Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԵ.

Բ. Դրան Ցոյցին յաջորդող օրերը, հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ կարելի է յորջորջել Արիւնի Օրեր։ Մայրաքաղաքին փողոցները կարմիր ներկուած, շատ մը խաներու դռները խորտակուած, քրիստոնեայ թաղերու բնակարաններէն շատերը խորունկ, ցուրտ, ահաւոր լռութեան մը մէջ թաղուած. խանութները դեռ փակ մնացած, եկեղեցիները փախստական պատսպարեալներով լեցուն, բանտերը, մանաւանդ Կեդրոնական Բանտը, վիրաւոր կամ կիսամեռ Հայերով խճողուած, վերջապէս, ամբողջ մայրաքաղաքը Մահուան Տուն մը, ահաւասիկ այն օրերու Կ. Պոլիսը։

  Ասդին, Պէշիկթաշի եւ Միջագիւղի բարձունքներուն վրայ, Եըլտըզի պալատը, խորհրդաւոր, եղերական, դժոխային տռամի մը թատրը կը ներկայանար։

Հոն, Կարմիր Մարդակերպի Որջին մէջ, կեղեքուած ու ջարդուած ժողովուրդներուն աւարովը յղփացած ու արիւնովը յափրացած սողուններ, պալատականի ոսկեճամուկ համազգեստներուն տակ իրենց անխոստովանելի ոճիրները պատսպարած, հազար անգամ կ’ելլէին կ’իջնէին Եըլտըզի սանդուխներէն, իրենց Տիրոջ հրամանները տանել բերելու պատկանեալ տեղերը։

Ապտիւլ Համիտ գերագոյն րոպէի մը մէջ, հարկադրուած էր վերջապէս արձակել իրատէն, որով, ծրագրուած մայիսեան բարենորոգումներուն գործադրութիւնը կը հրամայուէր հայկական ծանօթ վեց նահանգներուն մէջ։

Եւ իրատէն հազիւ հրատարակուած, նոյն օրը հեռագրական գործակալութիւնները փութացած էին զայն հաղորդել երկրագնտիս բոլոր կեդրոններուն։

Հնչակեաններուն ցնծութիւնը զենիթը հասած էր։

Գումգաբուի պատրիարքարանը դարձեալ սկսան երթեւեկները դեսպանական թարգմաններուն, քարտուղարներուն եւ նոյն իսկ մեծ դեսպաններուն, որոնք կուգային Իզմիրլեան պատրիարքին աւետելու Մեծ Լուրը։

Պատրիարքը սակայն տրտում էր ու թախծոտ։ Սեւ Ծովի եզերքներէն դեռ նոր հասած էին նոր ջարդերու արձագանգները։ Տրապիզոնի ջարդը կուգար յաջորդել Ագ Հիսարի ջարդին։

Եւ Ջարդերը կը կրկնուէին, կը բազմապատկուէին օրէ օր։

Մէկ շաբաթուան մէջ, զարհուրելի համեմատութիւններ կըստանային անոնք, ջարդերը, որոնք բարձրէն, Եըլտըզէն հրամայուած, խալիֆային ֆէրմանովը, պէտք է կէտ առ կէտ գործադրուէին, շարունակուէին, եւ չպիտի վերջանային, մինչեւ որ Հայկական Խնդիրը լուծուած չըլլար, խեղդուելով Թուրքիոյ Հայերուն արիւնի ճապաղիքներուն մէջ, ինչպէս կանխաւ հրահանգուած էր Հիւսիսէն, Լոպանօֆի բերնով. Հայաստան մը կ’ուզեմ, առանց հայերու… ։

Թահսին բաշան, Ապտիւլ Համիտի առաջին քարտուղարը, Իզզէթի հետ գլուխ գլխի տուած, կը թղթատէին եւրոպական վերջին թղթաբերով հասած կարեւոր թերթերը, որոնցմէ հատուածներ պիտի թարգմանուէին, մատուցանելու համար իրենց Տիրոջ։

Իրիկուան դէմ էր, եւ երկու քարտուղարները կ’աշխատէին եռանդով, աւարտելու համար կարեւոր թարգմանութիւնները եւ կարգի դնելու թարմ ժուռնալները, որոնք նոյն գիշերը պէտք է յանձնուէին Նորին Վեհափառութեան։

Նոյն պահուն Եըլտըզէն ներս կը մտնէր կառք մը։

Քիչ յետոյ, կառքէն դուրս նետուեցաւ համազգեստին մէջ շողշողուն, պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւն մը։

Ոստիկանութեան նախարար Նազըմ բաշան էր, աճապարանքով վեր կ’ելլէր սանդուխներէն։

Պալատական մը փութացած էր արդէն առաջնորդելու նախարարը կայսերական քարտուղարութեան դիւանը։

Թահսին բաշան դուռը կը սպասէր, մեծարանքով ընդունեց նախարարը։

Նազըմ մտածկոտ էր, եւ շատ կ’արտորար։

Ի՞նչ կայ, բաշա՛, բարի՞ է, հարցուց Համիտի առաջին քարտուղարը.

Բարի՜ է, բարի՛, յարեց Նազըմ, միշտ պահելով իր ներքին վրդովը, կը փափագիմ, մէկ քանի րոպէի համար, Նորին կայսերական Վեհափառութեան ունկնդրութեան արժանանալ։

Թահսին ա՛լ չը խօսեցաւ։

Դուրս ելաւ ու քիչ յետոյ վերադարձաւ։

Բաշա՛, ըսաւ Ոստիկանութեան նախարարին, Արիֆ պէյը գնաց ունկնդրութիւն խնդրելու։

Ասկէ անկէ, գրեթէ անկապ խօսքեր կը փոխանակուէին առաջին քարտուղարին ու ոստիկանութեան նախարարին միջեւ, երբ Արիֆ պէյ ներս մտաւ, եւ դառնալով Նազըմի.

Բաշա՛, ըսաւ, Հիւնքեարը կը հաճի ձեզ ընդունիլ իր բարձր ներկայութեանը, հրամմեցէ՛ք։

Նազըմ, Արիֆ պէյէն առաջնորդուած, ուղղուեցաւ դէպի կայսերական դահլիճը։

Ապտիւլ Համիտ ման կուգար, երբ Նազըմ ներս մտաւ, եւ մօտենալով գետնամած դիրքով մը, պագաւ Խալիֆային քղանցքը։

Խօսէ՛ նայինք, ի՞նչ կայ, Նազը՛մ, ի՜նչ բարի լուր բերիր.

