Բ.
Մէկ
ամիս
անցած
էր
Ապտիւլ
Համիտի
գահակալութեան
19րդ
տարեդարձի
օրէն
ի
վեր,
եւ
տակաւին
Բ.
Դուռը
գոհացուցիչ
պատասխան
մը
չէր
տուած
երեք
մեծ
դեսպաններուն,
մայիսեան
ծանօթ
Ծրագրին
նկատմամբ։
Եըլտըզ
կը
յամառէր
տակաւին,
եւ
չէր
ուզեր
առնել
ո՛չ
մէկ
վճռական
քայլ
դէպի
լուծում։
Եւրոպական
դիւանագիտութիւնը,
մասնաւորապէս
բրիտանականը,
նախ
որոտագոչ
սպառնալիքներով
ճամբայ
ելած,
նոյնիսկ
հայկական
ինքնավարութեան
մը,
հայկական
իշխանապետութեան
մը
մղձաւանջը
կախելով
Եըլտըզի
Մենագարին
գլխին
վերեւ.
լոկ
իր
գձուձ
շահերուն
երկրպագու,
անամօթ
դիւանագիտութիւնը,
որ
պահ
մը
Հայաստանի
իշխան
հռչակել
փորձեց
Տիւգ
տը
Թէքը,
եւ
թունդ
հանեց
բանտերու
խաւարին
մէջ
հիւծած
քանի՛
քանի
վէրքոտ
սիրտեր,
ամիսներով
թուղթեր
մրոտելէ,
հեռագրաթելեր
մաշեցնելէ,
ունայն
երթեւեկներէ,
բանակցութիւններէ,
պատգամներ
առնել
տալէ
պարտասած
դադրած,
կ’ընկրկէր,
ետ
կը
քաշուէր,
ինքզինք
ապիկար
յայտարարելով
Եըլտըզի
յամառութեան
առջեւ,
խոստովանելով
այսպէս
իր
ամօթալի
պարտութիւնը…։
Անխի՜ղճ,
անամօ՜թ
Եւրոպան,
ա՛յնքան
յայտնի
ոճիրներու,
ա՛յնքան
դժոխային
բռնութիւններու,
ա՛յնքան
հակամարդկային
վայրագութիւններու,
պետական,
կայսերական
մարդասպանութիւններու
ականատես
ըլլալէ
յետոյ,
անմեղ
զոհերուն
աչքերը
սրբելու,
մարտիրոս
ժողովուրդի
մը
դարաւոր
տառապանքներուն
վերջակէտը
դնելու
սին
յոյսեր
արծարծելէ
յետոյ,
հիմա,
մէկդի
կը
քաշուէր,
թողլով
Զոհը
միս
մինակ՝
Դահիճին
ձեռքը։
Սակայն
Զոհը
չպիտի
ուզէր
մեռնիլ
առանց
մաքառելու
գերագոյն,
ճգնաժամային
րոպէին
մէջ
պիտի
ուզէր
նետուիլ
իր
Դահիճին
վրայ,
պոռալ
անոր
արիւնոտ
երեսին
իր
վերջին
բառը,
դրոշմել
անոր
ճայրոտ
ճակտին
Անէծքի
խարանը…։
Միտքերը
վրդովիլ
կը
սկսէին։
Հայկական
Խնդիրը,
երկրագունտին
բոլոր
Հայերը
վարդագոյն
երազներով
օրօրելէ
ետքը,
կը
խաւարէր,
կը
մտնէր
դարձեալ
այն
սեւ
փուլին
մէջ,
ուր
կը
գտնուէր
առաջ,
Սասունի
Արհաւիրքին
երկրորդ
օրը…։
Աղետաբե՜ր,
չարագուշակ
օրեր,
Սեպտեմբերի
սկիզբները։
Ս.
Խաչի
տօնը
կը
մօտենար։
Գում
Գաբուի
պատրիարքարանը,
գաւառներէն
ամէն
օր
հասած
կսկծեցուցիչ
լուրերէն,
սարսափի
մատնուած,
ընդհանուր
ջարդի
մը
նախընթօրը
կը
կարծէր
նշմարել։
Իզմիրլեան
Պատրիարքը
տագնապներ
կ’անցընէր։
Հնչակեանները
չէին
կրնար
անգործ
նստիլ,
Կեդրոնէն
հասած
վերջին
հրահանգներուն
գործադրութիւնը
վճռուած
էր,
անխուսափելի
կը
դառնար
յուսահատական
փորձ
մը,
ցոյց
մը,
կոտրած
անիւը
քալեցնելու
համար
կառքին,
որ
Հայկական
Խնդիր
կը
կոչուէր։
Եւրոպայի
միջազգային
քաղաքականութիւնը
կը
յոռեփոխուէր.
Արեւելքի
կողմէն,
հորիզոնին
վրայ
սեւ
ամպեր
կը
գծուէին,
մօտալուտ
փոթորիկ
մը
պիտի
պայթէր
Պալքաններէն
եւ
այդ
փոթորիկին
հակահարուածը
պիտի
կրէր
Հայկական
Խնդիրը։
Ռուսիոյ
արտաքին
գործերու
նախարարը
տխրանուն
Լոպանօֆ՝
ուխտած
էր
թաղել
հայ
Դատը
հայ
Արիւնին
մէջ,
ուստի,
Անգլիոյ
եւ
Բ.
Դրան
միջեւ,
Սասունի
Դէպքէն
վերջը,
Հայկական
Վեց
Նահանգներու
նոր
Բարենորոգումներու
Ծրագրին
նկատմամբ
կատարուած
բանակցութեանց
միջոցին,
յանկարծ
ետ
քաշուած
էր
յայտարարելով
թէ`
ինք
Հայաստան
մը
կ’ուզէր,
բայց
առանց
Հայերու,
եւ
թէ՝
լաւ
չէր
Կովկասի
կշտին
տնկել
Արեւելեան
նոր
Պուլկարիա
մը,
որ
չը
պիտի
ուշանար
իր
ծոցէն
յարուցանել
նոր
Ստամպուլօֆ
մը,
եւ
ապերախտութեամբ
փոխարինել
ռուսական
պաշտպանութեան
երախտի՜քը…։
Լոպանօֆ
յաջողած
էր
իր
ետեւէն
ձգել
ֆրանսական
Հանրապետութեան
արտաքին
գործերու
նախարար
Հանօթօն,
որ
բաշա
տիտղոս
մըն
ալ
առեր
էր,
Ապտիւլ
Համիտի
հանդէպ
իր
տածած
համակրանքին
համար…։
Այսպէս,
Անգլիան
մինակ
կը
մնար,
եւ
Բ.
Դուռը,
ինքզինք
հզօր
կը
զգար
եւ
կը
յամառէր
մերժել
մայիսեան
Ծրագիրը։
Իզմիրլեան
պատրիարքը,
այս
դժբաղդ
իրադարձութիւնները
կը
դիտէր
ու
կը
շուարէր,
զո՛ւր
կը
խորհէր
թէ՝
ի՛նչ
միջոց
պիտի
ընտրէր,
իր
ժողովուրդին
ցաւերը
գոնէ
քիչ
մը
թեթեւցնելու
համար։
Պատրիարքարանին
Մեծ
Դուռը
կառք
մը
կանգ
առաւ։
Բարապանները
վեր
վազեցին
իմաց
տալու
Ս.
Պատրիարքին։
–
Անգլիական
մեծ
դեսպա՜նը,
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրի՜ն
է,
կը
փսփսային
բերնէ
բերան։
Իզմիրլեան
Սրբազան
անմիջապէս
դուրս
ելաւ,
առաջացաւ
Պատրիարքարանի
սրահին
մէջ,
կեցաւ
սանդուխին
գլուխը,
դիմաւորելու
համար
մեծ
դեսպանը,
որ
արդէն
իր
Ա.
Թարգմանին
հետ
վեր
կ’ելլեր
հանդարտօրէն։
Ընդունելութեան
դահլիճին
մէջ
կ’ողջագուրուին
պատրիարք
ու
դեսպան,
եւ
կ’անցնին
բազմիլ
թիկնաթոռներուն
վրայ։
Թարգմանի
դերը
կը
կատարէր
Մոստիչեան
Յարութիւն
էֆէնտին,
Ղալաթիոյ
Կեդրոնական
վարժարանին
տնօրէնը,
որ
երկու
ժամ
առաջ
Պատրիարքարան
կանչուած
էր
Իզմիրլեան
Սրբազանէն,
կարեւոր
Խորհրդակցութեան
մը
համար։
Քաղաքավարութեան
սովորական
ձեւակերպութիւններէն
ետքը,
–
Սրբազա՛ն
Պատրիարք
Հայր,
ըսաւ
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրի,
Նորին
Շնորհալի
Վեհափառութեան
կառավարութիւնը
հեռագրով
կ’արտօնէ
զիս
խնդրելու
Ձեր
Սրբազնութենէն
որ
հանդարտութեան
յորդորէք
հայ
ժողովուրդը,
զգուշանալու
ո՛
եւ
է
Ցոյցէ,
որ
կրնայ
Հայկական
Խնդիրը
վտանգաւոր
փուլի
մը
մէջ
նետելու
բնոյթը
ունենալ.
պիտի
խնդրէի
մասնաւորապէս
որ
մայրաքաղաքիս
Հնչակեան
կուսակցութեան
վարիչները
համոզէիք,
ժամանակ
մըն
ալ
սպասելու
բանակցութեանց
ելքին,
որոնք
տակաւին
կը
շարունակուին
Բ.
Դրան
ու
ռուսական,
ֆրանսական
եւ
բրիտանական
դեսպաններուն
միջեւ.
–
Իրա՞ւ,
հարցուց
Իզմիրլեան
պատրիարքը,
դեռ
կը
շարունակուի՞ն
բանակցութիւնները,
մե՛ծ
դեսպան,
եւ
կը
յուսա՞ք
թէ
յանգին
բաղձացուած
ելքի
մը…
–
Անշո՜ւշտ,
անշուշտ,
յարեց
քմծիծաղով
մը
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրի,
եւրոպական
միջազգային
քաղաքականութեան
ներած
չափին
ու
աստիճանին
մէջ.
–
Նո՞յնը
կը
մնայ
այդ
միջազգային
քաղաքականութիւնը
թէ
փոխուեցաւ,
շեշտեց
Իզմիրլեան
նշանակալից
նայուածք
մը
ղրկելով
դեսպանին,
եւ
–
Ի՜նչպէս,
Սրբազա՛ն
Պատրիարք
Հայր,
ընդմիջեց
բրիտանական
մեծ
դեսպանը,
կը
կարծէ՞ք
թէ
փոփոխութիւն
մը
կրած
ըլլայ
քաղաքականութիւնը…
–
Մե՛ծ
դեսպան,
յարեց
Իզմիրլեան,
իր
ամենալուրջ
դէմքովը,
կարծե՞լ,
ի՞նչ
կ’ըսէք,
դժբաղդաբար
կը
տեսնեմ
թէ՝
Արեւելքի
մէջ,
քաղաքականութեան
երկինքը
կը
մթագնի
եւ
թէ՝
մօտալուտ
է
պայթումը
մեծ
դէպքերու,
որոնք
թերեւս
Եւրոպա՛ն
ալ
արիւնոտեն…։
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրի
լռեց,
Հայոց
Պատրիարքին
այս
սոսկալի
յայտնութեան
առջեւ։
Ինք,
իբրեւ
մեծ
դեսպան
մը,
բնականաբար
անտեղեակ
չէր
կրնար
եղած
ըլլալ
դիւանագիտութեան
մէջ
անցած
դարձած
իրերուն,
մանաւանդ,
բրիտանական
մեծ
դեսպանի
հանգամանքովը,
է՛ն
իրազեկը
պէտք
է
ըլլար
մասնաւորապէս
արեւելքի
գործերուն,
որոնք
սերտօրէն
կապուած
էին
Անգլիոյ
կենսական
շահերուն
հետ.
Արեւելքի,
որ
արդէն
գրեթէ
մէկ
դարէ
ի
վեր
կը
զբաղեցնէր
Արեւմուտքը,
մէկէ
աւելի
անգամներ
սպառնացած
ըլլալով
հրդեհել
բովանդակ
քաղաքակրթեալ
աշխարհը։
Սակայն,
երբ
Հայոց
Պատրիարքին
բերնէն
կը
լսէր
այնպիսի
խօսքեր,
որոնք
միայն
դիւանագիտական
շրջանակներուն
մէջ
կրնային
լսուիլ,
կը
սկսէր
մտմտալ.
–
Սրբազա՛ն
Պատրիարք
Հայր,
ըսաւ,
արդեօք
նոր
բան
մը
լսա՞ծ
էք,
կրնա՞մ
ես
ալ
իմանալ.
–
Մե՛ծ
դեսպան,
յարեց
Իզմիրլեան
իր
սովորական
անժպիտ
դէմքի
գիծերուն
աւելի
խրթին
արտայայտութիւն
մը
տալով,
ի՞նչ
կը
կարծէք
դուք,
ի՞նչ
կը
հետեւցնէք
Բ.
Դրան
ա՛յսքան
յամառ
ընթացքէն,
այդ
յամառութեան
տակ
չէ՞ք
նշմարեր
օտար
նեցո՜ւկ
մը,
–
Ինչպէս,
ընդմիջեց
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրի,
խնդրե՜մ,
Սրբազա՛ն
Հայր,
հաճեցէ՛ք
լուսաւորել
զիս։
–
Այո՛,
մե՛ծ
դեսպան,
շարունակեց
Իզմիրլեան,
պիտի
պարզեմ
հիմակ
ամէ՜ն
բան,
միայն
կը
խնդրե՜մ,
որ
շնորհ
ընէք
սպասելու
վայրկեան
մը։
Ու
ելաւ
տեղէն,
ուղղուեցաւ
դէպի
դահլիճին
դուռը,
դուրս
ելաւ,
ու
քիչ
յետոյ
վերադարձաւ,
նամակներու
տրցակ
մը
ձեռքին
մէջ։
Թիկնաթոռին
մէջ
տեղաւորուելէ
յետոյ.
–
Մե՛ծ
դեսպան,
ըսաւ,
ձեռքի
նամակներէն
մէկը
ցոյց
տալով
անոր,
ահա՛ւասիկ,
դեռ
երէկ
ստացայ՝
Էջմիածնէն,
Ամենայն
Հայոց
Վեհ.
Կաթողիկոսէ՛ն
է։
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրի
երկիւղածութեամբ
մտիկ
կ’ընէր։
Իզմիրլեան
սկսաւ
կարդալ,
մինչդեռ
Մոստիչեան
բառ
առ
բառ
անգլիերէնի
կը
թարգմանէր։
Հայրապետական
նամակին
մէջ,
Հայկական
Խնդիրին
նկատմամբ
ռուսական
քաղաքականութեան
յոռեփոխումը
դիտել
տալէ
ետքը,
Խրիմեան
Հայրիկը
կ’անիծէր
հայատեաց
Լոպանօֆը,
որ,
վերջերը
Եըլտըզի
Բռնակալէն
առ
Ամենողորմած
Վեհ.
Ցարը
ուղղեալ
ինքնագիր
նամակի
մը
պարունակութենէն
գրգռուած,
պաշտօնական
հալածանք
մը
սկսած
էր
Հայ
Ցեղին
դէմ,
եւ
նոյնիսկ
կը
քաջալերէր
ամէն
շարժում,
որ
կրնար
ծառայել
Կովկասի
մէջ
հայ
տարրին
ազդեցութիւնը
տկարացնելու։
Խրիմեան
Հայրիկը
կը
զգուշացնէր
պատրիարքը,
չը
խաբուիլ
Պոլսոյ
ռուսական
մեծ
դեսպանին,
աղուէս
Նելիտօֆի
օձի
լեզուէն.
ո՛
եւ
է
գաղտնիք
մը
չը
հաղորդել
անոր.
Ապտիւլ
Համիտի
գործակալը,
մտերիմը,
մեղսակիցը
կը
յորջորջէր
զանի
հայկական
գործերուն
մէջ,
եւ
կը
յորդորէր
օգտուիլ
միայն
բրիտանական
մեծ
դեսպանին,
հայասէր
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրիի
փրկարար
խորհուրդներէն,
կ’օրհնէր
Քըրրին
ու
իր
Տիկինը,
եւ
կը
յանձնարարէ,
որ
պատրիարքը
չը
դադրեցնէր
իր
այցելութիւնները
մեծ
դեսպանին
մօտ,
եւ
այլն։
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրի,
նամակին
պարունակութեանը
վերահասու
ըլլալէ
ետքը,
դարձաւ
ըսաւ.
–
Սրբազան
պատրիարք
Հա՛յր,
կը
խնդրեմ
որ
մեր
մէջ
գաղտնիք
մնայ
ինչ
որ
պիտի
յայտնեմ
հիմա.
գիտէ՞ք
ինչո՛ւ
կը
ձանձրացնեմ
Ձեր
Սրբազնութիւնը.
–
Քա՛ւ
լիցի,
մե՛ծ
դեսպան,
բողոքեց
Իզմիրլեան,
ընդհակառակն,
կը
պատուէք
իմ
ազգս,
ամէն
անգամ
որ
պատրիարքարանս
կ’այցելէք.
սփոփանք
մըն
է
ձեր
ներկայութիւնը՝
վշտակիր
պատրիարքի
մը
համար։
–
Շնորհակա՛լ
եմ,
Սրբազան
Հա՛յր,
ձեր
անկեղծ
համակրանքի
արտայայտութիւններէն,
կը
հաճի՞ք
ուրեմն
լսել
Վեհափառ
Թագուհիիս
կառավարութեան
փափագը,
ձեր
ազգը
շահագրգռող
եւ
վերին
աստիճանի
կարեւորութիւն
ունեցող
խնդիրներուն
համար։
Լորտ
Սօլզպըրի
մասնաւորապէս
կը
խնդրէ
որ
դադրին
յեղափոխական
շարժումները,
որպէս
զի
Բ.
Դուռը
պատրուակ
չը
բռնէ
զանոնք,
արդարացնելու
համար
ձգձգումները,
որոնք
դժբաղդաբար
կը
ջլատեն
եւրոպական
դիւանագիտութեան
աշխատութիւնները,
կը
խոստանայ
քիչ
ատենուան
մէջ
լուծել
տալ
Հայկական
Խնդիրը,
հայ
ազգին
բաղձանքներուն
համաձայն,
կայսերական
իրատէով
մը
նուիրագործել
տալով
մայիսեան
Ծրագիրը…։
Հոգ
չէ՛,
կը
գրէ
մեր
ազնուական
լորտը,
թո՛ղ
Ռուսիան
քակէ
համերաշխութիւնը.
թո՛ղ
դրժէ
Հայկական
Խնդիրը
լուծելու
իր
հանդիսաւոր
խոստումը,
հոգ
չէ,
Ֆրանսա՛ն
ալ
թող
ետ
քաշուի,
յարգելով
իր
Դաշնակիցը,
սակայն,
պէտք
է
գիտնալ
թէ
Անգլիան,
ինքը
մինակ,
պիտի
կրնայ
գլուխ
հանել
սկսուած
գործը,
եւ
թէ՝
Վեհափառ
Թագուհիին
կառավարութիւնը
վճռած
է
վերջնականապէս
լուծել
Հայկական
Խնդիրը,
թէկուզ
առանց
ո՛
եւ
է
եւրոպական
մեծ
տէրութեան
մը
մասնակցութեան
ըլլայ
ան։
Հետեւաբար,
Սրբազան
Հա՛յր,
պիտի
խնդրէի
եւ
թախանձելով
պիտի
խնդրէի
որ
այս
մտօք
ի
գործ
դնէք
պարտ
ու
պատշաճը,
հանդարտեցնէք,
միամտեցնէք
Հնչակեան
կուսակցութեան
վարիչները,
համոզէք
զիրենք
որ
ժամանակի
մը
համար
դադրեցնեն
իրենց
գործունէութիւնը,
քաղաքական
պարագաները
նկատի
առնելով
միշտ
եւ
սպասեն
վախճանին,
որ,
կը
յուսամ
թէ
ազատագրումը
պիտի
բերէ
հայ
Ցեղին։
Իզմիրլեան
ուշի
ուշով
կը
կշռէր
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրիի
խօսքերը,
որոնք
կը
հովահարէին
իր
հրաբորբոք
սիրտը։
Մեծ
դեսպանը
քիչ
մըն
ալ
նստելէ
յետոյ,
ոտքի
ելաւ
եւ
հրաժեշտ
տուաւ
Հայոց
Պատրիարքին։
Իզմիրլեան
առանձնացաւ
յետոյ
իր
գրասենեակը,
եւ
սեղանին
վրայ
հակած,
սկսաւ
խորհիլ,
որոճալ
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրիի
յայտնութիւններուն
վրայ։
Յետոյ,
սեղանին
վրայի
զիլը
հնչեցուց։
Ներս
մտաւ
բարապան
Կարապետը։
–
Կարապե՛տ
աղա,
հրամայեց
Իզմիրլեան,
ինծի
կանչէ՛
Բարթող
էֆէնտին։
–
Ո՞րը,
Սրբազա՛ն
Հայր,
հարցուց
բարապանը,
Հիւնքեար
Պէյէնտեա՞նը
թէ…
–
Թէլեա՛ն
էֆէնտին,
Թէլեա՜ն,
ըսաւ
Իզմիրլեան։
Բարապանը
դուրս
ելաւ
եւ
քանի
մը
վայրկեան
ետքը
Բարթող
էֆէնտին
ներս
մտաւ։
–
Բարթո՛ղ
էֆէնտի,
ըսաւ
Իզմիրլեան,
այսօրունէ
ղրկեցէք
հրաւիրագրերը,
վաղը
կէս
օրէն
առաջ
պէտք
է
գումարուի
արտասովոր
խառն
ժողով
մը,
ինչպէս
գիտէք,
անհրաժեշտ
է
որ
գումարուի,
այնպէս
չէ՞…։
–
Անտարակո՜յս,
Սրբազան
Հա՛յր,
յարեց
պատրիարքարանի
հինաւուրց
դիւանապետը,
աշխոյժ
շեշտով
մը,
գիրերը
պատրա՜ստ
են
արդէն,
հիմա
կը
ղրկենք։
–
Այո՛,
այո՛,
կրկնեց
պատրիարքը,
գուզո՛ւմ
Բարթող
էֆէնտի,
հիմա՛
ղրկելու
է,
վաղուան
նիստը
կարեւոր
է,
թո՛ղ
հրաւիրագրերուն
մէջ
շեշտուի
այս
կէտը.
ամէ՛նքն
ալ
ներկայ
թող
ըլլան։
Դիւանապետը
կը
հեռանար,
երբ
պատրիարքը
կանչեց
ետեւէն.
–
Բարթո՛ղ
էֆէնտի,
Երէցեան
Գէորգ
վարդապետը
չը
մոռցուի,
անհրաժեշտ
է
իր
ներկայութիւնը
վաղուան
նիստին
մէջ։
Օրմանեան
Մաղաքիա
եպիսկոպոսին
ալ
թո՜ղ
գրուի,
հետը
թո՜ղ
առնէ
բերէ
հայկական
բարենորոգումներու
մայիսեան
ծրագրին
ֆրանսերէնը։
–
Հայերէն
թարգմանութի՛ւնը
կայ,
Սրբազան
Հայր,
ըսաւ
դիւանապետը.
–
Ո՞րը,
Արշարունի
եպիսկոպոսի՞ն
թարգմանածը
թէ
Երէցեան
Գէորգ
վարդապետին,
հարցուց
պատրիարքը.
–
Երէցեանի՛նը,
Սրբազան
Հայր,
պատասխանեց
դիւանապետը,
լաւագոյն
թարգմանութիւնը
չէ՞.
–
Այո՛,
այո՛,
կրկնեց
Իզմիրլեան
Սրբազան,
ա՛լ
դուք
նայեցէ՛ք,
հրաւիրագրերը
շուտով
ղրկուին։
Դիւանապետը
դուրս
ելաւ։
Իզմիրլեան
սրբազան
առանձին
մնաց,
չէր
կրնար
հանդարտ
նստիլ,
գանկը
կ’այրէր։
Ոտքի
ելաւ
ու
սկսաւ
ման
գալ
սենեակին
մէջ։
Բրիտանական
մեծ
դեսպանին
վերջին
խօսքերու
տպաւորութիւնը
տակաւին
կը
տեւէր։
Կացութիւնը
շատ
ահաւոր
կը
թուէր
իրեն,
որովհետեւ
գիտէր
թէ
Հնչակեաններուն
վարիչները
քարգլուխ
յամառներ
էին
եւ
թէ՝
դժուար
պիտի
ըլլար
համոզել
զիրենք
որ
հրաժարէին
ո՛
եւ
է
ցոյցէ։
Կը
մտածէր
իր
քով
կանչել
Պոլսոյ
Հնչակեաններէն
Արփիար
Արփիարեանը,
որուն
կը
յուսար
քիչ
մը
խօսք
հասկցնել,
բայց
միւս
կողմէ,
կը
խորհէր
թէ՝
Պատրիարքարանի
շրջանակին
մէջ
իսկ
պակաս
չէին
Համիտի
գործակալներ,
վարնոց
լրտեսներ,
որոնք
մէ՛կ
արծաթ
մէճիտի
համար
իրենց
ծնողքը
կը
հանէին
աճուրդի,
եւ
իրենց
եղբայրը
կը
մատնէին…։
Սակայն
միւս
կողմէ,
մեծ
անխոհեմութիւն
մը
պիտի
ըլլար
անտարբեր
մնալ
կացութեան
հանդէպ,
որ
աւելի
քան
երբէք
քննադատական
կը
թուէր
իրեն.
