Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԹ.

Կէս գիշերուան խաղաղաւէտ պահուն, Գարաքէօյի Կամուրջին գլուխը, երեք սեւ ձեռքեր, երեք ծառեր տնկած էին, մահուան ծառեր։

Ու գիշերը, մայիսի աստղաւէտ գիշեր մը, կը նուաղէր տակաւ ու տեղի կուտար արշալոյսին, որ Չամլճայի լանջքը կ’արիւնոտէր։

Վոսփորը կը սարսռար։

  Նոյն գիշերուան մէջ խեղդուած ու իր ծոցը նետուած տասնեակներով երիտասարդ թուրքերու դեռաջեր դիակներովը գալարուող, սեւ ու մաղձոտ ալիքները կը սրսփային։

Մահուան երեք ծառերը, գիշերային տունկեր, արշալոյսին ծաղկած, պիտի պտուղ բերէին նոյն օրը։

Մահուան դատապարտուածներէն երեք Հայեր, Մէհտէրխանէէն ուղղակի Գարաքէօյի Կամուրջը բերուած էին կախաղան հանուելու համար։

Ասոնց մէջ էր նաեւ Էօժէնին, ծպտեալ Թորգոմը, որ մինչեւ այն րոպէն յաջողած էր պահել իր ինքնութիւնը։

Կախաղանները կանգուն, զոհին սպասող հրէշի մը պէս, իրենց մահասարսուռ ներկայութեան սառոյցը կը սփռէին շուրջանակի։

Արդարութեան կողմէն, Համիտի երդուեալ… Դահիճները հոն էին, իրենց նուիրական պաշտօնին գլուխը։

Պարանները կը ճօճէին օդին մէջ, սիւներուն բարձունքէն, կարծես թէ կանխաւ վարժեցնելու անցորդին աչքերը զարհուրելի տատանումներուն այն թարմ ու գեղեցիկ մարմիններուն, որոնք, մէկ վայրկեան ետքը, դիակնացած, պիտի մնային հոն, կախուած, պարապին մէջ ու ժամերով ի տես պիտի դրուէին Երկու Ծովերուն ու Ցամաքներուն իշխող, Առատագութ (. ՞) Սուլթանին հաւատարիմ հպատակներուն…։

Մայիսեան արեւ մը կը ժպտէր Սկիւտարէն, մինչ նոյն Սկիւտարի շոգենաւին մէջ, կամուրջին նաւամատոյցը կը ցատկէր աշխոյժ պատանի մը, խօլ վազքով մը կ’առաջանար դէպի Ղալաթիոյ կողմը, կախաղաններուն ոտքը, ուր Սեւ Ձեռքերը կը սկսէին զատ զատ վեր, անարգ սիւնին վրայ բարձրացնել երեք երիտասարդ մահապարտները։

Արիւնքրտինքի մէջ թաթխուած, վերջապէս, ճիշտ ժամանակին, հոն կը հասնէր Սկիւտարի առաջին շոգենաւէն դուրս խոյացող պատանին, նոյն ինքն Պ. Թորգոմ, Էօժէնիի նշանածը։

Թորգոմ, իր նշանածի սեւ հագուստներով զինուած, երբ ճամբան, առանց վտանգի մը հանդիպելու, նոյն իրիկուն յաջողած էր վերադառնալ իր մօրը բնակարանը, նոյն գիշերը լսած էր թէ՝ հետեւեալ օրը, առտուն կանուխ, ինքը պիտի կախուէր կամուրջին գլուխը։

Վայրկենապէս ըմբռնած էր ահաւոր իրականութիւնը…։ Էօժէնի, Գումգաբուի մայր տաճարին մէջ, Վարժապետեան Ներսէս պատրիարքի մահարձանին առջեւ, իր միւս եսի զէնքերուն վրայ ըրած երդումը յիշելով, իր սեռին յատուկ, գերմարդկային, եւ թերեւս աստուածային անձնազոհութեան մը սուրբ ներշնչումո՛վը յղացած էր ծանօթ փախուստի ծրագիրը, որուն շնորհիւ ազատած էր ինքը, Թորգոմ։