Վեհափա՛ռ Տէր, յարեց Նազըմ սրտադողով մը, պիտի ներէք որ ուշ ատեն կը համարձակիմ արքունիքը գալ։

Հոգ չէ՛, հոգ չէ՛, կրկնեց Համիտ ընտանի շեշտով մը, խօսէ՛ նայինք ի՛նչ լուր ունիս։

Վեհափա՛ռ Տէր, շարունակեց Նազըմ, հետզհետէ ինքզինք ամփոփելով ու վարժուելով իր Տիրոջ ահարկու ներկայութեանը, Բ. Դրան Դէպքէն ի վեր ձերբակալուած ու Կեդրոնական Բանտը նետուած Հայերը խուզարկութեան ենթարկել տուած էի. ահաւասիկ ասիկա՛ գտնուեցաւ քովերնին։

Ու փոքրիկ ծրար մը հանելով գրպանէն, երկնցուց Հիւնքեարին։

Ի՞նչ է, ի՞նչ է, հարցուց Համիտ, իր կասկածոտ նայուածքները պտտցնելով ծրարին վրայ։

Վեհափա՛ռ Տէր «Հնչակ» թե՜րթը, Լոնտոնի Հնչակ թե՜րթը… յարեց Նազըմ.

Ի՞նչ կայ մէջը, ի՞նչ կայ.

Վեհափա՛ռ Տէր, յարեց Նազըմ, անմիջապէս թարգմանել տուի.

Ապտիւլ Համիտ, առաւ ձեռքը, եւ սկսաւ աչքէ անցընել։

Քանի մը տող քաղելէ յետոյ, վերադարձուց Նազըմին.

Նազը՛մ, ըսաւ, դուն կարդա՛ նայինք, ի՛նչ է գրեր։

Հիւնքեարը բազմեցաւ գահին վրայ, մինչդեռ նախարարը, ոտքի վրայ, կը կարդար թուղթը։

1895 Նոյեմբերի թ. 19 Հնչակ ին մէջ հրատարակուած պոլսական թղթակցութեան մը բառական թարգմանութիւնն էր, որ ահա՛ւասիկ.

 

Կ. Պոլիս, 18 հոկտ. 95

Սեպտեմբեր 18ի Ցոյցին իրիկո՛ւնն իսկ ակներեւ էր թէ՝ հոսած արիւնէն ետքը՝ ա՛լ յաղթանակը մերն էր։ Երբ քիչ մը հանդարտութիւն տիրեց, մէկ քանի օր ետքը դեսպանները Բ. Դրան յայտարարեցին թէ՝ Մայիսեան Ծրագրին ընդունելութիւնը՝ անխուսափելի հարկ մըն էր, որուն պէտք էր ինք հպատակէր։ Եւ ահա՛ Սուլթանին ներկայացուցիչ-արբանեակները, գիշերը ցերեկին խառնելով, ամէն օր Թարապիա կ’երթային բանակցութիւնները վերջացնելու։ Հինգշաբթի առտու, 5/17 հոկտեմբերին, թուրք թերթերը կը հրատարակեն պաշտօնական շրջանակէն ներշնչուած յօդուածներ, որոնք, իրենց արտաքին ձեւին տակ, տեսակ մը հերքումներ էին այն զրոյցներուն թէ՝ հայկական իշխանապետութիւն մը պիտի կոչուի, եւն. ։ Այս ոճով, թուրք ժողովուրդին գոհացում տրուելէ ետքը, կ’ըսուէր թէ՝ ինչ ինչ բարենորոգումներ պիտի գործադրուին եւ անոնք պիտի տարածուին Թուրքիոյ ամէն կողմերը, բայց, իբր փորձ, պիտի սկսին Անատօլուի քանի մը գաւառներէն։ Այս պաշտօնական հրատարակութիւններէն կը յայտնուէր թէ՝ ա՛լ վերջացած էր գործը…։

Նախարարներու Խորհուրդը վերջապէս ընդունած էր ծրագիրը եւ զայն մատուցած էր Սուլթանին։

Այսօր իմացանք թէ՝ Սուլթանը տուած է իր վաւերացումը։

Ընդունուածը՝ Մայիսեան Ծրագիրն է, յաւելումներ ալ հետը. ի՛նչ ըլլալը դեռ չիմացանք, շատ գաղտնի կը պահուի։ Այսօր վաղը կ’իմացուի, կ’ըսուի թէ՝ Կ. Պոլիս կազմուելիք Յանձնաժողովին վրայ դեսպանները պիտի հսկեն. ա՛յս է գօնթրօլը ։

Ինչ որ ալ ըլլայ, մեզի համար հին թուական մը կը փակուի եւ նոր մը կը բացուի։ Ջանա՛նք իմաստութեամբ եւ արիութեամբ պատրաստել լաւագոյն ապագայ մը։

Այսուհետեւ Հնչակեան Կուսակցութեան վրայ կը ծանրանայ մեծ պարտականութիւն մը. ի՛նք է որ առաջ բերաւ այս կացութիւնը, եւ ի՛նք պէտք է ըլլայ ու պիտի ըլլայ ապագային ղեկավարը։

***

Սակայն, Ծրագրին ընդունելութեան լուրը չկրնար փարատել անսահման վիշտը, որով անխտիր բոլոր սիրտերը կը լեցուին, Տրապիզոնէն հետզհետէ հասած լուրերէն։

  Ջարդուեցա՜ւ Տրապիզոնի հայ բնակչութիւնը, մէկ քանի ժամուան մէջ…։

(Հոս, Ապտիւլ Համիտի կնճռոտ դիմագծերուն վրայ ներքին գոհունակութեան արտայայտութիւն մը շողաց մինչ Նազըմ կը շարունակէր ընթերցումը. )