մէ՛կ
րոպէի
յապաղում
մը,
կամ
փոքրիկ
անհոգութիւն
մը՝
կրնար
մեծամեծ
չարիքներու
դուռ
բանալ,
ուստի,
աճապարել,
ժամ
առաջ
տեսնել
պէտք
էր
այդ
տաքգլուխ
տղաքը,
հնչակեան
կուսակցութեան
գլխաւոր
վարիչները,
խրատել,
համոզել
պէտք
էր
ասոնք,
գէթ
ատենուան
մը
համար
դադրեցնելու
իրենց
սպառնական
ընթացքը,
եւ,
հայրենիքի
փրկութեան
համար,
փոխելու
իրենց
գործելակերպը։
Մէկ
քառորդ
ժամ
այսպէս
սենեակին
երկայնքը
մտածկոտ
քայլերով
չափելէ
յետոյ,
Իզմիրլեան
Սրբազան
դարձեալ
նստաւ
թիկնաթոռին
վրայ
եւ
սկսաւ
աչքէ
անցընել
գրասեղանին
վրայ
դիզուած
զանազան
գրութիւնները,
որոնք
մեծ
մասով
գաւառի
թղթակցութիւններ
էին։
Նոյն
միջոցին
բարապան
մը
ներս
մտաւ,
ձեռքը
նամակ
մը,
եւ
մօտենալով,
յանձնեց
զայն
պատրիարքին։
–
Կարապետ
էֆէնտին
կանչէ՛
հիմա,
պատուիրեց
Պատրիարքը։
Բարապանը
դուրս
ելաւ։
Նամակը
թուրքերէն
էր,
թուրքերէնի
դիւանապետը
պէտք
է
կարդար
զայն։
Խաչատուրեան
Կարապետ
էֆէնտին
ներս
մտաւ։
Իզմիրլեան
Սրբազան,
ձեռքի
նամակը
յանձնելով
անոր,
–
Նայեցէ՛ք,
Կարապե՛տ
էֆէնտի,
ըսաւ,
ուրկէ՞
է,
–
Սրբազա՛ն
Հայր,
պատասխանեց
թուրքերէնի
դիւանապետը,
Ոստիկանութեան
նախարար
Նազըմ
բաշայի
կողմէն
է։
Ու,
ակնոցը
քթին
վրայ,
արագ
արագ
կը
քաղէր
բարձր
ձայնով։
Ոստիկանութեան
նախարարը
փափագ
կը
յայտնէր
քանի
մը
վայրկեան
տեսակցելու
Հայոց
Պատրիարքին
հետ
եւ
կը
խնդրէր
որ
այս
վերջինը
հաճէր
երկտողով
մը
պատասխանել։
–
Ի՞նչ
կ’ուզէ
ինէ
այս
մարդը,
տրտնջաց
Իզմիրլեան
Սրբազան,
բարեգուշակ
չեմ
գտներ
այս
այցելութիւնը,
ի՞նչ
կ’ըսէք
Կարապե՛տ
էֆէնտի։
Կարապետ
էֆէնտին
աչքերուն
սկաւառակը
խոշորցնելով
եւ
ձախ
ձեռքով
ակնոցը
խառնելով,
խորհրդաւոր
ու
լուրջ
դէմքով
մը,
–
Սրբազա՛ն
Հայր,
ըսաւ,
երեք
անգամ
է
որ
կ’ուզէ
տեսնել
Ձեր
Սրբազնութիւնը,
եթէ
այս
անգամ
ալ
մերժէք,
աղէկ
չը
փախչիր
կարծեմ…
Իզմիրլեան
չէր
ուզեր
տեսնել
նախարարին
երեսը,
ա՛յնքան
կ’ատէր
զինքը.
սակայն,
Խաչատուրեան
էֆէնտիի
թելադրական
խօսքերէ՛ն
կ’ազդուէր։
–
Է՜,
ըսաւ,
գրեցէ՛ք
ուրեմն
երկտող
մը,
թո՛ղ
գայ
նայինք
ի՛նչ
նորութիւն
պիտի
հաղորդէ…։
Խաչատուրեան
դուրս
ելաւ,
քիչ
յետոյ
վերադարձաւ
պատրիարքին
գրասենեակը,
ձեռքին
մէջ
բռնած
ոստիկանութեան
նախարարին
ղրկուելիք
պատասխանը։
Իզմիրլեան
այդ
պատասխանագրին
տակ
դրաւ
պատրիարքական
կնիքը,
եւ
դիւանապետին
յանձնարարեց
անմիջապէս
յանձնել
զայն
ոստիկանութեան
նախարարին,
որ
դուրսը
կ’ըսպասէր։
Իզմիրլեան
Սրբազան
դարձեալ
առանձին
մնաց։
Կը
պատրաստուէր
անցնիլ
դահլիճը,
ոստիկանութեան
նախարարին
ընդունելութեան
համար։
Նոյն
պահուն,
Պատրիարքարանին
փողոցէն
լսուեցաւ
կառքի
շառաչը։
Իզմիրլեան
Սրբազան,
քովի
լուսամուտէն
վար
նայեցաւ։
Կառքը
կանգ
կ’առնէր
Պատրիարքարանին
դրան
առջեւ։
Բարապանները
վեր
վազեցին,
Սրբազան
Պատրիարքին
իմաց
տալու
այդ
կառքին
մէջէն
դուրս
ելլող
հիւրը,
որ
արդէն
վեր
կ’ելլեր
սանդուխներէն։
–
Ֆրանսական
դեսպանատան
Ա.
թարգմա՜նը,
կը
փսփսային
իրարու։
Իզմիրլեան
Սրբազան
շուտով
անցաւ
դահլիճը,
ընդունելու
համար
այս
անսպասելի
հիւրը,
որ
կուգար
անտարակոյս
կարեւոր
գործի
մը
համար,
կը
խորհէր
պատրիարքը,
որովհետեւ
պարզ
այցելութիւն
մը
չէր
ասիկա։
Ֆրանսական
դեսպանատան
Ա.
թարգմանը
պարզեց
իր
այցելութեան
շարժառիթը,
հաղորդելով
միեւնոյն
ժամանակ
մեծ
դեսպան
Պ.
Բ.
Գամպօնի
յարգանքները
Հայոց
Պատրիարքին։
Գրեթէ
նոյնութեամբ
կրկնեց
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրիի
յորդորները,
դադրեցնել
տալու
Հնչակեաններուն
գործունէութիւնը,
որ
վերջին
օրերը
սպառնալից
համեմատութիւններ
ստացած
էր,
մեծ
դեսպանին
անունով
յայտարարելով
թէ՝
Մայիսեան
Ծրագիրը
մօտ
օրէն
պիտի
վաւերացուի
Սուլթանին
իրատէովը,
եթէ
յեղափոխականները
քիչ
մը
հանդարտ
ձգեն
կառավարութիւնը,
եւն։
Ա.
թարգմանը
դեռ
չէր
վերջացուցած
իր
խօսքերը,
երբ
վարէն,
Պատրիարքարանի
բակին
մէջ
աղմուկը
շատցաւ։
Ուրիշ
կառքեր
կանգ
առած
էին
Մեծ
Դուռին
առջեւ։
Գործակատար
Ֆրէնկեան
Աբրահամ
էֆէնտին
դահլիճը
մտաւ
եւ
իմաց
տուաւ
իտալական,
աւստրեւհունգարական,
գերմանական
եւ
ռուսական
դեսպանական
քարտուղարներուն
այցելութիւնը։
Ֆրանսական
դեսպանատան
Ա.
թարգմանը
տեղէն
չէր
շարժեր։
Սրբազան
պատրիարքին
դառնալով.
–
Սրբազա՛ն
Հայր,
ըսաւ,
միեւնոյն
խնդիրը
զիրենք
հոս
կը
բերէ.
արդէն
երէկ
գիշերուընէ
որոշուած
էր
հաւաքաբար
դիմել
Ձեր
Սրբութեան
եւ
խնդրել
որ
յեղափոխական
գոմիթէներուն
հարկ
եղած
պատուէրները
հաճիք
տալ,
մայրաքաղաքին
անդորրութիւնը
խանգարող
միջադէպ
մը
չըստեղծելու,
եւ
մեծ
տէրութեանց
աշխատութիւնները
նոր
խոչընդոտներով
ամլութեան
չը
դատապարտելու։
Դեսպանական
քարտուղարները
վեր
առաջնորդուեցան,
Պատրիարքարանի
ընդունելութեան
դահլիճը,
եւ
կարգով
տեղաւորուեցան
թիկնաթոռներուն
մէջ։
Իրենց
կողմէն
աւստրօհունգարական
դեսպանատան
քարտուղարը
խօսեցաւ
միեւնոյն
իմաստով,
կրկնելով
ինչ
որ
արդէն
խօսած
էին
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրին
ու
Պ.
Բ.
Գամպօնի
առաջին
թարգմանը։
Ս.
Պատրիարքը
խոստացաւ
կարելին
ի
գործ
դնել
հանդարտութեան
յորդորելու
Հնչակեանները,
խնդրելով
միայն
որ
մեծ
տէրութեանց
դեսպանները
վերջ
մը
դնէին
իր
հարստահարուած
ժողովուրդին
կացութեան,
որ
երթալով
անտանելի
կը
դառնար։
Կէս
ժամուան
տեսակցութենէ
մը
վերջ,
հիւրերը
մեկնեցան։
Սակայն
ասոնց
մեկնումին
վրայ
հազիւ
անցած
էր
հինգ
վայրկեան,
երբ
ուրիշ
կառք
մը
կանգ
առաւ
Մեծ
Դուռին
առջեւ։
Ոստիկանութեան
նախարար
Նազըմ
բաշան
էր,
անմիջապէս
վեր
առաջնորդուեցաւ,
Պատրիարքարանին
դահլիճը,
ուր
կ’ըսպասէր
Իզմիրլեան
Սրբազան։
Տեսակցութիւնը
կարճ
տեւեց,
հազիւ
մէկ
քառորդ
ժամ։
Ոստիկանութեան
նախարարը
մասնաւոր
բարեւներ
բերած
էր
Մեծ
Եպարքոսէն,
եւ
թախանձագին
կը
խնդրէր
Իզմիրլեան
Պատրիարքէն,
խրատելու
Հնչակեան
գօմիթէի
վարիչները,
որ
զգուշանան
յարուցանելէ
խռովութիւններ,
որոնց
շշուկը
հասած
է,
կ’ըսէր,
Նորին
Վեհափառութեան
Սուլթանին
ականջը։
–
Պատրիա՛րք
էֆէնտի,
կը
կրկնէր
Ոստիկանութեան
նախարարը,
Վեհափառ
Տէրս,
իր
անսահման
գթութեան
եւ
վեհանձնութեան
մէկ
նոր
ապացոյցը
տուաւ
արդէն,
ընդհանուր
ներում
շնորհելով
բոլոր
հայ
քաղաքական
յանցաւորներուն.
իսկ
հիմակ,
իմ
բերնովս
իր
կայսերական
բարեւները
հաղորդելով
Ձեզի,
կը
խոստանայ
նորանոր
բարիքներով
լիացնել
Ձեր
ազգը։
–
Շնորհակա՜լ
եմ,
բաշա՛,
մեր
Վեհափառ
Սուլթանէն,
որ
ձեր
միջոցաւ
բարեհաճեր
է
հաղորդել
իր
կայսերական
բարեւները,
ըսաւ
Իզմիրլեան
նշանակալից
շեշտով
մը,
հեգնոտ
նայուածք
մը
շանթելով
ոստիկանութեան
նախարարին,
սակայն
կրնա՞մ
արդեօք
իմանալ
թէ՝
ի՛նչ
նոր
բարիքներ
պիտի
շնորհէ
Վեհափառ
Սուլթանը
հայ
ազգին։
–
Պատրիա՛րք
էֆէնտի,
յարեց
Նազըմ
քմծիծաղով
մը,
ձեզի
ծանօ՜թ
են
այդ
բարիքները,
չե՜մ
կարծեր
թէ
զանոնք
ինէ
իմանալու
պէտք
ունենաք,
որովհետեւ
մեծ
տէրութեանց
դեսպաններուն
հետ
դո՛ւք
էք
որ
յաճախ
կը
տեսակցիք,
այնպէս
չէ՞.
–
Ներեցէ՛ք,
բաշա՛,
ի՞նչ
ըսել
կ’ուզէք,
միթէ
պատրիարքներուն
արգիլուա՞ծ
է
յարաբերութիւններ
մշակել
օտար
տէրութեանց
դեսպաններուն
հետ…
–
Թողութի՜ւն,
ընդմիջեց
Նազըմ
ժպտելով,
Պատրիա՛րք
էֆէնտի,
Նորին
Վեհափառութիւն
Սուլթանը
Ձեր
վրայ
կատարեալ
վստահութիւն
ունի,
հետեւաբար,
Ձեր
յարաբերութիւնները
միւս
օտար
տէրութեանց
ներկայացուցիչներուն
հետ՝
վայրկեա՛ն
մը
չեն
կասկած
ներշնչեր
Նորին
Վեհափառութեան
Ձեր
հաւատարմական
զգացումներուն
նկատմամբ։
–
Շնորհակա՜լ
եմ,
յարեց
Իզմիրլեան,
անտարբեր
շեշտով
մը,
ինծի
ծանօթ
է
արդէն
Վեհափառ
Սուլթանին
բարջը
համակրանքը…։
Յետոյ,
Նազըմ
բաշա,
իր
այցելութեան
բուն
նպատակը
պատրիարքին
պարզելու
պատեհ
րոպէն
հասած
կարծելով.
–
Պատրիա՛րք
էֆէնտի,
ըսաւ,
աղէ՜կ
միտքս
ինկաւ,
իրա՞ւ
է
թէ
մօտերս
Հնչակեանները
պիտի
յարձակին
Եըլտըզի
վրայ…։
Իզմիրլեան
ցնցուեցաւ,
սրտմտութեան
կարմիր
բոց
մը
ցոլալ
սկսաւ
իր
անժպիտ
դէմքին
վրայ.
տեղէն
ելաւ,
նորէն
նստաւ,
շտկուեցաւ
ու
յօնքերու
պռստումով
մը.
–
Բաշա՛,
բաշա՛
որոտաց,
ո՞վ,
ո՞ր
անխիղճ,
անաստուած
արարածը
յերիւրեր
է
այդ
սուտը…։
–
Ո՛չ,
ներեցէ՛ք,
կ’աղերսէր
ոստիկանութեան
նախարարը,
Պատրիա՛րք
էֆէնտի,
կ’երեւայ
թէ
լաւ
չը
յաջողեցայ
բացատրել
խնդիրը։
Կ’ըսուի
թէ՝
Պոլսոյ
Հնչակեանները
պիտի
յարձակում
գործեն
Եըլտըզի
վրայ…։
Պատրիարքը
բարկութենէն
կը
խնդար։
Դարձաւ
ըսաւ
նախարարին.
–
Բաշա՛,
լո՞ւրջ
կ’ըսէք,
իրա՞ւ,
կը
հաւատա՞ք
այդ
շշուկին,
Հնչակեանները
պիտի
յարձակին
Եըլտըզի
վրայ…
հէ՞,
ի՜նչ
դիւրին
բան…։
–
Այո՛,
ընդմիջեց
Նազըմ,
գլխի
երերումով
մը,
Պատրիա՛րք
էֆէնտի,
դիւրին
բան
չէ,
ե՛ս
ալ
գիտեմ,
մանաւանդ
պէտք
է
գիտնալ
թէ
Ոստիկանութեան
նախարարը
չը՜
քնանար.
–
Բաշա՛,
յարեց
Իզմիրլեան,
կատակը
մէկդի՜,
ատանկ
սուտերու
հաւատ
ընծայելու
համար
մարդերուն
է՜ն
ապուշը
պէտք
է
ըլլայ
մարդ,
ես,
իբրեւ
հայ
ազգին
պատրիարքը,
կրնամ
ձեզ
ապահովել
թէ՝
հայ
ազգին
չափ
հաւատարիմ
տարր
մը
չպիտի
կրնաք
գտնել
բովանդակ
կայսրութեան
մէջ,
եթէ
կառավարութիւնը
հիմնուած
ըլլայ
արդարութեան,
իրաւունքի,
հաւասարութեան
եւ
ազատութեան
սկզբունքներուն
վրայ.
վստահ
կրնաք
ըլլալ,
բաշա՛,
թէ՝
Հնչակեաններու
հասցէին
տարածուած
այդ
շշուկը՝
չարամիտ
լրտեսներու
թշնամական
ու
շահադիտական
գձուձ
գործունէութեան
մէկ
նմոյշը
կրնայ
համարուիլ,
որովհետեւ
իմ
ազգս
ուրիշ
բան
մը
չը՛
խնդրեր,
բայց
միայն
արդարութիւն…
–
Շնորհակա՜լ
եմ,
յանհունս
շնորհակալ
եմ,
պատրիա՛րք
էֆէնտի,
ձեր
ա՛յնքան
ազնիւ
ու
վեհ
զգացումներու
արտայայտութենէն,
ըսաւ
Նազըմ,
քաղաքավարութեան
կեղծ
անուշ
ձեւերով,
եւ
պարտականութիւն
կը
զգամ
նոյնը
հաղորդելու
յոտս
գահոյից
Նորին
կայսերական
Վեհափառութեան։
Յետոյ,
Ոստիկանութեան
նախարարը
ոտքի
ելլելով.
………………………
……
իր
այս,
աղէկ
թէ
գէշ
դերին
համար
պէտք
եղած
ծախքերը
վճարել։
Այս
գաղափարէն
ծագում
առած
է
տուրքը։
Բայց
դարաւոր
փորձառութիւնը
ցոյց
կուտայ
թէ՝
Համիտի
կառավարութիւնը
չի
կատարէր
գէթ
այն
դերը
զոր
պարտի
կատարել
ամէն
մի
կառավարութիւն.
իր
գոյութիւնը
չի
ծառայեր
քիչ
մը
իսկ
իւր
հպատակաց
ապահովութեան,
անդորրութեան,
բարօրութեան
եւ
յառաջդիմութեան,
այլ
անոնց
թշուառութեան,
նիւթական
եւ
բարոյական
անկման.
ան
կը
ծառայէ
մի
միայն
զիրենք
ներկայացնող
հարստահարներուն
անձնական
շահուն.
անոր
մեծ
ու
փոքր
պաշտօնեաներուն
միակ
նպատակն
է
իրենց
փորը,
իրենց
քսակը
լեցնել,
իրենց
շռայլ
ծախսերուն
համար
հասոյթի
աղբիւր
ընել
ժողովուրդը,
զոր
կը
կեղեքեն
ու
կը
կողոպտեն.
իրենց
պաշտօնն
է,
մանաւանդ
մայրաքաղաք,
աներեւակայելի
ահագին
գումարներ
հասցնել՝
բարձրագոյն
պաշտօնէից
բազմադիմի
պէտքերը
գոհացնելու
եւ
Սուլթանի
հարէմական
կեանքի
ամենազեղխ
եւ
ամենաշռայլ
ծախքերը
դիմաւորելու
համար.
կը
տեսնէք
որ
հոս
ժողովուրդին
օգտակար
դեր
մը
բնաւ
գոյութիւն
չունի,
այսպիսի
կառավարութիւն
մը,
որ
երբ
չըմբռներ
իր
կառավարած
ժողովուրդին
հանդէպ
իւր
ունեցած
պարտականութիւնները,
դրականապէս
զրկուած
է
այն
իրաւունքներէն,
որոնք
այդ
պարտականութեանց
գիտակցութենէն
ու
գործադրութենէն
միայն
ծագում
կրնան
առնել։
Տաճկաստանի
ժողովուրդը
պարտական
չէ
տուրք
տալու,
եւ
հպատակելու
այն
կառավարութեան
որ
իր
կոչումը
եւ
իր
պարտականութիւնները
չի
ճանաչեր
եւ
չի
գործադրեր
եւ
որ
իրօք
կառավարութիւն
չէ,
այլ
կազմակերպեալ
աւազակային
ընկերութիւն
մը։
Եթէ
ժողովրդեան
ստուար
մեծամասնութիւնը
կուտայ
իր
վրայ
դրուած
ծանրածանր
եւ
անիրաւ
տուրքերը,
ան
ո՛չ
թէ
իր
պարտքը
կը
կատարէ,
այլ
գիտակցաբար
կամ
անգիտակցաբար
բռնութեան
առջեւ
տեղի
կուտայ,
ինչպէս
որ
մարդ
սուսերամերկ
աւազակի
մը
կը
յանձնէ
իւր
կեանքը։
Եւ
ընդհակառակն
անոնք,
որ
կը
մերժեն
տուրք
տալ
այս
կառավարութեան,
ոչ
միայն
իրաւունք
ունին,
այլ
եւ
պարտք
մը
կատարած
կ’ըլլան
եւ
ծառայութիւն
մը
մատուցած
կ’ըլլան
տառապեալ
մարդկութեան
դատին,
ձգտելով
փութացնել
վերջնական
սնանկացումը
եւ
անկումը
այն
կառավարութեան,
որ
կարծես
միայն
ժողովուրդներու
թշուառութեան
համար
կազմուած
եւ
լարուած
դժոխային
մեքենայ
մ’է։
Այս
անժխտելի
պայմաններով
Սասունցիները
իրաւունք
ունէին
տուրք
չտալու
խայտառակ
Համիտի
կառավարութեան.
թո՛ղ
թէ
միւս
կողմէ՝
այս
երկար
պատճառաբանութեանց
ալ
դիմելու
հարկ
չկայ,
տուրք
չը
վճարող
Սասունցիները
արդարացնելու
համար,
քանի
որ
անոնք
այնպէս
սնանկացած
ու
կողոպտուած
են
որ
ոչինչ
չունին՝
տալու։
Եթէ
քաղաքակրթեալ
եւ
քիչ
շատ
իր
ժողովրդին
բարօրութեան
նպաստող
կառավարութիւն
մը
տուրք
հաւաքելու
համար
դիմէր
փոքր
ինչ
խստութեանց,
այդ
գէթ
մասամբ
եւ
հիմակուան
ըմբռնումներով
կարելի
է
արդարանար,
բայց
ըսինք
թէ
Համիտի
կառավարութիւնը
այդ
կարգէն
չէ,
թէ
իր
ժողովուրդն
ալ
սնանկացած
է,
չնայելով
այս
ամենքն՝
անոր
տուրք
առնելու
համար
գործածած
միջոցները
պարզ
խստութիւններ
չէին,
այլ
անտանելի
խժդժութիւններ
եւ
սոսկալի
վայրագութիւններ
որոնցմէ
մէկ
մասն
ալ
ստորեւ
Տարօնի
լուրերու
շարքին
մէջ
պիտի
նկարագրեմ,
եւ
երբեմն
ալ
կոտորած։
Դառնալով
մեր
նիւթին՝
ի
մէջ
բերենք
Սասունէն
մէկ
քանի
հարստահարութիւններ
ալ.
5.
Դարձեալ
Պըտըրցիք
յուլիս
10
եւ
12ին
Փսանք
գիւղի
ոչխարաց
հօտն
եւ
Ծուեկանց
գիւղէն
113
դաւար
յափշտակելէն
ետքը
հայոց
տուներն
եւս
թալաներ
են։
6.
Դարձեալ
Սասնոյ
աշիրէթներէն
Մուսեցի
Հասէի
Կէնճօն
իր
ծառաներով
յուլիս
15ին
Խնձորիկ
հայ
գիւղէն
2
ջորի,
2
կայծան
հրացան
եւ
2
ձեռք
ընտիր
հագուստ
յափշտակեր
տարեր
է։
7.
Հոս
Փսանաց
գաւառի
ընդհանուր
վիճակը
պատկերելու
համար՝
յիշենք
որ
5-6
տարի
է
ի
վեր
քիւրտերը
ուզելով
տիրանալ
Փսանկ
գիւղին
(որ
ժամանակաւ
մեծ
գիւղ
էր,
իսկ
հիմա
մի
քանի
տունէ
կը
բաղկանայ),
քանիցս
յարձակած
են
հոն,
մարդ
սպաննած,
տուն
եւ
եկեղեցի
այրած,
արտերն
աւրշտըկած
եւ
թալան
տարած
են.
