Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԸ.

Մէհտէրխանէին հրապարակը հետզհետէ կը պարպուէր օրուան այցելուներէն, որոնք առտուընէ մինչեւ իրիկուն, գրեթէ անընդհատաբար, իրարու յաջորդած էին, կարգով տեսակցելով իրենց բանտարկեալներուն հետ։

Ոստիկանութեան պաշտօնեաներն ալ հետզհետէ կը քաշուէին եւ միայն պահապան ոստիկան զինւորներն ու բանտապահները կը մնային հոն։

Մութը կամաց կամաց կը տարածուէր եւ փողոցներուն մէջ անցուդարձը կը դժուարանար իրիկուան վերադարձողներէն, որոնք խումբ խումբ կը վազէին Կամուրջին կողմը, Վոսփորի կամ Ոսկեղջիւրի շոգենաւները չը փախցնելու համար։

Անցորդներու խուռն ամբոխը ճեղքելով, իրիկուան այս ուշացած պահուն, սեւերու մէջ փաթթուած աղջիկ մը, հապճեպ քայլերով կ’առաջանար դէպի Մէհտէրխանէն։

Էօժէնին էր, սեւ շալ մը գլուխը, թափանցիկ շղարշով մը դէմքը ծածկած, ներս ուղղուեցաւ։

Տնօրէնը հոն էր, իր սենեակը։

Սրտոտ աղջիկը, իր հպարտ դիրքը պահելով միշտ, ձեռքի փոքր պայուսակին մէջէն դուրս հանեց նախարարին տուած այցաքարտը, զոր երկնցուց տնօրէնին ու ինքը կեցաւ ոտքի վրայ, սպասելով որ արտօնուէր տեսնելու իր… Թորգոմը։

Սիրտը կը բաբախէր։

Տնօրէնը, ջղուտ ծերուկ մը, կանչեց բանտապահ մը եւ, Էօժէնին ցոյց տալով.

Ալի՛ աղա, ըսաւ, ա՛ռ այս օրիորդը, մասնաւոր սենեակը տա՛ր, նորեկ Սկիւտարցի պատանին ալ դուրս հանէ՛, թո՛ղ տեսակցին, բայց, կէս ժամէն աւելի չը տեւէ՜, տեսակցութիւնը, հասկցա՞ր։

Ալի աղան մասնաւոր սենեակը տարաւ Էօժէնին, եւ ինքը, երեսը բանտարկեալներուն կողմը դարձուցած, կանչեց բարձր ձայնով.

Սկիւտարցի նորե՜կը…։

  Քիչ յետոյ երեւցաւ Պ. Թորգոմ, դժգոյն, նիհար, թախծոտ դէմքով մը, գլուխը գերծուած։

Ալի աղան թեւէն բռնեց բանտարկեալին ու մատովը նոյն սենեակը ցոյց տալով.

Տե՛ս, ըսաւ չարաճճի ժպիտով մը, ո՞վ է ներսինը։

Ալի աղան, փորձ ու հոտառու մարդ, առանձին ձգել ուզեց երկուքը։ Ուստի ինքը սենեակին բոլորտիքը սկսաւ շրջան ընել, վայրկեանները համրել։

Երջանիկ վայրկեան, յուզի՜չ տեսարան, գրկախառնումը Թորգոմին ու Էօժէնիին։

Յուզման առաջին թափը վերջանալէ յետոյ,

Շո՜ւտ, շուտ ըրէ՛ Թորգո՜մս, կը փսփսար Էօժէնի Թորգոմին վիզին պլլուած. հանուէ՛ շուտով, իմ հագուստներս հագի՛ր, ժամանակը կարճ է, շա՜տ կարճ է։

Ինչո՞ւ, Էօժէնի, ինչո՞ւ փախուստի այս գձուձ միջո՜ցը… ի՞նչ կայ որ…

Ոչի՜նչ, ոչի՜նչ, կը կրկնէր Էօժէնի, բայց կը պաղատիմ, ժամավաճառ մի՛ ըլլար, շուտով ըրէ՛ ինչ որ կ’ըսեմ քեզի. շու՛տ, շո՛ւտ, հանուէ… քու հագուստներդ ե՛ս պիտի հագնիմ, եւ իմ հագուստներս՝ դուն. ես բանտը պիտի մտնեմ, իսկ դուն պիտի մեկնիս, հեռանաս ողջերու այս գերեզմանէն…։

Ու կուլար, կը պաղատէր, իր փափուկ ձեռքերով կը հանուեցնէր Թորգոմը, մինչդեռ այս վերջինը շատ կ’աշխատէր թափանցելու գաղտնքիը, իր նշանածի այս վարմունքին շարժառիթը։

Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, կը կրկնէր Թորգոմ յամառօրէն, ինչո՞ւ.

