Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ.

Անցան օրեր, շաբաթներ եւ տակաւին գոց կը մնային խանութները։

Հրապարակը տրտում ամայութիւն մը տիրէր, հոս ու հոն, մերթ ընդ մերթ կ’երեւէր թափոր մը, հերարձակ կիներու, որոնք կուրծքերնին կը ծեծէին, իրենց մեռելները կը կոծէին ու Եըլտըզի Բռնաւորը կ’անիծէին։

Շոգենաւները, Վոսփորի թէ Ոսկեղջիւրի մէջ, գրեթէ թափուր կ’երթեւեկէին, ամէն մարդ վախէն քաշուած էր իր բնակարանը, վաղորդայնի սոսկումովը համակուած։

Նախարարները միայն, եւ օտար տէրութեանց դեսպանները, տենդոտ գործունէութեան մը մէջ էին։

Եըլտըզի մէջ ամէն օր, երկու երեք անգամ գաղտնի նիստեր կը գումարուէին։

Ապտիւլ Համիտ, քանի՛ քանի գիշերներէ ի վեր քունը փախած, կը զառանցէր. երկու ժամը մէկ, իր քէօշկի պատուհանեն կը նայէր դիտակով Մարմարայի հեռաւոր, մթին հորիզոնին, վայրկենէ վայրկեան սպասելով անգլիական նաւատորմի մուտքին, որ ա՛լ սկսած էր խօսուիլ իր շրջապատին մէջ։

Ցոյցին հակահարուածը պայթեցաւ Մեծ Եպարքոս Սայիտ բաշայի գլխուն, որ երկու օր յետոյ պաշտօնանկ եղաւ։

Կիպրոսցի՝ Քեամիլ բաշան յաջորդեց Սայիտի։

Այս փոփոխութիւնը կատարուեցաւ հետեւեալ պարագաներու տակ։

Ցոյցէն երկու օր ետքը, չորեքշաբթի գիշեր, նախարարները ժողովք ըրին Բերա, Արտաքին Գործերու նախարար Թուրխան բաշային ապարանքը, եւ որոշեցին ընդունիլ Մայիսեան Ծրագիրը։ Այս մտօք իրենց պատրաստած տեղեկագիրը ղրկեցին Եըլտըզի պալատը, ուր արդէն գացած էր Մեծ Եպարքոս Սայիտ բաշան, որ Սուլթանին ներկայեց նախարարներուն որոշումը։

Սուլթանը քիչ յետոյ պաշտօնանկ ըրաւ Սայիտ բաշան։

Անտարակոյս, յիմարութիւն մը պիտի ըլլար ենթադրել թէ Սայիտ բաշա յօժարած ըլլար այդ ծրագրի ընդունելութեանը։ Երբէ՜ք. ինք կը փափագէր, որպէս թէ այնպէս, հրաժարիլ. վերջին Ցոյցը շատ ահարկու երեւցաւ իրեն եւ սառեցուց իր ըղեղը։ Երեք օրէ ի վեր շարունակ տասնըչորս հոգիներէ շրջապատել կուտար իր կառքը, եւ շատեր լսած են որ կառքին մէջէն կ’ըսէր իր թիկնապահներուն. «Քովէ՛ս եկէք, քովէ՛ս։»

Ծրագրին ընդունելութիւնը բնականաբար անվրէպ միջոց մըն էր իր անկումին։

Ազատ շունչ մը քաշեց։

Քեամիլ բաշա երկրորդ անգամ ըլլալով կուգար յաջորդել Սայիտ բաշային։

1885ին, երբ Արեւելեան Ռումէլիի Խնդիրը ծագեցաւ, Ֆիլիպպէի գրաւումովը Սայիտ բաշան տապալեցաւ եւ իրեն յաջորդեց Քեամիլ բաշա, որ պաշտօնավարեց մինչեւ Սեպտ. 1891։ Այդ միջոցին, Բ. Դուռը փորձեց գործելու քիչ մը աւելի ազատութիւն վայելել։ Սուլթանը, իմանալով այս լուրը, անմիջապէս պաշտօնանկ ըրաւ Քեամիլը եւ տեղը դրաւ Ճէվատ բաշան, զինւորական մը։