բայց
շրջակայ
Խնձորիկ,
Մջգեղ,
Դալհոր,
Թարուկ,
Քաջռէնք
եւ
Մկթէնք
հայ
գիւղերու
բնակիչք
միաբանելով
պաշտպանած
են
Փսանք
գիւղի
մնացեալ
մի
քանի
տնւոր
հայերը։
Սակայն
քիւրտերը
ետ
չեն
կեցած
իրենց
խորհուրդէն
եւ
կ’ուզեն
անպատճառ
գրաւել
այդ
գիւղը
եւ
անոր
պարարտ
արտերը։
Տարիներէ
ի
վեր
քրդական
յարձակումի
վտանգը
ամէնօրեայ
է
այդ
գիւղին
համար.
այդ
գիւղացիք
տարւոյն
մէջ
ինը
ամիս
գիւղէն
դուրս
թափառական
կը
մնան,
չը
համարձակելով
գալ
իրենց
տուները
եւ
տարի
կ’ըլլայ
որ
իրենց
ցանած
արմտիքը
քիւրտերը
կուգան
կը
հնձեն
ու
կ’իւրացնեն։
Փսանաց
գաւառին
հայերը
բնաջինջ
ընել
գերազանցապէս
կը
յարմարի
Համիտի
կառավարութեան
դիտումներուն.
զի
այդ
փոքրիկ
գաւառը
թէ՛
իր
դիրքով
եւ
թէ
իր
արգաւանդ,
այգեւէտ
հողերով
Սասունի
ամէնէն
նախանձելի
վայրերէն
մին
է,
եւ
պէտք
է
անկէ
եւս
վտարել
հայերը,
ինչպէս
որ
քսան
տարիէ
ի
վեր,
Սասունի,
Խարզանի,
Խիյանու,
Խուլփայ,
Կինճի,
Բռնաշէնի
եւ
Խութի
բազմաթիւ
գիւղերէն
շարունակաբար
հայեր
կը
վտարուին
եւ
անոնց
տեղերը
քիւրտերու
կը
տրուին.
այդ
գիւղերը
շատերը
կը
պահեն
դեռ
իրենց
անունը,
կարծես
անմոռանալի
կսկիծ
մը
թողելու
համար
իրենց
բնագաւառէն
զրկուող
հայերուն
սրտին
մէջ։
Բայց
մենք
մեր
վերջին
տեղեկագրոյն
մէջ
ինչ
որ
արդէն
ըսինք
Տալւորիկի
համար՝
պէտք
է
կրկնենք
ամբողջ
հայաբնակ
Սասնոյ
համար.
հայերը
արթնցած
եւ
ոգեւորուած
են
իրենց
իրաւունքը
ոգի
ի
բռին
պաշտպանելու
մինչեւ
վերջ.
անոնք
իրենց
լեռներէն
չը
հեռանալով
պիտի
նախընտրեն
մեռնիլ
իրենց
սիրելի
ապառաժներուն
վրայ
քան
ապրիլ
հալածական
դաշտի
ու
քաղաքի
մէջ։
Ընդհանուր
կոտորածն
իսկ,
որ
սոսկացուց
բոլոր
քաղաքակիրթ
աշխարհը՝
չը
կրցաւ
սասանեցնել
Սասունցիներէ
ողջ
մնացողները
իրենց
տեղերէն
եւ
քանի
որ
կառավարութիւնն
ու
քիւրտերն
ալ
ամենաբուռն
կերպով
կը
շարունակեն
իրենց
աւերիչ
եւ
կործանարար
քաղաքականութիւնը,
Սասնոյ
խնդիրը
դեռ
չէ
վերջացած։
Գոյութեան
յուսահատ
կռիւը,
անգութ
հարստահարիչի
եւ
տկար
այլ
անվհատ
հերոսի
անհաւասար
մարդը,
օրհասական
տագնապը,
կենաց
եւ
մահու
ճգնաժամը՝
տեղւոյն
վիճակն
է,
եւ
օրէ
օր
կը
սպասուին
նոր
աղէխարշ
լուրեր
թշնամւոյն
անլուր
շահատակութեանց
եւ
Սասունցիներու
հերոսական
նահատակութեան։
Կը
լսէ՞ք…։
***
1.
Սասնոյ
դէպքէն
վերջ,
երբ
զօրքերը
սկսան
լեռնէն
իջնել,
հոս
եւ
բուն
տեղերնին
վերադառնալ,
Վանէն
եկած
զօրքերն
ալ,
վերադարձին
օր
մը
կը
գիշերեն
Աւզուտ
գիւղի
քովը։
Նոյն
օրէն
ի
վեր
Աւզուտցի
Մանուկ
անունով
ազգայնոյն
կոյս
աղջիկ
Համասը
կ’աներեւոյթանայ.
ծնողք
կամ
ազգականք,
գիտնալով
հանդերձ
որ
զօրքերը
տարեր
են՝
իրենց
երկիւղէն
չեն
համարձակիր
հետապնդել
եւ
կը
լռեն։
Այժմ
Վանայ
պատրիարքական
փոխանորդ
Տ.
Սահակ
վարդապետի
յուլիս
12
ամսաթիւ
գրութենէն
կ’իմանանք
որ
յիշեալ
աղջիկն
տեղւոյն
Ալայ
Էմինիի
քով
գտնուած
է
եւ
յանձնուած
է
Ազգ.
առաջնորդարանին
դիրքերու
ամբողջ
տարի
մը
վայրագ
ծառայելէ
վերջ։
2.
Պէլէքցի
աշիրէթէն
Բռնաշէնի
Կծանք
գիւղացի
Ազիր
անունով
քիւրտը,
քանի
մը
օր
առաջ
Մշոյ
Մկրագոմ
գիւղացի
Մարտէեան
Առաքելի
մշակի
ձեռքէն
յափշտակեր
է
անոր
երկու
եզները,
յուլիս
25ին
ալ
Ազիրի
հօրեղբայր
Շապէի
Մէհմէտը
Առաքելի
տան
վրայ
յարձակելով
մնացած
երկու
դաւարներն,
մէկ
ծնած
կով
եւ
մէկ
եզն,
նաեւ
մէկ
վերմակ,
մէկ
գբրանտի,
եւ
անոր
կնոջ
սնտուկն
եւս
կոտրտելով՝
մէջը
եղած
հադերձեղէնքն
ու
կանացի
արծաթեայ
զարդերն
թալաներ
տարեր
է։
3.
Ս.
Յովհաննու
վանուց
հողային
կալուածոց
մէջ
բռնութեամբ
տուն
շինող
Պատօ
Ֆախին
եւ
իր
եղբայր
Հիւսէին
անուն
քիւրտն
առ
թշնամութեան,
ամսոյս
23ին
գիշերը
կրակի
տուին
յիշեալ
վանուց
Փականհին
տան
որոյ
մէջ
կը
ննջէր
Առաքել
վարդապետ
եւ
կը
գտնուէին
վանքի
դաւարները.
կրակը
դրան
կողմէն
ճարակած
եւ
բաւական
տեղ
ծաւալած
միջոցին՝
առաքել
վարդապետ
յանկարծ
խելակորոյս
արթննալով՝
մեծ
դժուարութեամբ
դուրս
կը
ձգէ
ինքզինքն
եւ
օգնութիւն
կ’աղաղակէ,
բարեբաղդաբար
տեղացիներն
եւ
փակահին
մերձակայ
գոմեր
գիւղացիները
փութով
հասնելով
պատը
կը
քակեն
եւ
անասունները
դուրս
կը
թափեն՝
բացի
երեք
գոմէշի
ձագերէ
որք
ծուխէն
խեղդուած
են,
եւ
կը
մարեն
հրդեհը։
Հարկահանաց
ապօրինութիւններէն
եւ
անկարգութիւններէն
յիշենք
միայն
զանոնք
որք
եօթնեկիս
մէջ
ծանուցուած
են։
4.
Իքինճի
գօլ
միւտիրին
եւ
հարիւրապետ
Րաշիտ
էֆէնտիի
Աւրան
գիւղ
գործածներէն
մի
քանին
յիշատակեցինք
մեր
վերջին
տեղեկագրին
մէջ.
նոցա
արարքներէն
ստուգուած
են
հետեւեալներն
եւս։
Տ.
Յօհաննէս
քահանան
եւս
Տ.
Կարապետի
նման
գանակոծուեր
ու
բանտարկուեր
է։
Հազրէեան
Աղէկ
եւ
Բարսեղ
եղբարց
եւ
Տուտօյեան
Գրիգորի
պարանոցներէն
ոստիկանք
կապ
անցունելով,
փողոցներու
մէջէն
քաշկռտելով
ջուրի
վրայ
տարեր
եւ
ստիպեր
են
շան
նման
ջուրը
լափել
ու
լակել.
ասով
ալ
չգոհանալով,
գանակոծեր
ու
չարչարեր
են։
Խարախանեան
Վարդան,
Տ.
Գրիգորեան
Վարդան,
Եղէեան
Աղճօ,
Մկրտիչեան
Աղօ,
Աւօյեան
Մոսօ,
Կիկօյեան
Սուսուն,
Աւտալեան
Գասպար,
Գասպարեան
Յօհաննէս,
Մուրատեան
Յակօ
եւ
ընկերք,
ընդ
ամէնը
33
անձինք
հիւանդանալու
աստիճան
գանակոծուեր
ու
չարչարուեր
են։
Գիշերուան
ժամը
4ին
միջոցները
հինգ
ոստիկանք
Փիլօյեան
Գուլօ
անունով
կնոջ
տան
դուռը
կոտրելով
ներս
խուժեր
եւ
կինը
մերկանդամ
անկողնոյ
մէջէն
հանելով
ծաղրեր,
վրան
պաղ
ջուր
լեցուցեր,
ծեծեր
ու
խեղճի
ամանները
ջարդեր
են.
նմանապէս
Լուռօ,
Նըռկօ
եւ
Ատօ
անուն
կանանց
տուներն
եւս
կոխելով,
զանոնք
ծեծեր,
հայհոյեր
եւ
խեցեղէն
անօթները
կոտրտեր
են։
5.
Եաղուպ
անուն
ոստիկան
մը
եւ
ընկերները
կը
մտնեն
Արդերթ
Գիւղացի
Հաֆսօ,
Մարիամ,
Խուտօ,
Հերքօ
եւ
Ազրութ
անուն
կնիկներու
տուներու
մէջ,
ջարդ
ու
փշուր
կ’ընեն
անոնց
խեցեղէնները,
կը
հայհոյեն
ու
կը
գանահարեն։
Ազրութի
որդին
կրած
չարչարանքէն
մահամերձ
հիւանդ
է։
6.
Պակօ
Պէկ
եւ
Սայիտ
էֆէնտի
15
ոստիկաններով
յուլիսի
22ին
Ցրօնք
գիւղը
գնացեր
են,
սովորական
գէշութիւններէ
ետքը,
գիւղի
երեւելիներէն
եւ
իրենց
տուրքը
պատրաստ
վճարող
Մանուկեան
Մխօյի
թեւին
եւ
Յակոբեան
Պետիկի
ծնօտին
դաշոյնի
կոթով
զարնելով,
երկու
ատամները
կոտրեր
են։
7.
Յուլիս
21ին
Սուլուխ
գիւղ
գնացող
ոստիկաններէն
Իսլամ
եւ
Մամէն
մասնաւորապէս
Մարտիրոս
անունով
83
ամեայ
ծերուկ
մը
զուարճութեան
համար
փայտով
եւ
աքացի
հարուածներով
կը
տանջեն
գետին
կը
պառկեցնեն,
վեր
վերցնելով
գետին
կը
զարնեն
եւ
շատ
մը
չարչարանքներ
կուտան։
Գիւղացիք
եւ
Մամէի
եղբայր
Րասուլ
միջնորդելով
եւ
աղաչելով,
հազիւ
հազ
կը
յաջողին
մարած
վիճակի
մէջ
այս
վայրենիներու
ձեռքէն
ազատել
խեղճուկ
ծերունին,
որոյ
աջ
ոտքի
ծունկը
կոտրեր
եւ
մէջքն
եւս
ծանրապէս
ցաւցեր
է,
այժմ
ծերունին
անկողնոյ
մէջ
չարաչար
կը
տառապի
եւ
անտարակոյս
չկարենալով
դիմանալ
ցաւոց,
կը
մեռնի։
8.
Հարկահան
ոստիկանք
Ծխաւցի
Մարիամ
անուն
կնոջ
մը
4
լիտր
(24
օխա)
իւղը,
60
ղրուշի
փոխարէն
քաշեր
բերեր
են,
զինքը
լաւ
մը
ծեծելէ
վիրջ։
9.
Ո՛չ
միայն
գիւղերու,
այլ
նաեւ
քաղաքին
մէջ
ալ
սաստիկ
հարկահանութիւն
տեղի
կ’ունենայ,
հոս
եւս
ծեծ,
հայհոյանք,
եւ
բանտարկութիւնք
պակաս
չեն։
Յուլիսի
23ին
բոլորովին
աղքատ
եւ
հացի
կարօտ
Մշեցի
ազգայիններէն
35
անձինք
բանտարկել
տրուեցան
ի
կեդրոնական
բանտի
իբրեւ
մահապարտներ՝
91
աւուր
բանտարկութեան
վճռով,
պայմանաւ
սակայն
որ
պարտքերնին
վճարողները
պայմանաժամէն
առաջ
արձակուին,
եթէ
ոչ՝
91
օրէն
վերջը
անոնց
ունեցածներն
(եթէ
ունին)
վաճառելով,
գանձուի
տէրութեան
հարկը։
Այս
բանտարկելոց
մէջ
է
Բրդի
թաղեցի
Պետրոսեան
Յօվհաննէս՝
որ
փոքր
ի
շատէ
բարեկեցիկ
վիճակ
մը
ունենալուն՝
իր
տուրքը
կանխաւ
վճարած
էր
ամբողջովին,
սակայն
յիսնապետ
Խալիլ
էֆէնտին
ականջ
չկախեր
նորա
յայտարարութեան
ու
հայհոյելէ
եւ
սուրի
պատեանով
զայն
ծեծելէ
զկնի,
կը
յանձնէ
Շիւքրի
եւ
Մուսօ
անուն
ոստիկանաց,
որք
թէ՛
ճանապարհին
եւ
թէ
բանտին
մէջ
փոխն
ի
փոխ
չարաչար
կը
գանակոծեն
զՅովհաննէս,
հուսկ
ուրեմն
թաղի
մուխթարն
իմանալով՝
կ’երթայ,
կը
վկայէ
թէ
նա
պարտք
չունի,
արձակել
կուտայ։
10.
Հաւատորիկ
գիւղի
թաղական
խորհուրդը
(իխթիյար
մէճլիսի)
կը
բողոքէ
թէ
յիսնապետ
Մէհմէտ
էֆէնտին
գնացեր
Հաւատորիկցիներու
վրաններն
իրենց
ամարանոցէն՝
որ
գիւղի
սահմանին
մէջ
է
(զի
այս
գիւղացիք
ալ
սովորութիւն
ունին
իրենց
հօտերու
հետ
ամառը
լեռ
ղօզան
ելլալ),
բռնութեամբ
հաներ
եւ
հոն
բնակեցուցեր
է
Բագրանցի
Քէօչերներէն
մաս
մը,
որոնց
անասունները
կարածին
ու
կ’աւերեն
խեղճերու
արտերը,
ասոնցմէ
Խափօ
անունով
քիւրտը
եօթը
ձիաւորներով
ցերեկ
ատեն
մըտեր
է
Հաւատորիկցիներու
բանջարանոցներու
մէջ
եւ
ձիերու
ոտնակոխ
ընել
տալով
աւերեր
ու
ապականեր
է։
11.
Մշոյ
սարը
պաշարման
մէջ
դնող
այս
Քէօչէրներուն
արարքներէն
պատմենք
նաեւ
հետեւեալը։
Պագրանցի
աշիրէթէն
եւ
Շավալըգցի
խումբէն
քանի
մը
քիւրտեր
Առաջ
գիւղացի
Պէտէեան
Յովհաննէսին
8
հատ
ոչխարը
գողցեր
են.
հովիւ
Աւէն
անոնց
հետքը
բռնելով
կերթայ
քրդաց
ոչխարաց
մէջ
կը
տեսնէ
ու
կը
ճանչնայ
գողցուած
ոչխարները։
Սակայն
քիւրտ
հովիւները
կը
թափին
Աւէի
վրայ.
լաւ
մը
կը
ծեծեն
եւ
վրայի
հանդերձները
կը
մերկացնեն։
Աւէն
հազիւ
կը
յաջողի
գողցուած
ոչխարներէն
մէկ
հատը
ձեռք
անցունել
եւ
գիւղը
հասցունել։
12.
Վերջին
պահուն
իմացանք
որ
Պուլանըգ
գաւառակի
Կեապօլեան
գիւղի
Շէյխ
Քեամիլի
որդի
Շառօ
գնդակահար
սպաններ
է
նոյն
գիւղացի
Տ.
Յովսէփ
քահանայի
եղբայրը
Կարապետը,
ոճրագործը
ձերբակալուած
եւ
բանտարկուած
է,
գաւառակի
կեդրոնը
Կոբ.
տարակոյս
չկայ
որ
պարզ
ձեւակերպութիւն
մըն
է
այս
բանտարկութիւնը,
եւ
առ
առաւելն
մէկ
քանի
ամիս
պիտի
տեւէ։
Ահա
այսպէս
մենք
Սասունցիքս
եւ
Տարօնցիքս,
շնորհիւ
վեհափառ
սուլթանին՝
կատարեալ
հանգստութիւն
եւ
անդորրութիւն
կը
վայելենք,
ուրեմն
թո՛ղ
տէրութիւնը
չը
յոգնի
«բարենորոգումներ»
մտցնել
մեր
երկրին
մէջ…
գէթ
այդ
ծաղրածու
խաղը
չը
խաղան
մեր
գլխուն…։
Մուշ,
5
օգոստ.
1895
***
Նախընթաց
յաջորդական
նամակներովս
եւ
ընդարձակ
տեղեկագրովս
առատ
լուրեր
տուած
եմ
ձեզ
արդէն.
բայց
տեսնելով
որ
օրըստօրէ
պատահած
ամէն
դէպքերն
ալ
քիչ
շատ
կարեւոր
են
եւ
ուշագրաւ,
ձեր
հրահանգին
համեմատ
կը
փութամ
անոնք
ալ
տեղեկագրել
ձեզի,
որպէս
զի
գոնէ
այս
միջոցաւ
ազգը
տեղեկանայ
մեր
կացութեան
եւ
մեր
ցաւոց
գէթ
սրտանց
մասնակից
ըլլայ։
***
Սասունի
հայ
գիւղերու
փլցուած
եւ
հրկիզուած
շէնքերու
վերաշինութիւնը
փութոյ
պնդութեամբ
առաջ
կը
տարուի.
այս
մասին
հիւպատոսին
եւ
միսիոնարներուն
նիւթական
օգնութենէն
աւելի.
իրենց
ներկայութիւնը
օգտակար
եղաւ
եւ
մեծ
զարկ
տուաւ
շինութեանց
առաջացման։
Թէեւ
տուները
կը
վերաշինուին
մաս
առ
մաս,
գործ
մը
որ
դեռ
կը
քշէ,
միւս
կողմէ
գաւառացիք
(Սասունցիք)
դեռ
ամենախեղճ
վիճակի
մէջ
են
եւ
բոլորովին
օգնութեան
կարօտ.
յայտնի
է
թէ
ոչխարաց
հօտերը՝
արջառները,
ստացուածքները,
հանդերձեղէններն
եւ
ծածկոյթներն
ու
կապերտներն
անգամ
յափշտակուած
տարուած
իրենք
կիսամերկ
վիճակի
մէջ
են.
ասոնց
թէ
ամենօրեայ
ուտելիք
եւ
թէ
հագուստ
եւ
այլ
պիտոյք
անմիջական
կերպով
հարկաւոր
են,
եղած
նպաստները
հեռի
են
լրացնելէ
այս
անհրաժեշտ
պէտքերը
եւ
հիմակուընէ
մտատանջութեան
մատնուած
ենք
թէ
ի՞նչ
պիտի
լինի
այս
խեղճերուն
վիճակն՝
եթէ
աւելի
օգնութիւն
չը
հասնելով
ձմեռն
ալ
վրայ
գայ…։
Անցած
տարւոյ
Սասնոյ
դէպքերէն
ի
վեր՝
ութը
ինն
ամիս
ամբողջ
Մշեցի
եւ
դաշտեցի
հայերը՝
գովելի
անձնուիրութեամբ,
լռիկ
մնջիկ
պահեցին
պահպանեցին
Սասունի
փախստականները՝
հոգալով
անոնց
ամէն
պիտոյքը։
Առ
նուազն
2000
հաշւելով
այն
թշուառները,
երեւակայեցէք
թէ
ինն
ամիս
այսքան
բազմութիւն
մը
պատսպարելու
եւ
կերակրելու
համար
ո՜րքան
զոհողութիւն
հարկաւոր
է
եւ
թէ
այս
զոհողութիւնը
ո՜րքան
ծանր
է
նիւթապէս
ժողովրդեան
մը
համար,
որուն
գլխուն
վրայ
գիշեր
ցորեկ
կ’ըսպասեն
հարկահանը,
վաշխառուն,
միւլթէզիմն
եւ
այլ
աւազակները
եւ
որուն
տնտեսական
անկեալ
վիճակն
ու
թշուառութիւնը
վերջին
աստիճանին
հասած
են.
ասոր
վրայ
աւելցուցէք
նաեւ
անցեալ
տարւոյ
հունձքերու
նուազութիւնն
ու
արմտեաց
թանկութիւնը,
մնացեալը
դուք
երեւակայեցէք։
Այս
ամէնը
ի
մէջ
բերելով
ըսել
կ’ուզենք
թէ՝
եթէ
անցեալ
տարի
8-9
ամիս
մեր
Մշեցին
ու
դաշտեցին
ամենայն
սիրով
բաժանեց
իր
Սասունցի
եղկելի
եղբարց
հետ
թշուառութեան
սեւ
հացը
եւ
զանոնք
ազատեց
սովամահ
լինելէ,
այս
տարի,
երբ
Սասունցիներն
արդէն
իրենց
տեղերն
են
եւ
մեզմէ
հեռու
եւ
միանգամայն
Մշոյ
եւ
դաշտի
տնտեսական
վիճակն
աւելի
եւս
վատթարացած
է,
մեր
արտասահմանի
եւ
Տաճկաստանի
հայ
եղբայրները
թող
նկատողութեան
առնեն
այս
ամէն
կէտերը
եւ
ըստ
այնմ
փութան
ժամ
առաջ
օգնութիւն
եւ
նպաստ
հասցնել
Սասունցի
քաջերուն՝
որոնք
ո՛չ
միայն
կարեկցութեան,
այլ
ընդհանուր
սքանչացման
եւ
բոլոր
հայութեան
երախտագիտութեան
արժանի
են։
Միեւնոյն
ժամանակ
երբ
մեր
համարիւն
եղբարց
ուշադրութիւնն
հրաւիրելով՝
կրկին
եւ
կրկին
կը
յայտարարենք
իրենց
թէ
Սասնոյ
խնդիրը
վերջացած
չէ
եւ
թէ՝
նոր
դէպքերէ
կը
վախցուի
օրէ
օր
եւ
թէ՝
Սասունցիք
վճռած
են
ցվերջ
աննկուն
մնալ.
երբ
այս
ամէնը
կը
յայտարարենք
եւ
կը
պարզենք
իրաց
ճշմարիտ
կացութիւնը,
արդեօք
մտածողներ
կա՞ն
թէ
ի՜նչ
պէտքեր
ունի
այս
քաջերը
կարենալ
շարունակելու
կռուիլ
իրենց
հարստահարիչներուն
դէմ։
Առաջ
շատ
խօսուեցաւ
ու
գրուեցաւ,
հայեր
չը
լսեցին
եւ
չհաւատացին,
ահա
հիմակ
ալ
կը
խօսուի
ու
կը
գրուի,
արդեօ՞ք
նորէն
չեն
լսեր
եւ
չեն
հաւատար։
Մշոյ
միւթէսարըֆ
բաշան
եւ
անգլիական
հիւպատոսն
եւ
իրեն
ընկերացող
խորամանկ
Թալիպ
էֆէնտին
որոնք
ժամանակէ
մը
ի
վեր
Սասուն
կը
գտնուէին
չորս
օր
առաջ
հոս
վերադարձան։
Կէլիէկուզան
գեղի
աւերեալ
եկեղեցին
վերաշինուած
լինելով՝
անցեալ
կիրակի
տեղւոյն
առաջնորդական
տեղապահ
Վարդան
վարդապետ
Յակոբեան
հանդիսաւոր
կերպով
կատարած
է
նոյն
եկեղեցւոյ
օծման
արարողութիւնը,
որուն
ներկայ
գտնուած
են
Սասունի
ամէն
գեղերէն
բազմութիւն։
Օծման
հանդէսէն
վերջ
կատարուած
է
Սասնոյ
նահատակներու
հոգեհանգստեան
պաշտօն.
աննկարագրելի
է
եղեր
ամէնուն
սրտայուզութիւնն,
լացն
ու
կոծը,
կանանց
սրտառուչ
ողբասացութիւնքը.