Վե՜րջը կ’իմանաս անշո՛ւշտ, հոգի՛ս, վա՜ղը կ’իմանաս, կըսէր Էօժէնի, թախանձանքներով կը պաղատէր ու տաք տաք համբոյրներովը կ’այրէր Թորգոմին ճակատն ու երեսները, աչքերը։

Վերջապէս տեղի տուաւ Թորգոմ, Էօժէնիի արցունքներուն ու աղաչանքներուն չը կրցաւ դիմանալ. շուտով հանուեցաւ ինք եւ իր նշանածին սեւ հագուստները քաշեց վրան, մինչդեռ միւս կողմէ, Էօժէնի, իր պաշտեցեալ բանտարկեալին ցնցոտիները կը հագնէր։

Նայէ՛, Թորգո՛մ, ըսաւ Էօժէնի, իմ հագուստներուս տակ ա՛լ չը պիտի ճանչցուիս հիմակ, միայն գլուխդ կայ, գերծուա՜ծ գլուխդ. ատո՛ր ալ ճարը դիւրին է։

Ի՜նչպէս, Էօժէնի՛, ի՜նչպէս, առարկեց Թորգոմ վարանոտ դէմքով մը։

Այսպէ՜ս, յարեց Էօժէնի։

Ու քովէն մկրատ մը հանելով, արմատէն կտրեց իր գեղեցիկ վարսքը, որով ծածկեց վայրկենապէս Թորգոմի գերծուած գլուխը։

Կէս ժամը կը լրանար, հրաժեշտի վայրկեանը մօտեցած էր։

Ամեն պատրաստութիւն վերջացած, երկու սիրահար հոգիները բաժնուեցան իրարմէ։

Մութը թանձրացած էր արդէն, հազիւ կարելի էր որոշել դէմքերը։

Թորգոմ, Էօժէնիի տարազին տակ ու գերծ գլուխը՝ խիտ մազերու խուրձի մը մէջ կորսուած, սեւ շալ մը վրան, թափանցիկ շղարշով մըն ալ երեսին, մանտիրտիկ տիտիկներու յատուկ քայլերով կը հեռանար բանտէն, մինչդեռ Էօժէնի, Թորգոմի ցնցոտիներուն մէջ բոլորովին այլափոխուած մերկ ու լերկ գլուխը վար կախուած, բանտապահ Ալի աղային աչալուրջ (. ՞) հսկողութեան տակ, կ’առաջնորդուէր բանտ։

Բանտարկեալները ներս քշուած էին ու դռները կղպուած։

Էօժէնի, տարիներէ ի վեր բանտի կեանքին մէջ թրծուած թշուառի մը պէս, առանց ինքզինք մատնելու, կը պատրաստուէր իբր թէ ուղղուելու իր, այսինքն Թորգոմին խուցը, երբ հերթապահ բանտապան մը, երկաթէ խոշոր բանալի մը ձեռքը, կ’աճապարէր բանալու դուռ մը, ուրկէ այլանդակ աղմուկներ կը լսուէին։

Թորգոմին խուցը, կ’ըսէր ինքնիրեն Էօժէնի ու կը հետեւէր Դժոխքի Դռնապանին։

Մէհտէրխանէին մէջ մեծ թիւով հայ բանտարկեալներ կային, ամենքն ալ դատապարտուած, սկսեալ երեք տարուան բանտարկութենէն, մշտնջենաւոր բերդարգելութեան կամ թիարանի, կամ մահուան, ամենքն ալ Բ. Դրան Ցոյցին առիթովը ձերբակալուած ըլլալով։

Թորգոմէն զատ, որ այն պահուն արդէն հասած պիտի ըլլար Կամուրջի Սկիւտարի նաւամատոյցը, Մէհտէրխանէի մէջ էին մահուան դատապարտուած տասնեակներով Հայեր, ինչպէս. –Վարդերես՝ Մարզուանի Հրոսախումբէն, Թադէոս, Ստեփան Արմէնեան Խասգեղցի՝ Մաքսուտ Սիմօն պէյի սպաննիչներէն, Արմենակ Կարինեան՝ փաստաբան Խաչիկ էֆէնտիի սպաննիչը, Յարութիւն՝ հազարապետին սպաննիչը, Գանտիլլիցի Համբար՝ Գարակէօզեանի սպաննիչը, Ուղուրլեան Սենեքերիմ էֆ. ի սպաննիչը՝ Չէնկիլէրցի Գարեգին եւ Համբարձում էֆէնտիի սպաննիչը՝ Թէքիրտաղցի Գալուստ։ Նոյնպէս հոն էին Խրիսթօ եւ իր ընկերը, պուլկար յեղափոխականներէն, Տր. Վուլքօվիչի սպաննիչները։ Ու ասոնցմէ զատ, կային նաեւ բազմաթիւ յոյն ու թուրք ոճրագործներ, որոնք, ամէնքն ալ մահուան դատապարտուած, ա՛լ վարժուած՝ իրենց սեւ ճակատագրին, մահուան կը սպասէին։

Կարծեցեալ Թորգոմը, նոյնինքն օրիորդ Էօժէնի, բանտապահին առաջնորդութեամբ ներս մտաւ, Թորգոմի խուցը, ուր իրմէ զատ ո՛չ մէկ հայ չէր գտնուէր, ամէնքն ալ ոճրագործներ, նոյնպէս մահուան դատապարտուած։

Բանտապահը դուռը պինդ մը կղպեց ու հեռացաւ։

Էօժէնի, նոյն գիշերը, իր կուսութեան անարատ պատիւին միակ պահապանը դարձած, մէկ կողմէ, Թորգոմի ազատութեան համար իր կրած ներքին ցնծութեան յուզումէն, միւս կողմէն, իր հոգիին, իր Թորգոմին, կամ աւելի ճիշդը, իրեն համար Կամուրջին գլուխը ցցուած վաղուան կախաղանի մղձաւանջէն կը յաճախուէր։ Իր աղջիկի գանկին տակ փոթորիկ մը կը ծրարուէր։

Ու Էօժէնիի աչքերէն խոյս կուտար քունը։

Ամբողջ գիշերը հսկեց հոն, ոճրագործներու այն թունաւոր ճախճախուտքին մէջ։