Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԶ.

Հայկական Բարենորոգումներու կայսերական իրատէն հրատարակուելէ ետքը, Հայաստանի Ընդհանուր Ջարդերը սկսած էին երեւան գալ զանազան կէտերու վրայ, գրեթէ միեւնոյն ժամանակ։

Ապտիւլ Համիտ իր ուխտը կը կատարէր, Հայ Արիւնին մէջ խեղդելու Հայ Դատը։

Մեծ դեսպաններուն միջամտութիւնը, լոկ դիւանագիտական ցուրտ ու կեղծաւոր բնաւորութեամբը, չէր կրնար բնականաբար երկիւղ ազդել Կարմիր Սուլթանին, որ Եղեռնի Ծովուն մէջ ինքզինք անգամ մը նետած, կը լողար ու կը թաւալէր, անմեղներու արիւնը խմելով կը գինովնար, կը մոլեգնէր։

Այդ միջամտութիւն ըսուածը՝ մէ՛կ օգուտ միայն ունեցած էր, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, եկեղեցիներուն մէջ ապաստանած քանի մը հարիւր Հայեր կրցած էին դուրս ելլել ձեռքերնին մէկ մէկ դեսպանական քառթ ունենալով։ Ահա՛ բոլորը։

Բայց այդ քառթերը, որոնք քանի մը կեանքեր կրցած էին փրկել, յետոյ շատ աղետաբեր պիտի ըլլային եկեղեցիներէն նոր դուրս ելած ապաստանեալներուն համար, պատրուակ ծառայելով չարաշահ ոստիկանութեան ձեռքը։

Դեսպաններուն քառթերը՝ վաւերական վկայագիրներ համարուեցան, յեղափոխականներուն ձեռքը։ Նազըմ բաշայի կանխորոշ կարգադրութեան եւ հրահանգներուն համաձայն, ոստիկանները միտքերնին կը պահէին բոլոր այն ապաստանեալները, որոնց ձեռքը դեսպանական քառթ մը կը գտնէին, որպէս զի յետոյ մէկիկ մէկիկ ձերբակալէին զանոնք եւ առաջնորդէին Կեդրոնական Բանտը, որ արդէն լեցուած էր Հայերով։

Մայրաքաղաքին մէջ, ձերբակալումները կը յաջորդէին իրարու, իսկ անդին, Հայաստանի խորերը, զանազան կէտերու վրայ, Ընդհանուր Ջարդերը կը տարուէին առաջ։

Հեռագիրները կը գուժէին աշխարհի ամէն կողմերը, Հայկական Կարմիր Ջրհեղեղը։

Եըլտըզի մէջ ոգեւորութիւնը մեծ էր, հեռագրատունը կը բանէր գիշեր ցերեկ։

Ապտիւլ Համիտ հոն էր, ոտքի վրայ, հեռագրի գլուխը։

Պատէն կախուած Քիբերդի աշխարհացոյց քարտէս մը կար, Ասիական Թուրքիոյ քարտէսը որուն վրայ, կախուած, Հիւնքեարը կարմիր կէտ մը կը դնէր գիւղին, քաղաքին վրայ, որ դատապարտուած էր, եւ ուր անհրաժեշտօրէն պիտի գործադրուէր կայսերական… Ջարդերու Իրատէն։

Հեռագիրը կը փոխադրէր իրատէն վայրկենապէս։

Ու քիչ յետոյ, Ջարդերու կարմիր շրջանակին մէջ առնուած կեդրոններէն կը հասնէր հեռագիրը. Սայէի՛ շահանէտէ Ասայիշ պէր քէմալ տըր. որ Համիտ լեզուով կը նշանակէր. Շնորհիւ կայսերական վեհափառութեան ջարդը կատարուեցաւ…։

Այսպէս, շարունակ երեք ամիս, Հայաստանի հոծ ու կարեւոր կեդրոնները, ուր մայիսեան համբաւաւոր բարենորոգումները պիտի գործադրուէին, աննախընթաց ոճիրներու արիւնոտ թատրը ներկայացան։