ամէն
մէկը
գէթ
սիրելի
մը,
հոգւոյ
հատոր
մը
ունէր
ողբալու
եւ
ամէն
մարդ
կ’ողբար
իրենց
արեան
խառնուրդին
մէջ
եղբայրացած
նահատակները։
Աւելի
երիտասարդները
եկեղեցւոյ
շուրջը
հաւաքուած
հրացանաձգութիւններով
կը
պատուէին
ինկած
քաջերու
յիշատակը,
ոչ
միայն
կսկիծը՝
այլ
եւ
ոգեւորութիւնը
մեծ
է
եղեր…։
Հինգհարիւր
եւ
աւելի
տարիներէ
ի
վեր
հայոց
կեանքի
մէջ
չը
տեսնուած
երեւոյթներ
են
ասոնք,
հայերը
միշտ
ցաւեր
ունեցած
են
ողբալու,
բայց
պատերազմի
մէջ,
պատւոյ
եւ
փառքի
դաշտին
մէջ
ինկած
քաջերու
յիշատակը
տօնել,
այդ
շատ
հին
ժամանակներու
երեւոյթ
է՝
որ
հնգադարեան
ընդհատումէ
վերջ
այսօր
կը
նորի.
այս
մարտական
աղէտներու
փառաւոր
ճգնաժամին
մէջ՝
կարելի
չէ
չը
յիշել
անցեալ
դարերու
փառապանծ
յիշատակները,
հին
Սասունցիներու
հերոսական
գործերը
նոցա
քաջագործութեանց
հետ
եւ
նոցա
արտասուքն
ու
թշուառութիւններն։
Կեցցեն
նոր
Սասունցիք,
որոնք
իրենց
քաջարի
նախնեաց
արժանաւոր
որդիքը
հանդիսացան
եւ
վերակենդանացուցին
ի
մեզ
հին
ժամանակներու
յուշքը,
փառքը,
հոգեսարսուռ
յուզումներ
եւ
մեզ
անծանօթ
զգացումներ։
Միւս
գիւղերու
եկեղեցիներն
ալ
շինուելու
վրայ
են
եւ
ի
մօտոյ
պիտի
օծուին։
Տ.
Վարդան
վարդապետ
Սասունէն
դարձած
է
Ս.
Յովհաննու
վանքը
եւ
այսօր
վաղը
տեղս
կը
սպասուի։
Բաղիշոյ
Ալայ
Պէկը
յիսուն
ոստիկաններով
քաղաքս
ժամանեց.
նոցա
յանկարծակի
գալը
յայտնի
չէ
թէ
ի՛նչ
նպատակաւ
է.
ոմանք
կ’ըսեն
թէ
Սասուն
պիտի
երթան
Քէօչէր
քիւրտերէն
ետ
առնելու
գաւառացիներու
կողոպտուած
ապրանքները,
ոմանք
կ’ըսեն
թէ
Ճապաղջուր
պիտի
երթան
քիւրտերու
մէջ
խաղաղութիւնը
վերահաստատելու
եւ
ոմանք
ալ
կ’ըսեն
թէ՝
Մուրատ
էֆէնտին
իր
ընկերներով
Պոլիս
պիտի
տանին։
Չը
գիտենք
ո՛րն
աւելի
հաւանական
է։
Մինակ
գաղտնի
կերպով
կը
խօսուի
թէ
Մուրատ
էֆէնտին
մէկ
քանի
օրէն
տեղէս
պիտի
հանեն,
եւ
Պոլիս
պիտի
բերեն.
բայց
թէ
ինչո՛ւ
գաւառացիներն
ալ
(Տալւորիկցիները)
հետը
պիտի
տանին,
յայտնի
չէ։
Այս
մասին
յաջորդով
աւելի
մանրամասն
կը
գրենք։
Սասունի
եւ
Բռնաշէնի
քիւրտ
ցեղերէն
Պէլէքցի
քիւրտերը
իրարու
մէջ
ներքին
թշնամութիւն
ունենալով,
անոնցմէ
Պըտըրցի
կոչուած
տոհմն
շատոնց
ի
վեր
կռուի
մէջ
է
Շէկօյի
տուն
կոչուած
միւս
տոհմին
հետ։
Անցեալները
Պըտըրցիները
Շէկօյի
տան
վերաբերող
երկու
քիւրտերու
հանդիպելով
հայի
մը
ջրաղացքին
մէջ՝
գերի
կը
բռնեն
ու
կը
տանին.
այժմ
Շէկօյի
տունը՝
իր
քիւրտերը
յիշեալ
հայէն
կը
պահանջէ
եւ
անպատմելի
նեղութիւններ
կուտայ
շրջակայից
հայ
գիւղացիներուն։
Յուլիս
ամսոյ
վերջերը
Խութեցի
քիւրտերը
յարձակած
են
հայաբնակ
Շնեար
գիւղի
վրայ
եւ
գիւղի
նախրորդը
սպաննած
են.
յաջորդ
գիշերը
կրկին
յարձակելով
հովիւները
վիրաւորած
եւ
գիւղին
ոչխարներն
ու
արջառները
առած
տարած
են։
Նոյնպէս
Խութա
Ագրակ՝
գիւղի
Ռէս
Տօնօյի
եղբայրը
հրացանով
ծանրապէս
վիրաւորած
են
քիւրտերը։
Սասնոյ
գայմագամութեան
կեդրոն
Հազղոյ
գիւղաքաղաքին
մէջ
ալ
Հաղօեան
Ձոնոյ
անունով
ազգային
մը
երկուք
ու
կէս
ամսոյ
ի
վեր
տեղւոյն
շէյխին
ազդեցութեամբ
եւ
ամբաստանութեամբ
բանտարկուած
է.
իրեն
վերագրուած
յանցանքն
յայտնի
չէ։
Կըսուի
թէ
տեղական
կառավարութիւնը
կատարելապէս
համոզուած
է
այդ
խեղճ
հայուն
անպարտութեանը,
բայց
այդ
ազդեցիկ
շէյխի
երկիւղէն
չը
համարձակիր
արձակել։
Յուլիս
ամսոյ
25ին
գիշերը,
Մշոյ
կառավարիչը
գաղտնի
եւ
խորհրդաւոր
տեսակցութիւն
մը
ունեցած
է
Բագրանցի
եւ
Բատքանցի
քիւրտ
վայրագ
ցեղապետներէ
ոմանց
հետ.
կառավարիչներու
եւ
աւազակներու
միջեւ
տեղի
ունեցած
այս
տեսակցութիւնը
խիստ
գէշ
տպաւորութիւն
թողած
է
Սասունի
եւ
Մշոյ
հայոց
վրայ։
Միւս
կողմէ
մինչդեռ
հայերուն
չը
ներուիր
նոյնիսկ
ճամբորդութեան
առթիւ
փայտեայ
գաւազան
մը
ի
ձեռին
ունենալ,
Սասունի
կոտորածին
գործակից
այդ
բարբարոսները
Մշոյ
քաղաքի
փողոցներու
մէջ
մարթինի
հրացաններով
եւ
թուրերով
զինեալ
կը
շրջին։
***
Քիչ
մ’ալ
խօսինք
Մշոյ
եւ
Դաշտի
եղելութեանց
վրայ։
Շաբթուս
մէջ
տեղիս
բարբարոսութիւնք
աւելի
եւս
խստացեր
են
եւ
օր
ըստ
օրէ
աւելի
կը
խստացնեն
տուրքի
առթիւ
գործուած
չարիքները,
այնպէս
որ
թէեւ
շատ
գրած
ենք
այս
մասին,
կրկին
կը
ստիպուիմ
վերադառնալ
նոյն
կէտերուն
վրայ
եւ
յիշել
անոր
նոր
զեղծումներ։
Կերեւի
թէ
Քննիչներու
ներկայութեան
միջոցին
ի՛նչ
չարիքներ
որ
չը
կրցան
ընել,
տոկոսով
հանդերձ
կուզեն
մեզ
հատուցանել։
Արդարեւ
քննիչները
քանի
որ
տեղս
էին՝
շատ
մեղմօրէն
եւ
մարդավայել
կերպով
տուրք
կը
հաւաքէին
եւ
հաշուէ՛
թէ
բնաւ
ալ
չէին
գանձեր,
երբ
կը
տեսնէին
աղքատիկ
ժողովրդեան
անժխտելի
անկարողութիւնը,
բայց
քանի
որ
քննիչները
տեղէս
գացած
են,
ամեն
գեղ
տասնական
եւ
աւելի
վայրագ
ոստիկանք
ցրուած
են
եւ
չի
մնար
լուտանք,
անարգանք,
հայհոյանք,
եւ
մինչեւ
իսկ
անասնական
վարմունք,
որ
չի
գործադրեն
խեղճ
գիւղացւոց
գլխուն։
Անցեալ
օր
կարծեմ
գրեցի
ձեզի
հարիւրապետ
Ռաշիտ
էֆէնտիի
եւ
Իքինճի
գօլ
միւտիւրիի
խժդժութիւնները.
այս
անգամ
ալ
նշանաւոր
հանդիսացած
են
Ռէշիտ
էֆէնտին,
որ
այս
օրերս
Չխուրայ
կողմը
անցած
է
Զիարէթի
եւ
Աւրանայ
կողմերը
կողոպտելէ
վերջ,
հարիւրապետ
Իսկէնտէր
աղան
եւ
Չխուրա
միւտիրը.
ահաւասիկ
ասոնց
ալ
վերջին
մի
քանի
արարքները։
Ռաշիտ
էֆէնտին
ի
Խասգիւղ
Միրօ
Մօսէ
անուն
հայու
բերանը
խուշկի
(աղբ)
կը
լեցնէ
եւ
ձեռքովը
ներս
կը
սեղմէ։
Խեղճին
խեղդամահ
լինելուն
մազ
կը
մնայ.
ոմանց
վրայ
ալ
տաք
եւ
պաղ
ջուր
կը
լեցնէ,
տուներու
ամանները
կը
ջարդէ,
աղքատ
այրի
կիներ
սիւնը
կապելով
կը
ծեծէ
ու
կանարգէ,
անոնց
դեռ
ստնդեաց
մանուկներէն
տուրք
պահանջելով…։
Չխուրայ
միւտիւրը
Առուառինճ
գիւղը
գալով
տուրքի
համար
Աղրութի
Արթինի
երկու
ականջը
կը
բռնէ,
բերանը
բանալ
կուտայ
ու
կը
թքնէ,
պեխերը
կը
քաշէ
կը
փետտէ,
նաեւ
ուրիշ
անթիւ
չարութիւններ
կը
գործէ։
Դարձեալ
Խասգիւղի
մէջ
Այվազի
Արթինի
մէկ
գոմէշը
եւ
մէկ
եզը
կը
ծախեն
տասը
արծաթի՝
տուրքի
փոխարէն,
մինչդեռ
առնուազն
չորս
անգամ
արժողութիւն
ունին։
Ամէն
հարկահաւաք
Մուշէն
ելնելուն,
երկու
մսավաճառ
ալ
հետը
կը
տանի,
ո՛վ
որ
փարա
չունի
իր
տուրքը
կանխիկ
վճարելու,
իր
լուծքի
եզները
դաշտէն
կը
քաշեն
կը
բերեն
եւ
բոլորովին
չնչին
գնով
մը
կը
ծախեն
որ
հազիւ
կրնայ
իր
տուրքի
հաշիւը
գոցել,
այսպէս
գիւղացին
թէ՛
իր
տաւարէն
կը
զրկուի
եւ
թէ՛
իր
հացէն,
որովհետեւ
լուծքի
եզին
տարուելովը
իր
արտն
անմշակ
կը
մնայ։
Տասնեակ
թուով
հարկահաւաք
ոստիկանները՝
որոնք
օրերով
կը
կենան
ամէն
մէկ
գիւղ,
ո՛չ
միայն
գիւղացւոց
հաշւոյն
ձրի
կը
կերակրուին,
այլ
նաեւ
գեղջկական
սովորական
կերակուրներէն
գոհ
չըլլալով՝
եփուած
հաւ,
մեղր
եւ
այլն
կը
պահանջեն
հայհոյանքներով
եւ
սպառնալիքներով,
չի
նայելով
որ
այդ
բաներն
հազուագիւտ
են
այժմ
հայ
գիւղերու
մէջ։
Հարկահանութեան
կողմանէ
ամէն
գիւղեր
ալ
այդ
վիճակին
մէջ
են։
Մէկ
մ’ալ
խեղճ
գիւղացւոց
գիտնալով՝
գիւղեր
չի
պիտի
ծախուէին
միւլթէզիմներուն,
բայց
ծախուեցան
եւ
ուրիշ
տարիներէն
աւելի
բարբարոսներ
առին
մանաւանդ
պաշտօնական
անձեր՝
որ
բնաւ
իրաւունք
չունին
գիւղ
առնելու՝
առին,
ինչպէս
Պէլէտիէի
ռէյիս
Իպրահիմ
էֆէնտին
տասը
կտորէ
աւելի
գիւղեր
առաւ՝
որոց
մէջ
է
Խասգիւղն
ալ,
նոյնպէս
Խալիլ
էֆէնտին,
Էյուպ
էֆէնտին,
եւ
այլն։
Ալէգըլբուն
հայ
գեղը
7,
000
ղրշ.
ի
աճուրդի
կը
ձգեն.
գեղացիք
ալ
բէյ
կը
զարնեն.
վերջին
գինը
գեղացւոց
վրայ
կը
մնայ
եւ
աճուրդը
կը
վերջանայ։
Յաջորդ
օրը
Թիլ
գիւղի
Շէյխը
կ’երթայ
Միւֆթիին
կ’ըսէ՛
«Այդ
գիւղը
ինձ
ա՛ռ»։
Միւֆթին
միւս
օր
կուգայ
7000ի
վրայ
80
ղրուշ
յաւելում
կ’առաջարկէ,
գիւղացիք
ալ
կուգան
որ
գիւղը
իրենց
մնացած
ըլլալուն
հաստատագիր
մը
առնեն,
եւ
երբ
կը
տեսնեն
Միւֆթիին
միջամտութիւնը,
կը
բողոքեն
ըսելով
որ
աճուրդն
արդէն
փակուած
է։
Պաշտօնեայք
մտիկ
չեն
ըներ,
գիւղացիք
ճարահատեալ
80
ղրուշին
վրայ
20
ղրուշ
ալ
իրենք
նոր
բէյ
կը
զարնեն,
բայց
Միւֆթին
կ’ըսէ
թէ
20
ղրուշ
չըլլար,
պէտք
է
1-2,
000
ղրուշ
գաք
վրայ
(յաւելուք)։»
Այդպիսով,
գեղացիք
յուսահատելով
ետ
կը
դառնան
եւ
գեղը
Միւֆթին
առնելով՝
կուտայ
Թիլի
Շէյխին։
Միւլթէզիմները
շատ
մը
գեղերու
կալերը
առանց
չափելու
իրենց
որոշած
քանակութեամբ
ցորեն
առնել
կուզեն
գեղացիներէն.
գեղացիք
կառարկեն
ըսելով
թէ
«կալերը
չափեցէք,
եւ
ինչ
որ
տէրութեան
օրէնքն
է
կուտանք»,
միւլթէզիմները
չեն
հաճիր
եւ
կալերն
ալ
չեն
չափեր։
Շատեր
կան
որոնց
կալերուն
մէջ
5060
քիլէ
ցորեն
կայ,
բայց
միւլթէզիմը
չի
չափեր,
այս
պատճառաւ
չեն
կրնար
իրենց
ցորենը
շտեմարանել,
կուգան
Մուշ
տոկոսով
կամ
սէլէֆով
ստակ
կը
գտնան,
կառնեն
հաց,
կը
տանին
իրենց
ընտանեաց,
որ
չի
մեռնին
անօթութենէ։
Այս
ամեն
բաներուն
վրայ
շատեր
եկան
բողոքեցին,
բայց
լսող
չկայ։
Կարգ
մը
հայ
բանտարկեալներու՝
սուլթանին
կարծեցեալ
ներումով
բանտէ
ելլելը
գրեցինք։
Բաղէշի
բանտէն
ելլողներէն
Սիրուն
անուն
անձը՝
քաղաքէս
գիւղը
երթալու
պահուն,
ճամբուն
վրայ
մի
քանի
բաղեշցի
քիւրտերէ
յարձակում
կը
կրէ,
որոնք
շատ
մը
հայհոյութիւններով
կըսեն.
«Կեավուրնե՛ր,
կը
կարծէք
թէ
բանտէն
ազատուելով
մեր
ձեռքէն
ալ
ազատեցաք.
ձեր
մահուան
վճիռը
ելած
է,
ձեր
գաթլը
հելալ
է.
ամենքիդ
ալ
պիտի
մորթենք»։
Այսպէս
ըսելով,
չարաչար
կը
ծեծեն
եղկելին
եւ
կիսամահ
կը
ձգեն,
կը
հեռանան,
մեռած
կարծելով։
Այժմ
յիշեալը
իւր
գիւղին
մէջ
ծանրապէս
հիւանդ
պառկած
է
եւ
իր
արձակման
համար
կաղօթէ
սուլթանին…
Թէեւ
կան
այս
կարգի
իրողութիւններ,
բայց
ժամանակս
չի
ներելով՝
այս
անգամ
այս
չափովս
կը
բաւականամ։
***
Տասնըմէկ
ամիս
Բաղիշոյ
եւ
Մշոյ
բանտերը
մնալով՝
անհրաժեշտ
պարտք
կը
համարիմ,
որչափ
կարելի
է,
ճշդութեամբ
մանրամասն
գրել
Մշոյ
բանտի
հայ
բանտարկելոց
վրայ։
Աւելորդ
է
գրել
բանտի
շէնքի
մասին
որ
իր
ամեն
կողմերով
անյարմար
լինելով
բանտի՝
մահ
եւ
եթ
կը
բուրէ։
Բանտարկեալները
գիշեր
ցորեկ
աղբի,
ժահահոտութեան,
խոնաւութեան
ոջիլներու
մէջ
կ’ապրին
ընդհանրապէս.
բանտարկելոց
թիւը
130
է
պակաս
չէր
եւ
այնչափ
մարդիկ
ցրուած
էին
ինը
սենեակներու
մէջ,
որոնք
ունէին
մի
մի
լուսամուտ։
130
բանտարկեալներէն
30ը
հայ
էին,
զորս
կարգաւ
կը
գրեմ։
1.
Սարգիս
Ումրօեան,
2.
Աւետիս
Գրօեան,
3.
Պետրոս
Մանուկեան
(Մուշեղշէնցի),
4.
Վարդան
Կըլօյեան,
5.
Խաչիկ
Ալէկեան,
6.
Ղազար
Մանուկեան,
8.
Յակոբ,
9-10.
Երանոս
եւ
իր
եղբայրը
Ասուատուր,
11.
Յարոյ
(Վարդենիսցի)։
Ասոնք
հինգ
տարի
է
որ
բանտն
են
այն
յանցանքով
որ
հինգ
տարի
առաջ
Մառնիկցի
(Մուսա
պէկի
կուսակից)
160
քիւրտեր
ուզելով
գիշերանց
բռնութեամբ
խլել
Մուշեղշէնցի
Գրօյի
հարսը
եւ
բռնաբարել
ի
վրէժխնդրութիւն
Մուսա
պէկի,
վերոյգրեալ
Աւետիս,
Խաչիկ
եւ
երեք
Վարդենիսցի
տղայք,
որոնք
հարսին
հետն
են
եղեր,
կսկսին
աղաչել
ու
պաղատիլ
քիւրտերուն,
որոնք
բոլորովին
անողոք
կը
մնան,
եւ
զհարսն
առնելու
համար
կսկսին
զարնել
հայոց.
հայք
եւս
կը
փոխարինեն,
վերջապէս
երեք
քիւրտի
եւ
մէկ
հայու
սպանուիլը
վերջ
կուտայ
կռւոյն,
եւ
հայք
իրենց
հարսը
կը
տանին
Վարդենիս
իր
հօրը
տունը.
անմիջապէս
քիւրտերը
լուր
կուտան
կառավարութեան,
որ
զօրքեր
ու
ոստիկաններ
ռազմամթերքով
կը
թափէ
ի
Վարդենիս.
թէ
ի՛նչքան
կանայք
կը
բռնաբարուին,
թէ
ո՛րչափ
մայրեր
կը
վիժեն
իրենց
զաւակները,
աւելորդ
է
գրել,
բաւ
է
ըսել
թէ
գիւղը
աւերելէ
եւ
աւարելէ
յետոյ
70ի
չափ
կապելով
կը
բերեն
Մուշ
փողով
ու
թմբուկով
եւ
անմիջապէս
բանտ
կը
դրուին
շղթայակապ։
Դատը
կսկսի,
ի
զուր
տեղ
հայերն
անմեղ
են,
մենք
ենք
եղեր
մինակ
կռւոյ
մէջ,
ինչո՞ւ
դուք
այսօր
այդպէս
նեղէք
այդպէս
կը
նեղէք
անմեղները,
կ’ըսեն.
թշնամի
քիւրտերն
իսկ
կը
վկայեն
թէ
այս
ինչ
այն
ինչ
հայեր
հոն
չը
տեսանք,
ի
զուր
հայեր
ընդ
երկար
կը
պատմեն
դէպքին
շարժառիթը
եւ
կը
ցուցնեն
իրենց
անմեղութիւնը
եւ
ի
զուր
տեղւոյս
առաջնորդ
Գեր.
հայր
Խարախանեան
միշտ
կը
գրէր
Աշըգեան
ապիկար
պատրիարքին
ի
պաշտպանութիւն
Վարդենիսցոց.
վերջապէս
կը
դատուին
16
մարդիկ
եւ
15
տարի
շղթայակապ
բանտարկութեան
կը
դատապարտուին.
այս
եղկելիներէն
հինգ
մարդ
կը
մեռնին
բանտի
մէջ,
չը
կարողանալով
տոկալ
բանտի
նեղութեանց
եւ
անօթութեան.
կը
մնայ
տասնըմէկ
մարդ,
թէ
ի՛նչ
է
իրենց
վիճակն
ու
կեանքը,
իր
տեղը
կը
բացատրուի։
Բացի
ասոնցմէ
կան
Պուլանըխի
Կոբ
գիւղէն
Յակոբ
եւ
իր
եղբօր
որդիք
Առաքել
ու
Աբրօն,
վերջինը
12
ամեայ,
եւ
երկու
տարուայ
մօտ
է
որ
բանտն
են։
Պատճա՞ռ.
Մշեցի
Շիւքրի
անունով
կառավարական
պաշտօնեայ
մը՝
որ
յիշեալ
Յակոբի
տունը
կը
բնակի
եղեր
վարձու,
կը
մեռնի.
մեռնողի
ազգական
ոստիկանութեան
յիսնապետ
Սաատուլլահ
էֆէնտին
–
որ
հիմայ
Մշոյ
բանտն
է
իսկ
այն
ատեն
ի
Կոբ
կը
մնար–,
զօրքերով
ու
ոստիկաններով
այդ
հայուն
տունը
կոխելով
կնիկները
բռնաբարելէ
եւ
տունը
աւերելէ
յետոյ
յիշեալներու
հետ
Յովհան
անունով
երիտասարդն
եւս
իր
կնոջմով
ու
երկամեայ
մանկիկով
կը
ղրկէ
ի
Մուշ,
ուր
հիմայ
բանտն
են,
եւ
Յովհաննէսին
այնքան
հարուածներ
կուտան
հրացաններու
կոթերով,
մուրճերով
ու
աքացի՝
որ
տարիէ
մը
մեռաւ,
եւ
Մշոյ
թաղապետութեան
տոքթորն
իսկ
վկայեց
գրով
թէ
իր
կրած
չարչարանքներէն
մեռած
է։
Կառավարութիւնը
գիտնալով
որ
հայերը
անմեղ
են,
անոնց
դատին
երբէք
չը
նայիր։
Կայ
հայ
մըն
ալ
Սնձնուտցի
Յակոբ
անուամբ,
որ
երբ
կը
տեսնէ
քիւրտ
մը,
որ
իր
կնոջ
պատիւը
կը
բռնաբարէ,
դաշոյնի
արդար
հարուածով
մը
կը
մահացնէ
եւ
Մշոյ
կառավարութիւնը
15
տարի
պատիժ
կուտայ
եւ
որչափ
որ
Պոլսոյ
վճռաբեկ
ատեանը
անիրաւ
տեսնելով
այդ
վճիռը
կը
բեկանէ,
Մուշ
դարձեալ
կը
հաստատէ։
Կոբեցի
Խաչիկ
անունով
ամենաթշուառ
հայ
երիտասարդ
մը
եւս
կայ
ի
բանտի
մութ
անկիւն
մը
կծկած
տարի
ու
կէսէ
աւելի,
մերկ,
բոկոտն
ու
անօթի.
քաղցկեղի
հիւանդութեամբ
իր
երեսի
մէկ
կողմը
կորսնցուցեր
է,
եւ
ցաւը
սկսեր
է
իջնել
ցած
աստիճանաբար։
Պատճա՞ռ,
ի
Կոբ
հայու
մը
1-2
նուկի
իւղը
գողցուեր
է,
տէրը
բողոքեր
է
երկու
հայ
տղոց
վրայ,
զայս
ալ
վկայ
ցոյց
տալով
եւ
այս
խեղճը
երդում
կ’ընէ,
որ
տեղեակ
չէ.