«Կուսակալ Գատրիի հովանաւորութեան տակ, ոստիկանութիւնը, ժանտարման, զինւորները, խաժամուժը, ձեռք ձեռքի տուած, կը ջարդեն բոլոր Հայերը, որոնք անուն մը, դեր մը, համբաւ մը, հարստութիւն մը ունէին Տրապիզոնի մէջ։

Սեպտեմբեր 26ի երեքշաբթի կէսօրէն մէկ ժամ առաջ կը սկսի կոտորածը։

Նոյն օրը կանուխ, առտուան դէմ, աւստրիական շոգենաւը հոն կը հասնէր Կ. Պոլիսէն. Պոլսէն մեկնող ամենակարեւոր թղթատարը կը համարուի ասիկա. բոլոր հայ վաճառականները շուկան են, իրենց վաճառատունները, նամակատան կողմերը։

  Մէկ քանի րոպէի մէջ, լազերը, թուրքերը, ոստիկանները, ժանտարմաները կը հաւաքուին հրապարակը եւ կը սկսին զէնքերով յարձակում գործել Հայերուն վրայ. հանդիպածը կը զարնեն, կը սպաննեն տեղնի տեղը. կը յարձակին վաճառատունները, եւ կը սկսին ջարդել անզէն ժողովուրդը։ Մաս մը կը պաշարէ թաղերը, որպէս զի հայերը դուրս չ’ելլեն. հո՛ն ալ կը յարձակին տուներուն վրայ։

(Ապտիւլ Համիտի բերնին ջուրերը կը վազէին)։

«Քանի մը ժամ, անխնայ, կոտորածը կը շարունակուէր։

Կուսակալը, հեռագրին գլուխը անցած, ամէն մէկ սպաննութիւնը կ’աւետէ Սուլթանին…

(Հոս ցնծումէն ու խանդավառութենէն, չը կրցաւ զսպել ինքզինք ու գոչեց Համիտ.

Եաշա՛ Գատրի, եաշա՛, պէ՜…

………………………………………………………………………………

………………………………………………………………………………

Իսկ Նազըմ բաշա, ստրուկի յատուկ քծնումներով ու ծառայական կերպերով կը շարունակէր ընթերցումը։

«Այդ պահուն, Կ. Պոլիս, Սատրազամը կ’իմանայ թէ Տրապիզոնի մէջ կոտորածը կը կատարուի Սուլթանին հրամանով. անմիջապէս ինք ալ մարդ կը վազցնէ հեռագրատունը եւ կը հրամայէ կուսակալին դադրեցնել տալ ջարդը, ապա թէ ոչ, պատասխանատու պիտի ըլլայ։

Այս հրամանին վրայ կոտորածը կը դադրի։

Սատրազամ Քեամիլ բաշան Եըլտըզի պալատը կը վազէ եւ իր տիրոջը հետ կը կռուի, որքան որ ներելի է սատրազամի մը կռուիլ։

Մենք Պոլիս ո՛չ թղթակցութիւն, ո՛չ ալ եկող ունեցանք, մեր բոլոր իմացածը՝ յունական ու եւրոպական աղբիւրներէն է։

Ահաւասիկ մօտաւորապէս մեր գիտցածը՝ Տրապիզոնի Ջարդին վրայ։

Երբ Պահրի բաշան սպաննելու անյաջող փորձը կ’ըլլայ, կատաղութիւնը կը տիրէ թէ՛ Տրապիզոնի կուսակալութեան պաշտօնատունը եւ թէ՛ Պոլիս Եըլտըզի պալատը։ Կուսակալ Գատրի կը կանչէ իր մօտ տեղին երեւելի հայ վաճառականները, եւ ասոնցմէ կը պահանջէ որ սպաննութեան ոճրափորձը կատարողները յանձնուին իրեն անմիջապէս։

Հայերը կը պատասխանեն թէ՝ նախ յայտնի չէ թէ Պահրի բաշայի վրայ զէնք պարպողները Հայեր ըլլան, թուրքեր ալ կրնան եղած ըլլալ, լազե՛ր ալ, քուրտե՛ր ալ. երկրորդ, եթէ հայե՛ր իսկ եղած ըլլան, իրենք սոսկական վաճառական են, ո՛չ թէ ոստիկանութիւն, ոճրագործ փնտռելը, հետապնդելը ոստիկաններու գործ է, ո՛չ թէ վաճառականի։

Դո՜ւք գիտէք, կը սպառնայ կուսակալը, վախճաննիդ գէշ պիտի ըլլայ։

Այս միջադէպին վե՛րջն է որ Յակոբ անուն Հայ մը կը ձերբակալուի, իբր թէ ի՛նք ըրած ըլլար մահափորձը։

Այս միջոցին կը նշմարուի թէ՝ ոստիկանութիւնը գաղտնի պատրաստութիւններ կը տեսնէ խուժանին հետ։ Օտարազգիներէն ոմանք՝ գիշեր մը կը դիտեն ընդհանուր իրարանցում մը, Թուրքերուն, Լազերուն եւ ոստիկաններուն միջեւ։

Նոյն օրերը, Տրապիզոնի հրապարակին վրայ կը սպաննուի Թավաճի օղլու մեծահարուստ սրիկայ մը։ Սպաննողները Թուրքեր են, բայց ահա՛ լուր կը տարածուի ամբոխին մէջ թէ՝ Հայե՛րը սպաննեցին Թավաճի օղլուն, որովհետեւ Պահրի բաշան զարնողները փնտռելու պաշտօնը յանձնուած էր անոր։ Այս զրպարտութիւնը պատրուակ մը կ’ըլլայ աւելի գրգռելու ամբոխը։

  Այս ընդհանուր շարժումը տեսնելով, հիւպատոսները կուսակալին կը դիմեն եւ ապահովութիւն կը պահանջեն։ Կուսակալը կը պատասխանէ անոնց թէ՝ ինք ունի իր ծրագիրը, թո՛ղ ապահով ըլլան։

Հիւպատոսները, կուսակալին այս յայտարարութեան վրայ, իրենց դեսպաններուն կը հաղորդեն իրենց վախերը։ Կուսակալը զգալով թէ դեսպանները կրնան միջամտել, ուղղակի Սուլթանին կը դիմէ եւ հրահանգ կը խնդրէ։