Երեք ամիս անընդհատօրէն, ջարդուեցան Հայերը, բռնաբարուեցան Հայուհիները, թալլուեցան շուկաները, հրդեհուեցան տուները, պղծուեցան վանքերն ու եկեղեցիները, եւ սակայն Կարմիր Սուլթանը չը կշտացաւ…։

Դահճապե՜տը, վստահ էր, կանխաւ ապահովութիւններ առած էր, գիտէր թէ պիտի կրնար անպատիժ գործադրել տալ իրատէն, ժամ առաջ լուծելու, խեղդելու համար իր կեանքը թունաւորող դատը, որ կը կոչուէր Հայկական Խնդիր…։ Մէկ կողմէ, Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարար Լոպանօֆի բացարձակ յայտարարութիւնը կար. Հայաստան առանց Հայու։

Միւս կողմէ, իր Օգոստափառ Եղբայրը, Տեւտոնի Երկաթի Թագին Տէրը կար, որ յետոյ, Ս. Երկիրի Ուխտաւոր, պիտի երթար, Սալահէտտինի գերեզմանին վրայ պիտի կատարէր իր հանդիսաւոր Ուխտը, Իսլամին ու Գերմանին եղբայրակցութիւնը…։

Եւ Հայաստանը պիտի ամայանար, պիտի պարպուէր իր բնիկներէն, որպէս զի հոն խուժէին Գերմանիոյ յարաճուն գաղթականութեան սովալլուկ վոհմակները, եւ տեղաւորուէին աւերակներուն վրայ։

Արդեօք ապագայի պատմիչ մը, որ անտարակոյս զերծ պիտի ըլլայ կանխակալ կարծիքներէ, ի՞նչպէս պիտի մեկնաբանէ Հայկական մարտիրոսութիւնը, արդեօք իր զաւակներուն արիւնով իր պապերուն հողը ներկող այս դժբաղդ, այս հալածուած, այս չարչարուած, այս յօշոտուած Ցեղին բնաջնջումին մէջ չպիտի՞ գտնէ Պաղտատի երկաթուղիին նախագի՜ծը…։

Ապտիւլ Համիտ, իր երկրին արտաքին քաղաքականութեան ղեկավարը, կամ այսպէս ըսենք, իր կայսրութեան արտաքին գործերու նախարարը, լրախաղացի մը ճարպիկութեամբ գիտէր դիւանագիտութեան ամէն խաղերուն մէջէն ելլել առանց վտանգի, լո՛կ բառով, զոր խոստումով մը, գործադրութիւնը թողլով անորոշ ժամանակներու։ Խաբեբայութեան, նենգութեան ու կեղծիքի դպրոցէն, մասնագէտ ընթացաւարտ, մերթ Անգլիոյ կողմը կը հակէր, մերթ Ռուսիոյ, միշտ պահելով սակայն իր հաւասարակշռութիւնը, շնորհիւ անխախտ, անջնջելի բարեկամութեան, զոր կնքած էր իր Վեհափառ Եղբօր, Վիլհէլմ Բ. ի հետ։ Եւրոպական միւս մեծ տէրութիւնները բան մը չէին արժեր իր աչքին, ասոնք իրենց ներքին հոգերը, ներքին վէրքերը ունէին, եւ իրենց առտնին պառակտումներուն մէջ կը թապլտկէին. էականը, կենսականը, անհրաժեշտը՝ միշտ օգտուիլ էր Եւրոպական Համաձայնութիւն ըսուած ընդդիմամարտ շահերու բաղադրութենէն։ Ուստի, իր բոլոր ոյժը, բոլոր տաղանդը կը կեդրոնացնէր երկպառակութեան որոմներ ցանելու տէրութիւններուն մէջ, զանոնք իրարու դէմ հանելու, որպէս զի մոռնային զինքը, աչք գոցէին իր… ոճիրներուն։

Եւրոպան, շնական անգթութեամբ մը, լո՛կ իր շահերուն վրայ հիմնուած Դիւանագիտութեան շէնքին բարձունքէն, կը դիտէր Արեւելքի Հրդէհը, որ Արիւնի Ջրհեղեղո՛վ մը միայն պիտի կարելի ըլլար մարել։