Քեամիլ բաշա, 1891ին արդէն հակառակ էր Նազըմի քաղաքականութեան, զոր երկրին համար մահաբեր կը կարծէր, ինչպէս որ ալ եղաւ, բայց անկարող էր բան մը ընելու, մաքառելու իր տիրոջ յամառ ընդդիմութեանը դէմ։

Ցոյցի շրջանին, Հնչակի պոլսական թղթակիցը կը գրէր. «Քեամիլ բաշան անգլիասէր ճանչցուած է, բայց մենք խաբուելու չենք. Սուլթանին նպատակն է մէկ քանի ամիսներ ալ շահիլ ասով. բայց, «Խորհուրդ Սուլթանին կամք «Հնչակ»ին է» ։ Սուլթանը կը կարծէր թէ իր ճարպիկութեամբ պիտի քնացնէր հայկական խնդիրը, բայց սեպտեմբեր 18ին առտուն, Հնչակը անախորժ զարթնում մը տուաւ իրեն։ Մենք պէտք է մեր ուղղութիւնը ունենանք։ Սատրազամին փոփոխութիւնը Թուրքերուն վրայ մեծ տպաւորութիւն մը պիտի առաջ բերէ։ Ցոյցին հետեւանքը պիտի համարեն այս տապալումը։ Դիւանագիտութիւնը երկու օրէ ի վեր գործի վրայ է. վեց տէրութեանց դեսպանատան թարգմանները Բ. Դուռ երթալով, ամենախիստ լեզուով մը խօսեցան կատարուածներու մասին. բանտերու մէջ գործուած ջարդերու նկատմամբ իրենց որոշումը հաղորդեցին եւ յայտարարեցին թէ՝ իրենց կառավարութենէն հրահանգ կը սպասեն։ Կ’ըսուի թէ այսօր վերջնագիր մը պիտի տան եւ պիտի յայտարարուի միանգամայն թէ՝ նաւատորմիղը պիտի առաջանայ մինչեւ Տարտանելի բերանը։»

Աւելորդ չէ հոս զետեղել նախ հետեւեալ վաւերական տեղեկութիւնները, որոնք քաղուած են զանազան թերթերու թղթակցութիւններէն։

 

Երեքշաբթի գիշեր հետեւեալ ոճիրները գործուեցան։

Բերայի կողմը, Գասըմ Բաշա, հարիւրաւոր հայ պանդուխտներ կը գտնուին, որոնցմէ մաս մը կը պառկին սրճարաններու երկրորդ յարկի սենեակները։ Նոյն գիշերը, համիտեան մոլեռանդ խուժանը հաւաքուելով, հազարներով, կը քալեն սրճարանի մը վրայ, դուռը կը խորտակեն ու ներս կը խուժեն. կը մտնեն սենեակները, որ չորս հինգ հոգի մէկտեղ կը քնանային հայ պանդուխտները։ Կը յարձակին ասոնց անկողիններուն վրայ եւ քուներնուն մէջ ամէնքն ալ կը սպաննեն, երեսունը հինգ հայեր ։ Գոռում գոչումները փողոցներէն կը լսուէր։ Ուրիշ Հայեր, իրենց բնակարաններու պատուհաններէն կը նշմարեն գիշերը շրջող ոստիկան զինւորներ, որոնք ամբոխին խրատ կուտային որ փողոցին մէջ բան մը չ’ընեն, այլ ներս մտնեն ու հոն գործեն ոճիրնին։

Խուժանը, կոտորածի գործը լրացնելէ յետոյ կը քաշուի։

Ոստիկանները կը բերեն աղբի սայլեր ու կառքեր, դիակները մէջը կը լեցնեն, չը նայելով որ մէկ քանիները կիսամեռ են, եւ կը տանեն ծովը կը թափեն, յետոյ կուգան սենեակները կը սրբեն, արիւնի հետքերը ջնջելու համար։

Նոյն գիշերը, կոտորած մըն ալ Չուգուր Խանը, հո՛ն են Բալուցի պանդուխտները։ Ասոնք ալ, երբ յոգնած ինկած կը քնանային, ահա՛ քանի մը հազար հոգիներ, ոստիկաններէն առաջնորդուած, խանը կը խուժեն, դուռը կը կոտրեն, կը ջարդեն քառսուն Հայեր ու կը փախչին։

Ասոնց ալ վայնասունը կը լսուի շրջակաները. ասոնց դիակներն ալ կը քաշկռտեն ու կը տանին աղբի կառքերով ծովը կը թափեն։

