ԺԷ.
Նազըմ
բաշան,
Եըլտըզէն
վերադարձին
իրիկունը,
իր
բնակարանին
մէջ
գտաւ
խորհրդաւոր
հիւրը,
որուն
կը
սպասէր։
Այս
հիւրը
չէ՛ր
այն
սովորական
հիւրերէն,
որոնք
ընդհանրապէս
կը
բաղխէին
ոստիկանութեան
նախարարին
դուռը,
իրենց
պարագաներէն
կամ
բարեկամներէն
բանտարկեալի
մը
արձակումը
խնդրելու
համար։
Հիւրը
դժբաղդաբար
հայ
անունը
կը
կրէր
եւ
Եըլտըզի
աշխարհէն
էր,
որ
յաճախ
կը
մտնէր
կ’ելլէր
ու
կը
յարգուէր
մանաւանդ
Արաբ
Իզզէթէն։
Ոստիկանութեան
նախարարի
առանձնասենեակին
մէջ,
գլուխ
գլխի,
ամբողջ
գիշերը
տեւեց
այս
տեսակցութիւնը,
բացարձակապէս
գաղտնի,
հիւրին
ու
նախարարին
միջեւ։
–
…
պէ՛յ,
կ’ըսէր
Նազըմ
իր
հիւրին,
որ
ծպտեալ
էր
ու
գլխարկ
կը
կրէր,
ռուսական
նաւապետի
գլխարկ
մը,
շնորհակալ
եմ
ձեր
հաղորդած
կարեւոր
տեղեկութիւններէն
եւ
կը
խոստանամ
յիշել
այս
թանկագին
ծառայութիւնը
Վեհ.
Սուլթանին
առջեւ։
–
Ոչի՜նչ
է,
բաշա՛,
ոչի՜նչ,
կը
յարէր
հիւրը,
նախարարին
հիւրը,
պարտականութիւնս
կատարեցի
միայն
եւ
կը
յուսամ
թէ՝
ապագային
աւելի
օգտակար
ծառայութիւններով
պիտի
կրնամ
արդարացնել
ձեր
բարձր
համակրանքը,
որուն
շնորհիւ
կ’ապրիմ
այսօր։
Նազըմ
ներքին
գոհունակութիւն
մը
կը
զգար
հայ
լրտեսի
մը
կեղծաւոր
շողոմութիւններէն։
Դարձաւ
ըսաւ
անոր։
–
…
պէ՛յ,
շնորհակա՜լ
եմ,
Իզմիրլեան
պատրիարքի
գաղտնի
դաւերու
մասին
ձեր
քաղած
տեղեկութիւնները
կը
հաւատամ
թէ
ստոյգ
աղբիւրէ
կը
բղխին,
բայց,
եթէ
վաղը,
բրիտանական
դեսպանատան
կողմէն
դիտողութիւններ
ըլլան,
եթէ
հերքուի
այդ
լուրը,
եւ
եթէ
մենք
ստիպուինք
այդ
մասին
քննութիւն
մը
բանալու,
պիտի
կրնա՞ք
այն
ատեն
մատնանիշ
ընել
ձեր
տեղեկութեան
աղբիւրը,
պիտի
համարձակի՞ք
անունը
տալ
մարդուն,
որ
այդ
կարեւոր
լուրը
հաղորդած
է
ձեզի,
Իզմիրլեանի
նկատմամբ։
–
Անշո՜ւշտ,
բաշա՛,
ըսաւ
հիւրը
քմծիծաղով
մը,
ի՜նչ
ըսել
է,
ես
պատրաստ
եմ
այդ
մարդուն
ականջէն
բռնելու
եւ,
եթէ
հարկ
ըլլայ,
Ձեր
ներկայութեանը
բերելու
զինքը,
բայց,
չե՜մ
կարծեր
թէ
մեծ
դեսպանին
կողմէն
ո՛
եւ
է
դիտողութիւն
ըլլայ,
որովհետեւ
ստոյգ
է
լուրը։
–
Աղէ՛կ,
աղէ՛կ,
յարեց
Նազըմ,
ըսել
է
թէ՝
Հայոց
Պատրիարքը
գործակա՜լ
մըն
է,
բրիտանական
կառավարութեան
գործակա՜լը…։
–
Տեսա՞ք,
դիտել
տուաւ
հիւրը,
ես
չէի՞
ըսեր
թէ՝
այս
ամէն
խառնակութիւնները,
այս
ամէն
ապստամբական
շարժումները,
Իզմիրլեանի
գործ
են։
Չէ՜ք
գիտեր
բաշա՛,
սոսկալի՜
մարդ
է,
գիշերները
գիտէ՞ք
ո՛ւր
կ’անցընէ։
–
Ո՞ւր,
պէ՛յ,
ո՞ւր
կ’անցնէ
գիշերները.
