կարենանք վայելել հանգիստ ու ապահով կեանք մը, որուն իրաւունք ունինք իբրեւ մարդ։ Վստահութիւն մը կը տածէինք Եւրոպայի արդարութեան վրայ թէ՝ ա՛լ այս անգամ վերջակէտը պիտի դնէր մեր ցաւերուն, թէ՝ ա՛լ պիտի ցամքեցնէր մեր արցունքները… գիտէինք նաեւ թէ՝ ձեր հայրագորով, հոգածութեամբ՝ ամէն բան եւրոպական տէրութեանց աչքին առջեւ կը դնէիք, արիւնոտ տեսարանը բոլոր այն խժդժանքներուն ու կեղեքումներուն, որոնց կարծես թէ յաւիտենապէս ենթարկուած ըլլար հայ ժողովուրդը, սակայն, ահաւասիկ տակաւին բա՛ն մը չեղաւ եւ ահաւոր ճգնաժամը կը մօտենայ։»

Տաճարին մէջ խորունկ լռութիւն մը կը տիրէր, մերթ ընդ մերթ ընդհատուած՝ երկսեռ ամբոխին կուրծքէն փրթած զայրոյթի ու վրէժխնդրութեան ուժգին հրաւէրներու խուլ հեծութիւններէն։

Օրիորդը կը շարունակէ.

«Սրբազան Հայր, ձեզի՛ կը դիմենք ահա՛, եւ կը խնդրենք որ եւրոպական տէրութեանց ներկայացնէք մեր յուսահատութեան ու վրէժխնդրութեան բողոքը։ Դիմեցէ՛ք անոնց ներկայացուցիչներուն եւ ըսէ՛ք թէ՝ ա՛լ չմնաց համբերելու կարողութիւննիս, ա՛լ դիմանալու ոյժ չե՛նք զգար մեր մէջ…։»

Ժողովուրդը կը կրկնէր Օրիորդ Մառիի վերջին բառերը.

Այո՛, Սրբազա՛ն, ա՛լ ոյժ չմնաց որ համբերենք, մահը շա՜տ անուշ է մեզի համար…

Եւ օրիորդը կը շարունակէ.

«Ըսէ՛ք, Սրբազա՛ն Հայր, ըսէ՛ք այդ անկարեկիր Եւրոպայի որ՝ եթէ մօտ օրերս բան մը չընէ մեզի համար, շատ չանցած, ամօթէն պիտի կարմրի եթէ ունի այդ երեսի սուրբ ջուրը–, իմանալով որ ամբողջ քրիստոնեայ ժողովուրդ մը բնաջի՜նջ եղած է…։

«Ըսէ՛ք մեծ դեսպաններուն, պէտք չէ՛ թողուն զմեզ իբր խաղալիք՝ աշխարհիս բռնաւորներուն ամենէ՛ն զարհուրելիին ձե՜ռքը…։ Ըսէ՛ք այս ամէնը, Սրբազա՛ն Հայր, եւ եթէ, Եւրոպան դեռ շարունակէ պահել իր ամօթալի՜ լռութիւնը, գոնէ մենք կը գիտնանք թէ ի՛նչպէս պէտք է մեռնինք…։»

Օրիորդը վար իջաւ ամբիոնէն։

Պատրիարքը շատ յուզուած էր, արդէ՛ն անժպիտ դէմքը՝ զարհուրելի արտայայտութիւն մը հագաւ. աչքերը թաց էին, սիրտը կոտրուած, քանի՛ կը տեսնէր կիներու ողորմուկ վիճակը, քանի՛ կը լսէր ասոնց լացուկոծը. մանաւանդ պանդուխտ գաւառացիներուն աղերսող աչքերը կը ծակծկէին իր սիրտը։

Դարձաւ ամբոխին ու հագագին մէջ խեղդուած կերկեր ձայնով ձայնով մը,

Սիրելի՛ ժողովուրդս, ըսաւ, ի՞նչ… կը կարծէ՞ք թէ անտարբեր կը գտնուի ձեր հովի՜ւը…։ Կը վստահացնեմ ձեզ թէ՝ դուք ինչ որ կը զգաք, նոյնը եւ թերեւս աւելի՛ն կը զգայ ան։ Եւ անփոյթ չեմ գտնուած պաշտօնիս կիրառութեանը մէջ, զի կը զգամ թէ խիղճս քիչ թէ շատ կը վկայէ այդ մասին։ Արդեօք կը կասկածի՞ք, խօսեցէ՛ք…։

Ո՛չ, ո՛չ, գոռաց ամբոխը, կը հաւատա՜նք ձեզի, Սրբազա՛ն։

Ուրեմն, շարունակեց Իզմիրլեան, իմ մտածումս՝ ձեր արցունքը սրբե՜լ է…։

Կեցցէ՜ Իզմիրլեան Սրբազան, գոչեց երկսեռ բազմութիւնը, եւ թնդաց մայր տաճարը։

Պատրիարքը պիտի երթայ, շարունակեց Իզմիրլեան, պիտի զարնէ կառավարութեան դուռը, պիտի երթայ մեծ դեսպաններուն ներկայացնէ ձեր խնդիրները, սակայն, զաւակնե՜րս, գիտէք թէ՝ քրիստոնէութիւնը համբերութեան պարտք մը կը դնէ հաւատացեալ ժողովուրդին վրայ. շտապով չենք կրնար ընել այս ամենը։

Գացէ՛ք, սիրելի՛ ժողովուրդս, ցրուեցէ՛ք հիմակ, ես ամէն բան պիտի կարգադրեմ։ Փոքր ինչ հանգիստ ձգեցէ՛ք ձեր պատրիարքը, ազատ թողէ՛ք զիս որ պարտականութիւնս կատարեմ։»

Պատրիարքը հազիւ վերջացուցած էր իր խօսքը, երբ ամբոխին մէջէն զատուած չորս օրիորդներէն մէկը, օրիորդ Քրիստինէ գոչեց.

Ժողովուրդը մա՜հ կամ ազատութի՜ւն կ’ուզէ, Սրբազա՛ն Հայր։

Ամբոխին խանդավառ ծափերէն ողջունուած, Իզմիրլեան պատրիարքը դուրս կ’ելլէր տաճարէն, Պատրիարքարանը վերադառնալու համար, երբ յանկարծ, ձայն կը տրուի թէ՝ յեղափոխականները ներս կը մտնեն։

Պատրիարքը կը մարի կ’իյնայ գետին։

Յուզումը մեծ է։

Պատրիարքին նուաղման լուրը փայլակի թեւով շրջան կ’ընէ ամբոխին մէջ։

Ամբոխը կ’երերայ եւ տաճարէն դուրս կը խուժէ։

Շուտով կը հասնին բարապանները, նոյնպէս Պատրիարքարանի պաշտօնեաներ։

Երուսաղեմի Պատրիարքական փոխանորդի օգնական, Տ. Գէորգ Երէցեան վարդապետ կը հասնի իսկոյն, եւ բարապաններուն օգնութեամբը Ս. Պատրիարքը փոխադրել կուտայ Պատրիարքարանը։

Յեղափոխականները զանազան թաղերէն հոն հաւաքուած, ամբոխին գլուխը կ’անցնին։

Ու թափօրը կը շարժուի։

«Ձայնը հնչեց Էրզրումի Հայոց լեռներէն»ը կը հնչեցնեն հազարաւոր բերաններ ու թափօրը ճամբայ կ’ելլէ Գում Գաբուէն դէպի Բ. Դուռը, ուր արդէն մայրաքաղաքի ամէն կողմերէն սկսած է դիմել հայ ժողովուրդը։

Ժամը տասնուկէսէն տասնըմէկ, Ցոյցը մեծ համեմատութիւններ կը սկսէր առնել եւ շարժումը կը տարածուէր Բ. Դրան շրջակայքը։ Ընդհարումը վայրկենական եղաւ, այնքան արագօրէն, որ դիտողը կը շուարի նկարագրել։ Գարաքէօյի կամուրջին Ստամպօլի կողմը, զօրքերն ու ոստիկանները կը կտրեն ճամբաները, բայց ցուցարարները, հարիւրներով, հազարներով Հայեր, խմբովին կը կտրեն շղթան ու կ’առաջանան դէպի Բ. Դրան պողոտան, ուր երբ կը հասնին, կը տեսնեն թէ՝ աւելի առաջ անցնելու բացարձակ արգելք դրուած էր։ Ցուցարարներուն պարագլուխներէն Հայաստանցի մը, որ կ’առաջնորդէր խումբի մը, յանկարծ կը ցցուի սպայի մը դէմ եւ կը հարցնէ թէ՝ ի՛նչ իրաւունքով թոյլ չտրուիր իրենց առաջ երթալու. անդիէն պարզ զինւոր մը մերկ սուինովը կը պատասխանէ Հայուն, որ, իր կարգին, դաշոյնը կը քաշէ։ Այս միջոցին ուրիշ Հայ մը, տեսնելով թէ զինւորները սուիններու հարուածներով կըսպաննեն իր ընկերները, օգնութեան կը վազէ եւ դաշոյնի հարուած մը կ’իջեցնէ զինւորի մը գլխուն. սա վայրկենապէս գետին կը փռուի անշնչացած։

Ճակատամարտին նշանը կ’ըլլայ ասիկա, եւ ընդհարումը կը սաստկանայ։

Մէկ կողմէ՝ զօրքերն ու ոստիկան զինւորները, միւս կողմէ՝ հայ ժողովուրդը, կը սկսին կրակել իրարու վրայ։

Արիւնը կը ներկէ Բ. Դրան պողոտան։

Բազուկներ, օդին մէջ բարձրացած եւ յետոյ անջատուած՝ ուսերէն, քանի՛ քանի գլուխներ, վիզերնուն զատուած, կը թաւալին պողոտային մէջ ու կը կոխկռտուին։

Ընդհարումը կը տեւէր, հետզհետէ աւելի բուռն թափով մը։

Եւ ահա՛ Չաթալ խանէն կը հասնի հինգ հարիւր հոգիներու խումբ մը, որ կ’ուզէ ճեղքել ամբոխը, եւ առաջանալ դէպի Բ. Դուռը։

