Սասունէն ետքը. Բ. Դէպի Եըլտըզ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Փատիշահներու մայրաքաղաքը տօնի խրախճանքի մէջ կը լողայ։

1895 Օգոստոս 19։

Կէս օրուընէ գոռացին թնդանօթները։ Պոլսոյ զանազան կէտերէն արձակուած քսանըմէկ հարուածներ աւետեցին Թուրքիոյ Մեծ Օրը, Վեհ. Ապտիւլ Համիտի բարեբաստիկ (. ՞) գահակալութեան 19րդ տարեդարձը…։

Պաշտօնական արարողութիւնները, պալատական ընդունելութիւնները վերջացած էին արդէն եւ մայրաքաղաքին բովանդակ բնակչութիւնը, առանց բացառութեան եւ առանց խտրութեան սեռի, ցեղի, կրօնքի ու հասակի, կամայ թէ ակամայ պիտի մասնակցէր լուսավառութեան հանդէսներուն, որոնք նոյն գիշերը պիտի տեղի ունենային մզկիթներուն, եկեղեցիներուն, սինակօկաներուն մէջ, ինչպէս ջոջերու ապարանքները, նոյնպէս թշուառներու խրճիթները։

Մութը պատեց, գիշե՜ր է, Վոսփորի ամառնային հեշտալի գիշեր մը, որ իր թովանքով ու թափանցիկ բուրումներով կը գինովցնէ մթնոլորտը։

Սեւ Ծովին ու Մարմարային ալիքները կը պագտուէին պագշոտ գրկախառնումներով։ Եւրոպական թէ ասիական եզերքներէն հոսող լոյսի հեղեղները կ’ողողէին ծովը։

Վոսփորի երկայնքը շարուած շոգենաւերէն մերթ ընդ մերթ հրթիռներ կը սլանային, նոյնպէս Ոսկեղջիւրի մէջ, Նաւարանին առջեւ ու մօտակայքը խարսխող հռչակաւոր (. ՞) զրահաւորներէն։

Մինարէներու շէրիֆէները համաստեղութիւններու փոխուած այն գիշեր, կը պլպլային եւ այդ լոյսերու խուրձերու մէջէն կը լսուէ, միւէզզինի յստակ ու թրթռուն մեղեդին, որ Իսլամի որդիները կը հրաւիրէր աղօթքի եւ գոհաբանութեան վասն արեւշատութեան ու բարօրութեան տիեզերքի Խալիֆային, որ իր ամբաւ, համատարած գթութեան ճառագայթները կը սփռէր յաւերժական կայսրութեան ամենայետին անկիւնները…։

Պոլսոյ հեռակայ թէ մերձաւոր արուարձաններէն սկսած էին թափիլ կեդրոնը տօնասէր ընտանիքներու խումբեր, իրենց տօնի զգեստներով, դիտելու համար նոյն գիշերուան հրախաղութիւններն ու լուսավառութիւնները։

Մայրաքաղաքին մեծ հրապարակներուն մէջ՝ մարդկեղէն ալիքներ։

Բերա, մեծ պողոտային երկայնքը, Թագսիմ, Հարպիյէ, մինչեւ Շիշլիի ծայրը, Ստամպոլի կողմը, Սուլթան Պայազիտ, Սուլթան Ահմէտ, Սպարապետութեան Դուռը, Այա Սօֆիա, Բ. Դուռ, Ղալաթիոյ Քարափին երկայնքը, Պէշիքթաշ, Տօլմա Պահճէ, Թօփհանէ, Չրաղան. Սկիւտարի կողմէն Չամլրճաներու բարձունքը, ծովեզերքի Սէլիմիյէ Զօրանոցը, Հայտար բաշա, Գատը գիւղ. աւելի վերերը, դէպի Վոսփորի Սեւ ծովեայ սահմանները, Պէյքօզ, Պէյլէրպէյի. եւրոպական եզերքները՝ Թարապիա, Պէօյիւքտէրէ, Էմիրկէն. եւ այս ամէնուն գլուխը՝ Եըլտըզ, իր շրջակայքի հսկայ զօրանոցներով, ինչպէս նաեւ ի պաշտօնի թէ անպաշտօն, հրաժարեալ թէ հանգստեան կոչուած բոլոր պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն ապարանքները, լոյսերէ ողողուած, իրենց միահամուռ ստրկութեան մասնակցութիւնը կը փութային բերել կայսերական երջանկառիթ (. ՞) գահակալութեան տարեդարձին տօնախմբութեանը եւ իրենց անհուն, սրտագին ու խորին երախտագիտութեան խունկը մատուցանել յոտս Գահոյից Աստուծոյ Ստուերին, հաւատացեալներու Վեհագոյն Էմիրին…։

