Զ.
Արտասովոր
նիստը
գումարուեցաւ
Եըլտըզ,
Հիւնքեարին
նախագահութեան
տակ։
Ներկայ
էին,
բաց
ի
Նազըմ
բաշայէն,
գրեթէ
բոլոր
նախարարները։
Ոստիկանութեան
նախարարը
կանխաւ
գացած
էր
պալատ
եւ
Սուլթանին
հաղորդած
էր
յեղափոխականներուն
մտադրութիւնները,
շատ
մը
խեղաթիւրումներով։
Ապտիւլ
Համիտ,
Նազըմէն
թելադրուած,
կը
գումարէր
այդ
արտասովոր
նիստը։
Ապտիւլ
Համիտ
շատ
յուզուած
կ’երեւար,
չէր
կրնար
հանդարտ
նստիլ
գահին
վրայ,
յաճախ
ոտքի
կ’ելլէր
ու
նախարարներուն
մէջտեղը
ման
կուգար
Եըլտըզի
կայսերական
դահլիճին
երկայնքը.
–
Մեծ
վեզիր,
յանկարծ
պոռչտաց
Համիտ,
ի՜նչ
է
այս,
ինչե՜ր
կ’իմանամ,
պատմեցէք
նայինք,
այս
ի՜նչ
լուրեր
են
որ
կը
հասնին
ականջիս.
–
Չափազանցութիւննե՛ր
են,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
կարեւոր
բան
մը
չը
կա՜յ
դեռ,
պատասխանեց
Սայիտ
բաշա,
տիրական
շեշտով
մը,
պարզ
տարաձայնութիւննե՜ր
են,
պարզ
զրոյցնե՜ր.
–
Զրո՞յց,
գոռաց
Համիտ,
ի՜նչ
կ’ընէք,
Սայիտ
բաշա,
կը
քնանա՞ք,
չէ՞ք
իմանար,
ինչե՜ր
կը
կատարուին
Բ.
Դրան
քիթին
տակ,
եւ
տակաւին
կը
պնդէք
թէ՝
զրոյցներ
են…։
Ո՛չ,
Սայիտ
բաշա,
ասիկա
ներելի
չէ՛
երբէք…։
Սայիտ
բաշա,
լռիկ
մնջիկ,
մօրուքը
ձեռքին
մէջ
կը
մարսէր
իր
վեհափառ
Տիրոջ
կշտամբանքները,
որոնք
իրենց
ներքեւ
կը
պահէին
սպառնալիքի
սլաքներ։
Միւս
նախարարները
նոյնպէս,
չէին
համարձակեր
բերաննին
բանալ,
ա՛յնքան
կը
սարսափէին
Ապտիւլ
Համիտի
շանթերէն։
Վերջապէս,
ոտքի
ելաւ
Արտաքին
գործերու
նախարար
Թուրխան
բաշան.
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ըսաւ,
գօմիթէն
սպառնացեր
է,
Բ.
Դրան
առջեւ
Ցոյց
մը
պիտի
ընէ,
եւ
պիտի
պահանջէ
անյապաղ
գործադրութիւնը
երեք
մեծ
դեսպաններուն
կողմէն
ներկայացուած
բարենորոգումներու
ծրագրին։
Այս
իմաստով
զեկոյցներ
ալ
ուղղուած
են
վեց
մեծ
տէրութեանց
մայրաքաղաքին
դեսպաններուն։
Այս
վերջինները
Բ.
Դուռ
գալով
հաւաքաբար
պահանջեցին։
–
Եթէ
երբէք
խռովութիւններ
առաջ
գան
յիշեալ
ցոյցին
հետեւանքով–.
