Ժ.
Մինչդեռ
Եըլտըզի
մէջ
արտասովոր
նիստեր
կը
գումարուէին
եւ
Բ.
Դրան
ու
Գում
գաբուի
Պատրիարքարանին
միջեւ
անընդհատ
բանակցութիւններ
կը
կատարուէին,
մայր
եկեղեցի
ապաստանած
Հայերը
ցրուել
տալու
մտօք,
անդին,
Լոնտոնի
մէջ,
Հնչակեան
Կուսակցութեան
Կեդրոնը,
թիւ
16ի
Հնչակի
Յաւելուածին
մէջ
յայտարարութիւն
մը
հրապարակ
կը
նետէր
հետեւեալ
իմաստով.
Երէկ,
Սեպտեմբեր
18ին,
մեծ
ու
պատմական
դէպք
մը
տեղի
ունեցաւ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ,
արիւնահեղ
Մեծ
Ցոյց
մը,
Հնչակեան
Յեղափոխական
Կուսակցութեան
նախաձեռնութեամբ,
առաջնորդութեամբ
եւ
գործադրութեամբը։
Ահա՛
երկրորդ
անգամ,
Բիւզանդիոնի
երկինքին
տակ,
Վոսփորի
ափերը,
համիտական
Բռնակալութեան
գլխուն,
ահաւոր
դղրդիւնով
մը
կը
պայթի
յեղափոխական
շարժումը,
եւ
հայ
արիւնը
կրկին
անգամ
կը
հոսի
սուլթանանիստ
մայրաքաղաքին
մէջ։
Ահա՛
երկրորդ
անգամ,
հնչակեան
դրօշին
տակ,
Կ.
Պոլսոյ
հնչակեան
խումբերը,
իրենց
հետ
ունենալով
հայ
ժողովուրդը,
ինչպէս
նաեւ
աչքի
առաջ
ունենալով
ամէն
վտանգ
ու
սարսափ,
կը
դիմեն
դէպի
յեղափոխական
ընդհանուր
Ցոյցը,
եւ
բովանդակ
աշխարհի
երեսին
կ’արձակեն
հայ
ժողովուրդի
թշուառութեան
աղաղակը,
կը
թնդացնեն
անոր
իրաւունքին
ու
պահանջումներուն
խրոխտ
ձայնը։
Ահա՛
երկրորդ
անգամ,
հնչակեան
կարմիր
դրօշակին
տակ
համախմբուած,
հայ
ժողովուրդը
Կ.
Պոլսոյ
մէջ,
լիաթոք
կ’աղաղակէ.
–
Կեցցէ՛
Յեղափոխութիւնը,
կեցցէ՛
Ազատութիւնը…։
Ամէն
ժամանակներէ
աւելի,
հիմա՛կ
է
որ
հայ
յեղափոխականներս,
Հնչակեաններս,
եւ
մեզի
հետ
հայ
ժողովուրդը,
աւելի
ուժգին
կերպով
բարձրացնենք
մեր
ձայնը
Եւրոպայի
առջեւ,
ժողովրդային
մեծ
ու
վճռական
Ցոյցով
մը,
նոյն
իսկ
Հայութեան
դահճապետի
մայրաքաղաքին
մէջ։
Հիմակ
է
ժամանակը
բռնի
կերպով
հասկցնելու
Եւրոպայի
թէ՝
այսքան
երկար
տարիներու
ընթացքում
ո՛րքան
իրաւունք
ունի
Հնչակեան
յեղափոխական
կուսակցութիւնը,
եւ
իրեն
հետ
հայ
ժողովուրդը,
երբ
ամէն
կերպով,
ամէն
եռանդով,
չը
խնայելով
մինչեւ
իսկ
իրենց
արիւնն
ու
կեանքը,
ջանք
թափեր
են,
կը
թափեն
միշտ
եւ
կը
շարունակեն
թափել
ազատուելու
համար
հայկական
իրականութեան
դժոխքէն,
որուն,
Անգլիոյ
թագուհիէն