հարցաքննիչը
կ’ըսէ
«քանի
որ
տեղեակ
չես
եւ
անմեղ
ես,
երեք
արծաթ
տո՛ւր
որ
արձակեմ».
խեղճ
հիւանդը
ուստի՞
տայ,
եւ
ահա
ատոր
համար
է
որ
բոլորովին
անտէր
բանտին
մէջ
կը
տառապի։
Երկու
սարկաւագ,
Մովսէս
Նորատունկեան
եւ
Յարութիւն
Սրապեան
եւ
հինգ
գործակալք,
միաբանք
Ս.
Կարապետի
վանուց,
վեց
անձինք
եւս
այլ
եւ
այլ
տեղերէ
արդէն
քաղաքական
յանցանօք
բանտարկեալ
էին
եւ
վերջերս
արձակուեցան.
ասոնց
մէջ
է
Ազօյ
անուամբ
վաթսունըհինգ
ամեայ
պատուական
ծերունին.
ասիկա
Սասունի
Խուլփ
գաւառակի
ԿէլիէՄսուր
գիւղէն
է.
երեք
տարի
առաջ
կը
ձերբակալուի
Մընէ
Չավուշէն.
աւա՜ղ,
ձեռքերս
կը
դողան
եւ
չեմ
կարող
այս
ամբարիշտ
ոստիկանին
եւ
Թալիպ
էֆէնտիի.
Ազօյին
տուած
անլուր
չարչարանքը
եւ
անտանելի
տանջանքը
գրել.
բաւական
է
ըսել
թէ
ամենափոքրն
այս
կը
լինի
որ՝
այս
ծերունւոյ
ոտքերն
ու
ձեռքերը
կապելէ
յետոյ
իր
առնանդամը
բերանը
կը
դնէ,
«Ձեր
ամենի
վիճակ
այս
պիտի
լինի,
ցոյց
տուր
ինձ
Տամատեանը,
քեաֆ՛իր,
կեավո՛ւր»
ըսելով։
Ազօյի
չարչարանքը
իր
ժամանակին
մանրամասն
նկարագրուած
է
«Հնչակի»
էջերուն
մէջ
ուղղակի
Սասունէն
տեղեկագրուած.
իսկ
վերջերս
այդ
մանրամասնութեանց
ճշդութիւնը
հաստատուած
է
Տօքդ.
Տիլլօնի
եւ
քննիչներու
տեղեկութիւններով։
Մեր
բանտարկութեան
ժամանակ
քրիստոնեայ
եւ
թիւրք
քննիչները
եկան
Մուշ,
Մշոյ
բանտին
մէջ
կային
հարիւրէն
աւելի
քիւրտեր,
որոնք
ընդհանրապէս
երեք
ցեղի
կը
պատկանէին։
1.
Ճիպրանցիք,
2.
Հասնանցիք,
3.
Խութեցիք։
Առաջին
երկուքը
ցեղական
կապով
մօտ
են
միմեանց,
եւ
զիրենք
կը
կոչեն
Մամգունցի
(Մամիկոնեանք).
շատ
սիրով
կը
վարուին
ընդհանրապէս
հայ
բանտարկելոց
հետ,
եւ
երբ
տեսան
որ
Մուսա
բէկի
քիւրտերը,
Մընէ
Չավուշը
եւ
ոստիկանք
միացած
են
եւ
կ’ուզեն
զհայ
բանտարկեալս
ծեծել,
կորսնցնել,
սկսան
յայտնի
պաշտպանել
զհայս,
մեծ
հարուած
մըն
էր
այս
ոստիկանաց
եւ
Մուսա
պէյի
քրդաց
սրտին,
վերջիններս
արդէն
Վարդենիսցի
Մահդեսի
Յակոբն
անցեալ
տարւոյ
օգոստոս
ամսոյ
մէջ
թունաւորելով
կսպաննեն,
խեղճ
հայերը
կարելի՞
էր
ձայն
հանէին,
այս
տարի
եւս
թոյն
գտնուեցաւ
քովերնին
եւ
տօքթորն
առաւ
եւ
քանի
որ
սոյն
բանները
տօքթորին
յայտնողը
հայ
բանտարկեալ
վարժապետ
մ’էր,
ոստիկանք
եւ
Մուսա
պէկեանք
սկսան
յայտնի
հայոց
պատիւն
ու
զգացումը
վիրաւորող
խօսքեր
ընել.
ատկէ
զատ
Մուսա
պէյի
քիւրտերէն
մին
ուզեց
գիշեր
մը
Մուշեղշէնցի
Աւետիսը
խեղդել
(մէկ
սենեակ
կը
բնակէին)
եւ
այս
ալ
բաւական
չը
համարելով
իրիկուն
մը
Մուսա
պէյի
մարդիկ
յարձակեցան
վարդենիսցոց
վրայ
եւ
սկսան
ծեծել
ու
գլուխնին
ջարդել.
եւ
իսպառ
պիտի
ջարդէին
եթէ
միւս
քրտերը
չի
պաշտպանէին
զհայն։
Բողոք
եղաւ
բանտապետին,
տօքթորն
եկաւ,
բայց
ի՜նչ
օգուտ,
երբ
Մընէ
Չավուշը
շարունակ
կը
քաջալերէր
զխութեցիս
չի
վախնալ։
Սովորութիւն
մ’ալ
ունէր
այս
չավուշը,
որ
վարդենիսցիներուն
հող
կրել
կուտար
ժամերով
եւ
Մուսա
պէյի
մարդոցը
տեղերը
շինել,
խիստ
երկիւղալի
եւ
վտանգաւոր
էր
հայոց
վիճակը։
Ի՜նչ
կեանք.
բանտէն
դուրս,
սուր
ու
մահ,
բանտէն
ներս
ահ
ու
մահ։
Միեւնոյն
աչքով
կը
նայուէր
Ճիպրանցի
եւ
Հասնանցի
քրտերուն
ալ,
որովհետեւ
այս
քրտերը
շատ
բարեկամ
էին
Հայկական
խնդրոյն
եւ
աղօթող
այդ
գործի
յաջողութեան.
պատիւ
կը
համարին
խօսիլ
թէ,
մենք
ի
հնումն
հայ
էինք
եւ
նախարարական
ցեղ.
իրենց
ազատութիւնը
պահպանելու
համար
կրօնքին
փոխեցին,
եւ
հիմայ
երբ
Հայկական
խնդիրը
գլուխ
ելնել
իրենք
նախկին
կրօնքին
դառնալու
պատրաստ
են։
Այս
խօսքերը
կուլ
կը
տրուէի՞ն.
ես
որ
հետաքնին
աչօք
անցած
դարձածը
կը
դիտէի,
կը
զարմանայի
թէ
պատճառը
ի՞նչ
էր
որ
անցեալ
օգոստոսէն
մինչեւ
այսօր
կառավարութիւնը
հալածանք
հանած
էր
Ճիպրանցոց
եւ
Հասնանցոց
դէմ
եւ
շարունակ
խումբ
խումբ
կը
բերէին
կը
բանտարկէին,
յարմար
առիթի
մը
կսպասէին
այդ
գաղտնիքը
իմանալ,
եւ
ահա
այս
տարւոյ
յունիս
21ին
բանտի
մէջ
տեղի
ունեցած
սարսափելի
կռիւը
լուծեց
այդ
հանգոյցը։
Մեր
գրութեան
մէջ
համառօտիւ
հասկցուեցաւ
թէ
կառավարութիւնը
ի՞նչու
թշնամաբար
կը
վարուէր
այդ
ցեղական
քրտաց
հետ,
եւ
որպէս
զի
բոլորովին
յայտնի
ընեն
թէ
Մուսա
պէյի
քիւրտերն
ինչ
որ
կընէին
իրենց
խորհրդովն
էր,
բանտապետը
եւ
Մնէ
Չավուշ
ազատ
կը
պահէին
Մուսա
պէյի
քիւրտերը.
ասոնք
բանտէն
դուրս
ելնելու
մտնելու
ազատ
էին.
իրենց
մարդիկ,
ամեն
ժամանակ
ելումուտ
կընէին
իրենց
քով
եւ
մինչդեռ
միւս
քրտերն
ու
հայեր
արդէն
կարիլ
չէր
որ
փոքրիկ
դիտողութիւն
մը
ընէին,
փոխարէն
կուտային
ծեծ,
հայհոյանք
եւ
թուք։
Իսկ
Ճիպրանցիք
ու
Հասնանցիք
չի
կրցան
դիմանալ,
բարձրաձայն
սկսան
բողոքել
եւ
պօռալ
թէ
բանտի
օրէնքը
պէտք
է
անխտիր
ի
գործ
դրուի,
ի՞նչու
մենք
եւ
հայեր
ամեն
տեսակ
զրկանաց
ու
բռնութեանց
ենթակայ
ենք,
եւ
Խութեցիք
ազատ
են։
Խութեցիք
եւ
ոստիկանք
սկսան
ատոնց
հայհոյել
եւ
վերջապէս
սկսան
մէկզմէկ
զարնել,
ի՜նչ
սարսափելի
տեսարան.
Խութեցիք
յաղթուեցան.
լուր
գնաց
կառավարութեան,
տեսնելու
բան
էր
թէ
ի՛նչպէս
դատարանի
անդամներ,
ոստիկանապետներ,
զօրապետներ
թափեցան,
եւ
սկսան
զՃիպրանցիս
եւ
զՀասնացիս
սարսափելի
կերպով
մէկիկ
մէկիկ
տանիլ
զգետնել,
ծեծել
ու
շղթայել,
եւ
այսպէս
80ի
չափ
քիւրտերը
երկու
փոքրիկ
սենեկի
մէջ
լեցուցին,
ցերեկներն
ալ
տուներնին
գոց,
բոլորովին
զուրկ
արեւէ
ու
մարդէ.
«հայերը
կը
պաշտպանէք»,
կըսէր
Մընէ
Չավուշը։
Քիւրտերէն
Ճիպրանցի
Տրպօյի
տղայ
Աղան
յայտնեց
թէ,
անցեալ
տարի
Սասնոյ
կոտորածին
համար
կառավարութենէն
գիր
եկաւ
մեզ
եւ
հասնանցոց
թէ
պէտք
է
ձեր
բոլոր
ձիաւորաց
բազմութեամբ
եւ
զէնքով
երթաք
հայոց
վրայ,
կոտորէք,
որովհետեւ
թագաւորէն
հրաման
ելեր
է,
եւ
եթէ
չի
գաք,
համիտիէութենէ
պիտի
իյնաք,
ձեր
տները
պիտի
թալլուի,
դուք
բանտերու
մէջ
պիտի
մեռնիք։
Բայց
մե՛նք
երբէք
կարեւորութիւն
չտուինք
եւ
չը
գացինք,
արդ
հիմա
հասկցանք
թէ
ի՛նչ
պատճառով
անցեալ
տարւոյ
հոկտ.
ամսուն
Կարնոյ
Ալայ
պէյը
զօրքերով
մեր
տներն
աւերեց,
եղած
չեղածնիս
տարաւ
եւ
զմեզ
ղրկեց
բանտերը.
եւ
հիմայ
հասկցանք
թէ
հոս
ալ
ինչո՛ւ
հայոց
հետ
հաւասար
կը
զրկուինք։
Այս
բաները
թէ
գրով
եւ
բանիւ
բերանոյ
հայոց
առաջնորդին
իմացուցած
ենք։
Շատ
դիւրին
է
գուշակել
թէ
ի՞նչ
է
հիմա
բանտի
մէջ
մնացող
Վարդենիսցոց
կեանքը,
որոնք
բոլորովին
անօթի
եւ
մերկ
կ’ապրին,
զուրկ
ո
եւ
է
օգնութիւններէ.
այդ
պատուական
հայեր
ամէն
մասամբ
օգնութեան
ու
ազատութեան
արժանի
չե՞ն,
քանի
որ
պատւոյ
եւ
իրաւանց
համար
կռուիլ
եւ
մեռնիլ
իրենց
համար
սրբազան
պարտք
կը
համարէին,
«Շատ
տատողին
շալէ
շապիկ»
ըսած
է
հայոց
առածը։
Բանտարկեալ
Սասունցի
հայ
եղբարց
եւ
Պ.
ՄուրատիՀամբարձում
Պօյաճեան
եւ
իր
ընկերաց
համար
չենք
կրնար
երկար
գրել.
վասնզի
մեր
բանտի
մէջ
չէին
այլ
ցրուած
էին
հետեւակ
եւ
ձիաւոր
զօրաց
զօրանոցներու
մէջ,
անտես
ի
մարդկանէ,
եւ
զարմանալին
այն
է
որ
ասոնք
քաղաքական
յանցաւորներ
չը
նկատուեցան
եւ
չարձակուեցան։
Բանտի
մէջն
է
նաեւ
Շէնըգցի
Ըռքօն,
հսկայ
եւ
արի
հայը,
որ
անցեալ
տարւոյ
կոտորածին
զոհ
տուած
է
իր
ընտանեաց
անդամներէն
շատերը,
տեսեր
է
իր
իսկ
աչքով
շատ
մը
սիրելեաց
դառնաղէտ
մահերը,
իր
զաւակաց
կտտամահ
կորուստը,
բազմաթիւ
փոքրիկ
տղոց
գահավէժ
լինելը
զօրաց
ձեռքով,
տեսած
է
իր
քաջամարտիկ
ընկերաց
խողխողուիլը
Սասնոյ
քարերու,
ձորերու
եւ
ծերպերու
մէջ,
տեսած
է
շատ
մը
յղի
եւ
պարկեշտ
կանանց
ինքնայօժար
մահը՝
ամբարիշտ
զօրաց
ձեռքը
չը
մատնուելու
համար…
ունի
իր
գլխու,
երեսի
եւ
մարմնոյ
վրայ
շատ
մը
սրի
հարուածներ,
որ
ընդունած
է
զօրքերէն
ու
զօրապետներէն,
եւ
կէս
տարիէն
աւելի
է
որ
բանտն
է։
Թէ
ի՞նչ
նեղութիւններ
տեսաւ
բանտի
մէջ,
թէ
ի՞նչ
փառքեր
ու
պատիւներ
կառավարութիւնը
խոստացաւ
իրեն,
որ
քննիչներուն
առջեւ
ուղիղը
չը
խօսի,
բայց
կարելի՞
բան
էր
այդ
արի
նահատակի
միտքը
շրջել
ճշմարտութենէ
ու
արդարութենէ.
նա
պարզեց
քննիչներու
առջեւ
ամէն
ինչ
իր
գոյներով՝
ամօթ
եւ
ի
նախատինս
Համիտի
կառավարութեան։
Կառավարութիւնն
ալ
վրէժխնդրութեան
համար
Ըռքօն
բանտարկեց՝
պատճառելով
թէ
ասկից
վեց
տարի
առաջ
Մշեցի
հիւանդ
տաճիկ
մը
Խուրշիտ
անուամբ
ձեր
կողմեր
եկած
կորսուած
է,
դու
ես
սպաններ,
թէ՛
ասոր
եւ
թէ՛
մանաւանդ
Վարդենիսցոց
եւ
թէ՛
Կոբեցոց
ու
Սնձնուտցի
երիտասարդին
համար
ո՞ր
մարդ
եւ
ո՞ր
օրէնք
կրնայ
ըսել
ոճրագործ
եւ
մարդասպան։
Ըռքօէն
ի
զատ
Ստեփոյ
անուամբ
երիտասարդ
մըն
ալ
ձերբակալած
են
Շէնըգ
գիւղէն,
որպէս
թէ
Ստեփոն
իր
աւերակ
գիւղը
երթալու
ատեն
քիւրտերէն
բռնութեամբ
խաւրծիլ
[1]
առած
է։
Ի՜նչ
անամօթութիւն.
կառավարութիւնը
երբէք
չը
հարցուց
թէ՝
խեղճ
Ստեփոյ
ո՞ւր
են
արի
եղբայրներդ,
սիրուն
զաւակներդ,
բայց
քիւրտերու
խաւրծիլը
կը
հարցնէ…։
Այսչափով
կրնանք
հասկնալ
թէ
ի՜նչ
է
մեր
կողմի
հայոց
վիճակը
բանտէն
դուրս
եւ
բանտի
մէջ-
հաւասարապէս
դժոխային…։
***
Պատմենք
հիմա
դէպքերն
ու
իրողութիւնները
Սասունէն
սկսեալ։
Եւրոպական
քննիչներու
ներկայութիւնը
բաւական
երկիւղ
ազդած
էր
տեղւոյս
տաճկաց
եւ
քուրդաց
վրայ,
որով
եթէ
հարստահարութիւնք
եւ
անգթութիւնք
չէին
վերջացած՝
աստիճան
մը
մեղմացած
էին։
Կամ
թէ
ուրիշ
կերպով
բացատրելով
երկրին
չորս-հինգ
ամսէ
ի
վեր
ունեցած
համեմատօրէն
հանդարտ
կացութիւնը,
դիտելի
էր
որ՝
Սասունի
մխացող
աւերակներու
արհաւիրքներէն
եւ
քստմնելի
տեսարաններէն.
այդ
բարբարոսութեանց
հեղինակներն
իսկ
սարսափած
եւ
վրդոված՝
պահ
մը
թողած
հեռացած
էին
այդ
կողմերէն
եւ
մինչ
Սասունցիներէն
կենդանի
մնացած
յուսահատ
թշուառներն
ալ՝
հեռի
իրենց
կործանուած
յարկերէն,
թափառական
եւ
հալածական
փախուստի
ու
թաքուստի
մէջ՝
անօթութեան
մահահամբոյր
կըծկումներուն
դէմ
կը
մաքառէին
եւ
կամ
բուքէն
ու
ցուրտէն
անպատսպար՝
կը
դողային
ու
կ’ընկճէին,
գէթ
Սասուն
կը
հանգչէր
իր
գերեզմանական
ամայութեան
մէջ
եւ
ձիւնէ
թանձր
ծածկոց
մը
կը
վարագուրէ
այդ
տեղ
մերկատարր
երեւան
եկած
մարդկային
հրէշութեան
եւ
վայրենութեան
ամօթալի
երեւոյթները,
եւ
թնդանօթներու
որոտումէն
ու
կռուողներու,
վիրաւորներու
եւ
օրհասականներու
գոռում
գոչումէն
վերջ,
որոնք
այլեւս
դադրած
էին,
նաեւ
կշտապինդ
ագռաւներու
ուրախական
կռինչն
եւ
բուերու
եղերական
վայնասունը,
սարսռազդեցիկ
լռութիւն
մը
կը
տիրէր
այդ
ահեղ
խորերու
եւ
լեռներու
մէջ,
-
ասդին
Մշոյ
մէջ
եւ
շրջակայս
նոյն
արհաւրալից
եւ
անստոյգ
հանդարտութիւնը
կը
տիրէր
կարծես,
կառավարութիւնն
ու
իր
մեղսակիցները–
քիւրտերը–
վիթխարի
որս
մը
կլլելէն
վերջը
յղփացած
եւ
մարսողական
թմրութեան
մէջ
մտած,
պօա
օձին
պէս
վայրիկ
մը
ընդհատած
էին
իրենց
նահատակութիւնները.
կ’երեւի
թէ
քննութեանց
վերջաւորութեան
կըսպասէին,
հասկնալու
համար
թէ
պիտի
կրնան
մարսել
բիւր
հայ
նահատակաց
արիւնը՝
զոր
խմած
էին…
Նոյն
սրտատրոփ,
կեղակարծ
հանդարտութիւնը
կը
տիրէր
նաեւ
հայերու
մէջ,
որոնց
դէմքերուն
վրայ
կը
նշմարուէր
երէկուան
սարսափին
եւ
վաղուան
անստուգութեան
երկիւղին
հետ՝
յուսոյ
թեթեւ
նշոյլ
մըն
ալ…
Բայց
քննիչները
ամսոյս
եօթին
տեղէս
մեկնեցան
եւ
կարծես
անմիջապէս
պարագաներն
ալ
փոխուեցան։
Քանի
օրէ
ի
վեր
տեղւոյս
թուրքերը
կ’ուզեն
իրենց
կրած
նուաստացման
վրէժն
հանել,
մանաւանդ
որ
իրենք
ալ
լսած
են
քննիչներու
հաւաքած
տեղեկութիւնները
բոլորովին
աննպաստ
են
Համիտի
կառավարութեան
եւ
իր
արբանեակներուն։
Ըսենք
այս
առթիւ
թէ՝
կատարուած
քննութիւնք
ո՛րչափ
որ
անաչառ
ըլլան,
տարակոյս
չը
կայ
թէ
շատ
ու
շա՜տ
թերի
են,
քանի
որ
քննիչներն
անձամբ
չը
կրցան
երթալ
մինչեւ
Սասնոյ
խորերը,
զի
Սասնոյ
ամէնէն
հեռաւոր
խորշերն
ամէնէն
քստմնելի
խժդժութեան
հանդիսավայր
եղան,
եւ
քանի
որ
միւս
կողմէ,
ինչպէս
գրած
ենք
արդէն,
կառավարութիւնն
ամէն
միջոց
ձեռք
առած
էր
դէպքերը
ծածկելու,
աննշան
ցուցնելու
կամ
բոլորովին
խեղաթիւրելու,
անոր
համար
մեծ
սպառնալեաց
եւ
բանտարկութեանց
կը
մատնուէին
ամէն
անոնք,
որոնք
կը
յանդգնէին
քննիչներուն
ներկայանալ
եւ
ճշմարտութիւնը
խօսիլ,
միւս
կողմէ
Ս.
Կարապետի
վանուց
միաբաններէն
վատանուն
Եսայի
եւ
Կարապետ
վարդապետները
անձնական
կիրքերով
կուրացած,
եւ
կառավարութենէն
կաշառուած՝
ճշմարտութեան
հակառակ
եւ
հայոց
աննպաստ
վկայութիւններ
տուած
էին։
Փակագծի
մէջ
ըսենք
թէ՝
Տարօնոյ
հայ
յեղափոխականները
չը
պիտի
մոռնան
արժանակշիռ
վարձը
տալ
սոյն
երկու
մատնիչ
վարդապետներուն…
Այդպէս
սաստիկ
ճնշմանց
ներքեւ
կատարուած
քննութիւնը
եւ
այդ
թերի
հետազօտութիւնը
կրնային
բոլորովին
վրիպիլ
նպատակէն
եւ
արդարութիւնն
ու
ճշմարտութիւնը
կրնար
բոլորովին
քօղարկուիլ,
եթէ
չըլլար
Սասունցւոց
անվեհեր
քաջասրտութիւնը,
որ
ի
դերեւ
հանեց
կառավարութեան
բոլոր
զգուշական
եւ
խափանարար
միջոցները։
Ուրեմն
պէտք
է
գիտնալ
թէ
քննիչներուն
ստացած
տեղեկութիւնները
թէեւ
ստուար
հատորներ
կը
կազմեն,
դարձեալ
մեր
երկրին
մէջ
պատահած
աղէտքներուն
հարիւրին
մէկը
կը
ներկայացնեն,
եւ
եթէ
այդ
ալ
կը
բաւէ
դատապարտելու
Համիտի
կառավարութիւնն
եւ
իր
արբանեակները,
ալ
երեւակայեցէ՛ք
թէ
ի՜նչ
դժոխըմբեր
վիճակի
մը
ենք
մատնուած,
վիճակ
մը
արդարեւ
զոր
որակելու
եւ
պատկերելու
համար
պէտք
եղած
զօրաւոր
բառերը
կը
պակսին
մարդկային
բառարանէն
եւ
պէտք
է
դժոխքէն
ու
դեւերէն
փոխ
առնել
զանոնք։
Արդ,
քննիչներուն
մեկնելէն
ի
վեր
թուրքերու
մեծագոյն
մասին
համոզմունքն
այն
է
թէ
հայոց
խնդիրը
բոլորովին
մեռաւ,
թէ
եղած
դէպքերը
մոռցուեցան
եւ
թէ
քանի
որ
Եւրոպա
այսչափ
խժդժութեանց
աչք
կը
գոցէ,
իրենք
ազատ
են
աւելի
չարիքներ
տեղացնելու
հայերու
գլխուն,
միշտ
անպատիժ
մնալով,
այս
պատճառաւ
իրենց
բարբարոսութիւնը
նորէն
ձեռք
առած
են
առաջուընէ
չարագոյն
դարձած։
Ենթադրելով
որ
նոյն
իսկ
Եւրոպայէ
առաջարկուած
բարենորոգմանց
ծրագրին
վրայ
տեղեկութիւն
ստացած
ըլլան,
այդ
դարձեալ
զիրենք
չարգիլեր
իրենց
վայրագութիւնները
շարունակելէ,
քանի
որ
իրենք
ալ
կրնան
ըմբռնել
այդ
բարենորոգմանց
անարժէք,
անգործադրելի
ամէն
երաշխաւորութենէ
զուրկ
բան
մը
ըլլալն
եւ
միանգամայն
գիտեն
թէ
Համիտական
կառավարութիւնը
իր
վերջին
ճիգը
պիտի
թափէ
այդ
չնչին
ծրագիրն
ալ
մերժելու։
Իսկ
հայ
ժողովուրդը
տեսնելով
ընդհակառակն
իր
տածած
յոյսերուն
մաս
առ
մաս
ոչնչացումը,
մեծ
յուսախափութեան
մէջ
է.