Նոյն պահուն, Գարակէօմրիւքի թաղը, մոլեռանդներու խուժան մը կը յարձակին տուներուն վրայ եւ քանի մը հայ ընտանիքներ կը ջարդեն, Հայ ձուլիչ մը փողոցին մէջ կտոր կտոր կ’ընեն։

Խասգիւղի ներսերը, Քեաղըտ Հանէի եզերքները բանող հայ գործաւորներէն ալ ջարդուածներ կան։

Չորեքշաբթի գիշեր, Թօփհանէի կողմը, խուժանը կը ջարդէ տասնը հինգ հայեր։

Այսօր, Ղալաթիա Մոմհանէ, ուր շոգենաւային ընկերութիւններու սենեակները կը գտնուին, հայ մը բռնելով՝ քիթն ու ականջները կը կտրեն։ Մարդը պատրիարքարան տարին։

Իսկ բանտերուն մէջ, աննկարագրելի են խժդժութիւնները։ Ձերբակալուածները կը կապկպեն եւ ծեծի տակ կըսպաննեն։

Ստոյգ աղբիւրէ գիտենք թէ՝ ոստիկանութեան տնօրէն Հիւսնի պէյը երկու հարիւր հայեր սպաննել տուած է այդ կերպով։

Ֆրանսական դեսպանատան առաջին թարգմանը Պ. Ռուէ՝ աչքովը տեսած է որ՝ ձերբակալուածներէն եօթը հոգի, տեղնիտեղը սպաննուեր են ոստիկաններու ձեռքով։ «Սոսկալի՜ է, սոսկալի՜ է» կը բացագանչէ մարդը։

Դատական պաշտօնատան մէջ, հայ մը, որ առեւտրական գործով հոն գացած էր, երբ սանդուխներէն վար կիջնէր, սպաննեցին զինքը։

Քաղաքապետութեան պաշտօնատան մէջ ալ ութ հայ սպաններ են։

Ոստիկանները փողոցներուն մէջ քսան երեսուն հայեր սպաննեցին։

Երկու Հայեր բանտի կառքը դրած կը տանէին ոստիկանատուն, խուժանը կառքին վրայ յարձակելով, սպաննեց երկուքն ալ։

Ոստիկանները, Պայազիտէն ոստիկանատուն կը փոխադրէին վեց եօթը ձերբակալուած Հայեր, խանութէն փաթթոցաւոր մը դուրս խոյանալով ըսաւ. «Աստուծո՜յ սիրոյն, թոյլ տուէ՛ք որ մէկ մէկ հատ իջեցնեմ. » եւ ձեռքի կոճղովը մէկիկ մէկիկ պատռեց անոնց գլուխը։ Խեղճերը ողջ ողջ չը հասան Ոստիկանութեան Դուռը։

Զարհուրելի՜ վիճակ…։

***

Երեք օր է, ամբողջ շուկան, վաճառատունները, ամէնքն ալ գոց են։ Հայերուն այս վախը մեծ ցոյց մըն է։

Ժողովուրդը խռնուած է ամէն թաղ իր եկեղեցիներուն մէջ. Մայր եկեղեցին, Խասգիւղի եկեղեցին, Գասըմ Բաշա, Բերա, Ղալաթիա լեցուն են ապաստանեալներով։ Կառավարութիւնը կ’ուզէ որ պարպուին, նախ՝ ձերբակալումներ ընելու համար, եւ երկրորդ՝ Եւրոպայի ըսելու թէ՝ անդորրութիւնը կատարեա՜լ է…։ Հիւսնի պէյը մէկ քանի անգամ պատրիարքարան եկաւ, պատուիրելու համար որ Պատրիարքը յորդոր կարդայ ցրուելու Մայր եկեղեցին հաւաքուած ապաստանեալները։

Պատրիարքը մերժողական պատասխան տուաւ։

Երէկ, չորեքշաբթի, երբ Հիւսնի պէյը նորէն եկաւ, նոր խոստումներ բերելով, պատրիարքը զարկաւ անոր երեսին. Առջի օր ալ այդ խոստումները տուիր, բայց նոյն գիշերը կոտորածներ եղան։

Հիւսնի պէյը պոչին վրայ նայելով մեկնեցաւ։

Յետոյ, Նազըմ բաշան եկաւ Ոստիկանութեան Դուռը, եւ այդ կարգի խոստումներ շռայլելով, պատրիարքարանէն մարդ կանչեց, բայց լսելի չեղաւ։