Մինչդեռ, այսպէս, այս ընդհանուր տօնի, ցնծութեան, արբշռանքի եւ խրախճանքի մէջ, գոնէ մէկ գիշերուան համար, կը փորձէր գինովնալ կամ գէթ այնպէս կը ձեւանար օսմանցի տարաբաղդ ժողովուրդը, չը հանդիպելու համար անխիղճ ու սինլքոր լրտեսի մը խըշմին եւ զերծ մնալու համար անոր շատ սուղի նստող հետապնդումէն. մինչդեռ, եւրոպական շատ մը տուներ, պարզապէս Թուրքիոյ մէջ տարիներէ ի վեր իրենց հիմնած առեւտրական հաստատութիւնները կամ կարեւոր ձեռնարկները ա՛լ աւելի ամրացնելու կամ ընդարձակելու միակ դիտումով, իրենց պատկանած տէրութեան դրօշակովը կը զարդարէին իրենց ճակատը, մինչդեռ, զանազան ազգերու եւ հասարակութիւններու կրօնային, պետերն ալ, հետեւելով Եւրոպացիներուն օրինակին, իրարու հետ կը մրցէին աւելի շքեղ ու փառաւոր տօնախմբութիւն մը կատարելու համար, անդին, Բերայի անշուք փողոցներէն մէկուն անկիւնը, մութի մէջ թաղուած, փոքրիկ ու հինցած, փայտաշէն տան մը մէջ, գաղտնի, դաւադրական հաւաքոյթ մը տեղի կ’ունենար։

Հնչակեան Կուսակցութեան Պոլսոյ Մասնաճիւղին Վարչութեան անդամները, չորս հինգ օր առաջ արդէն նիստի հրաւիրուած, առջի իրիկուընէ հոն էին, այն փայտէ խրճիթին մէջ։ Կեդրոնէն վերջին եւրոպական թղթաբերով հասած հրահանգներու գործադրութեան վրայ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէին եւ իրենց գործողութեան եղանակը պիտի որոշէին։ Այդ հրահանգները շատ կարեւոր էին. ատոնց մէջ նշանակուած էին բոլոր գործնական, եւ եթէ հարկ ըլլար, բոլոր ահաբեկիչ միջոցները, որոնք ի գործ պիտի դրուէին, ստիպելու համար Սուլթանը, որ ժամ առաջ ստորագրէր Հայկական Վեց Նահանգներու Բարենորոգումներուն մայիսեան Ծրագիրը, որ ծանօթ երեք մեծ տէրութեանց դեսպաններուն կողմէն ներկայացուած էր Բ. Դրան, եւ որ ցաւալի ձգձգումներով տակաւին կը մնար մեռած տառ։

Գիշերաժողովը տեւած էր մինչեւ կէս գիշեր եւ կեդրոնին հրահանգներուն կէտ առ կէտ գործադրութիւնը միաձայնութեամբ որոշուած էր, միայն յարմար նկատուած էր սպասել առ առաւելն մինչեւ մէկ ամիս, հասկնալու համար Բ. Դրան ու երեք մեծ դեսպաններուն ու անոնց պատկանած տէրութեանց արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ ամիսներէ ի վեր կատարուող բանակցութեանց վերջնական արդիւնքը, մայիսեան Ծրագրին նկատմամբ։

Լոյսերը տակաւ կը մարէին եւ նուագներու ձայները կը լռէին հետզհետէ։

Գիշերապահներուն մահակի ընդհատ հարուածներուն արձագանգը միայն կը հասնէր հեռաւոր անկիւններէ։

Գահակալութեան տարեդարձի ցայգատօնը վերջանալու վրայ էր։

Փայտաշէն խրճիթի հնչակեան ժողովականները մէկիկ մէկիկ կը մեկնէին ու մութ փողոցներ սողոսկելով կ’անյայտանային։

Հետաքրքիրներու երկսեռ երամներ, ա՛լ յափրացած, կը քաշուէին, ամէն մարդ իր տեղը կը վերադառնար։