մանաւանդ
յիշելով
ամիս
մը
առաջ
իր
վայելած
փոքր
ինչ
ազատաբեր
օրերը
եւ
զանոնք
բաղդատելով
ներկայ
վիճակին
հետ,
որ
անոր
հակապատկերն
է,
բոլորովին
վհատած
եւ
յուսակտուր
եղած
է։
Տեղւոյս
քաղաքական
ժողովոյ
անդամներն
գործունէութեան
մեծ
պակասութիւն
ցուցուցին.
իրենք
պաշտօնական
անձեր
լինելով,
կրնային
աւելի
շատ
գործեր
տեսնալ,
եւ
աւելի
կորովի
ընթացք
մը
բռնել,
բայց
թերացած
են
իրենց
գործոց
մէջ
առ
երկիւղի։
Ինչպէս
յայտնի
է,
անցեալ
տարւոյ
սոսկալի
կոտորածէն
ազատուած
Սասունցիները
թէ՛
բռնութենէ,
եւ
թէ՛
սովէ
ստիպեալ
ցիրուցան
եղած
էին.
ասոնցմէ
մէկ
մասը
ներքին
դաշտի
եւ
Տիգրանակերտի
ճամբով
հեռացած
էին
իրենց
հայրենիքէն
եւ
անոնցմէ
շատերը
իրենց
սուրէ
եւ
գերութենէ
ազատուած
ընտանիքն
եւ
զաւակները
թողլով
մօտաւոր
գաւառներ,
իրենք
գացած
էին
մինչեւ
Հալէպ
եւ
աւելի
անդին,
Սասունցւոց
մէկ
ուրիշ
մասն
ալ
Մշոյ
քաղաքին
ու
դաշտին
մէջ
գաղտնի
ապաստանած
էին
հայոց
տուներ
եւ
անոնցմէ
շատերն
ալ
աւելի
առաջ
երթալով,
մինչեւ
Խնուս
եւ
Ռուսաստան
գացած
էին.
շատ
քիչերը
մնացած
էին
իրենց
սիրելի
լեռները՝
յանձն
առնելով
ամէն
վտանգ
եւ
տառապանք
եւ
շարունակելով
առիւծաբար
դիմադրել
իրենց
հարստահարիչներուն։
Բայց
յետոյ,
այս
գարնան,
քննիչներու
ներկայութենէն
սիրտ
առնելով,
Մշոյ
եւ
դաշտի
մէջ
եւ
ուրիշ
մօտաւոր
տեղեր
գտնուող
Սասունցիներէն
շատերը
կամաց
կամաց
սկսան
կեդրոնանալ
իրենց
բնագաւառները,
մանաւանդ
երբ
վերջերս
իմացան
թէ՝
հրաման
ելած
է
իրենց
քանդուած
շէնքերը
վերաշինելու։
Այս
քաջ
սերունդին
համար,
որ
սնած
է
լեռան
ազատ
օդով,
սառնորակ
աղբիւրներու
անմահական
ջուրերով,
բացարձակապէս
անկարելի
է
դաշտային
բնակութիւնը.
իրենց
սարերէն
ու
քարերէն
ընդ
երկար
հեռու
մնալը
կը
ծիւրէ,
կը
հիւծեցնէ
անոնց
կորովի
կազմուածքը։
Այս
պատճառաւ
անոնցմէ
շատերը
Մշոյ
մէջ
եւ
դաշտի
մէջ
հիւանդացան.
այս
հիւանդներէն
ոմանք
իրենց
մեռած
ատեն
անէծք
կարդացեր
են
իրենց
բաղդին
որ
չը
կրցան
արժանանալ
պատերազմի
մէջ
ինկած
իրենց
ընկերաց
փառքին
եւ
հասարակաց
փոսէն
դուրս
պիտի
թաղուին։
Կառավարութիւնը,
ուզելով
ցոյց
տալ
Քննիչներուն
իր
«բարեխնամ
հոգածութիւնը»,
Մշոյ
մէջ
Սասունցի
հիւանդներուն
համար
հիւանդանոց
մը
բացաւ,
այժմ
քառասուն
հիւանդներ
կը
դարմանուին
հոն.
իրենց
հիւանդութիւնն
է
տենդ,
ժանտատենդ
եւ
ծաղկախտ.
թէ
որ
մեծագոյն
մասը
չը
հեռանային՝
կարելի
էր
հնտախտ
ալ
ծագէր,
բայց
բարեբաղդաբար
առաջքն
առնուեցաւ
իրենց
վերադարձովը։
Այսպէս,
Մուշէն,
Դաշտէն
ու
ներքին
Դաշտէն
2000ի
չափ
Սասունցիներ
իրենց
5-10
օրուան
ոգեպահիկ
պարէնը
հետերնին
առած,
վերստին
ելան
լեռ
եւ
իրենց
քանդուած
անծուխ
գեղերու
փլատակներուն
մօտ,
եւ
քիչ
հեռու
իրենց
նահատակներու
հողակոյտէն.
կամ
աւելի
ճիշտը,
քարակոյտերէն,
–
այստեղ
մարդ
սպաննուած
տեղերը
կամ
սպանեալներու
գերեզմաններուն
վրայ
սովորութիւն
է
քարակոյտ
բարձրացնել–
զետեղեցին
իրենց
սեւ
վրանները։
Բայց
կարծեմ
ընթերցողներու
մէջ
այնչափ
միամիտ
մէկը
չիկայ,
որ
կարծէ
թէ
Սասունցիներու
դէմ
խստութիւնները,
հալածանքը
եւ
հսկողութիւնը
վերջացած
են։
Իրականութիւնը
բոլորովին
ասոր
հակառակն
է։
Այն
Սասունցիները,
գլխաւորաբար
Շէնիք,
Սէմալ
եւ
Կէլիէկիւզան
գեղերէն,
որոնք
Քննիչներու
ներկայանալու
քաջութիւնը
ունեցան,
եւ
յետոյ
իրենց
գիւղերէն
փախան,
դեռ
կը
փնտռուին։
Սասնոյ
լեռներուն
մէջ,
այս
դիտումով
ոստիկանզինւորներու
երթեւեկութիւնը
կը
շարունակուի
եւ
Սասունը
ամէն
կողմէ
պաշարման
վիճակի
մէջ
է…։
Արիւնարբու
դահիճները
դեռ
չեն
կշտացած
հայու
արիւնով.
տասը
հազար
նահատակներու
անմեղ
արիւնը՝
դեռ
չէ
անցուցած
անոնց
արեան
ծարաւը.
կ’ուզեն
խմել
Սասունցի
հայի
արեան
մինչեւ
վերջին
կաթիլը,
կ’ուզեն
ջնջել
հայ
անունը
այդ
լեռներու
վրայէն,
օրինակ
տալու
համար
բոլոր
հայերուն,
որ
չի
համարձակին
երբէք
Սասունցիներուն
պէս
կառավարութեան
դէմ
դնել
եւ
անոր
գլխուն
բարդել
այսքան
պատասխանատուութիւն
եւ
դժուարութիւններ։
Մերկ,
անօթի,
եւ
բացօթեայ
մնացած
Սասունցիները,
մանաւանդ
այն
սակաւաթիւ
կտրիճները,
որ
օձի
պէս
հող
ուտելով
եւ
սկիւռի
պէս
արմատ
կրծելով՝
դեռ
կառչած
կը
մնան
իրենց
ապառաժներուն
վրայ,
դեռ
աննկուն
կը
մնան
առիւծի
պէս,
կառավարութեան
աչքին
փուշ
են
եւ
անոր
համար
մշտական
տագնապ։
Մէկ
քանի
հարիւր
անզէն
հայերէն
կը
վախնայ
այն
կառավարութիւնը,
որ
տարի
մը
առաջ
թնդանօթներու
ռումբերով
այերացաւեր
ըրաւ
Սասունը։
Եւ
այդ
մէկ
քանի
հարիւրին
դէմ
պատրաստ
վիճակի
մէջ
գտնուելու
եւ
յարմար
առիթին
անոր
ալ
հաշիւը
մաքրելու
համար՝
կառավարութիւնը
մինակ
ինքզինքը
անկարող
գտնելով…
կը
դիմէ
դարձեալ
վրանաբնակ
քիւրտերու
աջակցութեան,
որոնք
չի
թերացան
անցեալ
տարի
իրեն
գործակցելու։
Արդարեւ,
գարնան
սկիզբէն
ի
վեր,
Խուլբ
գաւառակի
ոստիկանութեան
պետ
Էօմէր
Աղան,
այդ
կողմերու
նշանաւոր
բռնաւորը,
բազմիցս
Բագրանցի
եւ
Բատըգացի
քիւրտ
աշիրէթներուն
մէջ
ղրկուեցաւ,
զանոնք
համոզելու,
որ
այս
տարի
ալ
Մշոյ
լեռը
գան։
Աշիրէթները
զարմանօք
դիտեր
են
թէ՝
ուրիշ
տարիներ
կաշառք
տալով
հրաման
կը
ստանային.
հիմայ
բան
մը
կայ
կըսեն,
թերեւս
մեր
գլխուն
խաղ
մը
խաղան
որ
կառավարութիւնը
ի՛նք
կը
ստիպէ
մեզ
լեռ
ելլելու։
Այս
կասկածանքով՝
շատ
չեն
ուզած
շարժիլ
իրենց
տեղերէն։
Կառավարութիւնը,
որուն
դիտումներուն
համաձայն
չէր
գար
Մշոյ
լեռը
պարապ
ձգել,
եւ
թողուլ
որ
ոգեսպառ
Հայերը
քիչ
քիչ
շունչ
առնեն,
պարտաւորեցաւ
ասկէ
ամիս
մը
առաջ
քաղաքիս
Համիտի
արբանեակ
Խօճա
եւ
Իւլէմաներէն
Հաճի
Թայիպը՝
զինւորներով
ղրկել
Սասուն,
Մշոյ
մէջ
լուր
տարածելով
որ
ան
կերթայ
իբր
թէ
քիւրտերը
համոզելու
որ
Հայոց
չը
վնասեն…։
Բայց
յետոյ
տեսնուեցաւ
որ
անոր
երթալուն
բուն
նպատակն
էր
ամբողջ
քիւրտ
քէօչէրները
(վրանաբնակ)
բերել
եւ
լեցնել
Մշոյ
սարը.
ասոնք
վերջապէս
համոզուեցան
ու
եկան,
Հաճի
Թայիպն
ալ
հետերնին։
Միեւնոյն
ժամանակ
300
հետեւակ
զօրք
ալ
ղրկուած
է
Մուշէն
ի
Սասուն.
այս
զօրաց
երթին
պատճառը
եթէ
թուրքերուն
հարցնեն,
կըսեն
թէ
հայերը
քէօչէրներէն
պաշտպանելու
համար
է.
բայց
ի՞նչպէս
կարելի
է
հաւատալ
այս
կարծեցեալ
պաշտպանութեան,
քանի
որ
կառավարութիւնն
ինքն
է
որ
պաշտօնապէս
կը
հրաւիրէ
այս
պատուհասը
հայոց
գլխուն։
Մենք
որոշակի
չենք
գիտեր
այս
շարժմանց
գաղտնի
պատճառները,
լաւ
չը
հասկցուիր
թէ
ի՛նչ
է
կառավարութեան
բուն
նպատակը,
բայց
յենուելով
կառավարութեան
դիմումներու
մասին
մեր
ունեցած
տխուր
փորձառութեան
վրայ,
մենք
կը
կասկածինք
որ
աշիրէթներ
լեռը
բերելով
մտադիր
է
յարձակում
մը
եւս
ընել
տալ
անօթի
եւ
անզէն
հայերու
վրայ
եւ
օգտուելով
անոնց
փոխադարձ
թշնամանական
դիրքէն,
զօրքերն
ալ
հայոց
վրայ
քշէ
եւ
այդպէսով
վերստին
կոտորել
տայ
հայերը,
նախընթաց
տարիներու
պակասը
լրացնէ
եւ
ցոյց
տայ
Եւրոպայի
թէ
Քէօչէրն
ու
լեռնաբնակ
հայերը
աշիրեթներ
են
որ
միշտ
կը
կռուին,
իրենց
հալն
այդ
է
եղեր
ամեն
ժամանակ
եւ
այսպէսով
հաւատացնէ
Եւրոպային
որ
անցեալ
տարւոյ
ահռելի
աղէտներն
եւս
իրմէ
անկախ
եւ
առանց
իր
գիտութեան
ու
դրդման
գործուած
են
եւ
զօրքը
միջամտած
է,
ո՛չ
թէ
հայերը
ջարդելու՝
այլ
խաղաղութիւնը
հաստատելու
համար
միայն։
Մենք
չենք
կրնար
չը
ծանրանալ
այս
կէտիս
վրայ.
Քէօչէրներուն
ուղղակի
կառավարութեան
թելադրութեամբ
Մշոյ
լեռ
բերուիլը
ո
եւ
է
լաւատես
մեկնութիւն
չը
վերցներ,
ո՛
եւ
է
հաշտարար
տրամադրութիւն
չենթադրեր
կառավարութեան
կողմէ.
տասը
տարիէ
ի
վեր
Գաւառացի
եւ
Շատախցի
հայերը
ամեն
տարի
ամենաբուռն
կերպով
բողոքած
են
կառավարութեան
քէօչէրի
գալէն
եւ
անոնց
հասուցած
չարիքներուն
դէմ
եւ
մինչեւ
իսկ
քանիցս
անոնց
գալն
արգիլելու
կայսերական
իրատէ
ելած
է
եւ
կառավարութիւնը
հին
բարի
ժամանակներու
մէջ
երբեմն
զօրք
ալ
հանելով
անոնց
դէմ,
զանոնք
ետ
կը
դարձնէր.
իսկ
քանի
տարիէ
իվեր
կառավարութիւնը
ինք
անձամբ
կը
բերէ…
կերեւի
թէ
սուլթանին
հրամանն
այս
է
եւ
անոնց
ձեռքովը
պիտի
կատարէ
«բարենորոգում»ները…։
Վա՜յ
մեզի.
համիտեան
կառավարութիւնը,
որուն
ինքնակալն
ալ
արդէն
խաւարամիտ
մի
մոլլա
է,
Սասնոյ
գաւառի
անդորրութիւնը
եւ
ապահովութիւնը
պահպանելու
քաղաքակրթական
մեծ
գործը՝
մանաւանդ
կիրքերու
ընդհանուր
գրգռութեան
ներկայ
ցգնաժամին
մէջ՝
կը
յանձնէ
իր
մոլեկրօնութեամբ
եւ
անողոք
հայատեցութեամբ
պատմական
նշանակութիւն
ստացած
հանրածանօթ
Հաճի
Թայիպին,
որ
անցեալ
տարւոյ
կոտորածներուն
մէջ
Զիլանու
շէյխին
չափ
մեծ
դեր
եւ
մեղսակցութիւն
ունեցած
է
եւ
անոր,
Հաճի
Թայիպին
հրամանին
ներքեւ
կը
դնէ
Բագրանցի
եւ
Բատըգանցի
Քէօչէր
քիւրտերը,
որոնք
թերեւս
բոլոր
քիւրտ
աշիրէթներու
ամէնէն
վայրագ
եւ
բարբարոս
ցեղերն
են։
Ոչխարաց
պահպանութիւնը
գայլերուն
յանձնուած
է։
Մենք
ասոր
չենք
զարմանար,
զի
այս
ամէնը
համիտեան
կառավարութեան
դիտումներուն,
ըմբռնումներուն
կատարելապէս
համաձայն
է
եւ
ցարդ
իր
բռնած
քաղաքականութեան
շղթայական
շարունակութիւնը։
Մենք
ասոր
չենք
կրնար
զարմանալ,
այլ
կը
զարմանանք,
կ’արգահատինք
անոնց,
ըլլան
մերազնեայք
կամ
օտարազգիք,
որոնք
դեռ
կը
հաւատան
թէ
սուլթանը
պիտի
բարեհաճի
բարենորոգումներ
մտցնել
Հայաստանի
մէջ,
թէ
կարելի
է
երկիրը
խաղաղի
եւ
զարգանայ՝
առանց
սուլթանի
եւ
համիտեան
կառավարութեան
հեղինակութիւնն
ու
ղեկավարութիւնը
իսպառ
դուրս
վանելու
անկէ,
այսինքն
առանց
ինքնավարութեան։
Բայց
թողունք
այս
տեսակ
խորհրդածութիւնները
աւելի
հանգիստ
տեղերու
հայերուն,
հասուն
մտքերուն…
եւ
մենք
շարունակենք
մեր
պատմութիւնը։
Հաճի
Թայիպի
բերած
քէօչէրները
20,
000
հոգւոյ
կը
հասնին
(ընտանեօք),
որոնք
Շատախի
եւ
Գաւառի
լեռները
բռնած
են
եւ
ողողած
են
Մշոյ
սարը
մինչեւ
Հաւատորիկ
եւ
արդէն
սկսած
են
տեսակ
տեսակ
անկարգութեանց,
գողութեանց
եւ
բարբարոսութեանց։
Կը
հաւաստեն
թէ
բռնաւոր
Հաճի
Թայեարը՝
իր
ձեռքը
ցանկ
մը
ունի,
յորում
նշանակուած
են
այն
Սասունցիներուն
անունները,
որոնց
դէմ
կառավարութիւնը
հաշիւ
ունի
անցեալ
տարուան
դէպքերէն.
զանոնք
ձերբակալելու,
սպաննելու,
անհետացնելու
արտօնութիւն
տրուած
է
իրեն
եւ
քիւրտերուն.
քիւրտերը
յայտնի
կը
խօսին
իրենց
հանդիպած
հայերուն
եւ
փնտռուած
անձանց
անուններն
ալ
կը
յիշեն.
բայց
մենք
յարմար
չենք
սեպեր
ի
մէջ
բերել։
Այս
օրերս
25
Տալւորիկցիներ
կ’ուզեն
գալ
Մուշ՝
անմիջական
նպաստ
ուզելու
իրենց
անօթի
ընտանեաց
համար
Հայոց
Մասնաժողովէն.
հաճի
Թայիպ
զանոնք
կը
ձերբակալէ,
կը
հարցաքննէ
եւ
2
օր
կը
բանտարկէ.
վերջը,
օրական
հինգ
մարդ
Մուշ
երթալու
համար
անցագիր
կուտայ։
Այսօր
ալ
Մուշ
եկող
Աղբէցի
(Սասունի
Աղբի
գիւղէն)
վեց
հայերու
ձեռք
տրուած
հրամանագիր
մը
տեսանք
որոյ
պատճէնն
է
հետեւեալը.
«Աղբիի
բնակիչներէն
վերոգրեալ
վեց
քրիստոնեայ
անձինք
արմտիք
գնելու
համար
Մուշ
պիտի
գնան.
կառավարութեան
կամքի
հակառակ
ո
եւ
է
անպատեհութիւն
տեղի
չունենայ։
(Ստոր.
)
իւլէմաներէն
հաճի
Թայիպը»։
Առանց
հաճի
Թայիպի
անցագրին
Մուշ
եկող
Սասունցիները
անվրէպ
կը
ձերբակալուին,
նոյնպէս
Մուշէն
Սասուն
գացողները։
Իսկ
Շէնըգ,
Սէմալ
եւ
Կէլեէկուզան
գիւղացիներուն
արգիլուած
է
Մուշ
եւ
ուրիշ
տեղեր
երթալ։
Ահա
այսպէս
խիստ
պաշարման
վիճակը,
պատերազմական
դրութիւնը
կը
շարունակուի
ի
Սասուն.
Քէօչէրի
զօրաց
այս
անօրինակ
խստութիւնը
լեռան
վրայ
եւ
կառավարութեան
ու
ոստիկանութեան
արգոսեան
հսկողութիւնը
Մշոյ
մէջ՝
բոլորովին
խզած
են
ամէն
յարաբերութիւն
եւ
հաղորդակցութիւն
Սասունի
եւ
Մշոյ
միջեւ.
եւ
արդեօք
ի՞նչու
այս
աստիճան
հսկողութիւն…
չը
կասկածի՞նք
թէ
Սասնոյ
ներսերը
խորհրդաւոր
անցքեր
կը
դառնան
թերեւս…
ու
պիտի
տեսնէք
քիչ
վերջ
թէ՝
մեր
այս
կասկածները
շատ
ալ
անտեղի
չեն…։
Տեղէս
Պատրիարքարանին
գանգատներ
գրուեցան
Քէօչէրի
գալու
մասին,
բայց
ի՜նչ
պիտի
կրնայ
ընել։
Այդ
տեսակ
գանգատներ
շատ
անգամ
անպատասխանի
կը
մնան։
Տեղւոյս
ժողովուրդը,
որ
արդէն
զայրացած
է
տեղական
պաշտօնական
մարմինի
թուլութեան
եւ
վախկոտութեան
դէմ,
աւելի
զայրացած
է
Պատրիարքարանի
դէմ,
որ
չը
կրնար
իր
ազդեցութիւնը
բռնեցնել
յայտնի
խնդիրներու
մէջ,
որոնցմէ
միոյն
վրայ
ալ
քիչ
մը
ստորեւ
պիտի
խօսինք։
Կառավարութեան
խորամանկութիւններէն
մըն
ալ
այն
է
որ,
ինչպէս
ամէն
ժամանակ
եւ
ամէն
տեղ,
ան
իր
դիտաւորութիւնները
միմիայն
յայտնի,
անմիջական,
ուղղակի
միջոցներով
ի
գործ
չը
դներ,
այլ
շատ
անգամ
բարի
մարդու
երեւոյթներ
կը
զգենու,
քաղաքակրթութեան
դիմակ
կ’անցընէ
իր
դէմքին,
օգտակար
տնօրինութիւններ,
(.
՞)
մարդասիրական
գործեր
(.
՛)
կը
կատարէ,
բայց
իրօք
այդ
ամէնը
ձեռքի
տակէ,
անուղղակի
կը
ծառայեցնէ
միշտ
իր
գաղտնի
նպատակներուն,
որոնք
կրնան
ամփոփուիլ
հետեւեալ
բառերով.
–
խեղդել,
խափանել
ամէն
բարիք,
դիմել
ամէն
միջոցի
ճնշելու,
բնաջինջ
ընելու
համար
հայերը։
Ահա
կառավարութեան
այդ
կարգի
խորամանկ,
երկդիմի,
հակասական
տնօրինութիւններէն
մին
եղաւ
«սովալլուկ
Սասունցիներուն
իբր
թէ
նպաստ
բաշխելու
եւ
անոնց
փլած
ու
հրկիզուած
տուներու
վերաշինութեան
հսկելու»
պաշտօնով
Թուրքերէ
եւ
մարդամեքենայից
դասակարգէն
եղող
թուլասիրտ
հայերէ
բաղկացեալ
խառն
յանձնախումբ
մը
կազմել
եւ
լեռ
ղրկելը։
Սոյն
յանձնաժողովը
սովելոց
նպաստ
բաշխելու
տեղ,
նպաստ
բաշխելէ
առաջ,
ոստիկաններու
օգնութեամբ
սկսաւ
մարդահամար
կատարել,
պատրուակելով,
որ
ըստ
այնմ
արդարութեամբ
պիտի
ընեն
իրենց
բաշխումը։
Այս
բանը
շուարեցուց
Սասունցիները,
զի
օսմ.
կառավարութիւնը
իր
տիրապետութենէն
ի
վեր
յաջողած
չէր
հայոց
մարդահամարն
ընել
Սասնոյ
մէջ,
եւ
շատեր
չվարանեցան
իրենց
վրանները
թողլով
անյայտանալ…։
Միեւնոյն
ժամանակ
նպաստ
բաշխելու
պաշտօն
ունեցող
կառավարական
այդ
յանձնախումբը.
անօթի
Սասունցիներուն
դեռ
պատառ
մը
հաց
չը
տուած՝
սկսաւ
անոնցմէ
հպատակութեան
եւ
շնորհակալեաց
ուղերձ
պահանջել։
Սասունցիք
ասոր
ալ
դժկամակելով
եւ
նախըթրելով
անօթի
մեռնիլ
քան
շնորհակալութիւն
յայտնել
իրենց
դահիճին,
երբ
իրենց
մարտիրոսներուն
դիակները
դեռ
տաք
էին,
մեծաւ
մասամբ
զրկուեցան
կառավարութեան
«առատագութ»
նպաստներէն։
Դարձեալ
այդ
հռչակաւոր
յանձնախումբը,
սպառնալիքներով
ետ
դարձուց
շատ
մը
Դաշտեցի
ու
Մշեցի
հիւսներ
եւ
որմնադիրներ,
որոնք
եկած
էին
ինքնայօժար
իրենց
աշխատութիւնը
նուիրելու
քանդուած
տուներու
վերաշինութեան,
գիտէ՞ք
ի՛նչ
է
այդ
արգելքին
պատրոնակը.