Սուլթանը կը հրամայէ, առանց երկար ատեն սպասելու, ընել կոտորածը։

Հրահանգը կը մտնէ անմիջական գործադրութեան։

Ջարդուածներուն թիւը 700 է 800 կը հաշուեն, ամէնքն ալ հայ։ Մնացեալ Հայերը բանտերուն մէջ լեցուցած են։ Իսկ երկու հարիւր հայեր ապաստանած են ամերիկեան դրօշակին տակ։ Ռուսական, հելլենական, ֆրանսական եւ աւստրիական շոգենաւները գացին, միայն իրենց ազգայինները փրկելու համար։

Կոտորածը կառավարութեան հսկողութեան տակ կատարուած է. ասոր ապացոյցը սա է թէ՝ օտարահպատակ Հայերը, միւս քրիստոնեայ բնակչութիւնները, նոյնիսկ կաթոլիկ Հայերը գրեթէ անվնաս մնացած են։ Արդ, կոյր խուժան մը ի՞նչպէս կրնար զանազանել Հելլէնը՝ Հայէն, Լուսաւորչականը՝ Կաթոլիկէն։

Այս ամէնը ստոյգ են, բայց կը սպասենք նորանոր մանրամասնութեանց, աւելի որոշ եւ ընդարձակ տեղեկութիւններու։»

Ապտիւլ Համիտ, լայն շունչ մը քաշելով։

Օ՜խ, ըսաւ, Տրապիզոնի հաշիւը մաքրուեցաւ, բայց Նազը՛մ, այդ անիծածը ի՞նչպէս կրցած է քաղել բոլոր այս տեղեկութիւնները, մանաւանդ պալատիս մէջ անցած դարձած գաղտնիքները…։

Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ Նազըմ, այս մարդերը սովորական մարդեր չեն, ամէն ծակուծուկ կրնան մտնել առանց ինքզինքնին յայտնի ընելու։

Է՜, յարեց Համիտ, տակաւին ի՛նչ գրուած է նայինք, շարունակէ՛, Նազը՛մ։

  Ու Նազըմ բաշան վերսկսաւ ընթերցումը.

«Տրապիզոնի ջարդին քով, գրեթէ մոռցուեցաւ Ագ Հիսարի ջարդը։ Կ. Պոլսէն քանի մը քայլ անդին, Նիկոմիդիոյ նահանգին մէջ,

Նայէ՛, նայէ՛, նայէ՛, ընդմիջեց Համիտ, մենէ՛ աղէկ սերտեր են իմ երկրիս աշխարհագրութիւնը, սա քեռաթաներո՛ւն նայէ…։

Այո՛, Վեհափա՛ռ Տէր, հաստատեց Նազըմ, գիտէ՞ք, այս Հնչակեանները հասարակ մարդիկ չեն, ամէնքն ալ, գրեթէ առանց բացառութեան, դպրոցակա՜ն են, դպրոցակա՜ն…։

Ճի՜շդ է, ճի՜շդ է, կրկնեց Համիտ, ասոնք գետնին երեսը պտըտող սատանաներէ՜ն են…։

Նազըմի շրթունքին եզերքը կեղծաւոր ժպիտ մը գծուեցաւ, Հիւնքեարին ակնարկութեան վրայ, շարունակեց ընթերցումը.

«Նիկոմիդիոյ նահանգին մէջ, այդ հայաբնակ գիւղը վատօրէն կը կոտորուի, երբ անդին կը ջարդուէին Տրապիզոնի Հայերը։ Սեպտեմբեր 27ի չորեքշաբթին է որ այդ ջարդը տեղի կ’ունենար։ Նոյն օրը, զանազան վայրերէ Հայեր կը համախմբուին այդ համայնքին շուկան. պազարին օրն է։ Միւտիրը հո՛ն է, ամէնուն վրայ կը նայի, զէնքերնին կ’առնէ, դանակ, եւն. քիչ ետքը, խուժանը, ոստիկաններէն առաջնորդուած, յարձակումը կը սկսի. կը ջարդեն անմեղ Հայերը, որոնց ապրանքները կը թալլեն։ Միւտիրը մարդ մը կը ղրկէ գայմագամին, օգնութիւն խնդրելու. բայց փոխանակ շոգեկառքով ղրկելու մարդը, ոտքով կը ղրկէ, որպէս զի ուշ հասնի եւ կոտորածն ու թալանը կարելի ըլլայ աւելի շարունակել։ Գայմագամը սակայն շուտով կը հասնի գիշերանց եւ ջարդին առաջքը կ’առնէ։ Ջարդուածներուն թիւը 150ը կ’անցնի։ Շատ մը դիակներ հանուեցան հորերէն։

Նազըմ կանգ առաւ։

Ալ չը մնա՞ց, դիտեց Համիտ, այսչա՞փ է.

Ո՛չ, Վեհափա՛ռ Տէր, յարեց Նազըմ, շա՜տ երկար է, դեռ չը վերջացաւ։

Շարունակէ, ուրեմն, հրամայեց Հիւնքեարը։

Եւ Նազըմ բաշան շարունակեց.

«Երեք մեծ դեսպաններու թարգմանները պատրիարքարան եկան այսօր։

Անունները չէ՞ յիշած, ընդմիջեց Համիտ.

Ո՛չ, Վեհափա՛ռ Տէր, յայտնի է, չէ՞. անգլիական, ռուսական եւ ֆրանսական դեսպաններուն կ’ակնարկէ.

Լա՛ւ, շարունակէ՛, հրամայեց Համիտ, կարդա՛ լմնցո՛ւր։

Նազըմ վերսկսաւ ընթերցումը.

«Պատրիարքը տունը կը գտնուէր, անհանգստութեան պատճառաւ. թարգմանները տունը գացին։ Աւետեցին թէ ընդունուա՜ծ է ծրագիրը…։

Համիտ քրքիջ մը փրցուց.