Սուլթանը, երեքշաբթի գիշեր, Նուրեան Յովհաննէս եւ Ունճեան Աբիկ էֆէնտիները պալատ կանչել տուաւ եւ հրամայեց որ յորդորեն ցրուելու Մայր եկեղեցիին ժողովուրդը։ Աբիկ էֆէնտին կէս գիշերը երկու ժամ անցած, փութաց գնաց մայր եկեղեցին, ուր սկսաւ յորդորել ժողովուրդը, որ ցրուի, ո՛չ ոք լսեց։ Երէկ ալ կանչուեցաւ Եըլտըզ, իրիկունը վերադարձաւ։ Գասըմ բաշայի եկեղեցին կ’երթայ, աթոռի մը վրայ կ’ելլէ եւ ժողովուրդը կը յորդորէ հանդարտօրէն տուներնին վերադառնալու, ամէն կերպով ապահով ըլլալով։ Ժողովուրդը «մատնի՜չ, վա՜տ, դաւաճա՜ն» մակդիրները կը պոռայ երեսին ու դուրս կը վռնտէ հայ պետական մարդը։

Յուզումը դեռ կը շարունակուի։

***

Եկեղեցիները լեփլեցուն են, մեծ մասը Հայաստանցիներ, գունատ, հիւանդ, զայրացած։ Բերայի եկեղեցին հաւաքուած բազմութիւնը կ’ուզէ դուրս խուժել, ցոյց մ’ընել. կը նմանի բերդի մը մէջ պաշարուած զօրքին, որ կա՛մ մահ, կա՛մ ազատութիւն ձեռք բերելու համար կը յարձակի պաշարող թշնամիին վրայ։ Սակայն, կարելի եղաւ համոզել ժողովուրդը, որ հանդարտ տեղը կենայ։

Մոլեռանդ խուժանին, ոստիկանութեան, զինւորներու ու բաշաներու ոճրագործութեանց պատմութիւնները կը լսուին ամէն օր։ Ինչպէս որ համաճարակի ժամանակ, ժողովուրդը, ամէն առտու աչքը բանալուն, կ’ուզէ նախ հետաքրքրութեամբ իմանալ գիշերուան մահերուն թիւը, այնպէս ալ մենք, ամէն առտու կը հարցնենք. Ո՞րքան ջարդուածներ կան այս գիշեր։

Սեպտեմբեր 20էն 22, հինգշաբթիէն շաբաթ լուսնալու գիշերները, Կազհանէի գործարանին մէջ, քսանհինգ հայ կաթոլիկներ ջարդուեցան։ Գտնուողները քսանըհինգ էին, մէկը միայն կրցեր է ճողոպրիլ եւ երթալ իրողութիւնը պատմել Ազարեան պատրիարքին, Ֆրանսական դեսպանատունն ալ իմացաւ իրողութիւնը։

Չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսնալու գիշերը, նախկին Մեծ Եպարքոս Ճէվատ բաշային բնակարանին մէջ երկու հայ սպասաւորներ սպաննուեցան, նոյնպէս երկու հայ սպասաւորներ ալ՝ նախորդ Մեծ Եպարքոս Սայիտ բաշային տունը։

Երէկ, Րիւթէրի գործակալութեան ներկայացուցիչը, Բերայի Երրորդութիւն եկեղեցին երթալով, անձամբ հարցաքննեց Պոլսոյ զանազան կողմերը գործուած խժդժանքներն ու կոտորածները։ Ականատես վկաներ հետեւեալը կը պատմեն. Խուժանը, Գարակէօմրիւքի մէջ, Աղաւնի անուն յղի կնոջ մը փորը ճենքելով, արգանդի երախան դուրս կը քաշեն կը հանեն, եւ «ի՜նչ պարարտ է» ըսելով՝ թուրերնուն ծայրը կ’անցընեն։