Զինւորներուն կողմէն կատաղի ընդդիմութիւն մը տեղի կունենայ եւ երկու թշնամի խումբերը կը խառնուին իրարու։

Այս միջոցին սօֆթաները կ’իջնեն հրապարակ եւ ժողովուրդին մոլեռանդութիւնը գրգռելով կը հրաւիրեն զանոնք մզկիթները, ուր ձմեռուան կտրուած դիզուած վառելափայտը տալով ամբոխին ձեռքը, կը հրամայեն որ զարնեն ճամբան հանդիպած Հայերուն։ Այսպէս, խեղճ, անմեղ Հայեր, որոնք հանդարտօրէն կ’երթային, ճամբան յանկարծ կոճղ մը կ’ուտեն գլուխնուն ու գետին կ’իյնան։ Իսկ զինւած փոքրաթիւ Հայերը րէվօլվէրով կը պատասխանեն իրենց կրած հարուածներուն։

Ա՛լ հայ ու թուրք ժողովուրդը խառնուած են իրարու, Բ. Դրան շրջափակը, ուր ոստիկան զինւորները կ’օգնեն իրենց համիտեան կռուողներուն։

Ճիշդ այս պահուն է որ վերէն կը հոսի Գում Գաբուի բազմութիւնը, բայց կը տեսնէ որ վարի կողմէն գործը մեծ ծաւալ ստացած է եւ հայ ժողովուրդը, բազմաթիւ վիրաւորներ ու մեռածներ թողած ճակատամարտին գետինը, կամաց կամաց ետ կը քաշուի։

Յուսահատական րոպէի մը մէջ, այդ բազմութիւնը կը սկսի րէվոլվէրի գնդակներ տեղացնել Բ. Դրան շէնքի պատուհաններուն վրայ։

Մայրաքաղաքը սարսափի մէջ է։ Կէս ժամուան մէջ ամբողջ Պոլիսը, Ղալաթիան ու Բերան իրարանցումի կը մատնուին։

Տօնին առիթովը գոցուած են արդէն հայ վաճառատունները, որոնցմէ բաց մնացած փոքրաթիւ խանութներն ալ կը գոցուին անմիջապէս ու տէրերը կը փախչին։

Հրապարակը կը մնար Յոյներուն ու Հրեաներուն։

Նախարարները, զինւորական հրամանատարները հետզհետէ կը հասնին Ցոյցին վայրերը, եւ հազիւ կը համարձակին մտնել իրենց պաշտօնատեղիները. սակայն, շատ չը տեւեր, այս դրանիկ էֆէնտիները շուտով կը ձգեն գործերնին ու կծիկնին կը դնեն։ Ընդհանուր խուճապին մէջ դիտել պէտք էր թէ ի՛նչպէս այդ վէս ու խրոխտ… էֆէնտիները մէկ մէկ կառք մտած, դողալով կամուրջ կը հասնէին ու կը նետուէին շոգենաւը։

Սուլթանը, Եըլտըզի Որջէն պատգամներ կ’որոտայ, վայրկեանէ վայրկեան թիկնապահներ կը ղրկէ լուր առնելու եւ հրահանգներ բերելու։

Իսկ անդին, Գում Գաբուի պատրիարքարանին մէջ, Իզմիրլեան Պատրիարքը հիւանդ պառկած, ջիղերը գրգռուած, տենդոտ վիճակի մը մէջ, նոպաներ կ’անցնէ։ Եւ ահա՛ Մեծ Եպարքոսի թիկնապահներէն մէկը կուգայ եւ իր տիրոջ կողմէն պատրիարքը կը հրաւիրէ տեսակցութեան երթալու իրեն քով. սակայն պատրիարքը հիւանդ է եւ չկրնար տեսակցիլ ո՛չ մէկու հետ։

Թիկնապահը կը մեկնի եւ քիչ յետոյ կը վերադառնայ, հետը բերելով պաշտօնագիր մը որ ստորագրուած էր Սատրազամէն, Շէյխ­իւլ­Իսլամէն եւ Արտաքին ու Ներքին գործերու նախարարներէն։

Այդ պաշտօնագրով պատրիարքը կը հրաւիրուէր խօսք հասկցնելու ժողովուրդին, ցրուելու եւ հանդարտութեան յորդորներ տալու իրենց։ Պատրիարքին քարտուղարը պատշաճ պատասխանները տալով կը ճամբէ թիկնապահը։ Շատ չանցնիր, Սուլթանին թիկնապահը կը հասնի եւ չկրնալով ներկայանալ հիւանդ պատրիարքին, կը ստիպուի քարտուղարին հետ տեսակցիլ եւ անոր հաղորդել իր տիրոջ հրամանները, ժողովուրդը հանդարտեցնելու եւ ցրուելու։

Կայսերական թիկնապահը կը մեկնի, եւ ահա՛ ոստիկանութեան նախարարութեան տնօրէն Հիւսնի պէյը կը հասնի Գում Գաբուի պահականոցը, ուր պատրիարքին քարտուղարը հրաւիրելով բանակցութիւն կը կատարէ անոր հետ։ Հիւսնի պէյին ալ փափագն էր որ պատրիարքը հրահանգ տար հանդարտեցնելու եւ ցրուելու ժողովուրդը։

Ոստիկանութեան նախարարը նոյն գիշերը պատրիարքին քով կուգայ երկու անգամ եւ կայսերական առատ խոստումներով կ’աշխատի համոզել Իզմիրլեան Սրբազանը, որ դուրս հանել տայ Մայր եկեղեցին ապաստանած հարիւրաւոր հայերը, սակայն ասոնք կը մերժեն, չեն ուզեր դուրս ելլել շրջափակէն, վախնալով որ չըլլայ թէ զօրքերէն յօշոտուին դուրսը։

ԴԷՊԻ ԵԸԼՏԸԶի ընթերցողներուն շահեկան պիտի ըլլար տալ քանի մը հատուածներ, նոյն թուականի Մեծ Եպարքոսի յիշատակարանին մէջէն, որոնք պաշտօնական ու վաւերական կը համարուին աստիճան մը, օսմանեան կայսրութեան մեծագոյն պետական մարդերէն մէկուն ակնոցովը դիտուած եւ նկարագրուած ըլլալով Բ. Դրան այս Հայկական Ցոյցը, որ դղրդեցուց ամբողջ քաղաքակրթեալ աշխարհը։

Ահաւասիկ թէ ի՛նչպէս կը պատմէ Սայիտ բաշա.

Բշ. առտու, Բ. Դուռ երթալու համար երբ ճամբայ ելած էի, նախ Ֆընտըգլըի առջեւ եւ քիչ ետքը կամուրջին վրայ երկու ժուռնալ ստացայ ոստիկանութենէն, որոնք կը ծանուցանէին թէ՝ Հայերը խմբովին զինուած՝ դէպի Բ. Դուռ կ’առաջանային։ Կառքս անմիջապէս փութացնելով, ժամը հինգ ու կէսին Բ. Դուռ հասայ։ Իսկոյն ներքին գործոց նախարար Րիֆաթ փաշայի հետ գրաւորապէս խորհրդակցելու համար, խորհրդական Թէվֆիգ փաշան եւ Ամէտճի ու Մէքթուպճի պէյերը կանչեցի։ Նոյն միջոցին ոստիկանութեան նախարարն ալ Բ. Դուռ եկաւ, եւ գանգատեցաւ թէ ոստիկան զինւորներուն թիւն անբաւական է եւ թէ ոստիկան զինւորներու հրամանատարը սպարապետին ղրկելով, զինւոր ուզած է, բայց այս վերջինը մերժած է զինւոր տալ։

Քիչ ետքը երկու յայտարարութիւններ հրատարակեցինք։ Մէկը՝ Հայոց Պատրիարքին եւ Կրօն. ու Քաղաք. ժողովի անդամներուն եւ միւսն ալ՝ Բ. Դրան վրայ եկող խուռներամ ամբոխին։ Առաջինով կը հրաւիրուէր Պատրիարքը, Քաղաքական ու Կրօնական ժողովի անդամներէն մէյ մէկ անձի հետ Բ. Դուռ գալ ու իրենց պահանջումը ի՛նչ որ է բերանացի հաղորդել։ Իսկ միւս յայտարարութիւնը՝ հաւաքուած ժողովուրդին կը ծանուցանէր թէ՝ օրէնքի անունով կը հրաւիրուին անմիջապէս ցրուիլ, հակառակ պարագային, օրէնքին տրամադրութիւնները պիտի գործադրուին իրենց նկատմամբ։

Բ. Դրան մէջ գտնուող թիկնապահներէն Նէշէթ էֆ. զինուած ժողովուրդին դէմ այս յայտարարութիւնը կարդալու անկարողութիւն ցոյց տուաւ, իսկ միւս թիկնապահը Խալիտ պէյ սիրայօժար ընդունեց այս պաշտօնն եւ զայն կատարեց կէտ առ կէտ։ Բ. Դրան մէջ աւագ թիկնապահէն զատ ոչ ոք մնացած ըլլալով, թէեւ Սպարապետութենէն քանի մը թիկնապահներ պահանջուեցաւ, սակայն պատասխան եկաւ թէ՝ եւ ո՛չ մէկ թիկնապահ կայ ներկայ, Սպարապետութեան Դրան մէջ։ Ոստիկանութեան նախարարը քանի մ’անգամ Բ. Դուռ գալով յայտարարեց թէ՝ Հայ ժողովուրդը հասած է Պարսկական դեսպանատան առջեւ եւ ցուցարարներուն մէկ մասն ալ արդէն իսկ Բ. Դրան մօտեցած է, մինչդեռ անոնց մեծագոյն մասն ալ փողոցներուն մէջ ցրուած էր, ուր կռիւը սկսած է շարունակուիլ ոստիկաններուն եւ զինուած Հայերուն միջեւ։ Ոստիկանական պատրաստ ուժն անբաւական է ցոյցին առաջքն առնելու։ Ուստի պէտք է անմիջական կերպով զինւոր տրուի Սպարապետութենէն։ Եւ սակայն ասոնց ամէնքն ալ անլսելի մնացին Սպարապետութեան կողմէ։