Թո՛ղ աւետեն, թո՛ղ աւետեն, ըսաւ քահքահով մը, ապուշները՜, թո՛ղ անա՜նկ գիտնան. շարունակէ՜ նայինք, ի՛նչ է ըսեր պատրիարքը…։

Նազըմ վերստին ձեռք առաւ ընթերցումին թելը։

«Եւ խնդրեցին պատրիարքէն որ յայտարարութիւն մը հրատարակելով, հանդարտութեան յորդորէ ժողովուրդը։ Պատրիարքը դիտել տուաւ թէ՝ ժողովուրդը հանդարտ է, խանութները բացուեցան արդէն, ուստի յորդորի պէտք չը կայ, բայց, ըսաւ, Ագ Հիսարի կոտորածը կայ, Տրապիզոնի կոտորա՜ծը կայ. այդ սեւ լուրերը կը հասնին, ի՞նչպէս կ’ուզէք որ ժողովուրդս հանդարտ կենայ։ Թարգմանները յայտարարեցին թէ՝ այս իրողութիւններն ալ պիտի հաղորդեն իրենց դեսպաններուն։ Թարգմանները խօսեցան նաեւ Ծրագրին աստիճանաբար գործադրուելուն վրայ։ Այդ գործադրութեամբ, հանդարտութիւնը բնականաբար աւելի պիտի տիրէ, ըսաւ պատրիարքը։

Ապտիւլ Համիտ ոտքի ելաւ եւ սկսաւ ման գալ դահլիճին մէջ, քթին տակէն բառեր մը գլտորելով։ Իսկ Ոստիկանութեան նախարարը, ուրիշ ծրար մը կը քրքրէ, ու կը պատրաստուէր կարդալու։

Ի՞նչ է այդ ծրարը, հարցուց Հիւնքեարը, դառնալով իր սիրելի նախարարին։

Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ Նազըմ, ուրիշ թղթակցութիւն մըն է, դարձեալ Պոլիսէն ուղղուած Հնչակ թերթին.

Կարդա՛ նայինք, հրամայեց Համիտ, ա՛տ ալ լսենք։

Եւ դարձեալ նստաւ գահին վրայ։

Նազըմ բաշա սկսաւ կարդալ.

 

«Կ. Պոլիս 22 հոկտեմբեր 95

Հիմակ որ Կ. Պոլիս առերեւոյթ հանդարտութիւն մը գտած է, տխուր ու նուիրական պարտականութիւն մը ունինք կատարելիք, այն է, ակնարկ մը դարձընել դէպի ետ, դէպի արիւնոտ օրերը, մեր կորուստները, մեր զոհերը համրել արցունքոտ աչքերով, եւ սրտաբուղխ յարգանքի ու համակրանքի արտայայտութեամբ մը յաւերժացնել անոնց յիշատակը…։

Մեր մարտիրոսնե՛րն են անոնք։ Իրենց սուրբ յիշատակը պէտք է անկորուստ պահուի այս թերթին մէջ։ Այսօրուան ընթերցողները, այդ զարհուրելի, արիւնալի դէպքերուն ու ջարդերուն մէջէն պիտի քաղեն անշէջ, ատելավառ զգացում մը, վրէժի շանթեր այն բարբարոս բռնապետութեան դէմ, որ գործադրել տուաւ այդ քստմնելի, դարավերջիկ ոճիրները…։ Իսկ մենէ ետքը եկող սերունդները պիտի տեսնեն անոնց մէջ թէ՝ ի՛նչ գնով կը գնուի Ազատութիւնը, եւ ասիկա ոյժ մը պիտի ներարկէ իրենց արիւնին մէջ, երբէք ձեռքէ չը հանելու այն թանկագին աւանդը, Ազատութիւնը։

Հնչակ պարբերաբար պիտի հրատարակէ մանրամասն տեղեկագիրներ Կ. Պոլսոյ ջարդերուն վրայ։ Բայց այդ դէպքերուն իրարու հետ ունեցած կապակցութիւնը պէտք է մէջտեղ դնել ընդհանուր տեսութեամբ մը։

Պէտք է գիտնալ թէ՝ կառավարութի՛ւնը կազմակերպեց ջարդերուն տռամը, եւ ասոնց հրամանը մեկնեցաւ ուղղակի Եըլտըզի Պալատէն։

Աղէ՜կ գուշակեր է, ընդհատեց Համիտ, դիւային քմծիծաղով մը, ի՜նչ կը կարծէին. չէի՞ն գիտեր թէ ո՜րքան վտանգաւոր է գրգռել ինծի պէս Խալիֆայի մը բարկութիւնը։ Այդ խելագարները, այդ սրիկաները չէ՞ին գիտեր թէ Իսլամի մայրաքաղաքին մէջ դիւրին բան չէ՜ ապստամբութեան փորձ մը…, ապերախտնե՜ր, քեռաթանե՜ր…։

Նազըմ բաշան, մէկ մատը թղթակցութեան ընդհատուած պարբերութեան վրայ դրած, կը սպասէր իր տիրոջ արտօնութեան, ընթերցումը շարունակելու։

Կարդա՛, կարդա՛ նայինք, շեշտեց Հիւնքեարը։

Ու Նազըմ դարձեալ սկսաւ.

 

«Սեպտեմբեր 18ի երկուշաբթի օրը, Հնչակեաններու քաջարի խումբ մը, ամէն ընդդիմութեան յաղթելով, վերջապէս մօտեցաւ Բ. Դրան։ Կայսրը վայրկեանէ վայրկեան կը տեղեկանար Ցոյցին մասնակցողներուն առաջխաղացքին։ Ճիշդ այդ պահուն ականատես մըն է պատմողը–, կայսերական թիկնապահ մը, Եըլտըզէն մեկնած, ձին ճաթեցնելու աստիճան վազցնելով կը հասնի, ձեռքը նամակ մը բռնած, ներս կը մտնէ Բ. Դուռնէն, եւ մէկ երկու վայրկեան ետքը, Մեծ Եպարքոսին քովէն ելլելով, ժանտարմաներու հրամանատար Սէրվէթ պէյին կը հրամայէ բարձրագոչ. Զարկէ՛ք։ Ու Սէրվէթ պէյը կուտայ հրամանը։ Ցուցարարներէն մէկ քանիներ գետին կը փռուին անկենդան. բայց վրիժառու գնտակ մը կը ջախջախէ Սէրվէթ պէյի գանկը։ Մնացեալը յայտնի է։