–
դեռ
կայսերական
իրատէ
ելած
չէ…։
Տարակոյս
չկայ
որ
երբ
խնդիրը
կոտորածի
մը
համար
ըլլար,
իրատէն
ելլելու
համար
մէկ
օրն
ալ
պիտի
բաւէր։
***
Խուլփի
գայմագամ,
որ
մէկ
ամսէ
ի
վեր
Տալւորիկ
նստած՝
անլուր
բարբարոսութիւններ
ի
գործ
կը
դնէր
եւ
հարկեր
կը
հաւաքէր
ու
կ’ուզէր
Սասունցիներուն
մարդահամարը
կատարել
ու
շնորհակալութեան
ուղերձ
մը
խլել
անոնցմէ
Սուլթանին
համար,
ամսոյս
15ին,
Տալւորիկէն
տուրք
հաւաքելու
պահուն,
լեռնաշղթայէ
մը
վար
կը
գլորուի
ձիով
ու
կը
ջախջախուի։
Բայց
հիմակ
Համիտի
պաշտօնեաները
կը
գրգռեն
իսլամ
ամբոխը
Հայերուն
դէմ,
ըսել
ուզելով
թէ՝
Հայե՛րը
սպաննած
են
գայմագամը։
Տալւորիկցիները,
նոր
կոտորածի
մը
վախէն,
վերցուցած
են
իրենց
վրանները,
եւ
վերստին
Ֆըրֆըրքարի
անառիկ
բարձունքները
ապաստանած
են
մերկ,
անօթի,
եւ
անզէն։
Այս
դէպքերէն
երկու
օր
ետքը,
անգլիական
հիւպատոսը,
ընկերակցութեամբ
ամերիկեան
միսիօնար
Մսթըր
Քօլի,
Տալւորիկ
ժամանած
է։
Հարիւրի
չափ
Տալւորիկցի
կտրիճներ
հիւպատոսը
դիմաւորեր
են
եւ
հրացանաձգութիւններով
զինւորական
պատիւներ
ըրեր
են
իրեն.
յետոյ,
ամէնքը
յարգանքով
մօտենալով,
այս
օտարազգի
հիւրերու
ձեռքերը
համբուրեր
են։
Հիւպատոսը
խորապէս
զգածուեր
է
այս
սրտոտ
լեռնականներու
խանդավառ
ընդունելութենէն։
Հիւպատոսը
խիստ
փափուկ,
սպառնալից
ժամանակ
մըն
է
որ
կը
հասնի
Տալւորիկ
եւ
յուսալի
է
որ
անոր
ներկայութիւնը
թերեւս
առաջքն
առնէ
նոր
աղէտներու։
Մշոյ
Ձորոյ
թաղի
Շէկ
Աւետարան
եկեղեցւոյ
վարժարանը
խուզարկուեցաւ
եւ
ուսուցիչը
Գրիգոր
վարժապետ,
որ
Թառօ
անունով
ալ
ծանօթ
է,
ձերբակալուեցաւ։
Դպրոցը
փակ
կը
մնայ։
Այս
ձերբակալման
առիթ
տուած
է
վատանուն
Բարսեղ
քահանայի
մը
զրպարտութիւնը։
Անցած
տարի,
քաղաքին
յեղափոխականներէն
մէկ
քանիներ
ծանրապէս
վիրաւորեցին
այս
նոր
Զանգակ
երէցը.
սակայն,
փոխանակ
զգաստանալու
այդ
դասէն,
այդ
մատնիչը
հիմակ
անպատկառօրէն
կը
շարունակէ
իր
շահատակութիւնները…։
***
Մշոյ
առաջն.
տեղապահ
Վարդան
վարդապետ,
անցեալ
շաբաթ
լեռը
(Սասուն)
գնաց,
ուր
կը
գտնուի
արդէն
Մշոյ
միւթէսարըֆը։
Տուները
սկսած
են
վերաշինել։
Անգլիական
հիւպատոսն
ալ
Տալւորիկ
կը
մնայ
տակաւին,
ուր
զինուած
Հայերու
կողմէ
ջերմ
ընդունելութիւն
գտեր
է,
եւ
ուր
իր
ներկայութիւնը
իր
օգտակար
ազդեցութիւնը
ունեցեր
է
այն
պահուն,
երբ
կը
վախցուէր
նորանոր
խժդժանքներէ
եւ
արիւնահեղութիւններէ։
Տեղական
կառավարութիւնը
սկիզբները
ամէն
ջանք
ի
գործ
դրաւ
ջլատելու
եւ
չէզոքացնելու
հիւպատոսին
գործունէութիւնը,
առաջարկեց
իրեն
որ
ինքնագլուխ
չը
գործէ,
սակայն
հիւպատոսը
ականջ
չկախեց,
ըսելով
թէ՝
իր
ընդունած
հրահանգներուն
համաձայն
կը
գործէ
եւ
թէ՝
լո՛կ
իր
կառավարութեան
պատասխանատու
է
ինքը։
Համիտաբարոյ
պաշտօնեաները,
չկրնալով
արգիլել
անոր
գործունէութիւնը,
հիմակ
սկսեր
են
իր
քայլերուն
վրայ
հսկել,
միասին
գործելու
պատրուակով։
Խորամանկ
Թալիպ
էֆէնտին՝
Մուշէն,
հաճի
Նէճմէտտին
աղուէսը՝
Բաղեշէն,
Տալւորիկ
գացին
հիւպատոսին
ետեւէն,
անոր
գործերը
լրտեսելու
եւ
արգիլելու
որ
Հայերը
ցաւերնին
բացայայտօրէն
չը
պատմեն
իրեն։
Ոստիկան
զինուորները,
Տալւորիկի
կողմերը
կը
ձերբակալեն
երկու
անծանօթ
ձիաւորներ,
որոնք
յայտնի
չէ՛
թէ
ո՛ւր
տարած
են։
Ոմանք
կ’ըսեն
թէ՝
ձերբակալուածները
եւրոպական
թերթերու
թղթակիցներ
են
եւ
ձեռքերնին
օտար
հպատակութեան
անցագիր
ալ
կայ
եղեր,
բայց
ոստիկանները
կարեւորութիւն
չտալով,
բռնած
տարած
են
զանոնք։
Հիւպատոսը
կ’իմանայ
եւ
ստիպողաբար
այդ
մարդիկը
կը
պահանջէ,
սակայն,
ոստիկանները
ցոյց
չեն
տար
զանոնք։
Խնդիրը
մնացած
է
այս
վիճակին
մէջ
եւ
դեռ
ստուգուած
չէ
այդ
մարդիկներու
ինքնութիւնը։
Գաւառներուն
մէջ
(Շէնիք,
Սէմալ,
Կէլեէկուզան)
տուներու
շինութիւնը
դանդաղօրէն
առաջ
կը
տարուի։
Կառավարութեան
պաշտօնեաները
կը
փորձեն
բռնի
բանեցնել
Հայերը,
առանց
վարձքի,
սակայն,
այս
վերջինները
կը
մերժեն
որովհետեւ,
եթէ
տուներու
շինութեան
աշխատին
անդին,
երկրագործութեան,
խաշնարածութեան
եւ
ուրիշ
կենսական
գործերը
կը
մնան
երեսի
վրայ,
եւ
իրենք
են
որ
դարձեալ
կը
տուժեն։
Բաշան
կ’ըսէ.
–
«Ինչո՞ւ
չէք
աշխատիր,
քանի
որ
ձեր
տուներն
են։»
Հայերը
կը
պատասխանեն.
–
«Մեր
տուները
կանգուն
էին,
ինչո՞ւ
փլցուցիք…»։
Իսկ
Մշոյ
Դաշտի
դրութիւնը
վատթարագոյն
է.
բոլոր
գիւղերուն
մէջ,
տասանորդի
տուրքին.
վարձակալները
միեւնոյն
վայրագութիւնները
կը
գործեն
այս
տարի
ալ։
Բոլոր
գիւղացիները
Մուշ
լեցուեցան
բողոքելու,
բայց
ո՛չ
Միւթէսարըֆը
կայ
հոս,
ո՛չ
Առաջնորդը,
ո՛չ
ալ
հիւպատոսը,
մնացեալ
կառավարական
պաշտօնեաները
բնաւ
չեն
լսեր։
Շատ
մը
գիւղացիներ,
յուսահատութենէ
մինչեւ
Լեռ
(Սասնոյ
վերին
գաւառը)
գացին
բողոքելու։
Ամէն
գիւղի
մէջ
հինգ
տասը
ոստիկան
զինւոր
դրուած
է,
որոնք
այս
տարուան
եւ
ուրիշ
յետնեալ
տուրքերը
կը
գանձեն,
աննկարագրելի
նեղութիւններ
տալով
խեղճ
հայ
գիւղացիներուն,
որոնց
վրայ
երբեք
ազդեցութիւն
մը
չէ
գործած
մեր
երկրի
այս
տարուան
քաղաքական
արտասովոր
կացութիւնը…։
***
Տեղւոյս
սովատանջ
Սասունցիներուն
նպաստ
բաշխելու
պաշտօնով
երեք
տարբեր
մարմիններ
կան
հոս։
Առաջինը
կառավարութեան
Յանձնաժողովն
է,
որուն
բարեգործութիւնները
(?)
պատմեցինք
արդէն.
մինչեւ
ցարդ
շատ
աննշան
գումար
մը
բաշխած
է
իրեն
դիմող
Սասունցիներուն,
որոնք
սովահարներուն
փոքրիկ
մասը
կը
կազմեն
սակայն։
Երկրորդ
մարմինն
է
Ամերիկացի
միսիոնարներու
Յանձնախումբը,
զոր
կը
կազմեն
Մըստըր
Ճօրճ,
Մըստըր
Քօլ
եւ
Մըստր
Ռէյնօս
բժիշկը,
որոնք
գալով
Բաղեշէն
ու
Վանէն,
կառավարութենէն
հրաման
ուզեր
են
լեռ
ելլելու։
Կառավարութիւնը
առաջարկեց,
որ
իր
կարգած
Յանձնախումբին
յանձնեն
իրեն,
նպաստները,
անիկա
արդար
կը
բաշխէ.
իսկ
անոնք
չեն
ընդունիր,
եւ
վերջապէս
կառավարութիւնը
ակամայ
կը
զիջանի
արտօնութիւն
տալ
ասոնց։
Ասոնք
գովելի
անձնուիրութեամբ
մը
լեռը
նստած՝
նպաստ
կը
բաշխեն
եւ
քանդուած
տուները
շինել
կուտան։
Ականատես
մը
կը
պատմէ
թէ`
ի՜նչ
խոր
տպաւորութիւն
մը
թողած
է
այդ
Ամերիկացիներուն
վրայ
հոն
լեռը,
սեւ
վրաններու
տակ
բնակող
խեղճուկ,
տկլոզ
ու
բոբիկ,
անօթի
ու
գետնախշտի
հայերուն
աղիողորմ
վիճակը,
անոնց
սովատանջ
դէմքը,
անոնց
վաղուան
վրայ
անապահով,
տարակուսելի
կերպարանքի
արտայայտութիւնը,
Սասունցի
կանանց
երախտագիտութիւնը,
որոնք
չը
կրնալով
բառ
մը
արտասանել
այդ
օտարականներուն՝
անոնց
ձեռքն
ու
ոտքը
կ’ուզեն
համբուրել։
Երրորդ
նպաստամատոյց
յանձնախումբն
է
հայկականը,
որուն
պաշտօնը
վաւերացած
է
Ազգ.
Պատրիարքարանէն.
այս
Յանձնախումբին
ալ
բաւական
տեղերէ
հասած
են
եւ
հետզհետէ
կը
հասնին
գումարներ
Սասունցի
կարօտելոց
բաշխելու
համար.
բայց
այս
մարմինը՝
հազիւ
իր
պաշտօնին
սկսած՝
կառավարութեան
կողմէ
անգործութեան
դատապարտուած
է.
եթէ
գաղտնի
կերպով
ոմանց
օժանդակած
է,
այդ
ալ
շատ
աննշան
բան
պէտք
է
ըլլայ։
Անցեալները
մէկ
քանի
Սասունցիներ
ներկայանալով
հայկական
յանձնախումբին,
ուզած
են
ոչ
թէ
հաց
կամ
դրամ,
այլ
իրենց
սովամահ
ննջեցեալներու
համար
պատանքցու.
բայց
յանձնախումբը
վախնալով
մերժեր
է,
ըսելով
որ
կառավարութիւնը
արգիլած
է
նպաստ
բաշխել…։
Իրօք,
կառավարութիւնը
պաշտօնապէս,
հրամանագրով
մը
խստիւ
կը
պատւիրէ
որ
եկած
դրամները
այսուհետեւ
իրեն
յանձնուին
եւ
ինք
իր
յանձնախումբին
միջոցաւ
կատարէ
բաշխումը.
յայտնի
է
թէ
թաքուն
նպատակներ
կան
ասոր
մէջ,
որոնցմէ
ամէնէն
դիւրագուշակելին
այն
է,
որ
նպաստներուն
ուշ
բաշխուելովը՝
ըստ
կարելւոյն
աւելի
շատ
Սասունցիներ
սովամահ
կը
կորնչին։
Թէեւ
հայ
յանձնախումբը
այլ
եւ
այլ
առարկութիւններով
ընդդիմացեր
է
ստակները
կառավարութեան
տալ,
բայց
ժողովին
անդամները
վախնալով
որ
իրենց
անձնական
վտանգ
մը
պատահի,
դադրած
են
յայտնի
եւ
համարձակ
գործելէ,
չը
նայելով
որ
անդին
թշուառ
Սասունցիք
անմիջական
հացի
ու
նպաստի
կը
կարօտին,
գաղտնի
բաշխումներ
ընելն
ալ
անկարելի
է,
քանի
որ
ո՛չ
յանձնախումբին
հրաման
կը
տրուի
Սասուն
մարդ
ղրկել,
ո՛չ
թոյլ
կը
տրուի
Մուշ-
թո՛ղ
այն
կէտը
թէ
Քէօչէրներն
ալ
ճամբաները
բռնած
են
եւ
թռչուն
չեն
թռցուներ։
Յանձնախումբին
անդամները
ճարահատեալ,
Սրբազան
Պատրիարքին
դիմած
են
աղաչելով
որ
որ
եւ
է
միջոցաւ
չեզոքացուի
կառավարութեան
այդ
անտանելի
միջամտութիւնը,
որ
բոլորովին
վտանգաւոր
եւ
վնասակար
կը
դառնայ,
կը
խնդրեն
անմիջական
տնօրինութիւն
մը
որպէս
զի
Սասունցի
արկածեալները
անօթի
չը
մնան։
Առաջնորդարանը
Լեռը
գտնուող
միսիօնարներուն
աջակցելու
համար
Հայկունի
Խաչիկ
աղան
ղրկեց
անոնց
քով,
բայց
անոնք
պատասխանած
ըլլալով
թէ
պէտք
չեն
զգար
իր
ներկայութեան,
յիշեալ
անձը
Մուշ
վերադարձաւ։
Տեսնելով
որ
Ս.
Պատրիարք
Հօր
կողմէ
նպատակայարմար
տնօրինութիւն
մը
կ’ուշանայ,
տեղս
խորհուրդ
կայ
առ
ի
չգոյէ
լաւագոյն
միջոցի,
ազգայնոց
կողմէ
հայ
Յանձնախումբին
հասած
գումարներն
ալ
բողոքական
միսիօնարներուն
միջոցաւ
բաշխել
տալ։
Ի
հարկէ
քաջալերիչ
եւ
յարմար
կ’ըլլար
որ
համազգի
եւ
համակրօն
եղբարց
դրամը
ուղղակի
հայոց
կողմէ
բաշխուէր,
բայց
տեսնելով
ասոր
անկարելութիւնը
եւ
գիտնալով
որ
մեր
հայերը
անվախ
եւ
ապահով
չեն
այդ
օտարազգիներուն
չափ,
որոնց
նպատակն
անշուշտ
այս
պարագայիս
մէջ
կրօնական
գծուծ
միտքերէ
շատ
բարձր
եւ
զուտ
մարդասիրական
լինել
կ’ենթադրուի,
յանձնախումբը
վերջ
ի
վերջոյ
պիտի
ստիպուի
այդ
միջոցին
դիմել՝
եթէ
շարունակէ
յապաղիլ
Պատրիարքարանի
ազդու
եւ
բացառիկ
տնօրէնութիւնն
այդ
մասին։
Սակայն
հոս
ի
դէպ
է
ըսել
թէ,
այդ
արգելքները
բարձուին
եւ
նպաստները
բաշխուին
ալ,
քանդուած
տուները
վերաշինուին
ալ,
դարձեալ
այդ
բոլորը
մեծ
նշանակութիւն
եւ
իրական
օգուտ
չունենար,
խնդիրը
էապէս
յայնմ
կը
կայանայ
որ
Սասնոյ
մէջ
տեղի
ունեցած
քստմնելի
արարքները
եւ
սոսկալի
բռնութիւնները
չը
կրկնուին։
Բայց
այս
մասին
առ
այժմ
յոյս
չը
կայ.
կառավարութիւնը
մազի
չափ
չէ
շեղած
իր
աւերիչ
ընթացքէն,
եւ
իր
քաղաքականութեան
արտաքին
երեւոյթն
ի՛նչ
որ
ալ
ըլլայ,
ներքինը
միեւնոյն
է.
այս
մասին
վկայ
են
Քէօչէրի
բերուելուն
եւ
ուրիշ
եղելութեանց
վրայ
մեր
մինչեւ
ցարդ
պատմածները.
բայց
աւելի
ակներեւ
փաստ
են
այն
նոր
տագնապեցուցիչ
լուրերը,
որ
կուգան
Սասունի
ներսերէն
եւ
որոնք
կը
փութանք
ստորեւ
ի
մէջ
բերել։
Անցեալ
տարի
Սասնոյ
Դէպքին
հրամանատարութիւն
ընող
Կինճի
միւթէսարըֆը,
ինչպէս
կ’իմանանք,
Տալւորիկէն
հետն
առնելով
Խուլփայ
գայմագամը,
Հազրօյի
նշանաւոր
բռնակալ
Սէպտին
պէկը,
Սլիվանի
Մէհմէտ
Ռաշիտ
աղան,
30-40
ոստիկաններով
ու
զօրքով
եւ
շատ
մըն
ալ
քիւրտերով
ամսէ
մը
ի
վեր
եկեր
Տալւորիկի
հարաւի
սահմանակից
Արդխու
եւ
Քառախու
հայ
գիւղերը
նստեր
է.
անկէ
լուր
ղրկելով
Տալւորիկ,
որպէս
թէ
նպաստ
բաշխելու
համար
տեղւոյն
մնացեալ
բնակչաց
մարդահամարը
կը
պահանջէ.
ինչպէս
նաեւ
շնորհակալեաց
գիր։
Թէեւ
Տալւորիկ
համայնքի
միայն
Դուալէնք
գիւղի
ուրացող
քահանան,
Տ.
Ստեփան,
անոնց
պահանջումները
կատարեր
է,
սակայն
միւս
ութը
գիւղերու
մնացեալ
բնակիչները
որոնք,
ինչպէս
յայտնի
է,
աւելի
յամառ
եւ
քաջասիրտ
մարդիկ
են,
հասկնալով
կառավարութեան
խորամանկութիւնը
մերժած
են
անոր
պահանջումները։
Այն
ատեն
պաշտօնեաները
իրենց
դիմակը
վար
առնելով՝
կը
մտնեն
Տալւորիկ
եւ
անպատկառ
կերպով
կը
սկսին
տուրք
պահանջել
եւ
անհաւատալի
նեղութիւններ
տալով՝
գիւղացոց
ունեցածը
տուրքի
տեղ
յափշտակել.
գիւղացիք
չը
կրնալով
համբերել
եւ
դիմադրելու
ալ
կարողութիւն
չունենալով՝
զի
–
պէտք
է
կրկնել
–
անհաց
եւ
անզէն
են,
ճարահատեալ
կը
փախչին
գեղէն,
թողլով
անոնց
ձեռքը
իրենց
ընտանիքն
ու
զաւակները,
որոնք
յաջողած
էին
ճողոպրել
հերուան
ընդհանուր
կոտորածէն։
Կը
վախցուի
թէ
նորէն
ցիրուցան
ըլլան
քան
թէ
գոհացնեն
կառավարութեան
անիրաւ
պահանջումները.
մանաւանդ
հիմա
որ
բանէ
մը
զրկուելու
երկիւղ
չունին,
բացի
իրենց
յուսահատ
եւ
վհատեալ
հոգիներէն։
Դիւրին
է
հասկնալ
թէ
ինչո՞ւ
եւ
ի՞նչ
նախատեսութեամբ
վայրենի
Համիտեան
կառավարութիւնը
մասնաւորապէս
Տալւորիկի
վրայ
կը
կեդրոնացնէ
բոլոր
իր
հալածանքները
եւ
միւս
կողմէ
քիւրտերն
ալ
–
Սասունցի,
Խիանցի,
Բագրանցի
–
իրենց
բոլոր
կարողութիւնը
կը
թափեն
նոյն
համայնքին
վրայ։
Ահա
պատճառները.
նախ
որ
Սասնոյ
յեղափոխական-ապստամբական
շարժման
անդրանիկ
օրօրան
եւ
գլխաւոր
վառարան
թէ՝
Տալւորիկն
եղաւ.
երկրորդ
Տալւորիկ
համայնքը
անտարակոյս
Սասնոյ
ամէնէն
անառիկ
եւ
անմերձենալի
դիրքը
գրաւած
է
եւ
դարերէ
ի
վեր
հայերն
այդ
դիրքէն
հեռացնելու
համար
եւ
թէ՝
ապագային
ի
նախազգուշութիւն՝
հայերն
այդ
կէտէն
բնաջինջ
ընելու
համար,
ներկայ
ժամանակը
ամէնէն
պատեհ
առիթը
նկատուած
է։
Բայց
միւս
կողմէ
տարակոյս
չկայ
որ
այդ
ամենակարեւոր
դիրքը
իրենց
ձեռքէն
չը
հանելու
համար
Սասունի
հայերը
պիտի
կռուին
մինչեւ
յետինն
իրենց
զաւակներուն,
բաւական
է
որ
միջոց
ունենան…
Մէկ
խօսքով՝
Սասնոյ
խնդիրը
վերջացած
չէ։
Միեւնոյն
ժամանակ
Սասունէն
մեզ
լուր
կը
տրուի
թէ
Սասունցի
քիւրտերը
յարձակեր
են
իրենց
հայերու
գիւղերէն
Բըռի
գեղը,
որ
անցեալ
տարուան
դէպքերուն
ժամանակ
ալ
անգամ
մը
թալանուած
է։
Այսպիսի
սրտաճմլիկ
նորագոյն
դէպքեր
նկարագրելէ
վերջ,
եւ
ո՛վ
գիտէ
դեռ
ի՜նչ
տխուր
անցքեր
տեղի
կ’ունենան
եւ
մենք
չենք
իմանար
խիստ
պաշարման
վիճակին
պատճառաւ,
միթէ
իրաւունք
չունի՞նք
հարցնելու
թէ
ի՜նչ
դիւական
կատակերգութիւն
էր
ուրեմն
երեք
մեծ
տէրութեանց
միջամտութիւնը,
Քննիչներու
գալը,
երթալը,
բարենորոգմանց
առաջարկները։
Ի՜նչ
հեգնութիւն
եւ
ի՜նչ
հակասութիւն,
խայտառակ
Եւրոպան
չամչնալով
որ
հիւանդ
եւ
ապիկար
Մենագարի
մը
ձեռքը
խաղալիք
դարձած
է,
մեծմեծ
կը
ջարդէ,
օդին
մէջ
բարենորոգումներ
կ’ընէ
եւ
Սասունի
արհաւիրքներուն
ու
վնասներուն
դէմ
չոր
խօսքով
հատուցո՜ւմ,
փոխարինութի՜ւն
կը
պահանջէ
Համիտեան
կառավարութենէն.