Բ. Դրան մէջ 60-70ի չափ պահակ զինւորներ կային եւ սակայն ռազմամթերք բնաւ չկար։ Արդ, եթէ Հայերն յարձակէին, ի՞նչ պիտի ընենք, կ’ըսէր պահականոցին հրամանատարը։ Պատասխան տրուեցաւ թէ յարձակումի մը միջոցին սուինով պէտք է դիմադրէին։ Կ’երեւայ թէ այս հրահանգը բերնէ բերան տարածուած եւ իրարու յաջորդող պաշտօնական յայտարարութիւններն ու տրուած ազդու հրամաններն իրենց արագ ազդեցութիւնն ունեցած էին։ Եւ սակայն ի՛նչ օգուտ որ զինւորական ոյժին բացակայութիւնը տեսնող տգէտ ժողովուրդն սկսած էր այլեւս իրարու վրայ յարձակիլ ու լուր տարածուած էր թէ յարձակողներուն մէջ, զինւորներ ու սօֆթաներ ալ կ’գտնուէին։ Ուստի անմիջապէս յայտարարութիւն մը հանեցինք թէ յանցապարտները պատժելու իրաւունքը կառավարութեան կը վերաբերի եւ թէ ժողովուրդին մէկ մասը իրաւունք չունի ուրիշ դասակարգի մը եւ ուրիշ անձի վրայ յարձակելու։ Հետեւաբար ասանկ յարձակում գործողներ անմիջական կերպով պիտի պատժուին։ Ասկէ զատ գրաւորապէս ծանուցինք նաեւ Շէյխ-իւլ-Իսլամութեան, Սպարապետութեան, Ծովային նախարարութեան, Քաղաքապետութեան եւ Ոստիկանական նախարարութեան որպէս զի ուսանողները, զինւորներն եւ ժողովուրդը արգիլեն յարձակում գործելէ, հակառակ պարագային, պատասխանատուութիւնը պիտի ծանրանայ իւրաքանչիւրին վրայ։ Այս հրամաններն երկու ժամ ետք անգամ մ’ալ կրկնուեցան գրաւորապէս։

Կրօնից Տեսուչ Րիզա բաշան եւ արտաքին գործոց նախարար Թուրխան բաշան ալ հրաւիրուելով, մինչեւ իրիկուն խորհրդակցեցանք դէպքն արգիլելու եւ Կայս. պալատէն ղրկուած անվերջ գրութիւններուն պատասխանելու, որոնց մանրամասնութիւնը ստորեւ պիտի հրատարակենք։ Վերջապէս դէպքը հանդարտեցաւ եւ ժողովուրդը ցրուեցաւ, Գում Գաբուի Պատրիարքանիստ Մայր եկեղեցիին մէջ գիշերուան ժամը երկուքէն ետք 40-50 հոգիէն զատ մարդ մնացած չըլլալը ստուգուեցաւ։ Անոնք ալ պանդուխտ ու անպատսպար ըլլալով մնացած էին հոն, որոնց համար երաշխաւորուեցաւ թէ հետեւեալ օրը դուրս պիտի ելլան։ Նոյն օրը ցերեկին թէեւ նախ Ոստիկանութեան նախարարը եւ յետոյ երկու թիկնապահներ ղրկուեցան Պատրիարքը Բ. Դուռ հրաւիրելու, սակայն բոլոր ղրկուածներն ալ վերադառնալով պատասխանեցին թէ՝ Պատրիարքը յուզումէն հիւանդացած՝ արիւն կը փսխէ եւ հետեւեալ երեքշաբթի օրը Բ. Դուռ պիտի գայ։ Նոյն պահուն պալատէն հրաւիրուած ըլլալով հոն գացի։ Եւ հետեւեալ օրը երեքշաբթի, ես երբ պալատ կը գտնուէի, Պատրիարքը մարդ ղրկեր է Բ. Դուռ իմ հոն գտնուիլս հասկնալու համար, որպէս զի ինձ այցելէ։ Այս պարագան Ներքին գործոց նախարար Րիֆաթ բաշան պալատ գալուն ըսած էր ինձ։

Ինչ որ է, երեքշաբթի օրն ու գիշերը Պալատը մնացի, առանց դուրս ելլալու։ Հետեւեալ օրը չորեքշաբթի, Նախարարաց ժողովին մէջ գտնուելու եւ երկու ժամէն Պալատ վերադառնալու պայմանաւ, կէս օրէն ետք Բ. Դուռ երթալու համար հրաման ստացայ։ Քանի որ ստիպողական գործ մը կար որ Պալատին մէջ պիտի կարգադրէինք, կարելի չէ՞ որ այսօր Բ. Դուռ չերթամ, ըսի սենեկապետ Արիֆ պէյին եւ խնդրեցի որ այս առթիւ Սուլթանին հրամանն առնէ։ Արիֆ պէյ կայսեր ներկայացաւ եւ վերադարձին պատասխանեց թէ Կայսրը կ’ըսէ թէ այսօր Նախարարաց Խորհուրդի օրն է, Եպարքոսի բացակայութիւնը պատշաճ չէ, մինակ թէ պէտք չէ ուշանաք, երթալնիդ ու գալերնիդ երկու ժամ միայն տեւելու է։ Այս հրամանին պատճառն հետեւեալ մանրամասնութիւններէն պիտի հասկցուի։

Հայկական Խնդիրն ուսումնասիրելու համար թնդանօթարանի Վերատեսուչը Պալատ հրաւիրուած էր, որ այս Իրատէին ինձ հաղորդուելու պահուն, Նախարարաց սենեակը կը գտնուէր։ Հոն էին նաեւ դատական, ներքին ու արտաքին գործոց նախարարները, որոնց հետ Բ. Դուռ երթալով ժողով գումարեցինք։ Ես կը կարծէի որ ներկաները ժողովին մէջ նոյն օրուան հայկական դէպքին առթիւ բաներ մը պիտի ըսեն կամ պիտի հարցնեն։ Մինչդեռ ոչ ոք խօսք բացաւ այդ խնդրոյն վրայ։ Առանց ուրիշ խնդիրներու վրայ խորհրդակցութեան ժամանակ ձգելու, նախ Թնդանօթարանի Վերատեսուչ Զէքի բաշա, յետոյ Սպարապետ Րիզա բաշա եւ յետոյ Ծովային նախարար Հիւսնի բաշա, երեքը մէկ բերան յայտարարեցին թէ զինւորական պաշտօնատանց մէջ դրամական խիստ մեծ անձկութիւն կը տիրէ եւ պէտք է անմիջական, անյապաղ կերպով փութացնել նախապէս ծրագրուած մաքսային փոխառութիւնը։ Պատասխանեցի թէ հարիւրը 75 հաշուով այս փոխառութեան գործողութիւնը կատարել ընդունելի առաջարկ մը չէ։ Թուրխան փաշան ալ ըսաւ թէ հիմա Բարիզի դեսպան Զիա բաշայէն հեռագիր մը առի որ կ’ըսէ թէ Բարիզի դրամատէրներէն մէկ քանի պատւաւոր անձինք դեսպանատուն գալով յայտարարած են որ այս փոխառութեան համար ամենանպաստաւոր պայմաններ կ’առաջարկեն, դեսպանին հեռագիրը հոս է։ Պատասխանեցի թէ հեռագիրը թարգմանել եւ ձեւակերպութիւններովը Խորհուրդին ներկայացնելը երկար կը տեւէ, քանի որ երկու ժամէն պալատ պիտի դառնանք, ուստի աւելի աղէկ է որ հեռագիրը բերուի։ Հեռագիրը կարդացինք, ուր դրամատէրները կ’ըսէին թէ Մեծ Եպարքոսութեան ուղղուած իրենց առաջարկները առաջին թղթատարով պիտի ղրկեն։ Հետեւաբար առաջարկեցի որ մինչեւ այդ առաջարկներուն գալը պէտք է սպասել եւ փոխառութեան գործողութիւնը յետաձգել։ Նախարարներէն ոմանք լուռ կեցան։ Մեծամասնութիւնը իմ կողմս ըլլալուն, եւ պալատ վերադառնալու ժամը հասած ըլլալուն, ժողովը ցրուեցաւ։ Ես ալ պալատ վերադարձայ։ (Պաշտօնանկութենէս քանի մը օր ետք, դարձեալ այս փոխառութեան խնդիրը յաջորդիս Քեամիլ բաշայի նախագահութեամբ, պալատան մէջ գումարուած Նախարարաց Խորհուրդին ենթարկուեցաւ, բայց կարելի չեղաւ գլուխ հանել։) Երեքշաբթի իրիկուն գերման իշխաններէն մէկուն ի պատիւ տրուած կայսերական հացկերոյթին ներկայ գտնուելէ ետք, հայկական դէպքին յատուկ թուղթերու քննութեան եւ խորհրդակցութեան համար մինչեւ կէս գիշեր պալատ մնացի, ուրկէ ետք հրաժարեցուցուեցայ, հետեւեալ պատճառներով.

