Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Կիրակի էր, Խաչվերացի կիրակին։

Ոստիկանութեան նախարարը գործի վրայ էր, առջի իրիկուընէ արդէն խումբ խումբ լրտեսներ, զանազան տարազներու տակ, սկսած էին շրջան ընել մայրաքաղաքին հայաշատ կեդրոններուն մէջ։

Ամէն մարդ սպասումի մէջ էր, խոհեմները քաշուած էին իրենց բնակարանը, վախկոտները, զանազան թաղերէ, փութացած էին արդէն չուել կղզիները, յաջորդ օրուան համար ազդարարուած Ցոյցը չը տեսնելու, կամ աւելի ճիշտը, իրենց փափուկ ու թանկ մորթը փրկելու մտահոգութենէն մղուած։

Շաբաթ օրուան թերթերէն մէկ քանիները ծանուցած էին թէ՝ Խաչվերացի կիրակին, Սկիւտար, Ս. Խաչի մէջ հանդերձեալ է պատարագ մատուցանել Կիլիկիոյ նորընտիր կաթողիկոսը՝ Տ. Գրիգորիս Ալէաթճեան Սրբազան։ Ուստի, կիրակի առտուն կանուխ, կամուրջին վրայ, Սկիւտարի նաւամատոյցը կը դիմէին գունդագունդ Հայեր, շատերը՝ գաւառացի պանդուխտներ, որոնք երկրորդ Խրիմեան Հայրիկ մը կը դաւանէին պատարագիչը, վաղուց վարժուած ըլլալով զայն ճանչնալու, սիրելու եւ պաշտելու թռչնիկ անունով։

Թռչնիկ Սրբազա՜նը պիտի պատարագէ, կը փսփսային իրարու ականջին, երթա՛նք, լսենք իր քարոզը։

Ս. Խաչ եկեղեցին, այն օրը, մայրաքաղաքի բոլոր միւս եկեղեցիներէն, նոյնիսկ Պատրիարքարանի Մայր եկեղեցիէ՛ն ալ աւելի հանդիսաւոր տեսք մը առած էր։ Տաճարին մէջ ասեղ ձգելու տեղ չէր մնացեր, ինչպէս կ’ըսէ ռամիկը, եւ գաւիթը, դուրսի շրջափակին մէջ, երկսեռ բազմութիւն մը խռնուած, ալեկոծ ծովի մը նման կը տատանէր։

Ներսը ժամերգութիւնը կը կատարուէր աւուր պատշաճի շքեղութեամբ մը։

Դուրսը, շրջափակին մէջ, խումբ խումբ հաւաքուած, տաքգլուխ երիտասարդի մը բոլորտիքը, գաւառացի պանդուխտներ՝ մտիկ կ’ընէին անոր մարտագոռ ու շանթորոտ ճառը։ Անդին, ուրիշ պատանիներ, թերեւս մէկ քանի օր առաջ յեղափոխական մկրտուած, կը նախատէին, կ’անարգէին ու կը սպառնային ծեծել մարդուկ մը, որ կ’ամբաստանուէր իբր մատնիչ եւ պատճառ՝ քանի մը յեղափոխական երիտասարդներու ձերբակալման։

Յանկարծ իրարանցում մը տեղի ունեցաւ Ս. Խաչի շրջափակին մէջ։

Քարո՜զը քարո՜զը մտիկ ընենք, կըսէին ու կը խուժէին տաճարէն ներս։

Թռչնիկ Սրբազան ժողովուրդին դարձուցած իր երեսը, կը պատրաստուէր սկսելու քարոզը։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, ամէն։

Յետոյ, մականը մէկ ձեռքին մէջ, միւսը բարձրացուցած, գոռաց։

Խաչը պիտի յաղթէ՜ աշխարհի.

Ա՛յս էր քարոզին բնաբանը։

Տաճարին ամբոխը, վայրկենապէս ելեկտրացած, աղաղակեց.

Կեցցէ՛ Հայաստան, կեցցէ՜ Յեղափոխութիւն։

Քարոզիչը, քովէն կախուած թաշկինակո՜վ սկսաւ սրբել ճակտին քրտինքը, որ ուղխօրէն կը հոսէր։

Այո՛, խաչը պիտի յաղթէ աշխարհի, շարունակեց քարոզիչ Սրբազանը, այն աշխարհին, որ այսօր յանձնուած է բռնաւորներու, դահիճներու ձե՜ռքը…։

Դարձեալ խուլ մռունչներ՝ տաճարին բազմութեան ծոցէն։

Խա՜չը, մահապարտներու սահմանուած պատիժի այն անա՜րգ գործիքը, որուն վրայ իր աստուածային հոգին աւանդեց աշխարհի Փրկիչը Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս, Տանջանքի Փայտը, որուն վրայ գամուեցաւ Աստուածամա՜րդը, գիտէ՞ք, սիրելի՛ ժողովուրդ, ի՜նչ վսեմ, ի՜նչ նշանակութիւն ունի…։ Խորհրդանշանը չէ՞ Փրկութեան, Ազատութեան նշանաբանը չեղա՞ւ ան…