  Կայսրը, ինչպէս ըսինք, հրամանը տուած էր սպաննելու այդ մարդիկը, որոնք իրենց իրաւունքը կը պահանջէին։ Կայսրը նոյնպէս հրամայեց ջարդել անկիւններու մէջ գտնուած Հայերը։ Իսկ մոլեգին խուժանը կրցածին չափ հետեւեցաւ իր արիւնարբու տիրոջ հրամանին։

Ամենէն աւելի Հայերուն դէմ կատաղութիւն ցոյց տուողներն ու վայրագութիւններ գործողները՝ սօֆթաները եղան, որոնց մոլեռանդութիւնը գրգռած էր Բռնակալին կառավարութիւնը։

Գարակէօմրիւքի մէջ, գրգռիչ քարոզներ խօսուեցան մզկիթը։

Պայազիտի հրապարակին վրայ, ոստիկաններու խումբ մը, վեց Հայեր բռնած կը տանէին։ Սօֆթա մը նստած տեղէն ցատկելով գոռաց. «Ի սէ՜ր Աստուծոյ, ձգեցէ՛ք որ այդ կեավուրներուն ե՛ս իջեցնեմ մէկ մէկ հատ։» Ու ձեռքի ոստոտ բիրը կիջեցնէ երկու հայու գլխուն, որոնք հոն կը մնան կիսամեռ, արիւնլուայ։

Տեսա՞ր սօֆթաներս, բացագանչեց Համիտ, իմ օրհնեա՜լ զաւակներս, ինծի նայէ՛, Նազը՛մ, չը մոռնաս վերջը յիշեցնելու ինծի. կայսերական գրպանէս կարեւոր գումա՜ր մը պիտի նուիրեմ իրենց… Շարունակէ՛, շարունակէ՛…։

«Ուրիշ սօֆթա մը, շարունակեց Նազըմ, փողոցին մէջ, խուժանին ստիպումին վրայ, կը փորձէր խմել մեռած հայու մը արիւնը… (Տե՛ս թիւ 50 տեղեկագիր)։

«Ոստիկանութեան դերը ա՛լ աւելի զարհուրելի եղաւ։ Երկուշաբթի մինչեւ իրիկուն ձերբակալուած Հայերը Ոստիկանութեան Բանտին մութ նկուղներուն մէջ, Հիւսնի պէյի հրամանովը, ծեծի տակ սպաննուեցան։ Ֆրանսական դեսպանատան առաջին թարգմանը Պ. Ռուէ՝ աչքովը տեսած է ոստիկանութեան բանտին մէջ վեց հայ ձերբակալեալներու սպաննուիլը ծեծի տակ։ Մեռած կարծուելով մէկդի նետուած մէկ քանի Հայեր, որոնք հրաշքով ազատած են, կը պատմեն թէ՝ մէկ քանի սենեակներ լեցուեցան ծեծի տակ մեռած Հայերու դիակներով։

Ոստիկանութիւնը թոյլ կուտար որ ճամբան տարուած Հայերը գանակոծուին հասարակ ամբոխէն։

Զինւորներու պահակախումբերուն դիրքը նոյնը եղած է։ Առերեսս, իբր թէ դէպքերը արգիլելու համար կը պտըտէին ասոնք, բայց իրենց վարմունքով կը քաջալերէին խուժանը։

Սեպտեմբեր 19ի երեքշաբթի գիշերը, երբ որ խուժանը Գասըմ բաշայի հայաբնակ Հասան Բաշա խանին վրայ յարձակում գործած էր, այդ տեղէն անցնող պահակախումբին պետը, շնականօրէն կ’ըսէ ջարդարարներուն, «Հոս շեմքը մի՛ կենաք, ներս մտէ՛ք, հո՛ն գացէք տեսէք գործերնիդ։»

Ստորին խաւերու վարմունքն ալ ցոյց կուտայ ջարդարարներուն գազանային բնազդները։ Ո՛ւր որ մութին մէջ, մինակ ու անպաշտպան հայ մը կը գտնէին, անխնայ կը սպաննէին։

Սուլթանէն սկսեալ մինչեւ ամենայետին մանրավաճառը, միեւնոյն գաղափարով տոգորուած էին ու գործեցին որոշ ծրագրով մը։ Ուր որ ջարդ մը տեղի կ’ունենար, թաղապետական մթերանոցներէն եկած սայլեր կազմ ու պատրաստ կեցած էին, դիակները փոխադրելու համար դէպի ծովեզերք, ուսկից պատրաստի գտնուած մավունաներով կը տանէին դիակները թափելու ծովին բացերը։ Նաւարանէն ալ, հին երկաթեղէններու խեշերանքներու կոյտեր պատրաստի էին մավունաներուն մէջ, դիակները կապելու անոնց եւ ծովին յատակը իջեցնելու համար։

Չեմ մոռնար յիշելու համիտական խժդժութեան ուրիշ նշանակելի պարագայ մը։ Ոստիկանութեան Բանտի հիւանդարանին մէջ, ձերբակալուած հայ վիրաւորեալները, օրերով առանց խնամքի ձգեցին եւ այդ մարդերու կիսամեռ վիճակին չը խղճալով՝ կը ծեծէին զանոնք, գաղտնիքներ կորզելու համար։

***

Խմբովին ջարդերը կատարուեցան երեք կէտերու վրայ։

Ցոյցի միջոցին, զէնքը ձեռքերնին կռուելով, արիաբար նահատակուած երիտասարդներուն, եւ հետզհետէ ձերբակալուելով, բանտին մէջ սպաննուածներուն թիւը՝ կարեւորագոյն մասը կը կազմէ մեր զոհերուն։

Յետոյ, յաջորդ գիշերը, գլխաւոր ջարդերը տեղի ունեցան Գասըմ Բաշա, ուր մեծ թիւով պանդուխտ գաւառակիցներ կը բնակէին. Ուն Գաբան, Չուգուր Չէշմէ խանը, ուր Բալուցի հայ արհեստաւորներ կը բնակէին, սպաննուած են երեսուն եւ վիրաւորուած՝ քառասուն, նոյնչափ ալ Գարակէօմրիւք։ Այս Գարակէօմրիւք թաղին մէջ էր միայն որ խուժանը յարձակեցաւ տուներուն վրայ եւ ջարդեց ընտանիքներ, կին, տղայ, ծեր։