Նախ, Հայկական Խնդիրին սկզբնաւորութենէն ի վեր Սուլթանին հետ համակարծիք չէի։ Երկրորդ՝ մաքսային փոխառութիւնը այնչափ աննպաստ պայմաններով կատարել չյօժարեցայ։ Երրորդ՝ որոշուած բարենորոգումներու տեղեկագիրը վերադարձնել հրամայող իրատէն չգործադրեցի։ Ամիս մը վերջ սակայն, Սուլթանը երկու անգամ ինձ յայտարարեց թէ՝ Բ. Դրան Հայկական Դէպքին երեքշաբթի իրիկունը սենեկապետ Արիֆ պէյ երբ ձեռքը թուղթ մը բռնած իրեն ներկայացաւ, իբր թէ պահ մը մարելիք եկաւ Արիֆ պէյի վրայ, ուրկէ յուզուելով Սուլթանը զիս հրաժարեցուցած էր։ Թէ ի՞նչ էր Արիֆ պէյի ձեռքի թուղթը։ Այս մարդը ոստիկանական նախարարութենէն պալատ եկած մէկ հեռագիրը կայս. հրամանով Էնճիւմէնին բերած էր։ Հեռագրին մէկ պատճէնն ալ ոստիկանութենէն Մեծ Եպարքոսութեան տրուած էր։ Եպարքոսութեան եկած հեռագրին պատասխան մը գրուած էր Էնճիւմէնին որոշումովը, որ կայսեր մատուցանելու համար տրուած էր Արիֆ պէյին։ Ահաւասիկ այս էր թուղթը։ Գալով պատասխանագրին պարունակութեանը, Ոստիկանական նախարարութիւնը կը ծանուցանէր թէ երեքշաբթի գիշեր Բերայի եկեղեցիին մէջ բաւական թիւով հայեր հաւաքուած են եւ կ’ենթադրուի որ ասոնք յարձակում պիտի ընեն կայս. պալատան վրայ։ Իսկ Էնճիւմէնը կը պատասխանէր թէ պալատան վրայ յարձակիլ եւ ո՛չ մէկուն բերնին է ինկեր։ Քաղաքին անդորրութեանը համար ոստիկանութիւնը ամէն միջոց պէտք է գործադրէ։

Արիֆ պէյի ձեռքով կայսեր ներկայացուած այս պատասխանին մէջի «Եւ ոչ մէկուն բերնին է ինկեր պալատին վրայ յարձակիլ» պարբերութիւնը ջիղերուն դպած էր Սուլթանին, որ սենեկապետ պէյը Էնճիւմէնին ղրկելով հրամայած էր որ այդ խօսքը վերցնեն։ Եւ սակայն պատասխանը գացած էր արդէն։ Հակառակ ասոր, Դատական նախարար Րիզա բաշա պատասխանեց որ եթէ ոստիկանութեան նախարարը իր հեռագրին մէջէն հանէ «Հայերը կայս. պալատին վրայ պիտի յարձակին» պարբերութիւնը, մենք ալ անոր տրուած պատասխան պարբերութիւնը կը հանենք։ Եւ սակայն չէի կրնար խելք հասցնել թէ իր հասցէին արդէն իսկ ուղղուած հեռագրին մէջէն ինչո՛ւ կ’ուզուէր պարբերութիւն մը յապաւել։ Ոստիկանութեան նախարարը Բերայի կառավարիչին տեղեկատուութեան վրայ ուղղած էր այս հեռագիրը, ուստի փափագ յայտնեցի որ կառավարիչին ոստիկանութեան ուղղած թէզքերէն տեսնենք անգամ մը։ Սուլթանը այն գիշեր բերել տուած էր թէզքէրէն ու սենեկապետ Ֆայիգ պէյի միջոցաւ Էնճիւմէնին ղրկած։ Երբ կարդացինք, տեսանք որ պալատին վրայ յարձակում գործելու պարագան յայտնող ո՛ եւէ բառ մը իսկ չկար Բերայի կառավարիչին գրութեան մէջ։

Վերը հրաժարեցուցուելուս պատճառներուն մէջ իրատէի մը չգործադրուիլն ալ յիշած էի։ Ահաւասիկ ատոր բացատրութիւնը։ Այն գիշեր պահանջուեցաւ որ բարենորոգումներու համար նախապէս տրուած իրատէի մը պաշտօնաթուղթերը պալատ վերադարձուին, որպէս զի անոնց թուականներուն նայուին։ Պատասխանած էի թէ այդ իրատէներուն թուականները Կայսեր քով պահուած բնագիրներուն եւ Ա. քարտուղարութեան պաշտօնատան տոմարներուն մէջ արձանագրուած են։ Պահանջը կրկնուեցաւ, եւ այս անգամ ալ Արտաքին գործոց նախարարութեան քով գտնուած օրինակներուն թուականին նայեցաւ Արիֆ պէյ եւ սակայն դարձեալ Սուլթանը իրատէով բնագիրները պահանջեց ինձմէ։ Ստիպուեցայ պատասխանել թէ պետական դիւանատան մէջ պահուած կայս. իրատէներուն վերադարձուիլը հակառակ է երկրին օրէնքներուն։ Իմ այս պատասխանս Սուլթանը իր նկատմամբ անվստահութիւն մեկնեց ու սենեկապետ Արիֆ պէյի ձեռքով իրատէ ըրաւ թէ քանի որ վստահութիւն չունի իմ վրաս՝ իրատէներս անձամբ թող բերէ տեսնեմ, ու տեսնելէս ետքը թող առնէ տանի։ Բնականաբար ցաւեցայ որ Սուլթանին անձը անվստահելի եւ կասկածելի կը նկատուէր եւ անանկ կասկած մը կը ծնէր Վեհապետին միտքին մէջ։ Երբ Պետական դիւանատունը բանալ տալով պահանջուած իրատէները բերելու հրաման տուի Ամէտի պէյին, զոր կէս գիշերին Բ. Դուռ ղրկեցի, Ամէտի պէյը չեկած արդէն ես հրաժարեցուցուեցայ։ Ամէտի պէյը երբ պալատ դարձաւ, Քեամիլ փաշան Մեծ Եպարքոսութեան պաշտօնին բարձրացած տեսնելով, իրատէի թուղթերը անոր յանձնեց։

Գալով հայկական դէպքին, Ունճեան Աբիկ եւ Նուրեան Յովհաննէս էֆ. ները յայտարարեցին թէ այս դէպքը Ռուսիայէն եկած տասնըհինգի չափ Հայեր կազմակերպեցին, ժողովուրդը գրգռողներն անոնք էին, Պատրիարքը (Իզմիրլեան) մասնակցութիւն չունի բնաւ։ Ոստիկանութիւնը Ռուսիայէն եկած Հայերուն նկատմամբ շատ անտարբեր գտնուեցաւ։ Չեմ գիտեր թէ առանց Պատրիարքին հաւանութեան ասանկ բան մը կրնա՞ր տեղի ունենալ։ Բայց Պատրիարքին անցեալը խիստ ծանօթ ըլլալով, ի՞նչպէս եղած է որ անհասկանալի ընտրութեամբ մը անիկա Պատրիարք ընտրուած եւ կառավարութեան կողմէ ալ վաւերացուած է։ Ասոր չկրցայ խելք հասցնել։ Բացատրութեան կը կարօտի կառավարութեան համակերպութիւնը եւ վաւերացումն Իզմիրլեանի Պատրիարքութեան, որովհետեւ դէպքին սկզբնաւորութեան կապն այս է։ Գալով ոստիկանութեան, խռովարարներն արեւին ծագելէն առաջ հաւաքուեր են եկեղեցիին մէջ, որոնց նպատակն եւ ընթացքն երբ ա՛լ աւելի կանուխ պէտք էր հաղորդուէր իշխանութեան, ատիկա զանց առնուած է եւ թոյլ տրուած է որ ամբոխին մէկ մասը Սուլթան Մահմուտի առջեւ եւ մէկ մասն ալ Բ. Դրան շրջակայքը հասնի։

Մնաց որ, իմ Եպարքոսութենէս ետք, երկու ամիս մայրաքաղաքիս ամբողջ փողոցներն ու հրապարակները լեցուած էին զինւորներով։ Մինչդեռ ոչ դէպքին օրն եւ ոչ ալ հետեւեալ Երեքշաբթի ու Չորեքշաբթի օրերն որչափ որ զինւոր պահանջեցի, ո՛ եւ է կարեւորութիւն չտրուեցաւ այս պահանջումիս։ Ոստիկանական նախարարութիւնն ալ թէեւ ոստիկան զինւորներուն անբաւականութիւնն առաջ բերելով դէպքին օրը, խստիւ զինւորական ուժ պահանջած էր եւ սակայն անոր դիմումներուն ալ կարեւորութիւն չէր տրուած Սպարապետութեան կողմէ։ Գործն ասանկ ըլլալով հանդերձ, Պատրիարքին ու Պատրիարքարանին շարունակ ղրկուած խիստ հրամաններն եւ հաւաքուող բազմութեան ուղղուած խրատներն ու սպառնալիքներն անզօր չմնացին ու ժողովուրդը ցրուեցաւ։ Առանց կրօնքի ու ազգի խտրութեան, բաւական թուով զինուած անձինք եւ յարձակում գործողներ բռնուելով բանտարկուեցան։

Քանի մը հազար Հայերու իրենց ընտանիքովն եկեղեցիներուն մէջ համախռնուիլն եւ ծանօթ ընթացքին մէջ գտնուիլն եւ դեսպանական միջամտութեամբ միայն իրենց հաւաքատեղիներէն դուրս ելլելն եւ ուրիշ պարագաներ նկատողութեան առնելով՝ երբ բաղդատութեան դնենք դէպքին առջի օրուան ու վերջին օրուան անցուդարձը, անշուշտ պիտի տեսնուի որ իմ բռնած ընթացքս ա՛լ աւելի ուղիղ էր եւ օգտակար։

Ֆընտըգլըի առջեւ երբ ոստիկանութեան առաջին ժուռնալն առի, ինծի հետեւող թիկնապահիս հետեւեալ հրահանգը տուի. շուտով ոստիկանական պաշտօնատունը գնա՛, նախարարը տե՛ս եւ ըսէ՛ որ Հայերը Բ. Դրան վրայ յարձակելէ արգիլելու եւ առանց արիւնայեղութեան զանոնք ցրուելու համար անհրաժեշտ եղած կարգադրութիւնները թող ընէ, եւ Բ. Դուռ թո՛ղ գայ։ Բ. Դուռ հասնելուս, եպարքոսական մէքթուպճին գտայ եւ հետեւեալ հեռագիրը տուի պալատ. «Ոստիկանութեան նախարարութենէն հիմա առնուած թէզքերէի մը վրայ, Հայերուն համախռնումը արգիլելու համար պէտք եղած միջոցներուն ձեռնարկուեցաւ։ Մանրամասնութիւնը առանձին պիտի ներկայացնեմ։» Աւասիկ Պապը Ալիի դէպքին առթիւ փոխանակուած գրութեանց պատճէնները.

Պատրիարքարանին հետեւեալը ուղղուեցաւ.