եւ
լորտ
Սօլզպըրիէն,
Կլատսթոնէն
ու
Լորտ
Րօզպըրիէն
սկսեալ
մինչեւ
Եւրոպայի
պարզ
հրապարակագիրն
ու
թղթակիցը,
մէ՛կ
անուն
միայն
կրնան
տալ,
Սարսա՜փ…։
Ճիշդ
ժամանակը
հիմա՛
էր,
որ
Հնչակեան
կուսակցութիւնը,
իբրեւ
Հայ
ժողովուրդի
ներկայացուցիչ
եւ
անոր
ձգտումներուն
արտայայտիչ,
իբրեւ
Հայ
յեղափոխական
կազմակերպուած
մարմին,
պէտք
է
ներկայ
ծանր
տագնապին
մէջ,
յեղափոխական
ցոյցով
մը,
նոյն
իսկ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
ու
Սուլթանին
դիմացը,
բարձրացնէր
իր
ձայնը,
Եւրոպայէն
պահանջէր
շուտափոյթ
ու
բաւարար
լուծում
տալու
հայկական
խնդիրին
եւ
ներկայացնէր
հայ
ժողովուրդին
տնտեսական
պէտքերն
ու
քաղաքական
անմիջական
նուազագոյն
պահանջումները։
Ազատագրուած
Հայաստան
ու
Կիլիկիա,
ժողովրդային
ընդարձակ
ինքնավարութեամբ
մը,
ընդհանուր
եւ
ուղղակի
քուէարկութեան
իրաւունքով
եւ
քաղաքական
կատարեալ
ազատութիւններով։
Ճիշդ
հիմա՛
էր
ժամանակը,
որ
Հնչակեան
Կուսակցութիւնը,
հայ
ժողովուրդին
հետ
միասին,
յեղափոխական
Ցոյցով
մը
յայտարարէր
թէ՝
ինքը
մղած
է,
կը
մղէ
եւ
պատրաստ
է
մինչեւ
վերջին
շունչը՝
աւելի
խստութեամբ
մղել
սուրբ
Կռիւը
Համիտի
վանդալ
տէրութեան
դէմ,
անհաշտ,
ըմբոստ
եւ
ապստամբ,
ինչպէս
նաեւ
արդար
կռիւը,
մինչեւ
որ
հասնի
իր
մեծ
նպատակին։
Հնչակեան
Կուսակցութիւնը,
ինչպէս
մինչեւ
այսօր,
այսուհե՛տեւ
ալ
պատրաստ
ու
կազմ
կ’ըլլայ
միշտ
իր
կռուի
տեղը։
Բիրտ
Ոյժը
պէ՛տք
է
վերջապէս
խոնարհի
Իրաւունքին
առջեւ։
Յառա՜ջ,
Հայ
եղբայրնե՛ր,
բարբարոսները
մեզ
կը
ջարդեն,
աւազակնե՛րը
մեզ
կը
կառավարեն,
բայց
մենք
ալ
վճռականօրէն
գործե՛նք
զանոնք
աւլել
սրբելու
համար
մեր
կեանքի
ասպարէզէն,
որ
անոնք
մեր
գլխուն
վրայ
նստեր
են
կուռքի
մը
պէս
եւ
կը
ստիպեն
ուր
լիզենք
իրենց
չարըխնե՜րը…։
Յառա՜ջ,
նոր
ժամանակնե՛ր
հասած
են,
եւ
Հայը
ա՛լ
ստրուկ
չէ՛։
Մեր
ձեռքին
մէ՛ջ
է
այսօր
մեր
ճակատագիրը,
եւ
վաղը
մե՛նք
կ’ըլլանք
անոր
տէրը,
մեր
ձեռքին
մէջ
է
այսօր
մեր
ապագան,
եւ
մենք
զայն
կ’ընենք
բարեբաղդ։
Մեր
ձեռքն
է
այսօր
պարտադրել
Եւրոպան՝
բաւարար
լուծում
մը
տալու
Հայկական
Խնդիրին,
եւ
մենք
կ’ընենք
զայն։
Մենք
պատրաստ
ենք
եւ
ի
գործ
կը
դնենք
աւելի