–
Ո՞ւր
պիտի
անցընէ,
շարունակեց
հիւրը,
ընքուիները
վեր
վեր
ընելով,
յեղափոխականնե՜րուն
հետ,
տեսնողնե՜ր
կան
զինքը,
կէս
գիշերէ
ետքը,
Բերայի
մութ
փողոցի
մը
մէկ
անկիւնը,
փայտաշէն
տան
մը
մէջ…։
Նազըմի
մէջ
հետզհետէ
աւելի
կ’արմատանար
Իզմիրլեանի
մասին
արդէն
կազմուած
աննպաստ
կարծիքը։
Իսկ
գլխարկաւոր
պէյը,
կ’ըսէր.
–
Բաշա՛,
բաշա՛,
վաղը
կ’իմանաք,
երբ
որ
անգլիական
նաւատորմիղը
Տարտանելէն
բռնի
ներս
մտնել
փորձէ՝
այդ
նաւատորմիղը
բերել
տուողը
Սըր
Ֆիլիբ
Քըրրի՞ն
կը
կարծէք.
չէ՛,
չէ՛,
Իզմիրլեանի
դրդումո՛վ
է
որ
անոնք
ճամբայ
հանուեցան
դէպի
Միջերկրականի
ջուրերը.
–
Ի՜նչ
կը
կարծէք,
պէ՜յ,
ըսաւ
Նազըմ,
ի՜նչ
կը
հասկնայ,
նաւատորմիղ
ղրկելով
մեր
ջուրերը.
պիտի
կրնա՞յ
նեղուցին
անցքը
բռնադատել.
ասդին
Ռուսիան
մոռցա՞ր…։
Ու
երկուքը
միասին
քրքջալիր
խնդացին։
Առաւօտը
մօտ
էր,
գլխարկաւոր
պէյը,
Նազըմ
բաշայէն
հրաժեշտ
առաւ
ու
բնակարանէն
մեկնեցաւ,
առանց
խանգարելու
բնակիչներուն
քունը։
Հետեւեալ
օրը,
Նազըմ
բաշա
սովորականէն
շատ
ուշ
արթնցաւ,
եւ
առանց
նախաճաշ
ընելու,
մեկնեցաւ
Ոստիկանութեան
Դուռը։
Տնօրէն
Հիւսնի
պէյը
կանուխ
եկած
էր
պաշտօնատունը։
Նախարարը
հարցուց
իրեն
թէ՝
նոյն
գիշերը
քանի՛
բանտարկեալ
խոստովանցուցած
էին,
հասկնալու
համար
թէ՝
քանի՛
Հայեր
ծեծի
ու
խոշտանգումներու
տակ
մեռած
էին…։
Այս
գիշեր
միայն
հինգը
խոստովանցուցինք,
պատասխանեց
Հիւսնի
պէյը,
–
Յետո՞յ,
յարեց
նախարարը,
ուրիշ
ի՞նչ
լուր
կայ.
