Պատմուածքներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱԽՐԱԿԻՆ ԱՌԱՋՔԸ

Քը՛շ, քը՛շ, քը՛շ, քը՛շ, գու գան, կ՚երթըն, էրդիքս կը գոցեն. դը քիշա, ճաթելուե՜ր, պատռելուե՜ր, թեպուրնին տիրուըտուն աչքը բուսնի, մայրի՛կ, ի՛նչ ըլքենց [1] են, աչուին մխտես, չեն հերտըկիր»:

Իրաւ որ, աներես հաւերն ալ քշէ, քշբանքէ չեն հասկնար, երդիքին եզերքը ան ինչքան ալ խուժ ու խոշոր կտոց [2], սեւեր, պիտակներ, պտպտուններ, ամէն քշուելու տասը կ՚երթան, քսանը կուգան: Իրաւունք ունի Գուհար, լքուած հարս մը, իր սիրտը արդէն է՛նքան փլուկ է, ու՝ նեխած կը զգայ ցաւերով, որ ա՛լ տանը սիւները մէյ մէկ դիւանք կ՚երեւան աչքին: Ու մէյ մըն ալ հասկնայիք թէ իրեն ի՛նչ կար ադ հաւձագերու խումբին մէջ. բոլորն ալ անոնք դրացնենց հաւբնէն արձկուածներն են: Ինք բունիկ չունի աշխրքի վրայ:

«Մեղա՛յ Տէր, մեղա՛յ Տէր… ջայրս [3] հիմա առջեւէս վեր պիտի քաշեն»:

Կուկլիկո՜ւկո՜ւ. կնկուկը վարը օղիկ օղիկ [4] կ՚ըլլի բարկանքէն, ու քիչ կը մնայ որ մեղայ անունով ծառ մը բուսնի բերնէն դուրս, որո՛ւ հոգը, անգամ մըն ալ գիրուկ սրունքներով աքաղաղն է որ թափ կու տայ թեւերուն ու իր կեռ բիտերուն վրայ վէտվէտող իրանին մէջէն խռպոտ ճիչեր պարպելով Գուհարի գլխուն, լքուած աս հարսին դժբախտութեանը վրայ անգամ մըն ալ ինք կ՚ըլլի ծաղրող:

Գուհար սըվոր ու նըվոնց անհարկիութիւններէն ատեն ատեն անհամբեր ըլլիլը բռնելով, փէշերը ընդոստ գօտին կը կպցնէ, մէյ մը վեր՝ ան ճաթելիքները կ՚ելէ փախցնել, մէյ մըն ալ վար, ու ինքզինք գտած՝ իր ճախարակին առաջքը կը սքլի:

Այս մութ փակարանին մէջ, ուր ծղրիթն անգամ իր մտերիմը գտած է տխուր մենութիւնը մէկտեղ լալու, Գուհարն ալ իր հին բամպակի կզնիկներուն [5] տակ ծերացած ջայրէն զատ ա՛լ ոչինչ չունի:

Ինքն ու իր ճախրակը, այո՛: Երբեմն կէս օրէն ետեւ ու իրիկունէն առաջ, կատու մըն ալ, հունա, իր մետաքս թաթերը մրեղի [6] շիւղի մը իսկ չդպցնելու զգուշաւորութիւնով, լռիկ՝ փեթկնուն տքտիքը կ՚այցելէ, շրջան մը կ՚ընէ ան անկիւնը ու սա ծակտիքներուն քովերը, վերջը բութ, յուսահատ մլաւ մը, ու կատուն ալ անտարբեր իր ճամբան կ՚երթայ:

Գուհարի ընկերը ուրեմն ըսէինք անգամ մըն ալ թէ ան հնուկ, մաշած ճախրակն է միայն: Անոր թմբուկին [7] առջեւ ծալլուած ու կքուկ, թելը թելէն չի կտրեր, աջ ձեռքովը մանիչին [8] ոլորք կուտայ, ձախովն ալ անոր իլը կ՚ուռեցնէ մանուած ու մազի բարակութիւնով թելի մը կաթ սպիտակութեան տակ:

Կէս օրի արեւը երդիքն ի վար լուսոտ շարուեղ մը մէյնելով, մանող հարսին քուլային ու պայրոքներուն վրայ, անոր աչքն ու ունք կը շոյէ տաք շունչի մը հպումով, ու ատ աչքը, ատ տժգոյն երեսները լոյս աշխարհը հանելու միամիտ կատակ մը կ՚ընէ: Այս շերտ մը լոյսին ցոլցլուն անդրադարձումովը, ալ որոշ կը հասկցուէր թէ՝ խրճիթին հարսնուկը դեռ շա՛տ ճահիլ, շա՛տ կէնճ, ափ մը ջուր է՝ կ՚ըսես [9]: Ու ճախրակէն ալ ի՛նչ ճլվըլտուքներ, ի՛նչ ներդաշնակութիւն, բանաստեղծ մը միայն պէտք էի ըլլիլ ըսելու որ՝ նիտակին [10] փաթը ծիծեռնիկները կը շաղակրատեն, բութակին [11] քովէն գիշերի պլպուլի մը կարկառուն հառաչանքները կը փշրուին, լիսեռն ալ խիճերու վրայէ վազող ծփլտուն ջրիկներուն խօլ գըլգիլը կը կծկէ ինքն իր վրայ:

Անհոգի փայտէն երկնցած այս ձայնոլորքը, այս կռինչները միօրինակ որքան, այնքան լեզուանի եւ յուզիչ, որ դաշտի գարունի մը վառվառ ու բուրաւէտ հանդիսաւորութիւններու անակնկալը ունին, մեր այս խրճիթի միանձնուհիին, լքուած հարսին ալ պատանքտած կուրծքէն չարչրկուած խորունկ արձագանգ կը քերեն։