Փողոցներուն մէջ անցուդարձը դադրած, կ’ամայանային հրապարակները, որոնք կը ծփային քիչ առաջ ու կը տատանէին մարդկային կոհակներու վէտվէտումներէն։

Երբ ամէն կողմ կը տիրէր խոր լռութիւն մը, երբ, հանրային շէնքերուն ու ջոջերու ապարանքներուն ճակատները պլպլացող լապտերները կը մարէին ու ամէնը կը սկսէր խորասուզուիլ խաւարի մէջ, եւ երբ Համիտի լրտեսախումբերը, ա՛լ իրենց որջերը կը քաշուէին, վաղուան ժուռնալները պատրաստելու համար, անդին, Գարաքէօյի Կամուրջին Պոլսոյ կողմը, այն ատենուան Քիւչիւքեանի դեղարանին առջեւ, կը նշմարուէին երկու ստուերներ, որոնք, խաւարին մէջէն արագասահ կ’առաջանային Եէնի Ճամիի կամարներուն տակ։

Ո՞վ էին այս երկու ստուերները, որոնք, գիշերուան այս առաջացած պահուն, կը յանդգնէին վրդովել փողոցներու լուռ ամայութիւնը։

Զոյգ մըն էին անոնք, սիրող զոյգ մը, երկու նշանածներ, մէկը Խասգիւղէն՝ օրիորդ Էօժ. Փ. եւ միւսը Սկիւտարէն՝ պարոն Պ. Թորգոմ, երկուքն ալ Հնչակեան մկրտուած՝ Գում Գաբուի Ցոյցէն ի վեր, եւ երկուքն ալ մէկ քանի անգամներ բանտարկուած արձակուած, եւ վերջին անգամ ալ, նոյն տարուան յուլիսեան ընդհանուր ներման արժանացած։

Օրիորդը, հազիւ տասնինը տարու, աղուոր կապոյտ աչուըներով, սեւ ու թաւ ընքուիներով, կաթի պէս ճերմակ մորթով, յորդ ու սեւ վարսերով, բարակ մէջքով, բարձր հասակով, հարուստ կուրծքով ու ձուաձեւ դէմքով, Խասգիւղի վաղեմի տոհմիկ ընտանիքի մը զաւակներէն էր, երջանկայիշատակ Վարժապետեան Տ. Ներսէս Պատրիարքէն մկրտուած, նոյն գիւղի Ս. Ներսէսեան վարժարանի յառաջադէմ, ուշիմ սանուհի մը։ Իսկ պարոնը, Սկիւտարի Վանքին Պաղի թաղէն, Պէրպէրեան վարժարանի ընթացաւարտ սաներէն, խօսուն, վառվռուն, անկեղծ, յանդուգն նայուածքով, այրող աչքերով, խարտեաշ մազերով, կլորիկ դէմքով, մրայօն երիտասարդ մը։

Զիրար կը սիրէին երկուքն ալ, եւ, իրենց ծնողքին հաւանութեամբը, նշանուած էին իրարու։

Թեւ թեւի տուած, անհանդարտ քայլերով, կ’ելլէին հիմա Պայպլ Հաուզի զառիվերը, դէպի Սպարապետութեան Դուռը կ’առաջանային առանց իրենց շուրջը դիտելու։

Կէս ժամէն հասած էին Գում Գաբուի Պատրիարքարանի փողոցը, որ թաղուած էր խաւարի ու միայնութեան մէջ, հետզհետէ մարած ըլլալով լուսավառութեան բոլոր լապտերները։ Պատրիարքարանին դուռը գոց էր։ Զոյգը կանգ առաւ դիմացի Մայր Եկեղեցւոյ Աւագ Դուռին առջեւ, որ նոյնպէս գոց էր։

Մէկ հարուած, երկու հարուած, ներսէն ո՛չ մէկ ձայն։

Երրորդ հարուածին վրայ, կէս մը բացուեցաւ դուռը։

Ժամկոչն էր, մռլտուքի վերջին վանկը դեռ բերնին մէջ, գրեթէ կիսամերկ, ճերմակ ցայգագտակ մը ճաղատ գլուխը, ականջին ետին քերելով.