Գասըմ բաշայի զոհերուն թիւը կ’աւելնայ օրէ օր, հարիւր յիսուն հայեր անյայտացած են։

Շլէզվիկ­Հօլշտայնի Ալպէրտ իշխանը, որ հոս կը գտնուի, չորեքշաբթի երբ Ստամպոլի կողմը կ’անցնէր կառքով, կը տեսնէ երկու ոստիկաններ, որոնք երկու հայեր ձերբակալած կը տանէին. քանի մը մարդիկ անոնց վրայ կը յարձակին ու կը սկսին ծեծել, մինչեւ որ կը սպաննեն. Հայերուն ձեռքերը կապուած են։ Երբ անոնք կը մեռնին, ժանտարմաները, իրենց հրացաններու կոթովը կը ճզմեն անոնց գլուխները։– «Օ՛հ, պժգալի՜ է, պժգալի՜», կը գոչէ իշխանը, եւ անմիջապէս ետ դարձնել կուտայ կառքը։ Կ’ուզէ նո՛յն օրն իսկ մեկնիլ այս զզուելի քաղաքէն, բայց նոյն գիշերը, Սուլթանը հացկերոյթ մը կուտայ եւ իշխանը չը կրնար մերժել հրաւէրը։

Ֆրանսացի զօրական մը, որ Պոլիս կը գտնուի, անցած չորեքշաբթի օրը Ստամպոլի կողմը գացած էր, զինւորները կը յարձակին վրան եւ կը սկսին ծեծել, բայց գլուխը նայելով՝ քիչ մը կը զգուշանան. ուրիշ Թուրքեր, դէպքին վայրէն անցնելու ատեննին կը համոզեն զանոնք ու կ’ազատեն մարդը։ Հիմա խնդիրը մեծ համեմատութիւններ ստացած է Բ. Դրան ու դեսպանատան միջեւ։

Հայ կիները, քառասուն հոգի, երէկ՝ Թարապիա գացին, անգլիական դեսպանատունը, եւ լալով ողբալով պահանջեցին իրենց էրիկները, եղբայրները, զաւակները, որոնք անյայտացած են։ Դեսպանատան կողմէն յոյս տրուեցաւ թէ ամէն կարելի միջոցներ ի գործ պիտի դրուին փնտռել ու գտնելու զանոնք, եթէ ողջ մնացած են։

Ա՛լ կարելի չըլլալով ջարդուածները ծովը թափել, ոստիկանութիւնը սկսած է անոնց դիակները պատրիարքարան ղրկել, նախապէս դիակներուն երեսները խնամով խաթարելով, որպէս զի իրենց ինքնութիւնը չը յայտնուի։ Երէկ ութսուն մեռածներ յանձնուեցան։ Իսկ վիրաւորեալները այսօր պիտի յանձնուին։ Մեռնողներուն շատերը բանտին մէջ սպաննուած են, Նազըմի եւ Հիւսնիի աչքերուն տակ եւ անոնց հրամանով։

Սուլթանը հրամայեց որ թուրքերը տուներնին հայ մը չը պահեն։ Այս իրատէն երկդիմի ըլլալով, բաշաները, պէյերը, էֆէնտիները, եւ հասարակութիւնը զայն մեկներ են հայերը սպաննելու իմաստով…։

Վաճառատուն ու Շուկայ տակաւին գոց կը մնան։ Հայ փաստաբանները դատարան չեն երթար, եւ հայ բժիշկները չեն համարձակիր երթալ թուրք հիւանդներու տունը։

Կեդրոնական վարժարանը գոց կը մնայ։ Միւս վարժարանները աշակերտ չիկայ։ Եկեղեցական արարողութիւնները դադրած են այն եկեղեցիներուն մէջ, ուր ապաստանեալներ կան։ Դեսպանները, որոնք տակաւին իրենց ամարանոցները կը գտնուին, Բերայի դեսպանատան պաշտօնէութեանց հրամայած են հայ ապաստանեալներ ընդունիլ։

Այսօր պատրիարքարանին մէջ ահագին բազմութիւն մը խռնուած էր։

***

Կ. Պոլիս, 23 Սեպտեմբեր 95

Անգլիական դեսպանատունէն Պ. Շիբլի, ան որ Սասուն գացած էր քննութեան, երէկ պատրիարքարան գնաց ու երկու ժամ տեսակցեցաւ։ Քննելով Պոլսոյ ջարդին մանրամասնութիւնները, Պ. Շիբլի յայտարարած է թէ՝ Սասունի մէկ մանրանկարն է։

Այսօր ժամը 2ին, երեսուն քառսուն Հայաստանցի կիներ, Բերայի անգլիական դեսպանատունը գացին փոքրիկ ցոյց մ’ընելու։ Ոստիկանութիւնը շատ ուշ վրայ հասաւ։ Ահագին բազմութիւն մը խռնուած է դեսպանատան շուրջը։