Արեւելքը բռնկած էր։ Արեւելեան Խնդիրը, Հայկական Յեղափոխութեան գործունէութեան ուժովը, հրատապ հանգամանք մը կը ստանար, եւ կը սպառնար Արեւմուտքին։ Այդ Հրդէհը կրնար ծաւալիլ ու խօլ արշաւանքով մը, շուտով անցնիլ Ասիայէն Եւրոպա։

Աւատօլուն չէ՛ր միայն, Ռումէլի՛ն ալ կրակի մէջ էր, անդին Հայաստանը, ասդին Մակեդոնիան, անդին Եէմէ՜նը, ասդին Ալպանիան, անդին Տիւրզիները, ասդին Կրետէն. Բովանդակ կայսրութիւնը կը տատանէր…։

Ցնցումը խորունկ խաւերէն կուգար, ժողովուրդները, բռնապետութեան երկաթի մականին ներքեւ ա՛լ ապրելու անկարող, կը խլրտէին։ Ընդվզումը ծայր տուած էր ամէն կողմէն։

Թուրքիան Դժոխք մըն էր…։

Ապստամբութիւնը՝ սրբազան պարտականութիւն մը կը դաւանուէր հարստահարուող միլիոնաւոր ժողովուրդներէն։

Սակայն Բռնաւորը, Ազգերուն Դահիճը, Եըլտըզի հարէմին մէջ խենէշացած Հրէշը, կը խնդար, կը ծիծաղէր ամէնո՛ւն ալ վրայ, որովհետեւ Եւրոպայի Մեծ Տէրութիւնները Մեծ Անզօրութիւններ էին, ինչպէս ըսած էր Ռօշֆօրի Էնթրանսիժանը…։

Հայկական Սպանդին մանրամասնութիւնները կը հասնէին եւրոպական Մամուլին, եւ արեւմուտքի ժողովուրդներուն զայրոյթը կը ծառանար Արեւելքի միակ քաղաքակիրթ ժողովուրդի Կոտորիչ, նոր դարերու Ներոնին դէմ։

Եւրոպայի մէջ, հրապարակներու վրայ, հանրային հաւաքոյթներ, զբօսարաններու մէջ՝ ցուցադրուած Ջարդի Պատկերներ, օրաթերթերու մէջ՝ բուռն յօդուածներ, պատկերազարդ պարբերականներու մէջ՝ արիւնոտ տռամներու, խմբովին ջարդերու, հրդէհներու, թալաններու, բռնաբարումներու եւ աներեւակայելի խժդժանքներու ցնցող նկարներ…։

Տիեզերական Խիղճը կ’արթննար, ժողովուրդները կ’աղաղակէին. - «Մարդասպա՜նը, Թագակիր Մարդասպա՜նը, պէտք է պատժել. Անարգ Սիւնին պէտք է գամուի այդ Մեծ Ոճրագո՜րծը…»։

Եւ սակայն մեծ ու փոքր տէրութիւնները, որոնք յոխորտանքով մը հռչակած էին իրենք զիրենք Քաղաքակրթութեան Ներկայացուցիչ, Քրիստոնէութեան բնական պաշտպան, Արդարութեան ախոյեան եւ հարստահարուած ժողովուրդներու իրաւարար, հիմա, Հայկական Սպանդէն ետքը, մէկիկ մէկիկ կը քաշուէին, կը հրաժարէին իրենց նախկին պնդումներէն եւ իւրաքանչիւրը կը ջանար, գաղտագողի, ձեռքի տակէ, նոր մենաշնորհ մը, նոր արտօնութիւն մը կորզել արիւնկզակ Սուլթանին ձեռքէն, իր մէկ հպատակին համար, որ Արեւելքը կողոպտելու համար Արեւմուտքէն մեկնած էր.