Ասոնցմէ դուրս, սպաննութիւններ եղան մասնակի, զատ զատ։ Ցերեկները, մանաւանդ գիշերները, թուրք թաղերու մէջ կամ քովերը գտնուող Հայերէն շատերը զոհուեցան։

Անզէն Հայերու վրայ խմբովին յարձակիլ, եւ անպատիժ մնալու, նոյնիսկ վարձատրուելու վստահութեամբ, սպաննել զանոնք, ահա՛ Համիտի խուժանին քաջութիւնը։ Ա՜խ, վատե՜րը, վատե՜րը։ Անգութներ ու սինքլորներ, իրենց Սուլթանին պէս, ահա՛ այդ մարդերու նկարագիրը…։

Այդ վայրենիներու վոհմակները, Հայերուն մէջ կ’ուզէին խեղդել մեծ ու նուիրական ձգտումը, իրենց գլուխը բարձրացնելու եւ իրենց իրաւունքները պահանջելու։

Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը…։

Կեցի՛ր հոտ, կեցի՛ր, Նազըմ, ընդմիջեց Համիտ, ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, անգամ մըն ալ կարդա՛, լաւ չը հասկցայ. կրկնէ՛, կրկնէ՛։

Ու Նազըմ դարձեալ կարդաց վերջին պարբերութիւնները։

Հասկցա՜յ, հասկցա՜յ, մրթմրթաց Համիտ, շարունակէ՛ դուն։

Եւ Նազըմ շարունակեց.

«Հնչակեան կազդուրիչ ու բարձրացնող գաղափարներով սնած Հայ մը չը կա՛յ այսօր, որ նորէն կազմ ու պատրաստ չըլլայ վտանգին առջեւ նետուելու, եթէ հարկը պահանջէ։ Ամէնքս, ուրախ սրտով, դարձեալ պիտի կատարենք մեր պարտականութիւնը, աւելի՛ հաւատքով, եւ աւելի սիրով ու խանդով։

Մեր արիւնին մէջ ուզեցին մեզ խեղդել։

Ու հիմակ, այդ արիւնին վրայ, աւելի մեծ արութիւններ, աւելի մեծ անձնազոհութիւններ կը բուսնին…։

Վերջացաւ, այնպէս չէ՞, ըսաւ Հիւնքեարը, Նազը՛մ, կը լսե՞ս, այդ մարդիկը դեռ չե՛ն յոգնած, ընդհակառակը, ա՛լ աւելի ուժով կը զգան իրենք զիրենք եւ կ’երեւայ թէ՝ ուխտած են շարունակել իրենց ապստամբական խռովութիւնները, տակնուվրայ ընել կայսրութեանս խաղաղ կեանքը, եւ չը պիտի դադրին ատոնք, մինչեւ որ մէ՛կ Հայ մը չը մնայ իմ երկրիս երե՜սը…։

Վեհափա՛ռ Տէր, ըսաւ Նազըմ, Հիւնքեարին հոգեկան տրամադրութենէն օգտուիլ ուզելով, անտոնցմէ մէկ քանիները ձերբակալել տուի, շնորհիւ Ձերդ Վեհափառութեան հիմակ կղպանքի ներքեւ կը գտնուին ամէ՛նքն ալ, բայց տակաւին ազատ կը պտըտին շատերը, դժբաղդաբար, մեծ արգելքներու կը հանդիպիմ, անոնց վրայ ձեռք դնել կարենալու համար։

Ուրկէ՞ է այդ արգելքը, հարցուց Համիտ, ո՞վ կրնայ արհամարհել իմ կայսերական կամքս, չէ՞ որ ես քեզի բացարձակ իշխանութիւն շնորհած եմ կապելու եւ արձակելու…։

Ձեր Վեհափառութեան շնորհիւ, յարեց Նազըմ, ոստիկանութեան նախարար ծառանիդ երբէ՛ք չընկրկիր ո՛չ մէկ խոչընդոտի առջեւ. սակայն արգելքը դրսէ՛ն է, դրսէ՛ն, դեսպանատուններո՛ւն կողմէն։

Ո՞ր դեսպանատան կողմէն է, չըսե՞ս, ընդմիջեց Համիտ։

Վեհափա՛ռ Տէր, կմկմաց Նազըմ դողդողալով, չեմ համարձակիր անունը տալ, կը վախնա՜մ։

Ի՜նչպէս, ի՜նչպէս, կրկնեց Հիւնքեարը, Նազը՛մ, այդ ո՞ր դեսպանն է որ քեզի ա՛յդքան վախ է ազդեր։

Անգլիական մեծ դեսպա՛նը, Վեհափա՛ռ Տէր, յարեց ոստիկանութեան նախարարը, գիտէ՞ք, գաղտնի յարաբերութիւններ կը մշակէ Գօմիթէին գլխաւորներուն հետ. ամէն օր Գում գաբուի Պատրիարքարանը կ’այցելէ իր թարգմանը, Իզմիրլեան Պատրիարքին հետ ամէն օր տեսակցութիւններ կ’ընէ։

Ա՜խ, մռլտաց Հինքեարը, այդ Իզմիրլեանը չէ՞ արդէն ամէն չարիքներու աղբիւրը. ինքը չէ՞ որ ձեռքի տակէ կը գրգռէ Հայերը, որոնք դարերէ ի վեր հաւատարիմ մնացած էին օսմանեան գահին. այն անիծեալ մարդը չէ՞, որ, պատրիարքական գահին վրայ բարձրացած օրէն ի վեր, անպատկառօրէն կ’արհամարհէ կայսերական հեղինակութիւնս, եւրոպական մեծ դեսպաններուն հետ գաղտնի տեսակցութիւններով, ամէն օր նոր նոր բարդութիւններ կը ստեղծէ. ինքը չէ՞ արդէն բուն պատասխանատուն ա՛յսքան խառնակութեանց ու արիւնհեղութեան…։

Այո՛, Վեհափա՛ռ, ըսաւ Նազըմ, բայց, ի՜նչ օգուտ, պաշտպանուա՛ծ է, պաշտպանուա՜ծ…։

Ատ ի՞նչ ըսել է, գոռաց Հիւնքեարը, յօնքերը պռոտելով, ո՞վ է այն որ պիտի պաշտպանէր այդ մա՜րդը։

Սըր Ֆիլիբ Քըրրի՛ն, Վեհափա՛ռ Տէր, պատասխանեց ոստիկանութեան նախարարը։

Ապտիւլ Համիտ մտմտալ սկսաւ։ Լորտ Սօլպըրիի հետ չպիտի ուզէր ու չէ՛ր ալ կրնար աւրուիլ, մանաւանդ իրերու ներկայ դրութեան մէջ։

Դարձեալ ոտքի ելաւ ու Նազըմի դառնալով.