Բանտի մէջ սպաննուած Հայերէն ութսունըմէկ դիակներ, պատանքի մէջ, հինգշաբթի օրը Հիւանդանոցը ղրկուեցան։ Ոստիկանութեան կողմէն մասնաւորապէս պատուիրուած էր չը քակել պատանքները, բայց Պատրիարքարանէն տարբեր հրամաններ տրուեցան, եւ հետեւաբար, քակուեցան պատանքները։ Բժիշկներ, որոնց մէջ էր նաեւ Տոգթ. Տոնճէրի, քննեցին սպաննուածներուն դիակները. ոմանք սուինով, ոմանք դաշոյնով եւ ոմանք՝ փայտով, մէկ մասն ալ՝ ծննդական գործարանները ճզմուելով մեռած են։ Ասոնց իւրաքանչիւրին սպաննութեան պարագաները տեղեկագրուած ըլլալով, Պատրիարքարանէն հաղորդուեցան մեծ դեսպաններուն։

Պատրիարքը պաշտօնագրով մը բողոքեց կոտորածներուն դէմ. յայտարարեց թէ՝ ոստիկանութիւնը հասարակ ժողովուրդին սօֆթայի հագուստ բաժնելով, այդ տարազի տակ արձակեց հայ ժողովուրդին վրայ, երբ սա խաղաղասիրական ցոյց մը կ’ընէր։

Այսօր, մայր եկեղեցիի զանգակատունը սեւ շղարշով կէս մը ծածկուեցաւ մերիններէն։

Հոս մեծ յոյս կայ թէ՝ մայիսեան ծրագիրը պիտի անյապաղ ընդունել տրուի. ժամէ ժամ կը սպասուի։

Շուկաները, վաճառատունները դեռ գոց են, եկեղեցիներուն մէջ դադրած են արարողութիւնները։

Հրահանգ տրուեցաւ որ ժողովուրդը չպիտի պարպէ եկեղեցիները, մինչեւ որ վեց մեծ դեսպանները ապահովութիւններ չը տան։

***

Կ. Պոլիս, 24 Սեպտեմբեր 95

Անցած շաբթուան գեղեցիկ օդերուն յանկարծ յաջորդեց փոթորիկ մը, եւ այսօր, կիրակի, շատ անձրեւոտ կ’անցընենք, անձկոտ սպասումով մը։

Շաբաթ գիշեր, բոլոր ոստիկանները, ժանտարմաները, ոտքի վրայ էին։ Վախ կար թէ կիրակի առտու նորէն ցոյց մը պիտի ըլլայ. բայց մենք որ ամէն բանի տեղեակ էինք, հանդարտ մնացինք, գիտնալով որ ցոյց մը չընելու հրահանգը խստիւ պիտի գործադրուի։ Դեսպանները մեծ իրարանցումի մը մէջ են. արդէն մեր յատակագիծը պատրաստուած է, գիտենք թէ ի՛նչ պիտի ընենք. հիմակուհիմակ կը սպասենք զոհի մը պէս, որ յաղթող է։

Վեց մեծ դեսպանները ժողովք ըրին երէկ Թարապիա եւ որոշեցին հաւաքական ծանուցագիր մը տալ Սուլթանին։ Այսօր պիտի երթային, մինչեւ կէս օր դեռ չիմացանք, գացե՛ր են թէ ո՛չ. միայն այսչափը յայտնի է թէ՝ Անգլիոյ մեծ դեսպանը պահակ շոգենաւովը վար իջած է Վոսփորէն։ Արտաքին գործերու նախարար Սայիտ բաշան եկաւ երէկ գիշեր ու անմիջապէս գնաց ուղղակի Թարապիա ուր անցուց գիշերը. կը կարծուի թէ պիտի խնդրէր դեսպաններէն որ ամէնքը չը գան առանձին առանձին իրենց պահակ շոգենաւերովը. մեծ ցոյց մը պիտի համարուէր։