–
Աղուո՜ր
լուր
մը,
բաշա՛,
ըսաւ
Հիւսնի
շնական
ժպիտով
մը,
նոր
որս
մըն
ալ
բերին,
կախաղանցո՜ւ
մը։
–
Ո՞րը,
ո՞րը,
հարցուց
Նազըմ
անհամբեր
շարժուձեւով
մը։
–
Իւսկիւտարցի՜ն,
ըսաւ
Հիւսնի,
Թորգոմ
է,
ի՛նչ
է,
Հնչակեան
յեղափոխակա՜նը,
Սէրվէթ
պէյին
սպաննի՜չը,
–
Հասկցա՜յ,
սա՛
սա՛,
կրկնեց
Նազըմ,
պեխերը
խառնելով,
–
Բաշա՛,
շարունակեց
Հիւսնի,
ի՜նչ
օգուտ
մէկ
երկուքով,
բոլոր
այդ
կախուողները
պարզ
գործիքնե՜ր
են,
խե՜ղճ
պատանիներ,
որոնք
իրենց
պետին
հրամանովը
շարժած
են,
այնպէս
չէ՞,
բաշա՛,
–
Թո՛ղ
պատժուին
որ
մնացած
միամիտ
պատանիներուն
դաս
ըլլայ,
ըսաւ
Նազըմ,
գարշելինե՜րը,
ելեր
իշխանապետութի՜ւն
կ’երազեն,
Աշխարհի
Խալիֆային
դէ՜մ
ելեր
կը
հաչե՜ն,
ապերախտնե՜ր…
–
Բաշա՛,
ներեցէ՛ք,
ես
այդ
տգէտ
տղաքներուն
վրայ
կը
խղճամ.
ա՜խ,
ատոնց
խրատտուները,
դրդիչնե՜րը
ձեռք
անցընելու
էր
որ
հասկնային
թէ՝
ի՛նչպէս
կ’ըլլայ
Ցոյցը…։
Իզմիրլեան
պատրիա՜րքը
կախելու
էր
Կամուրջին
վրայ…,
այն
ատե՛ն
սիրտս
կը
պաղշկէր…։
Նոյն
պահուն
բարապանի
մը
հասակը
գծուեցաւ
նախարարի
սենեակի
դուռին
առջեւ։
Հիւսնի
պէյը
բարապանին
մօտենալով.
–
Ի՞նչ
կ’ուզես,
հարցուց.
–
Պէ՛յ
էֆէնտի,
պատասխանեց
բարապանը,
վարը
սեւեր
հագած
աղջիկ
մը
կը
սպասէ,
նախարար
բաշա՛ն
կ’ուզէ
տեսնել.
–
Ի՞նչ
կ’ուզէ,
հարցուց
Հիւսնի,
չըսա՞ւ
քեզի,
–
Ո՛չ,
յարեց
բարապանը,
նախարար
բաշա՛ն
տեսնել
կ’ուզեմ
ըսաւ։
Նախարարը
հրամայեց
որ
իր
քովը
բերուի
սեւեր
հագած
աղջիկը։
Բարապանը
վար
իջաւ,
մէկ
վայրկեան
ետքը
Հիւսնի
պէյը
դուրս
ելաւ
նախարարի
սենեակէն։
Նազըմ
սենեակին
մէջ
ման
կուգար,
երբ
բարապանը,
ետին
ձգած՝
սեւեր
հագած
անծանօթ
աղջիկը,
եկաւ
դուռին
առջեւ
կեցաւ։
–
Ներս
թո՛ղ
մտնէ,
հրամայեց
նախարարը։
Բարապանը
հեռացաւ,
եւ
աղջիկը
ներս
մտաւ։
Ցոյցին
առաջին
օրը,
Սեպտեմբեր
18ի
երկուշաբթին,
Ոստիկանութեան
նախարարի
թիկնապահ
Սէրվէթ
պէյի
սպաննութեան
վրայ,
ցուցարարներու
խուռն
բազմութեան
մէջէն
անմիջական
ձերբակալումներ
կատարուած
էին։
Ձերբակալուածներուն
մէջ
կը
գտնուէր
նաեւ
Պ.