արդէն
Համիտեան
կառավարութիւնը
Եւրոպային
«ինշալլահ,
մաշալլահ»
կ’ըսէ,
եւ
կը
շարունակէ
իր
վայրագ
հալածանքը
եւ
միանգամայն
ամենայն
բռնութեամբ
անօթիներէ
տո՜ւրք
կը
պահանջէ։
Անդին,
հայ
եւ
եւրոպացի
բարեմիտ
մարդասէրներ
նպաստներ
կը
ղրկեն
Սասունի
սովատանջ,
մերկ
եւ
անտուն
թշուառներուն,
ասդին
այդ
առատ
նպաստները
կը
ծառայեն
ո՛չ
թէ
անօթիները
կշտացնելու,
այլ
քիւրտերու
յափշտակութեան
ախորժակը
գրգռելու,
զանոնք
մղելու
աւարառութեան։
Ասդին
փոխանակ
հայերուն
ինքնապաշտպանութեան
միջոց
եւ
զէնք
կրելու
իրաւունք
տալու,
քիւրտերը
զինաթափ
ընելու,
երազական
առաջարկներ
կ’ընեն
մեր
կարծեցեալ
պաշտպանները
անդին,
Համիտեան
կառավարութիւնը
իր
հայ
հպատակներուն
պաշտպանութիւնը
կը
յանձնէ
անոնց
դարաւոր
ցեղական
թշնամի
կառավարական
զէնքերով
սպառազինեալ,
արիւնռուշտ
եւ
բարբարոս
քիւրտերուն…
Ասդին,
հայերը
օրհասական
ճգնաժամ
մը
կ’անցընեն
որուն
ամէն
մէկ
ժամը
նոր
աղէտ
մը
կը
գուժէ,
ամէն
մէկ
վայրկեանը
տագնապ
մը,
ասդին
արիւն
եւ
արտասուք
իրարու
հետ
կը
մրցին,
կրկնավտակ
գետեր
կը
կազմեն…
իսկ
անդին,
ո՜հ
անդին,
հայերը
կը
խօսին,
կը
վիճին,
փառքի
դափնիներ
կը
քաշքշեն
իրարու
ձեռքէ
կամ
սուտ,
անարի
ոգեւորութեամբ
չորս
անկիւններու
մէջ
թերեւս
մեզ
կը
գովեն,
մեր
անուան
վրայ
ճառեր
ու
դամբանականներ
կը
կարդան,
յոյսերով,
երազներով,
մաղթանքներով,
աղաչանքով
ու
խնդիրքով,
աղօթքով
ժամանակ
կ’անցնէին
ու
մեզ
կը
թողուն
նոյն
վիճակին
ու
նոյն
տառապանքներուն
մէջ։
Մեր
ցաւը,
մեր
յուսահատութիւնը
ո՛չ
թէ
մեր
կրած
անհնարին
տառապանքներուն
համար
է,
այլ
մեր
համարիւն
եղբայրներուն
անտարբերութեան
եւ
անգործութեան
համար։
Եթէ
մեր
կորուստը
հայ
ժողովուրդին
փրկութեան
ծառայէ,
մենք
երջանիկ
ենք
մեր
կորուստին…։
Թո՛ղ
Սասուն
կործանի,
թո՛ղ
Մուշ
փլատակաց
տակ
թաղուի,
թո՛ղ
մենք
կորսուինք
տունով
ու
տեղով,
բայց
թող
հայ
ժողովուրդին
ամէն
մէկ
անհատը
արժանաւոր
ըլլայ
Սասունցիներուն
եղբայր
կոչուելու.
թո՛ղ
հայոց
ազգը
ցնցուի,
յուզուի,
ոգեւորուի,
ելեկտրանայ,
Սասունի
վրէժը
լուծէ
եւ
ձեռք
բերէ
հայութեան
ազատութիւնն
ու
անկախութիւնը,
մեր
արեան
մինչեւ
վերջին
կաթիլը
մենք
կը
նուիրենք
Հայաստանի
ազատութեան
եւ
խաղաղութեան
համար։
Իսկ
եթէ
մեր
արիւնը
այդ
կերպով
չը
ներշնչէ
մեր
հայ
եղբայրները,
յայնժամ
մեր
արեան,
մեր
բնաջինջ
ըլլալուն
պարտական
պիտի
մնայ
ամբողջ
հայութիւնը
եւ
այն
ատեն
մեր
ինկած
եղբայրներուն
ոսկորները
անէ՜ծք
պիտի
կարդան
յանցաւոր
հայութեան,
եւ
նահատակուած
կոյսերու
եւ
կանանց
օձախռիւ
ուրուականները՝
իրենց
ցասման
եւ
վրէժխնդրութեան
ահեղ
տեսիլքով՝
ընդոստ
պիտի
խռովեն
այն
հայերուն
քունը,
որ
չը
գիտցան
այրաբար
կռուիլ
ժողովրդային
իրաւունքներուն
համար,
բայց
որոնք
գիտեն
ննջել
կանացաբար
փետրալից
կակուղիկ
բարձերու
վրայ…։
Եւրոպայի
քննիչները
այս
տեղէն
չը
մեկնած՝
արդէն
հասած
էր
հոս
անգլիական
դեր
հիւպատոսը։
Պիթլիսի
վիլայէթին
մէջ
մինչեւ
հիմա
երբէք
հիւպատոսութիւն
հաստատուած
չէր.
ընդհանրապէս
Վանայ
փոխ
հիւպատոսները
(ռուսական
եւ
անգլիական)
եւ
երբեմն
ալ
Կարնոյ
Անգլիական
հիւպատոսը
տարուէ
տարի
Բաղէշ
եւ
Մուշ
քննական
հարեւանցի
պտոյտ
մը
ընելով
կը
բաւականանային
եւ
կը
դառնային
իրենց
տեղերը։
Բայց
Սասնոյ
դէպքերէն
վերջ
Մուշ
ստացաւ
այնպիսի
քաղաքական
կարեւորութիւն
որ,
Անգլիա
փութաց
հոս
ալ
փոխ
հիւպատոսութիւն
մը
հաստատել,
իսկ
Բաղէշ,
որ
կուսակալութեան
կեդրոնն
է,
այդ
մասին
Մուշէն
ետ
մնաց։
Նորեկ
հիւպատոսը
Ձորոյ
թաղը
Փոթիկեաններու
տունը
կը
բնակի,
որուն
պարտէզին
մէջ
զարկած
է
իր
վրանը,
հոն
նստած՝
լռիկ
ականատես
է
անցած
դարձածին։
Հայերէն
ոչ
ոք
յայտնի
կրնայ
երթալ
իր
քով
եւ
տեսնուիլ
հետը.
գացողները
կը
բանտարկուին
եւ
մէկ
քանի
ոսկի
տուգանք
կամ
կաշառք
տալով
կ’արձակուին։
Հակառակ
այս
դժուարութեանց,
տեղս
ծագած
ամբողջ
գործերը
մաս
առ
մաս
կը
հաղորդուին
իրեն։
Վերջերս
յիշեալ
հիւպատոսը
հրաման
ուզեց
կառավարութենէն
մինչեւ
Տալւորիկ
երթալու
(Քննիչները
Կելիեէկուզանէն
անդին
չեն
գացած)
եւ
տուներու
շինութիւնն
եւ
այլն
աչքէ
անցունելու։
Կառավարութիւնը
կարգ
մը
դժուարութիւններ
մէջ
բերելով,
դժկամակեցաւ.
հիւպատոսը
երկրորդ
անգամ
դիմում
ըրաւ
ըսելով
որ
անպատճառ
պիտի
երթայ
եւ
ոստիկան
ուզեց,
չը
տրուեցաւ
եւ
ինք
ստիպուեցաւ
առանձին
երթալ
մինչեւ
Կէլիեէկուզան,
ուսկից
կրկին
Մուշ
վերադարձաւ։
Իսկ
մէկ
քանի
օր
առաջ,
անգամ
մը
եւս
յայտնելով
իր
հաստատ
միտքը
մինչեւ
Տալւորիկ
երթալու,
յաջողած
է
կառավարիչին
հաճութիւնը
ստանալ
եւ
ոստիկանով
մեկնեցաւ
Մուշէն։
Կ’երեւի
թէ
այս
օրերս
Տալւորիկ
հասած
տագնապալից
լուրերուն
առթիւ
տեղւոյն
վրայ
քննութիւններ
կատարելու
դիտմամբ
է
որ
կ’երթայ։
Անցեալները
տեղւոյս
ժողովուրդին
կողմէ
գանգատագիր
մը
պատրաստուեցաւ
որով
կը
քննադատուի
երեք
Պետութեանց
առաջարկած
բարենորոգման
նախագիծը,
որուն
անբաւական
եւ
անգործադրելի
ըլլալն
յայտնի
է.
ատոր
մէկ
օրինակը
տրուեցաւ
Անգլ.
դեր
հիւպատոսին,
իսկ
միւս
օրինակն
ալ
ուղղակի
ճամբով
ղրկուեցաւ
Ազգ.
Պատրիարքարան։
Մեր
տեղեկագրին
չափազանց
երկարութեան
պատճառաւ
զանց
կ’ընենք
անոր
օրինակը
հոս։
Մշոյ
ժողովուրդը
բերկրութեամբ
լսեց
Պատրիարքարանէն
հասած
հեռագրով
թէ՝
հայ
բանտարկեալները
ներման
արժանացած
են.
այս
լուրին
վրայ
թէեւ
ուրախացանք,
բայց
յետոյ
մտածելով
որ
թերեւս
Համիտի
կառավարութիւնը
կ’ուզէ
ասով
մեզ
քնացնել,
անվստահութիւնը
դարձեալ
գրաւեց
զմեզ։
Բաղէշէն
եւ
Աքեայէն
հասած
հեռագիրները
կ’աւետեն
թէ
այդ
տեղերը
բանտարկուած
մեր
հայրենակիցներն
ալ
ազատ
արձակուած
են։
Գալով
Մշոյ
բանտի
մէջ
գտնուող
բանտարկեալներուն,
որոնք
երեսունէ
աւելի
էին,
ասոնցմէ
միայն
տասներեքը
ազատուեցան,
իսկ
մնացածները՝
որոնք
իբրեւ
ոճրագործ
դատապարտուած
կը
նկատուին
այժմ
(թէեւ
բնաւ
այնպիսի
արարք
ըրած
չեն),
տակաւին
կը
մնան
բանտի
մէջ։
Բանտէ
ելլողներուն
մէջն
է,
ի
միջի
այլոց,
Սարկաւագ
Մովսէս
Զիարէթցի
եւ
ընկերները։
Մնացողներու
մէջն
են
Հնչակեան
Մուրատը
իր
ընկերներով,
ձերբակալուած
Տալւորիկցիները
եւ
Վարդենիսցիները.
այս
ամէնքը
դեռ
ծանր
շղթաներու
բեռան
տակ
կը
հեծեն։
Վարդենիսցիները
անոնք
են,
որ
քանի
մը
տարի
առաջ
իրենց
գիւղէն
հարս
մը
Մուշեղշէն
գիւղէն
վերադարձնելու
ժամանակ
իրենց
վրայ
յարձակող
Մառնիկցի
քիւրտերէն,
պաշտպանած
էին
այդ
կնկան
պատիւը
եւ
այդ
առթիւ
ծագած
կռւոյն
մէջ
քանի
մը
քիւրտ
սպաննուած
ըլլալով՝
կառավարութիւնը
սրով
ու
թնդանօթներով
յարձակած
էր
իրենց
գիւղին
վրայ
եւ
զիրենք
ձերբակալած
էր
եւ
յետոյ
ալ
խնդրոյն
քաղաքական
գոյն
տալով,
զանոնք
դատապարտած
էր.
իսկ
հիմա
կառավարութիւնը,
զանոնք
չարձակելու
համար
ոճրագործ
կը
նկատէ.
արդէն
յայտնի
է
որ
միւս
յիշուած
բանտարկեալներն
ալ
ամէնքը
քաղաքական
յանցաւորներ
են
եւ
ոչ
մին
ոճրագործ։
Ո՞վ
է
որ
պիտի
պաշտպանէ
այդ
խեղճերուն
արդար
իրաւունքը,
հրատարակուած
ներումէն
օգտուելու։
Բանտէ
ելլողներու
պատմածին
նայելով՝
անցեալները
Մշոյ
բանտին
մէջ
բաւական
ծանր
կռիւ
մը
պատահեր
է
եւ
բազմաթիւ
բանտարկեալներ
եւ
քանի
մը
բանտապահներ
վիրաւորուած
են։
Կռիւը
տեղի
ունեցեր
է
Ճիպրանցի
եւ
Հասնանցի
ու
Խութեցի
քիւրտ
բանտարկեալներու
միջեւ.
առաջինները
կռուած
են
Խութեցիներու
հետ
(Մուսա
պէյի
արբանեակները)
աղքատ
ու
խեղճ
հայ
բանտարկելոց
իրաւունքը
եւ
բանտի
օրէնքի
անխտիր
գործադրութիւնը
պաշտպանելու
համար.
զի
Խութեցիք՝
ներշնչուելով
ոստիկաններէն
եւ
Մըհէ
չավուշէն՝
շատ
անգամներ
ուզեցին
հայ
բանտարկեալները
չարչարել
ու
կողոպտել՝
անոնց
կեանքը
բոլորովին
վտանգի
ենթարկելով։
Կ’ըսուի
թէ
քիւրտերուն
այդ
կռիւը
շատ
աղմկալի
եղեր
է.
Հասնանցի
եւ
Ճիպրանցի
քրդաց
հետ
միացեր
են
հայ
բանտարկեալներն
ալ,
իսկ
Խութեցոց
օգնութեան
հասեր
են
իրենց
թելադրիչք՝
բանտապահներն
եւ
ոստիկանները,
բանտարկեալները.
զէնք
չունենալով
ձեռքերնին՝
փայտի
կոճերով
հարուածեր
են
զիրար։
Այս
միջադէպէն
ի
վեր
բանտին
մէջ
նոր
խստութիւններ
ձեռք
առնուած
են։
Քննիչներու
հոս
եղած
ժամանակ
յոյս
կար
որ
գիւղերու
տասանորդական
տուրքը
աճուրդի
չը
տրուիր
այս
տարի,
բայց
այդ
յոյսն
ալ
ի
դերեւ
ելաւ,
5-10
օրէ
ի
վեր
սկսած
են
գիւղերու
տասանորդը
վաճառել
ըստ
առաջնոյն.
թուրքերը
այս
տեսնելով
աւելի
եւս
սիրտ
առած
են
ըսելով
թէ՝
հայոց
նպաստաւոր
բան
մը
չկայ
որ
գիւղերը
դարձեալ
մեզի
կը
ծախեն։
Կը
գուշակուի
թէ
միւլթէզիմներն,
այսպէս
ի
նորոյ
քաջալերուած,
ի՜նչ
շահատակութիւններ,
ի՜նչ
կողոպուտներ
պիտի
ընեն
քիչ
ատենէն։
Մշեցի
մսագործ
Մաճախ
Ահմէտի
որդի
Մէհմէտ
անուն
թուրքը՝
ասկից
քանի
մը
օր
առաջ
Հաւատորիկ
գիւղացի
վեց
տարեկան
մանչ
եւ
8
տարեկան
քոյրը
խաբէութեամբ
իր
տունը
մտցնելով,
պարանով
կը
կապէ
սիւնի,
առաւօտէն
մինչեւ
իրիկուն.
երբ
խեղճ
տղոց
լալու
ձայները
դրացի
Հայերէն
լսուելով
Առաջնորդարանին
լուր
կը
տրուի,
անկէ
եւս
կառավարութեան
եւ
խեղճ
տղաքները
հազիւ
հազ
կ’ազատուին,
իսկ
այդ
վատութիւնը
գործող
Մէհմէտը
միայն
մէկ
գիշեր
կը
բանտարկուի
եւ
հետեւեալ
օրը
կ’արձակուի։
Հարկահանութիւնը
խիստ
բռնութեամբ
կը
շարունակուի.
տուրքերը
շատ
ծանր
են,
ժողովուրդը
բոլորովին
աղքատացած
ու
սնանկացած
է,
խստապահանջ
հարկահանք
ամէն
կերպ
բռնութիւններ,
անիրաւութիւններ
ու
զեղծումներ
գործելու
եւ
ժողովուրդը
իբրեւ
անհաւատարիմ,
կեղեքելու
առիթներ
ձեռքէ
չեն
փախցներ.
ամէն
օր
բազմաթիւ
կիներ
եւ
աղքատներ
խմբովին
Առաջնորդարան
կը
դիմեն
եւ
յուսահատական
բողոքներ
կ’ընեն։
Ի
մասնաւորի
այսպէս
կը
բողոքուի
տեղւոյս
ոստիկանութեան
պաշտօնեաներէն
հարիւրապետ
Ռէշիտ
էֆէնտիի
դէմ։
Հայատեցութեամբ
եւ
կաշառակերութեամբ
անուանի
այս
վատը,
այս
օրերը
Զիարէթ
հայաբնակ
գիւղը
երթալով,
գիւղացիները
արտերէն
հաւաքել
կուտայ
եւ
հայհոյելով
ու
գանակոծելով,
ի
հաշիւ
տուրքերուն
չորս
հազար
ղրուշ
կը
պահանջէ։
Աղքատները
այդ
գումարը
մէկ
անգամէն
վճարելու
իրենք
զիրենք
անկարող
եւ
անհնարին
ցուցնելով՝
կը
խնդրեն
որ
ժամանակ
եւ
միջոց
տայ
իրենց
պատրաստելու.
սակայն
Ռէշիտ
էֆէնտին
անողոք
կը
մնայ
եւ
երեսունի
չափ
կթան
կովեր
եւ
լուծքի
եզներ
հաւաքելով,
Կէօլ
գիւղացի
Մէհմէտ,
Էլէ
եւ
Օզօ
եւ
Ապուլէյլ
գիւղացի
Շիւքրի
անուն
քիւրտերուն
կը
վաճառէ
խիստ
պակաս
գիներով,
այն
է
քառասունական
ղրուշի,
մինչ
ամէն
մէկ
կովը
կամ
եզը
հարիւր,
հարիւր
յիսուն,
երկու
հարիւրական
ղրուշ
կ’արժէին։
Հարկահաւաքութեան
խստութիւնն
այն
աստիճանին
է
հասեր
որ՝
շատ
մը
գիւղացիներ
ճարահատ
մնացած
գացեր,
քիւրտերէն
սալաֆով
դրամ
առեր
բերեր
են,
Պոլսոյ
չորս
քիլէ
ցորենը
որ
հիմա
140-160
ղրուշ
է,
40
ղրուշի,
կորեկը
25
ղրուշի
եւ
կիլկիլը
20
ղրուշի
հաշւով՝
վճարելի
այս
կալուկուրին։
Դարձեալ
նոյն
Ռէշիտ
էֆէնտի
եւ
Մշոյ
դաշտի
իքինճի
գօլ
միւտիրին՝
որոնց
ընթացքին
դէմ
շարունակ
բողոքուած
է
վերջերս,
տուրքի
համար
չարաչար
ծեծեր
են
Աւրան
գիւղի
ծերունի
Տ.
Կարապետ
քահանան
եւ
ուշակորոյս
վիճակի
մէջ
բանտարկեր
են.
բերնէն
արիւն
հոսելու
չափ
ծեծեր
ու
բանտարկեր
են
Կիրակոսի
եղբայր
Յարութիւն
անուն
անձը։
Աւրանցիք
Մշոյ
Առաջնորդարան
դիմելով
կը
բողոքեն
որ
ոստիկանները
ուրիշ
շատ
մը
գիւղացիներ
եւ
կնիկներ
եւս
ծեծեր
ու
ձիու
աղբ
լեցուցեր
են
անոնց
բերանը,
թէ
գիշերանց
կը
կոխեն
հայ
գիւղացոց
տուները,
կը
ջարդեն
անոնց
կահ
կարասիքն
եւ
անօթները
ու
սարսափահար
կ’ընեն
տան
բնակիչները,
կրօնքի,
խաչի,
հաւատքի
եւ
պատարագի
կը
հայհոյեն
եւ
իրենց
ու
իրենց
ձիոց
կերակուրը,
խոտը,
գարին
եւ
այլն
ձրիաբար
կ’առնեն
խեղճ
սովալլուկ
գիւղացիներէն։
Կը
լսենք
թէ
այսօր
Ս.
Առաքելոց
վանքի
վանահայր
Տ.
Յովհաննէս
վարդապետէն
գրութիւն
մը
հասած
է
առաջնորդարան,
որ
կը
ծանուցանէ
թէ
վանքի
շրջակայ
գիւղերու
(Մոկունք,
Տէրքեւանք,
Աւազ,
Բերդակ,
Հաւատորիկ,
Առուառինչ,
ՀաՄառնիկ
եւ
Խասգիւղ)
ժողովուրդը
տուրքերու
ծանրութենէն,
հարկահանաց
բռնութենէն
ու
զեղծումներէն
վերջին
ծայր
աղքատութեան
ու
չքաւորութեան
մէջ
ինկած,
միւս
կողմէ
ալ
կենաց,
ընչից,
պատւոյ
եւ
կրօնքի
անապահովութենէն
ու
բռնաբարութիւններէն
իսպառ
յուսահատած՝
որոշած
են
թողուլ
իրենց
տուները,
կալուածները,
եւ
մինչեւ
իսկ
ի
հունձքս
հասած
արտերու
բերքերը,
ու
գաղթել
այլուր.
եւ
կ’աւելցնէ
ըսել
թէ՝
ժողովուրդը
այս
որոշումէն
ետ
կեցնելու
շատ
աշխատելէ
վերջ՝
տեսնելով
որ
ա՛լ
յուսահատ
եւ
ճարահատ
ժողովուրդը
իրեն
լսելու
տրամադիր
չէ
եւ
թէ
ժողովուրդի
գաղթելէն
վերջ
իրեն
եւս
անհնարին
է
մնալ
վանքը,
շէն
պահել,
ինքն
եւս
որոշած
է
ժողովուրդին
հետեւիլ.
ուստի
կը
խնդրէ
գրել
Պատրիարք
հօր
եւ
հրահանգ
խնդրել
թէ
որո՛ւ
պէտք
է
յանձնել
վանքը
–
մեր
անմահ
թարգմանիչներուն
այդ
փառաւոր
պատմական
յիշատակավայրը
–
եւ
վանքին
գոյքերը։
Առաջնորդարանը
եւ
ժողովականները
շուարած
իրար
անցած
են
այս
ամենածանր
լուրին
վրայ
եւ
պիտի
ջանան
այդ
կորստաբեր
գաղթականութեան
առաջքը
առնել,
բայց
դժուար
թէ
յաջողին։
Իսկ
գալով
պանդխտութեան
–
գաղթականութեան
այդ
խուլ,
աչքի
չը
զարնող
կերպին
որ
սակայն
թերեւս
անկէ
աւելի
սպառիչ
եւ
կորստաբեր
է
երկրին
ազգաբնակութեան
համար
–
այդ
արդէն
մեր
երկրին
մնայուն
եւ
շարունակական
աղէտներէն
մին
է.
պանդխտութեան
հոսանքը
երթալով
աւելի
կը
ստուարանայ,
պանդխտողք
իննսուն
առ
հարիւր
համեմատութեամբ
չեն
վերադառնար,
հազարաւոր,
բիւրաւոր
արամբի
կիներ
կ’այրիանան,
անտէր
անպաշտպան
կը
մնան,
ոչ
թէ
մահուան
հարուածով՝
այլ
պանդխտութեան.
որդեծնութիւնը,
սերունդը
հետզհետէ
աւելի
եւ
աւելի
կը
նուազի
այս
կերպով։
Վայրկեան
մը
խորհելով
կրնայ
ամէն
մարդ
ըմբռնել
թէ
այս
երկրին
ժողովուրդին
պանդխտութեան
երեսէն
կրած
կորուստը՝
մարդասպանութիւններէ
եւ
նոյն
իսկ
Սասնոյ
կոտորածին
նման
կոտորածներէ
յառաջ
եկած
կորուստէն
անհամեմատ
մեծ
է։
Պանդխտութիւնը,
Հերովդէսի
նման,
մեր
սերունդին
վրայ
կը
կատարէ
ամէն
տարի
Բեթլեհէմի
մանկանց
կոտորածը.
սրով
չը
կոտորեր,
այլ
հազարներու
ծնունդը
կը
խափանէ.
Սասնոյ
կոտորածը
իր
աղիողորմ
մանրամասնութեամբ
կը
յուզէ
հայութիւնը
եւ
քաղաքակիրթ
աշխարհը.
պանդխտութեան
լռիկ
մնջիկ,
թաքուն
կերպով
կատարած
կոտորածին
վրայ
ո՜վ
կը
մտածէ.
բայց
անտարակոյս
այս
կոտորածը
անհամեմատ
մեծ
է
եւ
պարբերաբար
կը
կրկնուի
տարուէ
տարի։
Հոս
կանգ
կ’առնենք
մեր
հաղորդած
դէպքերը,
իրականութիւնները
հեռի
են
մեր
ցաւերուն
ամբողջութիւնը
լինելէ.
այլ
սակայն,
այս
սոսկալի
տեղեկագիրը
հազիւ
թէ
մանրանկարն
է
մեր
երկրին
ամենասոսկալի,
դժոխըմբեր
կացութեան.
եւ
Ի՜նչ
հարկ
աւելի
երկարել,
ի՜նչ
հարկ
դէպքերու
աւելի
երկայն
շարք
մը
արձանագրել,
նաեւ
ի՜նչ
հարկ
աւելի
ծանրանալ
ընթերցողներու
խղճին
վրայ
եւ
աւելի
կոչում
ընել
անոնց
զգացմանց։
Հասկացողին
այսչափը
բաւական
է,
իսկ
չը
հասկցողին՝
այսչափն
իսկ
խիստ
ձանձրալի։
[1]
Խաւրծիլ
կամ
գաբ,
տեսակ
մը
բոյս
է,
որ
կուտ
ունի,
առատ
է
Սասնոյ
լեռներուն
մէջ,
մէկ
բեռը
կամ
շալակը
2-3
ղրուշ
կ՚արժէ,
բժշկութեան
մէջ
ծանօթ
է
shubarbe
անունով։