Երէկ, շաբաթ օրը, պատրիարքարան եկան աւստրօ­ հունգարական, ռուսական եւ ֆրանսական դեսպաններուն թարգմանները, երկարօրէն տեսակցեցան պատրիարքին հետ եւ յուսադրեցին որ անմտահոգ ըլլայ, մէկ քանի օրէն ամէն բան պիտի կարգադրուի։ Թարգմանները, յետոյ այցելեցին մայր եկեղեցին, տեսակցեցան ապաստանեալներուն հետ, շատ արիւնոտ դրուագներ լսեցին ու գրի առին։ Մայր եկեղեցիին զանգակատունը սեւ շղարշով ծածկուած է, ու Հայերը, ձեռքերնին կտրելով, վազած արիւնովը կարմրցուցած էին զանգակատան խաչը։

Բերայի եկեղեցիի զանգակատունն ալ ծածկուեցաւ սեւ շղարշով։

Պատրիարքը շնորհաւորական այցելութիւն չը տուաւ Մեծ Եպարքոսին եւ ղրկեց միայն մէկ եկեղեցական ու մէկ աշխարհական։ Քեամիլ բաշա շատ սիրալիր ընդունելութեամբ մը բարեւներ ղրկած է պատրիարքին եւ յանձնարարած է որ հոգ չընէ, ժողովուրդը հանդարտ պահէ, քիչ օրէն ամէն բան պիտի կարգադրուի։

Սուլթանին խելքը միտքը՝ եկեղեցիներուն հաւաքումները ցրուել է, բայց իրատէները, ժողովուրդին յամառութեան առջեւ անզօր մնացին։ Իրարու ետեւէ ղրկուած պատուիրակներն ալ չը յաջողեցան։ Արիկ Ունճեան էֆէնտին, Եըլտըզ վերադառնալով, յայտարարեց թէ՝ իրեն յանձնուած պաշտօնը կատարած է, բայց առանց ո՛ եւ է յաջողութեան արդիւնքի։

Ոստիկանութիւնը տեսնելով հիմա որ ինք անզօր է ցրուելու եկեղեցիներուն հաւաքումները, ժամանակ շահելու նպատակով, Սուլթանին ըսած է թէ՝ եկեղեցին ապաստանող զինուած մարդիկ եթէ դուրս ելլեն, շատ գեշութիւններ կ’ընեն, ուստի լաւագոյն է որ հոն մնան փակուած։ Աս աղէ՛կ, բայց Սուլթանը չուզեր որ երկիրը, մանաւանդ մայրաքաղաքը, անապահով կացութեան մը մատնուած երեւնայ Եւրոպացիներուն աչքին։

Երէկ, Տատեան Արթին բաշան, Սուլթանին կողմէն պատրիարքին քով եկաւ, յետոյ վերադարձաւ Եըլտըզ։

***

Այսօր, կիրակի, ժամը կէսօրէն սկսեալ, Բերայի մէջ վտանգաւոր վիճակ մը սկսաւ պատրաստուիլ. եկեղեցիին շուրջը րէվօլվէր մը պարպուեցաւ. ստուգուեցաւ թէ՝ փողոցէն պարպուեր է զէնքը, ինչ որ դաւ մըն է, ոստիկանութեան կողմէն լարուած։ Հազիւ թէ պայթումը կը լսուի, Կալաթա Սէրայի բոլոր ոստիկանները, ժանտարմաները, թիւով հարիւրէն աւելի, եկեղեցին կը խուժեն։ Դուռը կեցող հայ պահապանները կը փակեն անմիջապէս դռները։ Լուրը կը տարածուի ժողովուրդին մէջ, ոմանք կը վազեն եկեղեցիին շուրջի դպրոցներուն սրահները, որոնց պատուհաններէն կարելի է դիտել փողոցը։ Հայերը, րէվօլվէրները լեցուցած, կ’ուղղեն պատուհաններէն, փողոցի ոստիկաններուն ու ժանտարմաներուն վրայ. ասոնք ալ, հրացանները լեցուցած, կ’ուղղեն պատուհաններուն, եւ այսպէս, կազմ ու պատրաստ կը կենան երկու կողմէն։ Առաջին թռած գնտակը ծանրակշիռ հետեւանքներ կրնար առաջ բերել. բարեբաղդաբար, բան մը տեղի չունեցաւ։ Առ այժմ, եկեղեցիին շուրջի փողոցները պաշարուած են։ Բերայի բաց խանութները գոցեցին մեծ մասով։

Հոն ալ վախը կը տիրէ։

 