Ճիշդ այդ Արիւնոտ Թուականէ՛ն է որ կը սկսի գերմանական գաղթային հոսանք մը, Փոքր Ասիոյ, Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի կողմերը. ճիշդ այդ սեւ տարիէն ի վեր է որ գերմանական ապրանքներով կը սկսի ողողուիլ Թուրքիոյ հրապարա՜կը…։

Ու այդ Սեւ Թուականէ՛ն կը սկսի Թուրքիոյ գործերուն վրայ նուազումը բրիտանական ազդեցութեան, տեղի տալով գերմանականին, որ ա՛լ կը շեշտուէր ու իր գերակշիռ դիրքը կ’ամրապնդէր օրէ օր։

Ռուսիան, թէեւ դժգոհ՝ իրերու այս յեղաշրջումէն, բայց, ըլլալով Անգլիոյ անհաշտելի հակառակորդը, Ծայրագոյն, Կեդրոնական ու Մերձաւոր Արեւելքներու գրեթէ բոլոր կէտերուն վրայ, բնականաբար ո՛չ նուազ գոհ պիտի ըլլար Անգլիոյ կրած պարտութենէն, Հայկական Խնդիրին մէջ։ Արդէն Սասունի Արհաւիրքին սկիզբէն մինչեւ վերջը, ջանացած էր քար դնել բրիտանական դիւանագիտութեան անիւին տակ։ Ռուսիան չէր ուզէր երբէք որ առողջանար Հիւանդ Մարդը, բնական ժառանգորդի մը չարատենչ աչքերովը, գրեթէ մէկուկէս դարէ ի վեր կը հսկէր անոր սնարին վրայ, ժամէ ժամ սպասելով ձեռք դնել թանկագին Կողոպուտին վրայ։

Հիւանդ Մարդը, 1774ին, Խրիմի առումէն ի վեր անկողին ինկած, տարուէ տարի առաջացում ըրած էր հիւանդութեան մէջ, գահավիժելով դէպի քայքայում։ Խրիմէն ետքը, մէկիկ մէկիկ կորսնցուցած էր իր պանծալի պապերուն յաղթական սուրովը գրաւուած անհուն կալուածները. Եգիպտոսը, Յունաստանը, Կղզիները, Ալճէրիան, Թունուզը, Մոլտավիան ու Վալաքիան, Սեւ Լեռը, Սերպիան, Լիբանանը, Պուլկարիան, Արեւելեան Ռումէլին, Կիպրոսը, Սեւ Ծովի արեւելեան եզերքները, եւն, եւն, եւն…։

Ու հիմա, կը խորհէր Ռուսիան, դեռ կը տեւէր հիւանդութիւնը։ Սասունի Արհաւիրքը, Հայկական Ընդհանուր Ջարդերը, մահազանգը պիտի հնջեցնէին Հիւանդ Մարդուն, որ ա՛լ շարժելու անկարող, հոգեվարքի գալարումներուն մէջ կը տապլտկէր։

Սակայն, միւս կողմէ, կը զգար Ռուսիան թէ՝ Անգլիան չպիտի հանդուրժէր որ Հիւսիսային Արջը՝ թաթերը մխէր Արեւելքի այս լայնածաւալ պետութեան կողին մէջ, եւ տիրանար անոր ժառանգութեան հարուստ մնացորդներուն։ Անգլիոյ մտասեւեռումը՝ Հիւանդ Մարդուն մահը եթէ ո՛չ արգիլել որովհետեւ անխուսափելի էր այն–, գոնէ ուշացնել էր, եւ ասոր միակ միջոցը կը դաւանէր Բարենորոգումները, որո՛նք միայն պիտի կրնային գոնէ ատեն մըն ալ ապրեցնել Հիւանդը։ Անգլիան, շատ հեռուները կը տեսնէր, Մերձաւոր Արեւելքին ապագան կը շահագրգռէր զինք։ Բրիտանական կառավարութիւնը, Պահպանողական թէ Ազատական Դահլիճները, Թուրքիան բարենորոգումներով զօրացնելու քաղաքականութիւնը կը մշակէին, եւ այդ չուկէտէ՛ն մեկնելով է որ վերջին արեւելեան ռուսեւթուրք պատերազմին վերջին վարագոյրը դեռ վար չիջած, բրիտանական մարտանաւերը Մարմարա հասան, Բիւզանդիոնի դուռը, խիտ անտառ մը ձեւացուցած, սկսան սպառնալ Աղեքսանդր Բ. ի վիթխարի բանակին, որ Սան Սթէֆանոյի հողին վրայ վրանները տնկած ու թնդանօթներուն բերանները Վոսփորի վրայ ուղղած, կը պատրաստուէր իր յաղթական մուտքը գործելու Սուլթաններուն մայրաքաղաքին ծոցը, այսպէս, իրագործած ըլլալու համար Մեծն Պետրոսի Երազը…։