 

«Հայոց Պատրիարքին եւ հայ երեւելիներուն։ Կը հրամայեմ որ ձեր ժողովուրդը հիմա ցրուէք։ Ըսելիք ի՛նչ որ ունիք, Բաթրիք էֆ. ն, Կրօն. ու Քաղաք. ժողովներէն մէյ մէկ անձի հետ Բ. Դուռ գալով թող հաղորդէ։ Կրկին կը հրամայեմ որ ժողովուրդը ցրուի։

«Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը ֆէխամէթլու, տէօվլէթլու Սատհազամ բաշային եւ Դատական ու Կրօնից նախարար տէօվլէթլու բաշաներուն հետ համախորհուրդ տուած ըլլալնիս կը ծանուցանեմ։»

Ստոր. Ներքին Գործ. նախ.

ՐԻՖԱԹ

18 Սեպտ. 1311

 

Այս զեկուցագիրն ոստիկանական նախարարին հետ ղրկուեցաւ Պատրիարքարան, երբ Հայերուն մէկ մասը արդէն իսկ Պարսից դեսպանատան առջեւ հասած էր, եւ մէկ մասը Սուլթան Ահմէտի եւ Գատըրկայի հրապարակներուն մէջ ցրուած։ Նոյն պահուն ոստիկանութենէն Բ. Դուռ եկած թիկնապահներ ստիպողաբար զինւոր կը պահանջէին, ուստի հետեւեալ հեռագիրը տուի սպարապետութեան.

 

«Ոստիկանական նախարարութենէն հիմա ծանուցուեցաւ թէ Հայերուն հաւաքումը հետզհետէ կը ստուարանայ։ Նախազգուշութեան համար վաշտ մը զինւոր պատրաստ պահեցէ՛ք։»

Ստոր. ՍԱՅԻՏ

 

Այս միջոցին պալատէն հեռագրով հարցուեցաւ թէ գործերն ի՛նչ վիճակի մէջ են եւ թէ Հայերը յարձակա՞ծ են Բ. Դրան վրայ թէ ոչ։ Հետեւեալ պատասխանը տուի։

«Հայերուն Բ. Դուռ եկած ըլլալը շիտակ չէ։ Եկեղեցւոյ հրապարակին եւ Գատըրկայի մէջ հաւաքուած ժողովուրդը ցրուելու համար, Պատրիարքին եւ Հայ երեւելիներուն ուղղուած ազդարարագիր մը ղրկուեցաւ, ոստիկանութեան նախարարութեան ձեռքով։ Յանձնարարուեցաւ որ Պատրիարքը Բ. Դուռ գայ։ Սպարապետութեան ծանուցուեցաւ որ Բ. Դուռը պաշտպանելու համար վաշտ մը զօրք սպասեցնէ պաշտօնատան շրջակայքը։»

Ստոր. ՍԱՅԻՏ

 

Ոստիկանական նախարարն երբ դարձաւ Պատրիարքարանէն, ըսաւ թէ Պատրիարքն յայտարարեր է որ զինքը չի կրնար տեսնել, հետեւաբար նախարարը տեսնուեր է մէկ քանի ժողովականներու հետ, որ ըսեր են թէ պիտի աշխատուի ժողովուրդը ցրուելու, բայց առաջարկուեր է զէնք չգործածել հաւաքուած ժողովուրդին դէմ։ Նախարարը դարձած միջոցին, շատ տեսնելով բազմութիւնը, անդորրութեան պահպանման համար պնդեց որ զինւոր պէտք է ղրկել (10 Րէպի­իւլ­էվվէլ, 313) որով յանձնաժողովը խորհրդակցեցաւ եւ հետագայ զեկոյցը Պատրիարքարանին, իսկ հեռագիրն սպարապետութեան ղրկուեցաւ։

ՊԱՏՃԷՆ ԶԵԿՈՒՑԱԳՐԻՆ
Հայոց Պատրիարքութեան եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներուն ներկայ անդամներուն.

Հաւաքուած ժողովուրդը ցրուելու պէտքը յանուն Կայս. Կառավարութեան հաղորդելու համար ոստիկանական նախարարը ղրկուած էր Պատրիարքարան։ Ս. Պատրիարքը չուզեց տեսնել նախարարը, որուն վրայ եպարքոսական թիկնապահ Խալիտ պէյը ղրկուած էր այս պաշտօնը կատարելու համար, բայց ժողովուրդը դարձեալ չցրուեցաւ։ Միայն ժողովականի մը տուած պատասխանով ետ դարձաւ Խալիտ պէյ, եւ տրուած պատասխանին մէջ ըսուած էր թէ պիտի աշխատի ժողովուրդը ցրուել, եւ սակայն ըսուած է թէ պէտք է ընդունուի ոստիկանական նախարարութեան միջոցաւ Բ. Դռնէն եղած խնդրանքը։ Բայց նախարարին ալ ըսած խօսքէն այնպէս կ’երեւի թէ՝ յանձնարարուեր է որ զէնք չգործածուի հաւաքուած ժողովուրդին դէմ։ Կայսերական կառավարութիւնը մեղմ ընթացք բռնեց ըստ օրինի արգիլեալ հաւաքումներու պատճառ եղող անձանց հանդէպ, անոնց նկատմամբ գործեց Պատրիարքարանին միջոցաւ, եւ հաւաքումն ալ տարբեր կերպով չցրուեց, ինչ որ արդիւնք էր իր գորովալիր դիտումներուն, զի գիտէր թէ այս հաւաքումը գործն էր սահմանափակ թուով կարգ մը մարդոց, որոնց դիտումները ո՛չ կառավարութեան շահուն եւ ոչ ալ հասարակութեան օրինաւոր եւ օրինական շահերուն կը համապատասխանեն։ Հետեւաբար, մինչեւ մէկ ժամ, հաւաքուած ժողովուրդը յանուն օրինաց ցրուելու որոշում տրուած է միաձայնութեամբ։»

10 Րէպի­իւլ­Ախըր, 1313

Արտաքին գործոց նախարար՝ ԹՈՒՐԽԱՆ

Ներքին գործոց նախարար՝ ՐԻՖԱԹ

Դատական եւ կրօնից նախարար՝ ՐԻԶԱ

Մեծ Եպարքոս՝ ՍԱՅԻՏ

Այս որոշմնագիրը ցերեկը ժամը 8. 15ին յանձնեցի եպարքոսական թիկնապահ Խալիտ պէյի, պատկանելոյն հաղորդելու համար զայն։

Ներքին գործոց նախարար ՐԻՖԱԹ

10 Րէպի­իւլ­Ախըր, 1313

 

Հեռագիր առ Սպարապետութիւն.

Ոստիկանական նախարարը եկաւ եւ ըսաւ թէ՝ Հայոց բազմութիւնը շատ է. ներքին գործոց նախարարին հետ խորհրդակցութեամբ կ’ազդարարուի ձեզ թէ՝ մի միայն առ ի կանխազգուշութիւն վաշտ մը զինւոր յարմար սպայի մը հրամանին ներքեւ պատրաստ պահէք Բ. Դրան շուրջը։

10 Րէպի­իւլ­Ախըր, 313

 

Հեռագիր առ Սպարապետութիւն.

Հայոց հաւաքումին հետեւանօք միմիայն Բ. Դուռը պաշտպանելու համար թիկնապահի միջոցաւ խնդրուած եւ յետոյ հեռագրով դարձեալ ուզուած մէկ վաշտ զօրքը ղրկեցէք, եւ երկու գունդ հեծելազօրք առ ի կանխազգուշութիւն պահեցէք Սպարապետութեան Դրան մէջ, սպասելով հրահանգի թէ զանոնք պէ՞տք է ղրկել թէ ոչ հաւաքման վայրը։

10 Րէպի­իւլ­Ախըր, 313։

 

Այս հեռագիրն ալ Սպարապետութեան ղրկուելէ վերջը, Սպարապետին կողմէ գիր մը եկաւ Բ. Դուռ։ Այս գիրին մէջ ըսուած էր թէ առտուն ոստիկանական նախարարը իր մօտ ղրկեր է ոստիկան­զօրաց հրամանատարը՝ զօրք տրուելու համար։ Սպարապետը իր գիրին մէջ խօսելով մեր կողմէ եղած դիմումին վրայ, կ’ըսէր թէ զօրք ղրկելը յարմար չէ, եւ պէտք է կորովի ընթացք ցոյց տալ։ Այս գիրէն ետքը հեռագիր եկաւ պալատան Ա. քարտուղարութենէն, ուր ըսուած էր թէ պէտք չէ Բ. Դրան շուրջը Նիզամիյէ զօրք բերել, այլ պէտք է բաւականանալ փողոցներուն մէջ պահակախումբեր շրջեցնելով եւ այսպէս կը հրամայէ իրատէ մը։ Ահաւասիկ պատճէնները Սպարապետին եւ Ա. Քարտուղարին հեռագիրներուն.