իրենց
հպատակներուն
եւ
կայսրութեան
քրիստոնեաներուն
ինչքի
եւ
կեանքի
ապահովութեան
երաշխաւորութիւնը…։
Այս
է
բոլոր
խնդիրը,
ուրիշ
ծանրակշիռ
իրողութիւն
մը
չըկայ,
–
Տեսա՞ք,
յարեց
Համիտ
հեգնելով
եւ
լուսանի
աչուըները
սեւեռելով
Սայիտ
բաշայի
վրայ,
տեա՞ք
հիմա,
տարաձայնութիւննե՜րը,
զրոյցնե՜րը…։
Ի՞նչ
պիտի
ընենք
հիմա,
ի՞նչ
կը
խորհիք,
նախարարնե՛ր.
խօսեցէ՛ք
նայիմ։
Նախարարները
բերաննին
չէին
համարձակեր
բանալ,
ամէնքն
ալ
կը
սպասէին
որ
Մեծ
Եպարքոսը
պատասխանէր.
իսկ
սա,
ընկճուած
ու
ջախջախուած
մարդու
մը
դրսերեւոյթով,
մօրուքը
ձեռքերուն
մէջ,
Փատիշահի
բարկութեան
մօտալուտ
պայթումին
րոպէները
կը
համրէր
սրտի
դողով։
–
Չէ՜ք
խօսիր,
ի՞նչ
կը
խորհիք,
չը
խօսի՞ք,
կշտամբեց
Համիտ.
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ըսաւ
Թուրխան
բաշա,
շարունակելով
հանդարտօրէն,
ինչպէս
յիշեցի,
ծանրակշիռ
իրողութիւն
մը
չըկա՜յ,
պարզ
սպառնալիք
մըն
է,
որուն
առջեւը
կարելի
է
առնել
այսօրուընէ.
–
Ի՜նչպէս,
յարեց
Համիտ,
խօսեցէ՛ք
Թուրխան
բաշա,
ի՞նչպէս
կարելի
է
արգիլել
տալ
ցոյցը։
–
Դիւրի՜ն
է,
դիւրի՜ն.
Վեհափա՛ռ
Տէր,
պատասխանեց
Համիտի
Արտաքին
գործերու
նախարարը,
եթէ
Ձեր
Վեհափառութիւնը
յարմար
գտնէ,
այսօ՛ր
իսկ
պալատական
մը
կը
ղրկուի
Գում
Գաբու
Հայոց
Պատրիարքին,
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ընդմիջեց
Մեծ
Եպարքոսը,
ես
անգամ
մը
ղրկել
տուի
ոստիկանութեան
բարձր
պաշտօնեայ
մը,
դժբաղդաբար,
բան
մը
չէ
կրցած
ընել
Հայոց
Պատրիարքին
յամառութեանը
դէմ…։
–
Ո՞վ
ղրկուած
էր
Հայոց
Պատրիարքին
քով,
հարցուց
Հիւնքեարը։
–
Ծառանիդ
ոստիկանութեան
պաշտօնատան
տնօրէն
Հիւսնի
պէյը,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ըսաւ
Սայիտ
բաշա,
–
Է՛,
ընդմիջեց
Համիտ,
ի՜նչ
լուր
բերած
էր
Հայոց
Պատրիարքէն.
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
պատասխանեց
Սայիտ
բաշա,
հետզհետէ
քաջալերուելով
Հիւնքեարին
հարցումներէն,
չէ՛
ընդունուեր
նախապէս,
մերժուե՜ր
է,
բայց
յետոյ,
կրկնակի
թախանձանքներու
եւ
պնդումներու
վրայ,
Հայոց
Պատրիարքը
հաճեր
է
իր
ներկայութեան
ընդունիլ
մեր
պատուիրակը…
–
Սխալ
է,
Վեհափա՛ռ
տէր,
հիմնովին
սխալ,
բացագանչեց
Արտաքին
գործոց
նախարարի
խորհրդականը,
Տատեան
Յարութիւն
բաշա,
չկրնալով
ինքզինք
զսպել,
Հայոց
Պատրիարքը
չեմ
կարծեր
թէ
ա՛յնչափ
անքաղաքավար
ըլլայ
որ
մերժէ
Բ.