Ի՞նչ կայ, մռմռաց, այս ատեն ի՞նչ գործ ունիք հոս։

Բա՛ց, բա՛ց, ժամկո՛չ աղբար, կրկնեց պարոն Պ. Թորգոմ, այս գիշեր բացառութի՜ւն է։

Ժամկոչը ճանչցաւ երկուքն ալ, ի՛նք ալ հնչակեան էր։

Օ՜, ընկե՛ր Թորգոմ, բացագանչեց, վայրկենաբար մոռնալով անկողնէն տարաժամ դուրս հանուելուն համար կրած դժգոհութիւնը, ի՞նչ կայ, ի՞նչ։

Յետոյ, դառնալով օրիորդին, որ նոյնպէս ծանօթ էր իրեն.

Օրիո՛րդ Էօժէնի, յարեց գողտրիկ շեշտով մը, դո՜ւք ալ հէ՞…։

Ու գաւառացի գեղջուկի միամիտ ժպիտ մը սահեցուց իր գրեթէ միշտ բաց շրթունքէն։

Զոյգը ներս առաջնորդուեցաւ ընկեր ժամկոչին խուցը։

Յետոյ Պ. Թորգոմ պահանջեց ընկեր ժամկոչէն բանալ մայր տաճարին դուռը։

Ընկեր ժամկոչ գործադրեց ընկեր Թորգոմի պատուէրը. դուռը բացաւ, ինք հեռացաւ, առանձին ձգելով նշանածները։

Զոյգը տաճարէն ներս մտաւ, գաւթին մէջ քանի մը քայլ առաւ եւ երկիւղած ու պատկառոտ դիրքի մը մէջ, վեր ելաւ գաւթին աջ կողմը, եւ կանգ առաւ մարմարէ գերեզմանի մը ոտքը։

Մահարձա՜նը Վարժապետեան Ներսէս Պատրիարքին։

Երկու պարմանիները ծունկի եկան հոն, սրբատաշ կիճէ շիրմին առջեւ, եւ երկուքը միասին մրմնջեցին աղօթք մը։

Յետոյ, Թորգոմ, դառնալով իր նշանածին, որ կուլար.

Էօժէնի՛, ըսաւ լուրջ դէմքով մը, մինչեւ ցմահ հաւատարիմ պիտի մնաս ինծի, այնպէս չէ՞։

Քանի՞ անգամ կը յայտարարեն, Թորգո՛մս, կշտամբեց օրիորդը. բայց ինչո՞ւ դարձեալ այս հարցումը…։

Չե՞ս գիտեր, հոգի՛ս, յարեց Թորգոմ, այս գիշեր ի՜նչ գիշեր է, դեռ նո՛ր աւարտեցին խենէշ հանդէսները, մեր Ցեղին Դահճապետին գահակալութեան ի պատի՜ւ…։ Ես կասկած մը չունիմ հաւատարմութեանդ վրայ, ո՛չ ալ վայրկեան մը կը խորհիմ այդ կէտին վրայ. բայց, գիտես անշուշտ, հոգի՛ս, մենք իրարու հետ մէկ սիրտ մէկ մարմին ըլլալ ուխտելէ առաջ, ուրիշ ո՜ւխտ մը կնքած ենք, Յեղափոխութեան սեղանին առջեւ. Սիրոյ ուխտէն առաջ՝ Արիւնի ո՜ւխտը, այնպէս չէ՞…։

Բայց ինչո՞ւ համար այսպիսի մտածումներ, հառաչեց Էօժէնի, յուզուած ու սրդողած, ի՞նչու այս տարադէպ կասկածները, արդեօք թունաւորուա՞ծ է միտքդ չար լեզուներէ, որոնք չեն պակսիր մանաւանդ Սկիւտարի մէջ…։

Ո՛չ, անուշս, ո՜չ, հոգի՛ս, կրկնեց Թորգոմ, ո՞ր չար լեզուն պիտի յանդգնէր իմ քով աղարտել անարատ անո՜ւնդ, ինչո՞ւ սխալ կ’ըմբռնես խօսքերուս իմա՜ստը. ես քեզի կ’ըսեմ թէ՝ մինչեւ ցմահ հաւատարիմ պիտի մնա՞ս ինծի…