«Ոստիկանական նախարարին կողմէ հիմա քովս ղրկուեցաւ ոստիկան­զօրաց հրամանատարը, եւ ծանոյց թէ Հայերը հաւաքուած են Բ. Դրան առջեւ, զէնք գործածած են, եւ Ոստիկանութեան Դռնէն Սէրվէթ անուն մէկը սպաննած են, ժողովուրդին նեղութիւն կը պատճառեն եւ մէկ կողմէ ալ խուռն բազմութեամբ կը խուժեն Բ. Դուռ։ Հետեւաբար խնդրեց զինւորական օգնութիւն։ Բայց ես պատասխանեցի թէ անդորրութեան պահպանման գործը անկ է ոստիկաններուն եւ ոստիկան­զինւորներուն, եւ խորհելով որ գուցէ քաղաքականապէս դժուարութիւն կ’ելլէ զինւորական խստութիւն բանեցնելով՝ առանց կանխաւ հասկնալու թէ ի՛նչ է Հայերուն նպատակը, եւ թէ իրենց շարժումը կանխապատրաստութեան արդի՞ւնք է թէ ոչ, յանձնարարեցի հոգ տանելու անդորրութիւնը պահպանելու ոստիկաններով եւ ոստիկան­զինւորներով, եւ սակայն, ըստ սովորութեան, ոստիկաններու եւ ոստիկան­զինւորներու հետ պտտին պահակախումբեր, եւ այսպէս կորով ցոյց տրուի։ Բաց աստի, ըսի ոստիկան զօրաց հրամանատարին թէ՝ երբ դժուարութիւն մը յառաջ գայ կամ տարբեր պահանջում մը ունենայ, յայտնէ ինծի։ Զայս զեկուցանելով ձեզ, մնամ…

Սպարապետ՝ ՐԻԶԱ

18 Սեպտեմբեր, 1311

 

***

Ձեր երկրորդ հեռագիրը կարդաց Ն. Վեհափառութիւնը։ Ըստ որում արդէն վաշտ մը զինւոր կը գտնուի Բ. Դրան առջեւ, եւ տեղի չտալու համար այնպիսի զրոյցներու թէ կոխուեր է Բ. Դուռը, պէտք չէ դարձեալ զօրք բերել Բ. Դուռ, այլ ոստիկաններու եւ ոստիկան­զինւորներու հետ բաւականաչափ զինւորական պահակախումբեր կազմելով պէտք է դրուին պէտք է առանց արիւնահեղութեան ցրուին հաւաքումները, այս կերպով պէտք է հաստատել անդորրութիւնը, ու պէտք է ձերբակալել ձեռքերնին զէնք ունեցողները իբր կառավարութեան անհնազանդ, եւ այս մասին պէտք է հետզհետէ տեղեկութիւն հաղորդել, ինչպէս կը հրամայէ Կայս. Իրատէ մը, եւ այսպէս ալ զեկոյց եղած է Սպարապետութեան։

 

18 Սեպտ. 311.

 

***

Ոստիկանական նախարարը ծանուցած ըլլալով թէ Հայոց բազմութիւնը մեծ է, Ձեր Բարձրապատուութիւնն ալ սպարապետութեան ծանուցեր է թէ միմիայն առ ի նախազգուշութիւն վաշտ մը զինւոր ղրկուի Բ. Դուռ։ Այս մասին Ձեր ղրկած հեռագիրը տեսաւ Ն. Վեհափառութիւնը։ Բ. Դրան մէջ արդէն շատ զինւոր գտնուելուն համար, եւ յետնագոյն տեղեկութիւններէ հասկցուած ըլլալով թէ Բ. Դրան շուրջ համախմբում չկայ, պէտք չէ վաշտ մը զինւոր բերել Բ. Դուռ, տեղի չտալու համար այլ ընդայլոյ զրոյցներու թէ՝ Բ. Դուռը կոխուած է։ Կառավարութիւնը թող կատարէ իր պարտքը հարկ եղած տեղերն ըստ սովորութեան պահակախումբեր ղրկելով. համախմբումները պէտք է բարւոք կերպով ցրուին առանց թոյլ տալու որ եպերելի անձինք գան Բ. Դուռ, եւ առանց արիւնահեղութիւն ըլլալու, դրդիչները ըստ օրինի ձերբակալուին ու հարցաքննուին, եւ ճշմարտութիւնն երեւան ելլէ, պէտք չէ թոյլ տրուի որ խնդիրն Եւրոպական գոյն ստանայ։ Զայս պատիւ ունիմ ծանուցանել Ձեզ ըստ կայս. իրատէի, եւ զեկոյց ալ եղած է Սպարապետութեան։

Կայս. Ա. Քարտուղար՝ ԹԱՀՍԻՆ

18 Սեպտ. 311

 

Նոյն միջոցներուն մէկ կողմէ կարգադրութիւններ կ’ընէինք դէպքին առաջքն առնելու եւ միւս կողմէ հետեւեալ թղթակցութիւններով կը զբաղէինք։

 

Պալատան Ա. քարտուղարութեան.

Շարունակութիւն քիչ մը առաջուան հեռագիրներուս։ Դատական եւ ներքին գործոց նախարարներուն հետ ենք եւ կը զբաղինք Հայոց հաւաքման առթիւ ձեռք առնուելիք միջոցներուն վրայ։ Ինշալլահ փորձանքը լաւ լուծում մը կը ստանայ։

10 Րէպի­իւլ ­Ախըր, 30»

 

***

Շարունակութիւն երեք հեռագիրներուս։ Թէեւ քիչ մը բազմութիւն տեսնուեցաւ Սուլթան Ահմէտի հրապարակին վրայ եւ Բ. Դրան շուրջը, բայց ցրուեցաւ։ Պատրիարքարանին եւ Գատըրկայի կողմն ալ մեծ բազմութիւն գտնուելուն պատճառաւ զայն ալ ցրուելու մասին յանուն կառավարութեան զեկոյց ընելու եւ իրենց ըսելիքները յայտնելու համար քաղաքական ու կրօն. ժողովներէն մէյ մէկ անդամի հետ Պատրիարքը Բ. Դուռ հրաւիրելու եւ զեկոյցը ամէնուն կարդալու համար նախ ոստիկանական նախարարը, եւ յետոյ եպարքոսական թիկնապահներէն մէկը ղրկուեցան Պատրիարքարան։ Դատական եւ Ներքին գործոց նախարարներուն հետ զբաղած ենք ուշադրութեամբ ձեռք առնելու հարկ եղած միջոցները՝ անդորրութեան պահպանման եւ խնդրոյն բարւոք կարգադրմանը համար։ Պատրիարքը գալէն վերջը ի գործ պիտի դրուի պէտք եղածը ըստ պահանջելոյ հարկին։

10 Րէպի­իւլ­Ախըր, 313.

 

Ժամը 10ին ուղղակի եկաւ ուրիշ իրատէ մըն ալ, որով կը հրամայուէր դարձեալ Պապը Ալի զինւոր չի բերել, հաւաքուած մարդոց թիւը ծանուցանել, եւ սկիզբէն ի վեր տեղի ունեցած անցքերուն մասին մանրամասն տեղեկութիւն հաղորդել։ Վերոյիշեալ զեկոյցին վրայ լուր եկած էր թէ բազմութիւնը պիտի ցրուի մինչեւ մէկ ժամ։ Այս լուրը հասաւ երկրորդ իրատէէն առաջ։ Առաջին յանձնաժողովը հետեւեալ տեղեկագիրը ղրկեց.

 

***

Հիմա պալատան Ա. քարտուղարութեան կողմէ ղրկուած մասնաւոր գրոյն մէջ ըսուած էր թէ Բ. Դրան մէջ արդէն վաշտ մը զինւոր գտնուելուն եւ վերջին լուրերէն ալ իմացած ըլլալուն համար որ Բ. Դրան շուրջը բազմութիւն չկայ, հարկ չի մնար վաշտ մը զինւոր բերելու Բ. Դուռ, այլ պէտք է պահակախումբեր դրուին ըստ կանոնի, պէտք եղած տեղը, բազմութիւնները պէտք է բարւոք կերպով ցրուին առանց թոյլ տալու որ եպերելի անձինք գան Բ. Դուռ, եւ առանց արիւն թափելու. ըստ օրինի ձերբակալուին դրդիչները, ճշմարտութիւնը երեւան հանուի, եւ տեղի չտրուի խնդրոյն եւրոպական գոյն ստանալուն, եւ ձեռք առնուած միջոցները զեկուցուին, ինչպէս կը հրամայէ կայս. իրատէ մը։ Գրուած էր նաեւ թէ այս մասին զեկոյց եղած էր Սպարապետութեան։ Ինչպէս կանխաւ յայտնուեցաւ հեռագրով, Պապը Ալիի եւ Սուլթան Ահմէտի կողմերն եւ ի Գատըրկա համախմբումներ կային, բայց Բ. Դրան եւ Սուլթան Ահմէտի կողմերը տեղի ունեցած համախմբումները ցրուեցան, եւ լոկ առ ի կանխազգուշութիւն Բ. Դրան շուրջը վաշտ մը զինւոր բերել հարկ դատեցինք, դատական, ներքին եւ ոստիկանական նախարարներուն հետ համախորհուրդ, հետեւեալ նկատումներով.

«Նախ եւ առաջ, եթէ չցրուէր Պապը Ալիի շուրջը տեղի ունեցած համախմբումը, հաւանական է որ դժուարութիւններ ծագէին եւ կամ յարձակումներ տեղի ունենային։ Երկրորդ, երբ Բ. Դրան մէջ իբր պատրաստ ցոյց տրուած գումարտակ մը զօրաց թիւն հարցուեցաւ սպայէն, ասիկա նախ ըսաւ թէ 85 հոգի են եւ յետոյ յայտնեց թէ 65 հոգի են ու անկարող են յարձակում մը վանելու։ Երրորդ, ոստիկանական նախարարն յայտնեց թէ ձեռքն ունեցած ոստիկան զօրաց խումբը բաւական չէր, եւ պէտք զգացուց նախարարութեան տրամադրութեան ներքեւ դնելու Բ. Դրան շուրջը գտնուող ոստիկաններն ու ոստիկան­զինւորները, քաղաքին մէջ ուրիշ տեղուանք պաշտպանելու, եւ Գատըրկայի ու Պատրիարքարանին կողմերը գտնուած բազմութեան յառաջխաղացութիւնն արգիլելու համար։ Չորրորդ, հարկ դատուած է վաշտ մը զինւոր տրամադրելի ունենալ, զի թէեւ կ’աշխատուի խնդիրը վերջացնել առանց արիւնահեղութեան, բայց այսպիսի ոյժ մը պէտք էր զինւորական ցոյց մը ընել հարկ եղած պարագային։ Սակայն, ինչպէս յայտնեցինք նախորդ հեռագրով մը, նախ եւ առաջ, երբ ոստիկանական նախարարը ղրկուեցաւ Պատրիարքարան, Պատրիարքն ըսելով թէ հիւանդ է, իր վրայ չէ առեր բազմութեան ցրուումը։ Ոստիկանական նախարարը դառնալէն ետքն ղրկուեցաւ եպարքոսական թիկնապահ Խալիտ պէյ, որուն եւս նոյնն ըսել տուեր է Պատրիարքը, եւ ըսուեր է նաեւ թէ ընդունուի նախարարին միջոցաւ կատարուած խնդիրքը բազմութեան ցրուումին համար։ Եղած խնդիրքն ալ այն էր որ բազմութեան ձեռք չդպցուի։ Վերստին խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ այս մասին, եւ բազմութիւնը ցրուելու համար յանուն կառավարութեան զեկոյց ընելու մասին ղրկուեցաւ յիշեալ թիկնապահը Զեկուցագրին հետ։ Թիկնապահը հիմա դարձաւ եւ լուր բերաւ թէ մնացեալ բազմութիւնը մինչեւ մէկ ժամ պիտի ցրուուի։ Բնական է թէ, ինչպէս կը հրամայէ կայս. իրատէն, ըստ օրինի պիտի ձերբակալուին դրդապատճառները, պիտի հարցաքննուին եւեւ մնացեալ բազմութիւնն ալ պիտի ցրուուի։» Ստորագրութիւն եպարքոսին, դատական եւ կրօնից, ներքին ու արտաքին գործոց եւ ոստիկանական նախարարներուն։