Դրան
մէկ
պատուիրակը,
այն
ալ
ոստիկանութեան
տնօրէ՜ն
մը,
որ
կայսերական
կառավարութեան
կողմէն
մասնաւոր
պաշտօնով
մը
կը
ղրկուի
Հայոց
Պատրիարքարանը։
–
Ուրեմն
ես
սո՜ւտ
կը
խօսիմ,
հա՞…
բողոքեց
Մեծ
Եպարքոսը,
աղերսող
նայուածք
մը
սեւեռելով
Հիւնքեարին
վրայ,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ես
սո՞ւտ
կը
խօսիմ,
ուրեմն,
ե՞րբ
բռնուեր
է
սուտս,
կը
խնդրեմ
որ
սանձ
մը
դրուի
այս
մարդուն
բերնին…։
Առաջին
անգամը
չէ՛
ասիկա,
ո՛չ
ալ
վերջինը՝
որ
յանիրաւի
կը
հարուածուիմ…
Տատ
Օղլուէ՜
մը.
կ’աղաչեմ,
վե՜րջ
մը
թող
տրուի
ասոր…։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Տատեան,
ներեցէ՛ք,
թո՛ղ
Մեծ
Եպարքոս
բաշան
բարեհաճի
քիչ
մը
յարգանքով
վերաբերուիլ
իր
պաշտօնակիցներուն
հանդէպ,
այո՛,
ես
Տատ
Օղլու
մըն
եմ
եւ
ո՛չ
թէ
իրեն
պէս…
–
Լո՛ւռ,
Արթի՛ն,
կշտամբեց
Համիտ
մտերմական
շեշտով
մը,
մինչդեռ
Տատեան
զուր
կը
փորձէր
շարունակել,
ներկայութեանս
չեմ
ուզեր
որ
անձնականութիւններ
շօշափուին։
Յետոյ,
դառնալով
Մեծ
Եպարքոսին.
–
Սայի՛տ
բաշա,
ըսաւ,
խնդիրը
շատ
մի՛
ծեծէք,
շարունակեցէք։
Մեծ
եպարքոսը
շարունակելով.
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ըսաւ,
Հայոց
Պատրիարքը
թէեւ
ընդուներ
է
յետոյ
Հիւսնի
պէյը,
բայց
մեր
առաջարկը
մերժեր
է,
–
Ո՞ր
առաջարկը,
հարցուց
Համիտ.
–
Դատական
ու
Ներքին
գործերուն
նախարարներուն
հետ
համախորհուրդ,
եւ
ոստիկանութեան
նախարարին
գիտութեամբ
եւ
տնօրէն
Հիւսնի
պէյին
միջոցաւ
առաջարկեցինք
Իզմիրլեան
պատրիարքին
որ
փութայ
իր
քով
կանչել
գօմիթէին
պետերը,
խրատել,
յորդորել
եւ
համոզել
որ
կենան
այսպիսի
վտանգաւոր
ընթացքէ
մը.
–
Է՜,
ընդմիջեց
Համիտ,
ի՞նչ
է
պատասխաներ.
–
Ի՜նչ
պիտի
պատասխաներ,
Վեհափառ,
յարեց
Սայիտ
բաշա,
բացարձակապէս
մերժեր
է,
յայտարարելով
թէ՝
ինքը
չի՛
ճանչնար
ո՛չ
մեծ,
ո՛չ
պզտիկ
յեղափոխականներ
եւն…
–
Արդէն,
մռլտաց
Համիտ,
ի՛նք
է
թելադրիչը,
ի՛նք
է
բուն
աղբիւրը,
ի՛նք
է
որ
երես
կուտայ
խռովարարներուն…։
Ու
դարձեալ
ոտքի
ելաւ
եւ
սկսաւ
չափչփել
դահլիճը,
երկու
ձեռքերը
շփշփելով։
Այդ
միջոցին
Նազըմ
բաշան
ներս
մտաւ,
յատկապէս
կանչուած
էր
հիւնքեարէն,
լուսաբանելու
համար
Հայոց
Պատրիարքին
ու
Հիւսնի
պէյին
պարագան։
–
Նա՛զըմ
բաշա,
ըսաւ
Համիտ,
դո՛ւք
պատմեցէք
նայիմ,
ի՜նչ
է
պատահեր
Հայոց
Պատրիարքին
եւ
ոստիկանութեան
տնօրէն
Հիւսնի
պէյին
միջեւ։
–
Ոչի՜նչ,
Վեհափառ
տէր,
պատասխանեց
Նազըմ
վարանոտ
շեշտով
մը,
Հիւսնի
պէյը
ղրկած
էինք
խնդրելու
համար
Հայոց
Պատրիարքէն
որ
գօմիթէի
պետերը
խրատէ
եւ
համոզէ
որ
ետ
կենան
ո՛
եւ
է
Ցոյցէ.