Թորգոմ,
ան
որ
Ապտիւլ
Համիտի
գահակալութեան
տարեդարձին
գիշերը,
Գում
Գաբուի
մայր
տաճարին
մէջ,
Ներսէս
Վարժապետեան
պատրիարքի
գերեզմանին
վրայ
ուխտ
ըրած
էր
իր
նշանածին՝
Օր.
Է.
Փ.
ի
հետ,
չամուսնանալ,
մինչեւ
որ
Հայրենիքը
չազատագրուէր
Բռնակալի
անարգ
լուծէն։
Եւ
այս
ուխտեալ
յեղափոխականը,
Պ.
Թորգոմ,
մահուան
դատապարտուած,
հետեւեալ
օրը
պիտի
կախաղան
հանուէր
Գարաքէօյի
կամուրջին
վրայ։
Ո՞վ
էր
սակայն
սեւեր
հագած
աղջիկը
որ
Նազըմ
բաշային
սենեակէն
ներս
մտաւ.
ինչո՞ւ
եկած
էր
հոն,
եւ
ի՞նչ
նպատակով։
Սեւեր
հագած
աղջիկը՝
նոյնինքն
Օր.
Էօժէնի՛ն
էր,
Պ.
Թորգոմի
նշանածը,
ան
որ
իր
սիրականի
զէնքերուն
վրայ
երդում
ըրած
էր
մինչեւ
ցմահ
հաւատարիմ
մնալ
անոր,
եւ
չամուսնանալ
մինչեւ
որ
Հայրենիքը
չազատագրուէր։
Ու
հիմա,
իմացած
ըլլալով
իր
սրտի
հատորին
մահուան
դատապարտութեան
բօթը,
ամէն
վտանգի,
մինչեւ
իսկ
մահուան
դէմ
մաքառելու
վճռական
որոշումով
կուգար
Ոստիկանութեան
նախարարին
քով,
գերագոյն
ճիգով
մը,
փրկելու
իր
սիրականը,
որ
հետեւեալ
օրը
պիտի
կախուէր…
–
Ի՞նչ
կ’ուզէք,
օրիո՛րդ,
հարցուց
Նազըմ,
սեւեր
հագած
աղջկան,
որ
ոտքի
վրայ
կեցած,
արցունքոտ
աչքերով,
կը
հեծկլտար,
–
Կ’աղաչեմ,
բաշա՛,
կը
պաղատէր
օրիորդը,
մէ՛կ
վայրկեան
շնորհեցէք
ինծի,
երթա՜մ
բանտը,
գոնէ
մէ՛կ
անգամ,
վերջի՜ն
անգամ,
երե՜սը
տեսնեմ…։
–
Եկէ՛ք
նայիմ,
մօտեցէ՛ք,
ըսաւ
նախարարը,
առաջ
եկէ՛ք,
անգամ
մըն
ալ
ըսէ՛ք,
որո՞ւ
երեսը
կ’ուզէք
տեսնել.
եկէ՛ք,
եկէ՛ք,
մի՛
քաշուիք,
քովս
եկէ՛ք
նստեցէ՛ք,
օրիո՛րդ…
Էօժէնի
կուլար
ու
աչքերը
կը
խեղդուէին
արցունքներու
մէջ,
որոնք
հեղեղօրէն
կը
հոսէին
ու
կ’այրէին
իր
թարմ
այտերը։
–
Օրիո՛րդ,
կը
կրկնէր
Նազըմ,
ինծի
նայեցէ՛ք,
խօսեցէ՛ք,
համարձակ
խօսեցէ՛ք,
ըսէ՛ք
ինծի,
որո՛ւ
երեսը
կ’ուզէք
տեսնել.
մի՛
քաշուիք,
յայտնեցէ՛ք.