Այսու հանդերձ, Բ. Դուռը ազատած չըլլալով Հայերուն յարձակման վտանգէն, առաջարկուեցաւ պահականոցի սպային որ պահակը կենայ Տիվանհանէին առջեւ, եւ երբ յարձակում գործուի, յարձակողներուն ազդարարել ետ քաշուիլ, իսկ եթէ ասոնք չանսան, զինեալ ոյժով կատարուի վանումը։ Սպան առ այս պատասխանեց որ զինւորները 50-60 հոգի են, թէեւ հրացան ունին բայց ոչ փամփուշտ։ Ասոր վրայ իրեն հրահանգ տրուեցաւ որ Հայերուն կողմէ յարձակում գործուած պարագային սուինով պատասխանուի։ Այս միջոցին էր որ ցամաքային ու ծովային զինւորներէ, կրօնական ուսանողներէ եւ էսնաֆ դասակարգէ ոմանք, սկսեր էին Հայոց դէմ յարձակողական զրոյցներ տարաձայնել։ Քաղաքապետութեան կողմէ գրով մը հաստատուած ըլլալով այս վիճակը, անմիջապէս եւ արագ միջոցով մը գիր ղրկեցինք Շէյխ­իւլ­Իսլամութեան, Սպարապետութեան, ծովային եւ ոստիկանական նախարարութիւններուն որ եթէ այս անհաճոյ վիճակը չարգիլուի, խստիւ պատասխանատու պիտի մնան։ Զինւորական կանխազգուշական միջոցի համար իսկ Նիզամիյէ ոյժ գործածելու թոյլտուութիւն չտալով հանդերձ, իրատէի մը համաձայն, փողոցները շրջելիք պահակախումբերը այն օրը սպարապետութեան կողմէ չղրկուեցան պէտք եղած տեղերը, ժողովրդական այլ եւ այլ դասակարգերու յարձակումները շարունակուեցան, Հայերը բոլորովին չցրուեցան, որով անդորրութիւնը ապահով վիճակի մէջ չէր։ Պապը Ալիի ձեռքը ուրիշ միջոց մնացած չէր, բայց եթէ խաղաղարար եւ յորդորիչ միջոցներով միայն վերջ տալ խնդրոյն։ Վերոյիշեալ պաշտօնատանց պետերուն հրամաններ տրուած ըլլալով հանդերձ, Գատըգիւղէն ուզուած էին Կրօնական Ժողովին նախագահ Տ. Գաբրիէլ (?) (Այստեղ սխալ մը կայ։ Սաիտ բաշա ապա կը ճշդէ թէ ուզած անձն է Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեան, Աբիկ էֆ. Ունճեան եւ Նուրեան էֆ. ներուն հետ), եւ Հայ երեւելիներէն Նուրեան էֆ., որպէս զի երթային պատրիարքին մօտ եւ յորդորներ կարդային։ Հաղորդակցութեանց համար եպարքոսական պաշտօնատան մէջ թիկնապահ չգտնուելուն, դիմում եղաւ Սպարապետութեան մօտ հետեւեալ հեռագրով։

«Եպարքոսական պաշտօնատան մէջ կը գտնուին միայն երեք թիկնապահ, որոնցմէ երկուքը պաշտօնով հեռացած են։ Երկու երեք թիկնապահ ղրկեցէք, որպէս զի հայոց հաւաքման առթիւ պէտք եղած հրամանները կատարուին։»

10 Րէպի­իւլ­Ախըր, 313։

 

Սպարապետէն եկած պատասխանը կ’ըսէր թէ Սպարապետական դրան մէջ ալ թիկնապահ չի գտնուիր, որով, ինչպէս կը տեսնուի յետագայ գրութիւններէն, ստիպուեցանք դիմել պալատ։ Յետոյ ելաւ այն իրատէն որ արդիւնք էր ի կանխազգուշութիւն վաշտ մը զինւոր ուզելնուս։ Անոր ի պատասխան, յանձնաժողովը ժամը 10. 10ին հետեւեալ հեռագիրը ղրկեց պալատան Ա. քարտուղարութեան.

«Ի կանխազգուշութիւն Բ. Դրան մօտ վաշտ մը զինւոր ուզուելուն պատճառն էր վանել հաւանական յարձակում մը։ Բայց ինչպէս կանխաւ յայտնեցինք, Սուլթան Ահմէտի, Գատրկայի եւ Բ. Դրան շրջակայ համախմբումները ցրուած ըլլալով, հիմա զբաղած ենք ցրուելու պատրիարքարանին շուրջը գտնուող բազմութիւնը։ Հոգ կը տարուի որ խնդիրը եւրոպական հանգամանք չստանայ։ Դեսպանատուններուն ալ գրուեցաւ որ անդորրութիւնը կը շարունակէ։ Մանրամասնութիւնք պիտի տրուին տեղեկագրով։»

Ստորագրութիւն՝ Վարչապետին, Դատական նախարարին, Արտաքին ու Ներքին գործոց նախարարներուն։

 

***

Հաւաքուած մարդոց թիւը եւ դէպքին ծագումէն ի վեր ցարդ տեղի ունեցած իրաց մանրամասնութիւնները պիտի յայտնուին պատկանեալ պաշտօնատան, ոստիկանական նախարարութեան տեղեկագրով։ Հիմա Պատրիարքարան ղրկուած զեկուցագրին վրայ լուր ելաւ թէ բազմութիւնը պիտի ցրուի մինչեւ մէկ ժամ։ Կը խնդրենք քիչ մը միջոց տրուի, որպէս զի իրերը բարւոք կերպով ընթանան։

18 Սեպտ. 311

 

Յիշեալ գրութիւններէն ետքը դարձեալ կարգ մը թղթակցութիւններ տեղի ունեցան պալատան հետ, որոնց պատճէնները ահաւասիկ.

 

***

Յաւելուած նախորդ վեց հեռագիրներուս։ Եպարքոսական պաշտօնատան մէջ երեք թիկնապահ կը գտնուի, որոնք կը գործածուին ոստիկանական նախարարութեան հետ հաղորդակցութեան համար որով խնդրեցինք Սպարապետութենէն՝ երկու երեք թիկնապահ ղրկել՝ Պատրիարքարանին շուրջը տեղի ունեցած դէպքերը լուր տալու համար, բայց չղրկուեցաւ՝ թիկնապահ չկայ ըսելով։ Կը խնդրենք որ այս մասին Սպարապետին հրաման ըլլայ իրատէով մը։

18 Սեպտ. 311

Յաւելուած առաջին հեռագրին։ - Սուլթան Ահմէտի շուրջը կրօնական ուսանողներէ, բեռնակիրներէ եւ էսնաֆ դասակարգէն բաղկացեալ աւելի քան 5000 հոգի հաւաքուելով, բիրերով Հայոց վրայ յարձակում գործուած ըլլալուն լուրը հիմա հերքեց ոստիկանական նախարարը, որ այստեղ կը գտնուի։ Նախարարը յայտնեց նաեւ թէ եղած բազմութիւնն ալ որ մեծ չէ, սկսեր է ցրուիլ Իսլամ ժողովուրդին յորդորներովը։ Այսուհանդերձ, հարկ եղած հրամանները տրուեցան որ Հայերը պաշտպանուին յարձակումի դէմ։

18 Սեպտ. 311

 

***

Յաւելուած ութերորդ հեռագրիս։ Ժամը 11էն ետքը դարձաւ թիկնապահը եւ հաղորդեց թէ Պատրիարքարան մնացող մարդոցմէն 50-60հոգի մինչեւ կէս ժամ պիտի ցրուին։ Իսկ մնացեալ 40ի չափ մարդիկ քիչ մը խօսք մտիկ չընելնուն համար ուզեր են այնտեղ անցընել գիշերը։ Ոստիկանական նախարարը Պատրիարքարան ղրկուեցաւ, առաջարկելու եւ զեկուցանելու որ անոնք ալ ցրուին։ Նախարարը տակաւին չդարձաւ եւ ըստ որում յարմար չտեսնուեցաւ երկար ատեն մնալ Բ. Դուռ, արտօնութիւն կը խնդրենք թէ բանակցութեանց շարունակութիւնը ո՞ւր պէտք է կատարել։

18 Սեպտ. 311

 

***

Յաւելուած ութը հեռագիրներուն։ Ոստիկանական նախարարութեան կողմէ զեկուցուեցաւ թէ բազմութիւնը սկսած է ցրուիլ։ Առինք նաեւ ձեր այն հեռագիրը որ կը հաղորդէ կայս. իրատէն, որպէս զի լուր տրուի թէ ամէն ոք իր տեղերը գացած է։ Ինչպէս յայտնուած է քիչ մը առաջուան հեռագրէն, Ոստիկանական նախարարը ղրկուած էր, որպէս զի ցրուին եկեղեցւոյն շրջափակը մնացած սակաւաթիւ մարդիկը։ Նախարարը տակաւին չդարձաւ։ Բայց ըստ որում զանազան մեկնութեանց տեղի կրնայ տալ գիշերը մեր Բ. Դուռ մնալը, արտօնութիւն կը խնդրենք կա՛մ գալու պալատ, կամ երթալ Եպարքոսին տունը, որպէս զի Ոստիկանական նախարարութեան կողմէ զեկոյց մը եղած պարագային, հարկ եղած խորհրդակցութիւնները կատարենք, եւ կամ դառնալու մեր տուները։