պատրիարքը
պատասխաներ
է
թէ
ինքը
չի՛
ճանչնար
ո՛չ
մեծ,
ո՛չ
պզտիկ
յեղափոխականներ։
–
Ուրի՞շ…
ընդմիջեց
Համիտ,
ուրիշ
ի՞նչ
է
ըսեր
Հայոց
Պատրիարքը.
–
Ոչի՜նչ,
Վեհափառ
տէր,
պատասխանեց
Նազըմ,
կասկածոտ
նայուածքներ
պտտցնելով
բոլորտիքը։
–
Հասկցուեցա՜ւ,
հասկցուեցա՜ւ,
ըսաւ
Համիտ,
ի՛նք
ալ
հետերնին
է,
ի՛նք
է
արդէն
ապստամբապետը,
դաւաճա՜ն,
ապերա՜խտ…։
Ու
գլուխը
կ’երերցնէր
հազար
ու
մէկ
մթին
խորհուրդներ
յղանալով
ոճիրներով
հարուստ
իր
ըղեղին
մէջ։
Գիշերը
մինչեւ
ուշ
ատեն
տեւեց
Եըլտըզի
արտասովոր
նիստը։
Որոշուեցաւ
կանխարգել
միջոցներ
ձեռք
առնել
եւ
զգուշութեան
համար,
զինւորներով
շրջապատել
Բ.
Դրան
պողոտան։
Կէս
գիշերուան
մօտ
էր,
երբ
նիստը
փակուեցաւ։
Սայիտ
բաշա,
այն
օրերուն
Մեծ
եպարքոսը,
հետեւեալ
կերպով
կը
պատմէ
իր
Յուշքերուն
մէջ
այն
անցքերը,
որոնք
նախատեցին
Խաչվերացի
Մեռելոցի
երկուշաբթի
օրուան
Ցոյցին.
–
Եըլտըզ
կանչուեցայ
Թուրխան
բաշային
հետ,
1895
սեպտ.
18ի
շաբաթ
օրը։
Ժամը
11ին
միջոցները,
երբ
մենք
պալատ
կ’երթայինք,
ոստիկանութեան
նախարար
Նազըմ
բաշան
անկից
դուրս
կ’ելլէր։
Այն
գիշեր,
Թուրխան
բաշային
հետ,
Սուլթանին
ներկայութեան
ընդունուեցանք
ժամը
հինգին
միջոցները
տունս
վերադարձայ։
Քիչ
մը
վերջ,
կայսերական
առաջին
քարտուղարութեան
կողմէն
ստացայ
գրութիւն
մը,
որ
հետեւեալ
իմաստը
կը
պարունակէր.
–
«Ոստիկանութեան
նախարարութեան
կողմէն
պալատ
հասած
է
ժուռնալ
մը,
որուն
մէջ
ըսուած
է
թէ՝
կիրակի
կամ
երկուշաբթի
օրը,
հինգ
հարիւր
հայեր,
զինուած,
Բ.
Դուռ
պիտի
գան
եւ
եթէ
զէնքով
ետ
մղուին,
իրենք
ալ
զէնքով
պիտի
դէմ
դնեն.
յայտնի
է
թէ՝
անցեալները
Պէրլինի
մէջ
ի՛նչ
խիստ
միջոցներ
տնօրինեցան
նիհլիսդներուն
նկատմամբ.