ընդարձակ
շարժումներ։
Ապստամբութեան
հեղեղները
կը
վազեն,
եւ
թշուառութիւնը
կը
լուան
Հայաստանի
ու
Կիլիկիոյ
երեսէն,
եւ
իրենց
կատաղի
յորձանքներուն
մէջ
կը
խեղդեն
մեր
թշնամիները
եւ
Արհաւիրքի
միջոցին
վեր
կը
բարձրացնեն
Ազատութեան
Դրօշը,
աւետելով
Հայութեան
փրկութիւնը։
Հայ
ժողովուրդը,
այս
եօթութ
տարիներէ
ի
վեր
ծանրածանր
չարչարանքի
ու
թշուառութեան,
եւ
արեան
ու
յեղափոխական
տագնապի
մէջէն
մարտնչումով
մը
քալելով
անցնելով,
վերջապէս
հրեղէն
տառերով
կ’արձանագրէ
պատմութեան
էջերուն
մէջ
իր
ազատութիւնը։
Հա՛յն
է
միայն
Հայուն
փրկիչը,
իր
սեփական
ազատարարը
եւ
ի՛նքը
պէտք
է
ըլլայ
իր
տէրը։
Հիմա
մենք
կը
գտնուինք
մեր
յաղթութեան
նախընթաց
օրը։
Արեւելքը
հրդեհի
մէջ
է,
կը
վառի։
Ազատութեան
հնչա՛կը
կը
հնչէ։
Ա՛լ
դադար
չը
կայ
մեր
կռուին
մէջ,
ո՛չ
ալ
սպասում։
Կամ
այսօր,
կամ
երբէ՛ք…։
Կեցցէ՛
18
Սեպտեմբերի
Ցոյցը.
Կեցցեն
Հայ
ժողովուրդն
ու
Հայաստանը.
Կեցցե՛ն
Յեղափոխութիւնն
ու
Ազատութիւնը.
Կեցցէ՛
Հնչակեան
Կուսակցութիւնը։
Անկցի՛
Բռնապետութիւնը…։»
Այս
ցնցող
ու
մարտաշունչ
յայտարարութեան
թարգմանուած
պատճէնը
նոյնութեամբ
Եըլտըզ
հեռագրուած
որ
Լոնտոնի
օսմանեան
դեսպանատան
կողմէն։
Նախարարները
պալատ
կանչուեցան
եւ
մինչեւ
կէս
գիշեր
ժողովք
ըրին։
Միւս
կողմէ,
մեծ
դեսպանները
ժողովք
կ’ընէին
Թարապիա,
օրուան
կացութեան
վրայ
խորհրդակցելու
եւ
իրենց
ընթացքը
ճշդելու
համար։
Պատրիարքարանի
մէջ
կը
գումարուէին
Կրօն.
եւ
Քաղաք.
Ժողովները,
Եըլտըզի
եւ
Բ.
Դրան
կողմէն
հաղորդուած
հրամաններուն
վրայ։
Հազարաւոր
Հայեր
Բերայի,
Ղալաթիոյ
ու
Գում
Գաբուի
եկեղեցիները
կը
մնան
տակաւին։
Թէ՛
Պոլիս
եւ
թէ՛
Ղալաթիա,
խանութները
փակուած
էին
մեծ
մասով։
Հայ
ժողովուրդը,
մահուան
պատրաստութիւններու
մէջ,
խումբ
խումբ
կը
հաղորդուէր։
Սարսափը
կը
սաւառնէր
մայրաքաղաքին
բնակչութեան
գլխուն
վերեւ
առ
հասարակ։
Երբէք
չէ՛ր
տեսնուած
ա՛յսքան
տագնապալի
կացութիւն։
Եւ
սակայն
հայ
ժողովուրդը,
հակառակ
իր
տուած
հարիւրաւոր
զոհերուն,
ցնծումի
մէջ
էր։
Մայրաքաղաքի
բնակչութեան
միւս
տարրերը,
հրեայ,
յոյն,
եւրոպացի,
ամէնքն
ալ
արտակարգ
համակրանքով
մը
կը
դիտէին
Հայերուն
մարտիրոսութիւնը։