Թորգո՛մ, Թորգո՛մ, գոչեց օրիորդը, իր եսին մէջ վիրաւորանք զգացած սիրուհիի մը բովանդակ զայրոյթի թափովը, խենթեցա՞ր, ատ ի՞նչ հարցում է. դեռ հարկ մնա՞ց հանդիսաւոր խոստումներու. նա՛, դի՛ր ձեռքդ կուրծքիս վրայ, ականջ դի՛ր, տե՛ս թէ ի՜նչպէս կը տրոփէ սիրտս, քեզի, լո՛կ քեզի համար…։ Եւ դուն ելեր հաւատարմութեան նոր խոստումնե՜ր կը փորձես խլել շրթունքէս։

Ու Թորգոմի ձեռքը տարաւ դրաւ իր կուրծքին վրայ։

Էօժէնի կը դողար, տակաւին չէր կրնար թափանցել իր նշանածին գաղտնիքը, ու կախուած կը մնար անոր շրթունքէն։

Թորգոմ ձեռքը վերցուց իր նշանածին կուրծքին վրայէն ու երկու ձեռքերուն մէջ առնելով ճակատը, որ կ’այրէր։

Էօժէնի՛, Էօժէնի՛, ըսաւ խորհրդաւոր շեշտով մը, գիտե՞ս ո՛ւր ենք այս պահուս. գիտէ՞ս, ո՜վ կը պառկի այս մարմարին ներքեւ…։

Իրա՛ւ այս գիշեր զարմանալի փոփոխութիւն մը կը նշմարեմ վրադ, Թորգո՜մ, ինծի՞ կը հարցնես թէ ո՛վ կը պառկի այս մարմարին տակ, ինծի՞ որ Խասգիւղի աղջիկ մըն եմ, հո՛ն ծնած, հո՛ն սնած ու հո՛ն դաստիարակուած. մեր Վարժապետեան Ներսէս Պատրիարքին գերեզմանը քենէ՞ պիտի սովրի Էօժէնիդ։

Է՜հ ուրեմն, յարեց Թորգոմ, Էօժէնի՛, կը տեսնե՞ս, լաւ նայէ՛, Մայր Եկեղեցի՛ն կը գտնուինք հիմակ, հոս ուրիշ մարդ չը կայ, բացի տաճարին որմերէն կախուած սուրբերէն, որոնք կը հսկեն միշտ, բացի աւագ խորանին առջեւ կախուած կանթեղէն, որ կը մարմրի եւ բացի այս գերեզմանէն, որուն վերեւ կը սաւառնի Ներսէս Պատրիարքին վեհափառ ուրուն։ Հիմա կ’ուզեմ որ այս լուռ վկաներուն ներկայութեան կատարես…

Ի՞նչը, ի՞նչը, տրտնջաց Էօժէնի։

  Ո՜ւխտդ, Էօժէնի՛, նոր ո՜ւխտդ, յարեց Թորգոմ բոլորովին այլայլած ու յափշտակուած։

Ու տափատին ետեւի գրպանէն հանեց փոքրիկ րիվօլվէր մը, զոր դրաւ գերեզմանին վրայ, նաեւ, մէջքէն քակեց արծաթապատ դաշոյնը, զոր նոյնպէս դրաւ գերեզմանին վրայ, եւ, աչքերը սեւեռած՝ իր նշանածին.

Էօժէնի՛, ըսաւ, ահա՛ զէնքերս, ահա՛ ես։

Էօժէնի կը դողար ամբողջ մարմնովը, բա՛ն մը չէր հասկնար այս գործողութիւններէն։

Ընտրէ՛, հոգի՛ս, դաշո՛յնը կամ րիվոլվէրը, յարեց Թորգոմ, ա՛ռ մէկը, կա՛մ ձեռքովդ սպաննէ՛ զիս, եւ կա՛մ…

Եւ կա՛մ… բացագանչեց Էօժէնի, յանկարծ ոտքի ելլելով, ի՞նչ կ’ընես, Թորգո՛մ, ի՞նչ կ’ընես…

Եւ կա՛մ խոստացի՛ր, շարունակեց Թորգոմ, առանց փոխելու ձայնը,

Ի՜նչ խոստանամ, հոգի՛ս, կը պաղատէր խեղճ աղջիկը, քրտինքի մէջ լողալով ու բոլոր մարմնովը դողալով,

Խոստացի՛ր երբէք չամուսնանալ ինծի հետ, մինչեւ որ չը փրկուի՜ Հայրենիքը…

Էօժէնի սարսռաց. աս ի՜նչ յայտնութիւն էր, չամուսնանա՞լ, երբէ՜ք չամուսնանալ մինչեւ որ չփրկուէր Հայրենի՜քը…։