Վեհ.
Սուլթանը
կը
մտածէ
դիմել
մեծ
տէրութեանց
դեսպաններուն,
«քարտուղարին
գրութեան
մէջ
այս
ամէնը
պատմելէ
յետոյ,
կը
հրաւիրուէի
այս
մասին
իմ
կարծիքներս
գրել
ու
հաղորդել
հետեւեալ
կիրակի
օրը։
Հազիւ
այս
գրութեան
ընթերցումը
վերջացուցած,
Ոստիկանութեան
նախարարութեան
կողմէն
ալ
ստացած
թէզքէրէ
մը,
սակայն,
ասոր
մէջ
կ’ըսուէր
թէ՝
անունն
ու
վիճակը
անծանօթ
հայու
մը
կողմէն՝
Վերաքննիչ
Ատեանի
նախագահին
տրուած
գրութեան
մը
վրայ
հիմնուած
էր
այս
տեղեկութիւնը։
Դարձեալ
նոյն
թէզքէրէով
կը
ծանուցանէր
թէ՝
մէկ
քանի
օր
առաջ
ալ
եղած
էր
ասանկ
զեկոյց
մը.
ինչ
որ
գործին
կարեւորութիւնը
կը
տկարացնէր։
Հետեւաբար,
այս
իրողութեան
եւ
տեղեկատուութեան
նայելով,
յիշեալ
լուրին
ստուգութեան
մասին
կասկածեցայ։
Ոստիկանութեան
նախարարին
պատասխան
մը
գրեցի,
պատուիրելով
որ
հարցախուզէ
լրատուին
ինքնութիւնն
ու
վիճակը
եւ
ժխտելի
կարծեցեալ
կէտերը
մանրակրկիտ
քննութեան
մը
բովէն
անցընէ։
Ոստիկանութեան
նախարարի
թէզքէրէին
մէջ
այս
հատուածն
ալ
կար.
«Եթէ
Հայերը
կիրակի
օրը
եկեղեցի
մտնելէ
արգիլուին,
երկուշաբթի
Մեռելոցի
օրը
պիտի
խռովութիւններ
հանեն,
պատրուակելով
թէ՝
իրենց
թոյլ
չի
տրուիր
այցելութեան
երթալ
իրենց
ննջեցեալներուն,
բան
մը
որ
կարելի
է
եզրակացնել
նախընթացներէն.
հետեւաբար,
անկարելի
է
արգիլել
Հայերը։
Սակայն,
եթէ
անոնք
իրօք
համախմբուած
գան,
զիրենք
ցրուելու
համար
հեծեալ
պահակազօրքեր
պատրաստուած
են
փողոցներու
անկիւնները։
Պատասխանագրիս
մէջ
համամտութիւն
յայտնեցի
ոստիկանութեան
ձեռք
առած
այս
կանխազգուշութեան.
միւս
կողմէ՝
յիշելով
բնակարանս
հրաւիրեցի
Ներքին
գործերու
նախարար
Րիֆաթ
բաշան
եւ
իրեն
հետ
ալ
գործին
վրայ
խորհրդակցելէ
յետոյ,
գրաւոր
հրահանգ
ղրկեցի
ոստիկանութեան
նախարարութեան,
յանձնարարելով
որ,
եթէ
երբէք
Հայերը
եկեղեցին
հաւաքուելով,
աւելի
առաջ
գալ
ուզեն,
արգիլէ
զանոնք։
Պատրիարքին
խիստ
ազդարարութիւններ
ուղղուելու
համար՝
թէ՛
Դատական
Նախարարութեան
թէզքէրէ
գրեցի
եւ
թէ՛
Կրօնքներու
տեսուչը
կանուխէն
քովս
բերել
տուի։
«Կիրակի
ո՛
եւ
է
դէպք
չը
պատահեցաւ։
«Իրիկուան
դէմ
Ոստիկանութեան
նախարարութենէն
եկած
պատասխանը՝
դարձեալ
չէր
երաշխաւորէր
նոյն
լուրին
ստուգութիւնը։