Սակայն
Էօժէնի
կուլար
միշտ
ու
իր
երկու
փափուկ
ձեռքերով
կը
ծածկէր
իր
դէմքը,
որ,
այն
պահուն,
դալկահար,
աշնանային
վերջալոյսի
մը
մելամաղձոտ
անուշութիւնը
կը
բուրէր։
–
Բաշա՛,
ըսաւ
Էօժէնի,
իր
արտասուահեղձ
աչքերը
սրբելով
սեւ
գիծով
մը
շրջանակուած
մետաքսի
թաշկինակովը,
ի՜նչ
կ’ըլլայ,
գոնէ
մէ՛կ
րոպէ
տեսնեմ
երեսը…
–
Շա՛տ
լաւ,
օրիո՛րդ,
անունը
տուէ՛ք,
որո՞ւ
երեսը
տեսնել
կ’ուզէք,
մի՛
լաք,
ըսէ՛ք
որ
արտօնեմ։
Վշտակոծ
Հայուհին
վայրկենապէս
յոյսի
նոր
նշոյլի
մը
շողալը
զգաց
իր
վէրքոտ
սրտի
արիւնոտ
ծալքերուն
մէջ։
Մօտեցաւ
նախարարին.
–
Բաշա՛,
ըսաւ,
երեսը
տեսնել
կ’ուզեմ
այն
դժբաղդ
երիտասարդին
որ
վաղը,
մթնշաղին,
Կամուրջին
գլուխը
պիտի…
Վերջին
վանկը
բերնին
մէջ,
Էօժէնի
նուաղած
ինկաւ
նախարարին
ոտքը։
Նազըմ,
համիտեան
ոճիրներու
դպրոցին
մէջ
սնած
թէեւ
ու
վարժուած՝
այդպիսի
տեսարաններու,
սակայն,
նոյն
պահուն,
յուսահատ
Հայուհիի
մը
վիշտին
առջեւ
զինաթափ,
իր
կուրծքին
տակ
բաբախիլը
կը
զգար
միսէ
քսակին,
որ
իր
ոստիկանութեան
նախարարի
սիրտը
պիտի
ըլլար։
Ոտքի
ելաւ,
մօտեցաւ
նուաղած
աղջկան,
որ
անթարթ
յառած
աչքերո՛վը
կը
խօսէր
միայն,
բռնեց
ձեռքէն,
որ
սառած
էր,
եւ
ջանաց
սթափեցնել
զէնի,
ականջին
մրմնջելով.
–
Օրիո՛րդ,
օրիո՛րդ,
ոտքի
ելէ՛ք,
ոտքի՜,
ե՛ս
եմ,
ե՜ս։
Քանի
մը
վայրկեան
նուաղումէ
ետքը,
Էօժէնի
սթափեցաւ,
ոտքի
ելաւ,
ինքզինք
դարձեալ
նախարարին
հետ
առանձին
գտնելով,
սկսաւ
կամաց
կամաց
վերյիշել
նախընթաց
պարագաները։
–
Օրիո՛րդ,
կը
կրկնէր
Նազըմ,
այս
անգամ
աւելի
խանդաղատանքի
հետ
խառնուած
արգահատանքի
շեշտ
մը
դնելով
ձայնին
մէջ,
օրիո՛րդ,
կ’արտօնեմ,
հոգ
չէ՛,
կրնաք
երթալ
տեսակցիլ
այդ
բանտարկեալին
հետ,
բայց
կրնա՞ք
ինծի
ըսել,
դուք
անոր
ի՞նչը
կ’ըլլաք…։
–
Քո՜յրը,
քո՜յրը,
բաշա՛,
մրմնջեց
աղջիկը,
հեծկլտանքներու
մէջ
խեղդուող
մորմոքիչ
ձայնով
մը։
Նախարարը
յուզուեցաւ,
չուզեց
աւելի
առաջ
տանիլ
իր
հետաքրքրութիւնը։
Դարձաւ
ըսաւ
անոր.
–
Օրիո՛րդ,
հիմա
ցերեկ
է,
բանտին
դուռը
խռնուած
է
այցելուներու
բազմութիւնը.