Թորգոմի համար վատութիւն մը, դաւաճանութիւն մը պիտի ըլլար, իրեն տեղ զոհուած տեսնել իր նշանածը, Էօժէնին, իր երկրային հրեշտակը, որուն մէ՛կ նայուածքին հետ չպիտի փոխարինէր տիեզե՜րքը…։ Ուստի, առանց վարանելու, վճռած էր կրել իր ճակատագիրը։

Եւ, այդ վճիռը գործադրելու համա՛ր է որ հիմա կը ծառանար, կը ցցուէր հոն, կախաղանին դիմացը։

Դահիճները դողացին։

Պահ մը կեցան Սեւ Ձեռքերը, մահապարտները շունչ առին վայրկեան մը։

Ասդին, Էօժէնի կը թուլնար, կը նուաղէր Թորգոմի գիրկին մէջ, մինչ Դահիճները, սարսափահար, կը դիտէին տեսարանը։

Էօժէնի սակայն անդրդուելի կը մնար իր ուխտին մէջ, մահուան ուխտը, որուն առջեւ գետնամած կ’աղերսէր, կը պաղատէր, կը տենչար մահը, որ սակայն, վերջին պահուն, կ’ուզէր երես դարձնել իրմէ։ Իսկ Թորգոմ, առանց Էօժէնիի կեանքի մը չպիտի կրնար համակերպիլ, այդ կեանքը պիտի նմանէր անաստղ, անլուսին, անարեւ երկինքի մը, խաւարամած անդունդի մը, որ պիտի սահմանուած ըլլար կլլելու իր բոլոր վարդ յոյսերը, ցուրտ գերեզմանի մը, ուր պիտի թաղուէին իր բոլոր ոսկի երազները։

Հետեւաբար, մարտնչումը ուժգին եղաւ, մահուան սիրահար երկու հզօր հոգիներու միջեւ։

Վերջապէս Թորգոմ, զգալով թէ՝ ինք չպիտի կրնար նուաճել Էօժէնիի կամքը, եւ տեսնելով Սեւ Ձեռքերը, որոնք գերագոյն րոպէի տխուր պատրաստութիւնները կը լրացնէին, խոյացաւ յանկարծ դահիճին վրայ, որ Էօժէնիի փափուկ թեւերը կապած, կը փորձէր զէնի վեր հանել սանդուխէն։

Դահիճը սոսկաց։

Ձեռքը թուլցաւ ու թողուց զոհը։

Դահի՜ճ, դահի՜ճ, կը մռնչէր Թորգոմ, լսէ՛, կեցի՛ր, վար ա՛ռ ձեռքդ, ետ քաշուէ՛, թո՛ղ տուր, զոհդ աղջի՜կ մըն է, աղջի՜կ մը…։

Եւ Թորգոմ երկու բառով պատմեց իրականութիւնը, իր բոլոր սրտաշարժ մանրամասնութիւններով։

Սակայն Էօժէնի, կախաղանի սիւնին կառչած, չէր բաժնուէր։

Եւ մարտնչումը կը շարունակուէր ուժգին, ա՛լ աւելի մոլեգին։

Եւ յաղթութիւնը կը մնար անորոշ։

Կամուրջին վրայ պահ մը դադրեցաւ անցուդարձը։

Հազարաւոր մարդկային գլուխներ կը վէտվէտէին հասկերու պէս։

Ամբոխ ամբոխի վրայ, կուգար կանգ կ’առնէր կախաղաններու ոտքերուն տակ։

Բոլոր աչքերը յառած էին մենամարտին, որ կը մղուէր տակաւին երկու պարմանիներու միջեւ։

Յանկարծ, խուլ մռնչիւններ սկսան լսուիլ ամբոխին մէջէն։

Ղալաթիոյ կողմէն ձիերու ոտքի ձայներ կը լսուէին։ Ամբոխը ճեղքուեցաւ եւ կայսերական բարձրաստիճան սպաներ, ամենքն ալ հեծեալ, կը հասնէին հոն, կամուրջին գլուխը, ուր տնկուած էին մահուան սիւները։

Դահիճները ետ ետ քաշուեցան։

Սպաներէն մէկը բարձր ձայնով կարդաց իրատէ մը, որ նոյն րոպէին արձակուած էր։

Ապտիւլ Համիտ, մեծ դեսպաններու ազդու միջամտութեան վրայ, կը դադրեցնէր… կախաղանները։

 

ՎԵՐՋ