Նա՛զըմ, զաւա՛կս, ըսաւ հայրական գուրգուրանքի ընտանի շեշտ մը դնելով իր ձայնին մէջ, դուն հիմա գնա՛, հոգ տա՛ր բազմապատկելու ձերբակալուածներուն թիւը, հոգ չէ՛ թէ յանցապարտ չըլլան, բաւական է որ Հայ են, հասկցա՞ր. դուն ինծի նայէ՛, չպիտի թոյլ տաս որ վայրկեան մը բանան աչքերնին. ծեծը, խոշտանգումները կրկնապատել տո՛ւր, ամէն ջանք թող չը խնայուի բանտերը լեցնելու այդ ապերախտ խռովարարներով. տեսնե՛նք, ի՛նչ պիտի ընէ պատրիարքը…։

Նազըմ բաշան կը պատրաստուէր մեկնիլ, երբ Ապտիւլ Համիտ, մօտենալով ոստիկանութեան նախարարին։

Գուզո՛ւմ Նազըմ, ըսաւ, դուն ինծի նայէ՛, շատ ականջ մի՛ կախեր Քեամիլ բաշային, գիտես, անգլիամո՜լ մըն է։

Նազըմ բաշան դուրս ելաւ, իսկ Հիւնքեարը դարձեալ մնաց առանձին իր եղեռնական խորհուրդներուն հետ։

Նազըմ բաշա, երբ որ դուրս կ’ելլէր Եըլտըզի դահլիճէն, հանդիպեցաւ պալատականներէն մէկուն, որ հոն իրեն կը սպասէր։

Բաշա՛, ըսաւ նախարարին, Առաջին քարտուղարը կը խնդրէ որ Դիւանը հանդիպիք։

Նազըմ ուղղակի դիմեց կայսերական քարտուղարութեան Դիւանը, ուր կային միայն Թահսին ու Իզզէթ։

Խօսակցութիւնը դարձաւ օրուան Դէպքին վրայ, այն է, Հայկական Ջարդերուն վրայ, որոնք օրէ օր ընդարձակ համեմատութիւններ կ’առնէին Հայաստանի կարեւոր կեդրոններուն մէջ։

Թահսին կ’ուզէր հետազննել Ոստիկանութեան նախարարին ներքին մտածումը, օրուան քաղաքականութեան նկատմամբ. սակայն, այս վերջինը, Համիտի առաջին քարտուղարէն աւելի խորամանկ ու փորձառու, միշտ կը զգուշանար արտայայտուելէ։

Ի՞նչ կը խորհիք, բաշա՛, կը հարցնէր Թահսին, Նազըմի ուղղելով խօսքը, ի՞նչ կը մտածէք այս բաներուն նկատմամբ.

Ո՞ր բաներուն, հարցուց Նազըմ, իբր թէ չըմբռնելով Թահսինի միտքը.

Անատօլուի դէպքերուն համար կ’ուզէի լսել ձեր կարծիքը, յարեց Թահսին.

Բաշա՛, ըսաւ Նազըմ, այդ խնդիրը լուրջ խնդի՛ր մըն է, այնքա՛ն փափուկ որ վտանգաւոր է առարկայ ընել զայն մեր խօսակցութեան, այնպէս չէ՞.

Բայց ինչո՞ւ վտանգաւոր ըլլայ, բաշա՛, պնդեց Թահսին, հաստատապէս մտադրած ըլլալով գաղտնիք մը քաղել Ոստիկանութեան նախարարի բերնէն, մէկ քանի րոպէ առաջ, միեւնոյն խնդիրը չէ՞ր որ զձեզ հանեց Վեհափառին ներկայութեանը. ինչե՜ր խօսեցաք արդեօք.

Ո՛չ, ո՛չ, կը սխալիք, Թահսի՛ն բաշա, առարկեց Նազըմ ժպտելով, ես բոլորովին տարբեր խնդիրի մը համար եկած էի կայսերական պալատը, եւ

Անկարելի՜ է, ընդմիջեց անդիէն Արաբ Իզզէթ, Հիւնքեարը կրնա՞յ լռութեամբ անցնիլ օրուան Դէպքին վրայէն, երբ մանաւանդ գլուխ գլխի ունկնդրութիւն մը կը շնորհէ իր ոստիկանութեան նախարարին.

Հաւատացէ՛ք, կրկնեց Նազըմ, օրուան Դէպքը բնաւ առարկայ չեղաւ մեր խօսակցութեան. ձերբակալումներու վրայ դարձաւ ամբողջ ունկնդրութիւնը։

Թահսին նշմարելով Նազըմի յամառութիւնը, ո՛ եւ է յայտնութիւն մը չընելու կայսերական ունկնդրութեան նկատմամբ, ա՛լ չը պնդեց։

Քիչ յետոյ, Նազըմ բաշա հրաժեշտ առաւ քարտուղարներէն եւ իրիկուան ստուերներուն մէջէն անցաւ նետուեցաւ իր կառքը, որ կը սպասէր Եըլտըզի շրջափակի արտաքին մասին մէջ։

Կառքին շառաչիւնը կը վրդովէր փողոցներուն լռութիւնը։

Մայրաքաղաքին մէջ, Ցոյցէն ի վեր դադրած էր գրեթէ նախկին եռուզեռը, հրապարակը տրտում ամայութիւն մը, բնակարաններուն լոյսերը վառուած, ամէն փողոցի գլուխ պահակներ կեցած, հեծելազօրքի խմբակներ կը թափառէին թաղերուն մէջ։

Ոստիկանութեան նախարարը Եըլտըզէն վերադարձին, գնաց ուղղակի իր ապարանքը, ուր նոյն գիշերը պիտի ընդունէր խորհրդաւոր հիւր մը։