18 Սեպտ. 311

ՀԱՅՈՑ ԲՈՂՈՔԸ

***

Հաստատուեցաւ որ Պատրիարքարանի եկեղեցւոյն մէջ կը գտնուին 80-90 հոգի։ Ազդարարուեցաւ որ պէտք է հիմա ցրուին, եւ պատասխան առնուեցաւ թէ պիտի ցրուին։ Ո՛չ մէկ կողմ բազմութիւն մնացած է։ Պատրիարքն ըսաւ որ իբր թէ հաւաքման նպատակն էր գաւառներուն մէջ գործուած հարստահարութեանց հետեւանօք Հայերուն վնասուած ըլլալը, եւ մասնաւորապէս գանգատեցաւ Ամասիոյ կառավարիչ Պէքիր փաշային դէմ։ Պատրիարքին առաջարկեցինք որ Բ. Դուռ գայ, եւ անիկա ալ խոստացաւ գալ։

Ոստիկանական նախարար՝ ՆԱԶԸՄ

10 Րէպի­իւլ­Ախըր 313

ՋԱՐԴՆ Ի՞ՆՉՊԷՍ ՍԿՍԱՒ

***

Յաւելուած միւս ինը հեռագիրներուն։– Հիմա, այսինքն ժամը երկուքին քսան մնացած՝ Բ. Դուռ դարձաւ ոստիկանական նախարարը։ Իր յայտարարութիւնք կը գտնուին վերեւ, 10 Րէպի­իւլ– Ախըր 313 թուակիր 9րդ հեռագրով»։ Ա. Քարտուղարութենէն եղած զեկոյցին վրայ թէ Իրատէ եղած է որ դատական, ներքին ու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ պալատ երթամ, գացի այնտեղ, անոնց հետ միասին կայսեր ներկայացայ, ու դէպքին մասին բերանացի եւս բացատրութիւն տուի։ Բացատրութիւնը տալէ ետքը, պալատան մէջ Նախարարաց Խորհրդոյ յատուկ սենեակը գացինք ու սկսանք խորհրդակցութեան, դէպքին կրկնութիւնն արգիլելու վրայ։ Իրատէ ելաւ որ դէպքին վրայ պատրաստուելիք տեղեկագիրը նոյն գիշերը տրուի։ Այս իրատէին համաձայն, երբ ընկերներուս հետ խորհրդակցութիւնք վերջացան, ես սկսայ թելադրել ու դատական նախարար Րիզա բաշան ալ կը գրէր տեղեկագիրը։ Հազիւ թէ կէսը եկեր էինք, երբ սենեկապետ Արիֆ պէյ եկաւ, եւ ըստ իրատէի հաղորդեց թէ մեր տուները պէտք է դառնանք, եւ ես յաջորդ օրը կանուխ պէտք է դառնամ պալատ։ Կէս գիշերուան մօտ դարձայ տունս, հետս առնելով Ամէտի Մէհմէտ Ալի պէյը։ Բայց ոստիկանական նախարարութենէն հասած գիրերն այնքան շատ էին որ մինչեւ առտու զբաղեցայ անոնց պատասխանները տալով։ Ոստիկանութենէն եկած գիրերը կ’ըսէին թէ Պոլիս, Ղալաթիա, Թօփհանէ, Թէրսանէին կողմերը եւ ի Գատըգիւղ, Հաերը խումբ խումբ կը պտտին, կը յարձակին իսլամներուն վրայ եւ անոնք ալ կը յարձակէին Հայերուն վրայ։ Կը ծանուցուէր նաեւ թէ Հայերը յարձակեր են մէկ քանի պահականոցներու վրայ։ Շարունակ հրահանգ տուի որ ոստիկանութիւնը պահպանէ անդորրութիւնը, երկու ժողովուրդներուն՝ իրարու դէմ յարձակումն արգիլուի, եւ դէպքին տարածման առաջքն առնուի։ Ոստիկանական նախարարն առտուան մօտ հեռագիր մը ղրկեց որով կը ծանուցանէր թէ ցերեկը սպաննուած Հայերուն թիւը 50ի չափ է, եւ արտօնութիւն կ’ուզէր անոնց թաղման։ Գրեցի թէ պէտք է սպանեալներուն ինքնութիւնն հաստատուի, թաղումէն առաջ պէտք է Պատրիարքարան դիմելով կրօնական գործողութիւնները կատարել, բայց ասոնք, ըսի, յաջորդ օրը կատարուելիք գործեր են։ Նախապէս ելած իրատէին համաձայն, յաջորդ օրը միայնակ գացի պալատ։

Քիչ մը ետքը Արիֆ պէյ քովս գալով ըսաւ թէ իրատէի մը համաձայն, պէտք էի ըսել թէ իրա՞ւ է որ Անգլ. նաւատորմը Պոլիս գալու համար անցնելու վրայ է՝ Տարտանելէն։ Պատասխանեցի թէ չեմ կարծեր որ այս լուրը ճիշտ ըլլայ, զի ո՛չ դեսպանատունէն Բ. Դրան եւ ոչ ալ Տարտանելի կառավարչութենէն այս մասին ո եւ է զեկոյց եղած է։ Նոյն պահուն լսեցի ձայնը թնդանօթարանի վերատեսուչ Զէքի բաշայի՝ նախարարներուն յատուկ սենեակին յարակից Ա. Սենեկապետին յատուկ սենեակէն, եւ ըսի Արիֆ պէյին. «Զէքի բաշան այստեղ է, ահա՛ ձայնը կուգայ, եթէ նաւատորմը նեղուցէն անցնելու վրայ է, ամենէն առաջ ինքը պէտք է գիտնայ։ Այս մասին, թէեւ շատ անհաւանական է, եթէ նաւատորմն անցած իսկ է, կրնաք իրարմէ տեղեկութիւն առնել եւ հասկնալ թէ ամրոցներէն ի՞նչպէս կը փոխադարձուի այս ընթացքը։» Արիֆ պէյ քովէս մեկնեցաւ այս պատասխանը հաղորդելու համար Կայսեր։ Մինչեւ ամբողջ մէկ ժամ ո՛ եւ է իրատէ չեկաւ, բայց ժամ մը անցնելէն ետքը, Արիֆ պէյ եկաւ եւ ըսաւ թէ Պոլիս ղրկուած «հրացանակիրները» հիմա ձեռքս գտնուած այս հեռագիրները ղրկեր են։ Գործի համար դատական պաշտօնատուն գացող երկու Հայեր սպաննուեր են Իսլամներուն կողմէ, Հայերը դարձեալ սկսեր են համախմբուիլ, Վեհ. Կայսրը կը հրամայէ որ դուք այստեղ գտնուած ատեննիդ պէտք է ցրուի այն բազմութիւնը։ Պատասխանեցի որ եթէ իրօք այսպիսի բազմութիւն մը կայ, պէտք է կա՛մ ցրուուի եւ կամ թէ գլխաւոր նախարարները պալատ կանչելով պէտք է խորհրդակցութիւն կատարուի, եւ կամ թէ ես Բ. Դուռ երթալով երէկուան նման պէտք է յանձնաժողով մը կազմուի ու միջոցներ ձեռք առնուին։ Եթէ Հայերը դարձեալ հաւաքուած են, ի՞նչպէս կրնամ ես միայնակ ու անհատական միջոցներով ցրուել զանոնք։ Այս խօսքիս վրայ Արիֆ պէյ Կայսեր մօտ գնաց եւ վերադարձին կրկնեց Կայս. նախորդ իրատէն, այսինքն թէ ես միայնակ պէտք էի միջոցներ ձեռք առնէի։ Ես կրկնեցի նախորդ գաղափարս։ Ասոր վրայ իրատէ ելաւ, որուն հետեւանօք արտաքին, ներքին գործոց եւ դատական նախարարները, Թուրխան, Րիֆաթ եւ Րիզա բաշաները, Ամէտի եւ Մէքթուպի էֆ. ները կանչուեցան եւ գործի ձեռնարկուեցաւ։ Միւս կողմէ, շարունակ լուր կուգար թէ ամէն տեղ Հայերն ոտք ելած են ու իսլամներուն հետ կռիւ եւ ջարդ տեղի կ’ունենայ։ Առաջարկեցի նախ եւ առաջ յետագայ ծանուցումը հրատարակել անցուդարձ եղած հրապարակներուն եւ թաղերուն մէջ։ Յանձնաժողովն ընդունեց եւ տեղեկագիր մը պատրաստուեցաւ։ Իրիկունը կայս. իրատէն ելլելէն ետքը, ծանուցումը բազմաթիւ օրինակներով տպագրուեցաւ եւ հեծեալ ոստիկաններու միջոցաւ բաշխուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ երկրին ամէն մասերուն մէջ, սկսեալ բանուկ վայրերէ։

ՊԱՏՃԷՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄԻՆ

Երէկ, մաս մը Հայերու համախմբման ու անոնց ցրուումին մասին այսօրուան լրագիրները տեղեկութիւն հրատարակած են։ Բնական է թէ այս հաւաքման մէջ ոստիկաններու եւ ոստիկան զինւորներուն դէմ զինեալ կեցած անձինք ձերբակալուեցան եւ դատի քաշուելով օրինական տրամադրութիւնները պիտի գործադրուին անոնց հանդէպ։ Կը ծանուցուի եւ կը յանձնարարուի որ իսլամ եւ ոչ­իսլամ կայս. հպատակներու ամէն դասակարգեր ու անհատներ պէտք է շարժին ըստ հպատակութեան օրինաւոր պարտաւորութեանց, եւ ո՛վ որ օրէնքի հակառակ շարժի, խստիւ պատասխանատու պիտի ըլլայ, ու այնպիսիներուն հանդէպ պիտի գործադրուին օրինաց տրամադրութիւնները։

11 Րէպի­իւլ­ Ախըր, 313.