գացէ՛ք
հիմակ,
իրիկուան
դէմ,
երբ
ամէն
մարդ
քաշուի,
վերադարձէ՛ք,
չը՞լլար…։
Էօժէնի
գլուխը
ծռեց,
դժկամակ
համակերպութեան
շարժուձեւով
մը։
Յետոյ,
նախարարը,
գուշակելով
Հայուհիին
կրած
ներքին
խռովքը,
դիմագծերուն
առած
տրտում
արտայայտութենէն,
ուզեց
վստահութիւն
ներշնչել,
ուստի
կանչեց
բարապանը,
որ
դուրսը
կը
կենար.
–
Րէշի՛տ
աղա,
ըսաւ
հրամայական
շեշտով
մը,
ինծի
նայէ՛,
այս
օրիորդը
հիմա
պիտի
մեկնի,
իրիկուան
դէմ
պիտի
վերադառնայ.
հետդ
ա՛ռ
զինքը,
գնա՛
բանտի
տնօրէնին
իմ
կողմէս
պատուիրէ՛
որ
արտօնութիւն
տայ
իրեն,
տեսակցելու
բանտարկեալներէն
Սկիւտարցի…
–
Ի՞նչ
էր
անունը,
օրիո՛րդ,
հարցուց
Նազըմ.
–
Թորգո՜մ,
Թորգոմ,
բաշա՛,
յարեց
օրիորդը.
–
Հա՛,
Թորգո՜մ,
շարունակեց
նախարարը,
միշտ
բարապան
Րէշիտ
աղային
նայելով,
այո՛,
Թորգոմին
հետ
պիտի
տեսակցի,
հասկցա՞ր,
հիմա
կ’երթաս
կը
պատուիրես
տնօրէնին,
չըլլա՛յ
թէ
արգելք
ըլլան։
Յետոյ,
դառնալով
Էօժէնիի,
–
Օրիո՛րդ,
ըսաւ
Նազըմ
ժպտելով,
կրնաք
կէս
ժամէն
աւելի
տեսակցիլ.
հերիք
չէ՞,
–
Շնորհակա՜լ
եմ,
բաշա՛,
շնորհակա՜լ
եմ
կրկնեց
Էօժէնի,
կը
խնդրեմ
որ
դժուարութիւններ
չը
յարուցուին,
–
Ո՛չ,
ոչ,
կրկնեց
Նազըմ,
կեղծաւոր
ու
փաղաքշոտ
ձեւերով,
օրիո՛րդ,
վստահ
կրնաք
ըլլալ,
ո՛
եւ
է
խոչընդոտի
չէ՜ք
հանդիպիր,
իրիկուան
դէմ,
մութը
չը
կոխած,
ուղղակի
Մէհտէրխանէն
պիտի
երթաք,
դատապարտուածներուն
զնտանը,
հո՛ն
է
հիմա
ձեր
եղբայրը.
մէկ
քանի
օրէ
ի
վեր
հո՛ն
է
փոխադրուեր։
Ու
իր
այցաքարդը
տուաւ
անոր,
որպէս
զի
ներկայացնէ
զայն
տնօրէնին։
Էօժէնի
գլուխը
հակելով
ի
նշան
յարգանքի,
ոստիկանութեան
նախարարի
սենեակէն
դուրս
ելաւ,
արագ
արագ
վար
իջաւ
սանդուխներէն,
տրտում,
գողունի
նայուածք
մը
նետեց
բանտին
կողմը.
յետոյ,
առանց
այլ
եւս
բոլորտիքը
նայելու,
հեռացաւ։
Իսկ
Թորգոմ,
մէկ
քանի
օր
առաջ
Մէհտէրխանէն
փոխադրուած,
կը
սպասէր
իր
վճիռին
գործադրութիւնը,
թէեւ
տեղեկութիւն
չունէր
թէ
հետեւեալ
օրը
կախաղան
պիտի
առաջնորդուէր
ինք։
Սովորականէն
շատ
աւելի
զուարթ.
տեսակ
տեսակ
կատակներ
կ’ընէր
իր
բաղդակից
ընկերներուն
հետ,
որոնք
նոյնպէս
չէին
գիտեր
թէ
վաղը
պիտի
կախաղան
հանուէր
ան։