Հսկա՜յ երազ, որ ցնդեցաւ ու խորասուզուեցաւ Մարմարայի ալիքներուն մէջ…

Ասիկա պարտութիւն մըն էր, ամօթալի՜ պարտութիւն մը Ռուսիոյ համար, որ իր ընտիր զաւակներէն բիւրաւոր ու բիւրաւոր զոհեր ձգելէ յետոյ Պալքաններուն ստորոտները, գիւղեր քաղաքներ արիւնով ողողելէ յետոյ, երբ ա՛լ հասած կը կարծէր ա՛յնքան յաղթանակներու քաղցր պտուղը քաղելու րոպէն, ա՛յսպէս կընդունէր բրիտանական Առիւծին ապտակը…։

Սուրբ Ռուսիան չէր կրնար մարսել այս… ապտակը, կը յուսար փոխարինել ուշ կամ կանուխ, եւ կը սպասէր պատեհ րոպէին։

  Րոպէն ներկայացաւ վերջապէս։

1878էն մինչեւ 1895, տասնութը տարիներու անջրպետ մը կար։

Հիւանդ Մարդը, բրիտանական դեղահատներով Պերլինի 61րդ յօդուածը փոխանակ առողջանալու, աւելի մեծ առաջդիմութիւններ ըրած էր դէպի ճակատագրային… վախճանը։ Ելեւմուտքը խանգարուած, պատերազմական տուգանքի ահագին գումարի մը բեռին ներքեւ, վարչական մեքենան աւրուած, Բ. Դուռը՝ Եըլտըզ փոխադրուած, Բ. Դրան նախարարները, Մեծ Եպարքոսէն սկսեալ, բարապանի մը, դռնապանի մը ստորին աստիճանները իջած, երկրին բոլոր արգաւանդ, ընդարձակ հողերը, հասութաբեր կալուածները, Ապտիւլ Համիտի վրայ դարձած Էմլաքը սէնիյէ, Չիֆլիքե՛աթը Հիւմայուն անուններուն տակ, ժողովուրդներու քրտինքներուն արդար արդիւնքը՝ մեծ ու պզտիկ կառավարողներուն կոկորդը լեցուած, եւ այս վերջիններուն աւարի մեծագոյն բաժինը Կայսերական Գանձատունը (Խազինէ՛յի խասսա) փոխադրուած. եկեղեցիները, վանքերը կողոպտուած, հրդեհուած, եկեղեցականները, վանականները բանտերու, նկուղներու, աքսորավայրերու մէջ նետուած, բռնաբարուած կոյսերով եւ առեւանգուած կիներով պէկերու, բաշաներու հարէմները ճոխացած. Արդարութեան, Իրաւունքին ու Կարգին պահպանութեան նուիրական պաշտօնները յափշտակող դատաւորները, կառավարիչները, ոստիկանները՝ կարաւաններու վրայ յարձակող հուղկահարներուն, աւազակներուն ու մարդասպաններուն ըազկից ու կաղաղ դարձած, ամբողջ ցեղ մը բնաջնջումի դատապարտուած, եւ դարաւոր, փառաւոր կայսրութիւն մը՝ Կորուստի Անդունդին եզերքէն վար կախուած…։

Ահա՛ թէ ի՛նչ կ’ուզէր Ռուսիան, որ, դարանակալ արջու մը պէս, կը սպասէր պատեհ րոպէին, փոխարինելու համար 1878ին Անգլիայէն ընդունած… ապտակը։

Ու այս ամէնուն մէ՛ջ պէտք է փնտռուի Ապտիւլ Համիտի Ոյժը, ինչպէս նաեւ Հայկական Մարտիրոսութեան հանդէպ՝ Եւրոպայի շնական անտարբերութեան գաղտնիքը…։