***

Կ. Պոլիս, 26 Սեպտեմբեր 95

Կիրակի օրը, նամակս բօսթան ձգելէ յետոյ, ստուգեցինք պատահած դէպքերը, որոնց մեծ մասը հեռագրով հաղորդուած է ձեզի անշուշտ։ Շաբաթ գիշեր, Թուրխան բաշան պաշտօնանկ եղաւ, եւ իրեն յաջորդեց Սայիտ բաշան, իբրեւ արտաքին գործերու նախարար։ Նոյն գիշերը, արտաքին գործերու նոր նախարարը, մեծ դեսպաններուն առաւ տարաւ Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը, բայց սրբագրուած, գօնթրօլը վերցուած ըլլալով մէջէն։

Կիրակի օրը, վեց դեսպաններուն առաջին թարգմանները պահակ շոգենաւերով Ստամպոլ իջան եւ յանձնեցին ծանուցագիր մը, որուն պարունակութիւնն է.

Ա. Արձակում՝ բանտարկեալներուն.

Բ. Ապահովութիւն ժողովուրդին.

Գ. Քննութիւն՝ դէպքերուն եւ պատիժ՝ Հայերու ջարդարարներուն։

Այս ծանուցագիրը կը պարունակէ մանրամասն նկարագրութիւն մը գործուած խժդժանքներուն ու ջարդերուն։

Յետոյ, պահակ շոգենաւերը գացին շարուեցան Սալը Բազարի ծովեզերքը, ուր դեռ կը կենան իբրեւ նաւային ցոյց մը։

Ստամպոլի կողմը, Հայերուն խանութները, մթերանոցները, խաները, տակաւին գոց կը մնան ամբողջովին. հանդիսաւոր, թէեւ բռնի ցոյց մը, որ շատ սուղի կը նստի մայրաքաղաքին։ Առեւտրական կեանքը դադրած է։ Հինգ օրուան մէջ, 350000 ոսկիի փոխանագիրներ անվճար մնացին եւ ղրկուեցան բրօդէսդի։ Գրէտի Լիօնէն 75000 ոսկիի անվճար փոխգիր ունի ձեռքը։

Եկեղեցիները տակաւին լեցուած կը մնան, ամէն ջանք կը գործուի, այս վիճակը շարունակել տալու…։ Մինչ մէկ կողմէ սպառնալիք կը ղրկուի վաճառատուն բանալ համարձակողին, միւս կողմէ կը քաջալերուին եկեղեցին ապաստանողները։ Սուլթանը մոլեգնած է այս ապաստանարաններուն դէմ։ Արթին բաշան, մէկ քանի անգամներ պատրիարքարան երթալով, տեսակցեցաւ պատրիարքին հետ։ Մայր եկեղեցին ապաստանողներէն պատգամաւորութիւն մը բերել տրուեցաւ, որոնց յայտարարեց Տատեան թէ՝ Սուլթանը կը խոստանայ ամէն ապահովութիւն, ուստի թո՛ղ դուրս ելլեն։ Պատգամաւորները պատասխանեցին թէ՝ Ներսէս պատրիարքին օրէն ի վեր Սուլթանը շատ խոստումներ տուած է, բայց ո՛չ մէկը կատարած է, վստահութիւն չը կայ։

Տատեան ուզեց որ գոնէ տասը հոգի յանձնուի իրեն, որպէս զի գործ մը տեսած ըլլայ, անոնց ապահովութիւնը գրաւական մը պիտի ըլլայ միւսներուն համար։ Սակայն պատասխանը միշտ մերժողակա՜ն եղաւ։

Այս առտու, եկեղեցիները կէս պաշարման վիճակի մէջ են. ներսէն դուրս ելլելը շատ դժուարացած է. մուտքը նմանապէս. պատսպարեալներուն կը ղրկուի հաց եւ ուրիշ ուտելիքներ։ Բայց եթէ պաշարումը սաստկանայ եւ ուտելիքը կտրուի, ներսէն զէնքով պիտի յարձակում գործուի։

Կացութեան ծանրակշիռ հանգամանքը ցոյց տրուեցաւ հիւպատոսներուն, որոնք անմիջապէս հաղորդեցին իրենց դեսպաններուն։ Վաղը առտու կարգադրութիւններ պիտի ըլլան։

Այս վիճակին շարունակութիւնը նպաստաւոր կը դատուի եւ լաւ հետեւանքներ պիտի ունենայ։