Եկա՜յք առ իս ամենայն վաստակեալք եւ բեռնաւորք եւ ես հանգուցից զձեզ, ըսաւ երկնային Վարդապետը, իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի, Հայաստանի՛ զաւակներ, կեղեքուածներ, աքսորուածներ, որդեզո՛ւրկ մայրեր, բռնաբարուա՛ծ քոյրեր, տիրակորոյս այրիներ, եկէ՛ք ինծի, խաչի՛ն պլլուեցէ՛ք, խա՛չը շալկեցէ՛ք, քալեցէ՛ք արիւնին ու մոխիրին մէջէն, մի՛ վախնաք, անվախ, աներկմիտ, առաջ անցէ՛ք, ձեզի՛ կ’ըսեմ, խաչը պիտի յաղթէ՜ աշխարհի եւ դուք, ո՜վ Քրիստոսի ուխտեալ զինւորներ, յեղափոխութեան սուրբ սեղանին առջեւ եկէ՛ք, պատրաստուեցէ՛ք Մեծ Զոհին։

Ժողովուրդը խանդավառութեան գերագոյն թափով մը կը մռնչէր.

Կեցցէ՛ Հայրենիքը, կեցցէ՛ Յեղափոխութիւնը։

Քարոզիչ Սրբազանը, խորհրդաւոր եւ այլաբանական ոճով մը պատրաստեց ժողովուրդը Վաղուան Մեծ Տօնին ու վերջացուց իր քարոզը։

Նոյն օրը, մայրաքաղաքի գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Հայաստանցիները հաղորդուեցան, պատրաստուելու Վաղուան… Ճակատամարտին։

  Ու ժողովուրդը կը յիշէր այն օրը, երբ Մամիկոնեան Սպարապետին հրամանատարութեան տակ, վաթսունը վեց հազար սպառազէն Հայերը հաղորդուեցան Աւարայրի ճակատամարտին պատրաստուելու համար։

Եւ կըսէին իրարու.

Այն ատեն՝ Յազկերտ Բ. մը կար, իսկ հիմակ Համիտ Բ. մը, այն ատեն՝ մեր պանծալի նախնիքները կռուեցան Խղճի Ազատութեան համար՝ մոլեռանդ Մազդէութեան դէմ. իսկ հիմակ մենք, իրենց արժանաւոր ժառանգները, պիտի կռուինք՝ մեր ինչքին, մեր պատիւին ու մեր կեանքին, մէկ խօսքով՝ մեր անբռնաբարելի իրաւունքին, Ս. Ազատութեան համար՝ Համիտական Բռնապետութեան մը դէմ, որ նրբացած, կատարելագործուած ձե՛ւն է բովանդակ տիեզերքի բռնապետական կարգերուն…։

  Աւարտած էր պատարագը, ժողովուրդը դուրս կը խուժէր Ս. Խաչի տաճարէն։

Պատարագիչ Սրբազանը, զգեստաւորուած, հանդիսաւոր թափորով մը կ’առաջնորդուէր Ս. Խաչի խորհրդարանը, աջ ու ձախ օրհնութիւն սփռելով համախմբուած երկսեռ հաւատացեալներու բազմութեան։

Շրջափակը կամաց կամաց կը պարպուէր ժողովուրդէն, Սրբազանը քարոզին տպաւորութիւնը կը տանէր իրեն հետ։

Շրջափակէն դուրս, փողոցներուն մէջ, յանկարծ ոստիկան զինւորներ երեւցան։

Ժամերգութեան միջոցին, ամբոխին մէջ սողոսկած մէկ քանի ծպտուն ոստիկաններ ու լրտեսներ, մատնանշած էին մէկ քանի յեղափոխական երիտասարդներ, որոնք նոյն օրը, փողոցներու մէջ, ձերբակալուեցան ոստիկան զինւորներէն։

Այդ կարգի ձերբակալումներ տեղի ունեցան տեղ տեղ, մայրաքաղաքի միւս թաղերուն մէջ ալ, ընդհանրապէս ժամերգութեան աւարտումէն ետքը, ժողովուրդի վերադարձի միջոցին։

Կիրքերը գերագրգռուած, գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ, ուր Հնչակեան մասնաճիւղ մը կար, տենդոտ ու ջղային կ’երեւային Հայերը, ամենքն ալ սպասելով Վաղորդայնին, որ կը խոստանար բերել… Մահ կամ Ազատութիւն։

Հակառակ սակայն ձերբակալումներուն, Խաչվերացի կիրակին հանդարտ անցաւ, առանց ո՛ եւ է կարեւոր միջադէպի։