Էրիկն ո՞ւր այս հարսին. ինք գոնէ բան մը չգիտե՞ր, անկէ իրեն թղթի կտո՞ր մըն ալ չի հասնիր, բայց ինք ինչպէ՞ս տարին երկու ըրաւ, երկուքը, հինգ, տասը:

«Որբ աղջիկ մըն էի, կ՚ըսէ, խուրպա՛ն, երկու խօսքով ահա Գուհարի պատմութիւնը բուն իսկ իր բերնէն. պապ, մէր մեռնելէն վերջը, երկու քոր էինք, ինձմէ պզտիկը մեռաւ, ես մնացի, հուսա, հունա, ոտք քաշելով, էրես ծեծանքով ապրեցայ: Ամառը թթի ծառերուն տակ թութ կ՚ըլլէր առտըւայ եւ իրկւայ ուտածս, ձմեռն ու մէկալ օրերն ըլ, ի՛նչ որ դնէին փէշս, դուռ դրացին, օր մըլ հայիմ գլօխս կտոցուեցան խելքեցին որ՝ գլխաւորի [12] մի շուքին տակ ապրիմ, ես դըր հովցուկ ջուր մի, 12 տարուան գայի չի գայի, իմ պիսեկներս տահայ հորթ կ՚արծէին:

Ի՞նչ ճուղապ տայի, ի՛նչ ըսէի, վրաս ձեռք մի լաթ ձգեցին, ներս քաշեցին ու նետեցին փէրտէին [13] էտին: Հարսնիքս կատարելու գնըց, սեւ հարսնիք ըլլէր: Փէրտէին էտին, քովս էլլող մտնող կնտոց հէտտը հիսապը չի գայ, էնոնց հետ պազի պազի դիւու պէս ըխթիյար էրիկ մարդ մըլ կ՚ելլայ կը մտնայ ամա, ի՞նչ գիտնամ: Ըխթիյարը ամէն գալու ելլալու, քովս խօսող խնտմտացող էքսուկէթէկներուն խոշոր խոշոր քիւֆուրներ կ՚ենէ ու ետեւէ ըլ քովս կայնեցուցուած գինու բղողէ մը սափլիով [14] բան մի կը պարպէ ու կ՚երթայ: Ես բերանս կապեր կը կենամ. նոր հարս մի, խօսալ խնդալ չըլլիր: Մինչեւ կէս գիշեր էս մարդը, էս ջէշիտ, կը թաթխուի, կը թաթխուի կ՚երթայ: Է՛ն սօղը, եբ ալ կնիկներն ըլ գացին քովէս նը, էն մարդը գլտրուելէն, մլտրուելէն անգամ մի տահա էկաւ էրվաց քովս նը, պիրտէնց վախնալ մը էրի ու բերնէս մի քանի խօսք փախաւ. «Մըյա, գրո՞ղ է, ի՞նչ է, իմ գլխաւորս չըլլի՞ էս հէրիֆը. հա՛, իմ գլխաւորս էնի է էղեր, իցցուն տարուայ գուգգէ [15] մի»: Ա՛լ ի՛նչ լամ գլօխս, ի՞նչ էնիմ, ճակտիս եազին [16] էսի է, կ՚ըսեմ կը մնը՜մ: Էկօ տես որ, իմ աղբարս, տարին երկուք չըլլիր, մարդս միտքը կը պիյէ եղեր, իրեն երեսը ջուջկհալ [17] գրող ըսելս, դուռն երեսիս փակելով դուրս կ՚ելլայ, ա՛լ ունչ իզը, ունչ թօզը, եւ այլն, եւ այլն»:

Խեղճ աղջիկ, դուն արդէն դժբախտ մըն ես. ի՞նչ կրնան ընել քեզի, քանի ամուսնալուծութիւն չկայ, ինչո՞ւ հիմա պարապը կը մղմղաս, ցաւերդ կը ցուցադրես. որո՞ւ հոգը. «Զոր Աստուած զուգեաց, մարդ մի՛ մեկնեսցէ»:

 

«Արեւելք», 23 Փետրուար 1900



[1]            Քենց աներես, որ կը քշես՝ նորէն կուգայ։

[2]            Կտ՛ոց կոյտ։

[3]            Ջայր ճախարակ։

[4]            Օղիկ-օղիկ ըլլիլ գալարուելով սպառիլ, հատնիլ։

[5]            Կզնիկ ծուէն, բայց միայն բամպակի ծուէն, որ աղնուելու ատեն օդին մէջ կը պտուտկի ու յամր յամր տեղ մը կ՚իյնայ։

[6]            Մրեղ յարդի մանրուք։

[7]            Ջայրին զանազան մասերը։

[8]            Ջայրին զանազան մասերը։

[9]            Ափ մը ջուր ասացուած մը որ կը գործածուի հարսի մը, աղջկան մը շատ պզտիկ տարիքով, շատ պզտիկ ըլլիլը հասկցնելու։

[10]          Ջայրին մէկ մասը։

[11]          Ջայրին մէկ մասը։

[12]          Ամուսինի։

[13]          Նոր հարսը, առագաստէն առաջ, մինչեւ իրկուն սա դիրքին մէջ կը սպասէ առնանցը տունը, ուր եթէ զատ սենեակ չկայ հարսը սպասցնելու, անկիւն մը կը կայնեցնեն հոն, դէմն ալ մեծկակ կապերտ կամ հացլաթ մը կախելով՝ մտնող ելլողին աչքէն հեռու կը պահեն զայն։

[14]          Պզտիկ գաւաթ, կոթով։

[15]          Քայքայուած ծեր մը։

[16]          Ճակտիս գիրը։

[17]          Ջուջկհալ տրտնջալ։