Շանթահարող նայուածքով մը կառչած իր սիրականին, նայեցաւ առանց արտասանելու բառ մը, յետոյ, իր ապագան մեռած, ու անոր գերեզմանի կափարիչին տակ փափուկ կուրծքը ճնշուած, յաւիտենապէս լքուած սիրուհիի մը հոգին բոլոր մաղձը մէ՛կ հարուածով թափել ուզելով, ինքզինք ամփոփեց, եւ

Թորգո՜մ, Թորգո՜մ, մնչեց վիրաւոր տատրակի մը պէս, այսպէս հա՞…, մինչեւ որ չը փրկուի Հայրենի՜քը։

Այո՛, այո՛, Էօժէնի՛, գոռաց սպառնալի շեշտով մը, վճռուա՜ծ է, վճռուա՜ծ…։

Չպիտի՜ ամուսնանանք, շարունակեց Էօժէնի, մինչեւ որ…

Չը փրկուի՜ Հայրենիքը, ընդմիջեց Թորգոմ, դի՛ր ձեռքդ ուրեմն ասոնց վրայ։

Ու ցոյց տուաւ գերեզմանին վրայ դրուած իր սիրական զէնքերը։

Երդում ըրէ՛, շարունակեց Թորգոմ…։

Էօժէնի դարձեալ ծունկի եկաւ գերեզմանին առջեւ, երկու ձեռքերը դրաւ զէնքերուն վրայ եւ արտասուահեղձ աչերը սեւեռելով մահարձանին.

Անմա՜հ հոգի Ս. Ներսէսի, մրմնջեց ջերմեռանդօրէն, դուն որ Ս. Ստեփաննոսի աւազանին մէջ մկրտեցիր զիս, դո՛ւն, Հայրենիքին անձնուէ՛ր պաշտպանը, դո՛ւն որ ստեղծեցիր Հայկական Խնդի՜րը, վկա՛յ եղի՛ր երդումիս. Չպիտի՜ ամուսնանամ, մինչեւ որ…։

Հեծկլտանքի մէջ խեղդուեցաւ հէք աղջկան ձայնը։

Քաջութի՜ւն, շարունակեց Թորգոմ, շարունակէ՛, աւարտէ՛։

Չպիտի՜ ամուսնանամ մինչեւ որ չը փրկուի… Հայրենի՜քը…, հեծեծեց Էօժէնի։

Պիտի փրկուի՜ Հայրենիքը, մռնչեց Թորգոմ, ալո՛, Էօժէնի՛, պիտի փրկուի՜ Հայրենիքը, եւ մե՜նք պիտի փրկենք հայ աղջկան, հայ կնոջ, հայ մօր պատի՜ւը…։

  Ոտքի ելաւ Թորգոմ, հաւաքեց զէնքերը, տեղաւորեց րիվոլվէրը ետեւի գրպանին մէջ եւ դարձեալ կախեց մէջքէն արծաթապատ դաշոյնը, եւ բռնելով իր նշանածի ձեռքէն, վերցուց զանի.

Էօժէնի՛, Էօժէնի՛, ըսաւ խանդաղատանքով մը, մօտեցի՛ր, մօտեցի՛ր։

Երկու երդուեալ սիրահարները գրկապինդ փաթթուեցան իրարու եւ ընկղմեցան իրարու մէջ։

  Մայր տաճարին դամբանային լռութիւնը, որմերէն կախուած սուրբերու խնկաբոյր պատկերները, խաւարի մէջ հատնող Աւագ խորանի պլպլացող կանթեղը, եւ, Ներսէս Պատրիարքի վեհ Ստուերը, որ կը յածէր ու կը սաւառնէր սրբավայրի խորհրդաւոր իրերուն վերեւ, այն գիշերը, վկայ եղան անձնուրաց Զոյգին հանդիսաւոր երդումին։

Զանգատան բարձունքէն լսուեցաւ առաջին ղօղանջը Մայր եկեղեցիի զանգակին, առտուան ժամերգութեան հրաւիրելով Գում Գաբուի հայ ժողովուրդը։

Ժամկոչը ներս մտաւ եւ քանի մը քայլ առաջանալով, նշմարեց Զոյգը, գերեզմանին ոտքը, գետնամած։

Կ’աղօթէին։